image
Հրատապ լուրեր:

Ներկայ Հանգրուանին Մեզի Համար Առաջնային Է «Փրկէ Կեանք Մը» Ծրագիրը.Ծովիկ Պայթարեան

Ներկայ Հանգրուանին Մեզի Համար Առաջնային Է «Փրկէ Կեանք Մը» Ծրագիրը.Ծովիկ Պայթարեան

«ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութիւնը վերջերս իր մասնակցութիւնը բերած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած  «Մարդասիրական արձագանգէն դէպի կայուն լուծումներ» խորագրով Սուրիոյ հակամարտութեանց հետեւանքով տեղահանուած սուրիահայերու Հայաստանի մէջ ընդելուզման դիւրացման ուղղուած աշխատաժողովին, որ տեղի ունեցած էր 24 փետրուար 2016-ին, ՀԲԸՄ հայաստանեան ներկայացուցչութեան նիստերու դահլիճին մէջ:

Այս մասին «Արեւելք» զրոյց ունեցաւ աշխատաժողովին «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութիւնը ներկայացնող եւ նոյն կազմակերպութեան փոխնախագահ Տիկ. Ծովիկ Պայթարեանին հետ:

 



-Տիկ. Պայթարեան, ի՞նչ կրնաք փոխանցել մեզ Ձեր մասնակցութեան մասին, ինչպիսի՞ առաջարկներով հանդէս եկած էր «ՀԱԼԷՊ»ը նշեալ աշխատաժողովին:


-Ինչպէս պարզ է, աշխատաժողովին Հայաստանի մէջ սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղուող պետական գերատեսչութիւններու, հասարակական, միջազգային եւ համահայկական այլ կազմակերպութիւններու շարքին մասնակցած էր նաեւ «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական կազմակերպութիւը: «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութիւնը աշխատաժողովին արձագանգելով սուրիահայութեան առջեւ ծառացած հրատապ կարիքներուն եւ նպատակ ունենալով կանխել սուրիահայութեան Հայաստանէն արտագաղթը, հանդէս եկաւ բնակարանի եւ աշխատանքի հարցերու լուծման զանազան առաջարկներով: Առաջին հերթին անդրադառնալով բնակարանային խնդիրներու լուծման ուղղուած աշխատանքներուն, մենք առաջարկեցինք համատեղ համահայկական դրամահաւաք կազմակերպել Հայաստան տեղափոխուած սուրիհայերու օժանդակութեան նպատակով եւ հաւաքագրուած գումարը տրամադրել մատչելի արժողութեամբ բնակարաններու ձեռքբերման եւ զանոնք անվճար, օգտագործման պայմանագրային հիմունքներով (բնակարանները 10 տարի վաճառքի ենթակայ չըլլալու պայմանով), սուրիահայ առաւել կարիքաւոր ընտանիքներուն տրամադրելու։ Այս ուղղութեամբ տեղեկացուցինք, որ «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութիւնն արդէն ունի մօտ 20,000 – 25,000 ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ մեծ թիւով վաճառքի ենթակայ բնակարաններու տուեալներ, որոնք համապատասխան ֆինանսական միջոցներու ձեռքբերումով կարելի է գնել եւ ապա անշարժ գոյքի ժամանակաւոր անհատոյց օգտագործման պայմանագրով տրամադրել սուրիահայ առաւել խոցելի ընտանիքներուն։ Այստեղ տեղին է նշել, որ «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութիւնը արդէն նոյն այս առաջարկի օրնակով մշակած եւ անհատ բարերարներու աջակցութեամբ իրականացուցած է «Հիւրընկալէ ընտանիք մը» ծրագիրը, որու շրջանակէն ներս արդէն իսկ կան 14 բնակարաններու բարերարներ եւ որոնց աջակցութեամբ 20 սուրիահայ ընտանիքներու բնակարանային խնդիրները լուծում գտած են: Աշխատաժողովին նաեւ յայտնեցինք, որ «Հալէպ»ը պատրաստ է իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ջանքեր ուղղել անխուսափելի այս դրամահաւաքի իրականացման։

 

Displaying IMG_1426.jpg


 

-Բնակարանային խնդրի լուծումը անշուշտ սուրիահայ համայնքի համար  կենսական նշանակութիւն կրնայ ունենալ, իսկ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու աշխատանքային հարցերու վերաբեալ որեւէ քայլեր մշակուա՞ծ են «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան կողմէ։

 

-Անշուշտ։ Ինչպէս աշխատաժողովին ալ յայտնած ենք, «ՀԱԼԷՊ»ը արդէն աշխատանոցներ հիմնելու ծրագրեր մշակած է եւ զայն իրականացնելու համար ֆինանսաւորումը հովանաւորող բարերարներու դիմած է եւ մօտ ապագային պիտի ձեռնարկէ առաջին ծրագրի գործադրման փուլը: Այս ծրագրերու իրականացումով հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի աշխատանքով ապահովել բազմաթիւ սուրիահայ ընտանիքներ։ Մինչ այդ սակայն, այս ուղղութեամբ «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան կողմէ մշակուած ծրագրերու շնորհիւ արդէն աւելի քան 70 - 80 սուրիահայ կանայք ձեռք բերած են գիտելիքներ եւ առաջնային հմտութիւններ՝ անհատական գործունէութիւն ծաւալելու եւ ապրուստի միջոցներ վաստակելու նպատակով։ Ինչպէս նաեւ բազմաթիւ սուրիահայերու ընձեռուած է աշխատանքի հնարաւորութիւն թէ կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներու եւ թէ կազմակերպութեան ցանցի շնորհիւ այլ տեղերու մէջ:

 

-Վերահասու ենք, որ «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութիւնը կրթական ոլորտի վերաբերեալ նոյնպէս առաջարկներ ներկայացուցած է: Կրնա՞ք աւելի մանրամասն լուսաբանել  եւ ներկայացնել ձեր կողմէ մինչ այդ իրականացուած կրթական ծրագրերը, եթէ այդպիսիք կան:


-Աշխատաժողովի «Կրթութիւն» աշխատանքային խումբի շրջանակէն ներս «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան կողմէ մասնակից եւ «Ծիլ» արուեստանոցի հիմնադիր՝ Տորք Դալալեան խումբին ներկայացուց «Հալէպ»ի եւ «Ծիլ»ի համատեղ աշխատանքներով իրականացուած արեւմտահայերէնի դասընթացները, որ  սկսած է գործել փետրուարի 7-էն սկսեալ, 6-17 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար, անվճար կարգով։ Ինչպէս աշխատաժողովին յայտնեցինք, «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան այս ծրագրի իրականացման շահախնդրութիւնը պայմանաւորուած է նոր սերունդի մօտ արեւմտահայերէնի  պահպանութեան, գործառնութեան եւ ուսուցման հարցի կարեւորումով, որու ապահովման համար «ՀԱԼԷՊ»ի գործադիր մարմինը համոզուած է, որ շաբաթօրեայ դպրոցները, հակառակ իրենց ունեցած նպաստին, Արեւմտահայ մշակոյթի պահպանման համար մշտական լուծում չեն կրնար հանդիսանալ: Այս մտահոգութենէն ելլելով, մեր ներկայացուցիչը աշխատաժողովին առաջարկեց եւ շեշտեց Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն լեզուով ամենօրեայ դպրոցի մը գործելու անհրաժեշտութիւնը, ուր հնարաւորութիւն ունենան յաճախել սուրիահայ, ինչպէս նաեւ տեղաբնակ երեխաներ, իրենց փափաքի համաձայն: Նման ծրագրի իրականացման համար «ՀԱԼԷՊ» կոչ կ'ուղէ բոլոր պետական եւ կրթական պատկան մարմիններուն համագործակցիլ այս յոյժ անհրաժեշտ ծրագրի իրականացման  համար ջանքերու միատեղման:

Բացի արեւմտահայերէնի դպրոցի ծրագրէն, «ՀԱԼԷՊ»ը այլ կրթական ծրագրեր եւս կ'իրականացնէ: Հաշմանդամութեան խնդիրներով աւելի քան 12 սուրիահայ  կը յաճախեն «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան կողմէ վերաբացուած «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոն եւ կը ստանան անվճար կրթութիւն եւ խնամք։ «ՀԱԼԷՊ»ի իրականացուցած կրթական ծրագրերու միջոցաւ աւելի քան 100 սուրիահայ երիտասարդներու  գիտելիքներու եւ կարողութիւններու հզօրացման հնարաւորութիւն ընձեռուած է՝ Հայաստանի մէջ աւելի լաւ ապագայ կառուցելու նպատակով։ Եւ վերջապէս, աւելի քան 145 երիտասարդներ, ներգրաւուած են կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող «Արեւմտահայերէնի, Արաբերէնի ուսուցման» ծրագիրներուն։

…Աւարտին կ'ուզեմ անդրադառնալ մեր կազմակերպութեան շատ կարեւոր ծրագրերէն մէկուն, որն է «Փրկէ կեանք մը» ծրագիրը: Այս ծրագրի իրագործմամբ «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութիւնը բարերաներու միջոցաւ դէպի Երեւան մէկ ուղղութեամբ տոմս կ'ապահովէ, որու շրջանակէն ներս ցարդ պատերազմի արհաւիրք տեսած աւելի քան 165 սուրիահայ տեղափոխուած է Հայաստան: Նշենք, որ  ծրագիրի բարերարները հետամուտ են շարունակել այս ուղղութեամբ իրենց կատարած ներդրումը, ինչի շնորհիւ ծրագիրը կը շարունակէ գործել Հայաստան հաստատուիլ փափաքող սուրիահայերուն համար:

Մենք վստահ ենք, որ միասնաբար գործակցելով կարելի պիտի ըլլայ դրական արդիւնքներու հասնիլ եւ Հայաստանի մէջ սուրիահայ համայնքի առջեւ ծառացած վերոնշեալ խնդիրներուն լուծում գտնել, որ իր հերթին հնարաւորութիւն կու տայ կանխել սուրիահայութեան արտագաղթը Հայաստանէն, պահել զայն Հայաստանի մէջ եւ նպաստել անոր ընդելուզման, ինչին ալ միտուած է նշեալ ողջունելի աշխատաժողովի իրականացումը:

 

 Displaying IMG_1426.jpg