image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան. «Անգլիահայութիւնը ունի ներկայացուցչական անձեր, որոնք լաւ յարաբերութիւններու մէջ են զանազան շրջանակներու հետ»

Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան. «Անգլիահայութիւնը ունի ներկայացուցչական անձեր, որոնք լաւ յարաբերութիւններու մէջ են զանազան շրջանակներու հետ»

Լոնտոնի կեդրոնական Քենսինկթըն թաղամասի մէջ գտնուող Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցի հասանք այն օրը, երբ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտէն ետք հայութիւնը համախմբուած էր եկեղեցիին կից գործող «Նուարդ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ եւ կը մասնակցէր «Ս. Սարգիս»ի ամենամեայ մատաղին: Հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր՝ զանազան տարիքի հայեր՝ հայախօս եւ ոչ-հայախօս, եւ ջերմ զրոյցներէն կարելի էր դատել, որ Լոնտոնի հայութիւնը հայկական արարողութիւններու, ձեռնարկներու կարօտը ունի եւ առիթ կը փնտռէ համախմբուելու: Եկեղեցին այն հիմնական ու կապող օղակն է, որու շուրջ այսօր համախմբուած է Մեծն Բրիտանիոյ հայութիւնը:


Աւելի ուշ այս հարցերը, այլ հարցերու կարգին քննարկեցինք Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանի հետ հանդիպման եւ հարցազրոյցի ընթացքին: Ան թեմի առաջնորդ նշանակուած է 2015 թուականի 15 Յուլիսին, մինչ այդ եղած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արթիկի Թեմի առաջնորդ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն: Ուսանած է Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցին մէջ, ուսումը շարունակած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի լսարանի երդիքին տակ: 1998 թուականին ուսանած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Պոսսէի Էքիւմենիք դպրոցին մէջ (Զուիցերիա, Ժընեւ):

Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան ուսանած է նաեւ Դանիոյ Արհուս քաղաքի Տիակոնալ դպրոցին մէջ՝ ուսումնասիրելով ընկերային աստուածաբանութիւն:

Ունի աստուածաբանական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան: 2010 թուականին, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ստացած է եպիսկոպոսական օծում եւ ձեռնադրութիւն:

Առաջնորդարանին մէջ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեան սիրով հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ը եւ պատասխանեց մեր հարցումներուն:


Սրբազան Հայրեթէ անդրադառնաք թեմի անցած ճանապարհին եւ 

 պատմական նշանակութեան հայ իրականութեան մէջայսօր որքանո՞վ 

 պահպանուած է այդ դերը:

 

-Բրիտանիոյ հայերը աւելի հետեւողականօրէն սկսած են տեղափոխուիլ եւ այստեղ հաստատուիլ տակաւին 19-րդ դարուն: Առաջին համայնքը հիմնըւած է Մենչըսթըրի մէջ, ուր նաեւ եղած է եկեղեցի, հոն գործած են որոշ եպիսկոպոսներ, մինչեւ 1930-ականները: 1871 թուականէն ի վեր ունինք համայնք, եւ հիմնականը հնդկահայ համայնքի ներկայացուցիչները եկած եւ հաստատուած են՝ կազմաւորելով համայնքը: Համայնքը բաւականին փոքրաթիւ եղած է, 1920-ականներու սկիզբին այստեղ եւս ապրած են փոքրաթիւ հայեր, որոնց համար ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան 1923 թուականին կառուցած է Ս. Սարգիս եկեղեցին: Հետագային համայնքի անդամներուն թիւը, մանաւանդ՝ 1950-ականներէն յետոյ, պարբերաբար աճած է, եղած են ներգաղթողներ Կիպրոսէն, որոնք մեծամասնութիւն են, նաեւ՝ ներգաղթողներ՝ Իրաքէն, Իրանէն, մանաւանդ Իրանի մէջ յեղափոխութենէն ետք: Մեծ թիւով ներգաղթ եղած է Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ վերջին տարիներուն՝ Հայաստանէն, եւ համայնքին թիւը գերազանցապէս բազմացած է: Պետական գրանցումներու արդիւնքներով կան տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն 28 հազար մարդ ինքզինք հայ կը նկատէ: Բայց այստեղ հայերը զանազան շերտերու կը բաժնուին, կան անձինք, որոնք իրենց ինքնութիւնը նոր կը բացայայտեն, կան անձինք, որոնք ձուլուած են, սակայն հայկական արմատներ ունին:

Մեծն Բրիտանիան խոշոր երկիր մըն է եւ աւանդաբար մեր երկրի հետ յարաբերութիւնները սկսած են Առաջին հանրապետութեան տարիներէն:

Համայնքը փոքրաթիւ եղած է, եւ այդ առումով այն ժամանակ գործնական կապեր, շփումներ գոյութիւն չեն ունեցած համայնքի հետ: Այսօր համայնքը ունի ներկայանալի անձինք, որոնք նաեւ լաւ յարաբերութիւններ ունին զանազան շրջանակներու հետ: Այս առումով կը փորձենք ծրագրեր իրականացնել, խթանել երկկողմանի յարաբերութիւնները, կապերը եւ այլն: Երկրին մէջ գործած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի որդին, որու մասին նաեւ խօսած են անկլիքաններ, իսկ վերջերս Կաթոլիկ եկեղեցիի մէջ միջոցառում մը կազմակերպուած էր՝ նուիրուած Մերձաւոր Արեւելքի եկեղեցիներուն, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ուելսի արքայազնը՝ Չարլզ։ Հոն ինծի հետ եկած էր նաեւ Փոլ Կիւլպէնկեանը՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ազգականը: Վերջինիս հետ զրոյցի ժամանակ արքայազն Չարլզ յիշեց եւ պատմեց Կիւլպէնկեաններու մասին, այս մէկը եւս հետաքըրքրական փաստ է: Այսօր այստեղ նոյնպէս ունինք անուանի հայեր, որոնք լաւ յարաբերութիւններու մէջ են հայութեան, Հայաստանի հետ եւ այդ մէկը նաեւ դեսպանութեան շնորհիւ է, յանձինս Հայաստանի դեսպան Տիար Արմէն Սարգսեանի, որ փոփոխութիւն մտցուց հայ-անկլիքական յարաբերութիւններու մէջ եւ ատոր արտայայտութիւնը Ուեստմինիստըրի արարողութիւնն էր՝ Մեծ էքիւմենիք աղօթքը, որ տեղի ունեցաւ 2015 թուականի 28 Հոկտեմբերին:

Համայնքի նշանաւոր մարդոց կարգին է Արա Տարզին, որ լորտի կոչում ստացած է եւ գործունէութիւն կը ծաւալէ առողջապահութեան ոլորտի մէջ: Ան եղած է Բրիտանիոյ կառավարութեան մէջ Առողջապահութեան նախարար, բաւական մեծ գործունէութիւն իրականացնող գործիչ մըն է, համայնքի, եկեղեցիի հետ կապուած անձնաւորութիւն, նաեւ՝ հայախօս: Եւ անցնող 31 Դեկտմբերին Էլիզապէթ թագուհիին կողմէ ստացած է «Արժանիքներու համար» մետայլը: Այս պարգեւով իրենց կենդանութեան օրօք կը պարգեւատըրւին քսանչորս մարդիկ, որոնք ներդըրում ունեցած են Մեծն Բրիտանիոյ առողջապահութեան, գիտութեան զարգացման մէջ: Համայնքը ներուժ ունեցող է, եւ հա մայնքի անդամները իրենց գործունէութեամբ կը նպաստեն թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին եւ թէ երկրին:


Իսկ համախմբուածութեան մասին ի՞նչ կրնաք ըսելհամախմբուա՞ծ են:

 

-Կան կարգ մը կազմակերպութիւններ, որոնք կը կարգաւորեն համայնքի կեանքը՝ իւրաքանչիւրը իր շրջանակներու մէջ, նաեւ տեղի կ՚ունենան միջոցառումներ, որոնց շուրջ հայութիւնը նոյնպէս կը համախմբուի: Եկեղեցին բոլորի համար միաւորող օղակ կը հանդիսանայ, եկեղեցին կը զբաղի հոգեւոր-մշակութային գործունէութեամբ, միւս կազմակերպութիւնները՝ հասարակական-ազգային աշխատանքներով: Գործօն են Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), Համազգայինը, գոյութիւն ունի համայնքային խորհուրդ, որ յառաջատար դեր կը զբաղեցնէ համայնքի կեանքէն ներս, բաւականին աշխոյժ է մեր դեսպանութիւնը, կայ նաեւ Թէքէեան կեդրոնը: Բոլորն ալ այս կամ այն կերպով կապուած են եկեղեցիին, եկեղեցին ալ կը փորձէ ամէն մէկու հետ լաւ ըլլալ, որովետեւ, ի վերջոյ, եկեղեցին ինքը ժողովուրդն է: Շատեր, որոնք կը գործեն այս կամ այն համայնքային կազմակերպութեան մէջ, ծուխերու եւ եկեղեցիի գործօն անդամ են:


Ի՞նչ ընդհանուր մտահոգութիւն ունի հայութիւնըի՞նչ հոգերով կ՚ապրի 

 մանաւանդ երիտասարդութիւնը:

 

-Վեց ամիսէ ի վեր հոս եմ, տակաւին ծանօթութիւնս կարելի է ըսել համայնքի հետ չէ աւարտած, հակառակ որ հանդիպած եմ լայն շրջանակներու, բայց ամէն օր նոր մարդոց հետ կը ծանօթանամ: Մարդիկ հիմնականը զբաղած են իրենց առօրեայ աշխատանքներով, գրեթէ բոլորը պիզնըսներ ունին, տարբեր գործունէութեան ասպարէզներու մէջ ընդրգկուած են: Հետաքըրքրուած են նաեւ հայութեան առօրեայով, եկեղեցական կեանքով: Համայնքը, ինչպէս նշեցի, տարբեր շերտերէ բաղկացած է: Այն հայերը, որոնք հոս տեղափոխւած են աւանդական սփիւռքներէն, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն, անոնք համայնքային կեանքին վարժ են, աշխուժօրէն կը մասնակցին, իսկ այն հայերը, որոնք Հայաստանէն եկած են, հեռացած են այդ կեանքէն, սովոր չեն, եւ որեւէ առումով մեզի համար մարտահրաւէր է այսօր այդ հայութիւնը բերել եկեղեցի, մասնակից դարձնել համայնքային կեանքին: Թէեւ անոնց կապը հայրենիքի հետ զօրաւոր է, անոնց պարագային ձուլուելու, աւանդական արժէքներէն հեռանալու վտանգ չենք տեսներ, բայց վստահ, յաջորդ սերունդներու պարագային անոնք կ՚ունենան այդ խնդիրը, ուստի հրամայական է անոնց հետ աշխատիլը:


Իսկ այդ խաւը Հայաստան վերադարձո՞ղ է:

-Այստեղ ապրող կան բազմաթիւ հայեր, որոնք Հայաստանի մէջ ունին իրենց տուները, գործատեղիները, եւ անոնք ոչ թէ անհատներ են, որ եկած են Հայաստանէն, այլ սփիւռքի տարբեր համայնքներէ եկած հայեր են, որոնք Հայաստանի մէջ ունին իրենց սեփականութիւնները եւ տարուան մէկ մասը այստեղ կ՚անցընեն, միւս մասը՝ այնտեղ: Չեմ կրնար ըսել, որ կը վերադառնա՞ն, թէ ոչ, բայց բնականաբար հայրենիքի հետ կապը կը պահպանեն, այդ մէկը միանշանակ է, ձեւով մը, միտքով մը կապուած են Հայաստանին: Բաւականին շատ կան հայաստանցի ուսանողներ, որոնք կ՚ուսանին զանազան բարձրակարգ համալսարաններու մէջ, բնականաբար, անոնք ուսման աւարտին պիտի վերադառնան Հայաստան:


Թեմին մէջ կ՚ընդգրկուի նաեւ ԻրլանտանԻ՞նչ կրնաք ըսել այդ 

տարածքաշրջանի հայերունեկեղեցական կեանքին մասին:

 

-Իրլանտայի մէջ նոյնպէս կ՚ապրին մեծաթիւ հայեր, որոնց կարգին նաեւ՝ շատ մը հայաստանցիներ: Անոնք ընդգրկուած են եկեղեցական համայնքի ծխական կեանքի գործունէութեան մէջ, նաեւ կը նպաստեն համայնքի ինքնակազմակերպման: Եւ կան նաեւ ուսանող մասնագէտներ, հայ երիտասարդ, երիտասարդուհիներ, որոնք աշխատանքային պայմանագրով կ՚աշխատին հոս, հիմնականը՝ արհեստագիտութեան միջոցներու ասպարէզէն։ Ի զարմանս, անոնք եկած, աշխատանքի ձեռնարկած են Հայաստանի մէջ ուսում ստանալէ յետոյ, ինչ որ կը վկայէ, թէ մեր կրթական համակարգը ունակ է պատրաստելու այդ ասպարէզին մէջ մասնագէտներ, որոնց հետ Արեւմտեան Եւրոպայի, Մեծն Բրիտանիոյ կազմակերպութիւնները աշխատանքային պայմանագրեր կը կնքեն:

Բոլորն ալ կապուած են հայութեան, եկեղեցիին, իրենց արմատներէն չեն հեռացած, այդ մէկը կ՚արտայայտուի անով, որ եկեղեցական մեծ տօներուն բազմաթիւ հայեր կու գան: Մեր աւանդական արարողութիւններէն մէկն ալ Հայկական տաղաւարներու տօնն է, որ ամէն տարի աւանդաբար Յուլիս ամսուան ընթացքին տեղի կ՚ունենայ, եւ որուն երկու-երեք հազար հայ կը մասնակցի: Ան աւանդաբար տեղի կ՚ունենայ Քենսինկթընի մէջ՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բակէն ներս, ուր տասնեակ տաղաւարներ կը զետեղուին եւ կը պատրաստուին հայկական կերակուրներ։ Բացի հայերէն, այլ ազգեր եւս ներկայ կ՚ըլլան, կը ծանօթանան մեր մշակոյթին:


IMG_3090

 

Իբրեւ Ձեր առջեւ դրուած խնդիրի՞նչ ունիք ընելու՝ համայնքը 

հոգեւոր-մշակութային առումով աւելի զօրացնելու համար:


-Առաջին խնդիրը համայնքներու ծուխերու ուժեղացումն է: Նախ, կան հաստատուած երեք աւանդական ծուխեր, անոնք Լոնտոնի երկու ծուխերն են՝ «Ս. Սարգիս»ի եւ «Ս. Եղիշէ»ի ծուխերը, երրորդը՝ Մենչըսթըրինն է: Հաստատուած են չորս նոր ծուխեր, մէկը՝ Տապլին, մէկը՝ Քարտիֆ, մէկը Պիրմինկհամ, եւ չորրորդը՝ Օքսֆորտ, որ աւելի շատ ուսանողական հովուութիւնն է: Յամառ խնդիր մըն է զանոնք ուժեղացնելը, որպէսզի իւրաքանչիւրը դառնայ ինքնուրոյն, ինքնաբաւ ծուխ: Այստեղ եղած են թըրսթներ՝ խնամակալութիւններ, ծխական համայնքային կեանք չէ եղած: Նորամծութիւն է համայնքային կեանքը, զոր սկսած է իրականացնել Վահան Սրբազան իր առաջնորդութեան տարիներուն։ Իսկ մենք այսօր կոչւած ենք այդ ծրագիրը շարունակելու եւ ուժեղացնելու համայնքները:

Կան հայեր, որոնք ցրուած են Մեծն Բրիտանիոյ տարբեր վայրերու մէջ եւ որոնք հնարաւորութիւն չունին մասնակցելու այս համայնքներուն։ Ուղիներ կը փընտռենք քանի մը այլ փոքրիկ համայնքներ հաստատելու, մանաւանդ այն հայերուն համար, որոնք կը գտնուին Լոնտոնէն հեռու եւ չեն այցելեր «Ս. Սարգիս» կամ «Ս. Եղիշէ»:

Համայնքային կեանքի կազմակերպումէն զատ մեր առջեւ դրած ենք թեմական կանոնադրութեան մշակումն ու ընդունումը:

Բացի այդ, երիտասարդութեան հետ աշխատանքը շատ կարեւոր է: Երիտասարդութիւնը կարծես թէ հեռացած է եկեղեցիէն:

Թեմէն ներս կը գործէ Եկեղեցասիրաց երիտասարդներու միութիւնը, ամէն հա- մայնք ունի իր մասնաճիւղը: Խնդիրը երիտասարդութիւնը եկեղեցի բերելն է, աշխարհիկութիւնը շատ տարածուած է, երիտասարդութեան մեծ մասը դժուարութիւն ունի հայերէն խօսելու, կը փորձենք թարգմանութիւններու, հրատարակութիւններու, նաեւ՝ օտար լեզուներով քարոզելու միջոցաւ երիտասարդութիւնը մօտեցնել եկեղեցիին: Կը փորձենք ոչ միայն կրօնական արարողութիւններով, այլ նաեւ մշակութային միջոցառումներով եկեղեցիին մօտեցնել զանոնք։

Հիմքերը դրուած են եւ այդ հիմքերու վրայ կը փորձենք յառաջանալ՝ առաջնոր- դուելով այն գաղափարով, թէ եկեղեցին բոլորի տունն է, այն տանիքն է, որու ներքեւ պիտի համախմբուին բոլորը: Բոլորն ալ այն կարծիքը ունին, որ կայ նաեւ անհրաժեշտութիւնը կեդրոնի մը, ուր կը համախմբուին բոլորը՝ մշակութային, հասարակական, կրթական բոլոր կազմակերպութիւնները: Օդի ու ջուրի պէս նոր հոգեւորականներու կարիք ունինք, եղած ուժերը քիչ են: Այդ հարցով Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը արդէն աջակցած է, արդէն մէկ հոգի ծառայութեան կոչած է՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Հոգշ. Տ. Վռամ Աբեղայ Ղազարեանը, որ շուտով կը ժամանէ, բայց փոքր համայնքները հովուելու համար քահանաներու պակաս ունինք: Ես հաւատացած եմ, որ միայն տքնաջան աշխատանքի արդիւնքին կրնաս հասնիլ ամէն ինչի։


 

 

Ստամբուլ, «Ժամանակ» օրաթերթ