image

Սարգիս Գասարճեան. Որոշ առումով մեծ փոփոխութիւն էր ռուսներուն մուտք գործելը

Սարգիս Գասարճեան. Որոշ առումով  մեծ փոփոխութիւն էր ռուսներուն մուտք գործելը

«Արեւելք»-ի հետ զրոյցի ժամանակ,  Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս  բնակուող լրագրող  Սարգիս Գասարճեան, բնութագրելով պատերազմի մէջ գտնուող երկրի մայրաքաղաքի վիճակը, ըսաւ. «Դամասկոս քաղաքը կարելի է հանդարտ բնութագրել, իսկ շրջակայքը` բռնկած: Դամասկոսի մայր ճամբան, որ քաղաքը կը կապէ հիւսիսային նահանգներուն հետ, Հարաստայի կողմէ արդէն գոց է, ժողովուրդը այլ ճամբայէ դուրս կ'ելլէ: Արեւելեան շրջանը, Ճոպարէն սկսեալ մինչեւ Պաղեստինցիներու Եարմուք գամբը (գաղթակայան), զինեալներու իշխանութեան տակ է: Դամասկոս քաղաքին մէջ, մօտ երկու ու կէս տարի է` պայթումներ չեն ըլլար, միայն զինեալներու իշխողութեան մօտ գտնուող թաղամասերը յաճախ կը հրթիռակոծուին: Անոնցմէ կարելի է յիշել Պապ Թուման, ուր մեծ թիւով հայեր կը բնակին, հոն է Հայկական եկեղեցին եւ առաջնորդարանը, Պապ Շարքին, Ճարամանան, ուր Դամասկոսի հայերուն մեծամասնութիւնը կը բնակի»:


Քաղաքական եւ տնտեսական  տեսանկիւնէն խօսելով Դամասկոսի մասին, մեր զրուցակիցը ըսաւ. «Դամասկոսը թիրախ եղաւ բոլոր այն սուրիացիներուն, որոնք ունին նիւթական լաւ պայմաններ եւ մերժեցին Սուրիայէն դուրս գալ: Այս դասակարգին մեծ մասը Դամասկոս հաստատուեցաւ ապահով ըլլալու, նաեւ կենցաղային դժուարութիւններէ՝ ջուր, ելեկտրականութիւն զերծ մնալու համար, սա պատճառ դարձաւ, որ Դամասկոսի մէջ աշխուժութիւն մը ըլլայ, բայց նաեւ սղութիւն: Տունի վարձքերը մեծ բարձրացում արձանագրեցին, երթեւեկը, ապրուստը ընդհանրապէս Սուրիոյ տարածքին, սուրիական դրամի արժէզրկումին պատճառաւ, բայց համեմատելով Սուրիոյ այլ քաղաքներուն Դամասկոսի մէջ ապրուստը շատ աւելի սուղ է»:


Հալէպի մէջ վերջերս Սուրիական զօրքի սկսած գործողութիւններուն մասին Սարգիս Գասարճեան հաղորդեց. «Հալէպի մէջ սկսած գործողութիւնը բաժին մըն է, Սուրիոյ մէջ քանի մը օրէ զանազան ճակատներու վրայ սկսուած գործողութիւններուն:  Հալէպի մէջ 2012-ի Յուլիսէն ի վեր, երբ զինեալները ներխուժեցին, Հալէպի մակարդակով եղած են երեք կամ չորս գործողութիւններ, որոնք կրնան պաշտօնապէս յայտարարուած չըլլալ, բայց փորձ եղած է Հալէպի ազատագրման, այն իմաստով, որ շղթայ մը ըլլայ Հալէպի շուրջը եւ արգիլէ զինեալներու մուտքը շրջակայ գիւղերէն դէպի Հալէպ քաղաք: Այս գործողութիւնները իրենց մեծ վերնագրի տակ ձախողեցան, բայց անոնցմէ իւրաքանչիւրը յաջողութիւն մը ունեցաւ, օրինակ՝ Հալէպի հիւսիս-արեւելեան ճամբի բացումը դէպի կեդրոնական բանտ, ուր բանտարկեալները պաշարուած էին, միւսը՝ յաջողեցաւ պահել Հալէպի երկրորդական ճամբան, քաղաքը Համայի, Հոմսի, Դամասկոսի ու ծովեզերքի հետ կապող: Այսօրուայ գործողութիւնը տարբեր է, նախ կը սկսի Համայի, Լաթաքիոյ մէջ սկսուած գործողութիւններուն հետ, ուր իւրաքանչիւր ճակատ բռնկած է, երկրորդ ռուսական օդանաւները կան Հալէպի երկնակամարին վրայ, անոնց առաւելութիւնը, որ սուրիական օդանաւները չկարարողացան ընել, հիմնականին մէջ թրքական սահմանին մօտենալն էր, հոն նախապէս Նաթոյի «բաթըրեօթները» կային, որոնք երեք ամիս առաջ հանուեցան ու կարելի է ըսել, որ բաթըրեօթներու վերացման համաձայնութիւնը առիթ տալ էր ռուսական օդանաւներուն, սահմանի վրայ հանգիստ աշխատելու, առաւել ռուսական օդանաւներու բարձր թէքնոլոճիան եւ ճիշդ թիրախներ ընտրելու կարողութիւնը: Մինչեւ հիմա Հալէպի հարաւային (Իտլիպ եւ Համա կապող ճամբան) եւ հիւսիս արեւելեան ճակատներու վրայ սկսած են լուրջ գործողութիւններ, հիւսիս արեւելեան ճակատին վրայ զինեալներու կողմէ պաշարուած Քուէրէս ռազմական օդակայանի ազատագրման մարտերն են»:


Խօսելով  ահաբեկիչներու մասին, ան  ըսաւ. «Որեւէ մեկնութիւն չկայ, թէ ինչ կրնայ  ըլլալ ահաբեկիչներուն ճակատագիրը: Անձնական կարծիքս է, որ Սուրիա-Ռուսիա ռազմավարական աջակցութեամբ եղած գործողութիւններու նպատակն է զինեալները հաւաքել Սուրիա-Թուրքիա հիւսիսային սահմանային գիծի վրայ, եւ այս զինեալներու հաւաքումն է, որ տեղի ունենալիք խորհրդակցութիւններուն ընթացքին իւրաքանչիւր կողմի ձեռք ձգելիք բաժինը պիտի որոշէ, հաւանաբար այս պատերազմը պիտի շարունակուի մինչեւ թրքական ընտրութիւնները, մինչեւ  գալ ամսուայ 1-ը, որուն արդիւնքի որպէս, հետեւանք կազմուած կառավարութեան հետ ըլլալիք համաձայնութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ զինեալներու տրուած աջակցութիւնը դադրեցնել կամ մեղմացնել: Այս պարագային սահմանը փակ պիտի մնայ զինեալներուն առջեւ, եւ անոնք պաշարուած պիտի մնան, եւ երբ սկսին խորհրդակցութիւնները, պիտի որոշուի զինեալներուն ճակատագիրը, հրել զանոնք դէպի թրքական սահման, թէ տեղւոյն վրայ ոչնչացնել: Սա իմ անձնական կարծիքն է, այն իմաստով, որ հարաւէն հիւսիս կը սկսին ռազմաճակատները, դէպի սահմանային կողմ»:


Դամասկոսի գաղութի մասին խօսելով` ան շարունակեց «Դամասկոսի հայերուն հիմնական մտահոգութիւնը սկսեալ Սրբազան Հօրմէն, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն, տեսակցութիւններու ընթացքին, յաճախ կը խօսուի նոյն նիւթին մասին` գաղութի դատարկման մասին: Շատեր կը հեռանան տարբեր ափեր, Հոլանտա, Լիբանան, Հայաստան... Իսկ մնացեալ թիւը նախկինի համեմատութեամբ մօտ 35% կը կազմէ ներկայիս: Հայութիւնը ունէր նորակառոյց դպրոց մը, Մլէխա շրջանին մէջ, որու կառուցման հսկայ գումարներ ծախսուեցան, դժբախտաբար ներկայիս զինեալներու ձեռքն է, հաւանաբար աւերուած: Տնտեսական իմաստով, դամասկոսահայերը ընդհանրապէս արտադրութեան եւ վաճառականութեան վրայ են, մեծ արտադրութիւններու գործարանները քաղաքէն դուրս գտնուելուն զինեալներու ձեռք ինկած են, հետեւաբար դադրած են աշխատելէ, ու անոնց տէրերը մեծ վնասներ կրած, վաճառականները կը շարունակեն աշխատիլ, բայց ոչ` նախապատերազմական թափով: Կարելի է ըսել, թէ դամասկոսահայ գաղութը չապրեցաւ հալէպահայութեան տնտեսական տագնապը, քաղաքը մասամբ ապահով ըլլալուն ընդհանրապէս մարդիկ ստիպուած չեղան իրենց տուները ձգել, երթալ վարձով ապրիլ»:


Քաղաքական արտաքին վիճակի, Արեւմուտքի պետութիւններու կեցուածքի եւ չափաւոր ընդդիմութեան մասին իր կարծիքը տալով, մեր զրուցակիցը շարունակեց. «Ռուսը անկասկած ապահոված է արեւմտեան կարգ մը պետութիւններու համաձայնութիւնը, նախքան այս գործողութեան ձեռնարկելը, «աթըրեօթ»ի պարագան նախանշան մըն է, նաեւ Միրէյքըլի ասուլիսները, որոնց մէջ կը յիշեցնէ, թէ պէտք է համագործակցիլ Ռուսիոյ հետ այս հարցը լուծելու համար, կայ նաեւ Իրանի հետ կորիզային համաձայնութիւնը: Այսպիսով յստակ պատկեր մը կ'ունենանք, ինչ ալ ըլլան Ռուսիոյ զարկերը, այս հարցը ռազմավարական միջոցներով չի լուծուիր, քաղաքական համաձայնութիւններ պէտք է ըլլան, բայց այս ռազմավարական գործողութիւնները ուժ կու տան աւելի զօրաւոր գետին մը ստեղծելու: Պատրաստուած է յատակագիծ մը ընդդիմադիրներու, որոնք ապագայի կառավարութեան մաս պիտի կազմեն, սակայն սուրիական այս հարցին մէջ յստակ չէ, թէ ով է ընդիմադիրը, Եւրոպայի մէջ գտնուող ընդիմադիրները գետնի վրայ որեւէ ուժ չեն ներկայացներ:  Եթէ օրինակ մը պիտի առնենք, Լուէյ Հըսէյն անունով ընդիմադիր մը կայ, Սուրիոյ մէջ ունի «Թայար պինայը ալ տաուլէ» կուսակցութիւն մը: Այս կուսակցութիւնը Ֆէյսպուքի վրայ ասուլիս մը սփռեց, Տումայի մէջ օդանաւները ռմբակոծելուն եւ մեծ թիւով մարդիկ մահալուն առթիւ: Այս ասուլիսին Ֆէյսպուքի վրայ եղած արձագանգը շատ թեթեւ էր, ընդամէնը 19 լայք, բաղդատելով Նուսրայի որեւէ Թուիթըրի հետեւանքով եղած արձագանգին: Այն եզրակացութեան կու գանք, որ այսօր, Սուրիոյ մէջ ուժ ներկայացնող, ժողովրդականութիւն վայելող ընդիմադիրը րատիքալ իսլամն է, անոնց մէջ կան խումբեր, որոնք կը հետեւին Րիատին, կամ Անգարային կամ Տոուհային եւ զանազան եւրոպական պետութիւններու գաղտնի սպասարկութիւններուն: Նուսրայի խմբաւորումներուն հետ կարելի չէ քաղաքական որեւէ համաձայնութեան գալ, որովհետեւ Նուսրան քաղաքական կուսակցութեան մը զինուորական բաժինը չէ, անոնք ձախող ծրագրի մը պտուղներն են, մէկ խումբ կայ, որ քաղաքական ներկայութիւն ունի` «Իսլամական Եղբայրները», որոնք իմ կարծիքովս Սուրիոյ ապագայ քաղաքական կազմին մէջ ներկայութիւն չեն կրնար ունենալ` Եգիպտոսի, Լիպիոյ մէջ ունեցած ձախողութիւններէն ետք»:Մեզ հետ զրույցի աւարտին Սարգիս Գասարճեան ըսաւ. «Ռուսիոյ ներխուժումը որեւէ ձեւով յաղթանակ չի նշանակեր, որովհետեւ Ռուսիա, որքան փորձէ իր դերը մեծցնել, նոյնքան Ամերիկան եւ արաբական ծոցի պետութիւնները պիտի ջանան ձեւով մը իրենց դերը մեծցնել այս հարցին մէջ, բոլոր կողմերն ալ համաձայն են, որ միայն քաղաքական լուծումն է միակ ձեւը, կը կարծեմ, որ ընթացքի մէջ է քաղաքական լուծումի նոր բացուող ճամբան, առաջին քայլերը կ'առնուին հիմա, որքա՞ն կրնան տեւել, յստակ չէ, ի վերջոյ միջազգային մթնոլորտէն կախում ունի, բայց կը կարծեմ, որ որոշ մեծ փոփոխութիւն էր ռուսերուն մուտք գործելը»: