image
Հրատապ լուրեր:

«Լիբանանահայութիւնը պիտի բուժէ իր վէրքերը եւ շուտով վերականգնի» Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան

«Լիբանանահայութիւնը պիտի բուժէ իր վէրքերը եւ շուտով վերականգնի» Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան

«Բաւական բարդ են տարուելիք աշխատանքները,  եւ ներկայ պահուն ամէնէն առաջնայինը քանդուած տուներ ունեցող մեր հայրենակիցներուն բնակարաններու վերանորոգումն ապահովելն է»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Լիբանանի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝  տ. Շահէ եպս. Փանոսեան։ Սրբազանը, պատասխանելո լրագրող Սագօ Արեանի հարցումներուն, դիտել տուաւ, որ Լիբանանը ցնցած աղէտը աննախընթաց է, եւ այդ աղէտէն անմասն չէ մնացած լիբանանահայութիւնը. ան նաեւ նկատել տուաւ, որ այս դժուարին պայմաններէն դուրս գալու համար գաղութը պէտք ունի համահայկական ճիգերու եւ այդ առումով ալ կարեւոր աշխատանքներ կը տարուին։

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն ճիգերուն, որոնք կը տարուին՝  հասնելու  պէյրութահայութեան   մեծ կարիքներուն,  սկսեալ Հայաստանէն, Արցախէն, եւ ամենատարբեր գաղութներէ։

Իր խօսքի աւարտին տ. Շահէ եպս. Փանոսեան շեշտեց լիբանանահայութեան ամուր մնալու կարեւորութիւնը, յիշեցնելով, որ լիբանանահայութիւնը միայն Լիբանանի համար չէ եղած, այլ է՛ ու պիտի շարունակէ մնալ ամբողջ հայութեան համար եղած համայնք եւ գաղութ։

 Մանրամասնութիւնները ՝ տեսանիւթով։