image

«Բարեբախտաբար մինչեւ այս պահը Պրազիլիոյ մէջ հայ վարակակիրներու թիւը մտահոգիչ չէ» Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան

«Բարեբախտաբար մինչեւ այս պահը   Պրազիլիոյ  մէջ   հայ վարակակիրներու թիւը մտահոգիչ չէ» Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ  Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան

Պրազիլիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեան պատասխանած  է Պոլսոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի    հարցումներուն:

 

-Սրբազան հայր, նախքան խօսիլը Պրազիլիոյ մէջ այսօր տիրող իրավիճակին մասին՝ պիտի խնդրենք, որ մեր ընթերցողներուն հակիրճ տեղեկութիւններ հաղորդէք Պրազիլիոյ Հայոց թեմին մասին։

 

-Մեր թեմը ունի երկու եկեղեցի, Սան Փաուլոյի Ս. Գէորգ մայր տաճարը եւ Օզասկոյի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին: Գաղութին մէջ կան նաեւ Հայ կաթողիկէ մէկ եւ Հայ աւետարանական երկու եկեղեցիներ: Թեմը ունի «Դուրեան» ամէնօրեայ ազգային վարժարանը՝ 110 աշակերտներով, կից՝ Առաջնորդարանին: Վերջերս Առաջնորդարանը ստեղծեց զանազան գրասենեակներ եւ բաժանմունքներ, որոնք կ՚իրականացնեն թեմի աշխատանքները. օրինակ՝ երիտասարդաց, կիրակնօրեայ, կրօնական, մշակութային եւ դաստիարակչական ծրագիրներ, հոգեւոր տեսահոլովակներու պատրաստման գրասենեակ, տեղեկատուական, ընկերային եւ այլ բաժանմունքներու յատուկ գրասենեակներ։ Թեմէն ներս կը ծառայեն երկու քահանաներ, իսկ վերջերս ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգադրութեամբ երիտասարդ միաբան մը պիտի միանայ մեզի՝ համալրելու համար հոգեւոր սպասաւորներու շարքերը։ Մօտաւորապէս 35 հազարի կը հասնի թիւը Պրազիլիոյ հայութեան, որու մեծամասնութիւնը դարասկիզբին այստեղ որպէս գաղթական հասած հայերն են, որոնք իրենց քրտնաջան աշխատանքով բարելաւած են իրենց ապրելակերպը: Հայ գաղութին մեծամասնութիւնը Մարաշէն գաղթած հայերն են: Ցաւօք այստեղ ժամանակի եւ այլ գործօններու բերումով գաղութի մեծամասնութիւնը հայախօս չէ եւ այս իրականութիւնը անշուշտ մեզի համար ցաւալի երեւոյթ կը հանդիսանայ։ Ունինք մշակութային, դաստիարակչական, ընկերային եւ մարզական կազմակերպութիւններ. ինչպէս՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), Մարաշի մշակութային միութիւնը, Թէքէեան մշակութային միութիւնը, Համազգայինը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Սան Փաուլոյի եւ Օզասկօ քաղաքներու ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերը, «Հայաստան» հիմնադրամի գրասենեակը, ինչպէս նաեւ ունինք հոյակերտ հայկական ակումբ մը: Հարկ կը համարեմ նշել, որ բոլոր այս միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները կը գործակցին համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ՝ ի պայծառութիւն Պրազիլիոյ հայկական համայնքին:

 

-Պրազիլահայոց թեմ ըսելով ո՞ր երկիրները նկատի ունիք: Արդեօք Հարաւային կամ Լատին Ամերիկայի այլ երկիրներ կը գտնուի՞ն ձեր հովանաւորութեան ներքեւ:

 

-Երբ կ՚ըսենք Պրազիլահայոց թեմ, նկատի ունինք միայն Պրազիլիան, ինչպէս վերը նշեցի, մեր թեմը կը բաղկանայ շուրջ 35 հազար հայերէ: Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ փոքր գաղութ մը ունինք, մօտաւորապէս 25 ընտանիքներէ բաղկացած: Հայերու մեծամասնութիւնը կ՚ապրի Սան Փաուլոյի մէջ: Արժանթինի մէջ ուրիշ թեմ կայ, թեմեր ունինք նաեւ Ուրուկուայի եւ Արժանթինի մէջ։

 

-Քորոնաժահրի համաճարակի կապակցութեամբ ի՞նչ սահմանափակումներ կը կիրառուին ձեր երկրին մէջ. ի՞նչ են ժողովուրդի մտահոգութիւնները:

 

-Այս օրերուն, Պրազիլի, ի մասնաւորի Սան Փաուլոյի մէջ, իսկապէս մտահոգ ենք եւ սարսափով կ՚ապրինք քորոնաժահրի տարածումին պատճառով: Այսօրուայ դրութեամբ ունինք շուրջ մէկ միլիոն վարակակիրներ, 477 հազար բուժուածներ, իսկ մահացողներու թիւը արդէն հասած է 46 հազարի։ Դժբախտաբար ամէն օր մահուան նոր պարագաներ կ՚աւելնան եւ մեր ունեցած տուեալներով այս թիւերը պիտի շարունակեն բարձրանալ։ Արդէն երկու ամիսէ ի վեր բոլոր գործատեղիները փակ են ու տնտեսական մեծ վնասի եւ տագնապի մէջ է քաղաքը: Սան Փաուլոն Պրազիլի տնտեսութեան սիրտն է, մարդիկ մտահոգ են թէ՛ իրենց առողջութեան ապահովութեան եւ թէ՛ անգործութեան անորոշ իրավիճակին կապակցութեամբ: Համեմատած ուրիշ երկիրներու, Սան Փաուլոյի իշխանութիւնը չկարողացաւ ժողովուրդին ստիպել, կամ պարտադրել, կամ նոյնիսկ «բանտարկել» իրենց տուներուն մէջ՝ առաջքը առնելու համար քորոնայի կատաղի տարածումը։ Անշուշտ, տեղական մարմիններ փորձեցին արգիլել ինքնաշարժներու օգտագործումը, կամ որդեգրել ինքնաշարժներու թիւերուն համեմատ պարբերաբար օգտագործելու ձեւը, բայց այդ ալ չօգնեց, մարդիկ մեթրոյի կամ հանրակառքերու միջոցները օգտագործեցին: Ամէն օր օրէնք մը կը փորձեն իրականացնել այս օրերուն, բայց ժողովուրդը յոգնած է նաեւ տնտեսական վիճակէն, անգործութենէն եւ այդ պատճառով ամէն կանոն անհոգութեան մատնուեցաւ ու համաճարակի տարածումը աճեցաւ։ Անշուշտ, ներքին քաղաքականութիւնը ժխտական դեր մը ունեցաւ։ Երկրի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները քորոնաժահրի տարածման առաջքը առնելու կամ աւելի ուշ համաճարակի դէմ պայքարի միջոցներուն առընթեր, ունեցան բաւականին հակոտնեայ եւ հակասական տեսակէտներ, բան մը որ հանրութեան վրայ վատ ազդեց եւ ստեղծեց շփոթահար իրավիճակ մը։ Անշուշտ, այլ երկիրներու մէջ ալ նման իրավիճակներ եղան, բայց Պրազիլիոյ պարագային քաղաքական վերնախաւին կեցուածքներն ու հակասական տեսակէտները բաւական սուղ արժեցին ու պիտի արժեն այս երկրին վրայ։

 

-Որպէս հայոց թեմ, համաճարակի այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ միջոցներու դիմած էք, հասնելու համար համայնքի զաւակներու օգնութեան։

 

-Որպէս թեմ, Առաջնորդարանի ամէնօրեայ աշխատանքները կը շարունակուին: Առաջնորդարանի դռները միշտ ալ բաց են եւ հոգեւոր սպասաւորները ամէնօրեայ կերպով Առաջնորդարան կը գտնուին իրենց պարտականութիւնները լիարժէքօրէն կատարելու համար։ Բացի այդ, մեր կրօնական արարողութիւնները՝ Սուրբ Պատարագները կը ներկայացուին առցանց, ժողովուրդը հաղորդ եւ մօտիկ պահելու համար մեր եկեղեցիին։ Անշուշտ, խօսքը կիրակի օրուան արարողութեանց մասին է, երբ Սան Փաուլոյի կամ Օզասկոյի եկեցիներէն ներս կատարուած Սուրբ Պատարագները կը հանրայնացուին՝ հաղորդ պահելու համար մեր աւանդապահ ժողովուրդը։ Միեւնոյն ժամանակ յաճախակի կապի մէջ կ՚ըլլանք մեր հաւատացեալներուն հետ. տեսահոլովակներով կրօնական եւ դաստիարակչական ծրագիրներ կը հրատարակենք, կարօտեալ հայ ընտանիքներուն համար արդէն հարիւրաւոր նպաստներ հայթայթած ենք եւ տակաւին պիտի շարունակենք օժանդակել: Այս աշխատանքին լծուած են նաեւ համայնքի բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները:

 

-Սրբազան հայր, ձեր համայնքի անդամներուն մէջ արդեօք վարակակիրներ կա՞ն:

 

-Ներկայիս, բժշկական առումով, մեր համայնքը ունի շատ լաւ բժիշկներ, որոնք օգտակար կը դառնան համայնքին, անոնք կ՚աշխատին Սան Փաուլոյի նորագոյն հիւանդանոցներուն մէջ եւ կը ցուցաբերեն հարկ եղած օգնութիւնը, ուր որ պէտք է: Համայնքէն, անցնող երկու ամիսներու ընթացքին, քորոնաժահրի հիւանդութենէն ունեցանք վեց մահուան պարագաներ, որոնք տարեցներ էին: Բարեբախտաբար, մերոնք բաւական զգոյշ են եւ կը փորձեն ուշադիր ըլլալ: Թերեւս գտնուին վարակի պարագաներ, որովհետեւ մարդիկ երբեմն չեն տեղեկացներ մեզի, գաղտնի կը պահեն, բայց փառք Աստուծոյ, որ մինչեւ հիմա մեծ թիւով հայեր չեն վարակուած:

 

-Դուք Պրազիլահայոց թեմի առաջնորդը ընտրուեցաք 2014 թուականի մարտին, վստահաբար դժուար էր ընտելանալ տեղւոյն լեզուին ու մշակոյթին, ինչպէ՞ս յաղթահարեցիք այդ մարտահրաւէրը:

 

-Այո՛, բաւականին դժուար էր ընտելանալու գործընթացը, բայց կարողացանք անցնիլ այդ փուլէն։ Իրավիճակը բարդ էր մանաւանդ, լեզուի չիմացութեան պատճառով, բան մը որ կամաց-կամաց լուծուեցաւ։ Լեզուն շատ կարեւոր է հաղորդակցելու համար, համայնքի զաւակները մօտէն ճանչնալու եւ նոյնիսկ ձեռնարկներ կազմակերպելու առումով: Հարկ է նշել, որ պրազիլահայերը շատ հիւրասէր են, նաեւ յարգալից ու ընկերային: Անոնք չեն սիրեր միջամտել եկեղեցւոյ գործերուն, բայց կը հետաքրքրուին անցուդարձերով, կ՚ուզեն գիտնալ, թէ ինչ տեղի կ՚ունենայ եկեղեցւոյ մէջ: Անոնք ցոյց կու տան հետաքրքրութիւն իմ մշակած ծրագիրներուն մասին: Եւ որովհետեւ ես եկած էի ամենակազմակերպուած թեմէն, կրցայ այստեղ կիրառել այդ փորձառութիւնս, որ մեծապէս գնահատուեցաւ համայնքի անդամներուն կողմէ։

 

-Որպէս վերջին խօսք, ի՞նչ ունիք ըսելիք:

 

-Շնորհակալութիւն, այս հարցազրոյցին համար, յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի: Աստուած օգնական ըլլայ ձեզի եւ ձեր առաքելութեան, որ շատ կարեւոր առաքելութիւն մըն է: Առ Աստուած մեր աղօթքն է, որ այս համաճարակը շուտով վերանայ եւ արեւշատ օրերը վերադառնան: Աստուած օրհնէ, պահէ եւ պահպանէ Հայաստանեայց Եկեղեցին։ Աստուած օրհնէ Հայաստանը, Արցախն ու ամբողջ հայ ժողովուրդը։

 

Սագօ  Արեան

 

Երեւան

 

Շաբաթ, Յունիս 20, 2020