image

«Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատւութիւնը» Ռազմիկ Փանոսեան

«Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատւութիւնը» Ռազմիկ Փանոսեան

Փարիզի   «Նոր Յառաջ» պարբերականի   հեռակայ հարցազրոյցը ՝

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն    Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ

 

 

«Նոր Յառաջ» - Մեկուսացումի շրջանին Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը երեք նոր ծրագրերով ասպարէզ իջաւ։ Արդէն այսպիսի ծրագրեր նախատեսա՞ծ էիք եւ մեկուսացումը ճիշդ ատենի՞ն եկաւ, այսինքն՝ զուգադիպութի՞ւն է, թէ՞ մասնաւոր մտածուած ծրագիր է, որ պսակաձեւ ժահրի յայտնուելէն ետք պատրաստեցիք։

Ռազմիկ Փանոսեան - Հայկական բաժանմունքը ժահրին պատճառով չորս նոր ծրագրեր պատրաստեց։ Երկուքը մրցանակներ են.

– «Խօսք առ»-ը առիթ կու տայ մա՛նաւանդ երիտասարդներուն՝ հայերէնով արտայայտուելու եւ անդրադառնալու մարդկութիւնն ու աշխարհը յուզող հիմնահարցերուն։

– Երկրորդը՝ ուսուցիչներու քաջալերական մրցանակն է։ Այս երկուքը պսակաձեւ ժահրին շրջածիրին մէջ կեանքի կոչուեցան։

Ասկէ զատ, կրկին ժահրին պատճառով, Հայաստանին օժանդակելու հարցը հրամայական դարձաւ, յատկապէս սկզբնական շրջանին, երբ ժահրէն պաշտպանուող սարքերու, դիմակներու եւ բժշկական գործիքներու կարիքը զգալի էր։ Առ այդ անմիջապէս օգնութեան հասանք, գործակցելով Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակին հետ։

Իսկ երկու շաբաթ առաջ մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացուցինք լիբանանահայ գաղութին։

Ուրիշ ծրագիր մը նոյնպէս կը վերաբերի Լիբանանի. նորարար մշակոյթ ստեղծելու նախաձեռնութիւն մըն է, որ արդէն ամիսներէ ի վեր նախատեսած էինք: Այնպէս մը զուգադիպեցաւ, որ Փետրուար ամսուն այդ մասին յայտարարեցինք։ Ան Լիբանանի մեր 2019-ին պատրաստած ռազմավարութեան սիւներէն մէկը կը հանդիսանայ։

Հետեւաբար այս ամիսներուն մեկնարկած հինգ ծրագրերէն չորսը համաճարակի պայմաններուն մէջ նախաձեռնուեցան։

Պէտք է աւելցնեմ, թէ այս աննախընթաց կացութեան մէջ ստիպուած եղանք ջնջելու, յետաձգելու կամ ձեւափոխելու նախատեսուած կարգ մը այլ ձեռնարկներ։ Օրինակի համար Լոնտոնի Գիրքի միջազգային տօնավաճառին առթիւ նախատեսուած դասախօսութիւններու շարքը չկրցանք իրագործել։ Կամ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ ծրագրուած համերգը եւ ուրիշ ձեռնարկներ հարկադրաբար յետաձգուեցան։ Իսկ Զարմանազանի ամառնային ճամբարը որոշեցինք պահել, սակայն զայն ձեւափոխելով առցանց հարթակի մը վրայ։

 

«ՆՅ» - Վերջին հաշուով ժահրը, ցոյց կու տայ, որ տագնապները որքան որ վնասակար են, նոյնքան ալ շահեկան կողմ մը ունին։ Ասանկ կամ անանկ, անոնք դրական ազդեցութիւն ունեցան կրթական, դաստիարակչական, ուսուցողական նոր եղանակներ փորձարկելու եւ առիթ հանդիսացան հաւաքական կեանքին ստեղծագործական լիցք հաղորդելու։ Պսակաձեւ ժահրը ընդհանրապէս մտածելու առիթ տուաւ կեանքի մասին, կեանքի իմաստը փնտռելու մասին, առողջութիւնը գնահատելու, առողջապահութեան, բնութեան հանդէպ ուշադիր եւ պատասխանատու ըլլալու։ Նշեալ հարցերու վերաբերեալ Կիւլպէնկեանը ի՞նչ մօտեցում կը ցուցաբերէ։

Ռ.Փ. - Ներկայ արտասովոր վիճակը առիթ կու տայ խորհրդածելու համամարդկային հարցերուն շուրջ եւ «Խօսք առ» մրցանակին նպատակն ալ ճիշդ այդ է՝ մարդիկ քաջալերել, որ հայերէնով արտայայտուին զանազան կենսական նիւթերու մասին, տարբեր-տարբեր ձեւերով։

Մենք՝ որպէս հիմնարկութիւն, տարիներէ ի վեր կ՚աշխատինք հայերէնի առցանց ներկայութիւնը ապահովելու եւ զարգացնելու համար՝ գիրքեր թուայնացնելով, կայքէջերը քաջալերելով, արհեստագիտական գործիքներ հովանաւորելով…։ Ժահրին պատճառով, մէկ անգամէն, մանկավարժութիւնն ալ առցանց գործադրութեան հարկադրանքի տակ գտնուեցաւ։ Այս փոփոխութիւնը շատ արագ եղաւ եւ բնականաբար շատ մը ուսուցիչներ պատրաստ չէին արհեստագիտական նոր գործիքներով տունէն աշխատելու այս նո՛ր ընթացքին:

Ուրիշ հետաքրքրական կէտ մըն ալ կը նշմարենք երկու ամիսէ ի վեր. ընկերային ցանցերու մէջ արեւմտահայերէնի գործածութիւնը կարծէք մէկ անգամէն բարձրացած է եւ աշխուժութիւն մը նկատելի է այս ուղղութեամբ։ Օրինակ՝ Լիբանանի մեր ներկայացուցիչէն իմացայ, որ խումբ մը երիտասարդներ «Ի՞նչ կայ չկայ» անունով նոր ծրագիր մը մշակած են։ «Աղուոր բաներ» կայքը եւ «Ափ»-ը արդէն իսկ իրենց հետեւորդները ունին: Նոյնանման ուրիշ շատ անձնական նախաձեռնութիւններ կան:

Կարելի է ըսել, թէ անցնող երկու ամսուան ընթացքին արհեստագիտութիւնը եւ լեզուն միասնաբար մուտք գործեցին տուներէ ներս, ինչ որ շատ ուշագրաւ նոր երեւոյթ մըն է։ Այսինքն այն ընդհանուր նիւթերու մասին որ դուրսը կը խօսէինք, սկսանք ներսը, մեր տուներուն մէջ խօսիլ՝ հայերէնով, եւ նոր առցանց գործիքներով։ Այժմ հարցը հետեւեալն է՝ ի՞նչ կարելի է ընել, ի՞նչ արդիւնաւէտ միջոցներ գտնել, որ դրական այս քայլը աւելի խորունկ արմատներ նետէ ընտանիքներու մէջ եւ երիտասարդներու մօտ։

Թող անհամեստ չթուայ, բայց մենք արդէն 5-6 տարի է որ այս նպատակին հասնելու հողը կը պատրաստէինք՝ երբեմն լուռ ու մունջ, երբեմն բարձրաձայն. այդ ուղղութեամբ կարեւոր ներդրումներ ըրած ենք (որոնց մի քանիին մասին գործընկերներս քիչ ետք պիտի անդրադառնան)։ Ճիշդ է, որ տակաւին բոլոր գործիքները պատրաստ չեն: Հինգ-վեց ամիսէն աւելի զինուած պիտի ըլլանք, շարունակելով փորձարկումները։ Ահաւասի՛կ համաճարակի չարիքէն դուրս եկած բարիք մը՝ մարդիկ մեկուսացումի պայմաններուն, իրենց տուներուն մէջ, սկսան աւելի յաճախ (արեւմտա)հայերէնով հաղորդակցիլ եւ հետաքրքրական նորութիւններ ստեղծել, օգտագործելով արհեստագիտական միջոցներ։

 

«ՆՅ» - Արդեօք արհեստագիտական նոր գործիքներով հայերէնի ուսուցումը՝ գործիքներուն տիրապետելու առումով ձեւով մը ճեղք մը չի ստեղծե՞ր ուսուցիչներուն միջեւ, աւանդական դասաւանդութեամբ սահմանափակուողներու եւ արդիական միջոցներուն տիրապետողներու միջեւ եւ նոյնպէս ընդհանրապէս հայերէն սորվիլ փափաքող մարդոց միջեւ։ Պէտք է նկատի ունենալ որ հայերէնի պարագային ամէն մարդ չէ, որ այդ գործիքներէն օգտուելու կարելիութիւնը եւ զանոնք գործածելու ունակութիւնը ունի։ Ի վերջոյ այս իրավիճակին յարմարելու խնդիր կը ստեղծուի։

Ռ.Փ. - Շիտակ էք: Գիտէք Սփիւռքի մէջ ցաւալի հակասութիւն մը կայ, մանաւանդ կրթական ծիրէն ներս՝ ուր որ արհեստագիտութիւնը կամ նորարարութիւնը զօրաւոր է, հոն լեզուն ընդհանրապէս տկար է, թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ՛ տարիքային գետնի վրայ՝ սերունդներու միջեւ։ Ուր որ լեզուն զօրաւոր է, հոն արհեստագիտական ոլորտը շատ անգամ տկար է: Եւ ասիկա հակասութիւն մըն է, որ մեր իրականութեան մաս կը կազմէ։ Ժահրը արագացուց ընթացքը արհեստագիտական գործիքներու օգտագործման, ներմղում մը տուաւ, ինչպէս նշեցինք: Պէտք է նաեւ նկատի ունենանք, որ յաջորդ 10-20 տարիներու ընթացքին մարդուժի որոշ փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենայ սերնդափոխութեան պատճառով. նորարարութեան եւ մանկավարժական նոր մեթոտներուն տիրապետելու առումով աւելի արհեստավարժ ուսուցիչներ կը պատրաստուին ներկայիս։

Բացի ասկէ, որոշ շրջաններ զրկուած են համացանցի մնայուն կապ ունենալէ։ Կարելի է Սուրիոյ կամ Լիբանանի օրինակը բերել, ուր ելեկտրական հոսանքի անջատումներուն հետեւանքով յաճախ համացանցի կապը կը կտրուի եւ կարելի է երեւակայել, թէ որքան դժուար կացութիւն կը ստեղծուի ուսուցիչներուն համար։

Բայց միւս կողմէ, կարելի չէ անտեսել, թէ 21-րդ դարուն կ՚ապրինք եւ իւրաքանչիւր ուսուցիչ պարտաւոր է գոնէ նուազագոյն չափով ծանօթ ըլլալու արհեստագիտական աշխարհին։ Ինչպէս վերը նշեցի, ուսուցիչներուն յատկացուած մրցանակը ճիշդ այս նպատակին կը ծառայէ։ Կ՚ուզենք քաջալերել ուսուցիչները, գիտակից ըլլալով որ ամէն ոք կարելիութիւնը չունի մասնակցելու այս արշաւին, քանի որ կան ուսուցիչներ, որոնք դժբախտաբար անձնական համակարգիչ նոյնիսկ չունին, մանաւանդ տնտեսապէս աւելի նուազ զարգացած երկիրներու մէջ:

 

«ՆՅ» - Աշխարհը արագօրէն կ՚ընթանայ դէպի թուայնացում, տեղեկատուական արհեստագիտականացում։ Այս ընթացքը կը պահանջէ խոշոր ներդրումներ։ Հայութեան համագաղութային կառոյցները նման մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու միջոցները ունի՞ն։ Յաջողութեան ի՞նչ երաշխիքներ ունիք։

Ռ.Փ. - Կը խորհիմ թէ միջոցները կան։ Հայկական Սփիւռքը աղքատ սփիւռք մը չէ, բայց միայն միջոցները չեն բաւեր, ծրագրերը իրագործելու տեսլականը եւ փափաքն ալ պէտք են։ Իսկ յաջողութեան առաջին երաշխիքը այն է, որ ունենանք ղեկավարներ որոնք հայերէն լեզուին եւ լեզուն փոխանցելու դպրոցական առաքելութեան կարեւորութիւն կու տան։ Այս գործին հանդէպ հաւատք ունենալն ալ հրամայական է։ Եւ անշուշտ հաւատքը կամ տեսլականը իրականացնելու միջոցները տրամադրելը անհրաժեշտ է. այլապէս միայն լոզունգի մակարդակին կը մնանք,– ինչպէս շատ անգամ կ՚ըլլայ,– եւ ատկէ արդիւնաւէտ ոչինչ դուրս կու գայ:

Սփիւռքի կրթական «վէճ»-երը դպրոց բանալու կամ գոցելու վրայ կը կեդրոնանան: Ե՞րբ լսած էք շինիչ բանավէճ մը դպրոցին կրթական առաքելութեան կամ մանկավարժական լուրջ նիւթերու եւ հարցերու շուրջ: Այսինքն՝ խօսակցութիւն՝ դպրոցի շէնքին «միջուկ»-ին մասին, եւ ոչ թէ շէնքը բաց կամ գոց պահելուն մասին: Կարծէք մանկավարժութեան որակը կապ չունի դպրոցի մը յաջողութեան հետ: Որպէս համայնք կ՚ողբանք որ ծնողներ իրենց զաւակները հայկական դպրոց չեն ղրկեր,– ուր որ գոյութիւն ունին,– բայց քաջութիւնը չունինք հարցադրելու թէ ինչո՞ւ: Ատոր պատասխանը որոշ ձախողութիւններու հետեւանքն է այլազան մակարդակներու վրայ, ղեկավարութենէ մինչեւ մանկավարժական ըմբռնում:

Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատւութիւնը: Արեւմտահայերէնը Սփիւռքի հարցն է եւ Սփիւռքն է, որ պէտք է լուծէ իր հարցերը, իր ղեկավար դասակարգի առաջնորդութեամբ։ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը իր միջոցներով եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ այս աշխատանքին մէկ բաժինը կ՚իրագործէ, բայց Սփիւռքի մէջ մեր Բաժանմունքէն շատ աւելի մեծ կազմակերպութիւններ կան:

Ի դէպ, Հայաստանի մէջ արհեստագիտութեան զարգացման շատ յստակ տեսլական մը գոյութիւն ունի երկրին ղեկավարութեան մօտ, բայց ան ոչ թէ լեզուի, այլ տնտեսութեան բարգաւաճման առնչուած է, ինչ որ շատ հասկնալի է։

 

«ՆՅ» - Ճիշդ է որ Սփիւռքը աղքատ չէ, բայց ցարդ այդ տեսլականը չէ ունեցած։ Ան նաեւ կառավարման այլ եղանակով մը շեշտը ազգային այլ խնդիրներու վրայ դրած է, այդ ձեւով ալ աղքատացնելով Արեւմտահայութեան մշակութային ժառանգութիւնը, որուն անբաժան մասնիկն է լեզուն։ Ընդհանրապէս, հայերէնի պարագային, կ՚անդրադառնանք, ի վերջոյ, որ արհեստագիտութեան կալուածէն ներս, հայերէնով կրթական ծրագրեր, լեզուագիտական դաստիարակչական խաղեր, գիտական բնոյթի տեսանիւթեր մշակելու 20-30 տարուան բաց մը կայ։ Այս ուղղութեամբ ի՞նչ լուծում կ՚առաջարկէք։

Ռ.Փ. - Շիտակ է, որ Սփիւռքի կրթական մարզին մէջ հսկայական բաց մը կայ։ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւն եւ լեզու պահելը իրապէս շատ պահպանողական ընթացք առած է եւ ա՛յդ է վտանգաւորը։ Պահպանողական այն իմաստով որ՝ ինչ որ ունինք սառեցնենք որպէսզի չկորսնցնենք։ Այսպէսով նորը ստեղծելու բաւարար առիթ չենք տուած երիտասարդներուն։ Պատմական օրինակ մը տամ՝ 1920-ական թուականներուն տեղի ունեցածը այս երեւոյթին հակապատկերն էր. դաշնակցական, հնչակեան եւ ռամկավար շրջանակներուն մէջ սփիւռքացած եւ հայախօս ժողովուրդ մը կերտելու շատ յստակ տեսլականը կար, հիմնուելով երիտասարդութեան վրայ։ 50-60-ական թուականներուն երիտասարդութեան մէջ եւս աշխուժ շարժում մը ստեղծուեցաւ, որ 70-ականներուն կարծէք թէ աւելի պահպանողական երանգ ստացաւ. լեզուն սկսաւ կտրուիլ ներկայէն եւ կառչեցաւ միայն անցեալին ու միայն հայկականին։ Եւրոպայի կամ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ մշակութային նորարարութիւնը քիչ թէ շատ հող գտաւ, բայց հոն ալ դպրոցներու բացակայութեան պատճառով լեզուն չբարգաւաճեցաւ…։

 

«Մշակոյթը փոխանցելիք ծրար մը չէ,

կերտուելիք ընթացք մըն է»

 

Այսօր կարելի է միջոցներ հայթայթել, որպէսզի երիտասարդ սերունդը իր ձեւերով սփիւռքեան մշակոյթ մը ստեղծէ: Ձեր հարցումին պատասխանը ասոր մէջն է. միջոցներ տրամադրել որ հայերէնով ստեղծագործութիւն տեղի ունենայ եւ ոչ թէ յաջորդ սերունդին ըսել, քարոզել կամ նոյնիսկ պարտադրել թէ իր մշակոյթը ի՛նչ պէտք է ըլլայ: Մշակոյթը փոխանցելիք ծրար մը չէ, կերտուելիք ընթացք մըն է:

Անշուշտ Սփիւռքը կղզիացուած չէ: Առնչութիւն ունի Օտարին հետ, եւ անպատճառ Հայաստանի հետ: Սակայն պէտք է ի մտի ունենալ, որ ամէն ինչին սկիզբը եւ վերջը Հայաստանը չէ, մանաւանդ 4-րդ, 5-րդ սերունդի Սփիւռքահայուն համար։ Բայց թող սխալ չհասկցուի, Սփիւռքահայը անշուշտ որ իր կապը պիտի պահէ Հայաստանի հետ, ու անկէ ներշնչուի։ Բայց միւս կողմէ Հայաստանն ալ առհասարակ մշակութային-ընկերային հողին վրայ պահպանողական կեցուածք մը ունի եւ այդ մարզերուն մէջ իբրեւ դուրսէն եկած գաղափարներ կը քննադատէ ամէն տեսակի նորարարութիւն (անշուշտ բացառութիւններ կան)։ Նորէն կրկնեմ, Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու պատասխանատւութիւնը. ուրիշ խօսքով՝ իր ապագան դրսեւորելու ղեկավարութիւնը ստանձնէ։ Ես լաւատես եմ, որովհետեւ երիտասարդութեան մէջ կը տեսնեմ արեւմտահայերէնը պաշտպանող եւ գործածող սերունդ մը, որ աշխուժացած է։ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը անոր թիկունք կանգնելու եւ զայն քաջալերելու իր համեստ նեցուկը կը տրամադրէ։

 

«ՆՅ» - Պսակաձեւ ժահրը ձեւով մը առիթ ստեղծեց նման հարցեր համապարփակ ձեւով քննարկելու։ Բայց տակաւին սկիզբն ենք եւ հաւանաբար մեր առօրեայ կենցաղին մէջ շատ բաներ պիտի փոխուին…։

Ռ.Փ. - Գիտէք, առցանց, հեռակապով ժողովները, հանդիպումները, դասախօսութիւնները հոյակապ առիթ կու տան բազմախօսակցութիւններու, որոնք կը դիտուին ու կ՚ունկնդրուին աշխարհի չորս ծագերը գտնուող հազարաւոր Հայերու կողմէ, առանց կազմակերպչական սահմանափակումներու: Նման առիթները պէտք է օգտագործենք՝ էական հարցերու շուրջ գաղափարներ փոխանակելու համար։

 

«ՆՅ» - Ամէն պարագայի, «Նոր Յառաջ» փորձեց հայերէնի դասաւանդման եւ հայերէն լեզուի հետ առնչուած անհատական կամ հաստատութենական տարբեր նախաձեռնութիւնները ցանկագրել ու տարածել, որպէսզի աւելի լայն շրջանակներու կողմէ փորձարկուին։ Պէտք է ըսել, թէ բաւական հետաքրքրական անհատական նախաձեռնութիւններ գտանք զանազան կայքէջերու վրայ։ Անոնցմէ վերջինը Արցախի մէջ հաստատուած «Գրքասէր» կայքն է, որուն անդրադարձանք Մայիս 21-ի մեր ֆրանսերէն յաւելուածին մէջ։ Հոն զետեղուած է արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն ընթերցուած գրականութիւն։ Օրինակ՝ արեւմտահայերէնով նշանաւոր հեղինակներէ շուրջ 70 ընթերցումներ կան՝ Անդրանիկ Ծառուկեան, Յակոբ Պարոնեան…, զորս կարելի է անվճար ունկնդրել…։

Ռ.Փ. - Այո՛, հայկական աշխարհին մէջ նման կայքէջեր գոյութիւն ունին։ Որքան շատ, այդքան լաւ:

 

«ՆՅ» - Անդրադառնանք նաեւ միջազգային հասարակութիւնը յուզող էական խնդրի մը. «Google»-ի կամ «Microsoft»-ի նման մեծ ընկերութիւնները, որոնք հանդիպումները կազմակերպող ու տեղեկութիւնները փոխանակելու գլխաւոր հարթակներն են, անոնք են նաեւ գլխաւոր շահաւորները, եւ մենք ուզենք կամ չուզենք անոնց հսկայական միջոցներէն կախեալ ենք։ Այս մարզէն ներս ալ նոր դերակատարներ կան, որոնք միքրօ-հարթակներ կը ստեղծեն, որոնք նաեւ տեղ մը կ՚ապահովեն տեղեկութիւններու անվտանգութիւնը։ Պէտք է մտածել այդպիսի հարթակներուն ուժ տալու, զանոնք քաջալերելու, անոնց նեցուկ կանգնելու մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջական ցանց մը ունենալով՝ այդ «մեծերէն» կախեալ չըլլալ։ Այսպիսի կարեւոր նախաձեռնութիւն ստանձնած է Հայաստանի մէջ Իրական դպրոցի հովանաւոր Ինսթիկէյթ ընկերութիւններու ցանցը։

Ռ.Փ. - Անշուշտ որ կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է քաջալերել նշեալ միքրօ-հարթակները, սակայն իրականութիւնը այն է, որ տեղ մը ստիպուած պէտք է անցնիլ այդ մեծ ցանցերէն։ Կարելի է հարթակներ ստեղծել, որ օրինակ՝ միայն «Amazon»-էն կախեալ չըլլանք։ Բայց հետազօտութեանց պարագային քիչ մը դժուար է «Google»-էն անկախանալը։ Լաւ գաղափար է։ Պէտք է մտածել այդ մասին։