image

Մեր նպատակն է շարունակել Մելգոնեան եղբայրներու աշխատանքը, որպէսզի անոնց անունը երբեք մոռացութեան չմատնուի.Արսինէ Շիրւանեան

Մեր նպատակն է շարունակել Մելգոնեան եղբայրներու աշխատանքը, որպէսզի անոնց անունը երբեք մոռացութեան չմատնուի.Արսինէ Շիրւանեան

 ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան տակ  գործող  եւ   15    տարիներ առաջ  փակուած Մելգոնեան  Կրթական Հաստատութեան վերաբացման հարցը կը շարունակէ  ուշադրութեան   կեդրոն   դառնալ   նախկին մելգոնեանցներու եւ խնդրով մտահոգ     հայորդիներու  լայն  շրջանակներուն  մօտ։Վերջերս Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատուիրակութեան՝ Նիկոսիա այցի ժամանակ, նախկին մելգոնեանցիները, ինչպէս նաեւ խումբ մը աջակիցներ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին փակուած վարժարանի մուտքի մօտ:  Անոնք հայրենի պաշտօնեաներէն կը պահանջէին Մելգոնեանի հարցը ընդգրկել Հայաստանի իշխանութիւններու այսօրուան օրակարգին մէջ: Բողոքի ցոյցը նախաձեռնողներուն մէջ էր նաեւ «Մելգոնեան»  համաշխարհային շարժման համահիմնադիր Արսինէ Շիրւանեանը, որ  պատասխանեց «Արեւելք»-ի հարցերուն:

 

-Ի՞նչ շարժում է «Մելգոնեան» համաշխարհային նախաձեռնութիւնը եւ ի՞նչ նպատակներ ունի:  

-2017 թուականին, ես եւ Կիպրոսի «Մելգոնեան» կրթական հաստատութեան քանի մը շրջանաւարտներ սկսանք համահայկական շարժում՝ նպատակ ունենալով բարձրացնել իրազեկուածութիւնը հայկական արժէքաւոր պատմական հարստութիւններու արագընթաց կորուստի, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներու շրջանին հայերէնի ու հայկական մշակոյթի կորուստի մասին: Սկսանք մեր ծրագիրը` փնտռելով նորարարական լուծումներ առկայ մարտահրաւէրներուն համար:  Կարեւոր էր գտնել Սփիւռքի հայկական դարաւոր հարուստ կենսագրութիւն ունեցող կառոյցներու կենսունակութեան ու ինքնապաշտպանութեան ուղիները:

Թէեւ տարբեր կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ կրնան ունենալ այդ կառոյցներու օրինական սեփականութեան իրաւունքն ու նուիրատւութեան փաստաթուղթերը, ես կը ցանկամ վերահաստատել, որ այդ սեփականութիւնները կամ նուիրատւութիւնները տրուած են տարբեր կազմակերպութիւններու` հայ ժողովուրդին ծառայելու եւ պաշտպանելու նպատակներու համար, երբ մենք դեռ անկախ Հայաստան չունէինք: Այնուամենայնիւ, մենք իսկապէս կը հաւատանք, որ այս կազմակերպութիւնները ունին բարոյական ու իրաւական պարտաւորուածութիւն՝ ծառայելու մարդոց՝ ըստ անոնց պահանջմունքներուն: Անոնց պարտքն է լսել ժողովուրդի պահանջն ու համապատասխան քայլեր կատարել:

 

Որոշ հայ պաշտօնեաներ կը կարծեն, որ ժամանակները փոխուած են ու հիմա կրնան փակել հայկական դպրոցներն ու չէզոքացնել հայկական կառոյցները՝ խաչ քաշելով հայերէնի վրայ: Ու այս ամէնը կ'ըլլայ «Հայաստանին ծառայելու» անուան տակ: Բարեբախտաբար, սա այն տեսակէտը չէ, որ ունի հայերու մեծամասնութիւնը: Ի վերջոյ, եկէք հայեացք նետենք 301 տարի առաջ տեղի ունեցած դէպքերուն, երբ Մխիթար աբբահայրը Սուրբ Ղազար կղզիի վրայ հիմնեց Մխիթարեաններու  միաբանութիւնը, ուր անոր հետեւորդներու խումբը փրկեց հայոց լեզուն, երբ այն վերջնականապէս վերացման եզրին էր: Այսօր մենք պիտի նոյն կերպ միաւորենք մեր ջանքերը՝ օգտագործելով 21-րդ դարու նորարարական լուծումները՝ ամբողջ աշխարհի հայ երիտասարդներու շրջանին հայոց լեզուի ու մշակոյթի հանդէպ սէր տածելու ուղղութեամբ:

Մենք պէտք է նաեւ գտնենք ուղիներ սփիւռքի՝ բոլոր գոյութիւն ունեցող հայկական դպրոցներու արդիւնաւէտութիւնը վերականգնելու համար։ Անոնց վերացումը ո՛չ թոյլատրելի է, ո՛չ ալ՝ իրագործելի։ Այն գործիչները, որոնք կը հաւատան նման տխուր տարբերակներու, պէտք է ընդունին՝ արդէն ժամանակն է որ իրենք կանգ առնեն եւ իրենց տեղը զիջին աւիւնով լեցուն մարդոց, որ վերջիններս ալ իրականացնեն վերը նշուած առաջադրանքները։ Հայերը՝ թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ կը տենչան ունենալ այնպիսի առաջնորդներ, որոնք անոնց կ'ուղղորդեն դէպի ոսկէ ժամանակաշրջան։

 

Մենք նոյն կերպ պէտք է մեր ջանքերը ուղղենք Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդներուն եւ 21-րդ դարու ստեղծագործ ու եռանդուն երիտասարդներուն միջեւ միջանկեալ կամուրջ ստեղծելու ուղղութեամբ։ Կայացած ու հզօր սփիւռքահայ երիտասարդները ծաղկող, զարգացած Հայաստանի գրաւականներէն են։

 

2017 թուականին ստեղծուած «Մելգոնեան» համաշխարհային  նախաձեռնութեան նպատակը վերոնշեալ առաքելութիւնը կեանքի կոչելն է՝ միաժամանակ յարգանքի տուրք մատուցելով 2 մեծ հայ բարերարներու՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեաններու ժառանգութեանն ու անցած ուղիին։

Պէտք չէ մոռնալ, որ Մելգոնեան եղբայրները իրենց ողջ հարստութիւնը կտակած էին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ-ին)։ Համաձայն որոշ աղբիւրներու՝ Մելգոնեան եղբայրներու կողմէ փոխանցուած հարստութիւնը 1920-ականներու սկիզբը կը կազմէր ՀԲԸՄ-ի ակտիվների շուրջ 75%-ը։ Ներկայիս չափանիշներով այն հաւասար է մօտաւորապէս 1,5 միլիառ ԱՄՆ տոլարի։ Մինչ ՀԲԸՄ-ը կը շարունակէ տնօրինել այդ հարստութեան մնացորդը՝ պահուած Լոզանի զուիցերիական դրամատան մէջ, մենք՝ «Մելգոնեան» համաշխարհային  նախաձեռնութիւնը, համեստաբար կը ցանկանք շարունակել Մելգոնեան եղբայրներու աշխատանքը, որպէսզի անոնց անունը երբեք մոռացութեան չմատնուի։

 

 

-Ի՞նչ քայլեր ձեռնարկուած են վերջին 15 տարիներու ընթացքին՝     դպրոցը վերաբանալու ուղղութեամբ:

Ինչպէս շատերը գիտեն, 2005 թուականին Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը, Մելգոնեանի շրջանաւարտները եւ խումբ մը այլ աջակիցներ ամէն կերպ կը պայքարէին, ՀԲԸՄ-ը՝ դպրոցը փակելու եւ այնուհետեւ այն վաճառելու միտքէն ետ պահելու համար։

2005 թուականի դատական գործընթացներուն յաջորդեց Ֆրանսայի խումբ մը հայերու առաջարկութիւնը՝ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովին՝ (Պերճ Սեդրակեանի կողմէ ղեկավարուող) տրամադրելու բաւականաչափ ֆինանսաւորում՝  ՄԿՀ-ը վերաբանալու համար։ Անոնք կը պնդէին, որ եթէ ֆրանսական բակալավրիատ ներդրուէր դպրոցին մէջ, ապա Եւրոպական Միութեան կողմէ տարեկան 2 միլիոն եւրոյի չափով ֆինանսաւորում կը տրամադրուէր ֆրանսական կառավարութեան հետ համագործակցութեան միջոցով։

Այս առաջարկութիւնը մերժուեցաւ։

2008 թուականին Ռուսաստանէն եւ Զուիցերիայէն խումբ մը հայեր ձեռնարկեցին մասնագիտական իրագործելիութեան հետազօտութիւն եւ առաջարկեցին նոր գաղափար մը՝ «ԱՅԲ» կրթական հիմնադրամ անունով։ Հայերու այս նուիրեալ խումբը պատրաստ էր ստանձնելու կրթական նորարարական հաստատութիւն հիմնելու հետ կապուած բոլոր նիւթական ծախսերը։ Սակայն այս առաջարկը ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի կողմէ նոյնպէս մերժուեցաւ:

Ի հարկէ, այսօր մենք բոլորս լաւ ծանօթ ենք «ԱՅԲ» կրթական հիմնադրամի յաջողութեան պատմութեան. անոնք արդէն կը նշեն հիմնադրման տասնամեակը։

Շատ ուրիշ փորձեր ալ եղած են Պերճ Սեդրակեանի եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի հետ այս հարցի շուրջ համաձայնութեան գալու համար, սակայն անոնք այդպէս ալ որեւէ քայլ չեն ձեռնարկած այս ուղղութեամբ։

Կեդրոնական վարչական ժողովը կը շարունակէր պնդել, որ դպրոցը վաճառելու իրենց որոշումը վերջնական է եւ ենթակայ չէ քննարկման՝ հակառակ տարբեր անձերու կողմէ եղած շահաւէտ առաջարկներուն։

ՀԲԸՄ-ը պատրաստ էր վաճառել Մելգոնեանը եւ ստացած գումարը ներդնել Հայաստանի մէջ։

2016 թուականի վերջերը մենք կրկին խօսեցանք Պերճ Սեդրակեանի հետ եւ, պայմանաւորուած անոր արձագանգով, ես ու ամուսինս առաջարկեցինք տեղում անձամբ ստեղծել որեւէ կրթական ծրագիր՝ համատեղ աշխատելով զարգացման ծրագրի վրայ, ինչը օգուտ կը բերէր թէ՛ ՀԲԸՄ-ին, եւ թէ՛ Հայաստանին։ Ես պարզապէս խնդրեցի՝ ինձ որպէս կամաւոր նշանակել ծրագրերու ղեկավար՝ առանց որեւէ վարձատրութեան։

Մենք կ'առաջարկէինք նախագիծ մը, որ մեզի թոյլ կու տար Հայաստանին տրամադրել նիւթական օգնութիւն, ինչպէս նաեւ վերաբանալ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը։

Հակառակ որ բոլոր նիւթական ծախսերը ստանձնելու խոստում կար, 2017 թուականի 28 յուլիսին եւս մէկ յուսալի ու ազնիւ առաջարկ մերժուեցաւ։

Ինչ կը վերաբերի գործողութիւններու ներկայիս ծրագրին, մեր կողքին են շարք մը հաստատութիւններ, որոնք պատրաստ են աջակցելու մեզ՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը վերաբանալու գործին։

Ներկայիս կայ այսպիսի տեսլական մը՝ ստեղծել հզօրացման հայկական համալիր մը, որ կը ներկայացնէ Հայաստանն ու Սփիւռքը։

Այս գործին մէջ մեր աջակիցն է, օրինակ, միջազգային հեղինակաւոր վարկանիշ ունեցող Կիպրոսի համալսարանը, որ պատրաստ է ստանձնելու 4 տարուան ուսումնական ծրագիր ունեցող քոլեճ-նախապատրաստական դպրոցի կառավարումը։ Մեզ հետ պատրաստ է փոխգործակցելու նաեւ Օքսֆորտի համալասարանը՝ վերը նշուած 4 տարի տեւող նախապատրաստական դպրոցի շրջանակէն ներս կրթական ծրագիրներու միջոցով համագործակցութեան ձեւով։ 

Մեր դաշնակիցն է նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը, որ պատրաստ է հիմնադրելու արեւմտահայերէնի եւ մշակոյթի անկախ հայկական կեդրոն։ Մենք կապեր ունինք նաեւ արեւմտահայերէնի ամենապահանջուած մասնագէտներուն հետ, ինչպիսին է, օրինակ, դոկտոր Յակոբ Գուլուճեանը, որուն գիտական աշխատանքներուն եւ ջանքերուն շնորհիւ արեւմտահայերէնը դասուած է Եւրոպական Միութեան վտանգուած լեզուներու շարքին։ Թումօ կեդրոնը նոյնպէս սկզբունքօրէն պատրաստ է հիմնելու կեդրոն՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան տարածքին մէջ։ Դեռ աւելին, մենք կը վայելենք Կիպրոսի կառավարութեան բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը։ Այս մասով անհրաժեշտ է նշել, որ Կիպրոսի կառավարութիւնը տարեկան 1,5 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ հայկական տարրական դպրոցի ֆինանսաւորման համար։ Անոնք նաեւ պատրաստակամ են տրամադրելու նոյնքան, եթէ ոչ աւելի նիւթական օգնութիւն այս կրթական ծրագրին։

Մենք նաեւ կը նախատեսենք ստեղծել Հայաստանի տնտեսութեան վերլուծութեան եւ հզօրացման կեդրոն, ինչպէս նաեւ դպրոցի տարածքին մէջ գտնուող Կարապետ Մելգոնեանի առանձնատունը վերածել Կիպրոսի մէջ հայկական դեսպանատան։

Մեր կողքին են բազմաթիւ խոշոր բարերարներ, որոնք պատրաստ են կատարել մեծ նուիրատւութիւններ եւ ստեղծել կրթական բարեգործական հիմնադրամ, որ դպրոցը այլեւս երբեք կանգնած չըլլայ կործանման եզրին։

Քանի որ Մելգոնեանը մանկատունէն վերածուած էր կրթական հաստատութեան եւ այնուհետեւ անկում ապրած ՀԲԸՄ-ի՝ սփիւռքի դպրոցներու, կրթական հաստատութիւններու նկատմամբ իր ունեցած առաքելութեան հաւատարիմ չմնալու պատճառով, մենք կը հաւատանք, որ այժմ ժամանակն է Մելգոնեանը դարձնելու համաշխարհային մակարդակով հայկական գիտութիւններու եւ ընդհանրապէս հայերու զարգացման կեդրոն։ Մենք պէտք է օգտուինք Կիպրոսի պետութեան անչափ հայամէտ վերաբերմունքէն, Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումէն, ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալող բարերարներէն, որոնք պատրաստ են աջակցելու ոչ միայն կրթական ծրագիրներու իրականացման, այլեւ ուրիշ ծրագիրներու՝ ուղղուած արեւմտահայերէնի պահպանմանն ու զարգացման։

Ծրագիրները, ֆինանսաւորումը, ամէն ինչը կան եւ հասանելի են, սակայն իմաստ չունի անոնք քննարկել, քանի դեռ Պերճ Սեդրակեանը կը հրաժարի փոխել դիրքորոշումը այս հարցի շուրջ։ Իմ կարծիքով, ինչ ՀԲԸՄ-ը յայտներ է իր հաւատարմութիւնը Հայաստանի բարգաւաճման գործին, սկսած 1994 թուականէն՝ համաձայն Լուիզ Սիմոնի տեսլականի (ՀԲԸՄ-ի 5-րդ նախագահ, Ալեք Մանուկեանի` ՀԲԸՄ-ի պատուարժան նախագահի սիրելի դուստր), ՀԲԸՄ-ը պէտք է վաճառէ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան տարածքը Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան խորհրդանշական 500 ՀՀ դրամով, որ համարժէք է ամերիկեան 1 տոլարին։

Մէկ ամբողջ տասնամեակ մը ՀԲԸՄ-ը զրկուած էր խոշոր նուիրատւութիւններ ստանալու հնարաւորութենէն, քանի որ հայերը չէին ուզեր լսել Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը փակելու ՀԲԸՄ-ի որոշման մասին։ Մելգոնեանը ՀՀ կառավարութեան նուիրելով՝ ՀԲԸՄ-ը կը կարենայ վերահաստատել Հայաստանի հանդէպ իր վերածնած եւ շարունակական աջակցութիւնը։ ՀԲԸՄ-ի նուիրատուներու շարքը կը համալրուի նոր մարդոցմով, որոնց նուիրատւութիւնները միանշանակ կը գերազանցեն Մելգոնեանի տարածքի ներկայիս արժէքը։ Ըսածիս օրինակն է Վաչէ Մանուկեանի կողմէ տրամադրուած 30,000,000 ամերիկեան տոլարի չափով գումարը՝ որպէս Լոս Անճելոսի Քալիֆորնիայի համալսարանին մէջ բժշկական հետազօտութիւններ կատարելու համար ֆինանսաւորում։ Մենք ունինք խոշոր բարերարներ եւ հիմնադրամներ, որոնք պատրաստ են աջակցելու ազնիւ ու ազգանուէր ծրագրերու իրականացման։

Ոմանք կ'ըսեն, որ Մելգոնեանի հարցը դարձած է անձնական վրէժխնդրութեան առարկայ Պերճ Սեդրակեանի համար։ Բայց ես կը ցանկամ հաւատալ, որ ոչ մէկ գործիչ ունակ է այդպիսի խղճուկ վրէժխնդրութեան երթալու։

 

Կը խնդրեմ ճիշդ հասկնալ. սա պարզապէս Մելգոնեանի շրջանաւարտներու խնդիրը չէ։ Այս պայքարը ուղղուած է Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, սփիւռքի մէջ գտնուող մշակութային ու կրթական արժէքները պահպանելուն եւ, վերջապէս, հայերուն՝ որպէս ազգ, հզօրացնելուն։

Այն երիտասարդ շրջանաւարտները, որոնք դեռ կը կրեն Մելգոնեանի փակման սպին եւ որոնց մտքերուն մէջ դեռ վառ են 2005 թուականի դառն յիշողութիւնները, 2019 թուականի 5 յուլիսին կազմակերպեցին բողոքի ցոյց՝ իրենց մտահոգութիւնները ՀՀ  ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանին եւ Կիպրոս ժամանած պատուիրակութեան լսելի դարձնելու համար։ Այս երիտասարդ հայերը մեզի հետ են եւ կը կիսեն միեւնոյն մօտեցումը։ Մեզի կը մնայ միայն սպասել ՀԲԸՄ-ի կողմէ տրուելիք կանաչ լոյսին:

 

-Իսկ տեղեա՞կ էք ի՞նչ վիճակ կը տիրէ այժմ ՀԲԸՄ-ի մէջ:  

Տեղեկութիւններ կան, որ ՀԲԸՄ-ը այժմ պառակտուած է ներքին խռովութիւններու պատճառով։ 90-ականներու վերջերը Լոս Անճելոսի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ՀԲԸՄ-ի պակաս իրազեկուած անդամները կատարեցին քուէարկութիւն՝ փոխելով քուէարկութեան արդիւնքները եւ հետեւաբար նաեւ ՀԲԸՄ-ի ճակատագիրը։ Տարբեր աղբիւրներ կը հաստատեն, որ ըստ այդ ժամանակ գործող ՀԲԸՄ-ի ներքին կանոնադրութեան՝ քուէարկութենէն առնուազն մէկ ամիս առաջ բոլոր անդամները պէտք է ստանան ՀԲԸՄ-ի ներքին կանոններուն մէջ առաջարկուող ցանկացած փոփոխութեան մասին տեղեկացնող ծանուցումներ։ Կ'ըսեն, որ այս պահանջը չէ բաւարարուած։ ՀԲԸՄ-ի անդամներուն քուէաթերթիկները ներկայացուած են ժողովի ժամանակ եւ անոնք այն ստորագրած են՝ առանց հասկնալու, թէ ինչպի՜սի ճակատագրական քայլ կը կատարեն։  Այս անմեղ վարքագիծը կու գայ Ալեք Մանուկեանի ժամանակուընէ։ Ազնիւ, պատուարժան մարդ մը, որ կը համարուէր ՀԲԸՄ-ի հայրը եւ որուն արարքները երբեք կասկածի տակ չէին դրուիր։ Անոր կը վստահէին, կը սիրէին եւ կը յարգէին։ Անդամները քուէաթերթիկները ստորագրած են՝ հիմնուելով պարոն Մանուկեանի նախագահութեան օրօք իրենց փորձառութեան եւ, անով պայմանաւորուած, վստահութեան վրայ։

Ինչ կը վերաբերի ներքին խառնաշփոթին, ապա վերջին ամիսներուն ՀԲԸՄ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներր նամակ պատրաստած էին եւ ներկայացուցած վարչական ժողովին։ Նամակին մէջ համեստօրէն կը հայցուէր քուէարկութեան համակարգի վերանայում։ Խնդրանքին յաջորդեց անդամներու ձայնը լսելու եւ որեւէ փոփոխութիւն կատարելու հերթական սառն անպատրաստակամութիւնը։

Այժմ կրկին շրջանառութեան մէջ դրուած է խնդրագիր մը՝ ուղղուած քուէարկութեան համակարգի վերանայման։

Ցաւօք, շատերը կը վախնան ստորագրել, քանի որ այդ հանգամանքը կը հանրայնացուի։ Բազմաթիւ ղեկավար անձինք կը ֆինանսաւորուին վարչական ժողովի կողմէ եւ, հետեւաբար, անոնք կը վախնան հնարաւոր հակահարուածէն։ Անոնք կը վախնան, որ, յայտնելով իրենց դժգոհութիւնը, կը զրկուին ոչ միայն ֆինանսաւորումէն, այլեւ իրենց լիազօրութիւններէն։ Շատ անդամներ կը վախնան, որ բոլոր դուռերու կղպանքները կը փոխուին եւ իրենք այլեւս մուտք չեն ունենար իրենց գրասենեակներ։ Սարսափելի է նման վախի պայմաններու մէջ ապրիլը։

 

-Տեղեա՞կ էք  ՀԲԸՄ-ի դիրքորոշման մասին՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վերաբերեալ:

15 տարուան ընթացքին ներկայացուած շարք մը ազնիւ եւ լուրջ առաջարկութիւններու մերժումէն ետք մենք հասկցանք, որ Պերճ Սեդրակեանը եւ վարչական ժողովին մէջ անոր աջակիցները ոչ մէկ գինով կը վերանայի իրենց դիրքորոշումը։ Վերը նշուած խնդիրները շատ մարդոց համար կը հանդիսանան ցաւի եւ տխրութեան պատճառ։ Այն կործանած է մարդկային կեանքեր, անհատներու ու ընտանիքներու ճակատագրեր։ Մենք միայն կրնանք յուսալ, որ հասարակ մարդոց մօտ, ինչպիսին մենք ենք, աւելի հզօր ուժ մը կրնայ ամբարուիլ՝ այս երազանքը իրականութիւն դարձնելու համար։

 

 

-Լուրեր կը պտտին, որ միութիւնը կը պատրաստուի  Մելգոնեանի տարածքը վաճառել, եթէ իրօք այդ տեղի ունենայ, որո՞նք պիտի ըլլան ձեր յետագայ քայլերը։

 

-Այժմ Վազգէն Եագուպեանը, որ կը բնակի Հայաստան եւ Հայաստանի մէջ ՀԲԸՄ-ի գործող նախագահն է, Բենոն Սեւանի օգնութեամբ, որ ՀԲԸՄ-ի վարչական ժողովի նախկին անդամ է եւ կը բնակի Կիպրոս,  կը վերահսկեն Մելգոնեանի ամբողջ տարածքը։ Անոնք միասին ջանասիրաբար կ'աշխատին փոքր տարածքներու համար սեփականութեան իրաւունքը հաւաստող փաստաթուղթեր ստեղծելու ուղղութեամբ։ Աւարտին հասցընելով տարածքի բաժանումը՝ կը սկսի Մելգոնեանի վաճառքի գործընթացը: Տեղի բնակիչները ականատես եղած են, թէ ինչպէս որոշ մարդիկ փայտէ տախտակներ կը տեղադրեն այն հողին վրայ, որ մեզի համար սրբութիւն է։ Տարածքը մասերու բաժնելէ ետք, եթէ անգամ անոնք ձեռք չտան երկու պատմական շէնքերուն եւ նստավայրին, Մելգոնեան եղբայրներու դամբարանին, միեւնոյնն է, Մելգոնեանը երբեք չի կրնար արդիւնաւէտօրէն գործել, եթէ չըլլայ տարածք՝ մարզուելու համար կամ ֆութպոլի դաշտ։

Ձեր այն հարցին, թէ ի՞նչ կ'ընեն Մելգոնեանի աջակիցները այն վաճառուելու պարագային, կը պատասխանեմ մի քանի հարցով՝

Ի՞նչ կ'ընեն հայերը՝ Արցախը պաշտպանելու համար։

Ի՞նչ կ'ընէ տասնիննամեայ զինուորը Հայաստանը եւ անոր սահմանները պաշտպանելու համար։

Ի՞նչ կ'ընէին Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ մայրերն ու դուստրերը, որոնք կը պայքարէին իրենց արժանապատւութիւնն ու ազգային պատկանելութիւնը պահպանելու համար։

Ի՞նչ կ'ընէր Նելսոն Մանտելան, երբ 22 տարի բանտարկուած էր Ռոպէն կղզիի վրայ՝ փոքր խուցի մէջ։

Ի՞նչ կ'ընէ այժմ Մոտին՝ Հնդկաստանի ներկայիս վարչապետը, հզօր Հնդկաստան ստեղծելու նպատակով իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու եւ համաշխարհային մակարդակով հնդիկներու աջակցութիւնը ստանալու համար։

Ի՞նչ պէտք է ընէ հայրենասէրը, մայրը, զինուորը՝ սպիտակ եղեռնը կանխելու համար։

Ի՞նչ կ'ընէ երիտասարդ Մալալան՝ աղջիկներուն համար Փաքիսթանի մէջ կրթութիւնը տարածելու համար...