image

«Տոհմիկ բարերարը». Էմմա Յովսէփեանի հերթական գիրքը ազգային մեծ բարերար՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին

«Տոհմիկ բարերարը». Էմմա Յովսէփեանի հերթական գիրքը ազգային մեծ բարերար՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին

Հայագէտ, բնագրագէտ, Հայաստանի Ազգային արխիւի երկարամեայ աշխատակից Էմմա Յովսէփեանի հերթական գիրքը ազգային մեծ բարերար՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին է: «Տոհմիկ բարերարը» խորագրով գիրքը լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ եւ կը ներկայացնէ 20-րդ դարու առաջին կէսին Կիւլպէնկեանի ծաւալած հայանպաստ եւ ազգապահպան գործունէութիւնը: Ըստ Էմմա Յովսէփեանի, ամբողջ աշխարհին ծանօթ Կիւլպէնկեանը կը ճանչնան իբրեւ քարիւղի արքայ, հմուտ եւ նուրբ ճաշակով գեղարուեստական գործերու, հնագիտական իրերու հաւաքորդ, արուեստասէր եւ մասամբ միայն՝ իբրեւ բարերար: Էմմա Յովսէփեանի մեկնաբանութեամբ՝ պատճառը այն է, որ Կիւլպէնկեան միշտ խուսափած է քաղաքականութեան մէջ երեւելէ, լուսանկարուելէ, ինչպէս նաեւ՝ հրապարակայնութենէ եւ վարած է իր համոզումներուն եւ սկզբունքներուն հաւատարիմ լուռ կեանք մը: «Տոհմիկ բարերարը» գիրքը կը ներառնէ Գալուստ Կիւլպէնկեանի վերաբերեալ շուրջ 500 վաւերագրերուն մէկ մասը միայն, որոնք մանաւանդ կը վերաբերին անոր որբախնամ գործունէութեան, հայ գրականութեան, արուեստի գործիչներուն տուած օժանդակութեան եւ այն մեծ բարերարութեան, որ ուղղած է հայ դպրոցին, եկեղեցւոյ, Հայաստանին:

Էմմա Յովսէփեան Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ 45 տարի աշխատելով զանազան պաշտօններ զբաղեցուցած է, եղած է նաեւ Արխիւի տնօրէն, հրատարակած է գիրքեր, յօդուածներ, տուած՝ դասախօսութիւններ: Գիտնականը հաւաքած է նաեւ բազմաթիւ հետաքրքրական փաստաթուղթեր, նամակներ, վաւերագրեր, որոնք կ՚առընչուին մանաւանդ սփիւռքին եւ հրատարակուելու կարիքն ունին:

Յովսէփեանի նոր լոյս տեսած այս գիրքին խմբագիրը Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանն է: Իր աշխատանքին մասին Էմմա Յովսէփեան պատմեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:


-Ինչպէ՞ս մտայղացաք անդրադառնալ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին, հրապարակել մանաւանդ անոր նամակագրութիւնը:

Այս գիրքը վաղուց մտայղացուած է, երբ կ՚աշխատէի Ֆրիտիոֆ Նանսէնին նուիրուած երկու գիրքերուն վրայ, որոնցմէ մէկը նմանատիպ փաստաթուղթերու ժողովածոյ մըն է, միւսը՝ մենագրութիւն: Նորվեկիոյ թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ մեկնած էի Օսլօ, ուր Ազգային գրադարանին մէջ ուսումնասիրեցի Նանսէնին արխիւը եւ այդ ընթացքին զգալի նիւթեր հաւաքեցի նաեւ Նանսէնին եւ անոր ժամանակակից մեր բարերարներուն մասին: Այդ ժամանակ հասկցայ, որ պիտի աշխատիմ նաեւ Փարիզի «Նուպարեան» գրադարանին մէջ, որովհետեւ Նանսէնի, Պօղոս Նուպար փաշայի եւ այլոց մասին նիւթեր կան նաեւ հոն: Գալուստ Կիւլպէնկեանն ալ Պօղոս Նուպար փաշայէն ետք գրեթէ երկու տարի գլխաւորած է ՀԲԸՄ-ը եւ այդ աշխատանքիս ընթացքին նիւթեր հաւաքեցի նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին: Նանսէնի մասին գիրքին լոյս ընծայումէն ետք, երկար տարիներ, մտքիս մէջ ունէի հայ երկու նշանաւոր բարերարներուն՝ Կիւլպէնկեանին եւ Պօղոս Նուպար փաշային անդրադառնալու գաղափարը: Ինծի աջակցած է Ռայմոն Գէորգեանը՝ «Նուպարեան» գրադարանի նախկին տնօրէնը։ Ան զգաց, որ ես լիովին մտած եմ այս նիւթին մէջ եւ շուրջ քսան տարի է, որ կը զբաղիմ մանաւանդ բարերարներու կեանքին, որբախնամ գործունէութեան ուսումնասիրութեամբ: Բաւական հը-րապարակումներ պատրաստած եմ նաեւ նորվեկացի միսիոնարուհի Պոտիլ Կատարինէ Պէօրնիի մասին, որ որբանոցներ պահած է նաեւ Կիւմրիի մէջ: Անոր թոռը, որ իր որդեգրած հայ տղայի որդին էր, գտաւ զիս, հրաւիրեց կրկին Օսլօ, ուր պատրաստեցինք շարժանկարի բեմագրութիւն մը՝ «Հայ որբերու Կատարինէ մայրիկը» խորագրով, որ տարիներ առաջ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին մասնակցեցաւ եւ մրցանակի արժանացաւ:

Գալով հայ բարերարներուն՝ մտածեցի, որ առաջին անգամ անդրադառնամ Գալուստ Կիւլպէնկեանին, որուն 150-ամեակը կը լրանայ այս տարի, իսկ Պօղոս Նուպարի 170-ամեայ յոբելեանին տակաւին երկու տարի կայ եւ անոր մասին գիրքս այդ ժամանակ կը հրատարակեմ: Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին գիրքը պատրաստելու համար աջակցութիւն ստացայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի Հայկական բաժանմունքէն։ Լիզպոն գացի, ուր ուսումնասիրեցի Գալուստ Կիւլպէնկեանի արխիւը:


-Ինչպէ՞ս տեսաք Կիւլպէնկեանի արխիւը:

Կիւլպէնկեան ունի հրաշալի արխիւ մը, որ կը գտնուի իր անունը կրող հիմնարկութեան մէջ. հոն մեծ բաժին մը կայ՝ իր անձնական արխիւը, մնացածը իր գործունէութեան ու մահէն ետք ստեղծուած հիմնարկին գործունէութեան առընչուող արխիւն է: Հարուստ արխիւ է, որ սակայն հնարաւորութիւն չ՚ընձեռեր Կիւլպէնկեանի մանկութեան, պատանեկութեան, ընտանիքին հետ կապը ուսումնասիրելու համար, քանի որ ամբողջ այդ գրագրութիւնը օսմաներէն է, իսկ այդ լեզուն իմացող մասնագէտներ գրեթէ չկան: Մինչ իր ընտանիքին, զաւակներուն հետ գրագրութիւնը անգլերէն է, մասամբ նաեւ՝ ֆրանսերէն: Մեր կաթողիկոսներուն, պատրիարքներուն, մտաւորականներուն հետ անոր կապն ալ հայերէնով եղած է: Կիւլպէնկեանի արխիւին մէջ աշխատելու ժամանակ՝ փորձած եմ ինչ որ հնարաւոր է պատճէնել, բերել Հայաստան եւ Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ այդ իմ բերածովս պատրաստած եմ 123 գործ մօտաւորապէս 780 փաստաթուղթով: Մեր արխիւին համար պատրաստած այդ ֆոնտին մէջ նշած եմ Լիզպոնի արխիւի փաստաթուղթերուն քոտերը: Այսինքն երիտասարդ ուսումնասիրող մը եթէ փորձէ կրկին զբաղիլ Կիւլպէնկեանի արխիւով, բաւական պատրաստ նիւթ կ՚ունենայ իր ձեռքին տակ: Շատ նիւթեր կան, որոնք ծաւալի պատճառով գիրքին մէջ կարելի չէր դնել, բայց մեր արխիւին մէջ անոնք տեղ ունեցան:


-Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ կա՞ն Կիւլպէնկեանին առընչուող նիւթեր:

Ի հարկէ կան, ես նաեւ հոնկէ առած եմ շատ նիւթեր, որոշ նիւթեր ալ՝ «Նուպարեան» գրադարանէն եւ Եգիպտոսի հայկական առաջնորդարանէն: Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ Կիւլպէնկեանին առընչուող նիւթերը հիմնականօրէն յայտնուած են նամակագրութեան միջոցաւ: Ան կապ ունեցած է մեր երեք կաթողիկոսներուն՝ Սուրէնեանցին, Մուրատբէկեանին եւ Չէօրէքճեանին հետ:


-Դուք եղած էք նաեւ Պոլիս. հոն ի՞նչ հետաքրքրական փաստաթուղթեր կարելի է փնտռել եւ գտնել:

Ես Պոլիս ուխտագնացութեան պէս գացած եմ: Հայր Լեւոն Զեքիեանը հոն դերասան Վահրամ Փափազեանին նուիրուած ձեռնարկ մը կազմակերպած էր եւ տեղեակ էր, որ ես շատ տարիներ առաջ Սեն Փեթերսպուրկէն Փափազեանի արխիւը Երեւան բերած էի: Պոլսոյ այդ ձեռնարկին տարի արխիւին մէջ եղած հետաքրքրական նիւթեր, ինչպէս՝ Փափազեանի Պոլսոյ առաջին ներկայացումներուն յայտագիրներէն եւ փոքրիկ ցուցահանդէս մը կազմակերպեցինք հոն: Պոլիս իմ այցս առիթ հանդիսացաւ, որ այցելեմ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը, որու բակին մէջ կան Կիւլպէնկեանի ծնողքին, հօրեղբօրը դամբարանները։ Ազգային հիւանդանոցի «Շիրինօղլու» թանգարանին մէջ տեսայ նաեւ իրեն նուիրուած բաժինը, ուրկէ բերած եմ լուսանկարներ, բայց Պոլսոյ մէջ առանձնապէս Կիւլպէնկեանին նուիրուած փաստաթուղթ չկայ, այն պատճառով, որ ան հոն գրեթէ չէ գործած, բայց շատ օգնած է:


-Այս գիրքին ամենէն յատկանշական հատուածը, նորութիւններու առումով, ըստ ձեզի, ո՞րն է:

Նախ՝ գիրքին մէջ ներգրաւուած բոլոր նամակներն ու գրութիւնները առաջին անգամ կը հրատարակուին: Բայց իմ նպատակը նախ այն եղած է, որ անհրաժեշտ է կոտրել այն կարծրատիպը, թէ Կիւլպէնկեանի առընչուածութիւնը քիչ է Հայաստանին, թերեւս այդպիսի խօսակցութիւններու պատճառն ալ այն է, որ ան իր կարողութիւնը ձգած է Փորթուգալ: Այս գիրքին մէջ ջանացած եմ ցոյց տալ, որ ան, տոհմիկ բարերար մը ըլլալով, նաեւ տոհմիկ հայ մը եղած է: Այսինքն անոր կապը մեր ժողովրդին հետ՝ հոգեւոր առաջնորդներուն, մտաւորականներուն եւ մշակութային գործիչներուն հետ, սերտ եղած է: Տակաւին 1989 թուականին, երբ արխիւային աշխատողներու փոխանակման ծրագրով Փարիզ ղրկուեցայ, «Նուպարեան» գրադարանին մէջ գտայ շատ հետա-քըրքրական երկու նամակ՝ Արման Կոթիկեանէն եւ Երուանդ Քոչարէն, որոնք 1936 թուականին դիմած էին ՀԲԸՄ-ին, որպէսզի արտօնէ Կոմիտասի աճիւնը Հայաստան փոխադրող խումբին հետ իրենք ալ Հայաստան գան: Այդ փաստաթուղթերը, այն ժամանակ, ես բերած էի Հայաստան: Իսկ այս անգամ Լիզպոնի մէջ Կիւլպէնկեանի արխիւը ուսումնասիրելու ժամանակ, գտայ երկու շնորհակալական նամակ՝ մէկը Արման Կոթիկեանէն, միւսը՝ Քոչարի տիկինէն՝ Մելինէէն, որոնք Գալուստ Կիւլպէնկեանին շնորհակալութիւն կը յայտնէին՝ այդ ճանապարհածախսը տրամադրելու համար, այն պարագային երբ ան այլեւս ՀԲԸՄ-ի նախագահը չէր:


-Ինչո՞ւ Կիւլպէնկեան Հայաստան չեկաւ, չէ՞ որ շատ փափաքած է:

Յայտնի է Հայաստանի ղեկավարներէն Խանճեանի Գալուստ Կիւլպէնկեանի դէմ յօդուածը, որով Խանճեան Կիւլպէնկեանը բնորոշած է իբրեւ դրամատիրական բարքերու կրող եւ այլն, բայց Կիւլպէնկեան երբեք չէ վիրաւորուած այդ դառն խօսքերէն: Ան Հայաստան չէ եկած, բայց լուռ շարունակած է իր բարերարութիւնը՝ հեռու ամէն տեսակ մանրախնդրութենէ, շատ օգնած է Հայաստանին, հայ մտաւորականներուն, եկեղեցիին: Այս գիրքին մէջ կան փաստաթուղթեր, որոնցմով յայտնի կը դառնայ, թէ Կիւլպէնկեան կ՚ուզէր Պոլսոյ իր կալուածները վաճառել եւ դրամը նուիրել Հայաստանին: Բայց այդ փաստաթուղթերը այն ժամանակ պիտի երթային Մոսկուա, Մոսկուան պիտի հաստատէր, ապա ղրկէր, այդ քաշքշուքը նկատի առնելով չէ եղած գործը: Մէկ պարագայով միայն ան վիրաւորուած եւ ետ կեցած է, երբ զգացած է, որ Խորհրդային Հայաստանը կարծես իրեն հետ չէր ուզեր համագործակցիլ, հակառակ որ անոր ըսած էին, զայն համոզած էին, որ ժողովուրդը չէ այդ ամէնը որոշողը, այլ՝ կուսակցական վերնախաւը: Բայց ան վիրաւորուած ետ քաշուած է, իսկ երբեմն նախընտրած է անձամբ, առանց միջնորդի, կատարել բազմաթիւ գործեր:

Ան գործնական, իրատես մարդ մըն էր եւ շատ բաներ նկատած էր ՀԲԸՄ-ի նախագահ եղած ժամանակ, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը գումարներ կ՚ուզէր արդէն կառուցուող Նուպարաշէնը ոտքի հանելու համար, դրամներուն մէկ մասը աննպատակ կը մսխուէր:

Բայց ուր ալ ըլլար ան, բարերար պիտի ըլլար, իր բարերարութիւնը իր մեծ հօրմէն, հօրմէն, հօրեղբայրէն կու գար։ Ահա՛, ինչու գիրքն ալ խորագրուած է «Տոհմիկ բարերարը»:


Հատուածներ գիրքէն


Գալուստ Կիւլպէնկեան Կոմիտասեան պատարագը կ՚ուզէ լսել

Իսթանպուլէն կը գրեն Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Այգ»ին:

Տիար Գալուստ Կիւլպէնկեան ծանր հիւանդ է: Իր հիւանդի անկողինին մէջ փափաք յայտնած է լսել Կոմիտասի պատարագը: Պոլսոյ իր ներկայացուցչին նամակ մը եկած է, որպէսզի գտնէ ձայնապնակներ եւ փութով ղրկէ: Բայց նկատելով, որ այդ պատարագը սկաւառակի չէ առնուած, այստեղ Զատիկի օրը Կոմիտաս երգչախումբին Գուրուչեշմէի եկեղեցին երգած պատարագը «Տիրոջ Ձայնը» հաստատութեան տրամադրած գործիքով երիզագրուեցաւ՝ ղրկելու համար քարիւղի թագաւորին:

Այս երիզագրութիւնը անմիջապէս օդանաւով պիտի ղրկուի Լիզպոն, որպէսզի քարիւղի աշխարհահռչակ թագաւորը կարենայ իր հիւանդի անկողինին մէջ լսել հայկական հոգեպարար ու փառաւոր պատարագը, որուն կարօտը ունի հաւանաբար երկար տարիներէ ի վեր:

«Արաքս», 30 ապրիլի, 1955

 

Ազնիւ եւ բարերար տիար,

Յանձնաժողովս սրտի յուզումով եւ անխառն ուրախութեամբ կարդացի Ձեր ազնուութեան ամսոյս 12 թուականաւ պատասխանագիրը, որով կը հաճէիք գնահատել մեծանուն պատրիարք հոգելոյս Օրմանեան Սրբազանի յիշատակին նուիրուած մահարձանին կառուցումը:

Գնահատութիւնը, որ Ձեր ազնուութեան նման ազգին արժանաւոր ու անզուգական մէկ զաւկին կողմէն կու գայ, իր մեծ արժէքն ու նշանակութիւնը ունի, ուստի Յանձնաժողովս նուիրական պարտականութիւն կը համարի իր ջերմագին շնորհակալութիւնը մատուցանել Ձեր ազնուութեան այս թանկագին գնահատումին համար, եւ Ձեր ազնուութեան երկար եւ անփորձ կեանք մաղթել:

Մնամք խորին յարգանօք,

Ի դիմաց Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան Յանձնաժողովոյ

17 հոկտեմբերի, 1924 թ., Կոստանդնուպոլիս

 

 

Վսեմապատիւ Պէյ,

Ընդունեցէք իմ ամենասրտագին շնորհակալութիւններս Ձեր՝ Միաբանութեանս առաքած 250 անգղիական ոսկիներու համար: Աստուած պահէ եւ պահպանէ Ձերին վսեմութիւնը Իր աստուածային հովանաւորութեան տակ, օրհնէ Ձեր տունն ու գործքերը, որպէսզի գործէք ոչ միայն Ձեր պատուական ընտանեաց համար, այլեւ ի փառս եւ յօգուտ մեր տառապեալ ազգին, որ ամենէն աւելի այս տագնապալից օրերուն պէտք ունի իր հարուստ զաւակներուն աջակցութեան եւ առատաձեռնութեան: Մեր պարտքն ըլլայ զՁեզ միշտ յիշել մեր աղօթքներուն մէջ եւ մեր բարերարներու տարեգրոյ մէջ անջնջելի դրոշմել:

Մնամ ամենայն յարգանօք եւ ողջունիւ՝

Հայր Գրիգոր Գովրիկեան Արքեպիսկոպոս

Ընդհանուր Աբբահայր Մխիթարեան Միաբանութեան

 

 

Ազնուաշուք եւ բարեգործ տէր եւ տիկին Գ. Կիւլպէնկեան,

Այն պահուն, երբ անձկութեան եւ կարօտութեան մէջ կը տուայտէր Ս. Փրկչեան Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, ահա հասաւ մեզ ձեռամբ պարոն Տիգրան Թիւրապեանի Ձեր առատաձեռնութեան փայլուն ապացոյցը ներկայացնող 1500 օսմանեան ոսկի թղթադրամի նպաստը, զոր անմիջապէս յանձնեցինք պատրիարքարանի հոգաբարձութեան՝ յատկացնելու համար իր նուիրական նպատակին:

Կը փութանք մեր ամենաջերմ շնորհակալութիւնը յայտնել Ձեր ազնուութեանց, որ պատասխանելով մեր կոչին, շնորհ ըրիք օգնութեան ձեռք կարկառել եւ Ձեր լիառատ ողորմութեամբ մխիթարել հարիւրաւոր հիւանդները, անկեալներն ու ցաւագարները, որոնք միահամուռ կ՚օրհնեն Ձեր անունը ու սրտագին մաղթանքներ կ՚ուղղեն առ Աստուած՝ վասն բարօրութեան եւ երկարութեան Ձեր թանկագին կենաց: Եւ մենք այդ դժբախտներուն մաղթանաց խառնելով նաեւ մերինը, կը հայցենք ամենաողորմած Տիրոջմէն, որ Ձեր Ազնուութիւնները լեցնէ նորանոր յաջողութիւններով, որպէսզի միշտ բարերարելու ուրախութիւնն եւ մխիթարութիւնը վայելելու բախտն ունենաք:

Մնամք ողջունիւ եւ օրհնութեամբ,

Աղօթարար՝

Պատրիարքական Տեղապահ

Գէորգ Եպիսկոպոս Արսլանեան

20 սեպտեմբերի, 1924 թ., Կոստանդնուպոլիս

 

 

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Սուրէնեանցին

Վեհափա՛ռ Տէր Հայրապետ,

Բաղդաւորութիւն ունեցայ ընդունիլ Ձեր Վեհափառութեան օգոստոս 19 թուականաւ անձնական նամակը եւ որդեգրին գրածներուն պատճէնը:

Իմ կողմանէ ամէն կարելի միջոցներ ի գործ դրուեցան, որ ուսանողին յատկացուած եւ յղած դրամները ապահովութեամբ իր ձեռքը հասնին, բայց դժբախտաբար, մեզմէ անկախ պատճառներով, երբեմն անպատեհութիւններու ենթակայ կ՚ըլլանք: Այսուհանդերձ վստահ եմ, թէ ուշ կամ կանուխ իրեն յղած դրամները ամբողջութեամբ ստացած կը լինի:

Վերջերս Վասնեցոֆի միջոցաւ ղրկեցինք տասնեւութը անգղիական ոսկի, նոյնպէս երեսուն անգղիական ոսկի տիկին Ճիվելեքի ձեռամբ՝ որդեգիր ուսանողին յանձնելու անձամբ՝ իր հագուստէղենի պէտքերուն համար: Անտարակոյս եմ, որ ապահովութեան լուրեր կը ստանաք:

Եթէ Ձերդ Վեհափառութիւնը աւելի պատշաճ եւ ապահով կը համարէ, որ ուսանողին յատկացեալ դրամները այսուհետ ուղղակի Ձերդ Վեհափառութիւն յղել տամ, Ձերդ հրամանին համաձայն կ՚ընեմ:

Մնամ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան

21 սեպտեմբերի, 1924 թ. Փարիզ

 

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս