image

Վերագտնենք մեր արժանապատուութիւնը

Վերագտնենք մեր արժանապատուութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառ հիմնարկի հոգաբարձուներու խորհուրդը 14 սեպտեմբեր 2018-ին, գաղտնի քուէարկութեամբ տնօրէն ընտրած է պատմական գիտութիւններու տոքթոր, ազգագրագէտ Յարութիւն Մարութեանը:

Չորս թեկնածուներէն նախկին տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ի նպաստ քուէարկած է 2 հոգի, իսկ Յարութիւն Մարութեանին՝ 11 հոգի: Միւս թեկնածուներն էին՝ Արմէն Ասրեան եւ Ստեփան Ստեփանեանց: Անցեալ տարուան դեկտեմբերին Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառը վերաձեւաւորուած էր իբրեւ հիմնարկ, որու հոգաբարձութիւնը կազմակերպած է այս ընտրութիւնը: Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահը ֆրանսահայ պատմաբան Ռայմոն Յարութիւն Գէորգեանն է։

Յարութիւն Մարութեան հեղինակ է աւելի քան հարիւր գիտական աշխատանքներու, որոնց կարգին մեծ թիւ կը կազմեն ցեղասպանութեան վերաբերալ աշխատութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները։ 2011 թուականին ան արժանացած է նաեւ Հայաստանի նախագահի համապատասխան մրցանակին: Հարկ է նշել, որ Յարութիւն Մարութեան լրջօրէն կ՚աշխատի նաեւ հայոց արդի ինքնութեան վերաբերեալ նիւթերու վրայ։

Ողջունելով Յարութիւն Մարութեանի ընտրութիւնը՝ համայն հայութեան տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս կառոյցի ղեկավարի պաշտօնին համար, ԺԱՄԱՆԱԿ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի թան-գարանը եւ հարցազրոյց մը ունեցաւ նորընտիր տնօրէն Յարութիւն Մարութեանին հետ:

*

-Պրն. Մարութեան, համայն մարդկութիւնը ցեղասպանութիւններու նկատմամբ այսօր ունի յարափոփոխ վերաբերմունք, այս առումով միշտ հակասութիւններ կան. հայկական թանգարան-կաճառը ինչպէ՞ս կը դիրքաւորուի այդ բոլորին նկատմամբ:

-Յարափոփոխ վերաբերմունքը, հակասականութիւնը չեմ գիտեր, թէ ո՞ր շրջանակներէ ներս է, թերեւս քաղաքական կամ քաղաքագիտական շրջանակներու մէջ ըլլայ, բայց գիտական շրջանակներու մէջ չկայ նման բան: Առհասարակ, այս առումով կայ ժխտողականութիւն եւ կայ գիտութիւն: Ժխտողականութիւնը իր գործը կ՚ընէ, սակայն գիտական հրահանգ չի դառնար: Գիտութեան ասպարէզին մէջ հակասականութիւն չի կրնար ըլլալ, այլ հարց մըն է, որ գիտնականներ երբեմն կը քննարկեն զոհերուն ստոյգ թիւը կամ ուրիշ հանգամանքներ: Շատ յաճախ քաղաքականութիւնը, այո՛, կրնայ ազդել գիտութեան վրայ եւ ատով կը պատճառաբանուի այն փաստը, թէ աշխարհի քանի մը գերտէրութիւն չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Մենք քաղաքական հարցերուն չենք անդրադառնար, բայց հիմնարկին գործառոյթներէն մէկը ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարն է, ինչպէս նաեւ՝ յիշողութեան քաղաքականութեան նպաստելը: Այդ գործընթացը եղած է նաեւ նախապէս եւ ես կը փորձեմ չընդհատել այդ մէկը:

Հայոց ցեղասպանութիւնը բովանդակ հայութեան ճակատագրին եւ անոր ժամանակակից հաւաքական ինքնութեան վրայ մեծապէս ազդած իրադարձութիւն մըն է։ Ան նաեւ միջազգային ընդգրկումով յանցագործութիւն մըն է, հետեւաբար, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառը պէտք է շարունակէ անոր հետեւողական ուսումնասիրութիւնը եւ թանգարանային ցուցադրութեան տարաբնոյթ միջոցներով ճանաչելի դարձնէ անոր վերաբերեալ փաստերը՝ Հայաստանի եւ օտարերկրեայ քաղաքացիներուն համար։


-Այս առումով, բնականաբար, շարունակական պիտի ըլլան երկրի ղեկավարներուն եւ նշանաւոր մարդոց այցը թանգարան։ Ընդհանրապէս օրական քանի՞ հոգի կ՚այցելէ:

-Այդ մէկն ալ շարունակական պիտի ըլլայ. իմ այստեղ գալէն անմիջապէս յետոյ արդէն ունեցանք նշանաւոր հիւրեր՝ Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) «Տէյվիտ Կեֆֆեն» բժշկական քոլէճի համաղեկավար, Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ժապաւէնի արտադրիչը, Տքթ. Էրիք Էսրայէլեանը եւ նոյն համալսարանի ղեկավար Ճին Պլոքը: Յառաջիկային կը սպասուին նաեւ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի պատուոյ հիւրերուն, որոնց կարգին են նաեւ՝ երկիրներու ղեկավարներ: Թանգարան-կաճառը բոլոր աշխատանքային օրերուն լեցուն է օտարերկրեայ այցելուներով, որոնց մէջ կը գտնուին թէ՛ անհատներ, թէ՛ զբօսաշրջային խումբեր, թէ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատուիրակութիւններ… Քանի որ մուտքը անվճար է եւ տոմս չի վաճառուիր, ապա առայժմ ստոյգ թիւեր չկան, թէ օրական քանի՞ հոգի կ՚այցելէ, բայց մեր աշխատակիցները ձեւ մը գտած են հաշուելու օրական այցելուներուն թիւը՝ պարզապէս արձանագրելով անոնց մուտքը: Յառաջիկային նաեւ այդ հարցը կը լուծենք եւ աւելի կանոնաւոր ձեւով կրնանք ներկայացնել այցելուներու ստոյգ թիւը:


-Այսօր թանգարանին մէջ կը գործէ հիմնական ցուցադրութիւն: Ի՞նչ կը ներկայացնէ եւ արդեօք համալրումի եւ փոփոխման կարիք ունի՞ այդ հիմնական ցուցադրութիւնը:

-Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նախորդող ժամանակաշրջանին թանգարան-կաճառի գիտական անձնակազմը իրականացուց բաւական ծաւալուն աշխատանքներ, որոնց արդիւնքով ստեղծուած ցուցադրութիւնը նշանակալի ձեռքբերում մըն է թանգարանային ներկայացման համար։ Շատ բան կատարուած է զուսպ, բայց եւ՝ ճաշակաւոր։ Ինչ որ հնարաւոր չէ եղած ցուցադրել (որ թերեւս, պայմանաւորուած էր նաեւ ցուցադրական ծաւալներուն անբաւարար ըլլալուն հանգամանքով), թանգարանի աշխատակազմը մերթ ընդ մերթ կը փորձէ ներկայացնել ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու միջոցաւ։

Սակայն ինծի համար կարեւոր հանգամանք մըն է, որ թանգարանային ցուցադրութիւնը միայն իրականութեան արտացոլման հարցերը չի լուծեր: Համապատասխան շեշտադրումներու միջոցաւ հիմնական ցուցադրութեամբ կարելի է նաեւ որոշ ուղղորդումներ առաջարկել։ Անոնցմէ մէկը, իմ համոզմամբ, կրնայ ըլլալ ցեղասպանութեան տարիներուն տեղ գտած ինքնապաշտպանութիւնները հիմնական ցուցադրութեան անբաժանելի մաս դարձնելը:

Շատ կարեւոր է ցեղասպանութեան ծաւալուն նիւթին ներկայացումը՝ անջատ-անջատ ընտանիքներու ճակատագիրներու դիտարկման միջոցով։ Գործ մը, որ բաւական յաջող կերպով կ՚իրականացնէ «Յուշամատեան» կայքէջը, նոյնիսկ առանց ցեղասպանութեան իրողութեան շեշտադրման: «Մէկուկէս միլիոն զոհ» հասկացութիւնը շատ-շատերու համար առարկայական կը դառնայ, երբ կը ներկայացուի առանձին անհատներու կամ ընտանիքներու տառապանքներուն, պայքարին եւ ձեռքբերումներուն ցուցադրմամբ։ Այդպիսի ընտանիքներու ճակատագիրներու ներկայացման դժուար գործի յաղթահարման համար անհրաժեշտ է ո՛չ միայն փոխանակման, պատճէնահանման կամ ուրիշ եղանակով նիւթեր ձեռք բերել Հայաստանի միւս թանգարաններէն կամ արխիւներէն, այլեւ՝ այդ մասունքները հաւաքել դաշտային աշխատանքներ կազմակերպելով՝ ինչպէս Հայաստանի շրջաններու մէջ, նոյնպէս եւ սփիւռքի տարածքին։

Հիմնական ցուցադրութեան մէջ ցաւալիօրէն տեղ չունի Հոլոքոստի եւ միւս ցեղասպանութիւններու մասին ցուցադրութիւն մը։ Այս ձեւով, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառը, փաստօրէն, կը շարունակէ Հոլոքոստի կամ բազմաթիւ թանգարաններու համար բնորոշ այն գիծը, որով տեղ չի տրուիր Հայոց ցեղասպանութեան։ Այնուամենայնիւ, կը կարծեմ, թէ անհրաժեշտ է հնարաւորութիւն գտնել եւ հիմնական ցուցադրութեան մէջ որեւէ ձեւով անդրադառնալ նաեւ միւս ցեղասպանութիւններուն։ Վատագոյն պարագային, պէտք է փորձել անոնցմէ իւրաքանչիւրին նուիրել առնուազն մէկական ժամանակաւոր ցուցադրութիւն։ Սա հնարաւորութիւն կու տայ աւելի սերտ կապեր հաս-տատելու աշխարհի միւս՝ Հոլոքոստի եւ ցեղասպանութեան թանգարաններուն հետ, ինչպէս նաեւ իրականացնել ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու փոխանակում։

Կը կարծեմ, թէ մեր հիմնարկը պէտք է փորձէ ամէն կերպով նպաստել աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ ցեղասպանութեան թանգարաններ կամ նման բովանդակութիւն ունեցող մշտական կամ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ ստեղծելու գործին։ Պէտք է ջանալ այս գործին ներգրաւել եւրոպական համապատասխան մշակութային հիմնարկներն ու դրամաշնորհներ տրամադրող կազմակերպութիւնները: Կը կարծեմ, որ այս գործին մեծապէս կրնայ նպաստել նաեւ յուշային թանգարաններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ միջազգային գիտաժողովի մը կազմակերպումը Երեւանի մէջ:


-Թանգարան-կաճառը, իբրեւ գիտահետազօտական կեդրոն, ի՞նչ նոր գիտական աշխատանքներ կատարելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի:

-Իր գոյութեան աւելի քան երկու տասնամեակներուն ընթացքին մեր կառոյցը հրատարակած է բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններ։ Որքան տեղեակ եմ՝ հրապարակումներուն զգալի մասը հին հրատարակութիւններու վերատպութիւնն է կամ ծանօթ հեղինակներու գործերուն թարգմանութիւնը, ինչ որ շատ գնահատելի աշխատանք է։ Համեմատաբար քիչ են հիմնարկի աշխատակիցներու մենագրութիւնները կամ ժողովածոները։ Աշխատակիցներու յօդուածներուն գերակշիռ մասը կը հրատարակուի «Ցեղասպանագիտական հանդէս»ին մէջ: Այլ կերպով ըսած, մեր հիմնարկը տակաւին չէ դարձած հայաստանեան ցեղասպանագիտական դպրոցին կորիզը կամ ցեղասպանագէտ մասնագէտներու հիմնական «դարբնոցը»։ Եւ կարծես, թէ այդպիսին դառնալու կամ այդ բանին յաւակնելու ազդանշանները նոյնպէս կը բացակային։ Այս երեւոյթի դրսեւորումներէն է նաեւ, որ մեր հիմնարկի աշխատակիցները իրենց գործերը չեն հրատարակեր միջազգային հեղինակաւոր օտարալեզու գիտական պարբերականներու մէջ։

Այսինքն, թանգարան-կաճառի հետազօտական ներուժը ուժեղացման կարիք կը զգայ։ Կը կարծեմ, թէ անհրաժեշտ է ո՛չ միայն անհատապէս աշխատիլ թանգարանի գիտական անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամի հետ, այլեւ՝ զանոնք կցել Հայաստանի մասնագէտներու պարբերական քննարկումներուն եւ խորհրդատուութեան, ուղղորդումներու համար։ Կարելի է փորձել քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի թանգարանի աշխատակիցներուն իրենց խորհուրդներով նոյնպէս օժանդակեն սփիւռքահայ մասնագէտները։ Յօդուածներու ձեռագիրները համապատասխան վիճակի բերելէ ետք կարելի է օժանդակել հեղինակներուն, անոնց թարգմանութեան եւ գիտական ու լեզուական խմբագրութեան գործով հանդերձ։ Անհրաժեշտ է նաեւ ուղիներ որոնել թանգարան-կաճառի գիտական անձնակազմի անդամներու ընդհանուր մեթոտաբանական պատրաստութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ, ամէն ձեւով օժանդակելով անոնց պարբերական մասնակցութիւնը՝ Երեւանի եւ արտերկրի մէջ կազմակերպուող գիտաժողովներուն ու համաժողովներուն:

Այսօր անհրաժեշտութիւն է նաեւ ցեղասպանութեան գիծով ատենախօսութիւն-ներու նիւթերու առաջնահերթութիւններու ուրուագծումը՝ այնպէս, որ իւրաքանչիւր սկսնակ հետազօտողի համար պարզորոշ ըլլայ, թէ ի՞նչ բնոյթի ուսումնասիրութիւններով նախեւառաջ հետաքրքրուած է մեր թանգարան-կաճառը: Աշխատակիցներու գիտական հետազօտութիւնները նաեւ պէտք է որեւէ չափով միտուած ըլլան թանգարանի ցուցադրութեան ընդլայնման։

Յաւելեալ հովանաւորութեան ապահով-ման պարագային, թանգարան-կաճառին մէջ կրնայ նաեւ ստեղծուիլ առանձին բաժին մը, որ համագործակցելով մասնագիտական շրջանակներու հետ, մօտէն կը զբաղի Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման հարցերու գիտական հետազօտութեամբ, խնդրին շուրջ միջազգային փորձառութեան ուսումնասիրութեամբ։


-Թուայնացման մեր ժամանակներուն, երբ արագօրէն ամէն ինչ կը թուայնացուի եւ կը տարածուի, ի՞նչ աշխատանքներ կը նախատեսէք թանգարան-կաճառի կայքէջը նորոգելու, արխիւային նիւթերը ա՛լ աւելի հասանելի դարձնելու առումով:

-Միացեալ Նահանգներու Հոլոքոստի յուշային թանգարանը շուրջ երկուքուկէս տասնամեակ հետեւողականօրէն, աշխարհի զանազան արխիւներէն, ամէն տարի բազմահազար միաւոր արխիւային նիւթ կը պատճէնահանէ կամ կը թուայնացնէ եւ կը տանի թանգարանի արխիւ։ Այս քաղաքականութեան շնորհիւ է, որ այդ արխիւը դարձած է Հոլոքոստի ուսումնասիրութեան մէջ ամենամեծը իր ծաւալներով եւ հետազօտողներուն մեծամասնութիւնը կը ձգտի երթալ Ուաշինկթըն՝ թանգարանի արխիւին մէջ աշխատելու համար։ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառը այդ ուղղութեամբ, որքան գիտեմ, որեւէ քայլի չի ձեռնարկեր։ Այս իրավիճակի արմատական փոփոխութիւնը վաղուց արդէն հրամայական դարձած է:

Կը կարծեմ, թէ լրջօրէն պէտք է բարելաւուի թանգարան-կաճառի կայքէջին աշխատանքը։ Կայքէջը պէտք է դարձնել աւելի հրապուրիչ, աւելի թիրախային, աւելի բազմազան, աւելի լաւ ձեւաւորուած։ Անհրաժեշտ է աւելցնել օտարալեզու հրապարակումներուն թիւը։ Նաեւ պէտք է գործի դնել յետադարձ կապը, այսինքն՝ կապը կայքէջի այցելուներուն հետ։ Ինծի համար այս առումով ուղենշային է Միացեալ Նահանգներու Հոլոքոստի յուշային թանգարանի կայքէջին կառուցուածքը եւ գործունէութիւնը:


-Իսկ թուղթային տարբերակով հրատարակուող «Ցեղասպանագիտական հանդէս»ը ի՞նչ վիճակի մէջ է:

-Ամսագիրը երկու լեզուով կը հրատարակուի՝ հայերէն եւ անգլերէն. հայերէնով չորս թիւ լոյս տեսած է, անգլերէնով՝ երեք: Այս պահուն անոնց թուային տարբերակները կը պատրաստուին, թուղթային տարբերակը քիչ մը խնդիրներ ունի:


-Թանգարանները այսօր նաեւ կրթական գործունէութիւն կ՚իրականացնեն: Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառի կրթական գործունէութիւնը:

-Ցեղասպանութեան առաջին բնութագրումներէն մին՝ «յանցագործութիւն մարդ-կութեան դէմ», աւելի ամբողջական ձեւով կը փոխանցէ այդ երեւոյթին մեծութիւնը։ Հետեւաբար մեծապէս կը կարեւորուի ցեղասպանութեան նախադրեալներուն, ընթացքին, հետեւանքներուն, պատիժին մասին իմացութիւնը։ Անկախ Հայաստանի կրթական հաստատութիւններուն մէջ «Հայոց ցեղասպանութիւն» առարկայի դասաւանդման հարցի ճակատագրէն, մեր թանգարան-կաճառը կրնայ համապատասխան պայմանաւորուածութիւններու միջոցով մեթոտաբանական խորհրդատուութիւն տրամադրել կամ օժանդակել ուսուցողական նիւթերու եւ ցուցադրութիւններու նախապատրաստման գործին՝ այս նիւթին վերաբերեալ։

Կը կարծեմ, թէ մեր հիմնարկը կրնայ իր վրայ վերցնել ցեղասպանութիւններու դասաւանդման միջազգային փորձառութիւնը՝ Հայաստանի մասնագիտական հանրութեան ծանօթացնելու, փորձի փոխանակում իրականացնելու ոչ-դիւրին գործը:


-Պարո՛ն Մարութեան, Դուք զանազան առիթներով խօսած էք 24 ապրիլի օրուան խորհուրդին մասին՝ առաջարկելով վերաձեւակերպել այդ օրուան անուանումը: Այդ հարցը տակաւին օրակարգի վրա՞յ է եւ պիտի հետապնդէ՞ք:

-Հայոց ցեղասպանութեան առընչուող ամէնամեայ յիշատակումներու ընթացքին, որպէս կանոն, շեշտադրումները կը կատարուին «ցեղասպանութեան զոհերուն», երբեմն ալ, որպէս լրացում, կը յիշուին նաեւ հայ ֆետայիները, ինքնապաշտպանական մարտերը։ Սա պատմական իրողութիւն է, սակայն այս «լրացումը», այնուամենայնիւ, մաս չի կազմեր պաշտօնական ձեւակերպումի մը, որ իմ համոզմամբ, ուզենք թէ չուզենք, կը բերէ զոհի կաղապարի, զոհի մշակոյթի գոյատեւումի նպաստելուն։

Մինչդեռ Հայոց ցեղասպանութեան ու, մասնաւորապէս, Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն ռուսական բանակի Արեւմտեան եւ Կովկասեան ճակատներուն վրայ կռուող հայազգի զինուորներուն թիւը կը կազմէր շուրջ 300 հազար։ Ձեւաւորուած են եօթ հայկական կամաւորական ջոկատներ, իսկ 1916 թուականի նոյեմբերին ֆրանսական զօրքերու կազմին մէջ ստեղծուած է հայերէ բաղկացած Արեւելեան լեկէոնը, որ 1918 թուականի դեկտեմբերին վերանուանուեցաւ Հայկական լեկէոն։

Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մեծ բնակավայրերու մէջ եւս տեղ գտած են հայերու ինքնապաշտպանական կռիւներ:

Որոշ վայրերու մէջ հայերը դիմադրած են շատ կարճ, այլ տեղերու մէջ՝ շաբաթներ եւ ամիսներ շարունակ, կազմակերպուած ու չկազմակերպուած, զինուած ու շատ քիչ զէնք-զինամթերքով։ Սակայն հայկական իրականութեան մէջ, շուրջ դարէ մը ի վեր, պաշտօնական կամ անպաշտօն ձեւով կը նշուի զոհերու յիշատակը։ Տասնամեակներ շարունակ միայն ա՛յս շեշտադրումը իր ետեւէն կը բերէ նաեւ թերարժէքութեան բարդոյթներու դրսեւորումներ, ցեղասպանութեան յիշողութիւնը որպէս բեռ ընկալելու երեւոյթներ, որոշ պարագաներու մէջ ալ՝ անոնցմէ «ազատուելու» ուղղուած գործողութիւններու անհրաժեշտութեան գիտակցում։

Անհրաժեշտ են որոշ փոփոխութիւններ՝ Հայաստանի մէջ յիշողութեան քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս։ Մասնաւորապէս, նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ ցեղասպանութեան վրայէն անցած է աւելի քան հարիւր տարի, ունինք շուրջ երեսնամեայ ազգային պետութիւն մը, Արցախի յաղթանակներու գործօնը՝ վաղուց ժամանակն է վերաիմաստաւորել յիշողութեան օրուան խորհուրդը, ձեւափոխել զայն, իրականացնել առնուազն շեշտադրումներու փոփոխութիւն եւ խորհրդարանի որոշմամբ շրջանառութեան մէջ դնել այլ բանաձեւում մը. «Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ ինքնապաշտպանական կռիւներու հերոսներու յիշատակի օր»։ Այս պարագային կը յիշուին թէ՛ զոհերը, թէ ինքնապաշտպանական մարտերու հերոսները: Ինքնապաշտպանութիւնը ազնիւ երեւոյթ է եւ ամբողջ աշխարհի մէջ ալ եղած է, իսկ եթէ այս հարցին ուրիշ տեսանկիւնէ նայինք, ապա Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ ինքնապաշտպանական մարտեր եղած են միայն հայոց մէջ, ուրիշ տեղ չէ եղած:


-Դուք նշեցիք յաւելեալ նիւթական օժանդականութիւն հայթայթելու եւ այդպէսով որոշ աշխատանքներ իրականացնելու մասին: Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք այդ յաւելեալ նիւթական աղբիւրները:

-Արտասահմանի մէջ գործող գիտահետազօտական եւ գիտամշակութային բազմաթիւ հաստատութիւններ իրենց կայքէջերուն վրայ, որպէս կանոն, կ՚ունենան «Donate» բաժինը, ուր զանազան հիմնաւորումներով կոչ կ՚ընեն քաղաքացիներուն եւ հաւանական բարերարներուն՝ գումարներով օժանդակել իրենց հաստատութեան։ Անոնցմէ շատեր ելեկտրոնային կամ թղթային նամակներ կը ղրկեն հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր մարդոց, որոնք, կազմակերպիչներու գիտութեամբ, հաւանական նուիրատուներ են: Այսինքն, այս մէկը գործունէութեան շատ ընդունելի եւ բնական ձեւաչափ մըն է։ Ես կը կարծեմ, թէ մեր թանգարան-կաճառի կայքէջին մէջ ալ կարելի է տեղադրել փոքր եւ մեծ ծրագիրներու յայտեր, որոնց յստակ հաշուարկները, առաջին իսկ անհրաժեշտութեան պարագային, կրնան ուղարկուիլ հաւանական նուիրատուներուն: Այդ ծրագիրները կրնան վերաբերիլ շատ տարբեր բաներու՝ իրերու ձեռքբերում, ճանապարհորդական դրամաշնորհներ, թարգմանութեան-խմբագրութեան համար անհրաժեշտ գումարներ։ Բայց սա չի նշանակեր, որ նման յայտարարութիւն մը ընելու պարագային նուիրատուները անմիջապէս կարգի կը կենան: Ո՛չ։ Նման աշխատանք մը ժամանակ կը պահանջէ, վստահութեան պաշարի գոյութիւնը անհրաժեշտ է, ինչ որ միայն ժամանակի ընթացքին կ՚ապահովուի:

Յաւելեալ նիւթական միջոցներ կրնան ձեռք բերուիլ նաեւ յուշանուէրային գործունէութենէ։ Աշխարհի բազմաթիւ թանգարաններ ունին յարակից խանութ-սրահներ, ուր կը վաճառուին տուեալ թանգարանի գործունէութեան բնագաւառներուն առընչուող իրեր, մեծ քանակութեամբ բացիկներ եւ յուշանուէրներ։ Վստահ եմ, թէ նման գործունէութիւն մը կարելի է ծաւալել նաեւ մեր թանգարանի յարակից վաճառասրահէն ներս։ Այս պարագային, փափաքելի է, որ յուշանուէրներու ընտրութեան գործին մասնակցին նաեւ հեղինակաւոր արուեստագէտներ, կառավարման բնագաւառի մասնագէտներ։ Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ նաեւ, որ որոշ անվճար թանգարաններ երբեմն կ՚ունենան յաւելեալ վճարովի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ։


-Յուշահամալիրի տարածքին կայ նաեւ պուրակ մը, որ Երեւանի գեղեցիկներէն մին է: Անոր պահպանութիւնը եւ ձեւաւորումը նոյնպէ՞ս թանգարան-կաճառի գործն է:

-Այո՛: Եւ իմ նշած յաւելեալ նիւթական միջոցներու գոյութիւնը կրնայ հնարաւորութիւն ստեղծել յուշահամալիրի տարածքի այդ պուրակը վերածելու յուշային պուրակի՝ արդիական ձեւաւորումով, անուանական նստարաններով, կանաչ ճարտարապետութեամբ եւ այլն:


-Ուրիշ ի՞նչ հետաքրքրական մտայղացումներ ունիք:

-Տասնամեակներ շարունակ մենք շեշտած ենք, որ աշխարհ, յառաջադէմ մարդկութիւնը օգնութեան ձեռք երկարած է հայ ժողովուրդին՝ անոր պատուհասած ողբերգութեան տարիներուն եւ աւելի վերջ: Մենք երախտապարտ ենք այդ մարդոց եւ կազմակերպութիւններուն, սրբօրէն կը պահպանենք անոնց յիշատակը։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ ցեղասպանութեան տարիներուն նաեւ մենք մեզ փրկած ենք ու նոյնպէս՝ արդիւնաւէտ կերպով: Այս մասին համեմատաբար քիչ կը խօսուի: Յատկանշական ծրագիրներ եւ անհատներ եղած են՝ «Մէկ ոսկի, մէկ հայ», Պօղոս Նուպար փաշա, Հերեան եւ այլ մարդիկ, որոնք փրկած են հայերը: Հայ լրագրողներերը, հայ հիւանդապահները, հոգեւորականները, որբախնամները, որբեր հաւաքողները, ուսուցիչները շատ մեծ գործ ըրած են, եւ այդ մասին պէտք է խօսիլ, յիշել այդ մարդիկը, արժեւորել: Վերա-գըտնենք մեր արժանապատուութիւնը, զոր մենք ունեցած ենք այդ օրերուն:


-Եւ հարցազրոյցի աւարտին հարցում մը: Պիտի ձգէ՞ք Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Ազգագրութեան եւ հնագիտութեան կաճառին մէջ Ձեր աշխատանքը:

-Ո՛չ, կը մնամ հոն, ոչ լրիւ ծանրաբեռնուածութեամբ, տնօրէնին առաջարկով եւ բնականաբար նաեւ իմ ցանկութեամբ: Հոս գալով՝ իմ գիտական գործունէութիւնը հոն չի դադրիր, քանի որ թեմաթիքը ձեւով մը նաեւ շարունակութիւն է եւ իմ ուսումնասիրած նիւթերս շատ չեն տարբերիր այստեղի թեմաթիքէն, որովհետեւ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառին մէջ կը զբաղէի նաեւ ցեղասպանութեան յիշողութեամբ, ցեղասպանութիւն-հոլոքոստ յիշողութիւններու հարցերով: Այդ կապը շարունակութիւն պիտի ունենայ նաեւ այստեղ:

Ես թանգարան-կաճառի տնօրէնի աշխատանքին ո՛չ թէ որպէս պաշտօն կը նայիմ, այլեւ՝ որպէս պարտաւորութիւններու փունջ մը, զոր ստանձնած եմ եւ պէտք է իրականացնեմ: Լաւ խումբ մը կայ եւ ես այս կառոյցը պիտի փորձեմ ղեկավարել ժողովրդավարական սկզբունքներով:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս