image

«ՊԷքճեան եթէ ըրած ըլլար իմ ըսածները, այսօր մեր համայնքի Պատրիարքը դարձած կ'ըլլար». Պետրոս Շիրինօղլու

«ՊԷքճեան եթէ ըրած ըլլար իմ ըսածները, այսօր մեր համայնքի Պատրիարքը դարձած կ'ըլլար». Պետրոս Շիրինօղլու

Պոլսահայ համայնքային ղեկավարը հարցազրոյց  տուած է «Ակօս»ին.-
- Նախագահ Էրտողանի Ապրիլ 24ին ըրած յայտարարութեան եւ Պոլսոյ կուսակալութեան ղրկած փաստաթուղթին միջեւ կարծէք հակասութիւններ կան: Էրտողան յաջողութիւն կը մաղթէր պատրիարքական ընտրութիւններուն համար: Իսկ կուսակալութիւնը կ՛ըսէ. «Չէք կրնար պատրիարքական ընտրութիւն կազմակերպել, որովհետեւ ձեր պատրիարքը ողջ է»: Հոս, կա՛մ Էրտողանը գէշ տեղեկացուած է, կամ ալ կուսակալութիւնը: Ինչ կը մտածէք այս մասին:

- Երբ խօսեցայ յարգելի նախագահ Էրտողանին հետ, «Ապրիլ 16ի հանրաքուէէն ետք ես անձամբ պիտի զբաղիմ այս հարցով» ըսաւ: Այդ ժամանակ Գարեգին Պէքճեան Գերմանիա կը գտնուէր: Նախագահին հետ իմ տեսակցութենէն ետք կուսակալութեան հրահանգ ղրկուեր է: Կուսակալութիւնը ինծի «կրօնական ժողով թող չգումարուի» ըսաւ: Ես ալ այդ մասին տեղեկացուցի պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին: Այդ ժողովին ներկայ էին Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Արէթ Էրկան, Մելքոն Քարաքէօսէ, Հայկ Արսլանեան, Հրանդ Մոսկոֆեան եւ Վազգէն Պարըն: «Տեղապահի ընտրութիւն մի՛ կատարէք: Սպասենք հանրաքուէին», ըսի: Արամ սրբազանը ստիպեցին տեղապահի ընտրութիւնը կատարելու: Ես իրենց ըսի, որ ատիկա մեզի դժուարութիւններ պիտի յարուցէ, բայց չուզեցին ինծի հաւատալ:

Երբ Կրօնական ժողովը գումարուեցաւ, (պետութենէն) ինծի հեռաձայնեցին եւ հարցուցին ընտրութեան արդիւնքները: Ես ալ տեղեկացուցի, որ Արամ սրբազան կորսնցուց, Պէքճեան սրբազանը շահեցաւ: Ծանօթ նամակը տեղ հասեր է այդ միջոցին: Ես ալ ատոր վրայ թերթերուն ըսի. «Եթէ Արամ Աթէշեան շահէր, այդ նամակը չէր գար»: Կուսակալութիւնը պիտի չմիջամտէր եթէ Արամ Աթէշեանը ընտրուէր, որովհետեւ զինք է, որ կը ճանչնային:

Որպէսզի յետքայլ կատարուի, կանչեցի Տրդատ Ուզունեանը եւ Գրիգոր Տամատեանը: ««Այս որոշումը չեղեալ կը նկատենք, որովհետեւ չէինք գիտեր ընթացակարգը», ըսէք», ըսի, բայց ոչ ոք լսեց զիս: Նաեւ աւելցուցի, որ Պէքճեանն ալ նոյն պատճառով պէտք է հրաժարական տայ:

Այս միջոցին, ընդունեցինք Պէքճեանը Գերմանիայէն վերադարձին. զինք VIP-էն դիմաւորեցի: Իր հետ եկած էր հայր սուրբ մը: Հեռաձայն ստացայ. «Անոր հետ գտնուող հայր սուրբը ինչո՞ւ առիք: Այդ մարդը Աթաթիւրքին եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայհոյած անձ մըն է», ըսուեցաւ: Երբ պատասխանեցի, որ այդ մասին տեղեակ չէի, ինծի հասկացողութիւն ցուցաբերեցին: Հրաշափառով եկեղեցի մուտք գործեցինք: Մարդուն շնորհակալական առաջին արտայայտութիւնը հասցէագրուած էր Գաղափարական հարթակին: Յաջորդ օր այդ խումբին հետ լուսանկար հրատարակել տուաւ, այնուհետեւ «Ռատիօ Ակօս»էն սփռուեցաւ Աննա Թուրայի կատարած հարցազրոյցը: «Ոչ ոք թող իւրացնէ: Մենք պիտի ընենք», ըսին եւ ժողովուրդը գրգռեցին: Աննա Թուրայի խօսքերը, Սեպուհ Ասլանկիլի՝ կղզիին մէջ մռնչելը, Թադէոս Պէպէքի՝ պատրիարքարանին մէջ ծուռ խօսիլը վերջ դրին գործընթացին:

Պէքճեանին հետ հիւանդանոցը (Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոց. այսուհետեւ ալ խօսքը միշտ նոյն հիւանդանոցին մասին է-«ՆՅ») շուրջ 6-7 անգամ տեսակցեցանք: Հոն, իրեն յայտնեցի, որ փակուղիի մը մէջ կը գտնուի եւ ինքզինք կը սպառէ. ինծի իրաւունք տուաւ եւ առնուազն տասն անգամ «ճամպրուկս պիտի հաւաքեմ, երթամ», ըսաւ: Պոլիս վերջին գալուն, ինձմէ խնդրեցին, որ կուսակալութենէն ժամադրութիւն առնեմ, բայց քանի որ կուսակալութիւնը զինք չի ճանչնար՝ մերժեցին խնդրանքը:

 

- Ասոնք լիովին չեն պարզաբաներ իրավիճակը: Կրկին պիտի հարցնեմ: Կուսակալութեան ղրկած նամակը բոլորովին կը հակասէ նախագահի խօսքին: Կուսակալութիւնը «ընտրութիւն չէք կրնար կատարել», կ՛ըսէ, իսկ նախագահը յաջողութիւն կը մաղթէ ընտրութիւններուն համար…

- Կուսակալութիւնը ունի բոլոր արձանագրութիւնները: Արամ Աթէշեանը, Սահակ Մաշալեանը, Սարգիս Քիւլեկեչը եւ ես կուսակալութիւն ժողովի գացինք: Հոն մեզի ըսուեցաւ. «Պէքճեան եւ Նախաձեռնող յանձնախումբը չեղեալ են (մեզի համար): Դուք այս նամակագրութիւններուն մէջ առ ոչինչ համարեցիք պետութիւնը, ըրիք՝ ինչ որ ըսինք չընել: Երկու եպիսկոպոս ունիք: Վերադարձէք տեղապահի ընտրութենէն առաջուան շրջան, որպէսզի գործընթացը վերսկսի»: Այս առաջարկին ալ ձայն-ձոյն չելաւ: Այս խօսակցութիւնները գրաւոր պահանջեցին եւ պետութիւնն ալ ի վերջոյ զանոնք ղրկեց գրաւոր: Համայնքէն երկու ընկերներ կուսակալութիւն կ՛երթան՝ Պէքճեան սրբազանին համար ժամադրութիւն մը ձեռք ձգելու մտադրութեամբ: Խնդրոյ առարկայ անձերը յարգարժան անձնաւորութիւններ ըլլալով՝ պետութիւնը չի մերժեր եւ Պէքճեան սրբազանին ժամադրութիւն կու տան: Պէքճեանին ալ նոյն բաները կ՛ըսեն:

Պետութեան կայացուցած որոշումին որեւէ ձեւով չենք կրնար ընդդիմանալ: Եթէ այդ ընկերները լսէին իմ ըսածները եւ լռէին՝ այս գործը կարգադրուած կ՛ըլլար: 20 Յունիս 2016ին, Պէքճեան սրբազանը Գըրմանիոյ մէջ թերթի մը (Գերմանիոյ Խորհրդարանի՝ 1915ի վերաբերեալ որոշումին մասին) յայտարարութիւններ կ՛ընէ: Անշուշտ, որ կրնայ յայտարարութիւններ ընել, բայց չի կրնար նախագահը անորակ անուանել: Հոս է, որ հարցը պայթեցաւ: Յաւելեալ, այդ գրութիւնը հրապարակուեցաւ նաեւ Գաղափարական հարթակի կայքին վրայ:

 

- Բայց կայ հետեւեալը: Կուսակալութիւնը չ՛ըսեր. «Մենք տեղապահն ու իր շրջապատը անպատշաճ կը համարենք: Տեղապահի նոր ընտրութիւն կատարեցէք որ շարունակենք մեր ճամբան», այլ կ՛ըսէ. «Չէք կրնար ընտրութիւն կատարել մինչեւ Մութաֆեանի վախճանումը»:

Կուսակալութիւնը այդպիսի բան չի կրնար ըսել 2010ին Կրօնական ժողովին կայացուցած որոշումին պատճառով: Նախարարաց խորհուրդին կողմէ վաւերացուած որոշում մը կայ մէջտեղը: Կրօնական ժողովը այն ատեն յայտարարած էր. «Մենք հրաշքներու հաւատացող ազգ մըն ենք. կը հաւատանք, որ մեր պատրիարքը պիտի ապաքինի»: Պետութիւնն ալ այդ դիրքորոշումը յարգելով որոշում մը կայացուցած է:

Գարեգին սրբազանը տեղապահ ընտրուելէն ետք հիւանդանոց եկաւ: Իրեն հարցում յղեցի մեր համայնքին վերաբերող իր ծրագիրներուն մասին: «Ես պատրիարքարանը ընտրութեան առաջնորդելու համար եկած եմ: Պատրիարքութեան թեկնածու չեմ: Ձեր հայեացքը ուղղեցէք Չուլճեանին, ըսաւ: Այս խօսքերը լսելով՝ ցնցուեցայ եւ հեռաձայնեցի Թորոս Ափիքին եւ զինք տեղեկացուցի կացութեան մասին: Ան ինծի ըսաւ, որ անպայման թիւրիմացութիւն մը պատահած է: Այնուհետեւ, Թորոս Ալճանի հետ հեռաձայնով խօսեցայ, ան եւս «այդպիսի բան ըսած չի կրնար ըլլալ», ըսաւ: Պէքճեան առաւ ընկալուչը. «Ես ձեզի այդպիսի բան չըսի պարոն Պետրոս», ըսաւ: Ժամ մը առաջ այսինչ բանը ըսող անձը, ժամ մը ետք այդպիսի բան չըսի, կ՛ըսէ:

 

1223bekjian

 

- Այսինքն հետեւեա՞լը պէտք է հասկնանք. եթէ Պէքճեան ձեզի հետ հաշտ վարուէր, այս (պատրիարքական ընտրութեան) գործընթացին ճամբան կը բացուէ՞ր:

- Եթէ Պէքճեան սրբազան ինծի հետ հաշտ վարուած ըլլար եւ ընէր իմ ըսածները, եթէ աջէն-ձախէն ըսուածներուն չհետեւէր, այսօր մեր համայնքին պատրիարքը կ՛ըլլար: Պէքճեանը շրջապատող անձերը զինք ճամբէն շեղեցին: Որքան որ լսեցի, Պէքճեան սրբազան կուսակալութիւն գացած է եւ այդ մասին տեղեակ չէ պահած Սահակ Մաշալեանը: Մեսութ Եըլմազի բնակարանը գացեր է ցաւակցութեան, բայց ոչ ոք տեղեակ է. ամէն ինչ գաղտնի պահուեր է Մաշալեան սրբազանէն: Պէքճեան սրբազանը գնաց: (Բաւ է, որ) Սահակ սրբազանը եւ Աթէշեան սրբազանը միաբան ըլլան՝ արդէն այս գործը ընտրութեան կը յանգի: Մութաֆեանի վախճանումով արդէն ինքնաբերաբար ընտրութիւն պիտի կատարուի: Ով որ ալ շահի՝ մենք կը յարգենք:

 

- Կայ այն համոզումը, թէ «Պետրոս Շիրինօղլուն ինք կը կազմակերպէ պատրիարքական ընտրութիւնը, բայց երբ գործընթացը իր փափաքած կերպով չընթանար, ինք ալ կը խոչընդոտէ զայն»: Այս ուղղութեամբ քննադատութիւններ կան: Ի՞նչ կ՛ըսէիք այս մասին:

- Այս ընտրութիւնը խոչընդոտելով կամ անոր միջամտելով ինչպիսի՞ շահ կրնամ հետապնել որ: Ինչո՞ւ ես կազմակերպեմ: Միթէ՞ ես այդպիսի ուժի տէր եմ: Եթէ այդպէս է, ինձմէ աւելի հզօր մէկը թող ելլէ եւ ինք թող զբաղի այսքան հարցերով: Այսպիսի խօսքերու բնաւ կարիքը չկայ: Նման խօսքեր մեր համայնքը ներքնապէս կը պառակտեն: Ես ի՞նչ շահ ունիմ. ես համայնքիս համար ջանք կը վատնեմ: Վերջացած, փճացած հիւանդանոց մը վերստին ոտքի կանգնեցուցի, բայց այդ մասին բնաւ խօսող չկայ…։

Պատրիարքարանին մէջ ինծի ասպարէզ կարդացող ընկերը ըսաւ. «Այս մարդը վտանգաւոր մէկն է. 6-7 սատակ ձգած է իր ետին: Հեռո՛ւ կեցէք այս մարդէն»: Ես դիտումնաւոր կերպով մրջիւն մ՛իսկ չեմ ճզմեր: Դուն ուրկէ՞ կ՛ելլես ու այսպէս կ՛ամբաստանես զիս: Այս ամբաստանութենէն ետք ես ալ ջղայնացայ ու ըսի. «Քանի որ 7 սատակ ունիմ եղեր, ուշադրութի՛ւն թող ընէ՝ 8րդն ալ ինք չըլլայ»: Այսպիսի բան կը վայելէ՞ մեր համայնքին: Եթէ ես իրմէ «Գարակէօզեան»ի («Գարակէօզեան» որբանոցի խնամակալութեան-«ՆՅ») հաշիւը պահանջեմ, ինչպէ՞ս պիտի տայ: Ան դիտումնաւոր չըրաւ, բայց սխալ գործեց եւ համայնքին ա՛լ աւելի վնաս պատճառեց: Դիտումնաւոր չէր, բայց աճապարանքէն գործեց այդ սխալը:

 

- Ներքին գործոց նախարարին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին՝ բազմաթիւ հիմնադրամներու նախագահներ յայտարարեր են, որ պէտք է ընտրութիւն կատարուի, եւ Ներքին գործոց նախարարն ալ արձանագրեր է թէ՛ Արամ Աթէշեանի մասին քննադատութիւնները եւ թէ ընտրութիւններու անհրաժեշտութիւնը: «Նախագահին եւ վարչապետին հետ պիտի տեսակցիմ. մէկ ամիս յետոյ նորէն կը խօսինք», ըսեր է: Այն տպաւորութիւնը կը տիրէ, որ ասիկա անվերանայելի որոշում մը չէ: Այնպէս չի թուի՞ր, թէ այս շրջածիրին մէջ դեռ կարելիութիւն մը կայ:

- Ես ըսուածները այդպէս չընկալեցի: «Դուք որպէս համայնք անգամ մը նստեցէք խորհրդակցեցէք. մենք այսպէս կը մտածենք ըսելով՝ որոշում մը կայացուցէք, ապա մէկ ամիս վերջ քով-քովի կու գանք ու հարցը կրկին կ՛արծարծենք», ըսաւ: Ըստ մեր Ներքին գործոց նախարարին՝ դեռ շփման կարելիութիւն մը կայ: Բայց ըստ իս՝ այս հարցը փակուած է: Ընտրութիւն տեղի պիտի չունենայ մինչեւ Մութաֆեանի վախճանումը:

 

- Արդեօք հարկ չէ՞ պահանջը կրկին սեղան բերել: Աթէշեանի գահակալութենէն ձանձրացած մարդիկ կան: Թէ՛ ընտրութեան պահանջներու նկատմամբ իր նուաստացուցիչ վերաբերումը, թէ՛ իր ընդհանուր վարքը: Համայնքին մէջ շօշափելի է ընտրութեան պահանջը եւ նման մթնոլորտի մէջ պէտք չէ՞ որոնել լուծում մը:

- Լուծումը պէտք է գտնէ հասարակութիւնը: Ինչո՞ւ զիս կը զրպարտեն: Ես միշտ համայնքին ըսած եմ. «Հանդարտ ոճով խօսեցէք, ասպարէզ մի՛ կարդաք պետութեան»: Այդ օր, Պէքճեան սրբազան զիս նշանակեց Նախաձեռնող յանձնախումբի անդամ: Այդ օր երբ հոն գացի, հասկցայ, որ ի յառաջագունէ պատրաստուած բեմագրութիւն մը կայ: Սուր անձնաւորութիւններ բերեր էին հոն: Ես ալ յայտարարեցի, որ չեմ կրնար գործակցիլ նման անձերու հետ եւ Յանձնախումբէն հրաժարականս ներկայացուցի:

 

- Աննա Թուրայի հետ միասին ապահովեցինք վերոնշեալ սփռումը, եւ պետութեան դէմ բան չկար հոն, ի՞նչ կ՛ըսէք:

- Չկար, բայց հոն Թուրայ կ՛ըսէ. «Ոչ ոք թող փորձէ իւրացնել: Տեղապահը մենք բերինք. շատ բան ունինք ընելիք»:

Գաղափարական հարթակը քաղաքացիական նախաձեռնութիւն է… Կը սիրեմ անոր մաս կազմող անձերը: Բայց քանի՜-քանի՜ անգամներ ժողովներ կազմակերպեցին եւ չկրցան 100-150 հոգիէն աւելին հաւաքել: Ա՞յս է համայնքին ձայնը: Ինչո՞ւ չլսեցին զիս: Այդ սփռումը ժողովուրդին ասպարէզ կարդալու հանգամանք կը պարունակէր:

 

- Գալով Պէյքոզի հողամասին: Ի՞նչ է վերջին վիճակը:

- Մենք Պէյքոզի հողամասին հարցով 500 միլիոն տոլար կորսնցուցինք: Այդ տարածքը պիտի վաճառուէր արաբ շէյխի մը: Բայց երբ Թաքսիմի Կեզի հանրապարտէզի դէպքերուն ընթացքին յարգելի Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ հայերէն պաստառներ պարզուեցան, այդ հարցն ալ հոն վերջացաւ: Պէյքոզի հողամասը 4.75 հեկտար էր. բոլոր տեղեկութիւնները ունիմ… Սկսաւ Անգարայի գործընթացը: Մեր Հանրապետութեան նախագահին եւ Վագըֆներու (հիմնարկներու-«ՆՅ») ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմի հետ տեսակցեցանք: Մեր Հանրապետութեան նախագահը պարոն Ատնանը երաշխաւորեց հասնելիք գումարին մասին: «Մինչ (Պէյքոզի) վագըֆը իր ինչքը կը կորսնցնէ, եկող գումարով նոր ինչք պիտի առնէ», ըսաւ: «Եթէ այդ գումարը ծախսուի, վագըֆը կը կքի: Նոր ինչք առնելու գումարը քեզմէ կը պահանջեմ», շարունակեց: 3-4 օրէն հասաւ այդ գումարը: Խումբ մը ընկերներ յանձնախումբ կազմեցին: Սկսան այդ գումարին միջոցով՝ իրենց ընտրութեան համար մարդորսութեան: Ես իրենց ըսի, որ այդ գումարը չբաշխեն: «Դպրոցին հողամասին հասոյթը չէ, այլ ճամբուն հասոյթը պիտի բաշխենք», ըսին: Ի՞նչ կը տարբերէր: Ելան, մատաղօրհնութիւններու 100-150 հազար թրքական լիրա նուիրեցին: Անարգած եղան Հանրապետութեան նախագահին եւ Ատնան Էրթեմի խօսքը: Ճամբուն վերաբերող դատավարութիւնը յաջողութեամբ պսակուած էր, սակայն որովհետեւ մոռցած էին ի պահ դնել որոշ երաշխաւորագին մը, վերստին դատավարութիւն տեղի պիտի ունենայ: 25 միլիոն թրքական լիրա ալ Ազգային կրթութեան նախարարութենէն հասաւ: Կար նաեւ Մեծն Պոլսոյ Քաղաքակոյտէն սպասուող գումարը, որ սակայն սա պահուս պիտի չհասնի: Ճամբուն համար դարձեալ դատավարութիւն տեղի պիտի ունենայ, որ գործընթացը պիտի երկարաձագէ դեռ 2-3 տարի:

 

- Բազմաթիւ տեղերէ քննադատութիւններ կը լսուին հիւանդանոցի սակերուն մասին. հիւանդները կը գանգատին բարձր գիներէ: Կը տիրէ այն համոզումը, որ հայերը ոչ մէկ առանձնաշնորհի կ՛արժանանան: Ի՞նչ կը մտածէք այս քննադատութիւններուն մասին:

Այս խօսքերը շահարկումի նպատակով արտասանուած խօսքեր են: Մենք մեր կարօտեալներէն բնաւ դրամ չենք առներ: Մեր համայնքին մէջ ունինք այնպիսի անհատներ, որոնք կ՛ըսեն. «Աղքատ եմ, դրամ չունիմ»: Այսօր հանգստեան տան իւրաքանչիւր բնակիչի համար կը ծախսուի ամսական 1000 տոլար: Մենք առաջնահերթութիւնը կու տանք անօթեւան ընտանիքներուն: Կարօտեալներու ցանկին վրայ գտնուողներէն դրամ չենք առներ: Մեզի թող ներուի՝ ստիպուած ենք ի վիճակի եղող հիւանդներէ ալ դրամ գանձելու: (Հիւանդանոցի) նախկին վարչութիւնը այդպէս ընելով՝ հաստատութիւնը հասցուց տնտեսական ծանրակշիռ վիճակի. բոլոր ինչքերը վաճառեր էին: Մենք այս հիւանդանոցը ճահիճէն փրկեցինք: Երբ ես հոս եկայ, հիւանդանոցի եկամուտներուն 97 տոկոսը կը տրուէր բժիշկներուն: Իմ ժամանակաշրջանին 150 ինչք գնուեցաւ, համայնքը գոհ պէտք է ըլլայ: Համայնքին է, որ շահեցուցինք այդ ինչքերը: Երեսուն յարկաբաժին կառուցեցինք, հնչուն դրամ ունինք, արհեստագիտական սարքեր կը գործածենք: Համայնքը այսպէ՞ս կը յայտնէ իր երախտագիտութիւնը:

 

- Մեր դպրոցները նիւթական դժուարութիւններու մէջ կը գտնուին: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք կացութիւնը:

- Ես դրամ պիտի չտամ, ցորչափ չըլլայ դպրոցները միաձուլելու ծրագիր: Անոնց բացերը հետզհետէ կը մեծնան: Կարելի չէ բացերը այս ձեւով փակել, ոչ ալ պիտի փակուին: Պէտք է բարելաւենք մեր դպրոցի ուսման մակարդակը: Շատ աւելորդ դպրոցներ ունինք եւ այս ընթացքով վաղը բնաւ դպրոց պիտի չունենանք: «Ստեղծենք այնպիսի ուսումնական դրութիւն մը, որ կատարեալ ըլլայ», ըսի, բայց անոնք տարբեր բան հասկցան: Թրքերէն, հայերէն, անգլերէն, կրօնական գիտութիւն…։ Ուսումը խիստ թող ըլլայ եւ յատկապէս բացի հայերէնէն եւ քանի մը այլ դասանիւթերէ, ուսուցումը կատարուի անգլերէնով: Ուսուցիչներ գտնենք: Սակայն ոչ ոք ուզեց լսել: Այլեւս թարմ արեան կարիքը ունի մեր համայնքը: