image
Հրատապ լուրեր:

Էտուարտ Ճէրէճեան. «Միկոյեանին անունս չտուի, ըսի բարե՛ւ, ես հայ եմ»

Էտուարտ Ճէրէճեան. «Միկոյեանին անունս չտուի, ըսի բարե՛ւ, ես հայ եմ»

Էտուարտ Ճէրէճեան։ Այս անունը առաջին անգամ լսած եմ 80-ականներու վերջերուն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերն էին: Հօրս՝ Աբրահամ Ղազարեանի քրոջ՝ Ովսաննայի որդին՝ Սարգիսը մասնակցած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին եւ քանի մը անգամներ փրկուած էր ստոյգ մահէ: Ծնողները ամէն կարգադրութիւն ըրին, որպէսզի Սարգիս հեռանայ երկրէն եւ յայտնուի Լոս Անճելըսի մէջ: Ինչպէս շատ մը ընտանիքներու պարագային, հօրաքրոջս ընտանիքը «բաժան-բաժան» կը դառնար: Մէկ կողմէ պատերազմին հետեւանքով Ամերիկա հասած Սարգիսը, միւս կողմէ անոր քոյրը՝ Ռոզիկը եւ երէց եղբայրը՝ Մովսէսը կը շարունակէին Պէյրութ մնալ եւ սպասել Ամերիկա մուտք գործելու արտօնագրին (վիզա):


Նախքան Լիբանանի պատերազմին թէժացումը, Միացեալ Նահանգներ որոշում կ՚ընդունէր առժամաբար փակել Պէյրութի իր դեսպանատունը: Ընթացք կ՚առնէր նոր հանգրուան մը, եւ բոլոր լիբանանացիները (յատկապէս հայ եւ քրիստոնեայ), որոնք «կ՚երազէին» Ամերիկա հասնիլ, ստիպուած կ՚ըլլային Դամասկոս կամ Կիպրոս ճամբորդել՝ տեղւոյն Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն ամերիկեան վիզա ստանալու նպատակով: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ յատկապէս լիբանանահայութեան մօտ շրջանառութեան մէջ կը դրուէր Էտ-ւարտ Ճէրէճեանին անունը: Դամասկոս այցելողներէն շատեր վկայութիւն ալ կը բերէին հայազգի դեսպանին մասին՝ ըսելով, որ ան «շատ խիստ» մարդ մըն է եւ դիմորդին հայ ըլլալու հանգամանքը ոչ մէկ ձեւով կ՚օգնէ, որպէսզի անոնց գործերը «կարգի դրուին» ու երթան միանան իրենց հարազատներուն:


Այսքանը կը յիշեմ մեծ դեսպանին մասին, որուն հանդիպելու առիթը իրականութիւն կը դառնար շնորհիւ Երեւան ապրելուս: Այլապէս բաւական «թանկ հաճոյք» պիտի ըլլար անձամբ հանդիպիլ ու յատկապէս միջինարեւելեան թեմաներու մասին խօսիլ դիւանագէտի մը հետ, որ իր աշխատանքը կատարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան երկու ամենակարեւոր «կեդրոններ» համարուած՝ Թել Աւիւի ու Դամասկոսի մէջ:


Ճէրէճեանի մասին կան հետաքրքրական մանրապատումներ, որոնց ամենէն յայտնիները կը պատմեն իր հանդիպումը Սովետական Միութեան հայազգի մեծ գործիչ Անաստաս Միկոյեանին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ կարող նախագահ Հաֆըզ Էսատին հետ անոր ունեցած մտերմութեան եւ առիթով մը Էսատի Ճէրէճեանի հօր մասին ըրած ակնարկութիւններուն մասին:


Հաֆըզ Էսատ առիթով մը խօսելով այս նիւթին մասին՝ ըսած է. «Եթէ մէկը, այդ հայ տղուն, որ 1915-ի արհաւիրքին հետեւանքով կորսնցուցած էր իր ծնողները, այն ժամանակ ըսէր, որ օր մը իր որդին Դամասկոսի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան պիտի դառնայ, ան կ՚ըսէր՝ «դուք խենթ էք»: Բայց այդ ըսուածը իրականութիւն դարձած է այսօր»:


Ճէրէճեան եզակի դիւանագէտ մըն է։ Ան աշխատած է Միացեալ Նահանգներու ութ նախագահներու վարչակազմերու մէջ: Ան պաշտօնավարած է. Ճոն Ֆ. Քենետիի նախագահութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ Պիլ Քլինթընի նախագահութեան ժամանակահատուածը: Ծնած է 6 Մարտ, 1939 թուականին Մերիլենտ: Գաղթական հայեր եղած են անոր ծնողները, որոնք մազապուրծ փրկուած են 1915-ի տխուր դէպքերէն: Դպրոցը աւարտելէ ետք, Ճէրէճեան 1955 թուականին ընդունուած է Ճորճթաուընի համալսարանը: 1960 թուականին ծառայած է Քորէա՝ Միացեալ Նահանգներու բանակէն ներս: 1962 թուականին դարձած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Ժորժ Պոլլիի տեղակալը: 1966-1972 թուականներուն միջեւ Էտուարտ Ճէրէճեան, որպէս դիւանագիտական կցորդ աշխատած է Պէյրութ եւ Քազապլանքա: 1975-1977 թուականներուն միջեւ եղած է Պորտոյի մօտ ԱՄՆ-ի գլխաւոր հիւպատոս: Ճէրէճեան քաղաքագէտ է, գիտէ անգլերէն, հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն: Ռուսերէն լեզուի իմացութիւնը օգնած է իրեն 1979-1981 թուականներուն ղեկավարել Մոսկուայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան քաղաքական բաժինը: Ան նախքան Մոսկուա երթալը, առիթ ունեցած է ծանօթանալու իր հայրենակցին՝ Սովետական Հայաստանի նախարարներու խորհուրդի նախագահ Անաստաս Միկոյեանի հետ:


«1963 թուականին Միկոյեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունէր Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Տին Ռասքիի հետ: Հայրս պատմած էր, որ Սովետական Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մէջ կայ մեծ հայ մը: Ես կը փափաքէի հետը ծանօթանալ: Որոշեցի միջանցքին մէջ սպասել: Երբ դուրս եկաւ, ես ձեռքս մեկնեցի եւ մականունս ըսելու փոխարէն ըսի՝ ես հայ եմ: Միկոյեան շատ զարմացաւ», Ճէրէճեան պատմած է լրագրողներուն:


Խորհրդային Հայաստանի մէջ դիւանագիտական ծառայութենէ ետք, Ճէրէճեան 1981 թուականին գործուղղուած է Մերձաւոր Արեւելք՝ որպէս Յորդանանի ամերիկեան առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ: 1989-1991 թուականներուն միջեւ ականաւոր դիւանագէտը եղած է Սուրիոյ մօտ ԱՄՆ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, ապա՝ 1993-1994 թուականներուն Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: Ան միակ հայն է, որ Միացեալ Նահանգներու շահերը բարձր մակարդակով ներկայացուցած է Սուրիոյ եւ Իսրայէլի մէջ: Դիւանագիտական ասպարէզէն ետք Էտուարտ Ճէրէճեանին վստահած են Թեքսասի Ռայսի համալսարանը, Ճէյմս Պէյքըրի անուան գիտահետազօտական կաճառը:


2003 թուականին ԱՄՆ-ի նախագահ Ճորճ Պուշի (կրտսեր) վարչակազմը դիւանագէտին առաջարկած է հասարակական դիւանագիտութեան եւ ծրագիրներու հարցերով յանձնաժողովի նախագահի պաշտօն, որ կը վերաբերէր արաբական եւ իսլամական աշխարհին: Այդ պաշտօնը կատարած է մինչեւ 2008 թուականը, ապա դարձեալ վերադարձած է ակադեմական հետազօտութիւններու բաժին: 2013-2015 թուականներուն ընտրուած է «Օքսիտենտըլ փըթրոլիոմ» կազմակերպութեան տնօրէններու խորհուրդի անկախ նախագահ։ Ճէրէճեան «Վտանգ եւ հնարաւորութիւն․ ԱՄՆ-ի դեսպանի ճամբորդութիւնը Մեր-ձաւոր Արեւելքով» գիրքի հեղինակն է:


Դեսպան Ճէրէճեան արժանացած է նախագահի վաստակաւոր ծառայող մրցանակին, արտաքին գործոց նախարարութեան վաստակաւոր պատուոյ մրցանակին, նախագահի երախտիքի արժանի ծառայող մրցանակին, հանրայայտ Էլլիս կղզիի պատուոյ շքանշանին  եւ 2009 թուականին՝ Ռայսի շրջանաւարտներու ոսկեայ շքանշանին՝ ի նշան Ռայս համալսարանէն ներս մատուցած իր բացառիկ ծառայութեան։


2011 թուականին ընտրուած է Մշակոյթի եւ գիտութեան ամերիկեան ակադեմիոյ՝ երկիրի հնագոյն եւ ամենահեղինակաւոր հասարակութեան եւ անկախ քաղաքականութեան հետազօտական կեդրոններէն մէկուն անդամ։


Դիւանագէտը ունի Ճորճթաուն համալսարանի գիտութեան պսակաւոր արուեստի եւ հասարակական գիտութիւններու պատուաւոր տոքթորի աստիճան, ինչպէս նաեւ Միտըլպըրի գոլէճի իրաւաբանական գիտութիւններու պատուաւոր տոքթորի աստիճան:


Հայութիւնը գիտէ գնահատել մարդկային կեանքին արժէքը։ Ամերիկահայ անուանի դիւանագէտը Երեւանի մէջ պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։


-Պարոն Ճէրէճեան, ինչպէս գիտենք, դուք Հայաստան կը գտնուիք մասնակցելու համար «Աւրորա-2017» մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան: Ի՞նչ կը կարծէք, արդեօք «Աւրորա» մրցանակը հայութեան համար պիտի դառնա՞յ նոր բանալի մը, նոր լեզու մը աշխարհին հետ խօսելու եւ հայութեան խնդիրները ներկայացնելու:

-Իմ կարծիքով, «Աւրորա» մրցանակը սոսկ մրցանակ մը չէ, այլ ընթացք մըն է, որ օրըստօրէ կը վերածուի շարժումի, եւ անոր գլխաւոր առաքելութիւնը մարդկութեան եւ մարդկայնութեան հարցերու մասին արձագանգելն է: Անցեալ դարու սկիզբին հայ ազգը ծանր հարուածներ ստացած եւ մղձաւանջ ապրած է: Բայց «Աւրորա»ն միայն այդ ցաւերուն մասին խօսելու համար ստեղծուած շարժում մը չէ, այլ անոր նպատակն է նաեւ լոյս սփռել այդ ծանր եւ դժուարին օրերէն ետք հայութեան ապրած եւ հայութեան ունեցած ձեռքբերումներու մասին, եւ դուրս գալ այդ դժուարին պահերէն:

Կայ նաեւ այլ երեսակ մը, ըստ որուն, «Աւրորա»ի մրցանակի միջոցաւ հայութիւնը կ՚ուզէ ըսել ամբողջ աշխարհին, որ ինքը այդ դժուարին ճանապարհներէն անցնելէ ետք, հասած է հանգրուանի մը, երբ կ՚ուզէ գնահատել բոլոր այն նուիրեալները, որոնք իրենց կեանքը պատրաստ են զոհաբերել յանուն մարդկութեան խնդիրներուն:

Այստեղ նաեւ պէտք է ըսեմ, որ այս ամբողջ գործընթացը ցոյց կու տայ, որ հայութիւնը մեծ յառաջխաղացք ապրած է, այն իմաստով, որ այսօր ան ի վիճակի է գնահատել, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, այն անձերը, որոնք պատրաստ են թէժ կէտերուն մէջ եղող հաւաքականութիւններուն օգնութեան ձեռք մեկնել եւ օգնել, որպէսզի այդ ճնշուած, տանջուած եւ իրաւազրկուած հաւաքականութիւնները փրկուին եւ աւելի ապահով վիճակի մէջ յայտնուին:

Գիտէ՛ք, բոլորիս համար ալ անընդունելի են մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները, ո՛ւր որ ալ գործուած ըլլան անոնք, մոռցուին, անտեսուին կամ ուրացուին: Սակայն խնդիրը միայն այդ չէ: Խնդիրը այդ տագնապէն դուրս գալն է, խնդիրը առաջ նայիլն է՝ բան մը, որ հայութիւնը այսօր նաե՛ւ «Աւրորա» մրցանակի միջոցաւ կը փորձէ ընել, եւ արժեցնել իր անցած այս հարիւր տարուան ճանապարհը եւ ունեցած ձեռքբերումները:


-Պրն. Ճէրէճեան, յաջորդ հարցումս Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակին մասին է: Միացեալ Նահանագներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան հասնելէ ետք, եւ յատկապէս, վերջերս, անոր Միջին Արեւելք կատարած այցելութենէն ետք, շատ կը խօսուի նոր ընթացակարգի մը, նոր քաղաքականութեան մը մասին, որուն հիմքն՝ դաշինք ստեղծել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ: Այս բոլորը արդեօք կը մտահոգե՞ն նախկին դիւանագէտը: Ի՞նչ կ՚ըսէք ասոր մասին:

-Գիտէք, Միացեալ Նահանգները, եւ յատկապէս նախագահ Թրամփի վարչակարգը, իր կատարած քայլերով կը փորձէ վերաթարմացնել իր դաշինքները, մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի արաբական երկիրներուն հետ: Ես այս ձեւով կ՚ընկալեմ տեղի ունեցած գործընթացը, յատկապէս, որ Թրամփի յայտարարութիւններէն ալ ի յայտ կու գայ, որ Միացեալ Նահանգներ այս մօտեցումով, ազդարարութիւններ կ՚ուղարկէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Անշուշտ, այդ ազդարարութիւները կապ ունին Իրանի ընդհանուր վարքագծին եւ անոր որդեգրած քաղաքականութեան հետ, յատկապէս, Սուրիոյ, Իրաքի, ինչպէս նաեւ Եմէնի մէջ: Հետեւաբար, շատ բնական է տեղի ունեցածը, եւ վստահ եմ, որ Միացեալ Նահանգներ շատ մօտէն եւ ուշի ուշով պիտի հետեւի Իրանի յառաջիկայ քայլերուն:

Այստեղ կ՚ուզեմ նշել, որ իրավիճակը այդքան ալ տագնապալի չէ, որովհետեւ ինչպէս նախընտրական շրջանին, նախագահ Թրամփ խոստացած էր պատռել Իրանի հետ ստորագրուած կորիզային համաձայնութիւնը, այդ քայլին չգնաց: Այս մէկն ալ որոշ պատգամներ ունի: Բայց եւ անպէս, ես վստահ եմ, որ նախագահ Թրամփ նպատակ ունի ցոյց տալ եւ բացատրել, որ Միջին Արեւելքը շատ կարեւոր արժէք եւ իմաստ կը ներկայացնէ Ամերիկայի համար: Անգամ մը եւս այս քայլերը ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգները ներկայ է Միջին Արեւելքի մէջ եւ իր ըսելիքը, կեցուածքը եւ վճռորոշ դերը ունի ընդհանուր շրջանին մէջ:


-Ինչպէս բոլորս գիտենք, Միացեալ Նահանգներու համար շատ կարեւոր հիմնահարց կը համարուի արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը: Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է, որ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպաման շատ մեծ ճիգեր գործադրեց, որպէսզի «սառած» իրավիճակի մէջ յայտնուած հակամարտութիւնը իր տեղէն շարժի եւ դրական յառաջխաղաց մը ապրի, սակայն նախագահին եւ անոր համախոհներուն բոլոր ճիգերը ձախողութեամբ աւարտեցան: Այսօր, ի յայտ սկսած է գալ, որ նախագահ Թրամփի եւ անոր վարչակարգին համար եւս շատ կարեւոր խնդիր է արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան խնդիրը: Նախագահի վերջին այցն ալ ցոյց կու տայ, որ ան շատ լուրջ ձեւով պիտի փորձէ այդ խնդրին մէջ դրական շարժ ստեղծել:

-Այո՛, ճիշդ է: Գիտէք, երբ նախագահ Թրամփ ընտրուեցաւ, շատ արագ ձեւով նշանակեց յատուկ բանագնացներ, որոնց պարտականութիւնն էր հետեւիլ արաբ-իսրայէլեան հարցին եւ այդ բանագնացները հանդիպումներ ունեցան թէ՛ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին եւ թէ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասին (Ապու Մազէն) հետ: Այն ժամանակ յստակ դարձաւ նախագահ Թրամփի համար, որ այս խնդիրը մարտահրաւէր էր եւ ինք ուզեց զայն ձեւով մը վերացնել: Ճիշդ է, շատերուն համար իր այս նախանձախնդրութիւնը տեղ տուաւ քըն-նադատութիւններու եւ այդ քննադատողները տարբեր առիթներով ըսին, որ իրմէ առաջ շատ փորձուած է այս թնճուկը լուծել, բայց ոչ մէկ դրական արդիւնք արձանագրուած է:

Իմ կարծիքով, նախագահ Թրամփի այս քայլը միայն պէտք է ողջունել, եւ անկախ ամէն ինչէ, բարձր պէտք է գնահատել իր մօտեցումները՝ ամբողջ շրջանին համար բարդ հարց համարուող արաբ-իսրայէլեան հարցի լուծման ճանապարհին: Այստեղ պէտք է նշեմ նաեւ, որ անոր ուղարկած «նշաններ»ը՝ դէպի իսրայէլացիներ եւ դէպի պաղեստինցիներ, շատ կարեւոր ազդեցութիւն մը ունեցան: Ամէն պարագային, պէտք է սպասել արդիւնքներուն: Ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, դարձեալ կը կրկնեմ, ինծի համար այս բոլորը գնահատելի են, եւ նախագահին մօտեցումը արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը լուծելու առընթեր, ես շատ բարձր կը գնահատեմ:


-Մենք խօսեցանք արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մասին: Անոր զուգահեռ եւ շատ աւելի ծանր տագնապ մըն է այսօր Սուրիոյ իրավիճակը: Ինչպէս գիտէք, մենք այնտեղ ունինք հայկական համայնք, որ պատերազմին հետեւանքով շատ մեծ վնասներ կրեց: Ճիշդ է, որ համայնքը տակաւին ոտքի է, բայց եւ այնպէս կայ, գոյութիւն ունի մեծ անորոշութիւն մը: Ու մինչեւ այս պահը Սուիրոյ տագնապը լուծելու առիթները, ըստ երեւոյթին, չեն գոյացած եւ ոչ մէկ յոյս կարելի է տեսնել Սուրիոյ մէջ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս բոլորը:

-Ես Սուիրան լաւ ճանչած եմ, այն իմաստով, որ այնտեղ՝ Դամասկոսի մէջ եղած եմ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ բաւական մօտէն առընչուած եմ երկրի ընդհանուր կառուցուածքին: Ծանօթ եմ եւ կրցած եմ մօտէն շփուիլ տարբեր խաւի ներկայացուցիչներու եւ գործիչներու հետ: Նախ ըսեմ, որ վստահ եմ, եթէ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆըզ Էսատը իշխանութեան վրայ ըլլար, այս դէպքերը, այս սրութեամբ տեղի պիտի չունենային: Ճիշդ է, Հաֆըզ Էսատը շատ «կարծր» քաղաքական գործիչ մըն էր, բայց եւ այնպէս, անոր խօսքը շատ ճշմարիտ էր եւ պատասխանատու խօսք էր: Ես այդ տարիներուն էր, որ որոշ դեր մը ունեցած եմ, մէկ կողմէն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճէյմս Պէյքըրի, եւ միւս կողմէն Սուրիոյ նախագահին միջեւ կապ ստեղծելու առընթեր: Այն օրերուն էր, որ նախարար Պէյքըր յաճախ կ՚ըսէր. «Դժուար է բանակցիլը Հաֆըզ Էսատի հետ, բայց եւ այնպէս ան հաստատակամ մարդ է: Անոր այոն՝ այո է, ոչը՝ ոչ»:

Գալով այսօրուան, ըսեմ, որ այսօր թէ՛ մարդկային եւ թէ քաղաքական մեծ տագնապ կայ Սուիրոյ մէջ, եւ ինչպէս մատնանշեցիք, մինչեւ այս պահը լուծման ոչ մէկ հեռանկար կ՚երեւի: Այսօր հոն կան «մեծ խաղացողներ», որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր շահը կը փնտռէ Սուիրոյ մէջ: Անոնցմէ գլխաւորը, անշուշտ, Իրանն է, Ռուսաստանն է, Սէուտական Արաբիան է, սիւննի աշխարհն է ձեւով մը, նաեւ Միացեալ Նահանգները այսօր ներկայ է այնտեղ եւ կարեւոր դեր ունի: Սակայն այստեղ կ՚ուզեմ մատնանշել, որ մեր երկիրը՝ Միացեալ Նահանգները, շատ մեծ սխալ դերակատարութիւն մը ունեցաւ, երբ 2011 թուականին պէտք է միջամտէինք, բայց չըրինք այդ մէկը: Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ կրնար շատ աւելի ազդու եւ գործնական քայլեր առնել այս տագնապի լուծման համար: Բայց չկատարեց, եւ ատիկա շատ վատ ազդեցութիւն ունեցաւ: Այսօր Սուրիոյ մէջ կան Միացեալ Նահանգներուն համար կարեւոր դաշնակիցներ, որոնցմէ պէտք է մատնանշեմ քրդական զինեալ խմբաւորումները։ Իսկ անոնց Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրուած նեցուկը պատճառ կը դառնայ որոշ տարակարծութիւններու Թուրքիոյ հետ: Սակայն ես վստահ եմ, որ տարակարծութիւնները անցողական են եւ խորքային ռազմավարական տարակարծութիւններ չեն, այլ թաքթիքական տարակարծութիւններ են: Նաեւ կ՚ուզեմ ըսել, որ Թուրքիան շատ մեծ եւ կարեւոր դեր ունի Սուրիոյ մէջ ու այս բոլոր գործընթացները, վստահ եմ, պիտի չազդեն Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ սերտ յարաբերութիւններուն վրայ: Սակայն, այս բոլորէն անդին, համոզուած եմ, որ մինչեւ այս պահը, ոչ մէկ կողմ լուրջ եւ հեռանակարային լուծումներ ունի՝ լուծելու համար Սուրիոյ տագնապը: Ասիկա բաւական մտահոգիչ է եւ մինչեւ այս պահը յոյսի մը նշոյլը կը բացակայի Սուրիոյ ընդհանուր տեսարանին մէջ:


-Դուք մատնանշեցիք Թուրքիոյ դերը Սուրիոյ տագնապին առընթեր: Մենք նաեւ պիտի ուզէինք լսել ձեր կարծիքը, այսօր Թուրքիոյ մէջ ընթացող գործընթացներուն վերաբերեալ:

-Թուրքիան, վերջին տասն տարիներուն, շատ մեծ յառաջընթաց ապրեցաւ: Գիտէք, Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱՔ կուսակցութիւն) կուսակցութիւնը իշխանութեան հասնելէ ետք, երկիրը տարաւ կարեւոր բարեփոխումներու, յաջողութիւններու՝ ըլլայ այդ մէկը տնտեսական, ներքին կառուցուածքային եւ կամ քաղաքական հարթակի վրայ: Երեւելի դարձած որոշ կայունութեամբ մը, Թուրքիան դարձաւ նոր իսլամական աշխարհի մը կրողը, եւ տարբեր ամպիոններու վրայ, Թուրքիան հանդիսացաւ չափաւորական իսլամը ներկայացնող, այդ բարձր արժէքները տարածող եւ պահպանող երկիր: Սակայն վերջին տարիներուն, մեզի անյայտ պատճառներով, Թուրքիոյ մէջ որոշ մտահոգութիւններ սկսան երեւելի դառնալ: Ապա տեղի ունեցան կարգ մը ծանր իրադարձութիւններ, որոնցմէ գլխաւորը 15 Յուլիս 2016-ին տեղի ունեցած ձախող յեղաշրջման փորձն էր, որմէ ետք տեղի ունեցաւ համապետական հանրաքուէն, որու շնորհիւ նախագահ Էրտողան իր լիազօրութիւնները աւելի հաստատուն հիմքերու վրայ դրաւ: Այսօր, անկեղծօրէն կ՚ըսեմ, իմ յոյսն է, որ Թուրքիոյ նախագահը փորձէ լաւագոյնս օգտագործել առիթը՝ իր լիազօրութիւնները ծառայեցնել երկրին մէջ դրական, նոր ընթացք մը հունաւորելու համար, որովհետեւ ես եւ ինծի պէս շատեր կը հաւատանք, որ Թուրքիան շատ կարեւոր դրական եւ կառուցողական դեր ունի տարածքաշրջանին մէջ եւ յոյսով ենք, որ Թուրքիոյ նախագահը պիտի կարողանայ այդ դերը լաւագոյնս կատարել: Կ՚ուզեմ նաեւ մատնանշել, որ այդ կարեւոր դերին իւրայատուկ երեսը Թուրքիոյ յարաբերութիւններն են իր դրացի երկիրներուն հետ, մասնաւորապէս, Սուրիոյ, ինչու չէ նաեւ Հայաստանի հետ:

Ես կողմ եմ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերականգնման: Մեծապէս կը կարեւորեմ այդ խնդիրը, եւ միշտ ջատագովը եղած եմ այդ խնդիրին, եւ ջատագովն էի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն: Ցաւօք, այդ արձանագրութիւնները չիրականացան, բայց եւ այնպէս պէտք չէ մոռնալ, որ այդ արձանագրութիւնները եղած են, եւ պէտք է յուսալ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ նոր ընթացք մը, յոյս մը, ճանապարհ մը երեւելի կը դառնայ: Այստեղ կ՚ուզեմ խօսիլ նաեւ ղարաբաղեան տագնապին մասին: Ղարաբաղեան հարցը շատ բարդ եւ դժուար հարց մըն է, բայց ես վստահ եմ, որ այդ հարցը եւս կարելի է լուծել: Բոլորս գիտենք, որ Ղարաբաղի հարցին առընթեր, կարեւոր եւ ազդեցիկ կարծիք ունեցողներ կան, ինչպէս՝ Ռուսաստանը, Թուրքիան, եւրոպական տարբեր երկիրներ, նաեւ Միյացեալ Նահանգները: Այստեղ ես կ՚ուզեմ փափաք մը յայտնել, որ այդ երկիրները իրենց կարելին կ՚ընեն ոչ թէ այս տագնապը սառած պահելու, այլ այս բաւական վտանգաւոր տագնապին վերջնական լուծում մը գտնելու համար։ Որովհետեւ այդ տագնապի հիմնախնդրի լուծումը պիտի ծառայէ խաղաղութեան: Այս բոլորին առընթեր, կը յուսամ, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահը կարեւոր ներդրում եւ դեր կ՚ունենայ այս տագնապի լուծման ճանապարհին:


-Վերջին հարցս կը վերաբերի մեր բոլորին սիրելի պոլսահայութեան: Ինչպէս գիտէք, Պոլիսը երկար տարիներ արեւմտահայութեան հոգեւոր, մշակութային, ինչու չէ նաեւ քաղաքական մայրաքաղաքն էր: Այսօր, ձեր կարծիքով, ի՞նչ դեր վերապահուած է Պոլիսին: Արդեօք մեզի՝ հայերուս համար Պոլիսը կոչուա՞ծ է ըլլալ «նոր վերադարձներու հանգրուան մը» կամ «նոր վերադարձներու կամուրջ մը», եթէ կարելի է այդպէս ձեւակերպել:

-Ինծի համար պոլսահայութիւնը յատուկ նշանակութիւն եւ դեր ունեցած է, եւ վստահ եմ այսօր Պոլսոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցները կը գիտակցին այդ մէկը: Նաեւ վստահ եմ, որ այդ համայնքը իր պատրիարքութեամբ, կառոյցներով, դպրոցներով եւ իր գործունէութեամբ աշխարհին, նաեւ մեզի, ցոյց կու տայ, թէ որքան կարեւոր է մեր ֆիզիքական ներկայութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Ես նաեւ այստեղ կ՚ուզեմ խօսքս աւարտել յոյս յայտնելով, որ մեր հայրենակիցները՝ պոլսահայ համայնքը, լաւագոյնս եւ դրական իմաստով կ՚օգտուին Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները ըլլալու կարեւոր եւ պատմական փաստէն: Կը փափաքիմ, որ պոլսահայութիւնը ապրի խաղաղ եւ բարօր պայմաններու մէջ եւ շարունակէ իր նախնիներու հզօր եւ մեծ դերակատարութիւնը:


ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Ժամանակ»