image
Հրատապ լուրեր:

Տրամաբանական է, որ Լիբանանահայ քաղաքական ուժերը համագործակցին. Լիբանանահայ երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան պատասխանեց «Արեւելք»ի հարցումներուն

Տրամաբանական  է, որ Լիբանանահայ քաղաքական ուժերը  համագործակցին.  Լիբանանահայ  երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան  պատասխանեց «Արեւելք»ի հարցումներուն

Լիբանանի կառավարութիւնը վաւերացուցած է ընտրական նոր օրէնք, որու հիմքով երկրի խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին համամասնական ընտրակարգով: Ըստ նոր օրէնքին, Լիբանանը պիտի բաժնուի 15 ընտրաշրջաններու: Մինչ այդ երկրին մէջ ընտրութիւնները կ'իրականացուէին մեծամասնական ընտրակարգով, բան մը , որ հաւասար իրաւունքներ չէր ապահովեր երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն: Լիբանանի քաղաքական կողմերուն մեծ մասին համար հնարաւոր չէր բացարձակ կերպով ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել նաեւ այս նոր օրէնքով, սակայն այն շատ աւելի արդիական է ու ներկայացուցչութիւն ապահովելու լայն հնարաւորութիւններ ունի, քան՝ նախկինը, որ կը գործէր 1960 թուականէն:

 

Այդ կարծիքին է նաեւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ եւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Տիար Սեպուհ Գալփաքեան, որ «Արեւելք»ի հետ զրոյցի ընթացքին մանրամասնութիւններ ներկայացուց ընտրական նոր օրէնքի առաւելութիւններուն մասին նշելով նաեւ, որ օրէնքը ինչքանով նպաստաւոր պիտի ըլլայ խորհրդարանի մէջ ընդգրկուած հայ ներկայացուցիչներուն համար:

 

Օրէնքը այսօր՝ 16 յունիսին Լիբանանի խորհրդանէն ներս քուէարկման պիտի դրուի, եւ նկատի ունենալով, որ 21 յունիսը խորհրդարանի վերջին աշխատանքային օրն է, օրէնքին մէջ ամրագրուած կէտ մը կայ այն մասին, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան մայիսին 2018-ին , հետեւաբար ներկայ խորհրդարանի ժամկէտը տասնըմէկ ամիսով կ'երկարաձգուի, միչեւ եկող մայիս: Ինչ կը վերաբերի օրէնքի մէջ հայերուն հետաքրքրող բաժինին, ապա, ըստ Սեպուհ Գալփաքեանի, այդ մէկը Պէյրութի բաժանումն է, որովհետեւ հայկական վեց աթոռներէն չորսը կը գտնուին Պէյրութի մէջ: Պէյրութը այս անգամ բաժնուած պիտի ըլլայ երկու մասի՝ Պէյրութ-1 եւ Պէյրութ-2 ընտրաշրջաններու, ուրեմն չորս հայկական աթոռները՝ երեք առաքելական եւ մէկ կաթողիկէ, զետեղուած են Պէյրութ- 1-ի մէջ, ուրկէ 8 պատգամաւոր պիտի ընտրուի, իսկ Պէյրութ-2-էն պիտի ընտրուին 11 պատգամաւորներ, -նշեց Լիբանանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորը:

 

Ըստ անոր, Պէյրութ-1-ին մէջ քուէարկողները հիմնական քրիստոնեայ տարրերէն կազմուած են: Այսինքն, Պէյրութ-1 ընտրաշրջանը կազմուած է քրիստոնեաներու շրջաններէն, իսկ Պէյրութ-2 ընտրաշրջանը մեծ մասամբ՝ 90 տոկոսով կազմուած է իսլամ քուէարկողներէ:

 

Այս օրէնքի նորութիւններէն մէկն ալ այն է, որ փոքրամասնութիւններուն յատկացուած աթոռը Պէյրութ-2 ընտրաշրջանէն պիտի փոխադրուի դէպի առաջին ընտրաշրջան: Ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններէն առաջ հայկական քաղաքական կեանքին մէջ գոյանալիք համաձայնութիւններուն, Սեպուհ Գալփաքեան ըսաւ, որ այդ մասին դեռ կանուխ է խօսելու: «Այս օրէնքը առաջին հայեացքով շատ պարզ եւ շատ դիւրին ընկալելի կը թուի, սակայն օրէնքի շերտերն ու մանրամասնութիւնները այնքան խրթին են, որ երկար ուսումնասիրութեան կարիք կայ: Հետեւաբար ոչ մէկ ուժ այսօրուընէ չի կրնար այդ հարցին պատասխանել»-ըսաւ մեր զրուցակիցը: Ան անդրադարձաւ նաեւ օրէնքի դրական կողմերուն, որոնցմէ մէկը կը համարէ մագնիսական քարտի օգտագործումը, ինչը նորութիւն պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ: Այդ քարտով ընտրողը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ իրեն ամենամօտիկ շրջանին մէջ քուէարկել:

 

Քարտի ներդրումէն բացի Սեպուհ Գալփաքեանը առաջընթաց համարեց այն, որ ընտրութիւններէն առաջ պէտք է հրապարակուին նախապէս տպագրուած ցանկեր, որոնք ընտրողը պիտի ստանայ ընտրատեղասին մէջ, իսկ նախապէս ան կամ իր հետ կը տանէր կամ դուռին մօտէն կը վերցնէր: Ցուցակներուն վրայ նաեւ պիտի ըլլան թեկնածուներուն լուսանկարները, որպէսզի ընտրողը դիւրութեամբ կողմնորոշուի եւ իր նախընտրած թեկնածուի օգտին կարենայ հեշտութեամբ քուէարկել: «Ինքը՝ ընտրութիւնը այնքան ալ բարդ աշխատանք չէ, ընտրողին այնքան ալ բարդ գործողութիւն չի սպասեր, ան ընդամէնը տպուած թուղթի վրայ երկու փոքրիկ նշագրում պիտի կատարէ՝ ընտրելով այն ցուցակը, որ կ'ուզէ եւ այդ ցուցակին մէջ՝ իր նախընտրած թեկանածուին»,-ըսաւ Լիբանանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորը, աւելցնելով, որ ընտրութեան գործընթացը այնքան խրթին չէ, որքան՝ հաշուարկի բաժինը, որ քաղաքացիին այնքան ալ չի հետաքրքրէր եւ պէտք չունի այդ մանրամասնութիւնները գիտնալու:

 

Ընտրական քաղաքական մեքենան, ընտրական քաղաքական մարմինը լուրջ աշխատանքի պէտք է լծուին, որպէսզի անոր կողմնորոշման, դիրքորոշման եւ անոր տուեալներու հիման վրայ բանակցութիւններ եւ դաշինքներ կազմուին. Այս տեսակէտը յայտնեց հայ քաղաքական գործիչը: Սեպուհ Գալփաքեանը մեր հետ զրոյցին ընթացքին նշեց նաեւ, թէ պատահական չէ, որ օրէնքին զուգահեռ առաջարկուած է տասնըմէկ ամսուան յետաձգում, քանի որ այսօրինակ ընտրութիւն Լիբանանի մէջ տեղի չէ ունեցած, եւ լիբանանցիները անտեղեակ են համամասնական ընտրակարգին, ուստի ծանօթացնելու եւ օրէնքը աւելի լաւ ուսումնասիրելու կարիք կայ: Ներկայ խորհրդարանի ժամկէտը երկարաձգելու համար բոլորը լաւ գիտէին, որ պէտք էր նոր ընտրական օրէնք մը վաւերացնել, որպէսզի երկարաձգումը նաեւ անոր հետ կապուէր, քանի որ, ինչպէս գիտէք, նախագահը կը մերժէր առանց նոր օրէնքի երկարաձգել խորհրդարանի աշխատանքները:

 

Սեպուհ Գալփաքեանը «Արեւելք»ի հետ զրոյցի ժամանակ ընդգծեց, թէ Լիբանանի բոլոր քաղաքական ուժերն ալ լաւ կը գիտակցին, որ նախկին օրէնքով հնարաւոր չէր ընտրութեան երթալ, քանի որ այդ օրէնքը բոլորին կողմէն գրեթէ մերժուած էր: «Ես կը կարծեմ, որ այս օրէնքը վաւերացնելու բոլոր ուժերն ալ ամբողջութեամբ համոզուած չեն, բայց այս քայլը այսօրուան դրութեամբ երկրին մէջ քաղաքական անդորրը պահելու համար առնուած քայլ մըն է, գոնէ մէկ տարի ժամանակ շահելու համար՝ մինչեւ նոր ընտրութիւն: Քրիստոնեաները, որ այս օրէնքի ջատագովն են, ըստ այս օրէնքին հնարաւորութիւն պիտի ստանան, որ իրենց պատգամաւորները իրենց ձայներով ընտրուին, եւ ինչ-որ ձեւով այս օրէնքով մեկուսանան միջավայրէն, քանի որ քրիստոնեական շրջանները գրեթէ անջատուած են միւս շրջաններէն, եւ մենք անոր համաձայն չէինք: Մենք համամիտ էինք, որ միջ-համայնքային գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդուի եւ շարունակուի եւ կը կարծեմ, որ քրիստոնեաններուն համար այս օրէնքը կրնայ աւելի վատ անդրադարձ ունենալ այդ առումով, քանի որ քրիստոնեաները քանի մը ուժերու պիտի բաժանուին, մեծ պլոք պիտի չունենան, այնինչ ուրիշները, յատկապէս շիիթ համայնքը պիտի ունենայ մեծ պլոք՝ միւս փոքր պլոքներու դիմաց, եւ այստեղէն է, որ շիիթ համայնքը կրնայ ամենաշահաւորը դուրս գալ, որովհետեւ իրենց շրջաններուն մէջ դժուար է, որ ընդդիմադիր ցանկեր պատրաստուին, իսկ եթէ ըլլան ալ, շատ չնչին տոկոսներ կը ստանան», - ըսաւ Սեպուհ Գալփաքեանը, նշելով, որ օրէնքը ամէն պարագայի վաւերացուած եւ քուէարկման դրուելով ընդունուած օրէնք է: «Նկատի ունենալով երկրի մէջ տիրող քաղաքական մթնոլորտը, պէտք էր ամէն գնով համաձայնութիւն գոյացնել նման օրէնք վաւերացնելու շուրջ, նոյնիսկ շատ ուժեր ուրիշ ելք չունենալով եւ այդ մէկը չուզելով ըրին: Արդիւնքը եղաւ այն, որ մենք ունինք այս օրէնքը, որ աւելի ժամանակակից է, քանի որ, ինչպես գիտէք, աշխարհի մէջ համամասնական օրէնքը միշտ ալ մեծամասնականէն աւելի դեմոկրատական է, որովհետեւ համամասնականի պարագային բոլորն ալ իրենց ուժերուն չափով ներկայացուած կ'ըլլան»:

 

Հայկական կուսակցութիւնները նախորդ խորհրդարաններուն մէջ եղած են տարանջատուած, որու հիմնական պատճառը, ըստ մեր զրուցակիցին, այն էր, որ պատգամաւորներու մէկ մասը կը գտնուէր 14 Մարտ ուժի հովանիին տակ, միւս մասը՝ 8 Մարտ քաղաքական ուժի հովանիի ներքոյ, իսկ այսօր տարանջատուածութեան այդ հիմնական պատճառը վերացած է եւ որեւէ մէկ թեկնածու կարիք չունի այլ ուժերու հետ դաշինքներ կնքելու, «կը կարծեմ, որ տրամաբանական է, որ հայ քաղաքական ուժերը գործակցին»,-ըսաւ Սեպուհ Գալփաքեանը:

 

«Կ'ուզեմ մատնանշել, որ Լիբանանի մէջ ընտրական օրէնքի վաւերացումը երբեք ալ կապ չունի ընտրութիւններու տեղի ունենալ- չունենալու հարցին հետ, տասնմէկ ամիսը բաւական երկար ժամանակ է Լիբանանի համար, որպէսզի քաղաքական ուժերը, որոնք այս օրէնքը կազմեցին, քանի մը անգամ մտածեն, լաւագոյն ձեւով քննարկեն այս օրէնքի աննախատեսելի արդիւնքը, որովհետեւ ինչքան ալ սերտես, հմուտ ըլլաս, արդիւնքները կրնան անկանխատեսելի ըլլալ: Յուսամ օրէնքը լաւագոյնս կը գործէ եւ հայկական առածի տրամաբանութեամբ՝ անձրեւէն փախելով կարկուտի տակ չենք իյնար»,-մեր զրոյցը եզրափակեց Սեպուհ Գալփաքեան: