image
Հրատապ լուրեր:

Մեծագոյն ուսուցիչս մեծ հայրս եղաւ. Ալպէր Պոյաճեան

Մեծագոյն ուսուցիչս մեծ հայրս եղաւ. Ալպէր  Պոյաճեան

    Օրեր առաջ Երեւան այցելած  Ալպէր Պոյաճեանը յայտնի անուն է, ոչ միայն Լիբանանի երաժշտական շրջանակներուն այլ նոյնպէս  արաբական աշխարհին մէջ: Հարուածային գործիքներու արուեստին տիրապետող Պոյաճեան կը սերի երաժշտութեան հանդէպ յատուկ սէր  եւ համակրանք ունեցող ընտանիքէ մը: Ինչպէս Ալպէր պատմեց «Արեւելք»ին անոր  վրայ  մեծ ազդեցութիւն  գործած է իր մեծ հայրը,  որ ըլլալով արաբական թմբուկի՝ «Տըրպաքէ»ի սիրահար մը, միշտ երազած է Ալպէրը տեսնել բարձր դիրքերու եւ յատկապէս միջազգային մակարդակի  արուեստ ներկայացնող բեմերու վրայ:

    «Արեւելք» օգտուելով Ալպէրի Երեւան գտնուելու պատեհ առիթէն  ունեցաւ այս շահեկան հարցազրոյցը, հաւատալով որ ան շատ մօտիկ ապագային  երաժշտական բարձր գագաթներ պիտի նուաճէ եւ իր սիրած երկու երկիրներուն՝ Հայաստանին եւ Լիբանանին  պատուաբեր եւ փայլուն  յաջողութիւններ ապահովէ:

 

 «ԱՐԵՒԵԼՔ»

 

Ուրկէ՞ եւ ի՞նչ պայմաններու բերումով մուտք գործեցիք երաժշտական ասպարէզ:  

Ես պարող էի:  18 տարի պարած եմ Լիբանանի «Մանսուր Ալ Ռահպանի»ի խումբի հետ: Բայց նաեւ շատ կը սիրէի նուագել: Մեծ հայրս «տըրպաքէ» կը նուագէր եւ ես միշտ կը հետեւէի իրեն: Ան կ’ուզէր, որ ես իր նման նուագող ըլլամ, բայց ես իրեն միշտ կ’ըսէի՝ «ես պարող եմ եւ կը փափաքիմ պարի դպրոց  մը հիմնել»: Նուագելը ինծի համար ձիրք էր, բայց մեծ հօրս մահէն ետք այլ իմաստներ ստացաւ: Այսօր մեծ հօրս այս աշխարհէն հեռանալէն տարիներ անց կը հաւատամ, որ ան իմ մեծագոյն ուսուցիչս դարձաւ: Նախ, օնլայն դասերու հետեւեցայ, ետքը յաճախեցի Լիբանանի երաժշտական ուսումնարան եւ սորվեցայ նուագել հարուածային բոլոր տեսակի գործիքներ` արաբական, եւրոպական, լատինական:

 Սկզբնական շրջանին, նուագեցի Լիբանանի «Ալ Մանտալուն» գիշերային ակումբին  մէջ, 4 տարի: Այսպիսով ճամբաս փոխեցի`պարի ասպարէզէն անցայ երաժշտական ասպարէզ: Սակայն նշեմ, պարը ինծի շատ օգնեց`միաժամանակ կրցայ նուագել եւ բեմին վրայ տարբեր  մօտեցումներով հանդէս գալ:

Ետքը, ուզեցի խորանալ երաժշտական դաշտին մէջ եւ ուսանիլ Music production: Ուսումս աւարտեցի մասնագիտանալով key base file կամ Լogic file-ի մէջ, եւ անձնական studio (արուեստանոց) մը ունեցայ: 

Գիշեր ցերեկ աշխատեցայ եւ գիտելիքներս կատարելագործեցի: Երբ արդէն պատրաստ էի երկիրս ներկայացնելու, սկսայ ճամբորդել տարբեր երկիրներ` Եւրոպայ, Իտալիա,  Տուպէյ,  մինչեւ  Հնդկաստան  հասայ:

Ես սոլիսթ եմ եւ խումբերու հետ չեմ նուագեր: Ունիմ deejay եւ միասին  remix-ներ կ’ընենք: Կը միացնեմ երգերը`արեւելեանը անգլերէնին, հայկական տհոլը եւրոպական երգին եւ այլն: Ընդհանուր ներկայացումը 25 վայրկեան կը տեւէ:

2010-ին մասնակցեցայ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած «Arab got talent» ծրագիրին եւ 45 հազար մասնակիցներու մէջէն, հասայ կիսաեզրափակիչ փուլ եւ այդ տարի ալ երկրորդութիւնը շահեցայ: Այդ մասնակցութիւնը ուժ տուաւ ինծի` աւելի լաւ  աշխատելու եւ բարձր տեղեր հասնելու:  

2014-2016թթ. նոյնպէս Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող «Star Academy» ծրագիրը ուզեց որոշ երաժշտական դասեր տամ  մասնակիցներուն: Բայց ես դասաւանդման փորձ չունէի: Ուրախացայ, ոգեւորուեցայ եւ ընդունեցի առաջարկը: Այդ ծրագիրը շատ ճանչցուած էր ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ արաբական աշխարհի մէջ: Առջեւս շատ մեծ առիթներ բացաւ: Սկսայ  հրաւէրներ ստանալ եւ  ճամբորդել տարբեր երկիրներ:

 

Ձեր ստեղծագործութիւններուն մէջ հայկական մեղեդիներ կը հնչե՞ն:

Անշո՛ւշտ: Ես հայկական երաժշտութիւն շատ կը սիրեմ եւ իմ նուագած երաժշտութեան մէջ կը լսես զուրնա, հայկական տհոլ, տուտուկ: Այս բոլորը` արեւելեան եւ արեւմտեան երաժշտութեան տարրերը, միացնելով իրար, կը ստեղծեմ նոր երաժշտութիւն մը:

 Իմ առաջին հեղինակած երաժշտութիւնը հետս Հայաստան բերած եմ: Այն ներկայացուցի Domino Production-ի տղոց եւ անոնք շատ սիրեցին: Կը փափաքիմ, հոս տեսահոլովակ մը նկարահանել: Այդ երաժշտութեան մէջ ամէն տեսակի հարուածային գործիքներ կան` timbales, արեւելեան հարուածային գործիքներ, տհոլ, զուրնա, տուտուկ եւ flute:

Վերջերս, Լիբանան տեսահոլովակ մը ալ նկարեցի եւ այն «Րամատան»-էն ետք պիտի հեռարձակուի:

 

Եթէ առիթ ըլլայ եւ մարդիկ հարցնեն, սա ի՞նչ երաժշտութիւն է, կը բացատրէք եւ կ’ըսէ՞ք  որ հայկական է:  

Անշո՛ւշտ կ’ըսեմ: Շատե՜ր կը հարցնեն: Չեմ վախնար ըսելու հայկական է: Շատ հպարտ եմ որ հայ եմ եւ ուր որ ալ երթամ հայու անունը միշտ բարձր պիտի պահեմ: Ես կը կարծեմ, եթէ հայ չըլլայի, հոս չէի հասներ, որովհետեւ հայու նմանը չկայ: Հայը ամէն ինչ կրնայ լաւագոյնը կատարել: Հայ ժողովուրդը շատ խելացի ժողովուրդ է եւ բոլոր ազգերը իրմէ կը սորվին: Արաբները մեզ համար աշակերտներ են եւ ոչ թէ ուսուցիչներ:

 

Քիչ առաջ գեղեցիկ արտայայտութիւմ մը ըսիք`«աշխատեցայ իմ վրաս», ի՞նչ կ’ուզէիք ըսել:

Անձ մը եթէ նպատակ ունենայ եւ աշխատի ինքն իր վրայ` կը հասնի մեծ յաջողութիւններու: Առանց աշխատանքի մարդ տեղ չի կրնար հասնիլ: Շատեր բախտաւոր են` առանց մեծ ճիգ թափելու հասած են տեղ, սակայ օրը կու գայ եւ կ’իյնան եւ անոնց համար դժուար կ’ըլլայ ոտքի ելլել: Բայց, եթէ աշխատիս քու անձիդ վրայ, դիւրին չես սայթաքիր:

 

Ինչպէ՞ս է արաբ գործընկերներու վերաբերմունքը Ձեր հանդէպ: Որովհետեւ արաբական աշխարհը շատ մեծ արուեստի աշխարհ մը կայ եւ իրարու նկատմամբ միշտ նախանձ ունին:

Այո՛, շատ ճիշդ է: Արաբները միշտ կը կարծեն, որ իրենք են խելացիները, բայց երբ իմանան խումբի մէջ հայու մը ներկայութիւնը, պահ մը կը կենան եւ  նախանձ մը կ’արթննայ իրենց մէջ, որովհետեւ գիտեն հայու  կարողութիւնները  եւ տաղանդը:  Մենք, հայերս Լիբանանի մէջ քիչ ենք, բայց զօրաւոր ենք: 

Խանգարողներ ալ շատ կան, բայց երբ դուն ականջներդ գոցես եւ միայն գործդ ընես, կը  տեսնեն զօրաւոր անձ մըն ես եւ բանէ մը չես վախնար:

 

Հայաստան առաջի՞ն անգամ ըլլալով կ’այցելէք:

Ասիկա իմ չորրորդ այցելութիւնս է: Ես միշտ փափաքած եմ Հայաստանի մեր երաժիշտներուն, երգիչներուն եւ երգահաններուն համար իւրայատուկ բան մը ընել` իրնեց հետ համագործակցիլ, տանիլ Լիբանան կամ ուրիշ երկիրներ, օգտուիլ իրենց արուեստէն եւ նաեւ օգնել իրենց համաշխարահային անուն ունենալու:

Հայաստանը Ձեզ համար ներշնչման աղբիւր կը դառնա՞յ:

Անշո՛ւշտ: Հայաստանէն ուժ կը ստանամ եւ կ’ուզեմ նորութիւն մը ընել:Հայ ազգը արուեստագէտ ազգ է: Գաղտնիք չէ, որ հայ ընտանիք մը չկայ, որուն մէջ նուագող մը չըլլայ: Բոլորը, կա՛մ կ'երգեն, կա՛մ կը նուագեն եւ կա՛մ ալ կը պարեն:Լիբանանի ժողովուրդի մէջ չես տեսնէր այս երեւոյթը:

Կը սիրէ՞ք ձեր ծննդավայր՝ Լիբանանը:

Այո՛, կը սիրեմ, որովհետեւ իմ ծննդավայրս է եւ հոն մեծցած եմ: Բայց երազ մը ունիմ. Կ’ուզեմ հոս, Հայաստանի մէջ շարունակել իմ ապագայ գործունէութիւնս: Անցեալ տարի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացայ եւ կտոր մը հող գնեցի: Այսպիսով, առաջին քայլը կատարեցի հասնելու իմ երազանքիս:

Հիմա, Հայկական անձնագիրով կրնամ ըսել հայ եմ եւ նոյնիսկ կրնամ փաստել: Արաբական անձնագիրով չէին հաւատար հայ ըլլալս: 

 

Երաժշտութիւն գրելու համար յատուկ մթնոլորտ մը կ’ուզէ՞ք:

երաժշտութիւն յօրինելը յատուկ եւ յստակ ժամ մը չունի:  Չես կրնար ըսել, հիմա նոր երաշտութիւն մը պիտի սկսիմ գրել, եւ գրես: Երաժշտութիւնը մարդու խորքէն կ’ելլէ:  Այս պատճառով ալ կարեւոր է անձը ձիրք ունենայ:  80 տոկոսով մարդու մէջէն կու գայ եւ 20 տոկոսը միան ինքնաշխատութեան արդիւնք է: Եթէ ձիրք չունիս, դժուար յօրինես: Արուեստագէտը, արուեստգէտ կը ծնի: Մարդ չի կրնար արուեստագէտ ըլլալը սորվիլ: Արհեստը կը սորվիս, բայց արուեստը չես կրնար սորվիլ:

Երաժիշտ մը կայ որ Ձեր վրայ ազդած է:

Շատ կը սիրեմ այն երաժիշտները, որոնք նուագած են Եաննիի հետ, յատկապէս ջութակահար Սամուէլ Երուինեանի կատարումները:

Ես կ’ուզեմ ըսել բոլոր հայերուն.  Ուր որ ալ ըլլանք, միշտ մեր ազգի անունը պէտք է բարձր պահենք, եւ պէտք է մեր տաղանդը եւ կարողութիւնները աշխարհին ցոյց տանք:

Ես եթէ նախարար մը ըլլայի Հայաստանի մէջ, կեդրոն մը կը ստեղծէի, ուր բոլոր երաժիշտներուն գործ կը գտնէի, եւ առիթ կու տայի համագործակցիլ նաեւ  կապ հաստատել դուրսի ժողովուրդի հետ: 

 

Հարցազրոյցը ՝ «ԱՐԵՒԵԼՔ»ի