image

Իմ շրջապատս բոլորը Մաքրոնին քուէարկած են. CCAF-ի փոխնախագահ

Իմ շրջապատս բոլորը Մաքրոնին քուէարկած են. CCAF-ի փոխնախագահ

Վերջին օրերուն, քաղաքական գետնի վրայ ամենաքննարկուող իրադարձութիւնը Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններն էին, ուր յաղթանակ տարաւ Էմանուէլ Մաքրոնը: Այս առիթով «Արեւելք»-ը կապ հաստատեց Ֆրանսիայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող մարմնի (CCAF) փոխնախագահ Էլիան Գազանճեանին հետ, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց Ֆրանսայի մէջ տիրող իրավիճակը եւ հայութեան տեսակէտը այս հարցի շուրջ:

 

Տիկի՛ն Էլիա, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Մաքրոնի ընտրուիլը:

Շատ ուրախ եմ, որ պարոն Մաքրոնը ընտրուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ: Անկարելի էր, որ այլ մարդ զբաղեցնէր այդ պաշտօնը:

 

Ինչու՞:

Նախագահի միւս թեկնածուն՝ Մարի Լը Փենը, կտրուկ դիրքորոշում որդեգրած էր գաղթականներու նկատմամբ: Սա բաւականին մեծ խնդիրներ կրնար առաջացնել գաղթականներու, այդ շարքին նաեւ՝ հայերու համար: Այս է թերեւս գլխաւոր պատճառը:

 

Ձեր կարծիքով՝ ֆրանսացիները, այս ընտրութեամբ, ի՞նչ կ'ուզէին ըսել:

Մարի Լը Փենը Ֆաշիստ է. անոր անունը փոխուած է: Մեզի համար պարզ էր անոր դիրքորոշումը, եւ մենք գիտէինք ատոր հիմքը: Անկարելի էր թոյլ տալ, որ ան դառնար նախագահ:

 

Իսկ ի՞նչ կը կարծէք՝ Մաքրոնի ընտրութիւնը հայութեան համար ինչպիսի՞ն կ'ըլլայ:

Յոյս ունիմ, որ կը կարենանք աւելի լաւ ներկայացնել հայ ժողովրդը, եւ ան հայանպաստ գործունէութիւն կը ծաւալէ:

 

Ֆրանսայի նախագահները հայութեան միշտ սին խոստումներ կու տան: Այս կապակցութեամբ Ձեր տեսակէտը ինչպիսի՞ն է:

Արդէն քանի տարի է՝ Ֆրանսան, նախագահի մաշտապով, կ'ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Կը կարծեմ՝ մենք պէտք է աւելի հետեւողական ըլլանք եւ ներկայացնենք, թէ ով է հայը:

 

Ի՞նչ կը կարծէք՝ Ֆրանսայի ամբողջ հայութիւնը իր ձայնը Մաքրոնի՞ն տուած է:

Ամբողջական առումով դժուար է ըսել, բայց Իմ շրջապատս, ամենայն դէպս, բոլորը իրենց ձայնը Մաքրոնին տուած են: