image

Հայ ժողովուրդին կրած վնասները կարելի չէ թուանշաններով գնահատել. Մկրտիչ Պուլտուքեան

Հայ ժողովուրդին կրած վնասները կարելի չէ թուանշաններով գնահատել. Մկրտիչ Պուլտուքեան

Հայոց  Ցեղասպանութեան  հետեւանքով   արեւմտահայութեան կրած նիւթական   կորուստներուն,  Ցեղասպանութեան հետեւանքներու     վերացման եւ  հատուցման     թեմային  վերաբերորող նիւթերու    մասին  ընդհանուր պատկերացում մը ունենալու  նպատակով « Արեւելք» հարցազրոյց  մը ունեցաւ  է  Լիբանանի Կեդրոնական  դրամատան նախկին  փոխկառավարիչ,  ծանօթ  տնտեսագէտ,տնտեսական  բազմաթիւ  գիրքերու, ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, միջազգային գիտաժողովներու մասնակից,փորձագէտՄկրտիչ  Պուլտուքեանի հետ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք   հարցազրոյցը իր ամբողջութեամբ:

 

-Ֆինանսական  տեսանկիւնէ  դիտելով,  ինչպիսի՞ վնասներ  կրած է  հայ ժողովուրդը  Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով:

 

-Հայ ժողովուրդին կրած վնասները կարելի չէ թուանշաններով  գնահատել, ոչ Ցեղասպանութեան հետեւանքով  վնասները եւ  ոչ ալ՝ Ցեղասպանութենէն առաջ դարերու ընթացքին կրած կորուստները ՝ այն օրերէն երբ օսմանցիք տիրեցին Փոքր Ասիոյ  հայութեամբ բնակուած տարածաշրջանին:

Բաւական երկար պիտի  ըլլայ  թուելձեր հարցադրած՝ «ինչպիսի՞ վնասներ»ու ցանկը, սակայն դիւրացնելու կամ  գաղափար մը կազմելու նպատակովփորձենք միայն   տնտեսական դիտանկիւնէն, գլխաւոր կէտերու մէջ ներկայացնել «վնասներ» կամ կորուստներ  հասկացողութիւնը.

-         Հայ սեղանաւորներուն  չվերադարձուած փոխառութիւններն ու վարկերը

-         Հայ սեղանաւորներուն Գանձային  պահեստներու բռնագրաւումը

-         Կանխիկ գումարներու, հարստութիւններու, հաստատագիրներու կողոպուտը

-         Թանկագին մետաղներ, օտար դրամանիշ եւ  արժեթուղթերու իւրացումը

-         Ապահովագրականեւ կալուածային արժեթուղթեր

-         Ձեռնարկային  փաստաթուղթերու  եւ արժեգիրերու ոջնցացումը

-          Դրամատուներու աւանդներ, վճարագիրեր ու վարկագիրերու անհետացումը

-         Վանքեր, եկեղեցիներ,կրթական  օճախներ, ամրոց դղեակներ, վաճառատուներ, արհեստանոցներ, առեւտրական եւ արհեստից հաստատութիւններ,բնակարաններ, պալատներ,  կալուածներ եւ անոնց հարստութիւններուն ապօրինի  տիրացումը

-          Թեթեւ եւ ծանր արդիւնաբերական բնագաւառներ ինչպէս՝  բամպակի, ցորենի, գարիի,  զանազան արմտիքներու, պտղատեսակներու, գիւղատնտեսական (այգիներ, խաղողի եւ գինիի, արտադրութիւն), անասնաբուծական, արջառ, ագարակներ.....  երկար  է  շարքը... :

 Տակաւին չեմ ուզեր խօսիլ մարդկային կորուստներու,ու մատղաշ սերունդներու կորուստին մասին: Ամբողջժողովուրդ մը իրարդիւնաբերութեամբ ու  տնտեսութեամբ,կալուածներով,,,   հարստահարուեցաւ,տեղահանուեցաւեւ կոտորուեցաւ: Այոհայ ժողովուրդը թալանուած էր դարերու ընթացքին, բայց  Ցեղասպանութիւնը արմատախիլ  դարձուց մեր  ժողովուրդը իր հողէն, հարստութիւններէն, կալուածներէն:  Ֆիզիքապէս, բարոյապէս,  տնտեսապէս  ոչնչացնելու  ծրագիր  մըն էր  Ցեղասպանութիւնը: Թալանուեցաւ այն ինչ  կը պատկանէր հայ ժողովուրդին: Իմ նշումներս աւելի պատկերաւոր գնահատելու համար պիտի  թելադրեմ, որ  մեր ընթերցասէր հասարակութիւնը կարդայ Դոկտ.  Պետրոս Տէր Մաթոսեանի «Հայ Դրամագլուխին Ճակատագիրը, Օսմանեան  Կայսրութեան Վերջաւորութիւնը» արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնը: Այնտեղ շատ  յստակ եզրակացութիւնպիտիքաղէք  Երիտթուրքերու եւ անոնց յաջորդող Հանրապետականներու  ձեռամբ, 1915-1923 տարիներու մէջ ինկած  ժամանակամիջոցին,մեր ժողովուրդին  ֆիզիքական, տնտեսական, մշակութային ու ընկերային կորուստներուն մասին: Միաժամանակ  պիտի  թելադրեմ  կարդալ « Հայ Սեղանաւորները Օսմանեան  Կայսրութեան Մէջ» գիրքս (բազմալեզու  հրատարակութիւն մը), որմէ օրինակներ կարելի է գտնել  Հայաստանի Ազգային  Գրադարանին մէջ:

 

 

 

Արդեօք անոնք այսօր  վերականգնելի՞  են:

Պատ.  Իմ կարծիքով,  ներկայիս  կարելի   չէ  վերականգնել  հարիւր եւ աւելի տարիներէ յափշտակուած  հայ ժողովուրդին   հարստութիւնները:Այն կալուածները, որոնց  վաւերաթուղթերը  գոյութիւն ունին, հաւանական է որ  միջազգային ֆինանսական դատարան մը  ապահովէ անոնց իրաւունքները: Սակայն լաւ գիտցէք, որ արհեստագիտական կամ արհեստական  պատճառներով  անպայմանօրէն պիտի  սահմանափակուին գործադրութեանց ճանապարհները:  Ցարդ  տեղեակ  չեմ նման դատարանի մը  գոյութեան:Պէտք է ստեղծել  այդպիսի դատարան։  Նոյնիսկ եթէ   հայցողը  շահի   իր դատը, պարտական կողմը  հատուցելու միջոցները  չունենալու  պարագային, անհնար պիտի  ըլլայ  որեւէ   բան ձեռք  ձգել: Նշեմ նաեւ,որ  փաստաբանական  ծախսերը  նոր բեռ մը պիտի աւելցնեն իրաւունք պահանջողին ուսերուն վրայ:

 

 

Ձեր  կարծիքով,  Ցեղասպանութեան  հետեւանքով յառաջացած  ոչ նիւթական  վնասը  ինչպէ՞ս պէտք է փոխհատուցուի:

Յաճախ ոմանք  զուգահեռներ կը կատարեն Գերմանիոյ  կողմէ  Ողջակիզումի   ենթարկուած հրեաներու ժառանգորդներուն ստացած  փոխհատուցումներուն եւ  Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով մեր ժողովուրդին  իրաւունքներուն միջեւ: Այո, երբ  զօրաւոր է վնասուող կողմը, զօրաւոր  բառին   իսկական իմաստով՝  քաղաքական, տնտեսական, քարոզչական ու դիւանագիտական...: Այդ պարագային  միայն կարելի  պիտի  ըլլայ ստանալու փոխհատուցում, պայմանով որ  վնաս պատճառողը ունենայ  հատուցելու  միջոցներ:Սակայն Թրքական պետութիւնը Գերմանիա մը չէ ու չի կրնար ըլլալ ապագային։ Գալով հայ  ժողովուրդին, չեմ  խորհիր,թէ այդ զուգահեռը  ի զօրու ըլլայ եւ գործադրուի:  Ընթերցողին կը ձգեմ վերլուծելու թէ ինչո՞ւ ...

Ֆինանսական եւ գոյքային  հատուցում հնարաւո՞ր է Թուրքիոյ  ներկայ ղեկավարութեան կողմէ:

Ինչպէս   քիչ առաջ նշեցի,  այդ մէկը կարելի չէ ներկայիս:  Թրքական պետութիւնը բեռնաւորուած է միլիառաւոր  գանձային պարտամուրհակներու տակ:  Միւս  կողմէ,  ան ոչ մէկ  կերպ յանձնառու կը նկատէ ինքզինք  հայ ժողովուրդին հանդէպ:  Ոչ իսկ կ'ուզէ լսել հայութեան պահանջները, ուր մնաց հատուցումները...: Մտադրութիւն չունի այսօր, ոչ ալ կրնայ  ունենալ ապագային: Եթէ  լաւ ուսումնասիրէք Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն  ետք  Թուրքիոյ  տնտեսութեան վերականգնումը, պիտի յանգինք այն եզրակացութեան, որ  Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, Համաշխարհային  Դրամատունը (World Bank), Միջազգային Ելեւմտական Հիմնարկը (IMF)  եւ այլ  հեղինակաւոր հաստատութիւններ, կառոյցներ, նաեւ մեր հիւսիսի դրացին(նախկին եւ այժմեան իշխանութիւնները) հսկայականօգնութիւններ կատարած են  Թուրքիոյ, զանազան  ռազմավարական պատճառներով, առանց  թուելու զանոնք: Այդ  օժանդակութիւնները  կը շարունակուին մինչեւ օրս:

  Մենք արտերկրի հայերս,Օսմանեան  Կայսրութեան  կազմակերպած  Ցեղասպանութեան  մնացորդներս  եւ  ներկայի  Հայաստանի Հանրապետութիւնը միասնաբար  ին՞չ ունինք շնորհելու  ռազմավարական գետնի վրայ, որպէսզի  վերեւ յիշուած պետութիւնները նպաստեն մեր  փոքր, առանց ծովի՝ ծիլ  հանրապետութեան որուն ընկերատնտեսական արմատներուն մէջ չենբացակայիր   մենաշնորեալները, պետական ունեցուածքիփութացողները, դատաիրաւական խախտումները, կաշառքը ու դրամաշնորհի փոշիացումը: Դժբախտաբար այս   տխուր երեւոյթները պատճառ կը դառնան, որ  հայրենակերտումի   ծառը    բարգաւաճելու փոխարէն  թերաճ մնայ, տկարանայ եւ օր մըն ալ փտտի: Գալով  Հայաստանին կատարուող   օժանդակութիւններուն, այն  ինչ,որ  օտար,  վերեւ յիշուած պետութիւններ կը նպաստեն  հայութեան ու  ներկայ  հանրապետութեան, ողորմութեան նման   բան մըն է եւ մենք տակաւին եկեղեցիներու մէջ կ'երգենք մեր Տէր Ողորմեան:

Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգները  ինչպէ՞ս  պէտք է ստանան իրենց նախնիներուն ժառանգութիւնը:

Իմ կարծիքով   միայն   փաստաթուղթերու առկայութեան: Սակայն երկար եւ ծախսալի  աշխատանք մը  կ'ենթադրէ այս  գործընթացը, անշուշտ եթէ  իւրաքանչիւր հայորդի այդպիսի քայլի մը  որոշէ  դիմել:  Սակայն,  միջազգային ֆինանսական  դատարանի մը ստեղծումը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ( United Nations ) հովանաւորութեանտակ,  հզօր պետութիւններու  գործակցութեամբ, կարելի պիտի  ըլլայ հայ եւ  այլ ազգերու դատերը  բարձրացնել ամպիոն:  Միացեալ Ազգերու  Կազմակերպութիւնը  իրեն կից ունի այլ կազմակերպութիւններ, ինչպէս  Ուտեստեղէնի եւ Հողատնտեսութեան  Կազմակերպութիւնը (FAO) Հռոմի մէջ, Միջազգային Քրէական Ատեանը (ICT), Լը Հայի մէջ, Հոլանտա: 

Եզրակացնելու համար՝   առարկայականօրէն  դիտենք մեր կարելիութիւնները, ծրագրաւորենք ապագայի մերհեռանկարները, արմատախիլ դարձնելով  ընկերատնտեսական վատառողջ ախտերն ու մակաբուծութինը,  գուրգուրանք  եւ պաշտպանենքմեր ներկայի ունեցածը:  Այսպէս  կը պահանջեն  մեր  պայմանները  այսօր:

 

 

 Հարցազրոյցը ՝ Ս. Ա.-ի