image
Հրատապ լուրեր:

«Եթէ Ծրագիրներուդ Մէջ Ինքնավստահ Ես, Պէտք Չէ Բռնանալ Ուրիշի Կարծիքին». Վերա Սիսեռեան

«Եթէ Ծրագիրներուդ Մէջ Ինքնավստահ Ես, Պէտք Չէ Բռնանալ Ուրիշի Կարծիքին». Վերա Սիսեռեան

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ առնչուած Hayernaysor.am կայքը վերջերս հարցազրոյց մը ունեցած է, լիբանանահայ «Սեւան» ձայնասփիւռի կայանի հաղորդումներու գլխաւոր խմբագիր, հոգեբան եւ մանկագիր Վերա Սիսեռեանի հետ։  Նշենք, որ վերջինս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագրի ծիրէն ներս, քանի մը շաբաթ առաջ դասախօսած է՝ Սփիւռքի երիտասարդ լրագրողներու դասընթացքներուն մասնակցող սփիւռքահայ լրագրողներուն: Հարցազրոյցի շահեկանութեան համար զայն կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։

                                                                                                              «Խմբ»

-Տիկի՛ն  Սիսեռեան, ի՞նչ խնդիրներ կան լիբանանահայ համայնքի մէջ: Որո՞նք են պատճառները:

- Հիմնականը հայերէնի իմացութեան  մակարդակն է: Մայրենին գոհացուցիչ վիճակի մէջ չէ: Եւ անիկա ունի իր պատճառները: Առաջինը, ինչ խօսք, համայնքի նօսրացումն է` 1975 թուականին սկսած քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով: Երբեմնի 200 հազարնոց համայնքը այսօր մօտ 100 հազար է: Երկրորդ պատճառը` նոր երեւոյթները, իրողութիւնները արագ ընդունելու հանգամանքն է, եւ որոշ բաներ վերադասաւորելու, վերանայելու անհրաժեշտութիւնը` դպրոցական ծրագիրներ, մասնագիտական մարդուժ եւ այլն: Երրորդը հայագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու հարցն է: Ուսուցիչները շատ յաճախ չունին մասնագիտական կրթութիւն եւ սա լուրջ խնդիր է:

Այս պայմաններու մէջ ի՛նչ խնդիրներ կունենայ հայալեզու լրատուամիջոցէն ներս  աշխատող լրագրողը:

- Լրատուամիջոցներէն ներս  ունինք ո՛չ միայն հայերէնին լաւ տիրապետող լրագրողներու պակաս, այլ նաեւ մասնագէտ-հիւրերու  խնդիր, քանի որ անոնց լեզուի իմացութեան մակարդակը նոյնպէս գոհացուցիչ չէ:  Օրինակ` եթէ կը ցանկանք սննդագէտ հրաւիրել, արդէն գիտենք, որ ան պիտի խօսի քիչ մը անգլերէն, քիչ մը արաբերէն, քիչ մը ֆրանսերէն ու քիչ մը հայերէն, որ ընդունելի չէ հեռարձակման համար: Մենք այդ հարցը որոշ չափով լուծեցինք նորագոյն արհեստագիտական միջոցներէն օգտուելով: Բայց ինչ ընենք, կը վարժուինք եղած պայմաններուն եւ կը շարունակենք մեր գործունէութիւնը: Չսահմանափակուելով միայն Լիբանանով` մենք ձայնային կամուրջներ ստեղծեցինք ԱՄՆ-ի, Գանատայի, եւրոպական  շարք մը երկիրներու եւ առաջին հերթին Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի հետ:

- Արդեօք կա՞յ անաչառ լրատւութեան բացըեթէ այո՛ի՞նչ ընել այդ պարագային:

- Դասական Սփիւռքը ինչպէս գիտէք, կ’առաջնորդուի կուսակցութիւններու կողմէ, որոնք եւ կը հիմնեն բազմաթիւ կառոյցներ, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներ: Երբ անկախ է լրատուամիջոցը, կը յառաջանան նիւթական խնդիրներ:

Այս ամէնը մենք կը գիտակցէինք, երբ հիմնեցինք “Սեւան” անկախ ձայնասփիւռը: Նիւթական դժուարութիւններէն բացի, կ’ունենանք նաեւ այլ արգելքներ: Լիբանանը օրինաւոր հիմքերու վրայ հիմնուած երկիր չէ: Ճիշտ է` ժողովուրդը հիւրընկալ  է, բարի, բայց հետեւողական չէ խնդիրներու լուծման հարցով: Ամէն ինչ կը ձգեն ինքնակարգաւորման: Խնդիրներ կ’ունենանք նաեւ ձայնի որակի հետ, համացանցի հասանելիութեան եւ այլն:

- Ի՞նչ նպատակով հիմնեցիքՍեւանռատիոկայանը: Այսօր նո՞յն նպատակին կը ծառայէ:

- Նպատակը եղած է եւ կը մնայ հայերէնի պահպանումը, ազգային արժէքներու փոխանցումն ու անկախ լրատուամիջոցի զարգացումը: Լրատուամիջոցները գլխաւորաբար կուսակցականացուած են: Մեր խնդիրը այլընտրանքային լրատուամիջոց ստեղծելն էր, որ իր բոլոր գործառոյթներու մէջ առաջնահերթութիւնը կու տար հայկականութեան ու ազգայինին:

Հիմնական նպատակ էր նաեւ այլազան տեղեկատուութեան ապահովումը, որովհետեւ մարդ պէտք է ամէն բան լսէ եւ ինքը որոշէ, թէ ո՞ր մէկը ընտրէ: Բնականաբար կը յարգենք նաեւ կուսակցական լրատուամիջոցները, քանի որ մեծ աշխատանք կը տանին, սակայն պէտք է շատ ըլլան անկախ լրատուութեան աղբիւրները: Ամէն ինչ միակողմանի ըլլալ չի կրնար, գաղափարներու այլազանութիւն պէտք է ըլլայ:

Ի՞նչ փոխած է ձեր լրատուամիջոցը համայնքի կեանքի եւ անոր զաւակներու մտածողութեան մէջ:

- Ութը տարին շատ կարճ ժամանակ է, բայց կրնամ ըսել, որ անկախ մտածողութեան եւ անկախ արտայայտուելու մեր հիմնական նպատակակէտին որոշ չափով հասած ենք: Ունկնդիրները կրնան միացնել ռատիոկայանը եւ գտնել իրենց ուզած հաղորդումը: Մենք չենք դադրեցներ հեռարձակումը, եթէ նոյնիսկ մեր դէմ խօսին: Գերակայ է ազատ խօսքի իրաւունքը. եթէ ինքնավստահ ես քու ծրագիրներուդ, պէտք չէ  բռնանալ ուրիշի կարծիքին:

-Ինչպիսի՞ ծրագրային քաղաքականութիւն կը վարէքՆորութիւններ կը սպասուի՞ն ձեր ունկնդիրներուն:

- Բոլոր  տարիքային խումբերու համար հաղորդումներ ունինք: Աւագ սերունդի լրագրողները գլխաւորաբար իրենց հասակակիցներու համար հաղորդումներ կը պատրաստեն, իսկ երտասարդներու համար կ’աշխատին երիտասարդ լրագրողներ, քանի որ 18-20 տարեկանի հետաքրքրութիւնները բոլորովին կը տարբերին աւելի հասուն սերունդին պատկանողներու հետաքրքրութիւններէն: Կը փորձենք պահել հաւասարակշռութիւնը` բաւարարելով ամենափոքրէն մինչեւ ամենամեծի պահանջները: Իսկ նորութիւններ միշտ կը սպասուին: Մենք կը գործենք Սեպտեմբերէն Փետրուար, քիչ մը դադար կ’առնենք, յետոյ նորէն կ’աշխատինք մինչեւ Յուլիսի վերջը: Հիմա ալ երեքշաբաթեայ դադարէն ետք` կը վերադառնանք նոր ծրագիրներով:

Ի՞նչ է ձեր խորհուրդը Սփիւռքի մէջ աշխատող հայ լրագրողին:

- Հաւատարիմ մնալ հայկականին, ազգային արժէքներուն, գաղափարներուն, տիրապետել մասնագիտական հմտութիւններու զինանոցին եւ ամենակարեւորը` պորտալարով միշտ կապուած մնան Հայրենիքին:

Հարցազրոյցը ՝ Ամալիա   Կարապետեանի