image
Հրատապ լուրեր:

Յոյսով եմ, որ կառուցողական առաջարկները թուղթէն գործի կը վերածուին.Սիմոն Այնէճեան

Յոյսով եմ, որ կառուցողական առաջարկները թուղթէն գործի կը վերածուին.Սիմոն Այնէճեան

Կիպրոսի մէջ, գործող «Կիպրահայեր» կայքի ստեղծման հիմքը Արցախի մէջ նոր գիւղ հիմնելու շարժառիթը եղած է, որուն աշխատանքներու իրագործման օժանդակելու համար կայքի գլխաւոր խմբագիր Սիմոն Այնէճեան Հայաստանէն վերադառնալով՝ կուսակից ընկերներուն հետ որոշած են դրամահաւաք կազմակերպել:

Սկիզբը 50 ելեքտրոնային նամակ ուղարկած են տարբեր մարդոց, որոնց թիւը յետագային աւելցած է: Հաւաքուած հանգանակութեամբ իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են 1999 թուականին Քաշաթաղի շրջանին մէջ՝ «Դիցմայրի» գիւղը հիմնելուն: Այնուհետեւ Կիպրոսէն կամաւորական խումբեր ուղարկած են, որոնք մէկ տարի շարունակ օգնած են շինարարական աշխատանքները կատարելուն, մէկ այլ դրամահաւաք ալ կազմակերպած են գիւղի ջրամատակարարման հարցը կարգաւորելու համար:

Յետոյ արդէն վճռականօրէն որոշած են լայնածաւալ գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով առցանց հարթակ ստեղծել: Այսպիսով, 1999-ին սկսած է գործել «Կիպրահայեր» կայքը:

«Երբ կայքը ստեղծման ճանապարհին էր, չէինք կողմնորոշուում, թէ ինչ լեզուով գործարկել այն: Չէինք ցանկանում միայն հայերէնով լուրեր հրապարակել, քանի որ մեր նպատակը նաեւ օտար շրջանակներին Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի մասին տեղեկութիւններ հաղորդելն էր: Որոշեցինք միայն անգլերէն լեզուով նիւթերով հանդէս գալ՝ չնայած, որ ժամանակի ընթացքում նաեւ հայերէն յօդուածներ ենք հրապարակում»,-«Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին ըսաւ Սիմոն Այնէճեանը:

Խմբագրակազմը 6 հոգիէ բաղկացած է, որոնք, ինչպէս գլխաւոր խմբագիրը կը վստահեցնէ, սիրով եւ պատասխանատուութեան զգացումով կը կատարեն իրենց աշխատանքը: Կայքին մէջ կը զետեղուին կիպրահայ համայնքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին պատմող նիւթեր: Նաեւ  1981 թուականին հիմնադրուած Կիպրոսի ՀՅԴ օրկան  «Արձագանք»  շաբաթաթերթիմ հետ կը համագործակցին:

Ըստ Սիմոն Այնէճեանի, հայ լրագրողի առաքելութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ, պէտք է ոչ միայն հայ հասարակութեան հիմնախնդիրներուն անդրադառնալը ըլլայ, այլ նաեւ՝ հայկական իրականութենէն դուրս լրագրողական գործունէութիւն ծաւալելը, սերտ յարաբերութիւն ձեւաւորելը, որուն շնորհիւ մեր առջեւ դրուած քաղաքական խնդիրները կը յաջողինք լուծել:

Սիմոն Այնէճեանը կը կարեւորէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէն կազմակերպուող լրագրողներու համահայկական համաժողովները, քանի որ անոնք սփիւռքեան խմբագիրներուն եւ լրագրողներուն միմիանց հետ ծանօթանալու, հետագայ համագործակցութեան ուղիներ որոնելու մեծ հնարաւորութիւն կ′ընձեռնեն: Առաջին անգամ մասնակցած է Ստեփանակերտի մէջ կայացած Լրագրողներու համահայկական  5-րդ համաժողովին:

Ամփոփելով 20-էն 24 հոկտեմբերին կայացած «Հայոց պետականութիւնը՝ միասնութեան  առանցք» խորագրով լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի աշխատանքերը՝ Սիմոն Այնէճեանը կ′ընդգծէ այն հանգամանքը, որ մասնակիցներու թիւն ու աշխարհագրութիւնը մեծցած է, մտերմացած է այն մարդկանց հետ, որոնց նախապէս ճանչցած է միայն համացանցային շփման միջոցով: «Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը նաեւ յոյս յայտնեց, որ համաժողովի օրերուն համակողմանի քննարկումներու արդիւնքով հնչած կառուցողական առաջարկները անպայման  թուղթէն գործի կը վերածուին:

 

 

 

 Աղբիւր՝ «Հայերն այսօր»