image

ԱՄՆ-ի յաջորդ նախագահը պարտադրաբար պիտի ժառանգէ Միջին Արեւելքի թէժ ճակատները. ամերիկահայ գործիչ

ԱՄՆ-ի յաջորդ նախագահը պարտադրաբար պիտի ժառանգէ Միջին Արեւելքի թէժ ճակատները. ամերիկահայ գործիչ

«Արեւելքի» հարցազրոյցը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ամերիկահայ գործիչ Կարօ Արմէնեանի հետ


-Ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ ԱՄՆ-ի մէջ՝ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ, մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ հայկական համայնքէն ներս:

 

-Պէտք է շեշտեմ, որ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններու գործընթացը այս տարի աննախադէպօրէն բևեռացուած է և ջղաձիգ։ Սկզբունքով, ընտրապայքարը տեղի կ՚ունենայ Դեմոկրատ (Հիլարի Քլինթըն) և Հանրապետական (Տանըլտ Թրամփ) կուսակցութիւններուն միջև, բայց այս կէտին վրայ գործընթացը մեծապէս անձնականացուած է։ Պայքարը աւելի շատ տեղի կ՚ունենայ անհատական ստորոգելիներու հողին վրայ և յաճախ՝ տհաճելի դրսևորումներով։ Հետևաբար մթնոլորտը թէժ է ու միաժամանակ՝ ժխտական։ Մեծ թիւով ընտրողներ դրուած են դժուարին որոշումի մը առջև երկու անցանկալի թեկնածուներու միջև ընտրութիւն կատարելու՝ քաջ գիտնալով նաև որ ձեռնպահութեան պարագային նպաստաւորուող թեկնածուն Հիլարին պիտի ըլլայ։

 

-Փաստացի՝ երկու թեկնածուներու առումով ԱՄՆ կանգնած է վատի ու վատթարագոյնի միջեւ: 

 

-Ընտրողներու մեծ զանգուածի մը համար այսօր այդպիսին է որոշումը։ Մեծ վերապահութիւններու առջև կը գտնուի ընտրական դաշտը։ Ի վերջոյ, սակայն, կեանքը ցոյց պիտի տայ, թէ իսկապէս ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ յաջորդ նախագահի քաղաքական վիճակացոյցը։

Խօսելով հայ համայնքի տրամադրութեան մասին, պէտք է ըսել, որ լուրջ անորոշութիւններու առջև կը գտնուի նաև ամերիկահայ ընտրողը։ Անշուշտ թեկնածուներէն ամէն մէկն ունի իր հայ համակիրներու ոլորտը և սակայն համայնքի ընդհանուր մակարդակով առայժմ մեծ տեղաշարժ գոյութիւն չունի ո՛չ Հիլարիի և ոչ՝Թրամփի նկատմամբ։ Պատճառը պարզ է։ Ամերիկահայ համայնքը աւելի շատ կ՚առաջնորդուի ազգային քաղաքական ակնկալութիւններով, իսկ այս ընտրութիւնները շատ հեռու են քաղաքական օրակարգի խնդիրներ դնելէ։ Նախագահական թեկնածուները առայժմ զբաղուած են ընտրազանգուածի մասսայական շերտեր շահագրգռելու մարտավարութիւններով։ Այս առումով, պէտք է ըսել, որ համայնքէն ներս մթնոլորտը առայժմ ընդհանրապէս սպասողական է։

 

 -Իսկ համայնքը կազմակերպուած կը հետեւի՞ ընտրարշաւին, ունի՞ ընդհանուր կողմնորոշում, թէ՞ հայկական կառոյցները ազատ ձգած են  հայ ընտրողներուն:

 

-Նախագահական ընտրութիւններու բնագաւառին մէջ, համայնքի առաջատար կառոյցը Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբն է (Armenian National Committee of America  կամ ANCA) իր Ուաշինկթընի գրասենեակով եւ համա-ամերիկեան լայնատարած կազմակերպութեամբ և օժանդակ միաւորներով։ Ուաշինկթընի մէջ կը գործէ նաև Արմինիըն Ասեմպլիի գրասենեակը։

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքային դաշտը կ՚ընդգրկէ Ամերիկայի պետական կառուցակարգի ամբողջութիւնը՝ իր դաշնային, նահանգային և տեղական ոլորտներով։ Պէտք է յստակացնել, որ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւնները միայն նախագահական չեն։

Միաժամանակ պիտի ընտրուի ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Պալատը՝ իր 435 անդամներով։ Պիտի ընտրուի ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի (Սենատ) անդամներու մէկ երրորդը (34 աթոռ)։ Պիտի ընտրուին 12 նահանգի կառավարիչներ, բազմաթիւ քաղաքապետներ, նահանգային խորհրդարաններու պատգամաւորներ, տեղական աւագանիի անդամներ։ Եւ բնականաբար այս ընտրական բարդ գործընթացի բոլոր օղակները սերտօրէն առընչուած են իրարու և բոլորը միաժամանակ՝ նախագահական ընտրապայքարի հաշուարկներու՛ն։

Այս առումով, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմնորոշումը կը տարածուի ընտրական ծաւալուն փաթեթի մը վրայ։ Գրասենեակներու և տեղական յանձնախումբերու լայն ցանցի մը միջոցով, Յանձնախումբը քննարկման տակ կը պահէ իր շահագրգռութեան ծիրին մէջ գտնուող թեկնածուներու ընդարձակ ցուցակներ և կը հրապարակէ զօրակցութեան երկ-կուսակցական (bi-partisan) ցանկեր ամերիկահայ համայնքի նկատառման համար։ Այս հրապարակումները արդէն տեղի ունեցած են և տեղադրուած են Յանձնախումբի կայքէջին վրայ։

Որպէս ընդհանուր սկզբունք, և զուտ ընտրական հողի վրայ, Յանձնախումբը չի կողմնորոշուիր ի նպաստ Դեմոկրատ կամ Հանրապետական կուսակցութիւններէն որևէ մէկուն, բայց մօտէն կը յարաբերի միաժամանակ երկուքին հետ՝ զիրենք իրազեկ ընելով իր տեսակէտներուն և մտահոգութիւններուն։ Յանձնախումբի սեւեռակէտը անհատ թեկնածուներն են և անոնց «հայկական» վիճակացո՛յցը։ Յանձանխումբին քաղաքականութիւնն է ԱՄՆ-ի երկու կուսակցութիւնները (պետական մեքենայի բոլոր մակարդակներու իրենց թեկնածուներով) դրականօրէն տրամադրել Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի և առհասարակ հայութիւնը շահագրգռող բոլոր առաջնահերթութիւններու կապակցութեամբ։

Նախագահական երկու թեկնածուներու խնդրով, Յանձնախումբը ցարդ յայտարարութիւն չէ հրապարակած։ Վերև յիշուած հանգամանքներու բերումով, Յանձնախումբը դեռևս կը շարունակէ իր խօսակցութիւնը ընտրական երկու ճամբարներու ղեկավարութեանց հետ։ Այնուամենայնիւ պէտք է շուտով ակնկալել Յանձնախումբի որոշման հրապարակումը։

 

-Ի՞նչ կը կարծէք, ո՞վ պիտի ըլլայ ԱՄՆ յաջորդ նախագահը:

 

-Վերջին օրերու հարցախոյզներու պատկերը ենթադրել կու տայ, որ առայժմ

ժողովրդական քուէի (popular vote) համեմատական առաւելութիւնըկը պատկանի Քլինթընին։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլալ այս նախատեսութեան մէջ։ Ճիշտ է, որ ժողովրդական քուէն կարևոր ցուցանիշ մըն է, բայց ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութեանց մէջ ընտրական գործընթացի որոշիչ գործօնը չէ։ Որդի Պուշ և Կոռ նախագահական մրցոյթի պարագային (2000 թուին), ժողովրդական քուէի առաւելութիւնը կը պատկանէր Կոռին, բայց ընտրուողը Պուշը եղաւ։

Պատճառը հետևեալն է։ ԱՄՆ-ի նախագահը կ՚ընտրուի Ընտրական Կաճառի մը կողմէ։ Նահանգներէն իւրաքանչիւրը կ՚ըստանայ Ընտրական Կաճառի «աթոռ»ներու թիւ մը, որ հաւասար է ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի երկու պալատներուն մէջ իր զբաղեցուցած պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին։ Կաճառի «աթոռն»ներուն ընդհանուր թիւն է 538, որ կը բաղկանայ Ներկայացուցիչներու Պալատի 435 և Ծերակոյտի 100 աթոռներու թիւերէն և ոչ-խորհրդրանական տարածք նկատուող մայրաքաղաք Ուաշինկթընին յատկացուած երեք «աթոռ»ներէն։ Նախագահական թեկնածուները կը պայքարին իւրաքանչիւր նահանգի ժողովրդական քուէին համար։ Անոնք կը պայքարին ամէն մէկ նահանգի ժողովրդական քուէի մեծամասնութիւնը ստանալու առաջադրութեամբ, քանի որ այդ յաղթանակով անոնք ինքնաբերաբար կը տիրանան այդ նահանգի կաճառային քուէներու ամբողջութեանը։ Օրինակ, Քալիֆոռնիա նահանգի կաճառային քուէներու ընդհանուր թիւն է 55։ Այն թեկնածուն, որ Քալիֆոռնիոյ մէջ կ՚ըստանայ նահանգի ժողովրդական քուէի մեծամասնութիւնը (թէկուզ մէկ քուէի առաւելութեամբ), ինքնաբերաբար կը տիրանայ նահանգի 55 կաճառային քուէներուն։

Այս բարդ համակարգը նկատի առնելով, նոյնիսկ այս յառաջացած կէտին վրայ, դժուար է ճիշտ նախատեսութիւն ունենալ ընտրութիւններու արդիւնքին մասին։  Աւելցնել նաև այն իրողութիւնը, որ այս ընտրութիւնները ընտրազանգուածի մեծ տեղաշարժեր առաջ բերած են ԱՄՆ-ի հասարակական բեմին վրայ։ Ընտրական մաթեմատիկայի մեծ անյայտներ կը գործեն այսօր թէ՛ Հանրապետական, թէ՛ Դեմոկրատ և թէ՛ «անկախ» ընտրողներու դաշտերէն ներս։ Տանըլտ Թրամփ իր անգուշակելի ելոյթներով նոր վերիվայրումներ կ՚ըստեղծէ ամէն օր ընտրազանգուածի շերտերէն ներս, իսկ Քլինթըն ամէն օր ենթակայ է նորանոր բացայայտումներու վտանգին։ Բեմը շատ անկայուն է և այդ բեմին վրայ Քլինթըն վերջին երկու շաբաթուան ընթացքին յաջողած է յստակ առաւելութիւն ստեղծել։

Ընտրական հաշուարկները այսօր ցոյց կու տան, որ «վճռորոշ» (battleground states) նկատուող 11 նահանգներէն 9-ին մէջ Քլինթըն թեթևակի առաւելութիւնձեռք բերած է Թրամփի վրայ. բա՛ն մը՝ որ դեռևս ենթակայ է աննախատեսելի վերիվայրումներու յաջորդ երկու շաբաթուան ընթացքին։


-Կ'ըսեն, թէ Տոնալտ Թարմփին լուրջ չեն ընդունիր նոյնիսկ Հանրապետականները, կը զգացո՞ւի այդ տրամադրութիւնը, եւ առհասարակ, ի՞նչ տրամադրութիւններ կան անոր շուրջ:


-Յատկանշական երևոյթը այն է, որ Թրամփ, որ չէր պատկաներ Հանրապետականներու ղեկավար establishment-ին, դուրսէն գալով յաջողեցաւ Հանրապետական Կուսակցութեան ներքին խաղադաշտէն դուրս քշել նախագահական թեկնածութեան բոլոր յաւակնորդները և դաշտը գրաւել։ Ան յաջողեցաւ «գրաւման» ենթարկել Հանրապետական բերդը «դուրս»էն «ներս» բերելով քուէարկողներու զանգուած մը, որ քաղաքական դաշտէն ցարդ դուրս կը մնար։ Ասոնք մարդիկ էին, որոնք օտարուած կ՚ըզգային քաղաքականութեան ասպարէզներէն։ Մարդիկ՝ որոնք հիասթափուած ու զզուած էին քաղաքական դաշտի մեքենայութիւններէն և զոհ դարձած՝ անոր խաղերուն։ Կը զգային անզօր և Թրամփին մէջ գտան իրենց փրկիչն ու ախոյեանը։ Այս «ներխուժման» որպէս հետևանք՝ «պարտուած» Հանրապետական ղեկավար խաւը բնականաբար հակադրուած է այսօր Թրամփին, որ կը յաւակնի առաջորդը ըլլալ նոր «Հանրապետականութեան»։ Յառաջիկայ ընտրութիւններն ու ապագան ցոյց պիտի տան, թէ որքա՞ն հաստատ քաղաքական խարիսխ մը պիտի ըլլայ Թրամփի այս նոր ընտրազանգուածը։

Ի դէպ, նոյն երևոյթը գոյութիւն ունէր նաև Դեմոկրատներու դաշտէն ներս՝ Պըրնի Սանտըրզի գրոհով։ Եւ սակայն Դեմոկրատներու establishment-ը կրցաւ ի վերջոյ կացութեան տէր կանգնիլ և Սանտըրզի շարժումը միացնել աւանդական զանգուածին։ Եւ այս բանին մէջ կարեւոր գործօն մըն էր Թրամփի ներկայացուցած քաղաքական սպառնալիքը, որուն դիմաց միացան բոլորը։

 

-Ինչպիսի՞ն կ'ըլլայ ԱՄՆ քաղաքականութիւնը՝ Հիլարի Քլինթընի ընտրուելէն ետք, կ'ըսուի, թէ ան ռազմատենչ ոգի ունի եւ արդէն քայլեր կը ձեռնարկէ պատերազմները թեժացնելու առումով, այդպէ՞ս է:

 

-Ընդհանուր գծերով, Քլինթընի քաղաքականութիւնը ըլլալու է շարունակութիւնը Նախ. Օպամայի (և Նախ. Պիլ Քլինթընի) քաղաքականութեան։ Հիլարի Քլինթըն, Առաջին Տիկնոջ իր դիրքերէն, սերտ գործակիցն ու խորհրդականն էր իր ամուսնոյն վերջինիս նախագահութեան ութ տարիներու ընթացքին։ Ան նաև կը զբաղեցնէր Պետքարտուղարի բանալի դիրքը Օպամայի իշխանութեան օրով։ Հետևաբար Հիլարի դարբիններէն մէկն է այն քաղաքականութեան, որ վերջին շրջանի Դեմոկրատ նախագահները հետապնդեցին երկրէն ներս և դուրս։

«Ռազմատենչ» բառը բոլորովին ճիշտ չէ Հիլարիի արտաքին քաղաքական վարքագիծը բնորոշելու տեսակէտէն։ Ինք կը պատկանի այն նոյն ուղղութեան, ըստ որուն ԱՄՆ պէտք է  խուսափի իր զինեալ ուժերով մասնակցելու Միջին Արևելքի պատերազմական գործողութիւններուն։ Այդ չի նշանակեր ձեռնպահ մնալ տարածաշրջանի իրադարձութիւններու հարթակին վրայ։ Յամենայն դէպս պէտք է ըսել, որ ԱՄՆ պիտի գործէ մեծապետական իր դիրքերէն և Հիլարի Քլինթըն, որպէս նախագահի, պիտի առաջնորդուի այդ մեծապետական շահերով  ի հարկին դիմելով զինեալ գործողութիւններու ռազմավարութեան։

ԱՄՆ-ի յաջորդ նախագահը պարտադրաբար պիտի ժառանգէ Սուրիոյ, Իրաքի և Եմենի թէժ ռազմաճակատները։ Անհաւանական չեն նորանոր բռնկումներ Արաբական (կամ Պարսից) Ծովածոցի և Հիւսիսային Ափրիկէի շրջաններուն մէջ։ Նոր կացութիւններ կրնան դիւրաւ ստեղծուիլ նաև Կովկասի մէջ։ Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները շատ հեռու են հակակշռի տակ ըլլալէ և երկու գերտէրութիւնները կրնան դիւրաւ դիմել քայլերու, որոնք կը տանին աննախատեսելի հետևանքներու։ Եւ վերջապէս Չինաստանի մեծապետական յաւակնութիւնները նոր առճակատումներու դուռ կրնան բանալ։ Այս կնճռոտ խաղաբեմին վրայ, Քլինթըն կամ Թրամփ պիտի գործեն գերտէրութեան առաջնորդի բնազդներով և «ռազմատենչ»ութեան չափորոշիչով անոնք կրնան ի վերջոյ չզանազանուիլ իրարմէ։

 

-Մասնաւորապէս, ինչպիսի՞ վիճակ կը տիրէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընտրութիւններէն ետք, ԱՄՆ քաղաքականութեան առումով:


-Այս հարցին պատասխանը մեծ չափով կախուած է տարածաշրջանի խմորումներէն։ Յատկապէս Թուրքիոյ, Իրանի և Ռուսաստանի ռազմավարական ծրագիրներէն։ Սէուտական Արաբիոյ և Արաբական Ծովածոցի երկիրներու դիմագրաւելիք սպառնալիքներէն։ Իրաքի դէմ Հայր և Որդի Պուշերուն կողմէ մղուած երկու պատերազմներուն որպէս հետևանք՝ Իրաքի բեմը ինկաւ Իրանի տիրապետող ազդեցութեան տակ։ Ստեղծուեցաւ Իրան-Իրաք-Սուրիա (և մասամբ՝ Լիբանան) շիիզմի ազդեցութեան գօտին Թուրքիան բաժնելով Արաբական Թերակղզիի սիւննիական խարիսխէն և վտանգելով Թուրքիոյ շահերը Հիւսիսային Սուրիոյ և Հիւսիսային Իրաքի գօտիին մէջ։ Սուրիոյ ապակայունացումը ուղիղ հետևանքն է այս բարդ կացութեան։ Այս կացութեան մէջ շահագրգիռ և դերակատար կողմեր են Թուրքիան, Իրանը, Սէուտական Արաբիան (իր լծակից՝ Քաթարով) և Իսրայէլը։ Այս խաղադաշտին վրայ, բնականաբար, կը գործեն նաև ԱՄՆ, Եւրոպա և Ռուսաստան ՝միջազգայնացնելով հակամարտութիւնները և նոյնիսկ ներքաշելով Չինաստանի շահերը։ Եւ այս պատկերին մէջ կը յայտնուի քրտական խնդիրը դեռ շատ խնդրայարոյց իր զարգացումներով։

Այս առումով, տարածաշրջանի վերակայունացման հեռանկարները դեռ շատ պղտոր են, հետևաբար ԱՄՆ-ի, ինչպէս Ռուսաստանի՛ միջամտութիւնը, տարածաշրջանի կեանքէն ներս՝ անխուսափելի՛ է։


-Կ'արտասանէ՞ արդեօք ապրիլի 24-ին նորընտիր նախագահը՝ ցեղասպանութիւն բառը, ի՞նչ են սպասելիքներն ու ակնկալիքները:


-Այդ մէկը կախուած է այդ օրուան միջազգային իրադրութենէն։ Յամենայն դէպս մենք պիտի առնենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերը՝ այդ որոշումը կարելի դարձնելու համար։