image

Դժուար է կանխատեսել Հալէպի ապագան. Գրիգոր Քէլէշեան

Դժուար է կանխատեսել Հալէպի ապագան. Գրիգոր Քէլէշեան

Հարցազրոյց հալէպահայ բեմադրիչ Գրիգոր Քէլէշեանի հետ

 

-Ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ այժմ Հալէպի մէջ:


-Հալէպ կ'ապրի կենցաղային, ընկերային եւ մշակութային շատ ծանր պայմաններու մէջ:

Բնակչութիւնը զրկուած է ելեկտրական հոսանքէ, ջուրի մատակարարումէ եւ այլ կենցաղային հիմնական պահանջներէ:

Ընտանիքի մը ամսական եկամուտը խոտոր կը համարուի տիրող սղաճին հետ, մանաւանդ արուեստագէտի համար, որուն միակ եկամուտը կը կայանայ իր մշակութային գործունէութենէն: Պաշտօնեան՝ կախուած է գործատիրոջ շնորհած խղճուկ ամսականէն, որ նոյնպէս խոտոր կը համարուի իր համեստ ապրուստին հետ անգամ, իսկ գործաւորն արդէն սպառած է իրեն հասանելի շաբթականը նախքան ստանալը:


 -Ձեր մշակութային գործունէութեան մասին ի՞նչ կ՛ըսեք: 

 

-1970-էն մինչեւ երկրի քաղաքական վիճակի անկումը, իրականացուցած եմ 130-է աւելի բեմադրութիւններ: Արժանացած եմ պետական հաստատութիւններէ, նաեւ հայկական եւ արաբական միութիւններէ մետալներու եւ վահանակներու: Աշխատած եմ Հալէպի գրեթէ բոլոր թատերախումբերու հետ: 5 տարիէ ի վեր մատնուած եմ անգործութեան: Կ'ապրիմ խեղճուկ թոշակով...

 

 


 

-Կը կարծէ՞ք, որ պատերազմէն վերջ հայութիւնը պիտի կարենայ վերականգնել Հալէպի հայկական գաղութը:

 

-Դժուար է կանխատեսել Հալէպի ապագան, բայց վստահ եմ, որ հայութիւնը կը վերականգնէ իր սիրելի գաղթօճախն ու ազգային մշակոյթը: Բայց, թէ ինչպիսի եւ ինչ մակարդակով.... Այդ ցոյց պիտի տայ ժամանակը:

 

-Ինչպիսի՞ ծրագրեր ունիք թատրոնի հետ կապուած, այժմ Հալէպի մէջ:


Միութիւնները կ'ուզեն պահել եւ շարունակել անցեալի իրենց ունեցած ու ցարդ պահուած մշակութային աւանդները եւ անոնց կարգին նաեւ բարերական գործունէութիւնը: Սակայն յառաջիկայի ծրագիրները կախուած են մշակութային միութիւններէ, որովետեւ իրենք են, որ կ'որոշեն բեմադրուելիք բիէսները: Շատ քիչ պարագայի է, որ կ'առնեն բեմադրիչներու կարծիքները:


-Ծանր վիճակներէ անցաք. ինչո՞ւ չլքեցիք Հալէպը:

 

-Դիմած եմ գաղթելու Գանատա: Կը սպասեմ դեսպանատան պատասխանին: Դիմած եմ այդ քայլին, որովհետեւ այլեւս ի վիճակի չեմ հոգալու ապրուստս:

 

-Կը հետեւի՞ք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձրութիւններուն, եթէ այո   ապա, ի՞նչ անկիւնէ կը դիտէք տեղի ունեցածները:

 

-Եթէ ելեկտրական հոսանք ըլլար, կ'աշխատէի հետեւիլ. սակայն միշտ չէ, որ կը յաջողէի .... Իսկ կողմնակի, կիսատ-պռատ լսած լուրերու հիման վրայ կարելի չէ ճշգրտօրէն դիրքորոշուիլ հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձրութիւններու մասին եւ անաչառ կարծիք կազմել եւ ըստ այնմ եզրակացութիւններու յանգիլ:

Բայց ցանկալի է, որ հայը մնայ իր բարձր արժանապատուութեան վրայ եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդի վայել մակարդակով լուծէ իր քաղաքական վերիվայրումները, ի բարօրութիւն համայն հայ ժողովուրդին:

 

 

 Հարցազրոյցը ՝  Ս. Ա.ի