image

Ընդդիմադիր Ըլլալու Արուեստը. Րաֆֆի Տուտագլեան

Ընդդիմադիր Ըլլալու Արուեստը. Րաֆֆի Տուտագլեան

Իշխանութեան մէջ ըլլալը շատ աւելի հեշտ գործ է, քան ընդդիմադիր ըլլալն ու իշխանութեան ձգտիլը կամ աթոռ գրաւելու համար պայքարիլը: Եթէ իշխանութիւն ես, ուժի բոլոր լծակները ձեռքիդ մէջ են: Գրիչի մէկ հարուածով կրնաս նախարար նշանակել կամ՝ նախարար մը գործէ արձակել: Նշանակուած նախարարը կրնայ մէկ հրամանով Օփերայի տնօրէնը պաշտօնանկ ընել կամ՝ մէկի տեղ երկու տնօրէն նշանակել: Եւ այս բոլորին համար, ըստ նախկին վարչապետ, ՀՀԿ-ական տիտան՝ Յովիկ Աբրահամեանի, շատ խելք ունենալու կարիք չկայ: Ընդամէնը, երեւի, հրամանագիր ստորագրել գիտնալ է պէտք, մնացածը չորս կողմի սպասարկուներուն գործն է: Մարդը իր ընկերներուն եւ դաշնակիցներուն հետ տարիներով այդպէս երկիր ղեկավարեց, ինչո՞ւ չհաւատանք…

Ընդդիմադիր ըլլալը, սակայն, բարդ գործ է, այդքան ալ հեշտ չէ արդիւնքներու հասնիլը: Խօսքս, ի հարկէ, իսկական, եւ ոչ թէ, նախկիններուն սարքած սուտ ընդդիմադրութեան մասին է… Եթէ իրաւ ընդդիմադիր ես, ձեռքիդ մէջ քիչ են լծակները: Ընդամէնը՝ Ազգային ժողովի խօսափողը ունիս, ան ալ տարին քանի՞ անգամ կրնաս օգտագործել: Իսկ եթէ մերժուած ես ժողովուրդէն եւ խորհրդարանէն դուրս մնացած ես, բանըդ բուրդ է: Խորհրդարանի խօսափողը անհասանելի է, իսկ եթէ փող ալ չունիս, պրծած գացած ես: Խօսքը առանց փողի ի՞նչ արժէ: Կամ պիտի օգտուիս նախկիններու լրատուական միջոցներէն, որոնք բաւականին հարուստ են եւ գրեթէ մեդիա կոչեցեալ դաշտի 80 տոկոսը կը գրաւեն, կամ ձայնդ պիտի կտրես եւ անկիւն մը քաշուիս, յուսալով, որ անիծեալ բախտիդ անիւը օր մը պիտի սկսի դէպի առջեւ տանիլ քեզի… կամ ալ, ուզես չուզես, խելքով պիտի պայքարիս: Յովիկ Աբրահամեանի հանրայայտ խօսքը, թէ՝ քաղաքականութեամբ զբաղելու համար խելք ունենալու կարիք չկայ, ընդդիմադիրներու պարագային չի քալեր: Եթէ ընդդիմադիր ես, եւ նախկիններուն նման փող ու բախտ չունիս, միայն ու միայն խելքիդ պիտի վստահիս: Այլապէս, երկար ատեն անկիւն մը քաշուած, «աւա՜ղ փառացս անցաւորին» պիտի ըսես եւ ժամանակը բախտդ անիծելով պիտի անցընես…

Այս օրերուն, անցեալի իշխանաւորները կամ այսօրուան ընդդիմադիրները, կարծես դեռ չեն հասկցած, որ ընդդիմադիր ըլլալը շատ, իրապէս չափէն աւելի շատ բարդ գործ է, քան՝ իշխանութեան վրայ գտնուիլը: Հակառակ իրենց ունեցած փողին, մեդիա հնարաւորութիւններուն, հիւսիսէն ու արեւելքէն օր ընդ մէջ հասնող զօրակցական յայտարարութիւններուն, մեր նորօրեայ ընդդիմադիրները ըստ երեւոյթին նոյնքան եւ աւելի անփորձ են, որքան՝ մեր այսօրուան ջահել իշխանաւորները: Իսկ անփորձութեան եթէ աւելցնենք նաեւ խելքի ոչ բաւարար կամ այսպէս ըսած՝ ոչ «ատեկուադ» օգտագործումը, ապա ընդդիմադիրներու օգնութեան ձեռք մեկնելը գրեթէ օրուան հրամայականը կը դառնայ: Ես, իբրեւ փորձառու ընդդիմադիր, արդէն իսկ կը մտածեմ հրաժարիլ իշխանութիւններուն աջակցելէն եւ իմ համեստ փորձս ու լումաս դնել ընդդիմադիրներու տրամադրութեան տակ: Չեմ գիտեր ո՞վ պիտի շահի, իշխանութիւննե՞րը՝ իմ հեռանալով, թէ ընդդիմադիրները՝ իմ միացումով…

Եղբայր, Սփիւռքի եւ հայրենիքի նորօրեայ յարգարժան ընդդիմադիրներ, ձեզի հազար անգամ ըսինք՝ հրաժարեցէ՛ք սուտ լուրերէն, ֆէյք նիուզէն… վազ անցէք Սորոսն ու հերետիկոսը, ԼԳԲՏն ու հնդիկը ձեր գլխաւոր թեման վերածելէն, բայց մտիք չըրիք: Հազար անգամ ըսինք, որ Արցախի հարցը մի չարաշահէք, բանակը քաղաքականութեան մէջ մի ներքաշէք, նորէն չլսելու տուիք: Արցախի հարցով ձեր չըրածը ըրին այս նոր իշխանութիւնները, հիմա ի՞նչ պիտի ըսեք: Հա՜, կրնաք ըսել, որ այս մարդիկը զիջումները մերժելով երկիրը պատերազմի պիտի տանին… Ի՞նչ է, ինչո՞ւ շշմեցաք… Լեւոն Տէր Պետրոսեանի խօսքերը չէ՞ք ուզէր կրկնել…

Հազար անգամ ըսինք, որ լուրջ քննարկումներ կազմակերպեցէք, հարցերուն խորքային վերլուծումներ ըրէք, քննադատութիւնները կառավարական ծրագիրներուն եւ արարքներուն ուղղութեամբ տարէք, նորէն մտիք չըրիք: Գիշեր ցերեկ մտահոգուեցաք գէյերով եւ Սորոսով…

Հազար անգամ ըսինք, որ վարչապետին ու նախարարներուն աշխատանքը լրջօրէն վերլուծեցէք եւ համապատասխան գնահատական տուէք, տնտեսական ծրագիրներուն լաւն ու վատը յայտնաբերէք ու ճիշդին՝ ճիշդ, սխալին՝ սխալ ըսէք, բայց դուք նորէն ԼԳԲՏ ու հնդիկ քարոզեցիք, ֆէյք նիուզ ու սուտ քարոզչութիւն տարածեցիք: Հազար անգամ ըսինք, որ ձեր դերը շատ աւելի կարեւոր է, քան ձեր խելքը կրնայ պատկերացնել: Կրկնեցինք, որ ձեր կուռ տրամաբանութիւնն ու ճիշդ գնահատականները, հատու քննադատութիւնները սթափ պիտի պահեն իշխանութիւնները, բայց դուք նախընտրեցիք բամբասանքով զբաղիլ եւ տրամաբանութեան մօտեցաք այնքան, որքան Ալիեւը՝ Արցախին…

Յարգելի ընդդիմադիրներ, նորէն ըսենք, դարձեալ կրկնենք, ձեր դերը նոյնքան կարեւոր է, որքան իշխանութիւններունը, ձեր ճիշդ գործը նոյնքան անհրաժեշտ է, որքան իշխանաւորներունը, ձեր քննադատութիւնը ու գնահատականները նոյնքան պահանջուած են, որքան՝ իշխանութիւններուն իրագործումները: Եթէ դուք թոյլ եք, ուրեմն՝ շատ աւելի սխալական կը դառնայ իշխանութիւնը, եթէ դուք ձախող եք, ուրեմն յաջող չեն իշխանութիւնները եւ տուժողը՝ պետականութիւնն է:
Հիմա ի՞նչ ընենք, որ հասկնաք, թէ երկիրը ձեզի պէտք ունի: Ժողովրդավարութիւնը, եթէ հասկցած եք, նախ եւ առաջ ընդդիմութեան գոյութիւն կը պահանջէ: Պետութիւնը դիմութիւն եւ ընդդիմութիւն է: Եթէ թոյլ է այս վերջին երկուքէն ոեւէ մէկը, թոյլ է, ուրեմն, պետութիւնը:

Երեւի ստիպուած պիտի նստինք աղօթենք, որ Աստուած մեզի երկինքէն իմաստութեան երեք խնձոր նետէ, մէկը իշխանութիւններուն, մէկը ընդդիմութեան, միւսն ալ… ընթերցողի նախընտրածին:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէք ինծի:
rafdoud@aol.com