image
Հրատապ լուրեր:

Ս. Զատկուան շրջանի տօները Զէյթունի մէջ

Ս. Զատկուան շրջանի տօները  Զէյթունի մէջ

 

Զէյթունցին տօնական օրերը կը նշէ յատուկ հանդիսաւորութեամբ, սիրով եւ ջերմեռանդութեամբ. տօնական օրերը մասնաւոր հմայք մը կ՚ունենան. բոլորը անխտիր կը մասնակցին ընդհանուր տօնախմբութեան եւ ըլլալով աւանդապաշտ ժողովուրդ, կը յարգեն տօներու հետ կապուած ծէսերն ու սովորութիւնները։

Զէյթունցիի ընտանիքը՝ նահապետական է. մէկ յարկի տակ կ՚ապրին ընտանիքի բոլոր տղաները իրենց ծնողներու, կանանց եւ զաւակներու հետ. ի՜նչ փոյթ, որ տունը փոքր է. տօնական օրերուն բոլորը միասին կը համախմբուին օճախի շուրջ, ճոխ սեղաններով կը դիմաւորեն հիւրերը եւ գիտեն կերուխում ընել, երգել ու պարել։

***

Բարիկինդոնք (Բարեկենդան)

Բարեկենդանի օրը յատկանշուած է առատ ուտելիքներով, կերուխումներով, ուրախութիւններով եւ զուարճանքներով: Մօտաւորապէս ամբողջ շաբաթ մը կը տեւէ ան. չէ՞ որ յաջորդ Երկուշաբթին պիտի սկսի Մեծ պոքն (Մեծ Պահքը) կամ այլ անունով՝ Աղցոց պոքը (աղուհացի):
Բարեկենդանի Չորեքշաբթին կը կոչուի Գայլի տօն եւ այդ օրը բացառապէս կիները գործ չեն ըներ: Մնացեալ օրերուն կը պատրաստեն տարբեր ուտելիքներ. բոլոր տուներուն մէջ, աղքատ թէ հարուստ, կը շինեն համադամ խորտիկներ, անպայման քէօֆթէներու տեսակները, օռուզ ապուր, հրուշակներ եւ քաղցրեղէններ: Առատ խմիչք եւ ճոխ սեղաններ:

Տանիքներու եւ բակերու մէջ խաղեր կը կազմակերպուին. միակ օրն է, երբ առանց սեռի եւ տարիքի խտրականութեան բոլորը կը մասնակցին զուարճանքներուն. նոյնիսկ կղերականներուն արտօնուած է խմել եւ մասնակցիլ խաղերուն: Բակերու եւ հրապարակներու մէջ կը ներկայացնեն թատերական զուարճանքներ: Բոլոր հայկական շրջաններու մէջ բարեկենդանի օրը, սովորական ժողովուրդը ազատութիւն ունի արտայայտելու իր ընդվզումը տէրերու նկատմամբ եւ կը ներկայացնէ ծիծաղելի գիւղապետը, կղերականը, բռնապետը. կ’արտայայտեն նաեւ մեռնող եւ յառնող աստուածութիւններու գաղափարը: Զէյթունի բարեկենդանեան ներկայացման հերոսները երեք են. ուռուցոծ պապան (ուռեցուած պապը), սէաճ կախէօղը (սաճ կախողը) եւ հորսը(հարսը): Ուռուցոծ պապան, դէմքը ալիւրոտած, գլխուն արտառոց խոշոր գլխարկ մը, հագած ապա մը (ոչխարի մորթով կարուած երկար վերարկու), մէջքն ու փորը հագուստի կտորներով արհեստականօրէն ուռեցուած կը ներկայացնէ այլանդակ կերպար մը: Սէաճ կախէօղը դէմքը մրոտած, գլխուն փետուրներ անցուցած, մէկ ձեռքին՝ սաճ (վրան հացը թխելու տափակ, բոլորակաձեւ, մետաղեայ յարմարանք), միւսին՝ էպլէճէք (կամ էվլէճէկ, հաց թխելու ժամանակ գործածուող թիակ), ճարպիկ շարժումներով կը ցատկռտէ եւ կը թմբկահարէ սաճի վրայ ժխոր բարձրացնելով: Իսկ հորսը տղամարդ ծպտուած է զէյթունցի կնոջ տարազով, գլուխը փաթթած գլխաշորերով (թաշկինակներով) եւ դէմքը ծածկած շղարշով: Կը ներկայացնեն հարսանեկան տեսարան եւ պարեր, իրար ձեռքէ խլելով եւ փախցնելով հարսը. ընթացքին սէաճ կախէօղը կը սպաննէ ուռուցոծ պապան եւ կը տիրանայ հարսին. կը կանչեն բժիշկ, որ կը վերակենդանացնէ, յարութիւն կու տայ պապային եւ խաղը կ’աւարտի անոր յաղթանակով:

Այլ խաղերու կողքին յիշարժան է հազար տախտան խաղը, որուն կը մասնակցին նոյնիսկ ծերերը: Տասը տասնհինգ տղամարդ քով քովի ուղիղ կեցած, իւրաքանչիւրը իր թեւերը կողքինի վիզին անցուցած, այնպէս որ ամուր պատ մը կազմուի: Յետոյ իւրաքանչիւրը հերթաբար կ’ելլէ եւ կը քալէ անոնց վրայէն. պատը մէկ կողմէն կը քանդուի, միւս կողմէն կը կառուցուի:
Բարեկենդանի առիթով, սովորութիւն է այցելել նշանուած աղջիկներու տուն նուէրներով եւ ուտելիքներով: Ընդհանուր ուրախութիւնները, խաղերն ու պարերը առիթ կու տան երիտասարդներուն գաղտագողի հանդիպելու եւ ընտրելու միմեանց:

 
Աղցոց պոքը (Մեծ Պահք)

Զէյթունցիները շատ ուշադիր եւ բծախնդիր են պահքի հանդէպ. եօթը շաբաթ պահք պահելով հանդերձ, ոմանք մինչեւ կէսօր, իսկ ուրիշներ ամբողջ օրը ծոմ կը պահեն, միայն ջուր, աղ եւ հաց կ’ուտեն, աղի մէջ խառնուած չոր փոշի պղպեղ, այստեղէն ալ յառաջացած է պահքի անուանումը աղհոցք կամ աղցոց:
Պարտադիր բոլորը կ’երթան եկեղեցի մասնակցելու թէ՛ առաւօտեան եւ թէ երեկոյեան ժամերգութիւններուն: Քահանան կը յորդորէ “Տէր Ամենակալ” աղօթքը կրկնել, որ ուժ կու տայ իրենց եւ կը մաքրէ մեղքերէն:
Պահքի առաջին Կիրակին՝ Սուրբ Թորոսի տօնին, ամէն ընտանիք հատըկ (հատիկ) ապուր կը պատրաստէ, ոմանք որպէս աղի ճաշ, իսկ ոմանք ալ որպէս քաղցրեղէն: Գարունը արդէն մօտ է, գարնանացանի օրերուն դաշտային աշխատանքներէն յետոյ կը հաւաքեն բանջարներ եւ արմատներ, որոնք կը կազմեն պահքի շրջանի իրենց սնունդի գլխաւոր բաղադրիչը, արմտիքներու հետ միասին:

 
Պըատղինէ (Ձիթապտղենի, Ծաղկազարդ)

Շաբաթ գիշեր բոլորը կը փութան եկեղեցի ձիթենիներու մատղաշ ճիւղերով. տօնի անուանումը յառաջացած է այդ ազդակէն: Քահանաներու եւ դպիրներու ետեւէն մարդիկ թափօր կը դառնան իրենց ձեռքին՝ ձիթենիով զարդարուած մոմեր: Պատարագը կ’աւարտի լուսաբացին:

Հինգշաբթի օր բոլոր տուներուն մէջ կը պատրաստեն սոխով-սխտորով կծու եւ թթու կերակուրներ ի յիշատակ Յիսուսի չարչարանքին: Գիշերը Խաւարման եւ Լացի գիշերն է. հաւատացեալները խռնուած եկեղեցիի մէջ կը լսեն Աստուածաշնչեան ընթերցումները եւ իւրաքանչիւր Աւետարանի մէկական հանգոյց կ’ընեն ձեռքի դերձանին. վերջին հանգոյցով այն կը կապեն իրենց դաստակին, հաւատալով որ այս եօթը հանգոյցով դերձան կրողը զերծ կը մնայ դողացաւէ, կարիճի եւ օձի խայթոցէ:

Յաջորդ օրը կիները հաւկիթ կը ներկեն. պահքի օրերուն ամբարուած հաւկիթները կը խաշեն տորոնի արմատներով, որպէսզի կարմիր գոյնով հաւկիթ ստանան, դեղին՝ տըզտըպաղուկ կոչուող բոյսով եւ սոխի կեղեւէն՝ շագանակագոյն։

Ոմանք վերջին երեք օրերը ծոմ կը պահեն եւ հաղորդուելէ յետոյ կարմիր հաւկիթ ճաշակելով կը լուծարեն պահքը:

Աւագ Շաբաթ Սուրբ Յարութեան տօնի ճրագալոյցն է. ժողովուրդը մեծ ու պզտիկ, այր թէ կին եկեղեցի պիտի երթայ: Յաջորդ օրը առաւօտեան դարձեալ Սուրբ պատարագ: Հաւատամքէն առաջ կը կարդացուի Յարութեան աւետարանը՝ գրաբար, Զէյթունի բարբառով եւ թրքերէն: Սիսեռեան Զէյթունի մասին իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ երբեմն ֆրանսերէն ալ կը կարդացուի։ Հաւանաբար կ՚ակնարկէ այն ժամանակաշրջանին (1919-1920), երբ Կիլիկիոյ մէջ ֆրանսական գրաւեալ իշխանութիւններ հաստատուած էին: Իսկ քարոզի աւարտին քահանան կը յայտարարէ եկեղեցիին համար այս առիթով կատարուած դրամական նուէրներ (Զատկի նուէր) ընծայողներուն անունները:
Պատարագէն յետոյ մարդիկ փողոցներու թէ տուներուն մէջ հաւկթախաղ կը խաղան. ամէն տունի մէջ ուրախութիւն կայ, բոլորը նոր հագուստներով, կիներն ու աղջիկները կարմիր եւ կանաչ զգեստներով, եթէ չեն կրնար լրիւ հագուստ մը ձեռք բերել, գէթ նոր թաշկինակ մը, ոտնաման մը, էնթարի մը, որպէսզի ուրախ Զատիկ գայ իրենց վրան:

Յաջորդ օրը՝ Երկուշաբթի Մեռելոց է. պատարագէն յետոյ ժողովուրդը բազմութեամբ կ’երթայ գերեզմանատուն, մեծ թթենիին շուրջը կը հաւաքուին. ամէն մարդ կու լայ, կ’ոգեկոչէ իր մահացած հարազատներուն յիշատակը եւ քահանային աղօթել կու տայ անոնց գերեզմաններուն վրայ: Միասին կը ճաշեն այնտեղ նախապէս փուռի մէջ եփած ամբողջական ոչխարը, փորը լեցուած՝ ձաւարով:

Յաջորդ Կիրակի Կրկնազատիկ է, կամ ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ Կարմիր Կիրակի. ասոր յաջորդող Կիրակին՝ Կանաչ Կիրակին է եւ Աւետումն Սուրբ Աստուածածնի: Այդ օրը Պատարագէն յետոյ ժողովուրդը կ’երթայ դաշտերը բացօթեայ ճաշի եւ կը սպասէ անձրեւի, կ’աղերսէ գոնէ կաթիլ մը իջնէ: Այդ օրուան անձրեւը առատութեան, բարիքի եւ պտղաբերութեան նշան է, որպէս Գաբրիէլ հրեշտակապետի կողմէ Սուրբ Կոյսին յղութեան աւետումը: Աղջիկները իրենց մազերը կը թրջեն անձրեւին տակ, իսկ մշակները կ’ըսեն, որ ամէն մէկ կաթիլը՝ իւղ ու կարագ է:

 
Սոնիա Թաշճեան
 
Քաղուած՝
www.houshamadyan.org-էն