image
Հրատապ լուրեր:

Մետասաներորդ պահուն եկեղեցին կը փրկէ ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի կեդրոնը նիւթական դասաւորումով

Մետասաներորդ պահուն եկեղեցին կը փրկէ ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի կեդրոնը նիւթական դասաւորումով

Այս շաբթուան յօդուածս կը վերաբերի Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի հայկական համայնքի մէջ գոյութիւն ունեցող լուրջ վէճի մը, որ, բարեբախտաբար, ներկայիս լուծուած է:


2018 Հոկտեմբեր 30-ին, ՀԲԸՄ-ի վարչութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ ազդարարելով, որ այլեւս չի կրնար վճարել իր կեդրոնի գործառնական ծախսերը, որոնք «ահաւոր դարձած են»:

ՀԲԸՄ-ի վարչութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Centennial College-էն առաջարկ ստացած է  կեդրոնը գնելու: Այնուհետեւ յայտնի դարձաւ, որ կեդրոնին գինը կազմած է 8.5 միլիոն գանատական տոլար: Կեդրոնական վարչութիւնը՝ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի  կեդրոնը, հաւանութիւն տուած էր գոյքը ծախելու որոշումին: Կեդրոնը կառուցուած է 1981-ին: 

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնը վաճառելու հարցը անմիջական ազդեցութիւն գործած է շէնքի դրացնութեամբ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ գործունէութեան վրայ. եկեղեցւոյ անդամները միշտ օգտուած են՝ ինչպէս ինքնաշարժի կանգառէն, նոյնպէս ալ ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի կառոյցներէն: Աւելին, եկեղեցին ՀԲԸՄ-ի շէնքը ձեռք բերելու հարցով ունէր «առաջին մերժման իրաւունք», ինչ որ կը նշանակէ, թէ երբ եկեղեցին որոշէր կամ կարենալ գնել կեդրոնը, ապա զայն գնելու նախապատուութեան իրաւունքի ուժով կրնար ընել այդ՝ մինչեւ Centennial College-ին վաճառուիլը եւ միեւնոյն պայմաններով:

Նոյեմբեր 10, 2018-ին, ՀԲԸՄ-ի վարչութիւնը հրապարակեց երկրորդ յայտարարութիւն մը՝ իր ափսոսանքը յայտնելով այն մասին, թէ «որոշ մարդիկ կը գերադասեն սխալ որակել վերջին յայտարարութիւնը»՝ ՀԲԸՄ-ի կեդրոնը Centennial College-ին ծախելու կարելիութեան  վերաբերեալ: ՀԲԸՄ-ի վարչութիւնը յայտարարեց, որ «թէեւ հասկնալի է, թէ ոմանց հաճելի չի թուիր այս որոշումը, սակայն ոչ արդար է եւ ոչ ալ շինիչ՝ այս հարցին հակազդել այնպիսի տեղեկատուութեամբ մը, որ կը միտի շփոթի մատնել Թորոնթոյի համայնքը, յատկապէս անոնք, որոնք կապուած են եկեղեցւոյ»:

Ի պատասխան՝ Գանատայի թեմը եւ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին Նոյեմբեր 19, 2018-ին  հանդէս եկան միասնական յայտարարութեամբ՝ ՀԲԸՄ-ի երկու յայտարարութիւնները որակելով «ինքնարդարացման ապարդիւն փորձեր: Աւելին, այդ յայտարարութիւնները կը բովանդակէին մեկնաբանութիւններ, որոնք նպատակ ունէին մոլորութեան մէջ ձգելու եւ բաժնելու մեր համայնքը: Ամէն պարագայի, անոնք ձախողեցան: Ակնյայտ է, որ այս յայտարարութիւնները զուրկ են առողջ համայնքի նկատմամբ անկեղծ զգացումներէ եւ ոչ ժողովրդավարական, թելադրուած որոշումներու արտացոլումն են՝ առանց թափանցիկութեան»:

Մամուլի վիճելի հաղորդագրութիւններէն շփոթած, Թորոնթոյի հայ համայնքը փորձեց պարզել, թէ ի՞նչ կը կատարուի փակ դռներու ետին: Յստակ տեղեկատուութեան բացակայութիւնը բազմաթիւ ըսի-ըսաւներու տեղիք տուաւ: Մտահոգութիւն կար, որ Թորոնթոյի հայերը պիտի կորսնցնեն իրենց հիմնական կեդրոններէն մէկը: Ըսի-ըսաւներու կրակին իւղ կը լեցուէր ՀԲԸՄ-ի նախորդ որոշումներով՝ Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնը փակելու մասին, թէեւ ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի վարչութիւնը յայտարարած էր, որ իր կեդրոնի վաճառքէն ետք ինք կը տեղափոխուի համայնքին համար նոր, աւելի կեդրոնացուած վայր մը Թորոնթոյի մէջ: 

Միւս արտասովոր իրավիճակը հանրային վէճն էր ՀԲԸՄ-ի եւ թեմի միջեւ, որոնք ամբողջ աշխարհի մէջ սովորաբար կը վայելեն լաւագոյն յարաբերութիւններ: Աւելին. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Գարեգին Բ. նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական խորհուրդի պատուաւոր անդամ է: Կաթողիկոսը կրնար դիւրութեամբ միջամտել երկու հաստատութիւններու միջեւ բախումին, եթէ անհրաժեշտ նկատուէր:

Նոյեմբերի 11, 2018-ին, Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին գումարեց անդամներու յատուկ խորհրդակցութիւն՝ Առաջնորդ Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանի նախագահութեամբ: Ժողովը որոշում ընդունեց՝ պարտաւորուելով հաւաքել անհրաժեշտ 8.5 միլիոն գանատական տոլարը երեք ամիսէն նուազ ժամանակով եւ մինչեւ Յունուար 29, 2019՝ ՀԲԸՄ-ի կեդրոնը ձեռք բերելու համար: Այդ նպատակով կազմուեցաւ լիազօրուած յանձնախումբ: Եկեղեցին յայտարարեց, որ «Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեան, իբրեւ նեցուկ դրամահաւաքի արշաւին, հանդէս եկաւ տպաւորիչ եւ օրինակելի արարքով՝ նուիրաբերելով  իր եպիսկոպոսական ոսկեզօծ Ասան (գաւազան) եւ Փանաքէն (կուրծքի զարդ)՝ որպէս դրամահաւաքի առաջին ներդրում»:

Ի զարմանս բոլորին՝ Յունուար 29 2019-ին Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին յայտարարութիւն տարածեց՝ հաստատելով, որ թեմը «օգտագործած է առաջին մերժման իր իրաւունքը՝ ձեռք բերելու Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) գոյքը»:  Այս անսպասելի եւ հրաշալի զարգացումը հարցերու նոր շրջանակ առաջ բերաւ, թէ ինչպէ՞ս եկեղեցին յաջողեցաւ նման կարճ ժամկէտի մէջ հաւաքել 8.5 միլիոն գանատական տոլարի մեծ գումարը, գոյքը գնելու համար...: Որոշ մանրամասնութիւններու վերաբերեալ եկեղեցւոյ ուղղուած հարցումները մնացին անպատասխան, բան մը, որ յառաջացուց նոր ըսի-ըսաւներ՝ ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի ձեռք բերման նիւթական իրական աղբիւրին մասին: 

Եկեղեցւոյ եւ անոր լիազօրուած յանձնախումբին ուղղուած քանի մը ելեկտրոնային նամակներէ եւ հեռաձայնային զանգերէ ետք, յանձնախումբի անդամ Արա Պոյաճեան բաւական բարի գտնուեցաւ պատասխանելու այդ հարցումներուն: Սկիզբը Պոյաճեան գրեց ինծի, որ «Թորոնթոյի մէջ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դրացնութեամբ գտնուող ՀԲԸՄ-ի գոյքը ձեռք բերուած եւ արձանագրուած է թեմին կողմէ: 90 օրուան ընթացքին թեմը ապահոված է անհրաժեշտ նիւթականը, օգտագործած առաջին մերժման իր իրաւունքը եւ Փետրուար 28 2019-ին աւարտած՝ 8.5 միլիոն [գանատական] տոլարի գործարքը»:

Լրացուցիչ մանրամասնութիւններ խնդրելէ ետք, Պոյաճեան ինծի տրամադրեց հետեւեալ տեղեկութիւնը. 

«1. Թեմը կրցաւ ապահովել ծրագիրի հովանաւորութիւնը, ինչ որ, ի հարկէ, կը նշանակէ, որ անիկա ստացած է վարկ, ձեռք բերած է ՀԲԸՄ-ի գոյքը եւ զայն արձանագրած թեմի անունով»:

 «2. Վարկը երաշխաւորուած է 5 տարուան գրաւաթուղթով (mortgage)` օգտագործելով միայն գրաւի դրուող գոյքը: Հովանաւորողները ներկայիս կը փափաքին անանուն մնալ, եւ թեմը պարտաւոր է յարգել անոնց փափաքը»:

«3. Թեմի սեփական իրագործելիութեան ուսումնասիրութիւնը եւ դրամական հոսքերու կանխատեսումները կը վկայեն, որ յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին թեմը հիմնականօրէն վարձու պիտի տայ տարածքները եւ պիտի կարենայ պահել այդ գոյքը, ներառեալ տոկոսներու վճարումը: Այս մէկը կ՛ընդգրկէ եկամուտի որեւէ կորուստ՝ ՀԲԸՄ-ին իրաւունք տալու պատճառով, որ տասնմէկ ամսուան համար ձրիաբար շարունակէ իր գործառնութիւնը եւ գործունէութիւնը շէնքին մէջ, ՀԲԸՄ-ի համար բացարձակապէս անվճար»:

 «4. Վարկի հիմնական գումարը վճարելի է հինգ տարիէն: Ասիկա բաւարար ժամանակ է թեմին համար՝ ռազմավարութեան եւ ծրագրաւորման առումով՝ իրականացնելու խիստ անհրաժեշտ ծրագիր, որմէ մեծապէս պիտի օգտուի Թորոնթոյի համայնքը»:

Յաջորդ նամակին մէջ Պոյաճեան բացատրեց, որ վերոնշեալ երրորդ կէտին մէջ «հիմնական վարձու տալ» եզրը կը նշանակէ. «Վարձակալը կը վարձէ վարձակալական ամբողջ տարածքը վարձատուէն եւ վարձավճար կը վճարէ անոր, կամ, տուեալ պարագային՝ թեմին, իբրեւ կառոյցի սեփականատիրոջ։ Հովանաւոր(ներ)ու ապահովման հետ զուգահեռ, թեմը յաջողած է գտնել, համաձայնութեան գալ եւ ստորագրել «հիմնական վարձակալութիւն» պատուարժան վարձակալի հետ մինչեւ գնումը (առաջին մերժման իրաւունքի 90-օրեայ ժամկէտով), հնարաւորութիւն տալով թեմին՝ յաջորդ 5 տարիներուն փակել կառոյցին ծախսերը, ներառեալ վարկի ջնջման տոկոսները։ Ասիկա հաստատուած է իրագործելիութեան ուսումնասիրութեամբ եւ դրամական հոսքերու կանխատեսումներով»։

Պոյաճեանի պատասխանները կը յստակացնեն, որ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին 5 տարի ժամկէտով միայն տոկոսներ պիտի վճարէ 8.5 միլիոն վարկի համար, այնուհետեւ ամբողջ վարկի գումարը ենթակայ պիտի ըլլայ ջնջումի եւ պէտք է կա՛մ վճարուի, կա՛մ նիւթապէս վերահովանաւորուի։

Ամէնէն կարեւորը այն է, որ եկեղեցւոյ առաջնորդները յաջողեցան կարճ ժամկէտի մէջ դրամական հրաշք գործել եւ փրկել ՀԲԸՄ-ի կեդրոնը, ինչ որ մեծ նուաճում է Թորոնթոյի հայ համայնքին համար…

Վերջապէս, խելամտութիւն է՝ աշխարհի բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն համար կարելի եղածին չափ թափանցիկ ըլլալը համայնքային ունեցուածքի եւ խնդիրներու առնչուող գործարքներու մէջ՝ անտեղի ըսի-ըսաւներէ եւ վստահութեան կորուստէ խուսափելու համար…


 

Յարութ Սասունեան      
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com


Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան