image

Մարտիրոսի ծոռներ՝ Քեմալ Եւ Խաչիկ

Մարտիրոսի ծոռներ՝ Քեմալ Եւ Խաչիկ

Ատըեամանեան շրջագայութեանս ընթացքին, օր մը, Գրիգոր աղբարիկը ինծի առաջարկեց իրեն ուղեկցիլ դէպի Քեահթա, այցելելու համար իր զարմուհիներէն մէկուն։ Համաձայնեցայ։ Չէի գիտեր անշուշտ, որ մասամբ այլ հանդիպումներու նմանող այս մէկը մե՛ծ իւրայատկութիւն մը պիտի ունենար նաեւ։

Լեռներու ետին սահող արեւը բեմը կը զիջէր անապատային իրիկուայ զովութեան. մենք կը քշէինք դէպի Քեահթա եւ դէպի մեծագոյն յայտնաբերումներէն մէկը կեանքիս։

Փոքր ու համեստ տան դուռը բացաւ լաչակաւոր տիկին մը, կարօտալի ժպիտով թեւերը ընդարձակեց ու գրկեց մօրաքրոջ տղան՝ Գրիգոր աղբարիկը։ Անցանք ներս. շուտով մօտեցաւ պարմանուհի մը շիկահեր, ամօթխածութեամբ բարեւեց երկուքիս, յետոյ անմիջապէս անցաւ ներս ու քանի մը ակնթարթ ետք վերադարձաւ երկու ամաններով, որոնց մէջ կար մսաշոթ, լահմաճուն... կարծեցի։ Որպէս նախուտեստ հրամցուած այդ խմորեղէնը սակայն, շուտով պիտի բացայայտէի, ոչինչ ունէր իր մէջ բացի կծու կարմիր պղպեղի թանձրաջուրէ։ Զարմացա՞յ, ի հարկէ ոչ. տարածքաշրջանին մէջ անցուցած նախորդ քանի մը օրերս համոզած էին զիս արդէն, որ կծուն ու ջուրը համազօր բաներ էին այնտեղ։ Համե՞ղ էր. անշուշտ։

Ճաշելով զրուցեցինք մինչեւ տուն եկաւ ամուսինը՝ Շինասին, որ միաժամանակ հօրաքրոջ որդին էր կնոջ։ Բոլորով նստանք սուրճի։ Առաջին քարորդ ժամը ինչքան ալ հետաքրքրական ըլլար՝ սովորական էր արդէն տեղւոյն մահմետական հայերու հետ մի քանի հանդիպումներ ունեցած ուսումնասիրողիս համար։ Նոր բարեկամներս անընդհատ կ՚ապրէին թաղային ճնշումի տակ, անընդհատ դրացիները կը հետեւէին իրենց՝ «դարձած»ներուն. հաւատարիմ ու անկե՞ղծ մահմետականներ էին, թէ՞ թաքուն կեաւուրներ։ Մայրը իր մեծ աղջկան պսակին նոյնիսկ չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, քանի որ վերջինս «հարս գացած» էր արդէն քրիստոնէացած ատըեամանցի հայ ընտանիքի մը եւ բնականաբար ինք ալ մկրտութիւն ընդունած։ Ի՞նչ պիտի ըսէին դրացիները, եթէ մայրը պսակին երթալով տուած ըլլար իր հաւանութիւնը այդ «մեղքին»։ Փոքր աղջիկը, օրուայ մատուցողուհին մեր, յաճախ կեաւուր կ՚որակուէր իր դասընկերներուն կողմէ, յատուկ խիստ վերաբերմունքի կ՚արժանանար կրօնքի դասապահուն։ Ընդմիշտ ստիպուած էր փաստել, որ լաւ մահմետական է։ Պարոն Շինասիին ետեւէն «փիս էրմէնի» այնքա՜ն ըսած էին, որ այլեւս որոշած էր ինք անձնապէս սկիզբէն յայտնել նոր ծանօթացած գործընկերներու, որ «կը ներէք, այսպէս բան մը կայ…», որպէսզի յանկարծ յետոյ ուրիշ տեղէ չլսեն եւ «յուսախափ» չըլլան։ Այս ու այսպիսի այլ պատմութիւնները անթիւ էին եւ, ինչպէս արդէն ըսի, ոչ յատուկ այս ընտանիքին։

Քիչ անց, սակայն, նոր յարաչափ մը մտաւ մեր հանդիպման մէջ, ու շրջեց ամէն ինչ։ Բանն այն էր, որ Պարոն Շինասին ըսաւ, թէ իր մեծ հօր եղբայրներէն մէկը ջարդէն ետք անցեր է Պէյրութ, որոշ ատեն մը նամակակցեր է իր եղբայրներուն հետ, իսկ յետոյ՝ իմանալով որ մահմետականացած են անոնք, խզեր է կապերը։ Ինչքան ալ զարմանայի, պատմութիւնը շատ նման էր իմ մանկութեան ընկերոջ Խաչիկի մեծ հօր պատմութեան, ով ատըեամանցի էր նաեւ։ «Լսած ենք, որ ճաշարան բացած է Պէյրութի մէջ». իսկ Խաչիկին մեծ հայրը քեպապճի էր Պուրճ Համուտի մէջ, խորոված վաճառող։ Մնացած էր մէկ տեղեկութիւն, եւ արդէն վստահ պիտի ըլլայի, որ ճակատագիրը ահա կը միացնէր վշտացած եղբայրներու երրորդ-չորրորդ սերունդները։ Պէյրութ գացողին անունը գիտե՞ն, հարցուցի. «Հաչատուր», ըսին։ Եւ աւելի՛ն, գիտէին նաեւ որ հօր անունը Մարտիրոս էր, որդունը՝ նոյնպէս։ Ընկերոջս պատմութիւնն էր։ «Վերջին Մարտիրոսի որդին ալ Խաչատուր է, Խաչիկ, ընկե՛րս է», ամբողջացուցի շղթան։ Վայրկեան մը՝ քար լռութիւն։

Անմիջապէս skypeով կապ հաստատեցին Տուպայիի մէջ ապրող իրենց որդուն Քեմալի հետ, որ տարի մը առաջ հին նամակ մը ձեռքին գացած էր Պէյրութ ու երկար բայց ի զուր փնտռած էր Խաչիկենց։ Քեմալը անմիջապէս բացաւ իր ընտանեկան արխիւները, ուղարկեց ինծի մէկ-երկու նամակ եւ նկար մը ընտանեկան, որ իրենց մեծ հօր հասած էր Պէյրութէն։ Կինը, որ նստած էր մէջտեղը նկարին, ահաւոր նման էր Խաչիկին հօր՝ Մարտիկին։ Ալ կասկած չունէի։ Նկարը ուղարկեցի ընտանիքի Պէյրութի թեւին. «Աս ուրկէ՞ ունիս, մենք այս նկարին մէկ այլ օրինակը ունինք մեր մօտ», ըսին ապշած։ Ամէն ինչ պատմեցի, ու քիչ անց Պէյրութ-Քեահթա skypeով կապ մը հաստատուեցաւ։

Եւ պաստառներու ընդմէջէն՝ ապշած-յուզուած զիրար կը նայէին Մարտիրոսի ծոռները։

Ժամ մը ետք, Պարոն Շինասին խոշոր ձեռքերով գլուխս բռնած՝ պեխերուն մէջէն կը համբուրէր ճակատս, բարի երթ մաղթելով ինծի։ Հեռացանք դէպի քաղաք։

Ո՞վ, ինչպէ՞ս զիս բռնեց Պէյրութէն, առաւ տարաւ նետեց Քեահթայի տունը այդ, որ կապեմ Քեմալը Խաչիկին. երեւի երբեք պիտի չհասկնամ։

 

Հրակ Փափազեան

«Ժամանակ»/Պոլիս