image

Ատրպէյճան իր հակահայկական քարոզչութեան համար օգտագործած Է տխրահռչակ Գոնկրեսական Հէյսթինկզը

Ատրպէյճան իր հակահայկական քարոզչութեան համար օգտագործած Է տխրահռչակ Գոնկրեսական Հէյսթինկզը

Յարութ Սասունեան     
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com

Ֆլորիտայէն դեմոկրատ գոնկրեսական Էլսի Լ. Հէյսթինկզ ատրպէյճանական քարոզչութեան ամէնէն վերջին խօսնակն է։ Ան 2019 Փետրուար 25-ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ  մաս կազմեց Գոնկրեսի արձանագրութեան՝ հայերը մեղադրելով Ատրպէյճանի Խոջալու գիւղին մէջ 1992 Փետրուար 26-ին, Արցախեան պատերազմի բուռն օրերուն 613 ատրպէյճանցի տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու սպանութեան մէջ։ Human Rights Watch-ի զեկոյցին մէջ զոհուած ատրպէյճանցիներու թիւը կը կազմէր 161 հոգի։ Այսուամենայնիւ, ցաւալի է նոյնիսկ մէկ մարդու կորուստը՝ ըլլայ ատրպէյճանցի կամ հայ։ Ատրպէյճանական գոնկրեսական խումբի անդամ Հէյսթինկզ այս կասկածելի սպանութիւնները կոչած է «Խոջալուի կոտորած»։


Այս սպանութիւնները վէճի նիւթ են հայերու եւ ատրպէյճանցիներու կողմէ, որոնք միմեանց կը մեղադրեն կորուստներու համար։ Վերջին տարիներուն Ատրպէյճանի կառավարութիւնը այս սպանութիւնները դարձուցած է «յանրայայտ ոճիր», տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպելով ձեռնարկներ եւ հայերը մեղադրելով ոչ միայն կոտորած, այլեւ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով…: Այս քարոզչական ձեռնարկները նիւթապէս կը հովանաւորուին ծանօթ «խաւիարային դիւանագիտութեան» միջոցով, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան ամբողջ աշխարհի մէջ կաշառք կու տայ պետական պաշտօնեաներու՝ Ատրպէյճանը քննադատող որոշումները խոչընդոտելու կամ իր օգտին բանաձեւեր ընդունելու համար։


Հեգնական է, որ Ատրպէյճան 613 ատրպէյճանցիներու կասկածելի սպանութիւնները կը նկարագրէ իբրեւ ցեղասպանութիւն, մինչդեռ անամօթաբար կը ժխտէ 1.5 միլիոն հայերու դէմ գործուած իրական ցեղասպանութիւնը՝ 1915-1923 թուականներուն:


Մարտ 3, 1997-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Գլխաւոր խորհուրդի եւ Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն տրամադրութեան տակ դրաւ յայտարարութիւն մը` մերժելով «Խոջալուի իրադարձութեան մասին» Փետրուար 22, 1997-ին Ատրպէյճանի տարածած յայտարարութիւնը: Հայաստան յիշեցուց Ատրպէյճանի այդ օրուան նախագահ Այազ Մութալիպովի խօսքերը, երբ վերջինս յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանի Ազգային ճակատը «աշխուժօրէն խոչընդոտած եւ փաստացիօրէն կանխած է տեղւոյն [ատրպէյճանցի] բնակչութեան հեռացումը լեռնային ճամբաներով, զորս Ղարաբաղի հայերը մասնաւոր ձգած էին՝ քաղաքացիական բնակչութեան դուրս բերումը դիւրացնելու նպատակով»։ Մութալիպով այս յայտարարութիւնը ըրած էր «Խոջալուի դէպքերէն» քանի մը օր անց, չեխ լրագրող Տանա Մազալովայի տուած հարցազրոյցին մէջ, որ հրապարակուած էր Ապրիլ 2, 1992-ին, ռուսական «Նեզավիսիմայա կազեթա» թերթին մէջ։


Նման քարոզչական ձեռնարկներու կազմակերպմամբ Ատրպէյճանի պաշտօնեաները շատ յարմար միջոց գտած են հակազդելու ատրպէյճանական Սումկայիթ (Փետրուար 27-29, 1988), Գեանջա (Նոյեմբեր, 1988) եւ Պաքու (Յունուար, 1990) քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած հայերու զանգուածային սպանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան։


Ատրպէյճան չէր կրնար գտնել ԱՄՆ Գոնկրեսի աւելի խայտառակ անդամ, քան Հէյսթինկզը՝ Հայաստանի դէմ իր քարոզչական պատերազմը իրականացնելու համար։ Գոնկրեսի անդամ դառնալէ առաջ Հէյսթինկզ աշխատած է  իբրեւ Միացեալ Նահանգներու շրջանային կամ դաշնակցային դատաւոր 1979-էն մինչեւ 1989, որուն ընթացքին ան հեռացուած է պաշտօնէն։

Համաձայն Ուիքիփետիայի՝ «1981 թուականին [դատաւոր] Հէյսթինկզի դէմ մեղադրանք առաջադրուեցաւ 150 հազար տոլար կաշառք ստանալուն համար՝ Ֆրէնք եւ Թոմըս Ռոմանոներու կողմէ  21 իւրացումներու համար փոխ հատուցուող գոյքի վերադարձի եւ մեղմ դատավճիռի դիմաց եւ այդ դատական գործին վերաբերեալ իր սուտ ցուցմունքներուն համար։ 1983-ին ան արդարացուեցաւ երդուեալ ատենակալներու կողմէ, երբ ենթադրեալ յանցակից Ուիլեըմ Պորտըրզ հրաժարեցաւ ցուցմունք տալէ դատարանին մէջ, որուն հետեւանքով Պորտըրզ բանտարկուեցաւ»։


 «1988-ին դեմոկրատներու կողմէ վերահսկուող Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատը զբաղեցաւ այս գործով, եւ Հէյսթինկզ պաշտօնազրկուեցաւ կաշառակերութեան եւ սուտ վկայութեան համար՝ ձայներու 413-3 յարաբերակցութեամբ քուէարկութեամբ։ Այնուհետեւ, 1989 Սեպտեմբեր 20-ին, ան դատապարտուեցաւ Միացեալ Նահանգների Ծերակոյտին կողմէ՝  դառնալով ԱՄՆ պատմութեան մէջ Ծերակոյտի կողմէ պաշտօնանկ եղած վեցերորդ դաշնակցային դատաւորը։ Ծերակոյտը, երկու ժամ տեւած քուէրակութեամբ, կողմ քուէարկեց պաշտօնանկութեան 17 յօդուածներէն 11-ին, ընդ որում  դատապարտեց Հէյսթինկզը՝ 11 յօդուածներէն  ութի մէջ։ Առաջին յօդուածի քուարկութեան պատկերն էր՝ 69 կողմ, 26 դէմ…»։

Գոնկրեսական Հէյսթինկզ երկրորդ անգամ խայտառակուեցաւ, երբ Հելսինքեան յանձնախումբի պաշտօնեան, որուն նախագահը անձամբ ինքն է, զինք մեղադրեց անվայել սեռական վարք դրսեւորելու յանցանքով…: 2017 Դեկտեմբեր 8-ին Roll Call թերթը յայտնեց, որ ԱՄՆ գանձապետական բաժանմունքը գաղտնի կերպով 220 հազար տոլար գումար վճարած է այդ պաշտօնեային՝ սեռական ոտնձգութեան ենթադրեալ գործը կարգաւորելու համար ընդդէմ Հէյսթինկզի։


Գոնկրեսական յանձնախումբի անդամ Ուինսըմ Փարքըր գրաւոր բացատրութեան մէջ յայտնած է, որ գոնկրեսական Հէյսթինկզ դպած է իրեն, կատարած է անցանկալի սեռական բնոյթի գործողութիւններ եւ սպառնացած, որ կը հեռացնէ զինք իր աշխատանքէն։ Իր դատական հայցին մէջ Փարքըր նշած է, որ «Հէյսթինկզ բազմիցս խնդրած է մնալ անոր բնակարանին մէջ կամ այցելած՝ պանդոկի անոր սենեակը։ Փարքըր նաեւ ըսած է, որ Հէյսթինկզ յաճախակի գրկած է զինք, իսկ անգամ մըն ալ հարցուցած, թէ ինչպիսի՞ ներքնազգեստ կը կրէ», գրած է Roll Call թերթը։ Հէյսթինկզ հերքած է մեղադրանքը։


Վերջապէս, ի յայտ կու գայ, որ Հէյսթինկզ լայն կապեր հաստատած է BGR Group ամերիկեան ընկերութեան հետ, որ ամսական 50 հազար տոլար կը ստանայ՝ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի օգտին լոպիինկ ընելու համար։


Համաձայն դաշնակցային «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան արարք»ի (FARA) օրէնքներու՝ իւրաքանչիւր լոպիիստական կազմակերպութիւն պէտք է արձանագրուի ԱՄՆ Արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ՝ բացայայտելով օտարերկրեայ կառոյցի հետ կնքած պայմանագիրը։ Աւելի կարեւորը այն է, որ լոպիիստական ընկերութեան պաշտօնեաները պարտաւոր են Արդարադատութեան բաժանմունքին ներկայացնել որեւէ տեսակի կապ, որ անոնք ունեցած են կողմնակի մարդոց հետ իրենց յաճախորդին անունով, ատիկա ըլլայ ելեկտրոնային նամակատուփով, հեռաձայնային զանգերով կամ անձնական հանդիպումներու միջոցով:

Օրինակ, վեց ամսուան ընթացքին, 2017 Դեկտեմբեր 1-էն մինչեւ 2018 Մայիս 30-ը ինկած ժամանակահատուածին մէջ BGR յայտնած է Գոնկրեսի գրասենեակներուն հետ հարիւրաւոր շփումներու մասին։ Ամէն անգամ իբրեւ շփման առարկայ նշուած է՝ «ԱՄՆ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններ»։ BGR հմտօրէն ծածկած է գոնկրեսականի կամ ծերակուտականի անունը՝ նշելով միայն իր աշխատակազմի անդամին անունը:


Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) երկարատեւ հետաքննութիւն իրականացուցած է՝ պարզելու համար Գոնկրեսի այն անդամներուն անունները, որոնց հետ աշխատած են այդ պաշտօնեաները։ ANCA-ի հետաքննութեամբ բացայայտուած է, որ 2017 Նոյեմբեր 17-ին, 2018 Փետրուար 27-ին, Մարտ 5-ին եւ 12-ին, Ապրիլ 30-ին, Մայիս 22-ին, 23-ին եւ 30-ին BGR-ի լոպիիստները ելեկտրոնային նամակ ուղարկած են գոնկրեսական Հէյսթինկզի պաշտօնեայ Թամ Քարնսի։ BGR նաեւ տեսակցած է Թամ Քարնսի հետ, 2018 Մայիս 30-ին։ Բացի այդ, 2018 Մայիս 22-ին, BGR-ի լոպիիստները ելեկտրոնային նամակ յղած են Հէյսթինկզի գրասենեակի պաշտօնեայ Սուզաննա Ճէքսընի։ Բացի այդ, 2017 Նոյեմբեր 2-ին, Ռապ Մանկաս, Թիմ Հէչքինսըն, Կ. Լորի Մըքքէր, Կիլորըն Լոնկ եւ Ալպերթ Վին, Թուրքիոյ համար գործող լոպիիստական Greenberg Traurig ընկերութեան անունով Հէյսթինկզի գրասենեակի պաշտօնեայ Լէյլ Մորիսընի հետ քննարկումներ կատարած են ամերիկեան-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ։ Վերջապէս, 2017 Հոկտեմբեր 27-ին Լիտիա Պորլանտ մէկ այլ՝ Թուրքիոյ համար լոպիիստական գործունէութիւն ծաւալող LB International Solutions ընկերութեան անունով, տեսակցութիւն ունեցած է Հէյսթինկզի գրասենեակի պաշտօնեայ Լէյլ Մորիսընի հետ՝ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերաբերեալ։


Զարմանալի չէ, որ գոնկրեսական Հէյսթինկզ վերջին տարիներուն D եւ D Plus ցած նիշ  ստացած է՝ ANCA-ի կողմէ Գոնկրեսի մէջ հայկական զանազան հարցերու չաջակցելուն համար:


Ատրպէյճան փորձած է քողարկել հայերու դէմ իր կատարած յանցագործութիւնները եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումները իր իրաւազուրկ քաղաքացիներուն դէմ՝ կաշառելով աշխարհի տարբեր պաշտօնեաները եւ մեղադրելով ուրիշները իր սեփական յանցանքներուն համար…

 


Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան