image
Հրատապ լուրեր:

Համացանցային «Ռատիօ Եան»ի հիմնադիր Ասպետ Հարմանտայեան. «Հայոց մեղեդին Մեսրոպեան տառով…»

Համացանցային «Ռատիօ Եան»ի հիմնադիր Ասպետ Հարմանտայեան. «Հայոց մեղեդին Մեսրոպեան տառով…»

Ականատես կ՚ըլլանք մեծ եւ արագ փոփոխութիւններու։ Երկար ժամանակէ ի վեր մեր տուները «ներխուժած» համացանցը հազար ձեւ ու մարմին կը փոխէ, անշուշտ, նպատակ ունենալով դառնալ աւելի վստահելի եւ «միահեծան» տեղեկութեան աղբիւր։ Խորքին մէջ ընթացողը լուռ պատերազմ մըն է, որուն կը մասնակցին լրատուական, քաղաքական, գաղափարական, կրօնական, ընկերային եւ տնտեսական կառոյցներ։ Անշուշտ ասոնց իւրաքանչիւրին նպատակն է, որ իրենց կառոյցը, իրենց «հոլտինկ»ը, իրենց կազմակերպութիւնը եւ իրենց գաղափարը ամենէն շատ տարածուի եւ տեղ գրաւէ մեր կեանքին մէջ։


Յաճախ այդ պատերազմը կը մղուի բաւական կոպիտ, անընդունելի եւ նոյնիսկ պախարակելի ձեւաչափերով ու ցաւօք կարողանալով «կուլ տալ» հասարակութեան մեծամասնութեան եւ ոգեղէն արժէքները, գաղափարական հայեացքները եւ անգամ հարուած տալ այդ խոշոր հատուածներու ինքնութեան ու արմատներուն։


Համացանցի արդիական «գրոհ»ները, ինչպէս նաեւ «համաշխարհայնացում» ընդհանուր եզրոյթին մէջ հաւաքուած գաղափարները դարձան հայկական օրակարգը ձեւաւորող կողմերուն գլխաւոր մտահոգութեան առանցքը։ Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս ընել, առնուազն դէմ դնելու համար հեղեղի նման դէպի մեր կեանքերը արշաւող տեղակտուական, քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային ալիքներուն։


Համացանցային աշխարհին մէջ տեղի ունեցած արագ զարգացումները, որոշ շրջանի մը համար յատկապէս սփիւռքի «տաք ափեր»ուն ապրող հայութեան կողմէ կ՚ընակլուէին լուրջ եւ նոյնիսկ վտանգաւոր մարտահրաւէր, մինչեւ այն պահը, երբ հայութեան հարցերով զբաղող միութիւնները, մարմիններն ու անհատները սկսան հասկնալ, թէ կարելի չէ դէմ դնել աշխարհը ամէն օր եւ հետզհետէ գրաւող եւ իր «ափին» մէջ առնող երեւոյթներուն դէմ։


Գաղտնաբառը անշուշտ ծնունդ կ՚առնէր, երբ հայութեան մեծ հատուածները եւ յատկապէս երիտասարդական խաւերը կը սկսէին համոզուիլ, թէ կարելի է ու հարկաւոր է «լեզու գտնել» արդիական մօտեցումներուն հետ։


Բանալի մօտեցումներ, արդիական միջոցներ, նոր զէնքեր ու նոր մեթոտներ… Ահա՛, ասոնք էին այն յղացքները, որոնցմով հնարաւոր պիտի ըլլար դառնալ արդիական եւ միանգամընդմիշտ հրաժարիլ՝ հին, օթեկ, նեխած եւ անցեալ հոտող ընկալումներէն։


Արդիականութեան հետ առաջին կապերը կը նետուէին յատկապէս երիտասարդ հատուածներուն ջանքերով։ Ու դարձեալ երիտասարդներն էին, որ իրենց առաջին փորձերով կը յաջողէին հայութիւնը կառավարել կամ առաջնորդել փորձող ղեկավար դասին ցոյց տալ, թէ՝ «Պարոնայք, այո՛, կան նոր ճանապարհներ»։


Այսօրուան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի զրուցակիցս պէտք է համարել այն երիտասարդներէն մին, որ բոլորովին անհատական (հաշուի պէտք է առնել նաեւ խօսակիցիս ընկերներուն ճիգերը) ճիգերով կարողացաւ շատ կարճ ժամանակի մը մէջ ընթացք տալ արդիական եւ գործնական ծրագիր մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար շատ աւելի լայն խաւերու եւ շերտերու հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը լսելի դարձնել։ Ի դէպ խօսակիցիս՝ Ասպետ Հարմանտայեանի կողմէ ստեղծուած «Ռատիօ Եան» համացանցային ռատիոկայանի ամենէն աւելի ուշագրաւ կողմը այն էր, որ ռատիոն ստեղծած երիտասարդ-երիտասարդուհիները կարողացան ոչ միայն առցանց ռատիոյի աշխատանքը կատարել, այլ նաեւ իրենց ստեղծած հարթակը վերածել ընկերային-մշակութային հարթակի մը, որուն շնորհիւ ալ (ինչպէս հարցազրոյցին մէջ ալ ներկայացուած է) փորձեցին ու կարողացան օգատակար ըլլալ դժուարին պայմաններու տակ ապրող հայաստանցի հայրենակիցներու։ Անոնց ունեցած արհեստավարժ մօտեցումն ալ ցոյց տուաւ, որ գէթ իրենց պարագային «այլեւս ժողովուրդը յոգնած է ամէն ինչէ» ձեւակերպումը անտեղի ու սխալ կարծրատիպ մըն է։


Ժողովուրդը միշտ ալ պատրաստ է ձեռք երկարել, պայմանաւ, որ ի՛նչ միջոցներով, ի՛նչ նպատակներով եւ ինչ մեթոտներով ոմն՝ նպատակի մը համար կը դիմէ այդ ժողովուրդին։

*

 

-Ի՞նչ բան ձեզ մղեց նման համացանցային ռատիօ մը ստեղծելու, ի՞նչ էր գլխաւոր նպատակը:

Համացանցային ռատիօ ստեղծելը մեզի համար ինքնանպատակ չէր: 2011 թուականին եղան քանի մը եղելութիւններ, որոնց պատճառով ալ որոշեցինք ստեղծել «Ռատիօ Եան»ը: Ամէն ինչ սկսաւ, երբ ընկերներով որոշեցինք 2011 թուականին Հայաստանի մէջ անօթեւան բազմանդամ ընտանիքի մը օգնել դրամահաւաք կազմակերպելով: Այդ ծրագրի ծիրէն ներս կապ ստեղծել շարք մը ծանօթ ռատիոկայաններու եւ թերթերու հետ, որոնցմէ ինչ-ինչ պատճառներով դրական պատասխան չստացանք: Այդ պատճառով, «Ռատիօ Եան»ը ստեղծեցինք, որպէսզի մեր ծրագիրները իրագործենք համահայկական համացանցային ներուժը օգտագործելով եւ անշուշտ յաջողութեան հասանք ու իրագործեցինք մեր նպատակը՝ կիւմրեցի Դանիէլեաններու բազմանդամ ընտանիքին տուն նուիրեցինք: Այս էր մեր հիմնադրութեան հիմնական պատճառը, որուն հետեւեցան նաեւ առարկայական պատճառներ. օրինակ՝ համացանցի վրայ հայութեան կողմէ արդի արհեստագիտական միջոցները ի նպաստ հայութեան օգտագործելը, հայկական նախաձեռնութիւններու պահանջարկը: Կար նաեւ համացանցի եւ ընդհանրապէս սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ հայկական երգերու եւ մշակոյթի աղաւաղման մտահոգութիւնը: Այս քայլով, մենք փորձեցինք տարածել իսկական հայկական երաժշտութիւն եւ ազգային յեղափոխական մթնոլորտ:


-Ինչպէս կը նկատենք, «Ռատիօ Եան»ի կայաններէն մին միայն ազգային երգեր կը սփռէ, իսկ միւս երկուքը՝ հայկական եւ յունական երգեր, ինչո՞ւ այս բաժանումը:

Այո, «Ռատիօ Եան»ը այսօր ունի երեք բաժանմունք: Ինչպէս արդէն յայտնեցի, «Ռատիօ Եան»ը սկսաւ գործել ու ներկայանալ միայն ազգային, յեղափոխական տարբերակով: Այդ մէկը շարունակուեցաւ մէկ տարի, որուն յաջորդեց երկրորդ բաժանմունքի ստեղծումը՝ մեր, ինչպէս նաեւ ռատիոյի բաւականին մեծ թիւով ունկնդիրներուն պահանջարկով, որն էր՝ ունենալ նաեւ միմիայն հայկական երգերու ու կատարումներու անդադար սփռում: Յետոյ, քանի մը տարի անց, ստեղծեցինք յունական ռատիոյի բաժանմունքը, ուրկէ կը սփռուին բացառապէս յունարէն երգեր, ինչպէս նաեւ յունարէնով կատարուած հայկական ազգային- յեղափոխական երգեր: Այս Վերջինը անձնական նախասիրութիւն մըն էր, որ ուզեցի բաժնեկցիլ բոլոր յունական մշակոյթով հետաքրքուողներուն հետ:

Ինչո՞ւ ազգային երգեր սփռող ռատիոկայան: Նախ եւ առաջ, անդադար սփռուող ազգային երգերու ռատիօ մը գոյութիւն չունէր ու մեծ պահանջարկ կար մեր շրջապատէն: Այդպէսով, մենք եղանք առաջինը, որ ստեղծեցինք այդ ռատիոն՝ որ պիտի գոցէր այն բացը, ինչ որ կար հայկական ռատիոներուն մօտ: Միւս պատճառը նաեւ սփիւռքի մէջ զուտ հայկական ռատիոյի բացակայութիւնն էր: Ինչպէս գիտէք, գրեթէ բոլոր ռատիոները տեղական ռատիոկայաններ են եւ չունին ընդհանրական սփիւռքեան մօտեցում: Այդ մէկը, ինչ-ինչ պատճառներով, կը ստիպէր բազմալեզու յայտագիրներ ու երգեր տրամադրել իրենց ունկնդիրներուն: Իսկ մենք միշտ փնտռած էինք ռատիոկայան մը, որ մեզի միայն հայկական երգեր պիտի տրամադրէր, առանց առեւտրական ծանուցումներու: Այս էր պատճառը, որ ստեղծեցինք երկրորդ բաժանմունք մը, 2012 թուականին։


-Նիւթական տեսակէտէ՝ ինչպէ՞ս կը գոյատեւէք, հովանաւոր ունի՞ք, թէ՞ սիրողական է: Իսկ եթէ սիրողական է, ինչպէ՞ս կը հոգաք համացանցի ծախսերը:

Ճիշդ է, ռատիօ ունենալը ծախս է: Ռատիոներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ՚ապրի իր գովազդներով եւ այդպէսով կախեալ կ՚ըլլան, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ երբեմն բարոյապէս իրենց հովանաւորէն: Ռատիոյի ընդհանուր ծախսերը հոգալու համար մենք ի սկզբանէ որոշեցինք ստեղծել մշակութային ընկերակցութիւն մը, որ նախ եւ առաջ, պիտի ինքնագանձատրուի, հոգայ բոլոր ծախսերը՝ իր անդամներուն մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ունկնդիրներուն ազատ մասնակցութեամբ (crowdfunding)։ Մեր առանձնայատկութիւնը այն է, որ մենք ամբողջութեամբ անկախ ենք ու ինքնաբաւարարուած: Կարծեմ այս է նաեւ մեր տարբերութիւնը՝ մեր բոլոր գործընկերներէն։


-Ռատիոն որոշ քաղաքական ուղղուածութիւն մը ունի՞, թէ՞ բոլորին համար է:

Շատ յստակ ու հակիրճ պատասխանեմ այս հարցումին, զոր միշտ կը լսենք: «Ռատիօ Եան»ը քաղաքական պատկանելիութիւն կամ ուղղուածութիւն չունի, ոչ ալ կը ցանկայ ունենալ: Մեր ուղղուածութիւնը կ՚ամփոփուի հայրենասիրութեամբ, «դէպի երկիր»ով, Հայաստանով ու «հայկական մեղեդին՝ մեսրոպեան տառով», որ մեր նշանաբանն է: Այո՛, երբեմն-երբեմն կրնանք մեր կարծիքը յայտնել կամ առարկայական յօդուածներ տարածել այս կամ այն իրադարձութեան մասին, բայց մենք կը մնանք ամբողջ հայրենասէր հայութեան կողքին։


-Ո՞ւր կը գտնուի ռատիոյի կառոյցը, քանի՞ հոգիէ կը բաղկանայ անձնակազմը:

«Ռատիօ Եան» մշակութային միութիւնը կը բաղկանայ տասն անդամներէ, դիմատետրի վրայ ունի մօտաւոր 22 հազար հայ հետեւորդ, իսկ ռատիոյի վրայ ունի տարեկան աւելի քան 170 հազար անհատ ունկնդրող:


-Ինչպէս կը նկատենք, այս հինգ տարիներու ընթացքին կրցաք լայն լսարան մը ստեղծել, այնքան մը, որ նաեւ հասարակական գործունէութիւն սկսաք ծաւալել. օրինակ՝ Կիւմրիի մէջ ձեր իրականացուցած բարեսիրական ծրագիրը: Ապագային ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:

Վերջին երկու ծրագիրները՝ որոնք իրականացուցինք 2018 թուականի վերջին «Ռատիօ Եան»ի «Itunes App»ի ստեղծումն էր եւ Կիւմրիի մէջ անօթեւան ընտանիքի մը տուն նուիրելու ծրագիրը. յաջողեցանք ծրագիրը իրականացնել մէկ ամսուան ընթացքին։ Յաջորդ փուլի ու ապագայի ծրագիրներուն մասին կրնամ ըսել հետեւեալը՝ մենք կ՚ուզենք, առաւելագոյնս օգտագործել մեր համազգային ներուժը՝ յօգուտ մեր հայրենիքին։ Ինչ ձեւով ալ ըլլան այդ ապագայ ծրագիրները՝ վստահ եղէք, որ անոնք պիտի ըլլան միայն ու միայն ի նպաստ հայութեան ու Հայաստանին։

 

Սագօ Աարեան

«Ժամանակ»/Պոլիս