image
Հրատապ լուրեր:

Յիսնամեակ այցելութեանց. Շնորհք Պատրիարք հօր հայրախնամ երեք այցելութիւնները գաւառի հայութեան

Յիսնամեակ այցելութեանց. Շնորհք Պատրիարք հօր հայրախնամ երեք այցելութիւնները գաւառի հայութեան

Յիսնամեակ այցելութեանց. Շնորհք Պատրիարք հօր հայրախնամ երեք այցելութիւնները գաւառի հայութեան՝ 1969 - 1977 - 1985

 

 

Պօղոս Առաքեալի Հետքերով

Կ. Պոլսոյ Հայոց երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան (1961-1990) իր 29¬ամեայ աննախընթաց գահակալութեան ընթացքին (ոչ մէկ Պատրիարք կարողացած է մնալ պաշտօնի վրայ այդքան երկար) վեց անգամ, որոնցմէ երեքը իրարմէ ուղիղ ութը տարիներու հեռաւորութեամբ, Անատոլուի գաւառները այցելեց հայ ժողովուրդի կորստեան մատնուած բեկորները մխիթարելու եւ ազատելու, մասնաւորաբար հարիւրներով    Կ. Պոլիս փոխադրելու հայրախնամ ծրագրով: Պատրիարք Հայրը յանուն Քրիստոսի հետեւեցաւ Պօղոս Առաքեալի կատարած երեք ճամբորդութեանց, անցնելով ճիշդ նոյն ճանապարհէն, Առաքեալին հետքերով եւ նման առաքելութեամբ:

Շնորհք Պատրիարք, մեր օրերու կորովի եւ իր կոչումին ճշմարիտ հետեւորդ հոգեւորականը եղաւ, այն բացառիկ Հոգեւոր Հայրերէն մին որ անցեալի քրիստոնէական շնորհքը կրկին փայլեցուց գործքով իր Անատոլու կատարած երեք հովուապետական այցելութիւններով` 1969, 1977, եւ 1985 թուականներուն: Վերջինը, ուղեկցութեամբ Պատ¬ րիարքարանի դիւանապետ եւ այժմու Պատրիարք Մեսրոպ վարդապետ Մութաֆեանի, նորոգ վախճանեալ Միւռոն քահանայ Այվազեանի եւ Տոքթ. Կարապետ Արմանի:

 

Երրորդ Ճամբորդութեան Հանգրուանները

Հարիւրաւոր  Հայորդիներու Փոխադրութիւնը

Շնորհք Պատրիարք Հօր 1985 թուի երրորդ ճամբորդութիւնը  յատկապէս նպատակ ունէր աւելի մօտէն ճանչնալու, մխիթարելու, եւ ի հարկին անոնցմէ շատերը իր հովանիին տակ առնելով Իսթանպուլ փոխադրելու: Յիրաւի հրաշագործ Պատրիարքը փոխադրեց գրեթէ թրքացած հայորդիները, բնակութիւն, գործ եւ կրթութիւն հայթայթելով ընտանիք¬ ներուն: Նման նախաձեռնարկ նախկին պատրիարքներ երբեք չէին կարողացած ընել քաղաքական արգելիչ պայմաններու բերումով:

 

Կեսարիա, Խարբերդ, Մալաթիա

 Անցնելով Նիկոմիդիայէն Պատրիարքն ու ուղեկիցները դէպի Կեսարիա մեկնեցան ուր նաեւ հասեր էին մեծ թիւով ուխտաւորներ Պատրիարք Հօր Ս. Պատարագին ներկայ ըլլալու համար, որոնք Ատափազարի եւ Պոլուի վրայով Կեսարիա հասեր էին հետեւելով Պատրիարքի շքախումբին: Հոն Պատրիարք Հայրը կը դիմաւորուէր Կեսարիոյ հոգեւոր հովիւ Վարագ քահանայ Պէյլերեանէ եւ կը մատուցանէր սուրբ պատարագ տեղացի 11 հայերու եւ հարիւրէ աւելի ուխտաւորներու ներկայութեան:

Յաջորդ օր Խարբերդ կը հասնէին եւ Պատրիարք Հայրը Օգոստոս 29¬ին կը պատարագէր Ասորիներու եկեղեցիին մէջ, ի ներկայութեան տեղի հայ ընտանիքներուն եւ ուխտաւորներուն: Յաջորդ օր Նեմրութ լեռ կը բարձրանային, եւ Պատրիարք Հայրը իր խումբով Մալաթիա կը հասնէր, ուր հայկական եկեղեցիի չգոյութեան պատճառով հոգեհանգստեան կարգ կը կատարէր տեղւոյն հայոց գերեզմանատան մէջ:

 

Տիարպեքիր, Տէրիք, Մերտին

Յաջորդ օր Պատրիարք Հայրը Տիարպեքիր կը հասնէր ու կ’այցելէր պետական անձանց ու Սուրբ Կիրակոս յայտնի եկեղեցին, որ անխնամ վիճակի մատնուած էր եւ նորոգութեան կարիքը ունէր: Ինչպէս ըսուած է Ս. Կիրակոս եկեղեցին ամենէն ընդարձակ հայ եկեղեցին եղած է որ վերջին մեր օրերուն յատուկ ուշադրութեանը յանձնուած է տեղւոյն քաղաքապետութեան եւ բոլորովին նորոգուած, եւ ի նորոյ օծուած, մի քանի տարիներ առաջ: Թէեւ կարճ տեւած է եկեղեցիին բարւոք վիճակը եւ շուտով կրկին բռնութեանց ենթարկուած է ու լքեալ եւ ողբալի վիճակի մատնուած: Շնորհք Պատրիարք վերադարձած է եւ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյն մէջ պատարագ մատուցած: Անցած է Տէրիք գիւղաքաղաքը եւ իր շքախումբի անդամներով այցելած Ս. Գէորգ հայոց եկեղեցին ուր 150 հայեր կ’ապրէին: Պատրիարքը ՚Հրաշափառՙով մուտք գործած է, պատարագած է Միւռոն քահանայ Այվազեան եւ Շնորհք Պատրիարք տուած է իր հոգեւոր պատգամը:

Նոյն օր Մերտինէն անցնելով կանգ կ’առնէին նախ Տէյր¬իւլ¬Զաֆարան եւ ապա Մար Կապրիէլ ասորիներու վանքերը, ուր երկու յարանուանութեանց պետերը միասնաբար պաշտամունք կատարած են:

 

Վան, Պիթլիս, Աղթամար

Տիարպեքիր վերադառնալով, Պատրիարք Հայրը տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցանէր եւ Ս. հաղորդութիւն կը մատակարարէր տեղւոյն հայ հաւատացեալներուն: Անկէ Վան կ’ուղեւորէր, անցնելով Պիթլիսէն եւ Արտամետէն, տալով նաեւ Վանի նահանգապետին իր պաշտօնական այցելութիւնը: Յուզումուվ կը տեսնէր Վարագայ վանքը, շուրջի եօթը եկեղեցիները` բոլորը կիսաւէր, եւ Սեպտեմբեր 3-ին շոգենաւով կ’այցելէր Վանայ լճի Կտուց եւ Առտէր կղզիներու վանքերը ուր կանգուն կը մնային Ս. Կարապետ եւ Աղթամարի անուանի Ս. Խաչ եկեղեցիները: Ս. Խաչ մեր օրերուն բարեզարդուեցաւ, իր գմբէթին վերստին ագուցուեցաւ Խաչը, ճանչցուելով որպէս հայ եկեղեցի, եւ տարեկան ուխտի օրուան Վերացման Խաչի տօնին, արտօնուեցաւ սուրբ պատարագ մատուցանել դուրսէն հարիւրաւոր ուխտաւորներու ներկայութեան:

 

Կարս, Էրզրում, Անի

Սեպտեմբեր 4-ին Պատրիարք Հայրը կ’այցելէր Կարսի Ս. Առաքելոց եկեղեցին որ թանգարանի վերածուած է այժմ իր գմբէթաւոր հոյակապ կառոյցով, եւ ապա` Էրզրում եւ Անիի աւերակները` Մայր Եկեղեցին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Փրկիչ կիսաւէր եկեղեցիները: Իսթանպուլ վերադարձէն առաջ Պատրիարքն ու խումբը կ’անցնէին Տրապիզոնէն ու Սամսոնէն տեսնելով հայկական եւ յունական վանքերը: Իսթանպուլ կը վերադառնային Սեպտեմբեր 7-ին, երեք շաբթուան շրջագայութենէ ետք:

Ի պատիւ Շնորհք Պատրիարքի հարկ է կրկին արձանագրել որ իր այցելութիւնները պսակուեցան հայ բեկորներու փրկութեամբ, հաւաքելով հարիւրաւոր հայորդիներ եւ զանոնք իր հովանիին տակ առնելով Իսթանպուլի մէջ, ուր անոնք որպէս հայ ապրեցան, ուսում ստացան, աճեցան եւ գործի մարդ դարձան: Տառացիօրէն ան փրկեց հայու մնացորդացը, որոնք թրքանալու եզրին հասած էին արդարեւ:

 

 

Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան

«Մասիս»