image

Վերջին կտակը

Վերջին կտակը

(Հատուած Աւետիս Թէրզիպաշէանի «Անդրանիկ» վէպէն)

 

Առաջին անգամ էր որ Անդրանիկ կ՚ունենար այդքան յամառ եւ երկարատեւ, այդքան սուր եկ խայթիչ ցաւեր։ Ան կը զգայ թշնամիին այս անգամուան յարձակողականին լուրջ բնոյթը։ Ւկ զգայ ան իր դիմագրական ուժերուն աստիճանական նուազումը։ Ան կը կանչէ ամուսինը.

 

— Նուա՛րդ, այս ցաւը՝ զիս այս անգամ չպիտի թողու։

 

Յետոյ ընդմիջելով կնոջը յուսադրիչ խօսքերը, կը շարունակէ.

 

— Նուա՛րդ, եթէ այս ցաւը զիս տանելու ըլլայ, չըլլայ որ մոռնաս  իմ փափաքը ե՛ւ զիս օտար հողի վրայ թողուս. իմ մարմինը անպատճառ Հայաստանի փոխադրէ։

 

Տիկին Նուարդ կը փղձկի։

 

— Բայց —   կը շարունակէ Անդրանիկ —   եթէ երբեք կարելի չըլլայ իմ այս փափաքին  իրագործումը, կ՚ուզեմ որ իմ մարմինը  փոխադրել տաս Վառնա եւ թաղել տաս Նազելիի գերեզմանին քովը։

 

Նազելին՝ Անդրանիկին մեծ քոյրն է, երեք ամիս առաջ մեռած։

 

Անդրանիկ երկու սիրով է որ սիրած է իր քոյրը,  նախ որպէս մայր, յետոյ որպէս քոյր։

 

Անդրանիկի մայրը, Մարիամ, Անդրանիկը որբ կը ձգէ երբ ան մէկուկէս տարու կ՚ըլլայ։ Մահուան անկողնոյն մէջ, ան քովը կըկանչէ Նազելին որ հարս է արդէն, եւ, որպէս կտակ անոր կ՚ըսէ.

 

— Նազելի՛, իմ Անդրանիկը որբ չձգես։

 

Նազելին՝ ճշմարիտ մօր մը պէս իր թեւերուն  վրայ մեծցուցած է Անդրանիկը։

 

Ազգային հերոսը՝ իր հայրենաբաղձութեան գալարումներուն մէջ, հայրենիքէն վերջ —   անոր մերժումի պարագային —   իր սիրելի քրոջը դրացնութիւնը փնտռած է, որպէս նուազ օտար հող։

 

Իր յաւիտենական ննջավայրին մասին առաջինը չէր Անդրանիկի այս փափաքը։ Առաջինն ան յայտնելու ելած էր օր մը, 917ին, Թիֆլիսի մէջ իր հիմնած «Հայաստան» լրագրին խմբագիրներէն Լեւոն Թիւթիւնճեանին,

 

— Լեւո՛ն —   ըսած էր անոր մտերմիկ թօնով մը —   տպարաննիս կը փոխադրենք Հայաստան, Առաքելոց վանքը, կ՚ուզեմ հոն մեռնիլ եւ թաղուիլ Թարգմանիչներու գերեզմաններուն ոտքը, ո՛չ որպէս անոնց քով պառկելու արժանիքով մէկը, այլ, որպէս պահակ զինուոր մը այդ մեծ մարդկանց, դրուած այն ազգին կողմէն որ՝ անոնց վառած ջահին շնորհիւ, դարերով պահած է ինքզինքը։

 

Երկու կտակները իրարմէ բաժնող տասը տարիներու մէջ, տասը տեսակ փոփոխութիւններու ենթարկուած են պայմանները։

 

Անդրանիկ մեծ ճիգով մըն է որ կը յաջողի լրացնել իր նոր կտակին յաւելուածը։ Այդ ճիգը անոր սուղի կը նստի, անոր ցաւը այն աստիճան կը սաստկանայ, որ ան՝ անկողնոյն մէջ իր դիրքին փոփոխութեան մէջ փնտռելու կ՚ելնէ փոքրիկ ամոքում մը, բայց հազիւ թէ փոքրիկ շարժում մը ընել կուտան անոր որ ան կը նուազի։ Երբ կը սթափի, ան ցաւ չիմանար այլեւս, ան հանդարտ է բոլորովին եւ զգացած հանդարտութիւնը ան կ՚արտայայտէ արձակելով երկար բաղագանչութիւն մը,

 

Օ՜խ։

 

Կեանքին մէջ, Անդրանիկ՝ քիչ անգամ արձակած էր այդ սփոփիչ, այդ երջանկաբուխ բացագանչութիւնը, այդքան երկար շունչով։

 

Օ՜խ։

 

Այդքան ա՜խերէն վերջ, այս օ՜խը, այս երկար եւ վերջին օ՜խը։

 

Ցաւը որքան սուր եղած էր, որքան դառն, անոր անցումին պատճառած հանգստութիւնը՝ նոյնքան մեղմ, նոյնքան քաղցր, օ՜խը, այդ փոփոխութեան նշանակած մեծ տարբերութենէն բխած քաղցրութենէն էր որ յորդած էր։

 

Ցաւը չէր, որ անցած էր, այլ, աւա՜ղ, ցաւին զգացողութիւնը։ Անդրանիկ յաղթուած էր, անոր հոգեվարքն էր որ կը սկսէր։

 

Օ՜խը՝ Անդրանիկի արտասանած վերջին բառն էր։

 

Անդրանիկի հոգեվարքը հանդարտ եղաւ։ Նման իւղը հատած կանթեղի մը, անոր հոգիին լոյսը ամբողջ ժամ մը պլպլաց, յետոյ, ճիշդ այն րոպէին, որ արեւածագի առաջին ճառագայթը՝ սենեակի պատուհանէն անոր դէմքին վրայ ինկաւ, այդ պլպլացող լոյսը շիջեցաւ։

 

Անդրանիկ փչած էր իր վերջին շունչը։

 

Ջարդուած էր եւ փշրուած մոգական հայելին, որուն մէջ մէն մի Հայ սովոր էր տեսնելու իր ցեղային առաքինութիւնները եւ հպարտ զգալու ինքզինքը։

 

«Եթէ կարելի չըլլայ իմ այս փափաքին իրագործումը…»։

 

Երկար օ՜խէն առաջ այս կարճ եւ վերջին խօսքերը։ Ի՞նչն էր Անդրանիկի վերջին փափաքը։

 

Երկու քառակուսի —   եւ ոչ աւելի —   մէթր հող միայն, Հայաստանի մէջ, այն երկրին, որուն՝ ան իր կեանքն է տուած, որուն Թանգարանին ան իր սուրն [1] է նուիրած, որուն պատմութեան ան իր հերոսի համբաւն է թողած։

 

Եթէ կարելի եղած ըլլար, ուրեմն, Անդրանիկ պիտի երթար հոն, ուր ուզած էր որ հանգչին իր ոսկորները։ Կարելի չէր եղած այս բանը։ Ինչ որ կենդանւոյն կարելի չէր եղած, ան՝ յետ մահու կարելի համարած էր։ Ատոր ալ, սակայն, հերոսը հաշուած է անկարելիութեան հնարաւորութիւնը եւ քէն չէ պահած իր հայրենիքին։

 

Կեանքին մէջ հերոս, մահուան սեմին վրայ ալ Անդրանիկ մնաց հերոս, Հայրենիքի յիշողութեան առջեւ, ան մոռցաւ քէնը։

 

Սկիպիոն,  Աննիբալին յաղթող Հռովմայեցի  համբաւաւոր զօրավարը, որ՝ Անդրանիկի պէս տարագիր մըն էր, մեռնելէն առաջ հրամայած էր իր գերեզմանաքարին վրայ գրել «Ապերախտ հայրենի՜ք, դուն իմ ոսկորներս չպիտի ունենաս »։

 

Սկիպիոն մեծ զօրավար մըն էր, պատրաստուած  մեծ մարդ մը, բայց ոչ հերոս։

 

Հերոսը չպատրաստուիր, կը ծնի։

 

Քէնը մէկ մասն է «ես»ին։

 

Անդրանիկ կեանքէն, սուրէն, համբաւէն վերջ, իր ոսկորներն ալ նուիրելով իր հայրենիքին, ցոյց տուաւ թէ իր սիրտը՝ մէջը մէկ զգացում միայն պահելու ընդունակ եղած է։

 

Հայրենիքի սիրոյն զգացումը։

 

Սուրին նուիրումին իմաստը չխաթարելու համար է, որ ծանօթութեան ձեւին ներքեւ յիշել կ՚ուզենք, թէ այդ սուրը, 1920ին Անդրանիկի Եգիպտոս կատարած ուղեւորութեան առիթով տեղւոյն Հայութեան կողմէ իրեն նուրուած, իր ոսկեհուռ պատեանով ոսկերչութեան արհեստին գլուխ գործող մը, Ամերիկայի մէջ 25, 000 տոլարի գնահատուած էր։