image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանական ընթացիկ գայթակղութիւնը. Ալիեւի դուստրերը փորձած են Լոնտոնի մէջ գնել 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ տուն

Ատրպէյճանական ընթացիկ գայթակղութիւնը. Ալիեւի դուստրերը փորձած են Լոնտոնի մէջ գնել 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ տուն

Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com


Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը Դեկտեմբեր 21 2018ի իր թիւով բացայայտած է նիւթական վերջին գայթակղութիւնը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դուստրերուն վերաբերեալ:

Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաները Լոնտոնի մէջ ձգտած են ձեռք բերել 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ երկու շքեղ բնակարաններ՝ օգտագործելով գաղտնի ստուերային ընկերութիւն մը: Նշուած գումարը կը ներառէր յաւելեալ 4 միլիոն տոլար՝ երկու տուները մէկ բնակարանի վերածելու համար: Բնակարանները կը գտնուին Պաքինկհամ պալատի այգիին մօտակայքը, կը յայտնէ «Կարտիըն»ի թղթակից Լիւք Հարտինկ:

2016 թուականին ստորագրած իր նախկին յօդուածին մէջ «Կարտիըն» հաղորդած էր, որ Ալիեւի դուստրերը ստեղծած էին գաղտնի ստուերային ընկերութիւն Բրիտանական Վըրճինիըն կղզիներուն մէջ՝ բազմամիլիոն արժէք ունեցող իրենց կալուածներուն կառավարման համար:

Երկու դուստրերը Exaltation Limitedի բաժնետէրերն են. ընկերութիւնը արձանագրուած է 2015ին՝ «Մեծն Բրիտանիոյ սեփականութիւնը պահպանելու» նպատակով: Ստուերային ընկերութիւնը հիմնադրուած է Լոնտոնի Child & Child իրաւաբանական ընկերութեան կողմէ, որ խաբեբայութեամբ պնդած է, թէ ալիեւեան կիները «քաղաքական կապեր չունին»: Այս տեղեկութիւնը քողազերծուած է այն ատեն, երբ Փանամայի փաստաթուղթերը՝ ստուերային Mossack Fonsecaի իրաւաբանական ընկերութեան գաղտնի տուեալները տարածուած են միջազգային լրատուական միջոցներով:

«Կարտիըն»ի տուեալներով՝ Ալիեւի դուստրերը «դիզած են սեփական գործարարութեան հսկայական կայսրութիւններ: Անոնք շքեղ բնակարաններ ունին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ շահաբաժիններ՝ հեռահաղորդակցութեան բնագաւառի մէջ եւ ոսկիի հանքերէ: Արդէն յայտնի էր, որ հիւսիսային Լոնտոնի մէջ Լէյլա Ալիեւա ձեռք բերած է 22 մլն. տոլարնոց սեփական տուն Hampstead Laneի մէջ»: Ասկէ զատ, Ալիեւներու ընտանիքը 140 մլն. տոլար արժող շքեղ բնակարաններ ունի ամբողջ աշխարհի մէջ եւ տուները միայն յայտնի սեփականութիւններն են՝ ըստ Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան հետաքննութեան ծրագիրին: Ալիեւները ունին նաեւ 8 մլն. տոլար արժող բնակարան, որ բացուած է Լոնտոնի «Հայտ Փարք»ի հռետորներու անկիւնին վրայ, 44 մլն. տոլար արժողութեամբ ինը ծովեզերեայ բնակարաններ Տուպայի մէջ, ամառանոց՝ Մոսկուայի մօտերը, նուազագոյնը 37 մլն. տոլար արժողութեամբ, եւ 1.1 մլն. տոլար արժողութեամբ վիլլա՝ Չեխիոյ Քառլովի Վարի առողջարանային քաղաքի իւրայատուկ շրջանին մէջ:

Բրիտանական կանոններու համաձայն՝ Ալիեւի դուստրերը կը դասակարգուին որպէս  «քաղաքականապէս հանրաճանաչ անձեր» (PEP)՝ դրամատուներու կողմէ զանոնք ենթարկելով աւելի մեծ ուշադրութեան եւ արժանահաւատութեան ստուգումներու: «Կարտիըն» հաղորդած է, որ Child & Child ընկերութիւնը Բրիտանիոյ կառավարութեան չէ յայտնած այս երկու կիներու բարձր կարգավիճակին մասին: Պաշտօնական թերթիկին վրայ, ուր կը հարցնեն, թէ արդեօք իրենք  PEP-եր են, իրաւաբանական ընկերութիւնը գրած է «ոչ»՝ «այո»ի փոխարէն:

Բրիտանացի ուրիշ փաստաբան մը՝ Տերիք Ֆրենչ, «հիմնած է երկրորդ գաղտնի փանամական հիմնադրամը՝ UF Universe Foundation անունով, «որ կը վերահսկէր Ատրպէյճանի ամէնէն մեծ  ընկերութիւններէն մէկուն՝ Ata Holdingի բաժնետոմսերու մեծ մասը, կը հաղորդէ «Կարտիըն»: 2003ին հիմնադրուած Ata Holding կը պատկանի Ատրպէյճանի հարկային նախարար Ֆազիլ Մամետովի՝ 600 միլիոն տոլար արժողութեամբ ընկերութեան գաղտնի վերահսկիչ փաթեթով: Ata Holding-ի, Ալիեւի երեք զաւակներուն հետ միասին, կը պատկանին «երկու խոշոր դրամատուներ, շինարարական ընկերութիւններ եւ Պաքուի հինգ աստղանի Excelsior պանդոկը»:

2005ին UF Universe Foundationի կառավարումը անցաւ ուրիշի մը ձեռքը: Նախագահ Ալիեւի երեք զաւակները՝ Լէյլա, Արզու եւ անոնց եղբայրը՝ Հէյտար, որ այն ատեն եօթը տարեկան էր, հիմնադրամին մէջ ունէին 50 տոկոս շահաբաժին: Անոնց մայրը՝ Մեհրիպան, «հովանաւոր»ի անանուն դերով կը վերահսկէր հիմնադրամը: Միւս «հովանաւորը» Մամետովն էր՝ իր 30 տոկոս բաժնեմասով: Ataի նախագահ Ահմէտ Էրէնթոք կը ստանար 15 տոկոս: 2007ին UF Universe Foundationը փակուեցաւ, սակայն Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաները թուարկուած էին որպէս Ataի հիմնական սեփականատէրեր՝ փանամական մէկ ուրիշ՝ Hughson Management ընկերութեան մը միջոցով: Նախագահ Ալիեւի մտերիմ Ճաւատ Մարանտի Ալիեւա քոյրերուն ներկայացուցած էր Child & Child իրաւաբանական ընկերութեան, կը հաստատէ բրիտանական դատարանը: Child & Childի աւագ գործընկեր փաստաբան Խալիտ Շարիֆ այնուհետեւ երկու քոյրերուն անունով ստեղծած է  Exaltation Limitedը՝ Բրիտանական Վիրճինիըն կղզիներու ընկերութիւնը:

Նախագահ Ալիեւի դուստրերուն՝ Լոնտոնի մէջ 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ բնակարանի ձեռքբերման գործով բրիտանական կարգապահական դատարանը Շարիֆը ենթարկած է 57 հազար տոլար տուգանքի եւ արձանագրած 51 հազար տոլար որպէս ծախս՝ դրամի լուացման ստուգումներ չիրականացնելուն եւ իր մասնագիտական չափանիշները չպահելուն համար: 

Պայմանագիրը կնքելէ ետք, Ալիեւա քոյրերը սկսած են կատարել լոնտոնեան երկու բնակարաններու գնման վճարումները՝ փոխանցելով 13 միլիոն տոլար: Սակայն, «2016ին գործարքը ձախողեցաւ, երբ յայտնի դարձաւ անոնց սեփականութիւնը»:

Զարմանալի չէ, որ «Կարտիըն» թերթը բացայայտած է, որ «Միացեալ Նահանգներու գաղտնազերծուած դիւանագիտական հեռագիրներուն մէջ կ՛ենթադրուի, որ Ատրպէյճանի ամէնէն հարուստ մարդը նախագահ Ալիեւն է...»:


Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան