image

Ներկայացուցիչներու Պալատի դեմոկրատական նորընտիր մեծամասնութիւնը պիտի խափանէ Թրամփի նախագահական լիազօրութիւնները

Ներկայացուցիչներու Պալատի դեմոկրատական նորընտիր մեծամասնութիւնը պիտի խափանէ Թրամփի նախագահական լիազօրութիւնները

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Նոյեմբեր 6, 2018ին տեղի ունեցած միջանկեալ ընտրութիւնները զգալիօրէն կը սահմանափակեն նախագահ Թրամփի՝ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարումը որպէս բռնապետութիւն:

 

Իր նախագահութեան առաջին երկու տարիներուն ընթացքին Թրամփ յաճախ չարաշահած է իր լիազօրութիւնները՝ ստորագրելով հրահանգներ եւ վերահսկելով Միացեալ Նահանգներու ինչպէս գործադիր, նոյնպէս ալ օրէնսդիր իշխանութեան մարմինները՝ Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի հանրապետական մեծամասնութեան շնորհիւ: Այդ ընթացքին Թրամփ վիրաւորական բազմաթիւ յայտարարութիւններ ըրած է եւ գործած է ինչպէս ինք բարեհաճած է՝ անտեսելով քաղաքական, իրաւական եւ բարոյական որեւէ վարքագիծ:

 

Սակայն նախագահի սանձարձակ գործունէութիւնը հասաւ իր աւարտին...: Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ, դեմոկրատական ​​նորընտիր մեծամասնութեամբ Թրամփ այլեւս չի կրնար ընել այն, ինչ որ կ՛ուզէ: Ան չի կրնար առաջարկել որեւէ օրինագիծ՝ առանց ստանալու համաձայնութիւնը Ներկայացուցիչներու պալատի դեմոկրատներուն, որոնք կը հետապնդեն նախագահին եւ անոր կառավարութեան անդամներու անօրինական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանեն յատուկ դատախազի՝ Ռուսիոյ հետ գաղտնի համաձայնութեան մը քննութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու 2016 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն: Ներկայացուցիչներու պալատի նորընտիր դեմոկրատական մեծամասնութիւնը կրնայ դատարան կանչել Թրամփի ընտրարշաւի գործընկերները, բան մը, որ հանրապետական նախորդ ​​մեծամասնութիւնը արգելափակած էր, եւ նաեւ պահանջել՝ հրապարակ հանել նախագահի հարկային յայտարարագիրները, զորս Թրամփ կտրականապէս մերժած էր հրապարակել՝ թաքցնելով իր գործարքները օտարերկրեայ երկիրներու մէջ:

 

Այս նոր իրավիճակը պիտի ունենայ յստակ երկու հետեւանքներ։ Յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պիտի յայտնուի փակուղիի մէջ: Դժուար թէ Թրամփի նախաձեռնած որեւէ օրինագիծ հաստատուի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ: Երկրորդ՝ հիասթափուելով իր գործողութիւններուն արգելափակմամբ, Թրամփ, բաղդատած նախկինին, յաւելեալ կոպտութեամբ պիտի յարձակի դեմոկրատներու վրայ: Նախագահը արդէն յայտարարած է, որ եթէ դեմոկրատները հետապնդեն զինք, ապա ան իր հերթին կը հետապնդէ զիրենք...: Սա կը նշանակէ, որ նախագահ Թրամփի զայրոյթը եւ թշնամանքը կը հասնին նոր բարձունքներու, դրդելով զինք վիրաւորական նոր թուիթներ ուղարկել եւ շատ աւելի վիրաւորական ելոյթներ ունենալ իր քաղաքական հանրահաւաքներու ընթացքին:

 

Յառաջիկայ երկու տարիներուն Թրամփ այնքան զբաղած կ՝ըլլայ իր քաղաքական հակառակորդները հարուածելով, որ չի կրնար լիարժէք ուշադրութիւն դարձնել ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Յոյսով ենք, որ այսպէս ալ կը սահմանափակուի անոր հասցուցած վնասը՝ Միացեալ Նահանգներուն եւ ամբողջ աշխարհին...

 

Ամերիկահայ թեկնածուները` միջանկեալ ընտրութիւններուն

 

Դրական կողմը այն էր, որ 2018 Նոյեմբեր 6ի միջանկեալ ընտրութիւններուն, առնուազն  ութ ամերիկահայեր յաղթեցին տեղական, պետական եւ դաշնակցային քաղաքական պաշտօններու համար:

 

Ամերիկահայ Աննա Էշու (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա) վերընտրուած է Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ, Քալիֆորնիայէն դեմոկրատ Ճեքի Կանչելեան Սփիրի հետ միասին:  Ամերիկահայ Էնթընի Պրինտիս (դեմոկրատ, Նիւ Եորք) 1293 ձայնով կը գերազանցէր գործող հանրապետական քոնկրեսական Քլաուտիա Թենիի ընտրութիւններու գիշերը՝ տակաւին սպասելով հազարաւոր ձայներու հաշուարկին: Եթէ Պրինտիս յաղթէ, ան կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ գործող երրորդ ամերիկահայը:

 

Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ եղած են ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ ընտրուած միայն եօթը ամերիկահայեր: Անոնք են.

 

- Թոմաս Քորվին (1831-1840, 1859-1861), հանրապետական, Օհայօ:

- Սթիւըն Տէրունեան (1953-1965), հանրապետական, Նիւ Եորք:

- Ատամ Պենիամին (1977-1982), դեմոկրատ, Ինտիանա:

- Չարլզ Փաշայեան (1979-1991), հանրապետական, Քալիֆորնիա:

- Աննա Էշու (1993-այժմ), դեմոկրատ, Քալիֆորնիա:

- Ճոն Սուինի (1999-2007), հանրապետական, Նիւ Եորք:

- Ճեքի Սփիր (2008-այժմ), դեմոկրատ, Քալիֆորնիա:

 

Անհաւատալիօրէն, հայ եւ հունգարական ծագում ունեցող Թոմաս Քորվին եղած է բարձրակարգ քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ եւ միակ ամերիկահայը, որ 1845-1850 դարձաւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական  (հանրապետական, Օհայօ)։ Բացի Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս եւ Ծերակոյտի մէջ ունեցած ծառայութենէն, ան Օհայոյի նահանգապետն էր (1840-1842) եւ Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարարը (1850-1853)։ Ան նաեւ եղած է Ամերիկայի դեսպանը Մեքսիքոյի մէջ (1861-1864)։

 

Քոնկրեսի հանրապետական թեկնածու Տենի Թարխանեան, Նեւատայէն, պարտուած է Նոյեմբեր 6ի ընտրութիւններուն՝ ի դիմաց դեմոկրատ Սիւզի Լիի, հաւաքելով ձայներու 43.4 տոկոսը,  ընդդեմ՝ Լիի 51.4 տոկոսին։

 

Քոնկրեսի հանրապետական թեկնածու Ճոնի Նալպանտեան (Կլէնտէյլ), պարտուած է ի դիմաց գործող դեմոկրատ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի։ Նալպանտեան հաւաքած է 23.5 տոկոս քուէ, իսկ Շիֆ՝ 76 առ հարիւր։

 

Լոս Անճելըսի Սան Ֆեռնանտօ հովիտի շրջանի դեմոկրատ Ատրին Նազարեան վերընտրութեամբ յաղթած է հանրապետական իր ​​մրցակիցին՝ Ռոքսանա Հոկի, Քալիֆորնիոյ նահանգային պալատէն ներս։ Նազարեան հաւաքած է 77.9 առ հարիւր քուէ, իսկ Հոկ՝ 22.1 առ հարիւր:

 

Էլիզապէթ Ուորըն (չշփոթել ԱՄՆ ծերակուտական Էլիզապէթ Ուորընի հետ)՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներու ծոռնուհին, Քալիֆորնիոյ նահանգային պալատի ընտրութիւններուն պարտուած է ի դիմաց դեմոկրատ Թաշէ Պոնըր Հորուաթի։

 

Հանրապետական Ռիթա Թոփալեան նահանգային ծերակոյտի ընտրութիւններուն պարտուած է դեմոկրատ Պապ Արխելեթայի դիմաց, որ յաղթած է քուէներու 65 առ հարիւրով։

 

Քալիֆորնիայէն դուրս, Միշիկընի նահանգային խորհուրդի 26 տարեկան դեմոկրատ թեկնածու Մարի Մանուկեան յաղթած է իր հակառակորդին՝ Միշիկընի Հանրապետական կուսակցութեան նախկին նախագահ Տէյվիտ Վոլքինսընի՝ ձայներու 57 տոկոսով, ընդդէմ Վոլքինսընի 43 տոկոսին։ Մանուկեանի կը զօրակցէին նախագահ Պարաք Օպամա, ծերակուտական Կէրի Փեթըրս եւ ընտրուած նահանգապետ Կրեչըն Ուիթմըր:

 

Ուրիշ ամերիկահայ թեկնածու մը՝ Մէյնի նահանգային պալատի դեմոկրատ ներկայացուցիչ Սառա Կիտէօ, վերընտրուած է։

 

Աննա Աստուածատրեան-Թուրքոթ վերընտրուած է Westbrook, Մէյնի քաղաքային խորհուրդի մէջ։ Պաքուէն գաղթական Թուրքոթ Արցախի անկախութեան եռանդուն պաշտպաններէն է։

 

Վերջապէս, Լորիկ Չարխուտեան, Մերիլենտի նահանգային օրէնսդիր մարմնի դեմոկրատ թեկնածուն, ընտրուած է՝ դառնալով Մերիլենտի խորհրդարանի առաջին ամերիկահայ ներկայացուցիչը։

 

Ամերիկահայերու մեծ մասը, որ Նոյեմբեր 6ին պայքարած է քաղաքական պաշտօններու համար, յաղթեց։ Նոյնը կը վերաբերի նաեւ ամերիկահայ համայնքի օտարազգի աջակիցներուն։ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդած է, որ իր զօրակցութիւնը վայելող քոնկրեսական թեկնածուներու 92 տոկոսը յաղթած է։ Ասիկա հրաշալի լուր է...

 

Միւս կողմէ, ամերիկահայերը գոհ են, որ Քոնկրեսի մէջ Թուրքիոյ զօրակցող խումբի համանախագահ, քոնկրեսական Փիթ Սեշնս (հանրապետական, Թեքսաս) չկրցաւ վերընտրուիլ՝ հակառակ թրքամէտ հովանաւորներու նուիրատուութիւններուն…

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան