image

«Պուքինիստ»՝ Երեւանի ամենահին գրախանութը

«Պուքինիստ»՝ Երեւանի ամենահին գրախանութը

Վերջերս Համացանցի էջերուն վրայ կը շրջի ծանր տպաւորութիւն ձգող երկու լուսանկար: Մէկը՝ Հայաստանի համայնքային գրադարանի մը լուսանկարն է, ուր կ՚երեւին այրած գիրքերու կոյտեր: Համայնքապետին որոշումով բնակավայրին գրադարանը գոցուած է այն պատճառաբանութեամբ, թէ այցելուներ չունի, իսկ գիրքերը այրած են… Միւս լուսանկարը Երեւանէն է՝ թաղամասային գրադարան մը կրկին գոցուած է, իսկ անոր տարածքին վրայ բացուած է սգոյ սրահ մը… Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն, աւելցած են նման տխուր վայրերը՝ սգոյ սրահները, ուր մարդիկ կը կատարեն իրենց հարազատներուն հրաժեշտի արարողութիւնները, որոնք ժամանակին կը կատարուէին տուներու մէջ: Ահաւասիկ, հերթական սգոյ սրահին սեփականատէրը աչք դրած է գրադարանի տարածքին վրայ եւ անօրինական որոշումով մը տիրացած վայրին՝ գրադարանի գիրքերը անյայտ ճակատագրի մը ենթարկելով:

Այս երկու լուսանկարները բազմապիսի մեկնաբանութիւններու տեղի տուին՝ ներկայ իշխանութիւնները մեղադրելու սկսան նախկին իշխանութիւնները, որոնք անտեղեակ ձեւացուցին, իսկ բնակիչները այն համայնքներուն, ուր այս դէպքերը տեղի ունեցած էին, անտարբեր գտնուեցան…։

Գրադարանային գործին մասնագէտները այս առիթով յիշեցուցին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային օրէնսդրութեան մասին օրէնքը, ըստ որուն իւրաքանչիւր անձ իրաւունք ունի Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով, հաղորդակցիլ մշակութային արժէքներուն, մշակութային գործունէութեան բոլոր ասպարէզներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գրադարանային, թանգարանային, արխիւային եւ այլ հաւաքածոներէն օգտուելու: Ուստի, մեկնելով այս օրէնքէն, կարելի է ենթադրել, որ գրադարան փակելը օրէնքի խախտում է։

Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին գրադարանները ուշադրութեան կ՚արժանանան իբրեւ հաղորդակցման, հասարակութեան զարգացման կեդրոններ: Ուստի, նման եզակի դէպքերը, ինչպիսին էր գիրքերու հրդեհումը կամ գրադարանի տարածքին իւրացումը, անմիջապէս արձագանգ կը գտնեն եւ խստօրէն կը քննադատուին, միաժամանակ ուշադրութիւն կը դարձնեն, որպէսզի նման դէպքերը չկրկնուին։ Ասոր զուգահեռ կան մարզային, գիւղական, քաղաքային, համալսարանական, դպրոցական գրադարաններ, որոնք կը գուրգուրան իրենց ունեցածին վրայ, ամէն ջանք կը գործադրեն գրադարանը ապրող միջավայր մը դարձնելու եւ իշխանութիւններէն, հիմնադրամներէն կամ անհատներէն կը սպասեն, որ անոնք համալրեն իրենց ունեցած գիրքերուն ցանկը:

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը լայն ծրագրով մը նոր հրատարակուած գիրքերու օրինակներ կը գնէ եւ կը ղրկէ մարզային եւ գիւղական գրադարաններ կամ նոր հրատարակուած գիրքեր գնելու համար այդ գրադարաններուն դրամական միջոցներ կը յատկացնէ:

Իսկ նոր հրատարակուող գիրքերը բազմաթիւ են Հայաստանի մէջ: Ամէն նորութիւն կը հրատարակուի. ոչ միայն ժամանակակից գրողներու գիրքեր են հրատարակուածները, այլ նաեւ՝ դասական գրականութեան վերահրատարակում, արտասահմանեան հեղինակներու գիրքերու թարգմանութիւն, ուսուցողական, ճանաչողական գիրքերու կազմում եւ բազմապիսի գիրքեր, որոնցմով լեցուն են Հայաստանի գրախանութները: Այդ գիրքերը ոչ միայն հայերէնով են, այլեւ՝ ռուսերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով եւ այլ լեզուներով:

Մանաւանդ Երեւանի գրախանութները վերջին տարիներուն դարձած են գրաւիչ ու կանչող վայրեր, ուր նոր ու ժամանակակից խանութներու մէջ, գեղեցիկ ու խնամքով դասաւորուած են բազմալեզու գիրքերը: Ատենին իրարու ետեւէ գոցուեցան Երեւանի մէջ գործող բոլոր գրախանութները եւ քաղաքին մէջ մնաց մէկ-երկու գրախանութ, որոնցմէ մին «Պուքինիստ»ն էր:

Սակայն այսօր ոչ միայն «Պուքինիստ»ը բացած է իր տասնէ աւելի մասնաճիւղերը, այլ բացուած են նոր գրախանութներ, որոնք մրցակցութեան մէջ են իրարու հետ: Երեւանի լաւագոյն տարածքներուն վրայ գործող նոր գրախանութները ջանք չեն խնայեր ընթերցողներ գրաւելու համար եւ նորանոր ձեւեր կը մտածեն:

Փոքրիկ պտոյտով մը Երեւանի մէջ յայտնաբերեցինք շուրջ տասնհինգ գրախանութ, չհաշուելով «Պուքինիստ» եւ «Զանգակ» գրախանութները, որոնք զանազան վայրերու մէջ ունին իրենց մասնաճիւղերը:

Աբովեան փողոցի վրայ այս տարի բացուած «Զանգակ» գրախանութը ունի ընթերցասրահ մը, ուր ընթերցողը կրնայ մտերմիկ միջավայրի մը մէջ ընթերցել իր ուզած գիրքը: «Զանգակ»ը եւ այլ գրախանութներ ունին սրճարաններ, որոնք աւելի գրաւիչ կը դարձնեն ընթերցանութեան, գիրքի, գրականութեան միջավայրը:

Իսկ վերջերս Երեւանի ամենահին գրախանութը՝ «Պուքինիստ»ը, Աբովեան 2 հասցէին վրայ բացած է իր 12-րդ մասնաճիւղը: Գրախանութի բացման արարողութեան ժամանակ տեղեկացանք, որ «Պուքինիստ»ը Երեւանի ամենահին գրախանութն է եւ 85 տարուան պատմութիւն ունի:

Այս գրախանութը հիմնադրուած է 1932 թուականին: Եղած է մասնագիտացուած հնագրավաճառական գրախանութ, ուր հայաստանցի գրասէրը, ինչպէս նաեւ դուրսէն եկած հիւրը, այս գրախանութին մէջ, տակաւին խորհըր-դային տարիներուն, կրցած է գտնել հազուագիւտ գտնուող գիրքեր, հին հրատարակութիւններ, արժէքաւոր գրականութիւն: Այն ժամանակ գրախանութը անուն չէ ունեցած, այլ ունեցած է թիւ՝ 26 պարզ կոչումը: Այդ ժամանակ Երեւանի մէջ կար 67 գրախանութ, որոնք հերթաբար գոցուած են:

Հայաստանի անկախութենէն տարիներ ետք՝ 1997 թուականին, երբ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած էին սեփականատիրական գործունէութեան համար, գրավաճառական Խաչիկ Վարդանեանը մեծ դժուարութեամբ սեփականաշնորհած է գրախանութը եւ զայն անուանած «Պուքինիստ»: Սկզբնական տարիներուն գրախանութը պահած է իր գործառոյթը՝ ժողովուրդէն, այցելուներէն կը գնէր գործածուած գիրքեր եւ կը վաճառէր, սակայն ան շատ արագ զարգացաւ եւ ներգրաւեց գրախանութի մը համար անհրաժեշտ բոլոր գործառոյթները: Այսօր «Պուքինիստ»ի մէջ կը վաճառուի գրականութիւն՝ գիտելիքի բոլոր բնագաւառներէն: Գրախանութը սերտ կապեր ունի Հայաստանի հրատարակիչներու եւ ռուսալեզու շուկայի գրեթէ բոլոր մեծ հրատարակչատուներու հետ: Հայաստանի հասարակութիւնը տակաւին մեծ կախուածութիւն ունի ռուսական գրականութենէն, ուստի ռուս հասարակական երեւոյթներուն եւ ռուսական շուկային հետ կապը պարզապէս անխուսափելի է. ահա թէ ինչու այսօր մեր գրավաճառքի ասպարէզին մէջ հնարաւոր է գտնել ռուսական հարուստ գրականութիւն:

«Պուքինիստ»ը նաեւ կապ հաստատած է անգլերէն հրատակչատուներու հետ եւ անգլերէն բազմաժանր գրականութիւնը եւս հասանելի է գրախանութներու ցանցին մէջ:

«Պուքինիստ»ը երկար տարիներ ասպարէզի մէջ գտնուելով, մասնագիտացած է նաեւ իբրեւ հրատարակչութիւն: Եթէ «Զանգակ» եւ «Անտարէս» հրատարակչատուները ի սկզբանէ եղած են հրատարակչութիւններ եւ յետոյ հիմնած են իրենց գրախանութները, ապա «Պուքինիստ»ը նախ գրախանութ եղած է, իսկ այսօր ունի իր հրատարակչտունը, ինք կը տպագրէ, կը կազմէ գիրքեր՝ շուկայի պահանջներուն համեմատ:

«Պուքինիստ» հրատակչութիւնը ունի աւելի քան 500 անուն հրատարակուած գիրքեր, հրատարակչական համատեղ նախագիծեր Մեծն Բրիտանիոյ, Պելժիոյ եւ Ռուսաստանի, Լեհաստանի յառաջատար հրատարակչատուներուն հետ:

Այս գրախանութներուն ցանցը, ինչպէս նաեւ միւս գրախանութները, իրենց ներկայացուած տեսականիին մէջ ունին նաեւ գրենական պիտոյքներու, զարգացնող, շարժուն խաղերու, բացիկներու, քարտէսներու, յուշանուէրներու մեծ տեսականի: Գրասէրը, գրախանութ մտնելով, անպայման կը գտնէ իր փնտռածը: Ինք՝ տնօրէն Խաչիկ Վարդանեան, միշտ կը յիշէ, որ սեփականաշնորհած է ընդամէնը 75 քմ. տարածք, իսկ այսօր գրախանութը իբրեւ սեփականութիւն ունի 250 քմ. տարածք, որ կը գործածուի գրախանութի բոլոր կարիքներուն համար: Շուտով կը բացուի նաեւ սրճարանը: Խաչիկ Վարդանեան իրականացուցած է իր տարիներու երազանքը՝ ստեղծել քաղաքակիրթ երկիրներու ժամանակակից գրախանութներուն նմանող գրավաճառատուն մը, որ քաղաքի զանազան հատուածներուն վրայ ունենայ իր մասնաճիւղերը:

Այսօր առեւտուրի մեծ կեդրոններուն մէջ «Պուքինիստ»ը ունի մասնաճիւղեր եւ հագուստի, ուտելիքի առեւտուր ընելու համար գացողը այդ հանրախանութներէն նաեւ կրնայ գնել գիրք:

Խորհրդային վերջին տարիներուն «Պուքինիստ»ը ունեցած է չորս աշխատակից, իսկ այսօր ունի մօտաւորապէս 85 աշխատակից: «Պուքինիստ»ը իր ունեցած բոլոր գիրքերը Հայաստանի մարզեր հասցնելու հնարաւորութիւն ունի, ինչպէս նաեւ առցանց վաճառքի ծաւալուն հարթակ մը, ուր գնորդը դիւրութեամբ կրնայ գտնել, պատուիրել եւ գնել իր ուզածը:

«ԵԿՈՒՐ ԳՐՔԱԽԱՌՆՈՒԻՆՔ»

Մօտ ատենէն Երեւանի Մաշտոցի անուան այն հատուածին վրայ, ուր կը գտնուի գլխաւոր գրախանութը «Պուքինիստ»ին, որուն հիմնած աւանդական ու մեծ տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենայ՝ «Եկուր գրքախառնուինք» խորագրով: Այցելուները մեծ զեղչերով գիրքեր ձեռք կը բերեն գրախանութէն եւ զանոնք կը նուիրեն՝ «գրկախառնուիլ» արտայայտութիւնը փոխարինելով «գրքախառնուիլ» բառով: Տարիներէ ի վեր այս աւանդական ձեռնարկը տեղի կ՚ունենայ եւ «Պուքինիստ»ը քաղաքի այդ հատուածին վրայ իսկական գիրքի տօն մը կը կազմակերպէ: Ամէն տարի հարիւրաւոր գրքասէրներ կը մասնակցին այս ուրախ ձեռնարկին: Անկախութենէն յետոյ Հայաստանի մէջ գիրքի հերթեր չէին գոյացած, միայն «Պուքինիստ»ին ձեռնարկած «Եկուր գրքախառնուինք» երեկոներուն ընթացքին է, որ գրախանութէն մարդոց հերթը կը գոյանայ մինչեւ Մաշտոցի պուրակ: Ոչ միայն նկատելի զեղչեր կը գործեն այդ օրը, այլ նաեւ տեղի կ՚ունենան խաղեր, մրցոյթներ, եւ նուէրներ ու յուշանուէրներ կը տրուին:

«Պուքինիստ»ը նաեւ ուրիշ աւանդոյթի մը սկիզբը դրած է. սիրահարները գրախանութին միջոցաւ գիրքեր կ՚ուղարկեն իրենց սիրած աղջկան կամ տղուն, յաճախ գաղտնի, առանց անունները բացայայտելու, երբեմն ալ նամակ դնելով գիրքի էջերուն մէջ:

Վեց տարիէ ի վեր «Պուքինիստ» գրախանութին մէջ շաբաթ օրերը կէսօրէ ետքերը կը գործէ «Հէքեաթի ժամը»: Բազմաթիւ երեխաներ կը հաւաքուին լսելու հէթեաքասացին պատմութիւնները, իսկ աւարտին հնարաւորութիւն կ՚ունենան տուեալ օրուան հէքեաթին գիրքը զեղչով գնելու: Երեխաները այս ձեւով կը կապուին գրախանութին, որուն աշխատակազմը հաւատացած է, թէ այսպէսով ան կը ձեւաւորէ իր ապագայ այցելուները: Փոքր տարիքէն երեխան գրախանութին հետ կապելը խելացի քաղաքականութիւն մըն է, որ որդեգրած է «Պուքինիստ»ը: Մանկական գրականութիւնը բոլոր ժամանակներու ընթացքին, եւ թերեւս, բոլոր երկիրներու մէջ ամենաշատ սպառածն է: Հայաստանի մէջ մանուկներու, պատանիներու համար գիրքերը գունագեղ եւ գրաւիչ էջերով լոյս կը տեսնեն եւ տարուէ տարի կ՚աւելնայ այն մեծահասակներուն թիւը, որոնք մանաւանդ գիրքը կը գնեն իրենց մանուկներուն համար, իբրեւ թանկարժէք նուէր: Հայաստանի մէջ երկրորդ ամենաշատ սպառող գրականութիւնը գեղարուեստական գրականութիւնն է, այդ պարագային թէ՛ Հայաստանի արտադրութեան գեղարուեստական գրականութիւնը եւ թէ թարգմանուածները: Հայաստանը լայն առումով ներգրաւուած է թարգմանական ասպարէզին մէջ եւ համաշխարհային գրականութեան նորութիւնները արագ կերպով կը թարգմանուին հայերէնի: Իսկ սպառման առումով երրորդ տեղի վրայ են օտար լեզուներու ուսումնասիրական գիրքերը, որոնց զուգահեռ՝ ինքնազարգացման, ինքնակատարելագործման մասին գիրքերը: Վերջին տարիներուն այդպիսի գիրքեր շատ աւելի կը հրատարակուին՝ հասարակութիւնը մղելու անձնային աճի, հոգեբանական խնդիրներու յաղթահարման, հասարակութեան մէջ տեղ գտնելու ուղիներու որոնման, նեարդային իրավիճակները դիւրութեամբ յաղթահարելու եւ առհասարակ՝ խաղաղ ու ներդաշնակ կեանքով մը ապրելու: ««Պուքինիստ» գրախանութին ցանցը լի է նմանատիպ գիրքերով:

Արդէն կան ցուցանիշներ, որոնք Հայաստանի անկախութենէն ետք անգերազանցելի են: Նիկոլ Փաշինեանի գիրքէն «Պուքինիստ»ը մէկ ամսուան ընթացքին վաճառած է 3 հազար 6 հարիւր օրինակ: «Պուքինիստ»ը միայն գիրք կամ գրենական պիտոյք գնելու վայր մը չէ. այստեղ կարելի է պարզապէս սրահները շրջիլ եւ լսել դաշնամուրային երաժշտութիւն, ինչ որ հաճելի միջավայր մը կը ստեղծէ գիրքերու աշխարհին մէջ: Այս խանութին մէջ նաեւ կարելի է տեսնել իսկական գրքասէրներ, ծանօթ մարդիկ, գրողներ, օտար երկիրներէ ժամանած հիւրեր:

Խաչիկ Վարդանեան իր հիմնած ցանցին մասին կ՚ըսէ, որ գնացքը ճամբայ ելած է, դրուած է գնացքի գիծերուն վրայ եւ ան վստահ է, որ կանգ պիտի չառնէ: 

ՇՐՋՈՒՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հայաստանի մէջ գրախանութներու եւ գիրքերու հետ կապուած նորութիւններ յաճախ ի յայտ կու գան: Անոնք թէ՛ առցանց գրադարաններն են, թէ՛ գրախանութ-սրճարանները եւ թէ թուային գրադարանները, որոնխ գիրք կ՚առաջարկեն արդէն թուային տարբերակով: Այս բոլորին մէջ կ՚ընդօրինակուի աշխարհի մեծագոյն գրատարած ցանցին՝ «Ամազոն»ին գործելաոճը: Հայաստանի մէջ վերջին նորութիւններէն մէկն ալ շրջիկ գրախանութն է՝ գրաբուսը, որ կը շրջի Հայաստանի մարզերով եւ գրախանութներու գիրքերը աւելի մատչելի գիներով կ՚առաջարկէ հեռաւոր բնակավայրերու բնակիչներուն:

Հայաստանը ունի նաեւ պիպլիոպիւս՝ շարժական գրադարան, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանին նուիրած է Ֆրանսան: Անիկա Հայաստան տեղափոխուած է Ֆրանսայի Վանտէ երկրամասէն: Աւելի քան տասն տարիէ ի վեր ան կը շրջի բոլոր մարզերուն մէջ, փորձելով մարդոց մօտ հետաքրքրութիւն արթնցնել դէպի գիրքը: Պիպլիոպիւսը գիրքերով կահաւորուած յատուկ հանրաշարժ մըն է, որ ընթերցողներուն սպասարկում կը կատարէ ոչ-աւանդական եղանակով: Առհասարակ, շրջիկ գրադարանները շատ լաւ միջոցներ են փոքր եւ հեռաւոր բնակավայրերու համար, ուր սովորական գրադարան ստեղծելը նպատակայարմար չէ։ Արեւմտեան երկիրներու մէջ շարժական գրադարանները երբեմն նախատեսուած էին հաշմանդամութիւն ունեցող այն անձերուն համար, որոնք տեղաշարժման դժուարութիւն ունէին, սակայն այսօր անիկա լայն կիրառութիւն ունի: Քենիոյ մէջ այս նպատակով բեռնակիր կենդանիներ կ՚օգտագործեն, իսկ Վենեզիւելայի մէջ գիրքերը դժուար անցանելի լեռնային շրջաններ կը տանին էշերու եւ ջորիներու վրայ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին շարժական գրադարանը ի յայտ եկաւ 1904 թուականին, Մերիլենտ նահանգին մէջ։ Գերմանիոյ մէջ առաջին անգամ այսպիսի գրադարան մը ստեղծուեցաւ 1920-ական թուականներուն Միւնիխի մէջ՝ փողոցի ինքնաշարժի հիման վրայ։

Գրադարանային առումով Երեւանի մէջ նորութիւն մըն է նաեւ այգիներուն մէջ դրուած փոքրիկ գրադարակները: Այդ մէկը ստեղծուած է այն նպատակով, որ անցորդ մը կրնայ իր ուզած գիրքը վերցնել, բայց փոխարէնը գիրք մը պիտի աւելցնէ գրադարակին:

Այսպէս հետաքրքրական է գիրքին անցած ճանապարհը Հայաստանի մէջ: Ժամանակին պարտադիր նկատուած ընթերցանութեան այսօր փոխարինելու եկած է կամաւոր ընթերցանութիւնը, որ իր ծաւալներով թերեւս չի զիջիր նախկինին: Պէտք չէ նաեւ ժխտել, որ այսօրուան ընթերցանութեան մշակոյթը ձեւաւորուած է խորհրդային տարիներուն եւ այդ ժամանակ ձեւաւորուած մարդն է, որ իր երեխաներն եւ թոռները կը մղէ ընթերցանութեան:

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԴԱԼ

Ընթերցասէր մարդիկ եւ ընթերցանութեան հանդէպ մոլեռանդ սէր ունեցողները կեանքի ընթացքին մշակած են կանոններ, թէ ինչո՛ւ պէտք է գիրք կարդալ, ան ալ՝ ամէնօրեայ դրութեամբ: Գիրք կարդալը ոչ միայն տեղեկութիւններ ստանալու, դէպքերուն ուշի-ուշով հետեւելու համար անհրաժեշտ է, այլ՝ առողջացնող կենսակերպ մըն է, որ բազմիցս ապացուցուած է: Խաղաղ դրուագներով, բարի եւ հետաքրքրական գիրք կարդալը քունէն առաջ անպայման կը բարելաւէ անոր որակը: Ընթերցասէրը յաճախ քունի կ՚անցնի գիրքին հետ՝ սպասումով յաջորդ օրուան ընթերցանութեան:

Ընթերցանութիւնը բոլոր ժամանականերուն նպաստած է ուղեղի մարզանքին: Չկայ աւելի մեծ միջոց ուղեղը մարզելու, առոյգ եւ սթափ պահելու համար, քան՝ ընթերցանութիւնը: Համացանցային ընթերցանութեան համեմատ գիրք կարդալը դանդաղ ընթացք մըն է, որ կ՚օգնէ կեդրոնանալ եւ կը հանգստացնէ յոգնած ուղեղը: Ընթերցանութիւնը կը զարգացնէ մարդուն հոգեվիճակը եւ հնարաւորութիւն կու տայ ոչ միայն մարզել իր հոգեվիճակը, այլ նաեւ հասկնալ ուրիշներո՛ւն հոգեվիճակները: Այսօր, արագընթաց մեր կեանքին մէջ կարեկցանքի ու ըմբռնման բացակայութիւնը նկատելի աղէտներ կը սփռէ: Մարդը այսօր, շրջապատուած գրեթէ ամէն տեսակ բարիքներով, յաճախ ինքզինք առանձին կը զգայ, կը մեկուսանայ այլ մարդոցմէ, մինչդեռ ընթերցանութիւնը, մանաւանդ բարձր գեղարուեստական գրականութիւնը, կ՚օգնէ հասկնալ ուրիշները, կը բարելաւէ մարդոց յարաբերութիւնները այլ անձերու եւ շրջապատի հետ ու միաժամանակ կը փարատէ մեկուսացման զգացողութիւնը: Մարդը ընկերային արարած մըն է, եւ ահաւասիկ, նորին մեծութեան գիրքը եւ ընթերցանութիւնն են, որ այդ մասին միշտ կը յիշեցնեն մարդուն:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս