image

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (ԺԴ.)

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (ԺԴ.)

Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօր կը լսենք բօթը։ Շառլ Ազնաւուրը ոչ եւս է։ Ան 94 տարեկան էր։ Ծննդեան անունով՝ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեանը, աշխարհահռչակ ըլլալով հանդերձ, մնաց նուիրեալ հայ։ Շուտով կ’ակնկալուէր իր այցը Հայաստան, մաս կազմելու Ֆրանկոֆոնիայի գագաթնաժողովին...

Չեն ուշանար ուղերձները, ցաւակցականներն ու գնահատականները։ Երեւանի Շառլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին մէջ կը սկսի մոմավառութիւնը։ Բոլորս ալ կը գիտակցինք որ մահկանացու ենք, սակայն կորուստը կը մնայ կորուստ...

Այսօր Տարեցներու միջազգային օրն է։ Կը լսեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին կան 67 մարդիկ, որոնք 100 տարեկանէն վեր են... Ամենատարեցը 113 տարեկան տատիկ մըն է... իսկ 63-էն անց տարիք ունեցողները կը կազմեն բնակչութեան 13 տոկոսը։ Այս առթիւ լրատուութեան մէջ կը լսեմ ծերանոց բառը, սակայն ան աւելի յաճախ կը կոչուի «ինտերնատ»։

Այսօր ոյժի մէջ կը մտնէ երկրորդ զաւկի ծնունդին համար յատկացուող միանուագ գումարի 50,000 դրամէն 150,000 դրամի բարձրանալու օրէնքը։ Չեմ գիտեր, որ այս չնչին գումարը ծնելիութիւն խրախուսելու տեսակէտէն ինչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ բնակչութեան վրայ։ Կը շեշտուի եռապատկուելու պարագան, սակայն շուրջ 310 ամերիկեան տոլարը ի՞նչ ձեւով կրնայ օգնել կացութեան։


Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր, 2018

Ամբողջ օրը, Շառլ Ազնաւուրի մահը կը գերիշխէր լրատուական միջոցներու տեղեկատուութեան մէջ։ Ցաւակցականներ, գնահատականներ, մոմավառութիւններ, եւայլն։ Ազնաւուրի երգերէն պատառիկներ կը հնչէին անդադար։ Աշխարհի չորս ծագերուն տեղի ունեցող յարգանքի դրսեւորումները, հռչակաւոր մարդոց գնահատականները գրաւած էին հեռատեսիլի ալիքները...

Հազիւ թէ ուշադրութիւն դարձուցինք այն լուրին, որ այսօր, մեր խորհրդարանն մէջ, Հանրապետական կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, կը քննարկուի Ազգային Ժողովի կանոնակարգ օրէնքի փոփոխութիւն, Ազգային Ժողովի նիստի աշխատանքները խոչընդոտելու վերաբերեալ։ Վարչապետը եւ խորհրդարանական «Ելք» խմբակցութիւնը այս առաջարկին մէջ յետին մտքերու գոյութիւն տեսան, արտահերթ ընտրութիւններու կայացման գործընթացներուն վերաբերեալ։ 

Երեկոյեան սակայն, յանկարծ իմացանք Ազգային Ժողովի մէկ արտահերթ նիստին մասին, որ այս օրինագիծը հաստատելու կոչուած էր։ Վարչապետը, անմիջապէս դիմեց ժողովուրդին հաւաքուելու Ազգային Ժողովի շէնքին առջեւ կասեցնելու այս օրինագիծը... Սահմանադրական օրէնքներու ծանօթութիւնս հպանցիկ է, ուստի չեմ գիտեր, որ արդեօ՞ք վարչապետը իրաւասութիւն ունի ճնշում բանեցնելու ազգային ժողովին վրայ...  Երեկոյեան լուրերուն կը հետեւիմ մտահոգ։ Արդեօ՞ք մեր հարցերը յաւիտեանս փողոցային ցոյցերով լուծելու դատապարտուած ենք։ Մինչ այդ, խորհրդարանին մէջ փոփոխութեան օրինագիծը ընդունուեցաւ, 67 ձայնով, Հանրապետական, Բարգաւաճ եւ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւններու սատարմամբ։ Ըստ կառավարութեան այս նախագիծը ունի քաղաքական միտում եւ արտահերթ ընտրութիւնները խոչընդոտելու նպատակ կը հետապնդէ։ Վարչապետ Փաշինեանը նախագիծին կողմ քուէարկող կուսակցութիւնները որակեց հակայեղափոխական եւ «հանրապետական կուսակցութիւնը պէտք է արմատախիլ արուի Հայաստանում» յայտարարեց։ Արդեօ՞ք իր յաջորդ քայլը այս կուսակցութեան գործունէութիւնը արգիլելն է... Զարմանալի է, որ ամէն անգամ որ անկայունութեան մասին խօսք ըլլայ, մեր վարչապետը կը վրդովի։ Միթէ նման դրսեւորումները անկայունութեան ախտանշաններ չեն... Անհասկնալի է նաեւ Հանրապետական կուսակցութեան փութկոտ, գրեթէ գաղտագողի, գիշերային ժամերուն նիստ գումարելով այս նախագիծը անպայման հաստատելու վճռակամութիւնը։ Բան մը այն չէ...

Անկողին կը մտնեմ, երբ տակաւին խորհրդարանին առջեւ բարձրախօսներ տեղադրելով զբաղած են։ Մեր վարչապետը իր տարերքին մէջ է երբ ամբոխավարութեամբ կը զբաղուի։ Թէեւ մտահոգ եմ իմանալու, որ այս ամէնը ինչով կը վերջանայ, յայտնի է, որ հանգուցալուծումը երկար պիտի տեւէ։ Կը տեղեկացնեն, որ պատգամաւորները փակուած են խորհրդարանին մէջ, որովհետեւ ամբոխը փակած է ելքի դռները...


Չորեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր, 2018

Առաւօտ կանուխ համակարգիչիս առջեւ եմ։ Իսկապէս ալ մինչեւ կէս գիշերը անց, իրադարձութիւնները շարունակած են զարգանալ։ Փաշինեան յայտարարած է իր համաձայնութեան կառավարութեան Բարգաւաճ եւ Դաշնակցական վեց նախարարները, ինչպէս նաեւ հինգ մարզպետները պաշտօնանկ ընելու մասին, ապա մտած է խորհրդարան, բանակցելու, խորհրդարանական ոյժերուն հետ։ Ժողովուրդը սպասած է իրեն խորհրդարանի այգիին մէջ... Երկու ժամ ետք, Փաշինեան վերադարձած է բեմահարթակ եւ յայտարարած, որ իր տպաւորութեամբ, խորհրդարանական ոյժերը համաձայնած են իր հրաժարականի պարագային այլ վարչապետ չառաջարկելուն...  Շուտով պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը։ ... Արտահերթ ընտրութիւնները կը նախատեսուին Դեկտեմբերի սկիզբը։

Այնպէս կ’երեւի որ քանի մը օրէն տեղի ունեցող Ֆրանկոֆոնիայի համաժողովին պիտի ներկայանանք հրաժարած վարչապետով...

Օրուան ընթացքին Բարգաւաճ եւ Դաշնակցական նախարարները եւ մարզպետները կը ներկայացնեն իրենց հրաժարականները։

Շառլ Ազնաւուրի վերջին հրաժեշտի մանրամասները յայտնի կը դառնան։ Ան փափաքած է թաղուիլ Ֆրանսայի մէջ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերի 5-ին եւ թաղումը՝ Հոկտեմբերի 6-ին։ 


Հինգշաբթի, 4 Հոկտեմբեր, 2018

Մարզպետներուն եւ նախարարներուն ներկայացուցած հրաժարականները ընդունուեցան։ Երեք նոր նախարար արդէն նշանակուեցան։ Քաղաքական վերլուծաբանները գրաւած են լրատուական հրապարակը։ Քաղաքական գործիչներէն աւելի մեծ թիւով քաղաքագէտներ եւ վերլուծաբաններ ունինք երեւի։ Հարցազրոյցներ, մամլոյ ասուլիսներ, դիմատետրեան գրառումներ, կարծիք յայտնողներու պակաս չկայ։ Ոմանք կը պնդեն, որ վարչապետը պէտք չէ հրաժարի, ուրիշներ կը խօսին հանրաքուէի մասին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու նկատմամբ։ Գրեթէ բոլորը համակարծիք են, որ պէտք է անոնք տեղի ունենան... Քաղաքական ճգնաժամ բառակապակցութիւնը կը գործածուի յաճախ։

Մեր նախագահը Նիւ Եորք կը գտնուի, ստանալու Ճոն Էտուին Մրոզի անուան համաշխարհային պետական գործիչի մրցանակը, Արեւելք-Արեւմուտք հիմնարկէն։ Միջազգային այս մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի քաղաքական գործիչներու որոնք կ’արանձնանան առաջնորդութեամբ, նորարարութեամբ եւ փոփոխութեան յառաջամարտիկ հանդիսանալու կարողութեամբ։ Անցեալ մրցանակակիրներու ցանկը տպաւորիչ է։ Սա մեծ պատիւ է մեր նման փոքր երկրի մը քաղաքական գործիչին համար։ Այս իրողութեան անդրադարձը հպանցիկ է հայրենի մամուլին մէջ, նկատի առնելով մեր ներքաղաքական դոհուբոհը։ Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին մեր նախագահի արտայայտած մտքերը արժանի են վերլուծութեան եւ քննարկման, սակայն կը մնան լրատուութեան ծիրէն ներս։


Ուրբաթ, 5 Հոկտեմբեր, 2018

Առաւօտուն այցելութեան կու գան ուսուցիչս՝ Յակոբը եւ կինը՝ Մարի Լուիզը։ Խոհանոցի սեղանին շուրջ ջերմ կը զրուցենք։ Նման այցելութիւնները պատճառ կը դառնան որ անդրադառնանք, որ կարօտցած ենք մտաւորական, մշակութային մտքերու փոխանակումը։ Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ հաւանական է, որ կայք հաստատեն Աշտարակի մէջ...

Քանի մը օր է, կը խօսուի Փարիզի «Հաշմանդամներու Տան» մէջ Շառլ Ազնաւուրի ազգային վերջին հրաժեշտի արարողութեան մասին։ Ժամանակ կ’առնէ, որ անդրադառնամ որ խօսքը «Les Invalides»-ի մասին է։ Ճիշդ է որ ան կառուցուած է 1670-ականներուն, Լուի 14-րդ թագաւորի կողմէ 4000 պատերազմի հաշմանդամներ բնակեցնելու համար, սակայն «Les Invalides» ըսելով ամբողջ աշխարհը կը հասկնայ թանգարաններու եւ եկեղեցիներու համալիր մը, ուր կը գտնուի Նաբոլիոն Պոնաբարթի եւ այլ ֆրանսացի հերոսներու դամբարանները, Musee de l’armee-ն (զինուորական թանգարանը¤, 500 մեթր երկարութեամբ հրապարակը, ուր տեղի կ’ունենան պաշտօնական արարողութիւններ եւ ոչ թէ անոր հաշմանդամներու տուն եղած ըլլալու պարագան։ Յաճախ կը գանգատիմ օտար բառերու գործածութեան դէմ երբ կայ անոնց համարժէք հայերէնը, բայց ահաւասիկ պարագայ մը, ուր թարգմանութիւնը անտեղի է եւ բոլորովին կ’աղաւաղէ պատգամը։ Շուտով Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանկոֆոնիայի 17-երորդ գագաթնաժողովը։ Francofonie բառը օրինակ, թարգմանած են որպէս ֆրանկոֆոնիա։ Ըստ ինծի պէտք էր պահել կամ Ֆրանկոֆոնի եւ կամ ալ օգտագործել՝ ֆրանսախօսութիւն... 

Նշեալ ժամուն հեռատեսիլին առջեւն ենք, դիտելու այս պետական արարողութիւնը։ Հպարտ ըլլալու բազմաթիւ առիթներ կ’ընծայուին մեզի։ Մեր դրօշը ֆրանսականի կողքին է։ Ֆրանսայի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը հաւասարէ հաւասար կը մասնակցին արարողութեան։ Երբ դագաղը հրապարակ կը բերուի, կը հնչէ դուդուկը «Տլէյ աման»ով։ Ֆրանսական երգչախումբը հայերէն երգ կ’երգէ, մեր վարչապետի պատգամը հայերէնով է, Ֆրանսայի նախագահ Մակրոնի խօսքին մէջ կայ ըստ արժանւոյն յարգանք հայ ազգի հանդէպ։ Ներկայ են նաեւ մեր նախագահը եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը։ Պետութիւն ըլլալը ազգ ըլլալէն շատ աւելին է... Ներկայ են նաեւ երկու նախկին ֆրանսայի նախագահներ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։

Մեր վարչապետի խօսքը կ’արտասանուի որպէս ճառ, մինչդեռ Մակրոնի խօսքը խոհուն եւ տխուր, իսկական դամբանական է... Մեր վարչապետը առիթը չի կորսնցներ գովազդելու «Նոր հայաստանը», Մակրոնը իր սրտի խօսքը կ’ուղղէ այս առիթով... 

Երեւանի Կեդրոնը, Ազնաւուրի հրապարակին մէջ, մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ այս արարողութիւնը եւ անոր հետեւեցան բազմաթիւ մարդիկ։ Երեկոյեան հաւաքուած ժողովուրդը մոմերով քալեց դէպի Ազնաւուրի տուն թանգարանը։

Այսօր ուսուցչի օրն է։ Կան սովորական ուղերձներ։ Ոմանք կը պարգեւատրուին։


Շաբաթ, 6 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօրը սուգի օր յայտարարուած է Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին։ 

Դրօշները խոնարհուած են եւ սեւ ժապաւէն ագուցուած է անոնց վերեւը։ Այսօր կը լսենք զանազան յիշատակի արարողութիւններու մասին, Հայաստանի մէջ եւ այլուր։ Գիւմրիի Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին մէջ հնչած են Ազնաւուրի երգերը եւ երեկոյեան ժամը 8-ին հրապարակի լոյսերը անջատած են 94 երկվայրկեանով ի յիշատակ աշխարհահռչակ երգիչի 94 տարիներուն։ Այսօր կէսօրէն ետք ժամը 3-ին կը յայտարարուի 94 երկվայրկեան լռութիւն։

Կէսօրին կը հնչեն Երեւանի բոլոր եկեղեցիներուն զանգակները (Ինչո՞ւ միայն Երեւանի) եւ հոգեհանգստեան կարգ կը կատարուի եկեղեցիներուն մէջ։

Գոյժ մը եւս երաժշտական աշխարհէն,-

85 տարեկանին մահացած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող սպանացի օփերային երգչուհի Մոնսերատ Կաբալիէն։ Ան կը նկատուի քսաներորդ դարու լաւագոյն սոբրանոներէն մէկը։ Իր մասնագիտութեան կողքին ան ծաւալած է հասարակական գործունէութիւն։ Եղած է ՄԱԿ-ի դեսպան, խաղաղութեան դեսպան, ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի բարի կամքի դեսպան, եւայլն...  Այս բոլորի կողքին, ան եղած է մեր ազգի բարեկամը, այցելած է Արցախ, համերգներ տուած Ստեփանակերտի եւ Երեւանի մէջ ու յայտնուած Ատրպէյճանի սեւ ցուցակին վրայ։ 2013-ին պարգեւատրուած է ՀՀ պատուոյ շքանշանով։


Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօր Երեւանի մէջ մեկնարկեց Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-երորդ գագաթնաժողովը։ Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղադրուեցան մասնակից ազգերու տաղաւարները։

Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսաւ Մշտական խորհուրդի նիստը։ Թէեւ զանազան լրատուամիջոցներ զանազան թիւեր կը ներկայացնեն, սակայն շուրջ 80 երկիր եկած է մասնակցելու այս գագաթնաժողովին, անոնցմէ 30-էն աւելին երկրի ղեկավարի մակարդակով։ Անոնցմէ ամենայայտնիները Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մակրոնն ու Գանատայի վարչապետ Ժասդին Թրուտոն են։

Վաղը տեղի պիտի ունենայ նախարարներու նիստը, որ պիտի տեւէ երկու օր, եւ ապա Հոկտեմբերի 11-ին եւ 12-ին բուն գագաթնաժողովը։ Այս երկու օրերը ոչ աշխատանքային օրեր հռչակուեցան մեր հանրապետութեան մէջ։ Հոկտեմբերի 9-էն 11-ը Թումօ կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «բիզնէս» համաժողով (գործարարական համաժողով) իսկ Ծաղկաձորի մէջ ֆրանսախօս լրագրողներու համաժողովը։ Կան նաեւ բազմաթիւ այլ զուգահեռ միջոցառումներ։

Այս առիթով հայերէնի թարգմանուած է Նախագահ Մակրոնի «Յեղափոխութիւն» գիրքը։ Շնորհանդէսի ընթացքին կը յայտնեն, որ գիրքը Մակրոնի կեանքի պատմութիւնն է, իր ներշնչման աղբիւրները եւ Ֆրանսայի ապագային վերաբերեալ իր պատկերացումները։ Հրատարակուած է «newmag» ընկերութեան կողմէ։

Վաղը Գանատայի տարածքին Գոհաբանական օրն է (thanksgiving)։ Օրը ոչ աշխատանքային է։ Այսօր եւ վաղը, ընտանիքները քով քովի կու գան Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու անցեալ տարուան բարիքներուն համար։ Սեղանին հնդկահաւն է։ Հոս այս եղանակին հնդկահաւ ձեռք ձգելը դժուար է։ Անոնք կը յայտնուին գերշուկաներուն մէջ միայն կաղանդի շրջանին, ուստի հիւսիս ամերիկեան այս սովորութիւնը չենք կրնար կիրառել հոս։ Մեր հարազատները ծովերէն անդին են, հնդկահաւն ալ գոյութիւն չունի...

Կիրակնօրեայ զբօսանքի որոշած ենք երթալ Կովկաս Համալիրը, որ մեր գիւղէն միայն 15 րոպէ հեռաւորութեան վրայ է։ Առանց դրական պատասխան ակնկալելու, հարց կու տամ սպասեակին եթէ ճաշացանկին վրայ հնդկահաւ ունին։ Զարմանքով դրական պատասխան կը ստանամ։ Հնդկահաւի սիրահարներ չենք, սակայն կ’ուզենք այս լաւ սովորութիւնը պահպանել։ Առաջին անգամ է, որ հնդկահաւը խորոված կ’ուտենք։ Սովորաբար, զայն փուռին մէջ կ’եփենք, բրինձի, նուշի, շագանակի եւ համեմունքներու լցօնով։  Այս լցօնը հիւսիս ամերիկեան բաղադրատոմսի հայկականացման արդիւնքն է։ Սովորաբար հացի փշրանքով կը պատրաստեն զայն...

Գոհ ենք, որ յաջողեցանք Գոհաբանութեան օրը նշել ըստ պատշաճի։

Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօր մեզի այցելութեան կու գան պարսկահայ արմատներով թորոնթոցի Արեգը, հայաստանցի կինը՝ Տիանան եւ իրենց քանի մը ամսական աղջիկը՝ Արեւը։ Արեգը Մարգարի աշակերտներէն է։ Այս սիրալիր զոյգը, որ միշտ Հայաստան հաստատուելու միջոցներ կը փնտռէ եւ հոս ապրիլը կը նախընտրէ, դրական լիցքերով կը շրջապատէ մեզ։ Հաճելի երեկոյ մը կ’անցընենք։


 Երեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր, 2018

Ըստ սահմանադրութեան, Վարչապետի հրաժարականէն ետք, յաջորդ երկու շաբաթներու ընթացքին, եթէ խորհրդարանը երկու անգամ վարչապետ չընտրէ, խորհրդարանը կը լուծարուի եւ տեղի կ’ունենան արտահերթ ընտրութիւններ։ Սահմանադրութեան այս դրոյթը օգտագործելով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կը ծրագրուին։ Իշխող կուսակցութիւնը մտավախութիւններ ունի, որ խորհրդարանը վարչապետի հրաժարականէն ետք այլ վարչապետ կ’ընտրէ եւ կը խոչնդոտէ խորհրդարանի լուծարումը։  Ուստի բանակցութիւններ կը տարուին ապահովելու համար, որ այլ վարչապետ չառաջադրուի...

Այսօր խորհրդարանական «Ծառուկեան» դաշինքը յուշագիր մը ստորագրեց վարչապետին հետ, որ իրենք այլ վարչապետ պիտի չառաջադրեն եւ որ կը սատարեն Դեկտեմբերին ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու առաջարկին։  

Խորհրդարանին մէջ  մեծամասնութիւն եղող Հանրապետական կուսակցութիւնը այսօր յայտարարեց, որ թէեւ համաձայն չէ խորհրդարանական ընտրութիւնները Դեկտեմբերին անցընելու, սակայն իրենք չունին որեւէ մտադրութիւն վարչապետի հրաժարականէն ետք իրենց վարչապետի թեկնածուն ներկայացնելով խոչընդոտելու խորհրդարանի լուծարման գործընթացները։ Մինչ այդ, 16 անհատ Հանրապետական պատգամաւորներ յայտարարեցին, որ կողմ են Դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու գաղափարին։ Բոլորն ալ գործարարներ են։ Արդեօ՞ք գաղափարականէն աւելի պաշտպանողակա՞ն է անոնց այս  յայտարարութիւնը... 

Հանրապետութեան նախագահը Հայաստան վերադառնալուն պէս (Նիւ Եորք, Փարիզ), անմիջապէս ձեռնարկած է խորհրդակցութիւններու, Վարչապետին եւ Ազգային Ժողովի նախագահին հետ, թուլացնելու ստեղծուած լարուած քաղաքական վիճակը։

Յոյս ունէի որ Ֆրանկոֆոնիայի գագաթնաժողովի լուրերը կը գերիշխեն քաղաքական տհաճ լուրերուն, սակայն անոնք երկրորդ տեղ գրաւեցին։ Այսօր պաշտօնապէս, Ազատութեան Հրապարակին մէջ բացուեցաւ Ֆրանկոֆոնիայի աւանը, որուն մէջ տաղաւարներ ունին այս կազմակերպութիւնը ներկայացնող շուրջ 20 երկիրներ։  


Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօր կ’ակնկալուի մեր հինգերորդ թոռնիկի ծնունդը։ Ֆիզիկապէս հոս ենք, բայց մտքով Թորոնթոյի մէջ։ Առաւօտուն կը սկսիմ քանի մը նախուտեստ պատրաստել, որովհետեւ գիտեմ, որ մեր հարեւանները անպայման պիտի փափաքին նշել այս իրադարձութիւնը։

Ուշ երեկոյեան կ’իմանանք, որ բախտաւորուած ենք մեր հինգերորդ թոռնիկով։ Մեր մեծ տղան՝ Յովիկը եւ հարս՝ Դալարը, կ’ունենան իրենց երրորդ աղջիկը՝ Սեւան Հիլտան։ Ժամանակակից հաղորդակցութեան միջոցները կը ներեն, որ տեսնենք մեր նոր ծնած սիրասուն թոռնուհին։ Մեր հարեւանները արդէն մեր տունն են։  Կոնեակը եւ օղին կը ստանձնեն իրենց դերերը։ Եօթը թոռներով սեղան նստելու մեր փափաքը, քայլ մը եւս կը մօտենայ իրականութեան։ Հայկական սեղաններու շուրջ յաճախ կրկնուած մաղթանքը, եօթը որդիներով սեղան նստիլն է։ Այս մաղթանքը ձեւափոխած ենք, եօթը թոռներ-թոռնուհիներով սեղան նստելու...

Երեւան կը սկսին ժամանել Ֆրանկոֆոն երկիրներու ղեկավարները։ Նախ Գանատայի վարչապետ Ժասդին Թրուտոն է, ապա Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մակրոնը։ Կան նաեւ այլ պետութիւններու ղեկավարներ եւս ինչպէս օրինակ Լիբանանի նախագահ Հարիրին։ Այլ ղեկավարներու այնքան ալ ծանօթ չեմ։

Գագաթնաժողովի թեման այս տարի «Ապրել միասին՝ յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանկոֆոն տարածաշրջանում»։ Եթէ չեմ սխալիր, այս թեման առաջարկուած է Հայաստանի կողմէ։


Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբեր, 2018

Գագաթնաժողովը սկսաւ։ Հայաստանը Մատակասկարէն ստանձնեց Ֆրանկոֆոնիայի նախագահութիւնը, երկու տարի ժամկէտով։ Նիստերուն հետեւելու առիթ չունիմ, որովհետեւ այսօր հարեւաններով Գիւմրի պիտի երթանք նշելու մեր նոր թոռնուհիի ծնունդը։ Այսօր մեր անդրանիկ թոռնիկը՝ Նայիրան, կը դառնայ հինգ տարեկան։ Կրկնակի առիթներ ունինք նշելու։

Վարորդներ՝ Հրայրն ու Համլէթը երկու ինքնաշարժով կու գան մեզ տանելու։ Իրենց հետ 11 հոգի ենք։ Մեր առաջին կանգառը, Մաստարա գիւղը չհասած, ճամփեզրին կանգնեցուած Սողոմոն Թէհլիրեանի արձանն է։ Մեր անցեալ այցելութենէն ի վեր, տարածքը քիչ մը աւելի խնամուած է, սակայն տակաւին բարելաւման պէտք ունի։ Քանի մը նկար եւ կրկին ճամբայ կ’ելլենք դէպի Գիւմրի։

Մեր թիրախը՝ Չերքէզի Ձոր կոչուած ձկնաբուծարան-ճաշարանն է։ Վերջապէս մեր տունէն անցնող դարձող եւ այս մասին խօսող բարեկամներուն նշած վայրը պիտի այցելենք։

Ճաշարանը ձորին մէջ է։ Միայն քարէ աստիճաններով կարելի է իջնել հոն, որոնց թիւը մեր ակնկալածէն աւելի է... Օրը ոչ աշխատանքային է, Ֆրանկոֆոնիայի գագաթնաժողովի պատճառաւ։ Թերեւս այդ պատճառաւ ալ, յաճախորդներու թիւը մեծ է։ Լաւ խնամուած միջավայր մըն է, բազմաթիւ ձկնաւազաններով, տարբեր տեսակի եւ չափի ձուկերու համար։  Կը տեսնենք մէկ հատիկ հազուագիւտ կապոյտ իշխան ձուկ, որ ըստ մատուցողին չեն յաջողիր բազմացնել։ Զարմանալի է, որ այս աւազաններէն որեւէ գարշահոտութիւն կարելի չէ հոտոտալ։  Կը պտըտինք այս ձորի տարածքը։ Մեզմէ ոմանք կը նկարուին եւ ոմանք կը հիանան մաքուր եւ խնամուած շրջապատով։ Եղանակը արեւոտ է, սակայն կը նախընտրենք ապակեպատ տաղաւարներէն մէկուն մէջ հանգրուանել, փոխանակ բացօթեայ տաղաւարներուն։ Բոլոր ճաշատեսակները ձուկի հետ կապ ունին՝ ապուրէն մինչեւ խորովածն ու նախուտեստները։ Անոնք համով են եւ կը մատուցուին ներկայանալի տեսքով։ Մեր տրամադրութիւնները բարձր են եւ լոսանճելըսցի Յովսէփի բերած վոտքան առատօրէն կ’ըմբոշխնենք։  Կենացները կը յաջորդեն իրարու։

Կուշտ փորով աստիճանները մագլցիլը հեշտ չէ, բայց իրարօգնութեամբ կը հասնինք մեր ինքնաշարժներուն։ Մեզմէ ոմանց առաջին այցելութիւնն է Գիւմրի, ուստի կ’երթանք քաղաքի գլխաւոր հրապարակը եւ քանի մը րոպէ կը շրջինք, ապա կը վերադառնանք տուն, արդէն երեկոյեան։  Հաճելի օր մը իսկապէս։

 Երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի կ’ունենայ համերգ Ֆրանկոֆոնիայի գագաթնաժողովի առիթով։ Համերգը նուիրուած է Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին։ Անոր հոգին թեւածեց այս գագաթնաժողովի ամբողջ տեւողութեան։ Եղան բազմաթիւ ակնարկներ անոր բացակայութեան ինչպէս նաեւ Ֆրանկոֆոնիայի պայծառ խորհրդանիշ ըլլալու իրողութեան։

Ուշ երեկոյեան, վարչապետի կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթին երկիրներու ղեկավարները (Մակրոն, Թրուտօ եւ այլք) հայկական պար կը պարեն...


Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր, 2018

Ֆրանկոֆոնիայի գագաթնաժողովը աւարտեցաւ։ Յաջորդը տեղի պիտի ունենայ Թունիսի մէջ, երկու տարիէն։

Այսօր կը սկսի նաեւ Գանատայի Վարչապետ Ժասդին Թրուտոյի պաշտօնական այցը Հայաստան։ Նախագահական նստավայրին մէջ կրկին պաշտօնական ճաշկերոյթ կազմակերպուած է, այս անգամ ի պատիւ Ժասդին Թրուտոյին։

Յայտնի դուդուկահար՝ Ճիւան Գասպարեանի ծննդեան 90-ամեակին առիթով կան շնորհաւորական ուղերձներ։ Կ’ըսուի, որ ան պիտի ջնջէ այս յատկանշական տարեդարձը, ի յարգանս նոր մահացած Շառլ Ազնաւուրի։

 

Կը կարդամ, որ Հոկտեմբերի երկրորդ Ուրբաթ օրը Հաւկիթի համաշխարհային օրն է... Երեւի այսօր ձուազեղ պէտք է ուտէինք...

 

Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր, 2018

Առաջին անգամ ըլլալով քանի մը օր առաջ հեռաձայն ստացանք գանատական դեսպանատունէն։ Թէ ինչպէս մեր հեռաձայնի թիւը ունին չենք գիտեր։ Ըսին, որ այսօր կէսօրին, Մէրրիոդ Արմենիա պանդոկին մէջ, Գանատայի Վարչապետ Թրուտոն պիտի հանդիպի գանատահայերու հետ եւ հրաւիրուած ենք։

Առաւօտուն քաղաք կ’իջնենք ներկայ ըլլալու այս հանդիպման։ Լաւ առիթ է հանդիպելու հոս հաստատուած գանատահայերու հետ։ Եղանակը գրեթէ ամառնային է, ուստի մեր ինքնաշարժը կը կայանենք մեր յարկաբաժնի բակը ու քալելով կ’ուղուինք հրապարակ։

Հաւաքը ոտքի վրայ է։ Ներկայ են հարիւրի մօտ գանատահայեր։ Ոմանք հոս հաստատուած են, ոմանք ալ պարզապէս հոս կը գտնուին այս եղանակին։ Մեր ծանօթներէն ոմանք, որոնք հոս հաստատուած են, ներկայ չեն։ Կ’եզրակացնեմ, որ հոս հաստատուած գանատահայերուն թիւը բաւական մեծ է։ Վարչապետի կողքին ներկայ են նաեւ երկու հայամէտ նախարարներ։ Խօսքերը թէ անգլերէնով են եւ թէ ֆրանսերէնով։ Մթնոլորտը ջերմ է։ Կ’արծարծուի Երեւանի մէջ դեսպանատուն մը ունենալու հարցը, որուն որպէս պատասխան վարչապետը պատասխանատուութիւնը կը դնէ մեր վրայ։ Փաստերով ներկայացուցէք ձեր խնդրանքը,- կ’ըսէ ան... 

Երեւանի քաղաքապետը արդէն սկսաւ խնդրայարոյց յայտարարութիւններ ընել եւ ապա զանոնք հերքել... Յայտարարեց, որ անբնական կը գտնէ, որ երթեւեկութիւնը միակ բանն է որ չէ սղած վերջին տարիներուն։ Բացասական անդրադարձը չուշացաւ։ Անմիջապէս ետ քայլ ըրաւ...


Կիրակի, 14 Հոկտեմբեր, 2018

Հազուագիւտ օր մը։ Ոչ հիւրեր կ’ունենանք, ոչ ալ մենք տեղ կ’երթանք։ Քիչ մը գիրք կը կարդանք, քիչ մը նուշ կը կտրենք (հոս պիտի ըսէին չարդենք), Մարիա Գալասին մասին փաստագրական հաղորդում մը կը դիտենք, այդքան։

Այգիի ծառերը սկսան կրել աշնան ազդեցութիւնը։ Ընկուզենիի տերեւները սկսան դեղնիլ։ Միայն ընկոյզ եւ սերկեւիլ մնաց ծառերուն վրայ։ Շուտով անոնք ալ պէտք է հաւաքել։ Հարեւաններս կը գանգատին այս տարուան ընկոյզի բերքէն։ Ան ոչ միայն առատ չէ, այլ նաեւ փուճ ընկոյզներու քանակը բարձր է։ Ոչ փուճերն ալ բաւականաչափ մեծ չեն եւ ամէն տարուան նման սպիտակ չեն...


Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբեր, 2018

Գուրմէ Դուրմէ շոքոլայի գործարանը ամիսներ առաջ տեղափոխուեցաւ եւ աւելի մեծ տարածքով գործարան մը ունեցաւ: Սեփականատէրեր Բիէռն ու Տիրանը, գործարանին մուտքին հիմնեցին, փոքրիկ թանգարան մը, շոքոլայի նուիրուած։ Այսօր անոր բացման հանդիսութեան հրաւիրուած ենք։ Հրաւիրեալներու թիւը սահմանափակ է։ Ժապաւէնը կը կտրէ Մշակոյթի նախարար՝ Լիլիթ Մակունցը։ Շոքոլայի պատմութեան նուիրուած տեսերիզ մը կը դիտենք, հայերէնով։ Կ’ըսուի, որ այցելուներու համեմատ այս տեսերիզը քանի մը լեզուներով կարելի է դիտել։ Խօսք կ’առնեն նախարարը, եւ սեփականատէր Տիրանը։ Կը հիւրասիրուինք զովացուցիչներով եւ անշուշտ շոքոլայով։ Ապա կ’երթանք Պասկալ եւ Դէոդատօ սրճարանը ուր կրկին կը հիւրասիրուինք շոքոլայով եւ սուրճով։ Նախարար Մակունցի ներկայութիւնը առիթը կու տայ ինծի անձամբ իրեն յայտնելու իր բառապաշարի որոշ բառերու հանդէպ դժգոհութիւնս։ Կը ջանամ ըլլալ մեղմ եւ քաղաքավարի, որովհետեւ նպատակս գանգատիլ կամ պախարակել չէ, այլ իր ուշադրութեան յանձնել որ երբ կը խօսի, բոլորս կը լսենք եւ կ’ակընկալենք, որ մեր Մշակոյթի նախարարը գրական հայերէն օգտագործէ։ Պէտք է ըսել, որ դիտողութիւնս կ’ընդունի մեծահոգութեամբ, ժպիտով եւ գլխու դրական շարժումներով։

Մեր սեղանին են ըմբիշ Արսէն Ջուլֆալակեանը եւ կինը։ Ջերմ եւ հաճելի զրուցակիցներ են։ Արսէնը կը պատմէ, որ բացի ողիմպիական ոսկիէն (վերջին ողիմպիականին արծաթէ մետալ ստացաւ) տիրացած է բոլոր կարելի մետալներուն եւ տիտղոսներուն եւ պիտի ջանայ սրբագրել այդ պարագան եւս յաջորդ ողիմպիականներուն... Ուրախ ենք, որ անձամբ ծանօթացանք այս զոյգին։ 


Երեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր, 2018

Կառավարութեան առաւօտեան նիստին եղան վերջին նշանակումները։ Հրաժարած մարզպետներուն եւ նախարարներուն փոխարինեցին նորերը։ Նորանշանակ նախարարները սակայն, օրը չվերջացած, դարձան նախարարի պաշտօնակատարներ, որպէս արդիւնք վարչապետի հրաժարականին...

Երեկոյեան վարչապետը ուղիղ եթերով տուաւ իր հրաժարականը։ Այս անգամ, անոր ելոյթը աւելի մեղմ եւ հանդուրժողական գտայ։ Ամբոխավարի դերէն անցած էր վարչապետի դերին։ Քանի մը ժամ վերջ նախագահը ընդունեց վարչապետի հրաժարականը։ Այս ձեւով եթէ անակնկալներ չպատահին, խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները տեղի  պիտի ունենան Դեկտեմբերի 9-ին կամ 10-ին։

Ֆութպոլի Ազգերու Լիկայի խաղերու շրջանակին մէջ, Մակեդոնիայի հետ խաղին, Հայաստանի հաւաքականը յաղթեց 4։0 արդիւնքով։ Քանի մը օր առաջ Ճիպրալթարի հետ խաղին պարտուեցաւ 0։1 հաշուով։ Այս յաղթանակը ֆութպոլային մեր երկրին մէջ մեծ արձագանգի արժանացաւ։

Երեկոյեան, ոսկեվազցի Արամը կու գայ ստուգելու բնական կազի մեր միացումները։ Պարբերաբար, կը ստանանք նման այցելութիւններ անվտանգութեան ապահովման ի խնդիր։ Մեզմէ վերջ կ’ուզէ երթալ հարեւան Հիլտայի տունը նոյն նկատառումներով։ Կը զգուշացնեմ, որ Հիլտան շուն ունի։ Կը բացատրէ, որ կռուած տղայ է, մասնակցած է քառօրեայ պատերազմին եւ չի վախնար թշնամիներէն, սակայն կը սարսափի շուներէն... Շունը զբաղ կը պահեմ, մինչեւ, որ ընէ հարկ եղած ստուգումները...


Չորեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօրուան քաղաքական լուրերը բաւական զաւեշտալի կը գտնեմ... Երկիրը քաղաքական խառնաշփոթի մէջ է, կառավարութեան անդամները սոսկ ժամանակաւոր պաշտօնակատար (մենք պիտի ըսէինք պաշտօնատար) են, մինչդեռ պետաիրաւական յանձնաժողովը լրջօրէն կը քննարկէ, որ Երեւանի օրը օրէնքով հաստատուի եւ ըլլայ միշտ նոյն օրը (կ’առաջարկուի Հոկտեմբերի երկրորդ Կիրակին), փոխանակ կառավարութեան հայեցողութեան ձգելու անոր ճշդումը... Նոր նշանակուած եւ անմիջապէս ժամանակաւոր պաշտօնատար դարձած նախարարները կը ներկայացուին իրենց նախարարութիւններուն։ Վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը այս թոհուբոհին մէջ ժամանակ կը գտնէ մասնակցելու Արմաւիրի քաղաքապետի իր կուսակցութեան թեկնածուի նախընտրական հաւաքին։ Երկրի կառավարման առաջնահերթութիւնները կը զարմացնեն զիս։


Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօր կը տօնուի Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի 75-ամեակը։ Ցերեկը Ակադեմիայի շէնքին մէջ հաւաքուած գիտնականներուն հանդիպեցաւ վարչապետը, իսկ երեկոյեան Օփերայի սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ ան։ Մեր նախագահը իր խօսքին մէջ, ըրաւ գործնական առաջարկներ Ակադեմիայի յառաջիկայ գործունէութեան վերաբերեալ եւ ապա յայտարարեց,- «եկել է ժամանակը, որ Հայաստանը, հայ ժողովուրդը ծնեն իրենց նոպէլեան մրցանակակիրներին»։

Իսկ արդեօ՞ք պիտի գայ ժամանակը Ակադեմիա օտարաբոյր բառը վերափոխելու Կաճառի...

Այսօր ալ մեր վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնատարը Էջմիածնի մէջ է, մասնակցելու քաղաքապետի իր կուսակցութեան թեկնածուի նախընտրական հաւաքին...


Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր, 2018

Ընկերուհիիս Հիլտայի նախաձեռնութեամբ, այսօր թոնիրին մէջ կախուած գառնուկի խորովածի հաւաք տեղի պիտի ունենայ։ Հիլտայի քրոջ տղան՝ Յովսէփը եւ կինը՝ Ռիթան կրկին հոս են։ Վալդերի թոռը՝ Հայկն ալ այսօր կը դառնայ վեց ամսական։ Կրկնակի առիթ ունինք տօնակ կազմակերպելու...

Կէսօրէն ետք կ’երթանք Վալդերենց տունը։ Արդէն թոնիրի մէջ կախուած գառնուկը կտրատած են, այնպէս որ մեզի համար արտասովոր այս ճաշը նկարելու առիթ չեմ ունենար... Երէկ, Վալդերը մօտակայ Արտաշաւանէն ձեռք բերած էր գառնուկը մաքրելէ համեմելէ ետք մէկ մասն ալ խաշլամայի համար նկատի ունեցած էր, մնացեալն ալ այսօր թոնիրին մէջ կախած։ Հաճարով բիլաֆը թոնրին մէջ, գառնուկի խորովածէն կաթկթած հիւթերով եւ իւղերով պատրաստուած է։ Հարեւան Արտաշը եւ կինը Սուսանը եւս ներկայ են, ինչպէս Հայկի մօրենական ընտանիքը։ Կը նստինք սեղան եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ կը ճաշակենք մեզի համար այս իւրայատուկ ճաշերը...

Կարելի չէ չնկատել, որ Հայկի ամսեդարձի թխուածքները, միշտ իր հագուած հագուստներու կենդանիներով զարդարուած են։ Այս անգամ փոքրիկ խոզուկներ են։ Հայկի մայրը՝ Օֆելիան, նման բծախնդրութեամբ կը մօտենայ Հայկի ամսեդարձերուն...

Մեր վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը այսօր Սիւնիքի մարզ կ’այցելէ։ Երեկոյեան ան կը մասնակցի Կապանի քաղաքապետի իր կուսակցութեան թեկնածուի նախընտրական հաւաքին...


 Շաբաթ, 20 Հոկտեմբեր, 2018

Երեւան կ’իջնենք գնումներու։ Կեդրոն չենք այցելեր, սակայն երեւանի շրջակայքն ալ արդէն զուգուած եւ զարդարուած է Երեւանի 2800-ամեակի առիթով։ Շաբաթ օրուան համար անսովոր խցանումներ կան երթեւեկութեան մէջ... Դանդաղ կը հասնինք մեր թիրախ շուկան։

Այսօր յայտարարեցին թիւով 2800 յուշադրամներու թողարկման մասին։ Անոնց մէկ կողմը Արգիշտի թագաւորն է, իսկ միւս կողմը Երեւանի նոր քաղաքապետարանը։ Կը լսենք նաեւ Երեւանի Արաբկիր թաղամասին մէջ յուշարձան աղբիւրի մը բացման մասին, կրկին Երեւանի 2800-ամեակին առիթով։

Այսօր Արամ Ա. Կաթողիկոսի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը կը նշուի Լիբանանի մէջ։ Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները գնահատական ուղերձներով հանդէս կու գան այս առիթով։ Վարչապետը Լիբանան կը գտնուի եւ անձամբ կը մասնակցի տօնակատարութիւններուն։

Այսօր տեղի ունեցաւ նոր «Այլընտրանք» կուսակցութեան հիմնադիր համագումարը։ Ղեկավար կազմի ընտրութիւններէն ետք հաստատեցին, որ պիտի մասնակցին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն...


Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօր կը նշուի Երեւան քաղաքի 2800-ամեակը։ Կը թուի, որ դեռ երէկ էր որ տօնեցինք 2750-ամեակը... Այս առիթով Երեւան ժամանած են զանազան պատուիրակութիւններ։ Վարչապետը, նախագահը, Ազգային Ժողովի նախագահը հանդէս կու գան շնորհաւորական ուղերձներով։ Միջոցառումները բազմաթիւ են։ Առաւօտուն, հիւր պատուիրակութիւնները կ’այցելեն Ծիծեռնակաբերդ։ Տեղի կ’ունենայ առաջին լիարժէք Մարաթոն վազքը։ Անգլիական այգիին մէջ «Բազմազգ Երեւան» խորագրով միջոցառմանը կը մասնակցին Երեւանի մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւնները։ Ազգային երգ ու պարով հանդէս կու գան յունական, վրացական, պէյլառուսական, հրէական, գերմանական, եզդիական, քրտական, ասորական, ուքրանական եւ լեհական համայնքները։

Տեղի կ’ունենայ հեծելավազք, նորընտիր քաղաքապետի գլխաւորութեամբ «Սիրահարդ եմ Երեւան» խորագրով։ Մանկական Այգիին մէջ տեղի կ’ունենայ յատուկ միջոցառում երախաներու համար։ Փողային նուագախումբերու շքերթ, դասական, ազգային, ճազային, ռոգ երաժշտութեան հարթակներ, հայկական տարազներու ցուցադրութիւն եւ երեկոյեան Կալա համերգ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ։

Այսօր երկրի 49 համայնքներուն մէջ եղան ՏԻՄ (Տեղական Ինքնակառավարման Մարմին) ընտրութիւններ։ Անոնցմէ 24-ը հերթական են, իսկ 25-ը՝ արտահերթ։ Ասոնցմէ չորսը քաղաքներ են,- Էջմիածին, Հրազդան, Արմաւիր եւ Կապան։ Երեկոյեան կը յայտարարեն, որ ընտրելու իրաւունք ունեցողներու 43.28 տոկոսը մասնակցած է ընտրութիւններուն։

Այսօր գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրն է նաեւ։ Ի տարբերութիւն անցեալ տարուան, գիւղնախարարէն հեռաձայնային հաղորդագրութիւն չստացանք։ Փոխարէնը ան հանդէս եկաւ շնորհաւորական ուղերձով։

 Այսօր Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Նռան փառատօնը։


Երկուշաբթի, 22 Հոկտեմբեր, 2018

Առաւօտուն կ’իմանանք, որ քաղաքապետի չորս ընտրապայքարներու արդիւնքները յայտնի են։ Արմաւիրի եւ Էջմիածնի մէջ յաղթած են Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուները։ Կապանի մէջ, այս կուսակցութեան ներկայացուցիչը պարտուած է անկուսակցականէ մը։ Հրազդանի մէջ, նոյն կուսակցութեան պատկանող բայց ինքնառաջադրուած թեկնածուն յաղթած է։ Էջմիածինի նոր քաղաքապետը երիտասարդ կին մըն է։ Գիտեմ, որ կան կին գիւղապետեր, սակայն Տիանա Գասպարեանը Հայաստանի առաջին կին քաղաքապետն է կը յայտարարեն:

Մինչեւ երեկոյ վերլուծաբաններն ու քաղաքագէտները սկսան ներկայացնել իրենց մեկնաբանութիւնները։ Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան յաղթանակները ակնկալելի էին, բայց Կապանի մէջ պարտութիւնը ոմանք կը որակեն անձնական պարտութիւն Փաշինեանի համար, նկատելով որ անձնապէս մասնակցեցաւ ընտրապայքարին, ուրիշներ կը գտնեն, որ ան յաղթանակ է, նկատելով որ կառավարութիւնը ընտրակեղծիքի չդիմեց ընտրութիւններու ընթացքին...

Մեր երկրի քաղաքական անցուդարձերը կրնան մրցիլ հայկական ալիքներէն հեռարձակուող հնդկական, քորէական, սպանական, մեքսիքական  եւ հայկական բազմաթիւ տեսաշարերուն (serial) հետ, իրենց վերիվայրումներով, անկանխատեսելի զարգացումներով, ապշեցնող ետ եւ առաջ քայլերով, գործողութիւններու արագ յաջորդականութեամբ եւ դիմատետրեան գրառումներով եւ ուղիղ եթերով։ Անոնց միակ պակսողը սիրային խարդաւանքներն են... Թերեւս ապաքաղաքականացուած ժողովուրդ մը քաղաքականացնելու լաւագոյն միջոցն է։ Դատելով տեղացիներու հետ մեր շփումներէն, ժողովուրդը ուշի ուշով կը հետեւի այս անցուդարձերուն...

Այսօրուան պրակը Ընտրական Օրէնսգրքի փոփոխութիւններու վերաբերեալ էր։ Մեր վարչապետը իշխանութեան եկաւ խոստանալով փոխել զայն եւ ապա արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել։ Կառավարութիւնը արդէն հաստատեց արտահերթ ընտրութիւններու թուականը Ընտրական Օրէնսգրքի ընդունումէն առաջ եւ հիմա կ’աշխատի անոր ընդունումը իրականացնել շատ արագ, ոմանք պիտի ըսէին հապճեպ։ Մշակուած նախագիծը քանի մը օր առաջ ղրկուեցաւ Վենետիկի Յանձնաժողով։ Այս յանձնաժողովի յայտարարութիւնները մեկնաբանուեցան տարատեսակ մօտեցումներով... Այսօր ան ներկայացուեցաւ Ազգային Ժողովին եւ առաջին ընթերցմամբ չվաւերացուեցաւ (տապալուեց պիտի ըսէին հոս) հարկ եղած պատգամաւորներու թիւի չգոյացման պատճառաւ, տեղի տալով բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու։ «Սաբոտաժ» եւ «ռեւանշ» բառերը սկսան օգտագործուիլ։ Վաղը կը լրանայ հրաժարած վարչապետին փոխարինող վարչապետ առաջարկելու ժամկէտը։ Յաջորդ օրը կը լրանայ նախագահի կողմէ Հոկտեմբեր 2-ին ընդունուած աղմկայարոյց Ազգային Ժողովի կանոնակարգ օրէնքի փոփոխութիւնը ստորագրելու ժամկէտը։ Մեր նախագահը կամ պէտք է ստորագրէ կամ սահմանադրական դատարան ուղարկէ այս փոփոխութիւնը։

Այսօր կէսօրին հրաւիրուած էինք Մուղնիի Մեսրոպ Սրբազան Աշճեանի անուան դպրոցի «Բերքի Տօն»ին։ Մարզասրահին մէջ հաւաքուած են հիւրերը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնն ու ծնողները։ Սրահը, զարդարուած է այս առիթով։ Այս տօնը առնուազն մայրաքաղաքին մէջ կը կոչուի «Ոսկի Աշուն» եւ կը նշուի դպրոցներուն մէջ։ Հոս տօնին գիւղական գունաւորում տրուած է։ Սեղանները գիւղի բերքերով բեռնաւոր են, ինչպէս նաեւ գիւղական չիրերով եւ անուշեղէններով։ Կայ եփած եւ ղափամա դարձած դդում մը նոյնիսկ ։ Կայ երկանք, ուր երկու տղայ ցորեն կ’աղան եւ աղջիկները, գլխաշորեր դրած լաւաշ կը գրտնակեն, բարձր դասարանի տղաքը գերանդիներով կը ցուցադրեն, խոտ կտրելու արարողութիւնը... Պատերուն վրայ կը կարդամ քառեակներ,-

«Իմ արդար ջանքով վաստկած,

հոգուս տքնութեամբ քամուած,

բարութեան շնորհք

առաքում եմ քեզ»։

 

կամ

 

«Արեւի հողի ու իմ երգն է սա,

նուիրում է սա,

ողջակէզ մի բոց

մի խոնարհ այրում»։

 

Խօսնակները կ’անդրադառնան Նաւասարդեան տօներուն, որպէս բերքահաւաքի տօն եւ հոն կիրառուող սովորութիւններուն, ապա քանի մը խօսք մայրաքաղաքի 2800-ամեակին մասին, ու կը սկսին դասարան առ դասարան, պարել ու երգել։ Սուրերով պար, եռագոյնով պար եւայլն...

Ներկայ են երկու քահանաներ։ Մարգարին ալ խօսք կու տան, որուն մէջ ան կ’ընդգծէ րջանաւարտներու դերը համախմբուելու իրենց կրթօճախին շուրջ որոշ բարելաւումներ ապահովելու։ Օրինակ կը բերէ, այս մարզասրահի պատերն ու յատակը քանի մը դոյլ ներկով թարմացնելու պարագան...

Տնօրէնը, պատուագիրներ կը յանձնէ դասարաններու ծնողական խորհուրդներուն, այս ձեռնարկին իրենց բերած ներդրումին համար։ Պատուագրի կ’արժանանայ նաեւ աշակերտական խորհուրդը։

Ձեռնարկէն ետք, ներկաները առիթը կ’ունենան համտեսելու ցուցադրուած բերքն ու բարիքը։

«Բերք ու բարիք» զուգորդութիւնը, որ յաճախ կը գործածուի հոս, շատ հաճելի կը գտնեմ։


Երեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօրն ալ յղի է քաղաքական արտակարգ զարգացումներով։

«Ծառուկեան» եւ «Ելք» դաշինքները ստորագրահաւաք մը կը կազմակերպեն, մերժուած Ընտրական Օրէնսգիրքը կրկին Խորհրդարանի օրակարգ բերելու համար։

Նախագահը Հոկտեմբերի երկուքին խորհրդարանին կողմէ ընդունուած աղմկայարոյց Ազգային Ժողովի կանոնակարգ օրէնքի փոփոխութիւնը չ’ստորագրեր։ Փոխարէնը զայն կ’ուղարկէ սահմանադրական դատարան...

Խորհրդարանական «Ելք» խմբակցութիւնը Վարչապետի թեկնածու կ’առաջարկէ Նիկոլ Փաշինեանը, չընտրելու խնդրանքով։ Խմբակցութեան ղեկավարը հետեւեալ բացատրութիւնը կ’ուտայ այս գործողութեան,-

«Ծրագիրը հետեւեալն է. Սահմանադրութեան համաձայն` որպէսզի Ազգային ժողովը լուծարուի, անհրաժեշտ է, որ Ազգային ժողովում 2 անգամ ոչ ոք վարչապետ չընտրուի: Միայն այդ պարագայում ԱԺ-ն կը լուծարուի, եւ կը նշանակուեն նոր ընտրութիւններ` Դեկտեմբերի 9-ին: Հետեւապէս վաղը եւ դրանից 7 օր յետոյ էլ պէտք է ոչ ոք չընտրուի:

«Այդ դէպքում հարց է առաջանում. ինչո՞ւ ենք առհասարակ առաջադրում թեկնածու: Խնդիրն այն է, որ Սահմանադրութեան մէջ գրուած է, որ եթէ ԱԺ-ում առաջին անգամ վարչապետ չի ընտրւում, ապա քուէարկութիւնից 7 օր յետոյ անցկացւում է վարչապետի նոր ընտրութիւն:

«Հիմա, քանի որ Սահմանադրութեան մէջ գրուած է հենց «քուէարկութիւն» բառը, ապա ենթադրւում է, որ պէտք է գումարուի նիստ, եւ լինի քուէարկութեան պրոցես, իսկ եթէ ոչ մէկը չի առաջադրւում, ապա չի գումարւում նիստ, եւ քուէարկութիւն էլ չի լինում, ինչը հետագայում ԱԺ-ն լուծարելու ժամանակ կարող է իրաւական անիմաստ բանավէճի առիթ դառնալ: Եւ որպէսզի ապահովենք գործընթացի միանշանակութիւնը, ստիպուած էինք առաջադրել` բայց ձեռնպահ քուէարկելու մտադրութեամբ, որպէսզի չընտրուի»։

Սահմանադրական օրէնքով պարտադրուած ձեւականութիւն...


Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօր խորհրդարանին մէջ Վարչապետ չընտրելու օրն է։ Խորհրդարանի նիստը կը հեռարձակուի համացանցով։ Օրուան մեծ մասը կ’անցընեմ հետեւելով այս նիստին։

Նիստը կը սկսի Վարչապետի Ժամանակաւոր Պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի բոցաշունչ ելոյթով։ Սովորաբար, վարչապետի թեկնածուները այս ելոյթով կը ներկայացնեն իրենց ծրագիրները։ Փաշինեան առիթը կ’օգտագործէ վերլուծելու անցեալ վեց ամիսներու քաղաքական անցուդարձերը։ Այսօր ան ինքզինք կը դրսեւորէ վարչապետավայել։ Շատ անկեղծ մարդու տպաւորութիւն կը ձգէ վրաս։ Նոյնիսկ երբ երբեմն համաձայն չեմ իր արտայայտած մտքերուն, ինծի կը թուի, որ հաւատքով եւ ի սրտէ կը խօսի։ Չի խուսափիր  խնդրայարոյց նիւթերէ։ Չի յաւակնիր ամէն ինչի պատասխան ունենալ։ Չի վարանիր նետարձակումներէ, նախկին իշխանութեան հասցէին։ Չի յաջողիր իր նախատեսած բոլոր նիւթերը ներկայացնելու իրեն վերապահուած մէկ ժամուան ընթացքին, սակայն իր համակիրները հարց ու պատասխանի ժամանակ կ’օգնեն, որ անոնց մասին ալ խօսի։ Կ’ըլլան ելոյթներ պատգամաւորներու կողմէ, ապա Փաշինեանի եզրափակիչ ելոյթը։ Երեկոյեան ժամը չորսին վերջապէս տեղի կ’ունենայ «չընտրութիւնը»։ Ծառուկեան Դաշինքը, Հանրապետականները եւ Դաշնակցութիւնը կը յայտարարեն քուէարկութեան չմասնակցելու մասին։ Զեռօ կողմ, մէկ դէմ եւ տասնըմէկ ձեռնպահ ձայներով վարչապետ չ’ընտրուիր, ինչպէս նախատեսուած էր... Հետաքրքրական է, որ հակառակ Հանրապետականներու  ընտրութեան չմասնակցելու որոշումին, հանրապետական պատգամաւոր մը դէմ քուէարկեց...

Ուրախ եմ, որ այս ձեւական ընտրութիւնը, որը պարզապէս սահմանադրութեան տառին հետեւելու համար էր, առիթ եղաւ քաղաքական երկխօսութեան, թէեւ ընդդիմադիր ոյժերը մնացին լուռ եւ մաս չկազմեցին այս երկխօսութեան։ Երկխօսութենէն աւելի ան դարձաւ իշխող կառավարութեան գործելակերպին եւ առաջնահերթութիւններուն հաստատումը։

Փաշինեան իր խօսքին մէջ ակնարկեց մօտաւոր ապագային Ազգային Ժողովի պատգամաւորի մը մեծ չափի կաշառակերութեան մեղադրանքով ձերբակալութեան։ Կը սպասեն որոշ փաստաթղթերու։ Թելադրեց, որ հոգեպէս պատրաստ ըլլանք տհաճ ճշմարտութիւններու բացայայտման։

Այսօր տեղի կ’ունենայ նաեւ «Հայկական Երազանք» կուսակցութեան հիմնադիր համագումարը։ Կուսակցութիւններու բազմազանութիւնը նորութիւն չէ մեր երկրին համար, սակայն, «թաւշեայ» յեղափոխութենէն ի վեր, վերջին վեց ամիսներուն նոր կազմուող կուսակցութիւններու թիւը պատկառելի է։ Ամէն օր կը լսենք հիմնադիր համաժողովներու, նոր ստեղծուած կուսակցութիւններու յայտարարութիւններու եւ քաղաքական կողմնորոշումներու մասին։ Սասնայ Ծռեր, Արժանապատիւ Հայաստան, Ազգային Առաջընթաց, Հայոց Արծիւներ-Միասնական Հայաստան, Հայաստանի Քրիստոնեայ Ժողովրդավարական, Հայաստանի Կառուցողական եւ Նոր Ազատական կուսակցութիւնները հիմնուեցան բոլորովին վերջերս։ Հաւանական է, որ այս ցանկը աւելի երկար է եւ կան ուրիշներ որոնք ուշադրութենէս վրիպած են... Բոլորն ալ կը յայտարարեն որ կը մտադրեն մասնակցիլ արտահերթ ընտրութիւններուն։ Ինծի համար զարմանալին այն է, որ ասոնցմէ ոմանք անմիջապէս կը յայտարարեն, որ ընտրութիւններուն պիտի սատարեն Նիկոլ Փաշինեանի Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան։ Միթէ սատարելու համար նոր կուսակցութիւն հիմնելու կարի՞քը կայ... Չեմ կարծեր, որ նոյնիսկ քաղաքականացուած հասարակութիւն մը, կրնայ ընկալել եւ յիշել, բոլոր կուսակցութիւններու անունները, խաղացողները եւ քաղաքական մօտեցումները, ալ ուր մնաց զանոնք տարբերակելը։


Հինգշաբթի, 25 Հոկտեմբեր, 2018

Անձրեւոտ օր մը։ Աշունը հաստատուելու սկսաւ։ Ընկուզենիներու տերեւաթափը սկսաւ։ Թթենիին տերեւները դեղնեցան, սակայն ծիրանենիները դեռ կանանչ են։ Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը յորդորեց բերքահաւաքը ամբողջացնել։ Շաբաթավերջին ջերմաստիճանը գիշերը զեռոյէն վար պիտի իջնէ...

Երէկ քաղեցինք մեր մէկ հատիկ փոքրիկ նուռը։ Ան դարձաւ մեր խոհանոցի սեղանի զարդը։ Փոքր է սակայն գեղեցիկ...

Սկսած եմ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ մեր վարչապետը կ’աճապարէ լուծել արտահերթ ընտրութիւններու հարցը, նոյնիսկ իր խոստումին հակառակ հին ընտրական օրէնսգրքով եթէ հարկ ըլլայ։ Այսօր, Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ հանրապետական Արմէն Աշոտեանը, ելոյթ ունենալով Եւրոխորհրդարանին մէջ, անդրադարձաւ Ընտրական օրէնսգրքի առաջարկուած փոփոխութիւններուն եւ վատ լոյսի տակ ներկայացուց զանոնք այս միջազգային ժողովին, յայտարարելով որ իր կուսակցութիւնը դէմ է այդ օրէնսգրքին։ Երեւանի մէջ, Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ՝ հանրապետական Արփինէ Յովհաննիսեանը հանդիպած է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԿ պատուիրակութեանը քննարկելու Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւնները։ Մեծ երեւակայութեան տէր ըլլալու հարկ չկայ կռահելու անոր դիրքորոշումը։ Միջազգային հարթակներուն մէջ կառավարութեան նախաձեռնութիւնները բանսարկելը եթէ սխալ չէ, առնուազն տհաճ է։

Միւս կողմէն, այսօր կառավարութիւնը մերժեց Ազգային Ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան ներկայացուցած չորս նախագիծերը։ Որքա՞ն կարելի է կառավարութիւն եւ Ազգային Ժողով իրարամերժ մօտեցումներով երկիր պահել...


Ուրբաթ, 26 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօր հիւրեր կ’ակնկալէինք։ Զարմիկս՝ Գէորգը, Կինը Ռաքէլը, գործընկերը՝ Սերքոն եւ կինը՝ Ատրիանան կարճ ժամանակով Հայաստան կը գտնուին եւ այսօր մեզի պիտի այցելէին, սակայն առողջական պատճառներով կը յետաձգեն...

Լուրերը ողողուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնի տարածաշրջան այցելութեամբ։ Ռուսաստան այցելութենէն ետք, ան այցելեց Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան։  Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարած կոշտ արտաքին քաղաքականութիւնը կը վերագրուի իրեն։ Անկեղծօրէն չեմ հասկնար իր ըրած հակասական յայտարարութիւնները։ Մէկ կողմէն  կը խօսի Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման կարեւորութեան մասին, իսկ միւս կողմէն կ’առաջարկէ, որ ռուսական զինամթերքը փոխարինենք ամերիկեանով...

Մեր երկրի քաղաքական համայնապատկերին մէջ շողշողացող աստղ կը թուի ըլլալ մեր նախագահը։ Պատմութեան մէջ հազուադէպօրէն կը հանդիպինք մտաւորական քաղաքական գործիչներու։ Կը թուի, որ քաղաքականութիւնը հազուադէպօրէն կը հետաքրքրէ մտաւորականութիւնը։ Իմ կեանքիս ընթացքին,  Ֆրանսան ունեցաւ Ֆրանսուա Միթերանը, իսկ Գանատան Բիէռ Թրուտոն։ Եւ ահաւասիկ մենք ալ կը բախտաւորուինք Արմէն Սարգսեանով։ Գիտնական, մտաւորական այս մարդը համաշխարհային հարթակի վրայ հանդէս կու գայ իմաստալից ներդրումով եւ յստակ ընկերային եւ քաղաքական մօտեցումներով, զանոնք հիմնաւորելով գիտական տեսութիւններով։ Բայց միայն սա չէ հարցը։ Ան առիթը չի փախցներ մեր երկիրը ներկայացնելու դրական պրիսմակով։  Կ’ուզեմ արձանագրել պատառիկ մը, Զուիցերիայի մէջ, «Հայրենիք եւ համաշխարհային անվտանգութիւն» կարգախօսով տեղի ունեցող, Crans Montana Forum-ին, արտասանած իր մէկ խօսքէն,-  

«Ինձ համար Հայաստանը 21-րդ դարում ապրող երկրի օրինակ է, քանի որ մենք արտացոլում ենք աշխարհում առկայ միտումները: Մենք փոքր երկիր ենք, բայց համաշխարհային ազգ: Այնքան, որքան հայեր են բնակւում Հայաստանում, նոյնքան բնակւում են նաեւ Ռուսաստանում: Երեւանը՝ աշխարհի հնագոյն քաղաքներից մէկը, որը 2800 տարեկան է, ունի այնքան հայ բնակչութիւն, որքան Լոս Անճելըսը: Մի շարք ոլորտներում, ինչպիսիք են տեղեկատուական տեխնոլոգիաների, բանկային ոլորտները, Հայաստանը տարածաշրջանային առաջատար է:

«Ուստի, լինելով փոքր երկրի նախագահ՝ ես փորձում եմ միեւնոյն ժամանակ լինել նաեւ համաշխարհային ազգի առաջնորդ»։

Այս տարուան առաջին ձմեռնային լուրերը,- Հայաստանի տարածքին կան փակ եւ դժուարանցելի ճանապարհներ, տեղ տեղ առկայ է մերկասառոյց։ Ձիւնած է Աշոցք եւ Ծաղկահովիտ համայնքներուն մէջ։

«Մերկասառոյց» բառը ըստ Աղայեանի կը նշանակէ «սառոյցի բարակ շերտ»։ Թէ ինչո՞ւ «մերկ» արմատը մաս կը կազմէ այս բառին, չեմ գիտեր։

Այս երեկոյ Երեւանի կեդրոնական փողոցները բոլորովին խցանուած են կը կարդամ։ Թէ ինչո՞ւ չ’ըսուիր։ Այլ տեղ կը կարդամ, որ Ֆրանսական հրապարակ տանող փողոցները հերթով, տասական րոպէ կը փակուին Flash Mob կազմակերպած ամբոխի մը կողմէ։ Ըստ լրատուամիջոցին, յստակ չէ թէ ինչի միտուած է այս միջոցառումը։ Մասնակիցներէն ոմանք կը խօսին հակայեղափոխութեան դէմ, ոմանք ալ կը պահանջեն  նոր կառավարութեան խոստացած բարեփոխումները իրականացնել... Կ’ենթադրեմ, որ այս է խցանումներու պատճառը։

Չմոռնամ արձանագրելու այսօր հիմնուած նոր կուսակցութեան անունը,- Հայաստանի Եւրոպական Կուսակցութիւն...


Շաբաթ, 27 Հոկտեմբեր, 2018

Հոկտեմբերի 27-ի տխրահռչակ դէպքերու 19-երորդ տարեդարձն է։ Ներկայ Հայաստանի պատմութեան ամենասեւ էջերէն մէկն է ան։ Դեռ այս մութ էջը բացայայտելու մասին խօսք չկայ։ Հիմա Մարտի 1-ի դէպքերը բացայայտելու վրայ կեդրոնացած ենք...

Այսօր յայտնի կը դառնայ, որ երէկուան  Երեւանի Կեդրոնի երթեւեկութեան խցանումները երկու պատճառ ունեցած են,- եղանակային պայմաններ եւ երթեւեկութեան կանոնները չյարգող վարորդներ, որոնք խցանած են խաչմերուկները։ Կը կարդամ, որ ամէն օր երեկոյեան ժամերուն 40 երթեւեկային վթար տեղի կ’ունենայ Երեւանի մէջ։ Երէկ նոյն ժամերուն պատահած է 90 վթար...

Կարճ ժամանակով մեզի այցելութեան կու գան Մարտիկը, Անին, Սարոն, Լիանան եւ փոքրիկն Լոռին։ Մեր հանդիպումները միշտ ջերմ են եւ անմիջական։ Միշտ հաճոյքով կ’ընդունինք զիրենք։


Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօր Ստեփանաւանի գիւղերէն Ուռուտի մէջ պիտի վերաօծուի եւ բացուի նորոգուած 18-երորդ դարուն կառուցուած եկեղեցի մը։ Պահ մը կը մտածենք ներկայ ըլլալու մասին սակայն կը հրաժարինք, մեզմէ առնուազն երկու ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուելու պատճառաւ։ Գիտենք, որ արտասահմանէն բաւական այցելուներ ներկայ պիտի ըլլան։

Զարմիկս (քեռիիս տղան)՝ Գէորգը, կինը Ռաքելը, գործընկերը՝ Սերգոն եւ կինը՝ Ատրիանան, այսօր Էջմիածին այցելութենէ ետք, կու գան մեզի։ Բոլորն ալ ներկայիս թորոնթոբնակ են։ Թէ Գէորգը եւ թէ Սերգոն, որ ժամանակին Մարգարին աշակերտը եղած է Աթէնքի մէջ, այնքան կեանքով առլցուն են, այնքան աշխոյժ, որ իրենց այցելութեամբ մեր տան մթնոլորտը կը դառնայ տօնական։ Իրենց վարորդը՝ Հայկն ալ կիրթ եւ հաճելի մարդ մըն է, որ կը մասնակցի զուարթ մթնոլորտին։ Նախ կը բոլորուինք ճաշի սեղանին շուրջ, կոնեակ եւ նախուտեստներով կատարելու առաջին քայլը, ապա կ’երթանք մօտակայ Ռշտունիք ճաշարանը, խորոված ձուկով եւ վոտքայով շարունակելու օրը։ Կ’անցնիք Մշակոյթի տունէն, իրենց ցոյց տալու համար, թէ ինչեր կարելի է յաջողեցնել տեսիլքով, բարեկամներու օգնութեամբ եւ յամառ աշխատանքով։ Տպաւորուած են։ Վերջին հանգրուանը Վալդերենց տունն է, տնական ծիրանի օղի համտեսելու եւ սուրճ խմելու... Բոլորիս ալ տրամադրութիւնները իսկապէս բարձր են։ Մեզի համար անսովոր եւ շատ հաճելի օր մը կ’անցընենք։

Կարճ ժամանակով եկած են։ Բացի Գէորգէն միւսներուն առաջին այցելութիւնն է Հայաստան։ Գէորգն ալ միայն քանի մը օրով եղած է հոս անցեալ այցելութեան։ Խանդավառ են եւ կը խօսին գալ Մայիսին կրկին վերադառնալու մասին։ 

Այսօր Վրաստանի նախագահական ընտրութիւններու առիթով ծանօթացայ հոն գործող կուսակցութիւններու անուններուն։ Նկատեցի մասնաւորապէս երկուքը,- Վրացական Երազանք եւ Եւրոպական Վրաստան։ Վերջերս Հայաստանի մէջ հիմնուող կուսակցութիւններէն երկուքը, այս անունները կրկնօրինակած են,- Հայկական Երազանք եւ Հայաստանի Եւրոպական Կուսակցութիւն...


 Երկուշաբթի, 29 Հոկտեմբեր, 2018

Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւնները դարձեալ Ազգային Ժողովի օրակարգին վրայ են։ Ազգային ժողովի այս նիստը եւս ուղիղ կը հեռարձակուի, սակայն առիթը չեմ ունենար անոր հետեւելու։ Նախ այցելութեան կու գան հարեւաններ, Արտաշը, Սուսանը եւ Արտակը։ Սուսանը իր եփած «բիրաշկի»էն կը բերէ մեզի։ Ապա այցելութեան կու գայ Էմիլիան, որ արմաւի կուտէն աճեցուցած բոյս մը եւ մամուխով պատրաստուած հիւթ կը բերէ։ Մամուխը կեսուրը սարերէն հաւաքած է։ Կը դիմեմ համացանցին հասկնալու համար թէ մամուխը ի՞նչ հատապտուղ է։  Կը գտնեմ, որ անգլերէնը blackthorn է, բայց ան ալ ծանօթ չէ ինծի։ Ըստ երեւոյթին բաւական բուժիչ յատկութիւններով, վայրի հատապտուղ (berry)

մըն է։ Հիւթը համեղ է...

Կը կարդամ որ Ընտրական Օրէնսգրքի փոփոխութիւնները կրկին չվաւերացուեցան խորհրդարանին մէջ, մէկ ձայնի պակասուրդի պատճառաւ...

Երեկոյեան լուրերուն ալ չեմ յաջողիր հետեւիլ։ Հարեւաններս այցելութեան կու գան։


Երեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր, 2018

Երեւան կ’իջնենք, մեր յարկաբաժինը պատրաստելու, Հալէպէն այցելութեան եկող զարմիկիս համար։ Ճիշտ ժամանակին կը հասնի։ Միասին կ’երթանք մեր տան հանդիպակաց «Լաւաշ» ճաշարանը։ Հոս ճաշերը հայկական են։ Ղափաման պատրաստելը երկար կը տեւէ կ’ըսէ սպասեակը, փոխարէնը կ’ապսպրեմ «խուրջին» կոչուած ճաշատեսակը։ Հսկայ  լաւաշի ծրար մը, որուն ծայրերը փունջի մը վերածուած են եւ լցօնած գառնուկի միսով եւ բանջարեղէններով... Համեղ է... Ճաշարանը լեցուն է եւ մեծամասնութեամբ զբօսաշրջիկներ են մեր մօտակայ սեղաններուն։ Ուրախ ենք, որ զբօսաշրջիկային եղանակը դեռ չէ փակուած։ Երեւանը, մանաւանդ երբ եղանակը արեւոտ է, միշտ դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ մեր տրամադրութիւններուն վրայ։ Ապրող, շնչող քաղաք է...  

Այսօր երեկոյեան կը լրանայ Վարչապետ առաջարկելու ժամկէտը։ Այս անգամ ըստ սահմանադրութեան հարկ է պատգամաւորներու մէկ երրորդի ստորագրութիւնը։ «Ծառուկեան» եւ «Ելք» դաշինքներու անդամները, ինչպէս նաեւ քանի մը Հանրապետական պատգամաւորներ միանալով, կրկին առաջադրեցին Նիկոլ Փաշինեանի անունը չընտրելու նպատակաւ...

Ըստ սահմանադրութեան, եթէ Նոյեմբերի 1-ին կրկին վարչապետ չընտրուի, խորհրդարանը կը լուծարուի եւ կը սկսի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու գործընթացը։ Այնպէս կ’երեւի, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան գոյութիւն ունեցող ընտրական օրէնսգիրքով, թէեւ տակաւին լուրեր կը շրջանարուին, Ընտրական Օրէնսգրքի փոփոխութիւնները երրորդ անգամ խորհրդարան տանելու մասին։ Ուրիշներ կը հերքեն նման նախաձեռնութեան մը կարելիութիւնը...


Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր, 2018

Այսօր Հալուին է։

Երէկ լուրերէն տեղեկացուցին Հալուինի հայկական տարբերակին, դդմատօնի մասին։ Ան դդումներ քանդակելու եւ ծղոտէ արձանիկներ շինելու (սարքելու պիտի ըսէին հոս¤, տօնի վերածուած էր։ Մասնակիցները Կենդանաբանական Այգիի պարտէզին մէջ իրենց քանդակները ցուցադրելէ ետք, բանջարեղէնները կենդանիներուն կեր դարձնելու նպատակ կը հետապնդէին։ Հալուինի սարսափազդու եւ ոգիներու եւ կախարդներու հետ կապակցութիւնը ջնջելով, զայն իսկական մանկապատանեկան տօնի վերածած էին։ Հիանալի նախաձեռնութիւն... Փոխանակ պայքարելու անոր դէմ, որպէս օտար եւ անյարիր մեր բարքերուն, զայն փոխակերպելը եւ մեր բարքերուն յարմարցնելը ճիշտ կը գտնեմ։

Երեկոյեան Վալդերենց տունն ենք։ Այս տարի իրենց տունը կեդրոնական ջեռուցումով օժտեցին։ Այսօր միացուցած են կաթսան։ Կը տօնենք այս յատկանշական փոփոխութիւնը։ Վալդերի խնամին՝ Վարդանը եւս ներկայ է։ Ան ինծի ծանօթ միակ գիւղատնտեսն է, ուստի միշտ հայցումներու տարափով կը դիմեմ իրեն։ Իր մասնագիտութիւնը կը սիրէ, ուստի հաճոյքով կը պատասխանէ հարցումներուս։ Պատմելու հաճելի եղանակ ունի եւ բացի գիւղատնտեսութենէ, քաղաքականութեան եւ պատմութեան մասին իր մօտեցումները եւս հետաքրքրութեամբ կը լսենք...


Էլիզ Շարապխանեան

Ուշի