image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփի Ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդականը կը փորձէ Հայաստանը հեռացնել Ռուսիայէն եւ Իրանէն

Թրամփի Ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդականը կը փորձէ Հայաստանը հեռացնել Ռուսիայէն եւ Իրանէն

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Նախագահ Թրամփի` Ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն Հոկտեմբերին այցելեց Ռուսիա, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան՝ փոխանցելով Սպիտակ տան դիրքորոշումը տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու վերաբերեալ: Պոլթըն ծանօթ է իբրեւ արտաքին կոշտ քաղաքականութեան կողմնակից եւ յաճախ կը բնութագրուի իբրեւ ռազմատենչ՝ իր ծայրայեղական դիրքորոշումներուն պատճառով... 

 

Հայ պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու ընթացքին Պոլթըն խօսած է Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներու մասին, որոնք կրնան ազդել երրորդ երկիրներու, անոնց շարքին՝ Հայաստանի վրայ: Ան նաեւ անակնկալ առաջարկ ըրած է Հայաստանի՝ ամերիկեան զէնքեր վաճառելու առումով, այլեւ քննարկած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ արցախեան հակամարտութեան լուծման հարցը:

 

Պարզ դարձաւ, որ Պոլթըն փորձած է Հայաստանը հեռացնել իր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիայէն եւ առեւտրական հիմնական գործընկեր Իրանէն, քանի որ Հայաստանի հետ սահմանը շրջափակուած է դրացի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ:

 

Թէեւ շատ հայ մեկնաբաններ եւ յատկապէս ռուս պաշտօնեաներ լուրջ մտահոգութիւններ արտայայտեցին Պոլթընի առաջադրած քաղաքականութեան մասին, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան զարմանալիօրէն լաւատես էր եւ ըսաւ Հայաստանի խորհրդարանին. «Ես հանդիպած եմ Պոլթընի հետ: Այդ հանդիպման ընթացքին նոյնիսկ նուազագոյն երանգ չէ եղած, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մէջ անհանգստութիւն յառաջացնէ: Ես այս հանդիպումը կը նկատեմ մեզի համար  դիւանագիտական մեծ նուաճում, հետագային կ՛ըսեմ, թէ ինչ է պատճառը, որ ես այսպէս կ՛արտայայտուիմ»:

 

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան աւելցուց. «Պոլթընի հետ երկխօսութիւնը շատ յաջող էր, եւ Միացեալ Նահանգներ հասկցած էր Ռուսիոյ Դաշնութեան, Իրանի հետ մեր յարաբերութիւններու տրամաբանութիւնը, մեր դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի գծով, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ, եւ այլն»:

 

Դրական գնահատելով իր հանդիպումները Հայաստանի մէջ, Պոլթըն գրառում կատարած է իր թուիթըրի էջին մէջ, այսպէս. «Երէկ ես հիանալի այցելութիւն մը տուի Հայաստանի, որ  կարեւոր ընկեր մըն է տարածաշրջանին մէջ: Ես բաւականութիւն ստացայ ՀՀ վարչապետի [պաշտօնակատարի] եւ իր ազգային ապահովութեան խումբին հետ ունեցած արդիւնաւէտ խօսակցութենէն»:

Հակառակ ԱՄՆի եւ Ռուսիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւններուն, Հայաստան պէտք է պահպանէ նուրբ հաւասարակշռութիւն, երկու գերտէրութիւններու միջեւ: Մէկ կողմէ՝ Հայաստան կ՛ապաւինի Ռուսիոյ, իր կարեւորագոյն կարիքներուն համար, այսինքն՝ զէնքի, ուժանիւթի եւ առեւտուրի կապուած, եւ, հետեւաբար, չի կրնար ինքնիրեն թոյլ տալ, որ թշնամանայ իր ռազմավարական դաշնակիցին դէմ: Միւս կողմէ՝ Հայաստան բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատած է բազմաթիւ այլ երկիրներու, մասնաւորաբար Արեւմտեան Եւրոպայի եւ ԱՄՆի հետ:

 

Զէնքի վաճառքի առաջարկ՝ Հայաստանի

 

Պոլթըն զարմացուց իր հայ հիւրընկալողները՝ անոնց առաջարկելով գնել ամերիկեան զէնք՝ յայտարարելով, որ այդ զէնքերը կը գերազանցեն ռուսականը: Այսուամենայնիւ, ան չնշեց, թէ սնանկացած Հայաստան ի՞նչ միջոցներով պիտի կարենայ վճարել զինամթերքի գինը: Ինչպէս գիտենք, Ռուսիա Հայաստանի զինամթերքի մեծ մասը կը մատակարարէ կա՛մ վարկեր տրամադրելով, կա՛մ զեղչուած գիներով: Փաշինեան արձագանգեց՝ նշելով, որ Հայաստան պիտի քննարկէ ամերիկեան առաջարկը, մինչդեռ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան NEWS.am կայքին ըսաւ, որ այս պահուն ամերիկեան զինամթերք գնելու կարիք չկայ:

 

Ամերիկեան զէնք ձեռք բերելով՝ Հայաստան ռիսքի կը դիմէ իրեն թշնամացնելով Ռուսիան, որ իր զինամթերքի հիմնական աղբիւրն է: Երկրորդ, Միացեալ Նահանգներ կրնայ Հայաստանի ըրած իր առաջարկը օգտագործել քողարկելու համար իր իրականութիւնը՝ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ ժամանակակից զէնք ծախելու Ատրպէյճանին: Մինչ Ատրպէյճան ունի՛ կարողութիւնը ամերիկեան զէնք գնելու, իսկ Հայաստան՝ ո՛չ:

 

Պոլթընի միւս անտրամաբանական յայտարարութիւնը այն էր, որ ռուսական զէնքի վաճառքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, Արցախեան հակամարտութեան լուծման համար խոչընդոտ հանդիսացած է: Ծիծաղելի է, որ սա նոյն այն բանն է, ինչ որ ներկայացուցած է Պոլթըն՝ առաջարկելով ամերիկեան զէնք վաճառել երկու երկիրներուն: Իմ կարծիքով, Միացեալ Նահանգներ եւ միւս բոլոր երկիրները պէտք է զերծ մնան ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի զէնք ծախելու փորձութենէն...: Պատերազմական գօտիի մէջ երկուստեք յաւելեալ զէնք լեցնելը՝ երկու կողմերուն համար ալ կրնայ յանգեցնել միայն բռնութիւններու եւ մահերու թիւի բարձրացման:

 

Հայ-իրանական յարաբերութիւններ

 

Ի պատասխան Պոլթընի այն յայտարարութեան, թէ Միացեալ Նահանգներ «խիստ աշխուժօրէն» պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ Իրանի դէմ եւ այդ պատճառով հայ-իրանական սահմանը «պիտի դառնայ հիմնահարց»՝ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան իբրեւ դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւն, դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի դրացիներէն ոչ Թուրքիոյ, ոչ ալ Ատրպէյճանի հետ, ուստի ան պէտք է «յատուկ յարաբերութիւններ» պահպանէ իր միւս երկու դրացիներուն՝ Իրանի եւ Վրաստանի հետ, որոնք Հայաստանի միակ «դարպասներ»ն են դէպի արտաքին աշխարհ։ Փաշինեան լաւատեսօրէն ըսաւ Հայոց խորհրդարանին. «Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի դիրքորոշումը յստակ էր, հասկնալի եւ նոյնիսկ ընդունելի՝ ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն համար»։

 

Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու փոխարէն, որ խզէ իր առեւտրական կարեւոր յարաբերութիւնները Իրանի հետ, Միացեալ Նահանգները պէտք է յորդորել, որ ճնշում գործադրէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վրայ՝ բանալու համար իրենց սահմանները Հայաստանի հետ, որպէսզի Հայաստան կարենայ աւելի հեզասահ կերպով առեւտուր ընել իր չորս դրացիներուն հետ։ Փաշինեան ճիշդ մատնանշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի իր ազգային շահերը, որոնք միշտ չէ, որ կը համընկնին այլ երկիրներու շահերուն հետ: Իմ կարծիքով, Միացեալ Նահանգներ իրաւունք չունի պահանջելու երրորդ երկիրներէն, որ գործադրեն իր սխալ պատժամիջոցները Իրանի դէմ։ Աւելին, քանի որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան կ՛ազատէ Իրանի նկատմամբ ԱՄՆի պատժամիջոցները կիրարկելէ, ապա ինչո՞ւ պէտք չէ Հայաստանը եւս ազատի այդ պատժամիջոցներու կիրարկումէն: Բացի այդ, Պոլթըն խոստովանեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ չ՛ուզեր «վնաս հասցնել մեր բարեկամներուն, այս գործընթացին մէջ»:

 

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ

 

Պոլթըն յայտարարեց, որ արցախեան հիմնահարցի լուծումը կ՛օգնէ Հայաստանի՝ բանալ Թուրքիոյ հետ սահմանը: Փաշինեան արձագանգեց` նշելով, որ Հայաստան պատրաստ է յարաբերութիւններ հաստատելու եւ բաց սահմաններ ունենալու Թուրքիոյ հետ, սակայն առանց նախապայմաններու, զորս Թուրքիա փորձած է պարտադրել` սահմանին բացումը կապելով Արցախեան հակամարտութեան հետ: Թուրքիոյ նախապայմանին հակազդելու համար ես կ՛առաջարկեմ, որ Հայաստան դնէ իր նախապայմանը`սահմանի բացումը կապելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ…

 

Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորում

 

Պոլթըն կ՛ենթադրէ, որ Դեկտեմբեր 9ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին կը սպասուի, որ Փաշինեանի կուսակցութիւնը կազմէ մեծամասնութիւն, բաւականին ուժեղ յանձնարարութիւն կու տայ անոր՝ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ որոշիչ քայլերու ձեռնարկելու համար: Կարծես թէ Պոլթըն ծանօթ չէ Փաշինեանի յաճախակի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց՝ «Ղարաբաղի հարցը լուծող-չլուծողը հայ ժողովուրդն է, եւ յստակօրէն՝ Հայաստանի ժողովուրդը, Արցախի ժողովուրդը եւ տուեալ պարագային նաեւ Սփիւռքը, որովհետեւ ասիկա համահայկական հարց է»:

 

Քանի որ Հայաստան կանգնած է ներքին եւ արտաքին անորոշութիւններու առջեւ, հրամայականը այն է, որ աշխարհի բոլոր հայերը պաշտպանեն իրենց Հայրենիքը եւ ուժերը միացնեն իրենց ընդհանրական հակառակորդներուն դէմ…

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան