image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան. Նորութիւններու պիտի սպասենք 2019-ի Յունուարին

Հայաստան. Նորութիւններու պիտի սպասենք 2019-ի Յունուարին

Մայիսի «սխալ»ը պիտի սրբագրուի դեկտեմբերին…

Հինգշաբթի յետմիջօրէին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կարճ ելոյթ մը կ՚ունենար եւ կը յայտարարէր, որ իրաւական բոլոր հիմքերը ապահովուած են արդէն, որպէսզի 2017 թուականի ապրիլին ընտրուած Ազգային ժողովը լուծարուի։

Եղածը անշուշտ աննախադէպ էր Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ եւ աննախադէպ՝ երկիմաստ ձեւով։

Նախ անոր համար, որ երկրի խորհրդարանին մէջ որպէս «աննշան» փոքրամասնութիւն հանդէս եկող «Ելք» խմբակցութեան անդամ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամներն ու անոնց առաջնորդը՝ Փաշինեան կը յաջողէր «պարտադրել» իր կամքը՝ անշուշտ յենուելով ժողովրդային նեցուկին. խորհրդարանը լուծարել, նաեւ պատրաստուիլ արտահերթ ընտրութիւններու։

Շատ հաւանաբար իմ խօսքին մէջ, որոշ ընթերցողներ կրնան հասկնալ, թէ իմ մօտեցումը առհասարակ դէմ է «թաւշեայ յեղափոխութեան» ընկալումներուն, սակայն այդպէս չէ։

Խնդիրը այն է, որ յեղափոխական «շապիկ»ով եւ ուսապարկով հրապարակ ելած Փաշինեան ստիպուած էր ենթարկուիլ այդ «խաղաոճ»ի կանոններուն։ Բացատրեմ իմ միտքը։ Խօսքս յատկապէս կը վերաբերի այս տարուան ապրիլի դէպքերուն, որոնք, ինչպէս բոլորս գիտենք, եզրակացութեան յանգեցան Փաշինեանի Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ ընտրուելով։

Այդ օրերուն ականատես եղանք զանազան մակարդակի «քաշքշուք»ներու եւ երկրի «քաղաքական մեծամասնութիւն» հանդիսացող Հանրապետական կուսակցութիւնը փորձեց տարբեր միջոցներով «խանգարել» Փաշինեանի վարչապետ դառնալը։ Իշխանական խումբը ամէն առիթի համապատասխան «պատասխաններ» ստացաւ եւ Փաշինեան, որ ցայսօր ալ կը համարուի Հայաստանի «մղիչ» քաղաքական դէմքը, յաջողեցաւ գործուղել երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը, նաեւ զանազան մակարդակի «ճնշումներ»ով յառաջ տանիլ՝ իր սիրուած վարչապետին քաղաքական օրակարգը։ Հոս էր նաեւ, որ Փաշինեան գործեց մեծ սխալ մը եւ չլուծարեց Ազգային ժողովը։ Գաղտնիք չէ, որ յեղափոխական միջոցներով իշխանութիւնը ստանձնած ոեւէ քաղաքական առաջնորդ, ունի բաւարար տուեալներ, որպէսզի կարողանայ երկրի սահմանադրական կամ ոչ-սահմանադրական բոլոր միջոցները գործադրել՝ հասնելու համար իր նպատակներուն։

Շատ հաւանական է, որ Փաշինեան պահ մը երկմտեցաւ, թէ արդեօք իրեն համար մայրաքաղաք Երեւանի փողոցներն ու մայրուղիները փակած ժողովուրդը՝ նոյն դրական թափով պիտի մասնակցի՞ նոր խորհրդարանի ընտրութեան գործընթացին։

Հասկնալի է անշուշտ Փաշինեանի այն մօտեցումը, որ կը փարատէր աւելի վերջ սեպտեմբերին տեղի ունեցած Երեւանի քաղաքապետութեան (աւագանի) ընտրութիւններուն, որոնց աւարտին պատկերը կը դառնար աւելի յստակ եւ նոյնիսկ «ապահով»։

Փաշինեան լաւապէս կ՚ընկալէր ժողովուրդին կողմէ տրուած քաղաքական «պատգամ»ը ու այդպէսով ճանապարհ կը բանար նոր ընտրութիւններուն։

Պարտինք նշել, որ Փաշինեանի երկրին ղեկը ստանձնելէն ի վեր արագօրէն կը կազմուէր ընտրական նոր օրինագիծ մը մշակելու կոչուած յատուկ յանձնաժողով մը, որ ընդամէնը չորս ամիսներու ընթացքին կը պատրաստէր, կը մշակէր եւ Ազգային ժողովի սեղանին կը ներկայացնէր Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխուած նոր տարբերակը։

Շարք մը վերլուծաբաններ, ցայսօր ալ կը հաւատան, որ խորհրդարանին մէջ տապալուած Ընտրական օրէնսգիրքը շատ աւելի դրական էր, քան գործող օրէնսգիրքը, որով ալ յառաջիկայ 9 դեկտեմբերին Հայաստան պիտի ընտրէ նոր Ազգային ժողովը։

ՆՊԱՏԱԿԸ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ «ՕՐԻՆԱԿԱՆԱՑՈՒՄՆ» Է

Իմ յօդուածներուն հետեւող ընթերցողներէս շատեր, գուցէ չհասկնան այն մօտեցումը, թէ ի՛նչ պատճառներով ներկայիս արդէն վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ստիպուած պիտի ըլլար «ձմրան կիսուն» խորհրդարանական ընտրութիւններու երթալ։ Աւելի՛ն. երկրին մէջ տեղի ունենար իր նախընթացը չունեցող Ազգային ժողովի ցրւում ու այդպէսով գործադիր դաշտէն ետք ալ իրականութիւն դառնար օրէնսդիր դաշտը «յեղափոխականացնել»ու ընտրանքը։

Հասկնալու համար վարչապետին այս մղումը, պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ Փաշինեան կարիքն ունէր օրէնսդրական ամուր յենարանի մը։ Ներկայ պահու դրութեամբ իր եւ իր խմբակիցներուն կողմէ կատարուած փոքր ճիգով մը Փաշինեան պիտի կարողանար ստանալ քուէներու այնպիսի մեծ տոկոս մը, որուն նմանը կրնար չունենալ իր իշխանութեան յառաջիկայ ընտրաշրջաններուն։

Դրոյթը շատ պարզ էր։ Հայաստանի ժողովուրդը կը շարունակէ սիրել ու յարգել իր վարչապետը, սակայն այդ բոլորէն անդին կը շարունակէ մեծ հաւատք ընծայել անոր։ Հետեւաբար այս իրավիճակին մէջ ալ շատ հասկնալի էր, որ Փաշինեան իր ունեցած ամբողջ ներուժը քաղաքական դրամագլուխի վերածէր եւ արդիւնքին ունենար իր շահերուն եւ մօտեցումներուն յարիր նոր եւ թարմ Ազգային ժողով մը։

Շատեր հարց պիտի տան. կը խանգարէ՞ր Փաշինեանը, որպէսզի գոյութիւն ունեցող եւ իր առաջին տարին հազիւ բոլորած Ազգային ժողովը շարունակէ իր աշխատանքները։

Պատասխանը՝ այո՛ է. շեշտակի այո մը, որովհետեւ երկու օր առաջ արդէն իսկ լուծարուած Ազգային ժողովը չէր ներկայացներ երկրին մէջ խմորուած ու իշխանութեան հասած քաղաքական ուժերուն իրական կամքը։ Այն պահուն՝ երբ յեղափոխութեան ճանապարհով իշխանութիւն դարձած որեւէ ուժի համար շատ կարեւոր էր ունենալ ոչ միայն ժողովրդային, այլեւ՝ օրէնսդրական նեցուկ եւ հիմք։

Յստակ է նաեւ, որ յառաջիկայ դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւնները անպայման պիտի կրեն Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրութիւնը։ Աւելի պարզ ըսած, մենք պիտի յաջողինք շօշափելիօրէն զգալ, թէ ի՛նչպիսի խումբով Փաշինեան ընտրութիւններու պիտի երթայ, նաեւ շատ հաւանաբար խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն դարձած իր խումբը՝ ի՛նչ քաղաքական, ազգային, տնտեսական եւ ընկերային առաջնահերթութիւններ պիտի ունենայ։

ՀԻՄՆԱԿԱՆԸ՝ «ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» ԿՈՉՈՒԱԾ «ՈՒՏԵԼԻՔՆ» Է

Ի՛նչ ուղղութեամբ ալ նետենք մեր խարիսխները, բոլորիս համար աւելի քան պարզ է, որ Հայաստանէ ներս տեղի ունեցած զարգացումներուն առընթեր կարեւոր «ըսելիք» պիտի ունենան Կովկասի ընդհանուր իրականութեան մէջ դեր ունեցող կամ դեր ունենալու պատրաստուող գերտէրութիւնները։

Խօսքը բնականաբար Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մասին է, որոնք ներկայ զարգացումներուն վրայ պիտի ուզեն ամէն գնով յաւելումներ կատարել կամ ալ իրենց խօսքը աւելցնել։

Անշուշտ այս բոլորին առընթեր յստակ է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ վերջին ամիսներուն Հայաստանի եւ առհասարակ Կովկասի հանդէպ արտայայտուած ուշագրաւ հետաքրքրութիւնը, եթէ նոյնիսկ նոր կացութիւն մը ստեղծելու ուժականութիւնը չունի, սակայն ունի խաղաքարտերը «խառնելու» նոյնքան եւ գուցէ աւելի վտանգաւոր դրոյթ մը։ Թերեւս հարց պիտի տաք ըսելով՝ ի՞նչ գործ ունի Միացեալ Նահանգները Կովկասի մէջ եւ աւելի՛ն. զարմանաք ամերիկացիներու կողմէ ցոյց տրուած հետաքրքրութեան մասին. պարզ անոր համար, որ Կովկասը իր ողջ էութեամբ կը համարուի «ռուսական տարածք» մը։ Ու յատկանշանկան է այն, որ շրջանին մէջ Ռուսաստանի «սիրելի» դաշնակիցը՝ այսինքն Հայաստանը, երկար ժամանակէ ի վեր կը համարուի կամովին եւ յօժարակամ դաշնակից մը։ Այս իրավիճակը անշուշտ ամրագրուած չէ միայն տնտեսական-ընկերային գործօններով, այլեւ՝ ինչպէս բոլորս քաջ գիտենք, ռազմավարական ազդակներով, որոնք ունին երկկողմանի շահակցութեան եւ նոյնիսկ բարեկամութեան մօտեցումներ։

Ու այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, ի՛նչ հիմքերով է, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ մտնել կովկասեան գօտին ու այն ալ այնպիսի բարդ հանգրուանի մը, երբ Միացեալ Նահանգներ մեծ կորուստներ կրած է Մերձաւոր Արեւելքի զանազան ճակատներու վրայ։

Իբր այդ, եթէ փորձենք ընդհանուր նկարագրական մը կատարել, ապա մեզի համար աւելի քան յստակ պիտի դառնայ, թէ հակառակ Միացեալ Նահագներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելքի թըղ-թածրարներուն վերաբերեալ տուած խոստումներուն, Ուաշինկթըն «թուլցուցած» է իր դիրքերը։ Խօսքը միայն Սուրիոյ մասին չէ, այլ՝ Իրաքի, Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Եմէնի մասին։

Օրինակի համար, եթէ փորձենք մեծ պրիսմակի մը տակ պահել Սուրիոյ պարագան, ապա պիտի գանք այն համոզումին, թէ Միացեալ Նահանգներ, առնուզն նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի իշխանութենէն հեռանալէն ի վեր, կը փորձէ հանդէս գալ «չենք ուզեր խառնուիլ» մօտեցումով։ Ճիշդ է, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ կը շարունակէ պահել իր զինուորական կայանները, սակայն ակներեւ է նաեւ, թէ ամերիկացիներու կողմէ որդեգրուած «փասիֆ» եւ չէզոք մօտեցումները առիթ կը հանդիսանան, որ Մոսկուա իր ձեռքերուն մէջ պահէ սուրիական տագնապին բոլոր հիմնական խաղաքարտերը։

Սուրիայէն բացի յստակ է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու համար այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, գլխաւոր առաջնահերթութիւն սկսած է դառնալ հարուածել Իրանը։ Ու եթէ խնդիրներուն այս պրիսմակէն մօտենանք, ապա կը սկսինք հասկնալ, թէ ի՛նչ է Հայաստանի հանդէպ Ամերիկայի ընդհանուր մօտեցումը։

Այսինքն՝ ինչպէս Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի «սեւ աչքերուն» համար չէ, որ այս մօտեցումները կը ցուցաբերէ եւ ի զուր չէ, որ այդ երկրի ազգային անվտանգութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն մին այս անգամ Երեւանի մէջ «քաղցրախօս» լեզուով ամերիկեան զէնքերուն գովքը կը հիւսէ։ Անշուշտ այս բոլորը դեռ սկիզբն են ու վստահօրէն ամերիկեան ոճի նոր խաղերը երեւան պիտի գան Հայաստանի նոր խորհրդարանի կազմութենէն ետք, այսինքն շատ հաւանաբար յառաջիկայ տարուան յունուար ամսուայ վերջերուն։

 

ագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս