image

Նշանաւոր հռետորը եւ հայրը

Նշանաւոր հռետորը եւ հայրը

Նոյեմբերի 1-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Յովհան Ոսկեբերանի յիշատակի օրը: Ս. Յովհան Ոսկեբերանի յիշատակը տարին երկու անգամ կը տօնուի. նախ՝ Տասներկու վարդապետներուն հետ՝ Խաչվերացի Զ. կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը, ապա առանձին՝ Խաչվերացի Է. կիրակիին յաջորդող հինգշաբթի օրը:

Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը եկեղեցւոյ ամենանշանաւոր ու շնորհալի հայրերէն է: Ծնած է 347-ին՝ Անտիոք: Եղած է Պոլսոյ պատրիարք (398-404): Անտիոքի Մելետիոս հայրապետը (ազգութեամբ հայ) նախ՝ Յովհան Ոսկեբերանը, ապա անոր ծնողքը քրիստոնեայ մկրտած է: Մելետիոսի հսկողութեամբ Յովհան Ոսկեբերան ուսանած է Անտիոքի նոր մկրտուածներու դպրոցին մէջ: Քրիստոնէութեան դասերուն զուգընթաց ան ժամանակի նշանաւոր ճառասացներուն եւ իմաստասէրներուն քով հետեւած է փիլիսոփայութեան եւ արտաքին գիտութեանց դասընթացքներուն, այնուհետեւ Աթէնքի մէջ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութիւնը շարունակած է Անթոմիոս փիլիսոփային քով: Տասնութ տարեկանին եռանդով ու հետեւողական կերպով սկսած է զբաղիլ Սուրբ Գիրքի եւ աստուածաբանութեան ուսումնասիրութեամբ, ապա Անտիոքի մօտակայ լեռներու՝ քարայրի մը մէջ, երկու տարի անձնատուր եղած է ճգնաւորական խստակեացութեան: 381 թուականին Յովհան Ոսկեբերանը ձեռնադրուած է սարկաւագ, 386 թուականին՝ քահանայ եւ կարգուած՝ Անտիոքի գլխաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ: Յովհան Ոսկեբերանի քարոզները ակնառու են հռետորական բարձր արուեստով, հոգեբանական նուրբ թափանցումներով: Իր հոգեւոր քարոզներուն եւ պերճախօսութեան համար կոչուած է «Ոսկի բերան»՝ Ոսկեբերան:

Յովհան Ոսկեբերանը ծաւալած է նաեւ աղքատախնամ գործունէութիւն: Անտիոքի եկեղեցւոյ մէջ, անոր հոգածութեամբ, ամէն օր կերակրուած են շուրջ երեք հազար որբեր, այրիներ, բանտարկեալներ: Իր կամքին հակառակ ընտրուած է Կ. Պոլսոյ պատրիարք: Թէեւ ատիկա տեղի ունեցած է իր կամքին հակառակ, սակայն ան եռանդով ու նախանձախնդրութեամբ լծուած է քրիստոնէական կենցաղէն հեռացած եւ անբարոյ ու վէճերով լի կեանքով ապրող մայրաքաղաքի բնակչութեան բարքերուն ուղղման գործին: Իր հայրապետութեան տարիներուն Յովհան դարձի բերած է բազմաթիւ մոլորեալներ եւ աղանդաւորներ: Իբրեւ անաչառ հովիւ եւ Քրիստոսի նախանձախնդիր զինուոր՝ ան անարժան հոգեւորականները կը փոխարինէր արժանաւորներով:

Եկեղեցւոյ այս նշանաւոր հայրը իրեն բնորոշ ուղղամիտ համարձակութեամբ դատապարտած է հասարակութիւնը, մանաւանդ՝ արքունիքի յոռի բարքերը: Ամէն տեսակ անբարոյականութիւն կշտամբող Ոսկեբերանը իր վրայ հրաւիրած է Եւտոքսիա կայսրուհիին զայրոյթը: Սուրբ Հայրապետին դէմ դուրս կու գայ նաեւ Աղեքսանդրիոյ Թէոփիլոս պատրիարքը, որ կը ջանար Կ. Պոլսոյ պատրիարք դառնալ: Յովհան Ոսկեբերանին դէմ կազմուած է հակառակորդներու զօրեղ խումբ մը, որ ստոր միջոցներով անուանարկած է զայն ու տապալած:

403 թուականին Քաղկեդոնի մօտ Կաղնեաց ժողովը աթոռազրկած է Յովհան Ոսկեբերանը, աքսորած Բիւթանիա (Կ. Պոլսոյ մօտ): Մէկ օր անց, ժողովուրդին պահանջքով, հովուապետը վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ շարունակած նոյն խստութեամբ քննադատել արքունական զեխութիւնները: Հակառակ ժողովուրդին համակրանքին եւ Արեւմտեան եկեղեցւոյ պաշտպանութեան՝ Արկադիոս կայսրն ու Եւտոքսիա կայսրուհին կրկին զայն աքսորելու հրաման կ՚արձակեն: Ան կ՚աքսորուի Փոքր Հայքի Կոկիսոն քաղաքը. «առեալ տարան յանապատն Հայոց», ուր մնացած է երեք տարի: Այդ ընթացքին, ուխտաւորներու անընդմէջ կարգ մը գոյացած է Անտիոքէն դէպի Կոկիսոնի հայոց եկեղեցին: Տեսնելով Յովհան Ոսկեբերանի աճող հեղինակութիւնը, թշնամիները խնդրած են Արկադիոս կայսրէն, որ զայն աքսորէ մերձսեւծովեան Պիտիոս անմարդաբնակ վայրը: Յովհան Ոսկեբերան ենթարկուած է ծանր տաժանակրութեան. ցուրտ ձմրան, ճանապարհին մեծ մասը անցած է հետիոտն եւ Պոնտոսի Կոմանա քաղաքին քով, աքսորավայր չհասած, վախճանած է 438 թուականին: Յովհան Ոսկեբերանի մարմինը մեծ հանդիսաւորութեամբ տարած եւ ամփոփած են Կ. Պոլսոյ Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ:

Այսօր, իր մահէն դարեր ետք, տակաւին հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ իր կեանքը եւ մանաւանդ՝ ձգած մատենագիտական հարուստ ժառանգութիւնը, որ եղած է մեկնութիւններ, դաւանաբանական եւ հակաճառական գրուածքներ, ճառեր, քարոզներ, ներբողներ, թուղթեր եւ այլն: Այդ ժառանգութիւնը կարեւոր դեր կատարած է քրիստոնէական միտքի պատմութեան մէջ:

Յովհան Ոսկեբերանի երկերը իրենց բովանդակութեամբ ու ձեւով միջնադարուն եղած են հռետորական խօսքի ու ոճի, եկեղեցական պերճախօս ճառասացութեան դասական չափօրինակներ: Անոր անունով մեզի հասած են Հին եւ Նոր կտակարաններու քարոզ-մեկնութիւնները: Մեկնած է (386-388) Ծննդոցի 1-28 գլուխները, սաղմոսները, ուր անդրադարձած է առաքինութեան եւ մոլորութեան հարցերուն, ճշմարիտ աղօթքի կարեւորութեան, եկեղեցիներուն մէջ սաղմոսերգութեան կարգին, քահանայական պաշտօնի վեհութեան եւ այլ նիւթերու: Սաղմոսներու քարոզ-մեկնութիւններուն մէջ կան նաեւ արիոսականութեան (որ քրիստոնէական հերետիկոսական ուսմունք էր 4-րդ դարուն), հակաճառութիւններ, մանիքէութեան (որ կրկին կրօնափիլիսոփայական շեղած ուսմունք մըն էր), Պօղոս Սամոսատցիի մոլորութիւններուն դէմ մեկնութիւններ: Հին կտակարանէն ան մեկնած է նաեւ Եսայիի, Երեմիայի, Դանիէլի մարգարէութիւնները, Առակներուն եւ Յոբին գիրքերը, Ա. Թագաւորութենէն որոշ հատուածներ:

Նոր կտակարանէն Յովհան Ոսկեբերան մեկնած է բոլոր չորս Աւետարանները: Մեզի հասած են միայն հատուածներ Մատթէոսի (390) եւ Յովհաննէսի (391) աւետարաններէն: Մատթէոսի աւետարանը մեկնելով ան մերժած է մանիքէական աղանդաւորներու այն սխալ կարծիքը, թէ Հին եւ Նոր կտակարանները խորապէս կը տարբերին իրարմէ, ցոյց տուած է, որ Հին եւ Նոր կտակարաններուն Աստուածը նոյն օրէնսդիրն է: Մատթէոսի աւետարանի մեկնութեան կ՚ուղեկցի միւս աւետարաններէն համապատասխան մասերու համադրական բացատրութիւնը: Իւրաքանչիւր համարի բացատրութեան կը հետեւի յորդորակը: Յովհան Ոսկեբերանը ընդհանրապէս կարեւորութիւն տուած է Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրման անհրաժեշտութեան: Անոր մեկնողական վաստակին մեծագոյն մասը նուիրուած է Պօղոս առաքեալի կեանքին, գործունէութեան եւ թուղթերուն մեկնութեան: Պօղոս առաքեալի «Առ Հռովմայեցիս» թուղթին երեսուներկու ճառ-մեկնութիւնները կը նկատուին անոր նոյն թուղթին վրայ գրուած հայրաբանական մեկնութիւններուն ամենանշանաւոր եւ ամենագեղեցիկ գործը, իսկ քսաներեքերորդ ճառը՝ քրիստոնէական քաղաքական մտածողութեան ամենակուռ եւ փայլուն գրուածքը:

Մասնագէտներ նկատած են, որ Յովհան Ոսկեբերանի մեկնութիւնները շարադրուած են Անտիոքի աստուածաբանական դպրոցին յատուկ եղանակով եւ ընդհանրապէս առանձնակի են իրենց պատմաբանասիրական, լեզուաքերականական ուրոյն յատկանիշներով:

Հին կտակարանային մեկնութիւններուն մէջ Յովհան Ոսկեբերան Աստուածաշունչի յունարէն «Եօթանասնից» թարգմանութիւնը յաճախ համեմատած է այլ թարգմանութիւններու հետ, բացայայտած է մեկնաբանուող համարին իմաստային նրբերանգները: Պատմաբանասիրական մեկնաբանութեան այս եղանակը ան կիրառած է նաեւ Նոր կտակարանը բացատրելու միջոցին:

Առհասարակ, Յովհան Ոսկեբերանին կը վերագրուին բազում ճառեր, սակայն պարզ դարձած է, որ այդ վերագրուողներէն ոչ-բոլորն է, որ անոր գրիչին կը պատկանին: Ան դաւանական եւ հակաճառական բնոյթի ճառաշարք մը գրած է «Յաղագս անճառելի բնութեանն Աստուծոյ» նիւթով, ուր պաշտպանած է Աստուծոյ անճառելի, անըմբռնելի եւ անիմանալի բնութիւնը՝ ընդդէմ աղանդաւորներու բնապաշտական հակումներուն:

Նշանաւոր են իր քահանայական ծառայութեան վերաբերող ճառերը: Բարոյախօսական ճառերուն մէջ ան կը գովաբանէ ու կը բարձրացնէ ողորմածասիրութեան քրիստոնէական առաքինութիւնը՝ «Լաւ է տալն, քան զառնուլն» առաքելական սկզբունքով եւ ատոր համար ալ զայն կոչած են նաեւ «Սուրբ Յովհաննէս Ողորմած»: Ճարտասանական արուեստի ընտիր նմոյշ է Անտիոքի ժողովուրդին ուղղած «Յաղագս անդրիանդաց» ճառը: Գրած է նաեւ ներբողներ՝ նուիրուած Հին կտակարանի մեծ սուրբերուն, Անտիոքի եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրապետներուն:

Յովհան Ոսկեբերանի կեանքը եւ մատենագրական վաստակը, կարգ մը կողմերով, կապուած է հայ իրականութեան հետ: Անոր երկերուն մեծ մասը թարգմանած են հայ վարդապետները՝ հինգերորդ դարուն՝ Գիրերու գիւտէն եւ Աստուածաշունչի թարգմանութենէն անմիջապէս ետք: Թարգմանութիւններուն լեզուն եւ ոճը կը նկատուին դասական՝ իրենց յստակութեամբ, ճշգրտութեամբ ու գեղեցկութեամբ: Անոր գործերը հայերէնի թարգմանուած են իր կենդանութեան ընթացքին:

Այսօր, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի հին ձեռագրերու բաժինէն ներս կը պահուին անոր երկերուն ամբողջական կամ հատուածական բազում ձեռագիր թարգմանութիւնները: Առաջին տպագիր երկը՝ «Մեկնութիւն սրբոյ Աւետարանին՝ ըստ Յովհաննու» (1717), բաղկացած է ութսունեօթ ճառէ եւ յորդորակներէ, իւրաքանչիւր ճառ կը նկատուի «աստուածախօս» գիրք մը: Տպագրուած են Սուրբ Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչին նուիրուած «Ներբող եանք…»ը (1734), զորս Յովհան Ոսկեբերան գրած է աքսորավայրին մէջ, Կոկիոսի հայութեան խնդրանքով եւ արտասանած է բազմութեան առջեւ: Տպագրուած գործերուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի «Հատընտիր գիրք եւ ճառք եւ ներբողեանքը» (հ. 1-2, 1818):

Յովհան Ոսկեբերանի մատենագրական վաստակի հայերէն թարգմանուած եւ տպագրուած գործերուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ Մատթէոսի աւետարանի («Յաւետարանագիրն Մատթէոս», գիրք 1, 2, 1826) եւ Պօղոս առաքեալի թուղթերուն («Մեկնութիւն Թղթոցն Պաւղոսի», հ. 1, 2, 1862) մեկնութիւններու վենետիկեան հրատարակութիւնները: Միջազգային բանասիրութեան համար յոյժ կարեւոր է Եսայիի մարգարէութեան մեկնութեան (յունարէն բնագրին մեծ մասը կորսուած է) հայերէնի թարգմանությունը (հրատարակուած 1880-ին): Միայն հայերէնով պահպանուած են նաեւ Եզեկիէլի, Ամբակումի մարգարէութիւններուն, Մարկոսի, Ղուկասի աւետարաններուն, Կաթողիկէ թուղթերուն հատ-ւածական մեկնութիւնները, բազմաթիւ ճառեր: Մեզի հասած է Հայոց Կաթողիկոս Գրիգոր Բ. Վկայասէրի թարգմանութեամբ Յովհան Ոսկեբերանի վարքը, որ տպագրուած է 1751 թուականին Վենետիկի մէջ՝ «Պատմութիւն վարուց» խորագրով: Յովհան Ոսկեբերանի երկերուն հայերէն թարգմանութիւնները լայնօրէն գործածուած են հայ մեկնողական (Անանիա Սանահնեցիի, Սարգիս Կունդի, Գէորգ Սկեւռացիի, Վարդան Արեւելցիի խմբագիր մեկնութիւններ) դաւանաբանական գրականութեան մէջ:

Մօտ տասը տարի առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն լոյս տեսած է Յովհան Ոսկեբերանի հայերէն մեկնութիւններու եւ հայերէնի թարգմանութիւններու քննական բնագրերը՝ Երեւանի Մատենադարանին եւ Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանի ձեռագրերուն համաձայն:

Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

«ԽՈՀԵՄ ԵՂԻՐ ԵՒ ԸՆՏՐԷ ՉԱՓԱՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ»

Հարստութիւնը անշնորհակալ փախստական է, անհաշտ մարդասպան, ժայռ՝ ամէն կողմէ զառիթափ, ստորջրեայ քար, անընդմէջ ալեկոծուող ծով, մշտապէս հողմակոծուող անթիւ քամիներով, բռնապետ՝ կառավարող ծանրութեամբ եւ խստութեամբ, ամէն տեսակի բարբարոսէ աւելի դաժան տիրակալ, անհաշտ թշնամի, անխիղճ հակառակորդ՝ իր թշնամութիւնը երբեք չդադրեցնող անոնց հանդէպ, ովքեր կը տիրեն իրեն: Սակայն այսպէս չէ աղքատութիւնը, այլ հակառակն է:

Անիկա անվտանգ կայան մըն է, խաղաղ նաւահանգիստ, մշտական հանգստութիւն, ուրախութիւն՝ զերծ վտանգներէ, մաքուր հաճոյք, անխռով եւ անվրդով կեանք, անընկճելի բարենպաստութիւն, խոհեմութեան մայր, բազում սխալ արարքներ սանձահարող, տանջանքներու դիմակայութիւն, խոնարհամտութեան արմատ:

Ինչո՞ւ համար խնդրել, փախչիլ աղքատութենէ եւ վազել այն բանին ետեւէն, որ թշնամական է, մահացու է ու ամէն տեսակ գազանէ աւելի կատաղի: Այսպէս է արծաթսիրութիւնը, այսպէս է փողին հանդէպ մոլեգին կիրքը: Ինչո՞ւ համար միշտ մօտդ կը պահես քու մշտական թշնամիդ: Ինչո՞ւ կը զայրացնես գազանը, որ պէտք է սանձահարել եւ հնազանդեցնել:

Իսկ ինչպէ՞ս անիկա կարող է դառնալ ձեռնասուն: Ինչպէ՞ս այս գազանը կարող է դադրիլ գազան ըլլալէ: Ես կարող եմ փոխել զայն, եթէ դուք ցանկաք, քանզի այս է խօսքին ուժը: Ինչպէ՞ս ան կը փոխէ իր գազանութիւնը, ասոր համար պէտք է գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս ան կը դառնայ կատաղի: Ինչպէ՛ս առիւծը, վագրը եւ արջը, փակուած եւ բանտարկուած ըլլալով, ու ըլլալով մթութեան մէջ՝ կը դառնան կատաղի եւ սաստիկ կը չարանան, այսպէս ալ հարստութիւնը, եթէ զայն կը գոցես ու կը թաղես, կը դառնայ առիւծէն աւելի վայրագ եւ ամէն օր վախ կը յառաջացնէ, ու եթէ դուն զայն դուրս կը հանես խաւարէն եւ կը ցանես աղքատներուն մէջ, այս գազանը կը դառնայ ոչխար, դաւաճանը՝ պաշտպան, ստորջրեայ քարը՝ նաւահանգիստ, նաւաբեկութիւնը՝ խաղաղութիւն:

Նոյնը կարելի է տեսնել նաեւ նաւերուն պարագային, երբ բեռը չափէն աւելի ծանր կ՚ըլլայ, այն ատեն նաւը կը խորտակի, իսկ եթէ իր չափով է, ապա ան կ՚ընթանայ քամիին համընթաց: Նոյնը կ՚ըլլայ նաեւ մեր տուներուն մէջ, երբ դուն հարստութիւնը կարիքներէդ աւելի կը հաւաքես, այն ժամանակ քամիին փոքր ճնշումն ալ, այսինքն՝ իրավիճակներու յանկարծահաս հանգամանքներն ալ, կարող են խորտակել մեր նաւը:

Իսկ եթէ հաւաքես այնքան, որքան բաւարար է քու կարիքներուդ համար, այն ժամանակ, եթէ ուժեղ փոթորիկ ալ ըլլայ, դուն անխափան կը հասնիս նաւահանգիստդ: Մտածէ եւ ընտրէ չափաւոր կեանքը:

«ԱՂՕԹՔԻ ՊԱՀՈՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱՑԻՐ»

Ակունքին ջուրերը այդքան ծաղկուն չեն դարձներ այգին, ինչպէս արցունքին ակունքը, որ կ՚ոռոգէ աղօթքին ծառը. ան կը հասցնէ մեծագոյն բարձրութեան եւ աղօթողը կը կեցնէ Աստուծոյ առջեւ:

Ճիշդ ատկէ կախեալ է մեր ձայնին տեղ հասնիլը: Յիրաւի, ան, որուն մարմինը այն ժամանակ, երբ մեկնուած է գետնին եւ բերանը անիմաստօրէն կը բարբառէ, հոգին կը թափառի ամէնուր՝ տան, հրապարակներուն մէջ, ան կրնա՞յ ըսել, որ Աստուծոյ կ՚աղօթէ:

Աստուծոյ կ՚աղօթէ ան, որուն հոգին կատարելապէս կեդրոնացած է եւ ոչ մէկ ընդհանուր բան ունի երկրին հետ, այլ վերաբնակած է երկնքի մէջ եւ հոգիէն արտաքսած է մարդկային որեւէ դիտաւորութիւն: Աղօթողը պէտք է աղօթէ այնպէս, որպէսզի կեդրոնանալով եւ լարելով միտքը՝ տրտում հոգիով կանչէ զԱստուած՝ չբազմապատկելով բառերը եւ համառօտելով աղօթքը, այլ քիչ եւ պարզ բառերով աղօթէ, որովհետեւ ոչ թէ բառերուն շատութենէն, այլ հոգիի զգաստութենէն կախեալ է աղօթքին տեղ հասնիլը:

«ՏՈ՛ՒՐ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐԻՆ»

Ինչո՞ւ դուն՝ հարուստդ, ի զուր նեղութիւն կը քաշես քու պահեստներուդ մէջ պահ տալով աղքատներուն ունեցուածքը: Ինչո՞ւ կը դժգոհիս եւ երբ անոնք քեզմէ կը խնդրեն, կարծես թէ սեփականութիւնդ կը կորսնցնես: Անոնք կը խնդրեն Աստուծոյ պատկանողը եւ ոչ թէ քուկդ, կը փափաքին այն, ինչ որ յանուն անոնց քեզի վստահուած է եւ ոչ թէ քեզի հետ ծնած: Տո՛ւր այն, ինչ որ ստացած ես եւ գործածումէն շահոյթ կորզէ, քեզի բաւական է եւ այն, որ դուն տուող նշանակուած ես եւ ոչ՝ ստացող: Ինչո՞ւ քու գանձերդ հողին մէջ պահ կու տաս: Տո՛ւր, կ՚ըսէ իմ ձեռքս: Մի՞թէ հողին Տէրը քեզի պակաս արժանաւոր կը թուի, քան՝ հողը:

Կ՚ըսես՝ տուած եմ: Սակայն հարկ է, որ երբեք չդադրիս ատիկա ընելէ. միայն այն ժամանակ դուն արդարացում կ՚ունենաս, երբ ոչինչի տէր կ՚ըլլաս, երբ ոչինչ կ՚ունենաս, իսկ հիմա, քանի դեռ որեւէ բան ունիս, ապա թերեւս տալու ըլլաս հազարաւոր մարդոց, բայց տակաւին կը մնան ուրիշ ցանկացողներ, դուն ոչ մէկ արդարացում ունիս:

Ուրեմն, թող ո՛չ հարուստը մեծարուի այն բանով, որ շատ կու տայ, եւ ո՛չ ալ աղքատը վհատի, որ կարծես թէ քիչ կու տայ, որովհետեւ վերջինը յաճախ շատ կու տայ առաջինէն:

Շատը եւ քիչը կ՚որոշուի ոչ թէ ողորմութեան չափով, այլ ողորմողին ունեցուածքին չափով: Կերակրելով հացկատակները եւ շողոքորթները՝ դուն այնպէս մը կը հրճուիս, կարծես թէ ինչպիսի՜ աղբիւրներ կը մսխես, իսկ երբ աղքատ մէկը կը տեսնես, իսկոյն կը պատուիս աղքատ դառնալու սարսափով:

Տո՛ւր կարիքաւորին եւ մի՛ տար պարողին, որպէսզի քու տուած դրամին հետ չփճացնես նաեւ անոր հոգին, որովհետեւ դուն անոր կործանման յանցաւորն ես քու անտեղի շռայլութեանդ պատճառով: Չէ՞ որ, եթէ պարողները գիտնային, որ իրենց արհեստը անշահաւէտ է, վաղուց կը դադրէին ատով զբաղելէ:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս