image
Հրատապ լուրեր:

Ո՞վ է Անտոնինա Մահարին

Ո՞վ  է  Անտոնինա   Մահարին

Երեւանի մէջ վերջերս իր մահկանացուն կնքեց Սթալինի բռնաճնշման եւ աքսորին ենթարկուած գրեթէ վերջին հայաստանաբնակ գրողը՝ արձակագիր Անթոնինա Մահարին՝ անմահանուն Գուրգէն Մահարիի կողակիցը:  Մահացաւ ծայր աստիճան աղքատութեան ու կարիքաւոր վիճակի մէջ եւ գնաց միանալու իր այնքան սիրած ամուսինին՝ Գուրգէն խանին եւ մեր միւս մեծերուն, որոնց հետ կ՚առընչուէր Մահարիներու ընտանիքը իր լաւագոյն օրերուն:

Անոր մահը՝ հոկտեմբերի 3-ին, գրեթէ համընկնեցաւ Շարլ Ազնաւուրի մահուան օրերուն եւ մեր հասարակութեան համար աննկատ մնաց 94-ամեայ գրողին մահը: Թէեւ յանուն արդարութեան պէտք է ըսել, որ Անտոնինան լքուած էր նաեւ իր կենդանութեան ժամանակ։ Միայն հատուկենտ մարդիկ կը յիշէին մենութեան մէջ ապրող այդ կինը եւ երբեմն-երբեմն կ՚այցելէին անոր խարխլած բնակարանը, ուր Անտոնինա կը բնակէր իր գիրքերուն եւ յուշերու աշխարհին մէջ՝ մինչեւ կեանքին վերջը հաւատարիմ մնալով ամէն ինչին, որ կը պատկանէր իր ամուսինին՝ հայ նշանաւոր գրող Գուրգէն Մահարիին: Ան նոյնիսկ չէ համաձայնած փոխել իր տան խարխլած դուռը. այդ հին, փայտեայ դուռը նոյնիսկ իրեն համար անփոխարինելի արժէք ունէր, քանի որ Մահարին եւ մեր միւս մեծերը բացած եւ գոցած էին զայն… Տան դրան վրայ մինչեւ վերջ մնաց գրութիւն մը՝ Գուրգէն Մահարի… Նախկինին ճերմակ այդ դուռը, փոշիի եւ հնութեան շերտին տակ, մոխրագոյնի վերածուած  էր: Անտոնինա կ՚ըսէր, որ այդ դուռը առասպելական է, քանի որ հայ դասականները թակած են զայն եւ հոնկէ ներս մտած:

Առիթ եղած է այցելելու Երեւանի Կասեան փողոցի վրայ գտնուող քարէ հին շէնքը, ուր կը բնակէր Անտոնինա Մահարի: Այդ շէնքին բնակարանները խորհրդային կառավարութեան ժամանակ յատկացուած են մտաւորականներուն, գրողներուն:  Վերջին տարիներուն մտաւորականներէն գրեթէ մէկը չէր մնացած շէնքին մէջ, կամ վաճառած էին բնակարանը կամ ալ կեանքէն հեռացած… Անտոնինան այդ շէնքին մէջ ունէր հին դրացի մը, որ երբեմն կ՚այցելէր, կ՚օգնէր որոշ կենցաղային հարցերու մէջ, կը հարցնէր որպիսութիւնը։ 

Երբեմն նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութենէն կ՚այցելէին անոր, բայց Անտոնինայի հիմնական այցելուները՝ տարին քանի մը անգամ, լրագրողներն էին, որոնք սրտառուչ նիւթեր կը պատրաստէին այն մասին, թէ ինչպիսի՛ ծանր պայմաններու եւ թշուառութեան մէջ կը բնակի խորհրդային մտաւորականութեան վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը, որ տեսած է աքսոր, բռնաճնշում, հազարումէկ տեսակ զրկանքներ, բայց տակաւին հպարտ է, անզիջում, երբեք չէ քծնած իշխանութիւններուն եւ ամէն գնով կը պահէ Գուրգէն Մահարիի յիշատակը:

Անտոնինան տան հիւրասենեակը վերածած էր Գուրգէն Մահարիի (բուն անունով՝ Գուրգէն Աճէմեանի) թանգարանին, կը ցուցադրէր գիրքեր, իրեր, մասունքներ, լուսանկարներ: Պատին վրայ կային լուսանկարները Մահարիի ժամանակակից գրողներու եւ արուեստագէտներու, որոնց հետ կապ ունեցած են: Սենեակին մէջ շատ հինցած տախտակէ կահոյք մը կար, վրան՝ դարը անցած նուագարկիչ մը, որ ձեռագործ հին կտորով մը գոցուած էր… Այցելուներուն ան կը պատմէր թանգարանի բոլոր իրերուն մասին։ Ան կը բնակէր այդ թանգարանին մէջ, ուր ո՛չ միայն Մահարիի, այլեւ կեանքէն  հեռացած անոնց երկու երեխաներուն լուսանկարներն ու յիշատակները կային: Սեղանին վրայ դրուած կ՚ըլլային հատուկենտ քաղցրեղէններ, որոնք հաւանաբար հիւր գացողները կը տանէին իրենց հետ… Անտոնինան ոչինչի կը սպասէր: Ան միայն տաքութիւն կ՚ուզէր իր տան մէջ, որպէսզի ձեռքերը չսառէին եւ կարենար գրել: Իսկ վերջին տարիներուն արդէն հիւանդութեան, ծերութեան եւ տեսողութեան տկարացման պատճառով չէր գրեր…

Յիրաւի, ծանր կեանք մը ապրած է զարմանալի այս կինը: Փոքրամարմին կազմը-ւածքը եւ կնճիռներով պատուած անոր տխուր դէմքը հեռաւոր աղերս մը ունէր լուսանկարներէն նայող երկարավարս գեղեցկուհիին հետ…  Ան ազգութեամբ լիթվացի է, ծնած է Լիթվիայի մայրաքաղաքը՝  Վիլնիուսի մէջ. ուսանած է  տեղւոյն համալսարանի իրաւաբանական բաժինը եւ եղած է Լիթվիայի համար պայքարող ընդյատակեայ կազմակերպութեան անդամ: Իր գործունէութեան պատճառաւ հետապնդուած է, բանտ նետուած եւ սթալինեան աքսորի ճամբով ղրկուած է Սիպիրիա: Սիպիրիոյ մէջ երիտասարդ Անտոնինան հանդիպած է Գուրգէն Մահարիին, որ նոյնպէս աքսորական գրող մըն էր՝ Երեւանէն Սիպիրիա աքսորուած էր անհիմն մեղադրանքներով, որոնք ուղղուած էին անոր ստեղծագործութիւններուն, որոնց մէջ, արեւմտահայ ծագումով գրողը, հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին մասին գրած է:

Մինչեւ իր առաջին աքսորը՝ 1936 թուականը, Մահարին Վանէն  Հայաստան գաղթած, Էջմիածնի, Դիլիջանի եւ Երեւանի որբանոցներու ճամբով անցած, այնուհետեւ համալսարանը աւարտած եւ ամուսնացած էր հայուհիի մը հետ: Կը գրէր, ստեղծագործութիւնները կը տպագրուէին, սակայն Գուրգէն Մահարիի գրական գործունէութիւնը 1936 թուականին կ՚ընդհատուի աքսորի պատճառով: Սիպիրիոյ կալանավայրերուն մէջ  շուրջ ինն տարի անցընելէ ետք Մահարի Երեւան կը վերադառնայ 1947 թուականին, երբ իր ազգականները չկային արդէն, իսկ կինը լքած էր զինք…  Բանտային աքսորէ վերադառնալէ 444 օր ետք՝ 1949 թուականին, Գուրգէն Մահարի կրկին կ՚աքսորուի  Սիպիրիա, բայց այս անգամ իբրեւ ազատ աքսորեալ, անոր կ՚արտօնուի կարդալ ու գրել։ Սիպիրիոյ մէջ կ՚աշխատի իբրեւ խոզապահ եւ միաժամանակ կը գրէ «Երիտասարդութեան սեմին» վիպակը։ Այս տարիներուն է, որ Գուրգէն Մահարի կը հանդիպի լիթվուհի Անտոնինա Փովիլայտիտէին: Անոնք կ՚ամուսնանան 1952 թուականին, կ՚ունենան որդի մը եւ դուստր մը: Դուստրը՝ մանուկ, իսկ որդին երիտասարդ հասակին կը մահանան հիւանդութենէ, ա՛լ աւելի դառնացնելով Մահարի ամուսիններուն կեանքը: 1954 թուականին Գուրգէն Մահարի  իր կնոջ եւ ուրիշ աքսորուած հայ գրողներու հետ կ՚արդարացուի ու կը վերադառնայ Երեւան, ուր կը բնակի եւ կը ստեղծագործէ: Կը թուի, թէ Սթալինի մահը, իրենց ազատագրումը, հայրենիքը, նոր կարգերը կը փարատեն վիշտը եւ ան իր կնոջ հետ կը զբաղի մտաւորական աշխատանքով:  

Վերադառնալէ ետք Մահարի կը գրէ իր նշանաւոր ստեղծագործութիւնները՝ «Ծաղկած փշալարեր» կենսագրական վիպակը, որ հրատարակուած է գրողին մահէն ետք, նախ՝ Պէյրութ, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նաիրի» շաբաթաթերթին մէջ, ապա՝ զատ գիրքով կրկին Պէյրութ 1986-ին, այնուհետեւ՝ Երեւանի մէջ՝ 1988-ին: Խորհրդային տարիներուն Գուրգէն Մահարի գրած է նաեւ «Այրուող այգեստաններ» վէպը (1966)։ 1959 թուականին լոյս տեսած են Մահարիի «Հնձաններ» բանաստեղծութիւններու (1962) եւ «Լռութեան ձայնը» պատմուածքներու ժողովածոները։ Մահարին գրած է նաեւ «Մարդը՝ մարդուն...», Կոմիտասին նուիրուած՝ «Երգ մահու եւ անմահութեան» թատրերգութիւնները, «Չարենց նամէ» (1968), «Այս հմուտ, հանճարեղ լոռեցին» (1971), «Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ» (1960), «Արծիւ Նաիրի» եւ այլ գիրքեր, որոնց մէկ մասը իր կենդանութեան լոյս տեսած են եւ գրողին ողջ ստեղծագործական գործունէութեան ընթացքին իր կողքին կանգնած է աննկուն Անտոնինան: Գուրգէն Մահարիի  կեանքին վերջին տարիները խաղաղ չեն անցած: «Այրուող այգեստաններ» վէպը  լոյս տեսնելէ ետք Մահարի բախումի մէջ կը մտնէ վէպը կարդացող վանեցիներուն հետ, որոնք գրողը կը մեղադրէին Վանն ու վանեցիները ծաղրելուն համար: Այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ Մահարին սուր քննադատութեան ենթարկեն նաեւ գրողները, որոնք արդէն հաշտ չէին անոր գործունէութեան եւ ունեցած յաջողութիւններուն հետ: Մահարին  հոգեկան ծանր ապրումներ կ՚ունենայ, մինչ այդ՝ որբանոցներու, աքսորավայրերու մէջ քայքայուած էր արդէն անոր առողջութիւնը: Ընտանեական վիշտերն ալ մէկ կողմէն խոցած էին գրողը եւ Գուրգէն Մահարի ծանրօրէն կը հիւանդանայ: Քանի անգամ ան փորձած է ինքզինքը նետել պատշգամէն եւ հոգեկան այդ անկայունութեան վիճակէն գրողը ազատած է Անտոնինան:  Բուժման համար զայն կը տեղափոխեն կնոջ՝ Անտոնինայի հայրենիքը, Լիթվիայի Փալանկա առողջարանական քաղաքը, ուր Գուրգէն Մահարի կը կնքէ իր մահկանացուն՝ 1969 թուականին, 66 տարեկանին:

Անտոնինան առանձին կը մնայ Հայաստանի մէջ։ Ան երբեք մտադիր չէր լքել Մահարիի տունը եւ տեղափոխուիլ իր հայրենիքը՝ Լիթվիա, ուր կ՚արդարացնէին Սթալինի բռնաճնշումներուն ենթարկուածները, առանձնակի հոգածութիւն կը ցուցաբերէին անոնց հանդէպ:  Ան Մահարիի յիշատակը կը նախընտրէ ապրիլ իր հայրենիքին մէջ, հարազատներուն քով ու կը մնայ… Այդ մէկը խնդրած էր նաեւ Գուրգէն Մահարին մահէն առաջ ըսելով. «Անտոնինա, խնդրանք մը ունիմ. մի՛ լքեր Հայաստանը, որպէսզի ոմանք չխեղաթիւրեն պատմութիւնը: Դուն միակ մարդն ես, որ իմ մասին ճշմարտութիւնը գիտէ ու դուն պէտք է գրես»:

Անտոնինան Հայաստանը նոյնպէս կը համարէր իր հայրենիքը:  Կը գրէ գիրքեր, թարգմանութիւններ կը կատարէ: Անտոնինայի գրած սիպիրիական յուշերուն առաջին էջերը նոյնպէս Պէյրութ տպագրուած են, 1970 թուականին «Նաիրի» հանդէսին մէջ։  Ընդհանուր առմամբ մօտ չորս գիրք տպագրած է Անտոնինան, որոնցմէ «Իմ ոդիսականը» նաեւ Անթիլիասի մէջ տպագրուած է: «Յուշեր», «Յուշեր եւ պատմուածքներ», «Հին ամրոցի գաղտնիքը» գիրքերը նոյնպէս Մահարիի եւ իր ապրած կեանքին մասին են:   Ունէր բազում անտիպ էջեր, յուշեր, վկայութիւններ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, որոնց տպագրութեան յոյսը չէր կորսնցուցած մինչեւ կեանքին վերջը…

Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ էր Անտոնինա Մահարի: Միութիւնը երբեմն կը հոգար անոր բնակարանի ջեռուցման հարցը՝ ցուրտ ձմեռներուն, բայց այդ բնակարանը, ուր կը բնակէր լիթվացի արձակագիրը, կարծես երբեք չէր տաքնար՝ խոնաւութենէն յատակի տախտակները ելած էին, անոնց տակի հողը կ՚երեւէր, պատերը բորբոսած էին, հին, ներկը թափած պատուհանը հազիւ կը գոցուէր,  իսկ ապրելու տարրական պայմանները կը բացակայէին: Անտոնինան կը նստէր բազմոցին վրայ՝ ցուրտ օրերուն փաթթուած տաք ծածկոցներով, գլխուն՝ գլխարկ, ձեռքերուն՝ ձեռնոցներ… Սեւ ակնոց կը գործածէր տան մէջ,  իր մայրենիէն բացի ֆրանսերէնի, ռուսերէնի լաւ իմացութիւն ունէր, ինչ որ առանձնակի ընդգծում մըն էր անոր մտաւորական կերպարին: 

Քսաներկու տարեկանին քաղաքական բանտարկեալ դարձած Անտոնինան ուղղակի դժոխքի ճամբով անցած է, բայց երբեք չէ ընկճուած. անոր կեանքը համայնագիտարան մըն է ցաւի, վիշտի, հալածանքի, անձնական դժբախութեան, աղքատութեան, բայց եւ՝ երազով ապրելու եւ երբեք չընկճուելու: Իր ամբողջ կեանքի պատմութիւնը Անտոնինա Մահարի շարադրած է իր գիրքերուն մէջ, որոնցմէ մանաւանդ «Իմ ոդիսականը» հատորը  մանրամասնօրէն կը նկարագրէ այն ամբողջ տառապանքը, որ այս կինը քսաներկու տարեկանին կրած է: Մինչեւ աքսորուիլը Վիլնիուսի մէջ ապրած է պատերազմի դաժան օրեր, բայց իր բազում հայրենակիցներուն հետ կը հաւատար, որ պատերազմը պիտի աւարտի եւ իր հայրենիքը՝ չքնաղ Լիթվիան, նոյնպէս պիտի վայելէ յաղթանակի պտուղները:

Լիթվիան, որ ուղղակի Բ. Աշխարհամարտի մարտադաշտի կեդրոնը յայտնուած էր, մէյ մը գերմանացիներու, մէյ մը ռուսերու տիրապետութեան տակ կ՚անցնէր: 1944-ին գերմանացիներէն ետք Լիթվիան կը գրաւեն ռուսերը: Կը սկսին լիթվացիներուն զանգուածային ձերբակալութիւնները, աքսորներն ու մահապատիժները: Վիլնիուսի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժնի ուսանողուհի Անտոնինա Փովիլայտիտէ, բազմաթիւ  երիտասարդներու հետ, կ՚անդամակցի  «Անկախ Լիթվիայի համար» ընդյատակեայ կազմակերպութեան: Շատերուն հետ կը ձերբակալուի եւ կը մեղադրուի «հակախորհրդային քարոզչութեան», «ազգայնականութեան», «ազգամոլութեան» համար: Վիլնիուսի բանտին մէջ ան շատ բան տեսած է, սակայն միշտ կ՚ըսէր, որ իր կեանքի ոչ մէկ դաժան պահուն ընկճուած եւ ուզած է հեռանալ կեանքէն: Վիլնիուսէն զայն ղրկած են Ռուսաստանի բանտերէն մին: Ամբողջ ճանապարհին հիւծած եւ թուլցած էր, ան ծեր ու հաշմանդամ բանտարկեալներուն հետ ուրիշ գնացքով մը ղրկած են Սիպիրիա, իբր աւելի լաւ վայր: Այստեղ՝ մահացող հիւանդներուն հիւանդասենեակին մէջ ան հանդիպած է Մահարիին եւ ուղղակի կեան-քի վերադարձուցած է մահուան միտքին հետ հաշտուած գրողը: Ամէն օր Անտոնինան մտած է Գուրգէն Մահարիի սենեակը եւ սուտ մը ստեղծելով մխիթարած, որ բը-ժիշկները յայտնած են, թէ ան արդէն կազդուրուած է եւ ոտքի պիտի ելլէ: Այդպէս ան ոտքի հանած է Մահարին: Սիպիրիոյ դաժան բանտերը այնպիսի վայրեր էին, ուրկէ քիչեր վերադարձած են: Երբ Անտոնինան կը յիշէր այդ տարիները, վստահ էր, որ իր ունեցած հրաշալի եւ ամուր մանկութեան պատճառով է, որ ինք դիմացած էր այդ տարիներուն: 

Իսկ Գուրգէն Մահարիի մասին կ՚ըսէր, որ մանկութիւն չէ ունեցած՝ գաղթ տեսած է եւ աղքատութիւն, այդ պատճառով ալ չդիմացաւ կեանքի հարուածներուն:

Մահարիներու ընտանիքը ամրան կ՚երթար Լիթվիա, որ հրաշալի բնութիւն ունէր եւ գեղեցիկ քաղաքներ: Երբ Անտոնինան ձերբակալուելէ եւ ազատելէ ետք առաջին անգամ Լիթվիա գացած է, չէ գտած իր հարազատները, չկային ո՛չ ծնողքը, ո՛չ միակ եղբայրը եւ ոչ ոք լուր ունէր այդ ընտանիքէն… Թերեւս անոնք ալ զոհ գացած էին սթալինեան աքսորին, կամ՝ արտասահման փախած էին… Խոր-հըրդային եւ գերմանական զօրքերը հերթաբար խառնած էին այդ երկիրը, մարդիկ դեսուդեն նետուած էին… Մինչեւ իր կեանքին վերջը Անտոնինան լուր չունեցաւ իր հարազատներէն:

Անտոնինան միշտ վստահ եղած է, որ իր ամուսինը՝ Մահարին տակաւին երկար կ՚ապրէր, եթէ չըլլար «Այրուող այգեստաններ» վէպին հետ կապուած պատմութիւնը: Վէպին մէջ գրողը կը նկարագրէր իր հայրենի Վան քաղաքը, 1915-ի դէպքերը: Մահարին պատմական իրականութիւնը ընկալելու իր սեփական տեսակէտը ունէր եւ վէպին մէջ կը քննարկէր, թէ ինչո՛ւ ինկաւ Վանը: Անոր մօտեցումը սուրերով ընդունած են թէ՛ վանեցիները, թէ որոշ մտաւորականներ: Մահարին  ծանր տարաւ այդ անհանդուրժողականութիւնը՝ տեսնելով, թէ ինչպէս իր պատուհանին տակ կ՚այրէին գիրքը, ինչպէս անծանօթներ կու գային եւ կը թքնէին դրան վրայ գրուած իր անունին վրայ, կը սպառնային, անանուն նամակներ կը նետէին փոստարկղին մէջ, ըսելով, որ կը սպաննեն զինք… Հալածած են նաեւ Անտոնինան, վիրաւորած են փողոցը քալելու ժամանակ, բայց կինը  չէ ընկճուած եւ պատասխանած է բոլոր հարուածներուն:

Իրեն այցելող լրագրողներէն Անտոնինան միշտ կը խնդրէր թշուառ չներկայացնել իր վիճակը, քանի որ ինքզինքը երբեք աղքատ չէ նկատած… Նոյնիսկ զրկանքներու մէջ ան կը մտածէր հոգեւորի, գրականութեան, գիրքերու, անցեալի գեղեցիկ յուշերու մասին եւ այդպէս ալ մահացաւ մենութեան մէջ՝ հայաստանցի դարձած լիթվացի գրողը… Զայն Գրողներու միութեան միջոցներով յուղարկաւորած են Երրորդ գիւղի գերեզմանատան մէջ՝ տարիներ առաջ մահացած որդիին քով: Գուրգէն Մահարին յուղարկաւորուած է Երեւանի քաղաքային պանթէոնը:

 Այս տարի լրացաւ Գուրգէն Մահարիի 115-ամեակը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ