image

Կուսակցութիւններ եւ գիւղացիներ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, 1918-1920. Տեսանիւթ

Կուսակցութիւններ եւ գիւղացիներ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, 1918-1920. Տեսանիւթ

1918-1920 թուականներու Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան պատմագրութիւնը լայնօրէն զբաղած է պետականութեան կերտումի հարցերով, անոր մեծ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններով եւ դրացի երկիրներու հետ տարածքային վէճերով։ Այս խնդիրներուն կարեւորութիւնը պէտք չէ ստորագնահատել, քանի որ անոնք մաս կը կազմեն մեր ըմբռնումներուն Հարաւային Կովկասի (Անդրկովկաս) ազգային պետութիւններու ծագումին, ցարդ շարունակուող աշխարհաքաղաքական վէճերու արմատներուն, եւ 1917-ի ռուսական յեղափոխութիւններու շրջանային ազդեցութեան վերաբերեալ։ Այսուհանդերձ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը նաեւ ժառանգեց անմիջական ուշադրութեան պէտք ունեցող ներքին սուր տագնապ մը՝ հողային հարցը, որ ցարդ յարաբերական անտեսումի ենթարկուած է։ Սակայն, այս տագնապին հանդէպ 1918-1920-ին գործող զանազան քաղաքական խմբաւորումներուն մօտեցումները արժէքաւոր լոյս կը սփռեն անոնց գաղափարական միտումներուն վրայ։ Խնդրին կարեւորութիւնը կը մեծնայ երբ հաշուի առնուի, որ այդ ժամանակ գիւղացիները Արեւելեան Հայաստանի բնակչութեան մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը կը կազմէին։

Այս դասախօսութեան ընթացքին, Տոքթ. Արա Սանճեան նկարագրեց Անդրկովկասի մէջ հողային յարաբերութիւններու բարեկարգումի մասին քննարկումները Փետրուար 1917-էն մինչեւ Մայիս 1918, ինչպէս եւ անոնց յաջորդած վէճերն ու Հայաստանի կառավարութեան գործունէութիւնը Մայիս 1918-էն մինչեւ 1920-ի աշունը։ Տոքթ. Սանճեան՝ Միշիկընի Համալսարան-Տիրպորնի պատմութեան դասախօս, անոր Հայկական Հետազօտութիւններու Կեդրոնի տնօրէնն է։ Այս դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, Երկուշաբթի, 21 մայիս 2018-ին, կազմակերպութեամբ Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիրի տնօրէն Տոքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեանի կողմէ եւ ատենավարութեամբ Ռաֆայէլ Կրէկորեանի։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստեղծուած էր Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ցնցումներուն առընթեր։ Հետագային անկախ Հայաստանին մաս կազմած տարածքները պատերազմի ժամանակ սուր տնտեսական տագնապի ենթարկուած էին, ներառեալ՝ մշակուած հողի տարածութեան, երկրագործական արտադրութեան ու ընտանի անասուններու թիւի նուազումը, ինչպէս եւ աճող ընկերային անարդարութիւնը։ Պէտք չէ անտեսել նաեւ Մեծ Եղեռնի վերապրողներու հսկայ թիւը, ներառեալ` հազարաւոր որբեր, որոնք հասած էին Անդրկովկաս, որ այդ ժամանակ ցարական Ռուսիոյ մաս կը կազմէր։

1917-ին Անդրկովկասի մէջ գործող կուսակցութիւնները ազատական-ժողովրդավար ու ընկերվարական գաղափարախօսութիւններու լայն շրջանակի մը կը պատկանէին։ Ռուսիոյ Փետրուարեան Յեղափոխութիւնը ողջունուեցաւ երկրամասին մէջ գործող բոլոր հայկական կուսակցութիւններուն կողմէ, որոնք ինքնակամ ենթարկուեցան Փեթրոկրատի մէջ նոր ժամանակաւոր կառավարութեան եւ Անդրկվկասի Յատուկ Կոմիտէին (Օզակոմ), որ ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ նշանակուած էր շրջանը վարելու համար, բայց առանց օրէնսդիր իրաւասութեան։ Ժամանակաւոր կառավարութիւնը կայսրութեան տարածքին հողային հարցին լուծումը վերապահեց յառաջիկայ Սահմանադիր Ժողովին։ Մինչ այդ, անիկա ստեղծեց Գլխաւոր Հողային Կոմիտէն՝ բնակչութեան կարիքներուն մասին տեղեկութիւն հաւաքելու եւ հողային վէճերու լուծումի օրէնքի մը նախագիծը պատրաստելու համար։

Անդրկովկասի կուսակցութիւնները հողային հարցի երեք տարբեր լուծում կ’առաջադրէին. քաղաքապետացում (մունիցիպալիզացիա), ազգայնացում (նացիոնալիզացիա) եւ համայնացում (սոցիալիզացիա)։ Քաղաքապետացումի կողմնակից սոցիալ-դեմոկրատ մենշեւիկները եւ սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեանները կը պաշտպանէին հողի ու գոյքի պետականացումը, որոնք այնուհետեւ պիտի դրուէին տեղական քաղաքապետութիւններու վարչութեան տակ։ Անոնք կը կարծէին, որ գիւղական բնակչութիւնը քաղաքապետական կեդրոններէ ուղղորդուելու կարիք ունէր։ Ասիկա ամէնէն ժողովրդական ընտրանքն էր անդրկովկասեան մակարդակի վրայ, բայց երբեք լիովին չգործադրուեցաւ։ Սոցիալ-դեմոկրատ բոլշեւիկները ազգայնացումի ջատագով էին, այսինքն՝ կը նախընտրէին տեղական գործերու կառավարումը կեդրոնական իշխանութեան մը կողմէ։ Վերջապէս, համայնացումի կողմնակիցները, ինչպէս սոցիալիստ յեղափոխականները եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, կը ձգտէին աւելի ուժ տալու գիւղական համայնքներուն՝ տեղական խնդիրները վարելու, հաւատալով, որ քաղաքապետացումը եւ ուղղակի ազգայնացումը ուռճացած դիւանակալութեան մը պիտի առաջնորդէին։ Հ.Յ.Դ.ի 1907-ի ծրագիրը ընդգրկած էր հողի համայնացման սկզբունքը։

Քանի որ հողի համայնացումը նախասիրած այլընտրանքն էր հայկական ամէնէն ազդեցիկ կուսակցութեան, որ հետագային անկախ հանրապետութիւնը վարեց, Տոքթ. Սանճեան այս քաղաքականութեան անդրադարձաւ աւելի հանգամանալից կերպով։ Առաջին հերթին, այդ քաղաքականութիւնը կը ջանար վերացնել հողի մասնաւոր սեփականութիւնը, արգիլել հողի վաճառքը եւ բռնագրաւել պետութեան, եկեղեցիին կամ մեծահարուստ անհատներու պատկանող հողային մեծ կալուածները եւ բռնագրաւուած հողը բաշխել գիւղացիութեան միջեւ։ Այս բռնագրաւումներով ստեղծուելիք «հողային ֆոնտ»ը պիտի կարգաւորուէր գիւղական համայնքներուն կողմէ, իսկ իւրաքանչիւր ընտանիք այնքան հող պիտի ստանար, որքան որ կրնար մշակել ինքնաբաւ կերպով։ Յատուկ շեշտ կը դրուէր հողի հաւասար բաշխումին վրայ. եթէ որոշ շրջաններ հողային աւելի մեծ պաշարներ ունէին, քան ուրիշներ, իշխանութիւնները յատուկ տուրքեր պիտի հաստատէին եւ կամ ժամանակ առ ժամանակ հողը պիտի վերաբաշխէին՝ յատկացումներու հաւասարութիւն մը պահելու համար։

Հ.Յ.Դ.ի եւ այլ ընկերվարական կուսակցութիւններու կողքին, 1917-ին ծնունդ առաւ նաեւ անոնց հետ տարակարծիք Հայ Ժողովրդական Կուսակցութիւնը։ Այս կուսակցութեան ղեկավարը Միքայէլ Բաբաջանեանն էր ու անիկա Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան արեւելահայ համարժէքն էր։ Ռամկավարներուն պէս, Ժողովրդական Կուսակցութիւնը կողմնակից էր հողի մասնաւոր սեփականութեան եւ պետական սահմանափակ միջամտութեան տնտեսութեան մէջ։ Այսուհանդերձ, անիկա որոշ զիջումներ ըրաւ Անդրկովկասի մէջ այդ օրերուն գերակշռող ընկերվարական մթնոլորտին։ Ժողովրդականները հակառակ չէին պետական ու անհատական կալուածներու, ինչպէս եւ այլ մասնաւոր մեծ հողատարածքներու բռնագրաւումին։ Անոնք կառավարութեան կոչ կ’ուղղէին այս աւելորդ հողատարածքները  «արդար» եւ ո՛չ թէ շուկայական գիներով ձեռք բերելու եւ այնուհետեւ զանոնք գիւղացիներուն բաշխելու։ Ինչ կը վերաբերի Հայ Եկեղեցւոյ պատկանող կալուածներուն, ժողովրդականները` Եկեղեցւոյն աջակցելով, անոնց բռնագրաւումին կ’ընդդիմանային։ Ժողովրդականները կ’ընդունէին այն փաստարկը, որ Եկեղեցին այդ հողերու եկամուտը կրթական եւ այլ բարեսիրական նպատակներով կ’օգտագործէր։

Հողային հարցի զուտ տնտեսական երեսակէն զատ, ազգութիւններու տեղաբաշխումի խառն ըլլալու խնդիրը Անդրկովկասի տեղական իշխանութիւնները ուրիշ մարտահրաւէրի մը առջեւ կը դնէր 1917-ին։ Հայկական կուսակցութիւնները կը ձգտէին հողի բաշխումը այնպիսի ձեւով գործի դնել Անդրկովկասի մէջ, որ անջատ, էթնիկապէս համասեռ ու ինքնակառավարուող շրջաններ ստեղծուէին հայերու, վրացիներու եւ թաթարներու համար։ Այլ խօսքով՝ հողաբաշխումը նաեւ ազգայնական գաղափարախօսութեամբ տոգորուած էր։ Այս մօտեցումը, սակայն, չգործնականացաւ՝ կարգ մը շրջաններու պատմականօրէն խառն բնակչութիւն ունենալու հետեւանքով։

Ռուսիոյ մէջ Հոկտեմբերեան Յեղափոխութենէն ետք, Անդրկովկասի քաղաքական կուսակցութիւնները բոլշեւիկեան իշխանութիւնը մերժեցին։ Ռուսիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորումը առիթ եղաւ, որ անդրկովկասեան կուսակցութիւնները Փեթրոկրատի եւ Մոսկուայի տիրապետութենէն քիչ թէ շատ անկախ գործէին եւ Օզակոմը փոխարինէին Անդրկովկասեան Կոմիսարիատով, որ իբրեւ ժամանակաւոր շրջանային վարչութիւն միայն երեք ամիս գործեց՝ մինչեւ Փետրուար 1918։ 16 Դեկտեմբեր 1917-ին, ան օրէնք մը հաստատեց, որ կը կարգաւորէր բոլոր աւելորդ, մասնաւոր հողատարածքներուն փոխանցումը նորահաստատ Հողային Կոմիտէներուն՝ քաղաքապետացումի սկզբունքի հիմամբ։

Համառուսիական Սահմանադիր Ժողովը, որուն պատգամաւորները ընտրուեցան նոյն ժամանակամիջոցին, անդրկովկասեան կուսակցութիւններէն 36 ներկայացուցիչ ունէր (մենշեւիկներ՝ 11, Մուսաւաթ՝ 10, Հ.Յ.Դ.՝ 9, սոցիալիստ յեղափոխականներ՝ 2, բոլշեւիկներ՝ 1, եւ այլն)։ Սակայն, երբ բոլշեւիկները 1918-ի սկիզբին ցրուեցին Փեթրոկրատի մէջ գումարուած Սահմանադիր Ժողովը, Անդրկովկասի ներկայացուցիչները Փետրուարին օրէնսդրական նոր շրջանային կառոյց մը ստեղծեցին՝ Սէյմ անունով։ Մարտ 1918-ին, Սէյմը օրէնք մը վաւերացուց, որ իրաւական շրջագիծը հայթայթեց առգրաւելու բոլոր աւելորդ, մասնաւոր կալուածները եւ զանոնք փոխանցելու հողային ֆոնտի մը, որ պիտի կառավարուէր շրջանային, գաւառական կամ տեղական հողային կոմիտէներու կողմէ։

Այս զարգացումները տեղի ունեցան Փետրուար 1918-ին սկիզբ առած օսմանեան յարձակումին հետ միաժամանակ, որ Պաքուի նաւթահորերը գրաւելու ուղղուած էր։ Սէյմը Անդրկովկասի անկախութիւնը հռչակեց Ապրիլին, հաստատելով անդրկովկասեան կարճատեւ դաշնակցութիւն մը։ Անդրկովկասի անկախութեան հռչակումին նպատակը Օսմանեան կայսրութեան հետ սահմանագծումին ուղղակի բանակցութիւններու մէջ մտնելն էր՝ տարածքաշրջանի եւ ո՛չ թէ բոլշեւիկեան Ռուսիոյ հայեցակէտէն մեկնելով։ Անդրկովկասի հանրապետութիւնը հազիւ ամիս մը գոյատեւեց։ Օսմանեան բանակը շարունակեց իր յառաջխաղացքը, եւ դաշնակցութիւնը Մայիսի վերջերուն կազմալուծուեցաւ։ Վրաստանը իր անկախութիւնը հռչակեց Մայիս 26-ին, իսկ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը՝ երկու օր ետք։

Սկզբնապէս, միայն Օսմանեան կայսրութիւնն ու անոր դաշնակիցները ճանչցան անկախ Հայաստանը։ Արեւմտեան պետութիւններն ու բոլշեւիկները դժմկամութիւն ցուցաբերեցին ճանաչումի հարցին մէջ, որովհետեւ հանրապետութիւնը հակառակորդ ուժերու գործարքի մը կողմնակի արդիւնքը կը նկատէին։

Հանրապետութիւնը շատ լուրջ ներքին հարցեր դիմագրաւեց։ Հ.Յ.Դ. իշխանութիւնը ստանձնեց անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք՝ նոր հանրապետութեան ամէնէն ազդեցիկ քաղաքական ուժը ըլլալով։ Առաջին կառավարութիւնը գլխաւորեց վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի։ Տարուան վերջաւորութեան, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն ետք, Քաջազնունի նոր համախոհական (coalition) դահլիճ մը կազմեց, Հ.Յ.Դ.ի եւ Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան մասնակցութեամբ։ Այս կառավարութեան գործունէութեան ընթացքին, Հայաստանի օրէնսդիր ժողովը որդեգրեց Ռուսական կայսրութեան մէջ արդէն գործածուած բոլոր օրէնքները, ներառեալ անոնք, որոնք Փետրուարեան Յեղափոխութեան վաղորդայնին եւ աւելի ուշ վաւերացուած էին` մինչեւ Անդրկովկասի անկախացումը։ Անոնց շարքին էին հողային հարցին հետ կապուած օրէնքներ։ Փետրուարեան Յեղափոխութեան իտէալներուն նուիրուած Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ռուսական եւ այնուհետեւ անդրկովկասեան այս օրէնքներու վաւերացումին ետին կը գտնուէր։

Յունիս 1919-ին համախոհական դահլիճի լուծարումէն ետք, գործադիր իշխանութիւնը կրկին անցաւ Դաշնակցութեան ձեռքը` վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի գլխաւորութեամբ։ Այնուհետեւ, ժողովրդականները, իբրեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն, ուղղակի դեր չունեցան հողային յարաբերութիւններու բարեկարգումի գործադրութեան մէջ։ Խատիսեանի դահլիճը հսկեց հողային կոմիտէներու գործողութիւններուն։ Սակայն, անոնց արդիւնաւէտութեան արգելք հանդիսացան սովը, տասնեակ հազարաւոր գաղթականներու ներկայութիւնը եւ տեղական իսլամ բնակիչներու կազմակերպած ապստամբութիւնները։ Տարուան վերջաւորութեան, դաշնակցական ղեկավարներէն Արշակ Ջամալեան առաջարկեց հողային բարեկարգումի ծրագիրը անմիջապէս գործի դնել՝ Հայաստանի աշխատաւորներու բոլշեւիկներու կողմը անցնիլը եւ խորհրդային կարգերը ողջունելը կանխելու համար։ 1920-ի սկիզբներուն, բոլշեւիկները Հիւսիսային Կովկասը ամբողջութեամբ կը վերահսկէին եւ Վրաստանի ու Ատրպէյճանի հիւսիսային սահմաններուն հասած էին։ Այսուհանդերձ, Ջամալեան իր կուսակիցներու խիստ քննադատութեան արժանացաւ եւ մէկ ամիսով Բիւրոյի ժողովներէն կախակայուեցաւ։

Բոլշեւիկեան յառաջխաղացքը Հայաստանի անոնց կողմնակիցները խանդավառեց։ Մայիս 1920-ին, պետական հարուածի փորձ մը տեղի ունեցաւ Խատիսեանի կառավարութեան դէմ։ Փորձը ձախողեցաւ, բայց ապստամբութեան հետեւանքով տեղի ունեցաւ հանրապետութեան երրորդ վարչապետին՝ Համօ Օհանջանեանի նշանակումը։

Օհանջանեանի դահլիճը շարունակեց հողի առգրաւումն ու վերաբաշխումը ժամանակաւոր հիմքի վրայ, մինչեւ որ Հայաստանի Սահմանադիր Ժողովը համապարփակ հողային օրէնք մը վաւերացնէր։ Նոր կառավարութիւնը նոյնպէս մղուած էր հողային յարաբերութիւններու բարեկարգումը յառաջ տանելու ցանկութեամբ, որպէսզի բնակչութեան որոշ հատուածներ տարհամոզէր բոլշեւիկներուն համակրելէ։

Սակայն, Սեպտեմբեր 1920-ի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ քեմալական արշաւանքը Հայաստանի վրայ։ Օհանջանեանի դահլիճին կողմէ նոր ստեղծուած Հողային Յատուկ Մարմինները դադրեցուցին իրենց գործունէութիւնը, մինչ Հայաստանը կ’ենթարկուէր քեմալական յարձակումին, որ պիտի յանգէր երկրի ամբողջական խորհրդայնացումին։ Բոլշեւիկեան նոր կառավարութիւնը հողը ազգայնացուց, ինչպէս անոնց ծրագիրը կը նախատեսէր։ Սակայն, հողի ազգայնացումի մեկնաբանութեան ու գործադրութեան բոլշեւիկեան ձեւը ընկերվարական յեղափոխականներու ծրագրէն ազդուած էր, ուստի շատ տարբեր չէր դաշնակցականներու նպատակէն։

Տոքթ. Սանճեանի կեդրոնացումը անկախ հանրապետութեան կողմէ հողային յարաբերութիւններու բարեկարգումի մօտեցումին վրայ լոյս սփռեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան անտեսուած մէկ էջին վրայ։ 1918-1920 թուականներուն դաշնակցակաները տիրական ուժն էին Հայաստանի մէջ։ Սակայն, անոնց գործունէութիւնը աւելի կը յիշուի ազգայնական խնդիրներու եւ տարածքային վէճերու, քան ներքին քաղաքականութեան ու ընկերվարական գաղափարախօսութեան տեսանկիւնով։ Մեծ Եղեռնէն ետք Հ.Յ.Դ.ի կառոյցներու աշխարհասփիւռ ցրուումով եւ կուսակցութեան Խորհրդային Հայաստանէն արտաքսումով, ան գլխաւորաբար նուիրուեցաւ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանումին եւ յարաբերաբար քիչ ուշադրութիւն ընծայեց իր վաղ տարիներու ընկերային քաղաքականութեան։ Տոքթ. Սանճեանի 1918-1920-ի Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակի քննութիւնը արժէքաւոր բացայայտումներ կը կատարէ Հ.Յ.Դ.ի պէս կուսակցութիւններու բնոյթին մասին, որոնք ուղղակի կապուած էին այն հողին հետ, որուն մասին կը խօսէին, ի տարբերութիւն նման կուսակցութիւններու ներկայ խօսոյթին (discourse) եւ գործունէութեան, որոնք հիմնականին Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունին՝ այդ հողէն այսպէս կոչուած օտարուած դրութեամբ։