image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփի վարչակազմը չեղեալ կը համարէ միջազգային երկու պայմանագիր եւս

Թրամփի վարչակազմը չեղեալ կը համարէ միջազգային երկու պայմանագիր եւս

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Սեպտեմբերին ես յօդուած մը գրած էի՝ քննադատելով Թրամփի վարչակազմի կողմէ Միջազգային քրէական դատարանի մերժումը: Միացեալ Նահանգներու այս դիրքորոշումը ես համարած էի յարգանքի բացակայութիւն՝ արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ:

 

Անցեալ շաբաթ Թրամփի վարչակազմը եւս երկու գայթակղեցուցիչ գործողութիւն իրականացուց՝ աւելի եւս ոտնահարելով միջազգային իրաւունքը եւ խուսափելով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման իրաւական լուծումէն:

 

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը դադարեցնէ 1955ին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան համաձայնագիրը, Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ICJ) կողմէ 3 Հոկտեմբեր 2018ին ընդունուած միաձայն որոշումէն ետք, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգներ պարտաւոր է վերսկսելու արտահանումը Իրան մարդասիրական ապրանքներու եւ պահեստամասերու քաղաքացիական օդանաւային թռիչքի ապահովութեան ծառայութիւններու համար՝ հակառակ Միացեալ Նահանգներու հաստատած պատժամիջոցներուն: Սա, անշուշտ, յաղթանակ էր Իրանի համար, քանի որ վերջինս դատի տուած էր Միացեալ Նահանգները Միջազգային դատարանի մէջ: Դուրս գալով այս համաձայնագրէն, Միացեալ Նահանգներ վերածուեցաւ ոչ արժանապատիւ պարտուողի մը...

 

Նախագահ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն վերսկսաւ այս տարուան Մայիսին՝ Իրանի եւ քանի մը այլ մեծ պետութիւններու հետ 2015ին կնքած միջուկային գործարքէն դուրս գալէ ետք: Պատժամիջոցները կը վերաբերէին տոլարային գործարքներու, սննդամթերքի արտահանման եւ ալիւմինիումի ու պողպատի վաճառքին: Նոյեմբերին, Միացեալ Նահանգներ նոր պատժամիջոցներ պիտի աւելցնէ Իրանի նաւթի վաճառքի, ուժանիւթի եւ երթեւեկութեան հատուածներու, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան ֆինանսական գործարքներու դէմ:

 

Դատավճիռէն ետք, Միջազգային դատարանի նախագահ Ապտիւլքաւի Եուսուֆ յայտարարեց, որ «դատարանի հրամանը կը կիրարկուի դեղամիջոցներու եւ բժշկական սարքերու, սննդամթերքի եւ գիւղատնտեսական ապրանքներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական օդանաւային թռիչքի համար պահեստամասերու եւ սարքաւորումներու նկատմամբ: Միացեալ Նահանգներ պէտք է նաեւ ապահովէ, որ արտօնագիրներ եւ թոյլտուութիւններ տրուին, եւ որ նման ապրանքներու եւ ծառայութիւններու համար վճարումները որեւէ սահմանափակման չենթարկուին», կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»:

 

Թէեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները պարտադիր են, սակայն ստիպողական չեն: Ամերիկայի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն, 3 Հոկտեմբերին, Սպիտակ տան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ իր ելոյթով յայտարարեց, որ Իրան «ծաղրանքի վերածած է» Բարեկամութեան համաձայնագիրը: Ի պատասխան՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆ Միացեալ Նահանգները կոչեց «օրինազանց վարչակարգ»:

 

Հետաքրքրական է, որ Միացեալ Նահանգներ Միջազգային դատարանի մէջ դատական հայցեր կը ներկայացնէ ուրիշ պետութիւններու դէմ այն ատեն, երբ իր շահերը կը պահանջեն։ 1979ին, Միացեալ Նահանգներ դատի տուաւ Իրանի իշխանութիւնները՝ Թեհրանի մէջ իրանցի զինեալներու կողմէ ամերիկեան դեսպանատան գրաւումէն ետք։ Միացեալ Նահանգներ շահեցաւ այդ դատը, եւ Միջազգային դատարանը հրամայեց Իրանին՝ ազատ արձակել բոլոր ամերիկացի պատանդները եւ հատուցում վճարել։ Զարմանալի է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այս պահուն կը դադրեցնէ Իրանի հետ համաձայնագիրը, այլ ոչ թէ 1979ին՝ պատանդներու հետ կապուած ճգնաժամի օրերուն…

 

«Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդած է, որ «անցեալ շաբաթ ՄԱԿի մէջ տեղի ունեցած դիւանագիտական հանդիպումներու ընթացքին Թրամփ, Փոմփէօ եւ Պոլթըն հանդէս եկած են Իրանի դէմ եւ յանդիմանած՝ միւս անդամ պետութիւնները եւ ՄԱԿի մարմինները, որոնք ամերիկեան շահերուն չեն ծառայեր: Այս երեքին մօտեցումը արժանացած է սառնագին արձագանգի: Նախագահ Թրամփի գլխաւորութեամբ Ապահովութեան խորհուրդի նստաշրջանին մէջ, ՄԱԿի ամէնէն ազդեցիկ կառոյցի իւրաքանչիւր անդամ մեղադրած է Ուաշինկթընը՝ Խորհուրդին կողմէ համաձայնութիւն տրուած միջուկային գործարքը մերժելուն համար»:

 

3 Հոկտեմբեր 2018ին Պոլթըն նաեւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ դուրս կու գայ դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններու վերաբերեալ Վիեննայի համաձայնագիրի «կամաւոր արձանագրութենէն»։ Այս որոշումը պայմանաւորուած էր Պաղեստինի իշխանութեան՝ 2018 Սեպտեմբերին Ամերիկայի դէմ Միջազգային դատարանին ներկայացուցած բողոքով՝ Իսրայէլի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը Թէլ Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու հարցին կապուած:

 

Վիեննայի համաձայնագիրը միջազգային պայմանագիր է, որ կը կանոնակարգէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները պետութիւններու միջեւ եւ կ՛ապահովէ  դիւանագէտներու անձեռնմխելիութիւնը: Զարմանալիօրէն, Պոլթըն ըսաւ, որ «Միացեալ Նահանգներ կը  մնայ Դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համաձայնագիրի կողմ եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ միւս բոլոր կողմերը կը պահպանեն համաձայնագիրով նախատեսուած իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները»:

 

Այնուհետեւ Պոլթըն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ վերատեսութեան  պիտի ենթարկէ մնացեալ բոլոր միջազգային համաձայնագիրները, Միացեալ Նահանգներու ինքնիշխանութիւնը պահպանելու համար։ Աւելցնենք, որ Թրամփի  նախագահութեան երկու տարիէն նուազ ժամանակամիջոցի մը մէջ, Միացեալ Նահանգներ արդէն դուրս եկած է Իրանի միջուկային համաձայնագիրէն, կլիմայի միջազգային համաձայնագիրէն, Միաւորուած ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակութային կազմակերպութենէն, սպառնացած է հեռանալ ՆԱԹՕէն, հեռացած է ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդէն եւ կրճատած է UNRWAի (ՄԱԿի օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութիւն) ֆինանսաւորումը, որ վերջին 70 տարիներու ընթացքին մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրէր պաղեստինցի միլիոնաւոր գաղթականներու…

 

Սահմանադրագէտ իրաւաբանները կրնան կասկածի տակ առնել Թրամփի վարչակազմի՝ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին իսկ վաւերացուցած միջազգային պայմանագրերը չեղեալ յայտարարելու օրինականութիւնը։ Արդեօք Ծերակոյտը պէտք չէ՞ իր համաձայնութիւնը տայ Սպիտակ տան, մինչեւ վերջինիս դուրս գալը այսպիսի պայմանագիրէ մը։ Ամերիկայի պատմութեան առաջին 189 տարիներուն ընթացքի ջնջուած է թիւով 40 պայմանագիր, Քոնկրեսի երկու պալատներու միջեւ գոյացած համաձայնութեանց լոյսին տակ: Միայն երկու պայմանագիր չեղեալ համարուած է Ծերակոյտի կողմէ քուէարկութեամբ՝ վերջինիս անդամներուն երկու երրորդ ձայներու հիմամբ։ Ցաւօք, վերջին տարիներուն, Քոնկրեսի անկարողութեան եւ պատմական անգործութեան պատճառով, գործադիր ճիւղը նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը վերցնելով միակողմանիօրէն չեղեալ կը յայտարարէ միջազգային պայմանագիրներ: Ասիկա լուրջ հարց է, զոր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ, մասնաւորաբար եթէ դեմոկրատները շահին մեծամասնութիւնը, որպէսզի թոյլ չտայ նախագահ Թրամփի՝ կամայական որոշումներ կայացնելու, որոնք կը խայտառակեն Միացեալ Նահանգները ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ։

 

Յուսանք, որ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ, աւելի՛ պատասխանատու նախագահը կը փորձէ փոխել Թրամփի խորապէս թերի որոշումները միջազգային համաձայնագիրներու եւ կենսական այլ հարցերու վերաբերեալ:

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան