image

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (ԺԳ.)

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (ԺԳ.)

Շաբաթ, 1 Սեպտեմբեր, 2018

Սեպտեմբերի 1-ը վերամուտ է շաբթուան որ օրուան ալ հանդիպի։ Հոս կարծրատիպերը դանդաղ կը փոխուին։ Թէեւ դասաւանդութիւն տեղի պիտի չունենայ, սակայն Հանրապետութեան տարածքին բոլոր դպրոցները այսօր կը բացուին...

Ըստ մեր սովորութեան, Ուշիի «Նիկոլ Աղբալեան» վարժարանի վերամուտին ներկայ կ’ըլլանք։ Առաջին դասարանցիներուն համար պատրաստած ենք գրենական պիտոյքներու կապոցներ, որոնց մեծամասնութիւնը Թորոնթոյէն ղրկած են Արմէնն ու Այտան։ Ուսուցչարանին (հոս ան կը կոչուի ուսուցչանոց)  համար ալ ունինք սնտուկ մը գրենական պիտոյք, որուն մեծամասնութիւնը Լոս Անճելսցի Վարուժը ղրկած է։ Արդէն գիտեմ, որ դպրոցներուն մէջ սեւ մելանով գրիչներ չեն գործածուիր, մինչդեռ արեւմուտքի մէջ ան կը գերադասուի կապոյտին, որովհետեւ հարկ եղած պարագային աւելի լաւ կը կրկնօրինակուի։ Ինչպէս արդէն ըսի, կարծրատիպերը հոս դանդաղ կ’անհետանան...

 


Արարողութիւնը միշտ նոյնն է։ Կը սկին Հանրապետութեան օրհներգով, որուն սակայն կ’ունկնդրեն միայն, ձայնակցող չկայ։  Կը կարդացուի մարզպետի շնորհաւորագիրը, խօսք կ’առնէ տնօրէնը, գերազանցիկ աշակերտներուն (թիւով 28) կը բաժնէ պատուոգրեր: Խօսք կ’առնէ նաեւ Մարգարը։ Ապա կ’ուղղուինք առաջին դասարան։ Այս տարի ան ունի 13 աշակերտ, որոնցմէ երեքը աղջիկ են եւ տասը տղայ։ Տղոցմէ երեքը տաբատ եւ պիչակ հագուած են եւ հինգը թիթեռնիկ փողկապ կը կրեն։ Ուշադրութենէս չի վրիպիր որ շապիկներէն ոմանք Gucci եւ Hilfiger մակնիշի են։ Բոլորն ալ հսկայ ծաղկեփունջեր կը բերեն իրենց դաստիարակին (հոս անոնք դասվար կը կոչուին)։ Կը բաժնուին այբբենարանները, թուաբանութեան գրքերը, մեր տարած նուէրները։ Այս տարի գիւղապետարանն ալ դպրոցական պայուսակներ բերած է որպէս նուէր։ Առաջին դասարանէն դուրս չելած, կը խնդրեմ դաստիարակէն, որ Հայաստանի օրհներգը սորվեցնէ աշակերտներուն, որպէսզի գալ Սեպտեմբեր 1-ին ձայնակցին երաժշտութեան։ Կը խոստանայ...

 


Ապա կը հաւաքուինք ուսուցչարանին մէջ, կոնիակով բարի ուսումնական տարի կը մաղթենք բոլորին եւ կը վերադառնանք տուն։

Կէսօրուան մօտ մեզի կ’այցելեն եղբայրս՝ Լեւոնը, կինը՝ Անին, Անիին եղբայրը՝ Յակոբը, կինը՝ Ժիւլիէթը, Յակոբի եղբօր կինը՝ Լուիզան եւ տղան Վահագնը։ Կիւմրի կ’երթան։ Չէրքեզի Ձոր ձկնաճաշարանի անունը կրկին կը յիշուի։ կարծեմ մենք ալ օր մը հոն պէտք է երթանք, որպէս տեղացիներ տեղեկացուած ըլլալու համար...

Շատ կարճ ժամանակ կը մնան, սակայն հարազատներու հանդիպիլը միշտ ոգեշնչող է։

 

Կիրակի, 2 Սեպտեբեր, 2018

Արցախի անկախութեան օրն է՝ 27-րդը։ ՀՀ նախագահը Ստեփանակերտ է մասնակցելու տօնակատարութիւններուն։ Թէեւ լրատուամիջոցները լայնօրէն կ’անդրադառնան այս օրուան եւ ան մեծ շուքով կը յիշուի Արցախխի մէջ, Հայաստանի տարածքին տօնակատարութիւններու մասին չեմ լսեր...

Կիրակնօրեայ զբօսանքի համար այսօր Երեւան կ’իջնենք։ Լա Բիացցա ճաշարանը, որ Հիւսիսային Պողոտայի վրայ է, Կիրակի օրերը, բացօդեայ hamburger (հոս անոնք կը կոչուին համբուրգեր) կը խորովեն։ Կ’երթանք քաղաքի մթնոլորտը վայելելու։ Հինգով ենք,- մենք, ընկերուհիս Հիլտան, Վալդերը եւ կինը՝ Լաուրան։ Հաճելի ժամանակ կ’անցընենք։ Վերադարձի ճամբուն վրայ կը հանդիպինք Հալապեան փողոցի վրայ գտնուող այգիի սճարանը, սուրճ խմելու։ Այս այգիի մօտէն կ’անցնինք ամէն անգամ, որ Երեւան երթանք եւ վերադառնանք։ Միշտ հոս կանգ առնելու մասին կը խօսինք։ Այսօր վերջապէս խօսքը գործի կը վերածենք։ Քովի սեղաններուն  վրայ կը տեսնենք մեծ մայրեր (տատիկներ), իրենց թոռներուն հետ, երիտասարդ ընտանիքներ, որոնք մեզի նման կիրակնօրեայ զբօսանքի են։

Կ’աճապարենք (հոս պիտի ըսէին կը շտապենք) տուն հասնիլ, Ժընեւէն զոյգ մը նախապէս ժամադրուած են մեզի այցելելու Ուշիի մէջ։

Րաֆֆին եւ Անին միջին տարիքի զոյգ մըն են, որ երկար տարիներէ ի վեր կ’ապրին եւ կ’աշխատին Ժընեւի մէջ։ Րաֆֆին Եգիպտոսէն գաղթած է, Անին՝ Լիբանանէն։ Լրջօրէն կը մտածեն Հայաստան ներգաղթելու մասին։ Կ’ուզեն որոշ հարցերու պատասխանը ստանալ մեզմէ։ Հաճելի զրուցակիցներ են։ Անոնք, քայլ առ քայլ կը ծրագրեն այս մտադրութիւնը ի տաբերութիւն  մեզի երբ տարիներ առաջ որոշեցինք Հայաստան փոխադրուիլ։ Տակաւին ուսանող զաւակներ ունին եւ քանի մը տարի պիտի տեւէ իրենց մտադրութիւնը իրականացնելու ցործընթացը, սակայն լրջօրէն կը պատրաստուին այդ քայլը առնելու... Յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց եւ ինչպէս միշտ կ՛ոգեւորուինք, որ նման մտադրութիւն ունեցող հայերու կը հանդիպինք։

Այսօր, «Իմ քայլը» դաշինքը, դրամահաւաք միջոցառում մը կազմակերպած էր, Երեւանի աւագանիի ընտրապայքարի ծախսերուն համար։ Անոնց առաջին դէմքը՝ դերասան Հայկ Մարութեանը ի միջի այլոց յայտարարեց,-

«Այսօր Հայաստանում իրավիճակը շատ պարզ է՝ կան սպիտակ ոյժեր եւ կան սեւ ոյժեր, վերջ։ Ես ուզում եմ պաշտօնական յայտարարել, չնայած գիտէք, բայց պէտք է ասեմ, այո մենք սպիտակ ոյժերն ենք, իսկ բոլոր նրանք, ովքեր չեն ուզում , որ մենք յաջողութիւն ունենանք, ես կարող եմ ասել, որ սեւ ոյժերն են...»

Ապշած եմ։ Նոյնիսկ նկատի առնելով, որ ան իր առաջին քայլերը կ’առնէ քաղաքականութեան ծիրէն ներս, նման մօտեցումը կը գտնեմ առնուազն ցաւալի...


Երկուշաբթի, 3 Սեպտեմբեր, 2018

Այսօր, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցող 13 կուսակցական ոյժերէն մէկ կուսակցութիւն ինքնաբացարկ յայտարարեց (այսինքն հրաժարեցաւ մասնակցելէ)։ Մնացին 12-ը։ Հետաքրքրական է իրեց տուած բացատրութիւնը,- «Անընդունելի ենք համարում դեռ չսկսած ընտրապայքարը «յեղափոխականների» եւ «հակայեղափոխականների», «հների» եւ «նորերի», «սեւերի» եւ «սպիտակների» մրցաւազքի վերածելու եւ հասարակութիւնը հակամարտող կողմերի վերածելու վտանգաւոր փորձերը»։

Գոհունակութեամբ կը կարդամ նաեւ Հայկ Մարութեանի ելոյթին արձագանգները։ Առնուազն այս անգամ միակը չեմ իմ ընդվզումիս մէջ։ Արձագանգներէն ոմանք սակայն, կ’անցնին քաղաքավարութեան սահմանները եւ չափազանց վիրաւորական են։


Երեքշաբթի, 4 Սեպտեմբեր, 2018

Այսօր, Երեւանի Մովսէս Ճանպազեանի անուան դպրոցին մէջ պիտի զետեղուի իր կիսանդրին։ Մովսէսը եղբօրս կնկան Անիին եղբայրն է։ Մեծ փափաք ունէինք ներկայ ըլլալու, սակայն նախօրոք պայմանաւորուած ենք հիւրեր ընդունելու։ Հարսիս՝ Գայանէի եղբայրը՝ Սերուժն ու նշանածը՝ Ժասմինը Թորոնթոյէն, ինչպէս նաեւ ընկերուհիս Հիլտայի եղբայը՝ Երուանդը եւ Կինը՝ Հուրին Լոս Անճելըսէն, իրենց ճամբորդակիցները Սարգիսն ու կինը՝ Մարիան, կրկին լոս Անճելսէն, եւ արդէն երեւանցի Յակոբը  մեր հիւրերն են։ 

Հայկական գիւղը կը տարբերի անոնց այցելած բազմաթիւ տեսարժան վայրերէն։ Կը դեգերին այգիներուն մէջ, սալոր, ուշ հասնող ծիրան եւ դեղձ կը հաւաքեն, կը նկարուին եւ առհասարակ հաճոյքով կ’ընկալեն գիւղական մթնոլորտը։ «Հին Աշտարակ» ճաշարանին մէջ ճաշելէ ետք, կ’երթանք Վալդերենց տունը սուրճի։ Սա արդէն իսկական գիւղական օճախ է։ Այս տան մէջ ալ կը կենակցին չորս յաջորդական սերունդներ։ Չորս ամսական Հայկը կը դառնայ ուշադրութեան կեդրոնը։ Ամէն անգամ, որ մեր հիւրերը լաւ տպաւորուին մեր գիւղէն, հպարտութեամբ կը լեցուինք, կարծես թէ մենք ենք անոր պատասխանատուները ...


Չորեքշաբթի, 5 Սեպտեմբեր, 2018

Այսօր ձմրան համար լոլիկ «փակել»ու աշխատանքին լծուած ենք։ Սնտուկ մը լոլիկը (հոս պիտի ըսէին արկղ) Հիլտային հետ կը մանրենք եւ եփելու կը պատրաստենք։  Կաթսաները հազիւ կրկակին վրայ դրած անակնկալ կերպով մեզի կ’այցելէ կղերական մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Գուգարաց թեմի (Լոռիի մարզ) առաջնորդ՝ Սեպուհ Սրբազան Չուլճեանը։ Դէմքը ծանօթ է, հաւանաբար հեռատեսիլէն, բայց անունն ալ ծանօթ է եւ չեմ կրնար կողմնորոշուիլ թէ ինչ կապակցութեամբ։ Սրբազանը կ’օգնէ մեզի ըսելով, որ հաւանաբար իր անուան ծանօթութիւնը կու գայ Պոլսոյ պատրիարքի իր թեկնածութենէն։ Կը նստինք մեր տան առջեւ եւ կը բռնուինք շատ շահեկան զրոյցի։  Սրբազանը Երեւանէն Վանաձոր իր ճամբուն վրայ տեսնելով Ուշիի ցուցատախտակները, կը յիշէ հեռատեսիլով իր տեսած մէկ հաղորդումը մեր մասին եւ կ’որոշէ հանդիպիլ մեզի։ Կը պատմէ իր տարած աշխատանքներու մասին, զանազան գիւղական եկեղեցիներու նորոգութեան մասին, անոնց համար մեկենասներ գտնելու իր ճիգերուն մասին եւայլն։ Հետաքրքրական կը գտնենք իր այն հաստատումը, որ հայաստանցի հայուն չի պակսիր հայրենասիրութիւնը։ Ան պատրաստ է կեանքը իսկ նուիրելու իր հայրենիքին համար, սակայն անոր կը պակսի պետականութեան ըմբռնումը, բնորոշում մը որ երկար մտածել կու տայ մեզի։ Մութը չկոխած կ’ուզէ Վանաձոր հասնիլ ուստի հրաժեշտ կ’առնէ խոստանալով կրկին այցելել։


Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբեր, 2018

 Հիլտայի եղբայրը՝ Երուանդը այսօր մեզ հրաւիրած է Երեւան՝ ընթրիքի։ «Տէրեան» ճաշարանի սեփականատէրը իր ազգականն է, ուստի հոն պիտի երթանք երեկոյեան։ Հալէպահայերու կողմէ ստեղծուած այս ճաշարանը այս անունով գոյութիւն ունեցող երկու ճաշարաններուն առաջինն է։ Անունը հաւանաբար կու գայ նոյնանուն փողոցէն, սակայն երկրորդ մասնաճիւղը Տէրեան փողոցին մօտ չէ...

Վարուժը՝ ճաշարանի սեփականատէրը, շատ ջերմ անձնաւորութիւն մըն է։ Անակնկալ կերպով կը հանդիպինք եղբօրս եւ կնոջը, որ զարմիկիս եւ ամուսնոյն հետ եկած են ճաշելու։ Մեզի ծանօթ այլ թորոնթոցի զոյգ մըն ալ մեզի սեղանակից է։ Երուանդի ընկերոջ Սարգիսի քեռին է... Աշխարհը փոքրացած է եւ ինծի կը թուի, որ անոր կեդրոնը Հայաստանն է, հայերը մագնիսական ոյժով իրեն ձգող կորիզը։ Հոս հայը իր տարերքին մէջ է, եւ տանուտէրի իրաւունքով հանգիստ եւ ինքնագոհ...

Ճաշերը համեղ են, զրոյցը մտերմիկ։ Ուշ ատեն կը վերադառնանք Ուշի։


Ուրբաթ, 7 Սեպտեմբեր, 2018

Վաղը հիւրեր ունիմ, ուստի լծուած եմ ճաշատեսակներու պատրաստութեան, սակայն հարեւաններս կը պնդեն, որ այսօր անպայման պէտք է նշենք մեր ամուսնութեան 43-րդ տարեդարձը։ Այս նշումը յետաձգել չեմ յաջողիր։ Ուստի, մէկդի կը դնեմ կիսապատրաստ ճաշերս եւ սեղան կը նստինք բաժակ բարձրացնելու, շատ պարզ եւ նախնական քանի մը պատառի հետ... Սպիտակ վարդերու ծաղկեփունջ եւ յատուկ մակագրուած թխուածք կը ստանանք։ Միայն հիւրերու մէկնումէն ետք կը վերադառնամ խոհանոց, ամբողջացնելու կիսատ մնացած գործերս...


Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր, 2018

Թիւով 19 պէտք է ըլլայինք, սակայն, ինչ ինչ պատճառներով միայն 13-ն ենք։ Եղբայրներու օր է։ Իմ եղբայրս, Հիլտային եղբայրը եւ եղբօրս կնոջ Անիին եղբայրը հոս են։ Հրաւիրած էի նաեւ երաւանցիներ Վահագնը եւ Մանուշակը։  Եղանակը շատ յարմար է, մեր տան գաւիթին մէջ բացօդեայ ճաշկերոյթի։ Յիշատակելի օր մը մեզի համար, շրջապատուած հարազատներով։


Կիրակի, 9 Սեպտեբեր, 2018

Այսօր, Երեւանի Սնդուկեան դատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90-ամեակի նշումը։ Քաղաք կ’իջնենք ներկայ ըլլալու։ Եղբայրս՝ Լեւոնը եւ կինը՝ Անին առիթէն օգտուելով մեզի հրաւիրած են Բաբելոն ճաշարանը, որու սեփականատէրը, իրաքահայ արմատներով թորոնթահայ մըն է։ Արաբական ոճով եւ մեծ ճաշակով կահաւորուած այս ճաշարանը տպաւորիչ է։ Ճաշերը ընդհանրապէս միջին արեւելեան են, սակայն ինծի համար նորութիւնը, ճաշարանին մէկ անկիւնը ապակեպատ սենեակն է, ուր փայտով խարոյկ մը կը վառի։ Այդ խարոյկէն կէս մեթր հեռաւորութեան վրայ ինծի անծանօթ տեսակի լայն եւ խոշոր ձուկ մը զետեղուած է։  Աւելի ուշ կ’իմանամ որ ան իրաքեան ձուկ մըն է եւ կը կոչուի մասքուֆ (հաւանաբար արաբերէնով)։ Նստած տեղէս կը հետեւիմ այս ձուկի պատրաստման եղանակին, որ բաւական երկար կը տեւէ։ Մենք այս ձուկէն չենք ապսպրած (հոս պիտի ըսէին պատուիրած), ուրեմն համտեսելու առիթ չունինք, բայց մեր հոն եղած ժամանակ արարողութիւնը կը կրկնուի երեք անգամ։ Յստակ է, որ այս ճաշարանի յաճախողները ծանօթ են այս ճաշատեսակին։ Սպասարկութիւնը անթերի է եւ ճաշատեսակները համեղ։ Լաւ կը տպաւորուինք։ 

 

 

Ճաշարանը Բաւստոս Բիւզանդ փողոցի վրայ է։ Քալելով կ’ուղուինք դէպի Սնդուկեան թատերասրահը ուր տեղի պիտի ունենայ 90-ամեակի նշումը։ Քիչ մը կանուխ կը հասնինք եւ թատրոնին յարող Անգլիական այգիին մէջ կը համենանք, մինչեւ որ կը բացուին դռները։ Թատրոնի նախասրահին մէջ կայ ցուցադրութիւն, սակայն իմ կարծիքովս ան ոչ մէկ կերպ կը ցոլացնէ Համազգայինի 90-ամեայ պատկառելի գործունէութիւնը։  Մինչ կը դեգերինք ցուցադրուած իրերուն մէջ, «Սասնայ Ծռեր» ազգագրական պարախումբը կը ներկայացնէ զանազան պարեր ու երգեր...

Կը մտնեք սրահ։ Հ.Յ.Դ. Բիրոյի խօսքէն (շատ պատշաճ) եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքէն (ըստ ինծի քաղաքականացուած եւ ոչ յարիր կազմակերպութեան մը 90-ամեայ գործունէութիւնը ներկայացնելու տեսակէտէն) վերջ, կը սկսի գեղարուեստական յայտագիրը, որուն գեղարուեստական որակը կարելի չէ քննադատել։ Ան թէ արհեստավարժ է թէ գեղեցիկ...Ամբողջ յայտագիրը միաւորուած է տեսերիզի մը միջոցաւ, որ կը խորհրդանշէ կազմակերպութեան գործունէութինը եւ զանազան գեղարուեստական ելոյթներ, ասմունք, պար, երգ, թատրոն   կը միացուլուին անոր հետ։ Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը» թատերգութենէն հատուած մըն ալ կը ներկայացուի...Կը շեշտուի, որ աշխարհասփիւռ այս կազմակերպութիւնը իր հայեացքը յարած է Հայրենիքին եւ անով կը սնանի...

Ձեռնարկէն վերջ կայ հիւրասիրութիւն։


Ուշի վերադարձի ճամբուն վրայ ակամայ կը խորհրդածեմ ամեակներու նշման իմաստին վրայ։ Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն անոնք։ Հաշուետուութիւն են թէ յոխորտանք, անցեալի ներկայացում են թէ ապագայի տեսլականի ներկայացում, գործունէութեան դաշտի յստակեցում թէ պարզապէս գոյութեան հաստատում։ Նկատի ունենալով, որ այս կազմակերպութեան 90-ամեայ գործունէութեան միայն շուրջ վերջին 30-ը ծաւալեցաւ Հայրենիքի մէջ, թերեւս ծանօթացման խնդիր ալ կար։  Արդեօք ո՞ր նպատակը ունէին կազմակերպիչները գեղարուեստական յաջող ելոյթ մը հրամցնելու կողքին... 


Երկուշաբթի, 10 Սեպտեմբեր, 2018

Այսօր պաշտօնապէս մեկնարկեց Երեւանի աւագանիի ընտրութեան քարոզարշաւը, որ պիտի տեւէ 12 օր, մինչեւ Սեպտ 21-ը։ Ընտրութիւնները Սեպտեմբերի 23-ին են։ Գլխաւոր հարցերը աղբահանութիւնը, կանաչապատումը եւ հանրային երթեւեկութիւնը կը թուին ըլլալ։ Անկեղծօրէն մեծ տարբերութիւն չեմ տեսներ 12 տարբեր քաղաքական ոյժերու ծրագիրներուն մէջ։ Աւագանիի թեկնածութեան ցուցակներու առաջին դէմքերու փորձառութեանը եւ կամ անոնց քաղաքական պատկանելիութեան պիտի քուէարկենք երեւի...

 

Երեքշաբթի, 11 Սեպտեմբեր, 2018

Անակնկալ կերպով մեզի կ’այցելեն, այժմ արդէն երեւանցի Գեղանին եւ Վեհանուշը, ինչպէս նաեւ իրենց եղբօր աղջիկը՝ թորոնթոցի Մեղեդին։ Շրջագայութեան ելած են եւ արդէն այցելած Ամբերդ, Արագածի լիճը, Օշականը։ Այսօր պիտի այցելեն նաեւ Յովհանավանքը, Սաղմոսավանքը, Ապարանը եւ ուղղուին Կիւմրի, ուր պիտի գիշերեն։ Մեր գիւղը զանազան տեսարժան վայրերու ճամբուն վրայ ըլլալուն, յաճախ նման անակնկալ այցելուներ կ’ունենանք։ Կը հրաւիրենք զիրենք Ուրբաթ օրը մեզի հետ անցընելու։

Այսօր, ՀՀ- ամբողջ տարածքին, մեկնարկեցին «Շանթ 2018» զօրավարժութիւնները, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ Սեպտեմբերի 14-ը եւ ընդգրկեն պետական բլոր կառոյցները։ Անոնց նպատակն է փորձարկել պետական կառոյցներու ունակութիւններն ու հմտութիւնները , մէկ խօսքով, պատրաստուածութիւնը, պատերազմական վիճակ յառաջանալու պարագային։

Զուգադիպութիւ՞ն է արդեօք, որ այսօր Ռուսաստանի Հեռաւոր Արեւելքի մէջ եւս կը սկսին նոյնանման զօրավարժութիւններ, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ Սեպտեմբերի 17-ը...

Տխրահռչակ Սեպտեմբերի 11-ն է։ Հազարաւոր անմեղ կեանքեր խլող այս իրադաձութենէն 17 տարի վերջ, տակաւին կը նշուի ան, որպէս անմարդկայնութեան խարան մարդկային ճակատին...

Այսօրուան լրատուութեան առաջնահերթ լուրը u-tube-ի մէջ հրատարակուած ձայնագրութիւն մըն է, Ազգային Անվտանգութեան տնօրէնի եւ Յատուկ Քնչական Ծառայութեան պետի միջեւ հեռաձայնային զրոյցի մը։ Այս լուրը վրդովեցուցիչ է ոչ միայն հրատարակուած ձայնագրութեան բովանդակութեամբ, այլ որ կարելի եղած է գաղտնալսել բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու զրոյցը... Մամլոյ ասուլիսներ, բացատրականներ, թեր ու դէմ կարծիքներ չեն կարող քօղարկել այն պարագան, օր «Նոր Հայաստանը» տակաւին «Հին Հայաստանի» մտածելակերպը չէ թօթափած... Ինծի համար չափազանց տհաճ է նաեւ այս ձայնագրութեան մէջ մեր երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն գործածած փողոցային հայերէնը։ Իսկապէս սա՞ է մեր պաշտօնեաներուն մակարդակը։

 Սեւ եւ սպիտակ ոյժերու մասին անդրադարձը կը շարունակուի,  վրդովեցնելով զիս։ Այսօր, Երեւանի աւագանիի ընտրարշաւի երկրորդ օրը, այս անգամ մեր վարչապետն է բեմէն անոնց մասին խօսողը։ «Կամուֆլյաժս կը հագնիմ եւ հատ-հատ, տուն առ տուն կարգ ու կանոն կը հաստատենք ՀՀ-ում։ ՀՀ-ում սպիտակները յաղթել են եւ սեւերի պարտութիւնը անշրջելի է։ ՀՀ-ուն սեւերը ջախջախուած են եւ այլեւս ոտքի չեն կանգնելու...» ըսաւ ան։  Տարիքի բերումով հաւանաբար, խօսքերը, զանոնք արտասանելու ձեւը եւ դէմքի արտայայտութիւնը, վարչապետի յարիր չգտայ...

Երեկոյեան լուրերուն հետեւելուն առընթեր, կը լծուիմ խնձորի չիր պատրաստելու աշխատանքին։

 

Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր, 2018

Երէկ հասաւ կարմիր կծու պղպեղներու (մռու պիտի ըսէին հոս) երկրորդ խմբաքանակը (batch)։ Խմբաքանակ բառը դեռ իմ ունեցած բառարաններուս մէջ տեղ չէ գտած բայց լայնօրէն կը գործածուի։ Առաւօտեան սուրճէն անմիջապէս վերջ կը սկսիմ գործի...

Շուկայ երթալու կը պատրաստուինք երբ անակնկալ այցելութեան կու գան թորոնթոցի Մարտիկը եւ տղան Արմէնը։ Արմէնը Թումօ կեդրոնին մէջ կը դասաւանդէ եւ Մարտիկի Թորոնթօ վերադարձէն ետք ալ ժամանակ մը կ’ուզէ հոս մնալ։ Իր աշխատանքը կը ներէ, որ հեռակայ ալ կարենայ կատարել զայն։ Երիտասարդներու հետաքրքրութիւնը երկրի հանդէպ անտարբեր չի թողուր մեզ։


Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբեր, 2018

Երէկ արեւին տակ փռած խնձորի չիրի ափսէներս մեծ թիւով մեղուներու հարցակման ենթարկուեցան։ Սպասեցինք մինչեւ երեկոյ, որ մեղուները իրենց փեթակը վերադառնան, որպէսզի ներս առնենք զանոնք։ Այսօր կրկին շաքարաջուրով կ’եռացնեմ զանոնք, բայց փոխանակ դուրս տանելու պատուհանի յեցուկին կը դնեմ չորնալու համար...

Լուրերը կը գլխաւորեն Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզարշաւները։ 12 տարբեր ոյժերու տեղեկատուութիւնը կը գրաւէ երեկոյեան լուրերու մեծամասնութիւնը։Այսօր կը յայտարարեն նաեւ «Շանթ 2018» զօրավարժութեան աւարտը։


Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր, 2018

Այսօր մեր հիւրերը Երեւանցի Գեղանին եւ Վեհանուշն են, ինչպէս նաեւ իրենց եղբօր աղջիկը՝ թորոնթոցի Մեղեդին։ Մեր կապերը անոնց հետ բազմաթիւ են։ Ընկերուհիս Հիլտային հետ անոնք խնամիներ են։ Մեղեդին հօրաքրոջս թոռան հարսն է։ Գեղանին եւ Վեհանուշը դասընկերոջս քոյրերն են, Մեղեդին դասընկերոջս աղջիկը։ Մարգարը Գեղանիին հետ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան մէջ միասին աշխատած է։ Այս բազմաթիւ կապերը պատճառ կ’ըլլան որ դեգերինք յուշերու արահետներուն մէջ... Ճաշելու կ’երթանք «Հին Աշտարակ» ճաշարանը եւ ջերմ յետմիջօրէ մը կ’անցընենք...


Շաբաթ, 15 Սեպտեմբեր, 2018

Եղբօրս կնոջ՝ Անիին եղբայրը՝ Յակոբը եւ կինը՝ Ժիւլիէթը Օհանաւանի մէջ, ձորին պռունկին ամառանոց մը ունին։ Այսօր իրենց հրաւիրուած ենք ճաշի։ Օհանաւանը մեր գիւղին կպած գիւղ է եւ մեր տունէն Յակոբենց տունը քանի մը րոպէ կը տեւէ ինքնաշարժով, սակայն համայնապատկերը բոլորովին տարբեր է։ Մեր փոքրիկ Հայրենիքի առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ ճիշդ այս է, ամէն քայլափոխի ան նորովի կը ներկայանայ... Մեր մօտ իշխողը սարերն ու բլուրներն են, իսկ հոս ձորն ու գետը։ Յովհանավանքը կ’ուրուագծուի Արարատի ֆոնին եւ քասախ գետի գլգլոցը լսելի է ձորի յատակէն։

 

Եղանակը իտիալական է։ Ընկուզենիի շուքին կ’ուտենք, կը խմենք, կը շաղակրատենք։ Ներկաներէն երկու տարբեր անձեր կը խօսին շուտով Հայաստան հաստատուելու մասին։ Մէկը Նոր Գեղին ընտրած է, միւսը Մուղնին։ Հետաքրքրական է, որ աւելի յաճախ սկսանք լսել Հայաստան հաստատուիլ ուզողներու մասին։ Հետաքրքրական է նաեւ ան, որ մարդիկ սկսած են մտածել մարզերուն մէջ հաստատուելու մասին, փոխանակ Երեւանը ընտրելու...

 


Մեր գիւղի կլիման յարմար չէ ձմերուկ աճեցնելու համար։ Գանատայէն ձմերուկի հունտ բերած էի, սակայն յորդորեցին զայն չփորձարկել եւ Արարատեան դաշտ բնակող ծանօթի մը փոխանցեցինք։ Սակայն քանի մը շաբաթ է կը հետեւինք Վալդերի տան ծաղկանոցին մէջ աճող երկու ձմերուկներու։ Անոնք պատահաբար աճած են, հաւանական է, որ ձմերուկ ուտելէ ետք հոն նետուած կուտերու որպէս արդիւնք։ Ձմերուկներէն մէկը արդէն ֆութպոլի գնդակի չափ դարձած է։ Այսօր կը հրաւիրուինք զայն համտեսելու։ Օհանաւանէն հազիւ եկած կ’երթանք Վալդերենց տունը։ Ուշիի ձմերուկ ուտելը հազուագիւտ առիթ է։ Զայն համտեսելը կը դառնայ նշելի...

 


 

Կիրակի, 16 Սեպտեբեր, 2018

Այսօր Խաչվերաց է, տեղական բարբառով Սրբխէչ։ Մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն այս վերջինը հոս սերտօրէն կապուած է մահացածներու հետ։ Հոգեճաշերը այս տօնին գառնուկի եւ ուլի խաշլամայով կը նշանաւորուին։ Մեր գիւղին մէջ ինչպէս նաեւ այլուր տուներու եւ ճաշարաններու մէջ, հոգեճաշեր տեղի կ’ունենան։  Մեր Մշակոյթի Տան մէջ ալ կայ նման միջոցառում։ Կարծեմ եկեղեցւոյ ճիգերը մահուան հետ կապուած միջոցառումները տաղաւար տօնին յաջորդ օրը եղող Մեռելոցին փոխադրելու չպտղաւորուեցան... Երկար ժամանակ մեռելոցները ոչ աշատանքային օր հռչակուեցան բայց այդ ալ չօգնեց։ Վաղը աշխատանքային օր է...

Այսօր Մարգարը հաւաքեց եր նուշի բերքը: Պատկառելի է:

 


Ամերիկահայ Ժոզէֆը եւ իր ամերիկուհի կինը՝ Մոլին, կրկին Ուշի են։ Կը հեռաձայնեն, որ միասին «Հին Աշտարակ» ընթրիքի երթանք։ Կը համաձայնինք։ Իրենցմէ առաջ կը հասնինք։ Ճաշարանին բակին  մէջ փոքրիկ սարբինա մը կայ։ Կը նստինք անոր տակ մինչեւ իրենց գալը։ Ճաշարանատէր Հապիպը կ’առաջարկէ հոն սեղան մը զետեղել եթէ փափաքինք։ Կ’ընդառաջենք։ Ժոզէֆը եւ Մոլին ալ այս տեղը կը գտնեն հետաքրքրական։ Մեր գլխուն վրայ կախուած կարմիր խաղողներուն տակ կ’ընթրենք... Թէեւ զրոյցը երկու լեզուով կը վարենք, Մոլին մեզի չափ հետաքրքրուած է Հայաստանի ներկայ վիճակով եւ ապագայով։ Այս օրերուն երբ մէկէ աւելի մարդ քով քովի գայ ուրիշ նիւթ չկայ... Ժոզէֆի առաջարկով, Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հաշիւը կը կիսենք մեր միջեւ...

 

Երկուշաբթի, 17 Սեպտեմբեր, 2018

Եղբայրս՝ Լեւոնը եւ կինը՝ Անին արդէն կը պատրաստուին վերադառնալ։ Այսօր վերջին անգամ ըլլալով կու գան օրը մեզի հետ անցընելու։ «Ռշտունիք» ճաշարանի բացօդեայ խնամուած այգիին մէջ ձուկ կ’ուտենք եւ կը զրուցենք։

 

Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր, 2018

Հարեւան Հիլտային մօտ եմ, մեր խօսակցութեան նիւթը երեկոյեան հիանալի գոյներն են։ Զարմանալի վարդագոյն լոյս մը պատած է մեր շրջակայ այգիները։ Թեթեւ հով մը (հոս պիտի ըսէին քամի մը) կ’օրօրէ ծառերը։ Այսօր իրիկնամուտը իւրայատուկ է...

Յանկարծ տան տանիքին վրայ կը լսենք տարափ մը։ Սկիզբը մեծ անձրեւի կաթիլներ են, ապա անոնք կը վերածուին կարկուտի։ Կարկուտի հատիկները երթալով կը մեծնան... Սարսափած պատուհանէն դուրս կը նայինք, մտածելով խնձորի բերքին մասին որ տակաւին չէ քաղուած... Սրտի տրոփիւնով կը տեսնենք կարկուտին դիզուիլը... Մեր գիւղին մէջ բազմաթիւ մարդիկ  այս տարուան իրենց առատ խնձորի բերքը իրացնելու (վաճառել, փողի վերածել) յոյսին են...  Հակակարկտային կայաններէն ոչ մէկ կրակոց կը լսենք... Կարկուտը կը շարունակուի մեզի յաւիտենականութիւն թուող ժամանակով... Երբ անոր ուժգնութիւնը կը նուազի կը վազեմ տուն։ Ծառերու տակ ահագին խնձոր եւ տերեւ թափուած է, իսկ հողամասը սպիտակ է, կարծես թէ ձիւնածածկ... Ելեքտրականութիւը կարճ ժամանակով կ’անջատուի ապա կը միանայ։ Մութը կոխած է արդէն, այնպէս որ այգի երթալով վնասը գնահատելու համար ուշ է։   

Երեկոյեան լուրերուն այս մասին ոչինչ կ’ըսեն։ Կամ կարկուտը չափազանց տեղայնացուած էր, կամ ալ դեռ վաղը պիտի խօսին այդ մասին։ Վաղը մեր համագիւղացիներէն կ’իմանանք վնասի տարողութիւնը...

 

Չորեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր, 2018

«Լացում ենք, խնձոր չունենք», կ’ըսէ հարս Սուսանը։ Ոմանք սկսած էին հաւաքել խնձորները, սակայն մեծամասնութիւնը շաբաթ մը եւս կը սպասէր։ Կարկուտին վնասած խնձորները կարելի չէ մթերել ձմրան համար... Իսկ ինչո՞ւ հակակարկտային համակարգը չաշխատեցաւ, անոր պատասխանը մէկը չունի տակաւին։

Այսօր Վալդերի թոռը՝ Հայկը դարձաւ հինգ ամսական։ Կը հրաւիրուինք նշելու զայն։ Խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը երէկուան կարկուտն է։ Վալդերի քոյրը՝ Ալվարդը կը գանգատի, որ բոլոր օրը անցուցած է բակը եւ հողամասը կարգի դնելով։ Մարգարն ալ կը պատմէ մեր որթատունկերու ջարդի մասին... Զիս նեղացնողը աւելի զգացական գետնի վրայ է։ Մեր թոռնուհի Դուինի ծառը, այս տարի մէկ գեղեցիկ խնձոր տուած էր, այս ծառի առաջինը եւ միակը։ Անոր զարնուած տեսքը կը յուզէ զիս։

 

Հինգշաբթի, 20 Սեպտեմբեր, 2018

Սովոր ենք լուրերէն իմանալու երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ կարկտահարութեան եւ կամ ցրտահարութեան մասին։ Մեր գիւղի կարկտահարութիւնը տեղ չգտաւ լուրերուն վրայ.... կակրկտաբեր ամպը կարծես միայն մեր գիւղին վրայ եղած է։ Աշտարակը, Կարպին եւ Օհանաւանը չեն վնասուած, թէեւ կը լսեմ, որ Բիւրականի մէջ ալ կարկուտ եկած է...

Չափազանց տհաճ կը գտնեմ մեր Մշակոյթի նախարար՝ Լիլիթ Մակունցի մէկ յայտարարութեան մէջ գործածուած «դիստանցիա» եւ «բարիեր» բառերը։ Արդեօ՞ք մեր նախարարին ծանօթ չեն «հեռաւորութիւն» եւ «խոչընդոտ» կամ «պատնէշ» բառերը։ Ինչպէ՞ս ակնկալել, որ գրական հայերէնը տեղ գտնէ մեր առօրեային մէջ, երբ բարձր մակարդակով այսպէս կը խօսին...

Երեկոյեան այցելութեան կու գան հարեւան Արտաշը եւ կինը Սուսանը։ Կը պատմեն, որ իրենց խնձորները զատած են եւ լաւերը տարած են Ապարանի գիւղերը գետնախնձորի (հոս պիտի ըսէին կարտոֆիլի) հետ փոխանակելու համար։ Տակաւին  Կարտոֆիլները չեն քանդած (այսինքն հողէն հանած)։ Աւելի ուշ կրկին պէտք է երթալ ձմրան գետնախնձորի պաշարը ձեռք բերելու համար։

Գետնախնձոր, կարտոֆիլ, կարտոլ, կարթոշկա, բաթաթէս, այս շփոթութիւնը պէտք է ձեւով մը հարթել։ Արեւմտահայերէնով գետնախնձորը ուղղակի թարգմանութիւնն է pomme de terre-ին։  Հոս այլ քաղցր արմատ մը կը կոչեն գետնախնձոր։ Մարգարը առաջարկած է հողկիթը, որպէս լուծում, սակայն այս բառն ալ կրնայ շփոթութիւն ստեղծել քանի որ ան կրնայ վերաբերիլ նաեւ truffle-ին։ Իսկ ո՞ւր է մեր լեզուական կաճառը որ հարթէ նման խառնաշփոթները...

 

Ուրբաթ, 21 Սեպտեմբեր, 2018

Անկախութեան օր թէ վերանկախացման օր, ինչ ալ կոչենք այս օրը, ան մեծ տօն է մեր ազգին համար, որպէս ազգ այս մոլորակի վրայ գոյատեւելու եւ մեր ինքնուրոյն դիմագիծը պահպանելու եւ զարգացնելու համար։

Ժամը 11-ին Ուշիի հրապարակին մէջ կայ տօնախմնբութիւն։ Ուշիի «Աղթամար» պարխումբը ելոյթ պիտի ունենայ։ Պարուսոյցը՝ Կարինէն, որ  այս շաբաթ Աշտարակէն հարս պիտի գայ Ուշի, վեց ամիս առաջ սկսաւ այս պարախումբի մարզումներուն։ 27 աղջիկներ կը մասնակցին փորձերուն։ Քանի մը ամիս առաջ,   արդէն քանի մը տարի է գործող պարախումբը որուն պարուսոյց Արայիկը այլ տեղէ կու գար, կասեցուց իր գործունէութիւնը մասնակիցներու թիւի նուազման պատճառով։ Ըստ երեւոյթին այս պարուսոյցը աւելի առոյգ է։ Ժամանակը ցոյց պիտի տայ թէ որքան երկար պիտի գոյատեւէ... 

 


Երբ հրապարակ կը հասնինք, բարձրախօսներէն կը սփռուին հայրենասիրական երգեր։ Կոկիկ բազմութիւն մը հաւաքուած է արդէն, որը աննախադէպ է։ Կ’ենթադրեմ, որ պարողներուն ընտանիքներն են, կամ ալ մեր գիւղի հասարակութիւնը սկսած է հետաքրքրուիլ նման միջոցառումներով... Պարային ելոյթներուն կողքին, որոնք բաւական յաջող են, մեզի կը ներկայացուի օրուան իմաստը եւ պատմութիւնը հակիրճ կերպով։ Միջոցառման աւարտին, պարախումբի անդամները կը շարունակեն պարել եւ օրուան պատշաճ երաժշտութիւնը կը շարունակէ գրաւել հրապարակը։ Գիւղապետը փոքրիկ հիւրասիրութիւն կազմակերպած է այս առիթով եւ տօնական մթնոլորտը կ’ապահովուի։

 


Օրուան ընթացքին կը հետեւիմ հեռատեսիլին։ Օրուան կարգախօսն է «Դու անկախ ես»։ Հաճելի կարգախօս է, թէեւ այս դարուն հաւանաբար կարելի չէ նման հաստատում մը ընել քանի որ բացարձակ անկախութիւն ամէն մակարդակի վրայ գոյութիւն չունի... Հեռատեսիլի կայանները կը շարունակեն սփռել իրենց սովորական ծրագիրները, հոս հոն անդրադառնալով անկախութեան օրուան։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կ’ակնակալէի որ տան մէջ նստած մաս կազմեմ այս օրուան միջոցառումներուն, սակայն ինքզինքս կը գտնեմ դիտորդի դերին մէջ...

Խօսուեցաւ միջոցառումներուն յատկացուած պիւտճէին մասին, սակայն չիմացայ, որ միայն Երեւա՞նը նկատի ունէին թէ ամբողջ երկիրը։ Երեկոյեան լուրերէն կը ցուցադրեն զանազան քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ տեղի ունեցած միջոցառումները։ Իսկ ո՞վ յատկացուց անոնց համար հարկ եղած դրամական միջոցները...

 

Շաբաթ, 22 Սեպտեմբեր, 2018

Մեր հիւրերը Թորոնթոյէն զարմուհիս Սոնան, Թայլէնտէն իր ները՝ Սալբին եւ Դամասկոսէն ընկերուհին՝ Անահիտն են։ Սալբիին տղան Թայլէնտի մէջ  Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսն է եւ կը պատրաստուի անկախութեան տօնին առթիւ ճաշկերոյթի մը։ Սալբին օրուան ընթացքին յաճախ կապի մէջ է իր հետ հարկ եղած հայկական ուտեստները (պանիր, լաւաշ,եւայլն) այս առիթով Թայլէնտ գացող երգչուհիին հետ ուղարկելու համար։  Եղանակը չ’արտօներ, որ բակը նստինք, սակայն ջերմ զրոյցով հաճելի օր մը կ’անցընենք։ Չենք մոռնար իրենց հետ եղանակի միրգերը ուղարկելու, սալոր եւ ուշ հասնող ծիրան։ Կը ջանանք հաւատարիմ մնալ գիւղական անգիր օրէնքին որու համաձայն գիւղը այցելողը ձեռնունայն չի վերադառնար։

 

Կիրակի, 23 Սեպտեբեր, 2018

Այսօր Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու օրն է։ Առաւօտեան ժամը 8-էն բացուած են ընտրատեղամասերը։ Ընտրութեան կը մասնակցին 12 քաղաքական ոյժ՝ 8 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք։

Ես եւ Մարգարը Երեւանի գրանցում ունինք, սակայան Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով չենք օգտուիր մեր քուէարկելու իրաւունքէն։ Պատճառները մի քանին են։ Քաղաքական ոյժերու առաջին դէմքերը, այսինքն քաղաքապետի թեկնածուները չեն խնդավառեր մեզ։ Ամբողջ ընտրարշաւը այն տպաւորութիւնը ձգեց, որ ոչ թէ քաղաքապետ կ’ընտրենք, այլ կ’որոշենք թէ սեւ ենք թէ սպիտակ։  Իշխող կուսակցութեան հանդէպ կողմնորոշուելու հանրաքուէի վերածուեցաւ այս ընտրութիւնը։ Երեկոյեան կ’իմանանք, որ ընտրութեան մասնակցած են ընտրողներու 43.65 տոկոսը, որը նախորդ աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցողներէն 3 տոկոսով բարձր է։      

Կէս գիշերին կ’իմանանք արդիւնքները։ Ջախջախիչ մեծամասնութիւնը «Իմ քայլը» դաշինքին (իշխող Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան ստեղծած դաշինքը) կու տան իրենց ձայները (81 տոկոս)։ Հինգ տոկոսի շէմը կ’անցնի նաեւ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւնը, բայց երեք ամենաշատ քուէ առած կուսակցութիւնները, նոյնիսկ շէմը չանցնելու պարագային կ’անցնին աւագանի։ Ուրեմն «Լոյս» դաշինքը եւս պիտի ունենայ աւագանիի անդամներ։

Քաղաքապետ կը դառնայ դերասան Հայկ Մարութեանը։

 

Երկուշաբթի, 24 Սեպտեմբեր, 2018

Հայկ Մարութեանը պիտի դառնայ Երեւանի 55-րդ քաղաքապետը, անկախութենէն ետք, 12-րդը։ Կ’իմանանք, որ աւագանիի 65 անդամները պիտի ունենան հետեւեալ կազմը,- «Իմ Քայլը» դաշինք, 57 անդամ, Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւն՝ 5 անդամ եւ «Լոյս» դաշինք, 3 անդամ։

Անդադար կը խօսուի այս ընտրութիւններուն աննախադէպ ըլլալուն մասին։ Ոչ մէկ քաղաքական ոյժ տարակուսանք չի յայտներ ընտրութիւններուն արդար եւ ժողովուրդի կամքը արտայայտելուն մասին։ Աւելին, պարտուող ոյժերը կը շնորհաւորեն յաղթողին։

Այսօր մեր դրան կը յայտնուի աշտարկցի տիկին մը։ Կ’ըսէ որ երաժշտութեան ուսուցիչ է եւ արդէն թոշակառու։ Կ’ուզէ մեր գիւղին մէջ երաժշտական խումբ ստեղծել եւ կը դիմէ մեր օգնութեան... Նման առաջարկներով անծանօթներ յաճախ կը յայտնուին մեր դրան... Մարգարը համբերութեամբ կը բացատրէ, որ սխալ հասցէի կը դիմէ... Աւելի լաւ է դպրոցին, Մշակոյթի տան կամ գիւղապետարին դիմէ, կը մանրամասնէ ան...

 

Երեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր, 2018

Այսօր մեր հիւրերը Սան Ֆրանսիսքոյէն Հիլտայի բարեկամուհիներ Րոտան եւ Շողիկն են։ Ինչպէս միշտ, հին բարեկամներու այցը պատճառ կը դառնայ հին յուշերու գրգռման... Հիլտան եւ Րոտան, իրենց մանկութեան, բակի խաղընկերներ եղած են։ Րոտան հաճելի պատմող է։ Միասին «Ռշտունիք» ճաշարանը կ’երթանք ձուկ ուտելու։

Մեզի համար առաջին անգամ Ուշի այցելողներու հակազդեցութիւնը միշտ հետաքրքրական է։ Ան կը տարբերի այցելուէ այցելու։ Ոմանք կը հիանան անոր դիրքով, պարզած տեսարաններով, հանդարտութեամբ եւ մաքուր օդով։ Ոմանք պահի տակ կը խանդավառուին եւ հոս տուն մը ունենալու մասին կը խորհրդածեն։ Ոմանք կը զարմանան, որ հոս չե՞նք ձանձրանար...  Ոմանք կը նշեն որոշ գիւղամէջեան ճամբաներուն պակսող կուպրը կամ գիւղի անասուններուն ետին թողած թրիքը... Ոմանք կը խօսին իրենց քաղաքի մէջ ապրելու նախընտրութեան մասին, առանց մտածելու, որ արդեօք ո՞րքանով կ’օգտուին քաղաքի ընձերած յարմարութիւններէն (մշակութային կեանք, միջոցառումներ, հանդիպումներ)։ Ամէնէն զարմացնողը, ոմանց գործարար մօտեցումն է։ Կ’ուզեն իմանալ, որ հողի եւ տունի արժէքները կը բարձրանա՞ն եւ եթէ տուներ գնեն եւ նորոգեն կրնա՞ն շահոյթ ապահովել...

 

Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբեր, 2018

Եղանակի փոփոխութիւնները յաճախ պատճառ կ’ըլլան, որ պաղարութեան կամ «վիրուս»ի մը զոհը դառնամ։ Այս շատ սովորական փոքր անհանգստութիւնները պատճառ կը դառնան, որ հարեւաններս այցելութեան գան հիւանդտեսի... Կը քննարկուին հազիս սաստկութիւնը, դէմքիս գոյնը, բժիշկին այցելութեան երթալու կարեւորութիւնը, զանազան տնական թուրմերու եւ դեղամիջոցներու օգտակարութիւնը...

Լուրերուն վրայ կը գերիշխէ վարչապետ Փաշինեանի այցը Նիւ Եորք եւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն հնչեցուցած խօսքը։ Բովանդակութեան մասին ընդհանրապէս դրական կ’արտայայտուին բոլորը։ Համացանցի վրայ կը գտնեմ այս ճառի տեսերիզը։ Փաշինեան անգլերէնով կը ներկայացնէ զայն։ Աւաղ անոր անգլերէնի առոգանութիւնը տակաւին յղկումի պէտք ունի, ի տարբերութիւն փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեանի, որուն անգլերէնը տպաւորիչ էր։ Լուրերը կ’անդրադառնան նաեւ այն բոլոր հանդիպունպերուն, կարճ թէ երկար զրոյցներուն, ոտքի թէ նստած խօսքի փոխանակումներուն, քննարկելով ամէն մէկուն կարեւորութիւնը կամ անոնցմէ բխող ուղերձները...

Վարչապետը Նիւ Եորքէն պիտի երթայ Տուշամպէ ներկայ ըլլալու ԱՊՀ (Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն) անդամ երկիրներու հերթական գագաթնաժողովին։

Այսօր անմահն Կոմիտասի ծննդեան օրն է։ Կը լսեմ այս առիթով մեկնարկած փառատօնի մը մասին։

 

Հինգշաբթի, 27 Սեպտեմբեր, 2018

Երեւան կ’իջնենք մեր ինքնաշարժի եւ երեւանեան յարկաբաժնի տարեկան տուրքերը վճարելու։ Հոս անոնք կը կոչուին գոյքահարկ։  Արժէ արձանագրել, որ մեր Երեւանի ճիշդ կեդրոնը գտնուող 70 քառակուսսի մեթր տարածութեամբ յարկաբաժնի տարեկան տուրքը 7000 ՀՀ դրամ է... Այսինքն մօտ 15 ամերիկեան տոլար...  Իսկ 2003 թիւի մեր ինքնաշարժի գոյքահարկը եւ յարակից մուծումները 80,000-էն աւելի (շուրջ 180 տոլար)... Երկուքն ալ անհամեմատելի են Թորոնթոյի մէջ մեր վճարած գումարներուն։ Յարկաբաժնի պարագային, հոն շուրջ 1000 տոլար պէտք էր վճարէինք, իսկ Թորոնթոյի կուպրապատ խնամուած ճամբաներուն վրայ ինքնաշարժ վարելու համար միայն հոս վճարուածին կէսը։ Կամ լուրջ բարեփոխումներու կարիք կայ եւ կամ ալ ինծի անծանօթ տրամաբանութիւն մը կայ այս թիւերուն մէջ։

Երեւանի մէջ տակաւին կը տեսնենք Անկախութեան Օրէն մնացած «Դու Անկախ ես» պաստառները։ Շատ պիտի ուզէի իմանալ եթէ այս պաստառները միայն Երեւանի մէջ տեղադրուեցան թէ այլուր եւս...

 

Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր, 2018

Աւելի թեթեւ լուրերու կարգին կարելի է համարել այսօր, Կարապի լճի հարեւանութեամբ ամէնէն երկար գաթայի ցուցադրութիւնը, համտեսումը եւ Guiness World Records-ի մէջ գրանցումը։ Գաթան կշրած է 368.8 քիլոկրամ եւ ունեցած է 60 մեթր երկարութիւն...

 

Շաբաթ, 29 Սեպտեմբեր, 2018

Կէսօրուան մօտ Աշտարակ կ’իջնենք սուրճ խմելու։ Բասկալ եւ Դէօդատօ սրճարանին մէջ կը հանդիպինք երկու թորոնթոցի զոյգի։ Անոնք լաւ կը ճանչնան Մարգարը։ Կը պատմեն որ ամէն տարի կու գան այցելութեան վերալիցքաւորուելու եւ ապա Թորոնթօ վերադառնալու համար։ Ինծի այնպէս կը թուի, որ մեծ թիւով սփիւռքահայեր աւելի եւ աւելի կ’ամրապնդեն իրենց կապերը հայրենիքի հետ։

Հեռաձայն կը ստանամ Երեւանի մեր յարկաբաժնի ներքեւի հարեւան Եւայէն։ Կը խորհի, որ մեր մօտէն ջուր կը կաթի իրենց լուացարանը։ «Առաստաղը փլւում է», կը յայտարարէ ան։ Թէեւ երկու օր առաջ անջատած ենք ջուրը, ելեքտրականութիւնը եւ բնական կազը, սակայն անմիջապէս Վալդերէն կը խնդրենք, որ Երեւան երթայ եւ ծանօթանայ կացութեան։ Երկու ժամ վերջ կը վերադառնայ ծիծաղելով։  Ըստ երեւոյթին իրենց լուացարանի խոնաւութենէն կեղուուող առաստաղը պատճառ դարձած է, որ հարեւաններս կասկածին մեր ջուրի խողովակներու ամրութենէն...

Այս երեկոյ հարեւաններով կը հաւաքուինք Հիլտային տունը։ Կը նշենք Հիլտայի հիւրանոցի նոր գորքը։ Ամէն հաւաք նշումի վերածելու մեր մոլուցքը սահման չունի...

Այսօր Դիլիճանի փակուղիին մէջ բեռնատարի մը շարժիչը պայթած եւ հրդեհուած էր։ Լուրերուն վրայ փակուղի բառը չլսեցի եւ չկարդացի։ «Թունել» բառը կ’օգտագործուէր։ Եթէ tunnel բառի տառադարձութիւնն էր, պէտք էր գրէին տուննել (ի դէպ բառարանին մէջ գտայ զայն այդ ուղղագրութեամբ)։ Բայց «թունելը» ի՞նչ տրամաբանութեամբ մտած է մեր լեզուին  մէջ։  

Կը շարունակուին տարատեսակ քննարկումները Փաշինեանի Տաճիկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ հանդիպումներուն մասին, պաշտօնակն ընթրիքի սեղանի ծայրամասը նստած ըլլալու մասին, Ալիեւի հետ կարճատեւ զրոյցի եւ սահմանային լարուածութիւնը թուլացնելու պայմանաւորուածութեան մասին, եւայլն...

 

Կիրակի, 30 Սեպտեմբեր, 2018

Այս ամիսն ալ գլորեցինք։

Այսօր մեր կիրակնօրեայ զբօսանքը սովորական է։ Կ’երթանք Տալմա Կարտըն Մոլ, գնումներու։ Կը հանդիպինք Bulangerie de Paris-ն սուրճի, ապա Michael’s ճաշելու։ Պատահմամբ կը հանդիպինք Գէորգ եւ Սիւզի ամուսիններուն, որոնք քանի մը տարի առաջ Թորոնթոյէն Երեւան տեղափոխուեցան։ Գոհ են իրենց առած որոշումէն։ Շատ հաճելի է իրենց հետ մտերմիկ խօսակցութիւնը, որը կը թաւալի անձնկան ընտանեկան լուրեր փոխանակելէն մինչեւ երկրի ներկայ քաղաքական վիճակը։

Երբ լուրերը կը կարդամ, կը հանդիպիմ վարչապետ Փաշինեանի մէկ յայտարարութեան, նոր հաստատուած երկրի 2019-ի պիւտճէի վերաբերեալ։ « 2019 թիւի պիւտճէն գնահատում եմ իներցիոն», կ’ըսէ մեր վարչապետը։ Իներցիոն բառը անծանօթ է ինծի։ Բառարաններուս կը դիմեմ այս գնահատումը ըմբռնելու համար։ Ըստ Աղայեանի  ան կը նշանակէ «ըստ սովորութեան, առանց գործօն միջամտութեան, մեքենայօրէն»։ Ըստ Մալխասեանցի ան «մտաւոր կամ բարոյական գործունէութեան եռանդի բացակայութիւն, գործի ընթացք ըստ սովորութեան» կը նշանակէ։ Ըստ երեւոյթին inertia բառին ածանցումն է։ Վերջապէս կը հասկնամ, որ վարչապետը կը ջանայ հաստատել, որ այս պիւտճէն չի ցոլացներ նոր կառավաութեան առաջնահերթութիւնները այլ պարզապէս կը շարունակէ նախորդ կառավարութենէն ընթացքի մէջ եղող գործառոյթները եւ որ ենթակայ է փոփոխութիւններու... Կը նախատեսուի 4.9 տոկոս տնտեսական աճ եւ 2.7 տոկոս գնաճ։

Պէտք չէ զարմանամ։ Թաւշեայ յեղափոխութեան լոզունգը «դուխով», դարձեալ անհասկնալի էր ինծի համար, առաւել եւս ան գոյութիւն չունէր իմ բառարաններուս մէջ։ 

 

Կը կարդամ, որ այսօր Կիւմրի քաղաքի օրն էր։ Կառավարութիւնը ներկայացուած էր, առաջին փոխ-վարչապետ Արարատ Միրզոյեանի մակարդակով։ Ինծի զարմանալի թուաց աւելի ուշ վարչապետի յայտարաութինը, որ ներողութիւն կը խնդրէր կիւմրեցիներէն ներկայ չըլլալուն համար, իմացած չըլլալուն պատճառաւ, աւելցնելով, որ իրենց աշխատանքին մէջ թերացողները պիտի գտնէ եւ պատժէ։ Արդեօք Արարատ Միրզոյեանին մասի՞ն կը խօսէր...

 

Էլիզ Շարապխանեան

Ուշի