image

Սարոյեանի վերադարձը Ֆրեզնօ

Սարոյեանի վերադարձը Ֆրեզնօ

Մեծ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի շունչը կրկին վերադարձաւ իր ծննդավայրը՝ Ֆրեզնօ, ուր, վերջին շրջանին, իր ծննդեան 110-ամեակին առթիւ, բացուեցաւ տուն-թանգարանը: Այդ տան մէջ Սարոյեան ապրած է կեանքին վերջին 17 տարիները, հոն գրած է աշխարհահռչակ ստեղծագործութիւններէն մի քանին:

Ֆրեզնոյի Քրիֆիթ Ուէյ 2729 հասցէին վրայ գտունող տունը մի քանի անգամ դըր-ւած էր Ֆրեզնոյի անշարժ գոյքի վաճառքի բաժնին մէջ, ինչ որ մեծ աղմուկ ստեղծած էր: Ֆրեզնոյի հանրային սեփականութեան վերաբերեալ տուեալներուն համաձայն, այս տունը ունեցած է երեք սեփականատէրեր եւ երկու անգամ աճուրդի դրուած է:

Սիրուած գրողին տունը, տարիներ շարունակ, վարձակալուած է ապօրինի տնօրինումով:

Եւ ահաւասիկ, 2015 թուականին Ռուսաստանի մէջ բնակող հանրային գործիչ, արտադրիչ եւ հեռատեսիլային ձեռնարկատէր Արթուր Ջանիբէկեան, որ նաեւ «Ռէօնեսանս» մշակութային եւ մտաւորական հիմնադրամի նախագահն է, գնեց տունը եւ որոշեց, որ ան պէտք է ծառայէ միայն Սարոյեանի անունին: Խորապէս գիտակցելով Ուիլիըմ Սարոյեանի ձգած ժառանգութեան համամարդկային կարեւորութիւնը, եւ նկատի առնելով առանձնատան անմխիթար վիճակը, Ջանիբէկեան նպատակ ունէր փրկել տունը ոչըն-չացումէ, այդ նպատակով ստեղծեց նաեւ «Սարոյեան Հաուզ» նախագիծը:

Անոր ջանքերը հասած են իրենց նպատակին, երեք տարուան նորոգումէ եւ նշանակալի ներդրումներէ ետք, ոչ միայն փրկուած է Սարոյեանի ապրած տունը, այլեւ դարձած է Ֆրեզնոյի մէջ կրթական, մշակութային եզակի կեդրոն մը, որ նախքան հայկական ըլլալը, համամարդկային է: Նշենք, որ տուն-թանգարան ունենալու գաղափարը նաեւ Սարոյեան ինք փայփայած է:

31 օգոստոսը՝ Սարոյեանի ծննդեան օրը, Ֆրեզնոյի մէջ հռչակուեցաւ Սարոյեանի օր:

Սարոյեանին պատկանող եւ անոր առընչուող գրեթէ բոլոր նիւթերը հաւաքուած են անոր անունը կրող թանգարանին մէջ: Թանգարանի բացումին ներկայ եղած են Ֆրեզնոյի Քաղաքային խորհուրդէն անդամներ, քաղաքապետ Լի Պրանտ, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, ինք՝ Արթուր Ջանիբէկեան եւ բազում հիւրեր:

Բացումին անգամ մը եւս շեշտուած է այն փաստը, որ Սարոյեանի այս տեսակ վերադարձը ոչ միայն սփիւռքի ձեռքբերումն է, այլեւ՝ ամբողջ ամերիկեան հասարակութեան: Թանգարանին մէջ հիւրերը հնարաւորութիւն կ՚ունենան անձամբ տեսնելու Սարոյեանը հոլոկրամի՝ ողջագիրի միջոցաւ: Աշխատանքներ կը տարուին աւելի կատարելագործելու համար անոր ողջապատկերը, որուն հնարաւոր կ՚ըլլայ ապագային հարցումներ ուղղել եւ պատասխաններ ստանալ, ինչպէս նաեւ նպատակ կայ, որպէսզի Սարոյեանի ողջագիրը ինք անձամբ ընդունի հիւրերը եւ անոնց ուղեկցի թանգարանի սրահներուն մէջ:

Ցուցանմոյշներուն մեծ մասը՝ նկարներ, Սարոյեանի ճամբորդութիւններուն վերաբերեալ յօդուածներ, նոթեր, նամակներ, ձեռագիրներ եւ այլն, ներկայացուած են թուայնացուած տարբերակով. հոս է ամենէն մեծ թուային արխիւը, զոր Սարոյեանը կը ներկայացնէ:

Նախատեսուած է, որ յառաջիկային տուն-թանգարանը դառնայ նաեւ սարոյեանագիտութեան կեդրոն, որ մինչեւ հիմա չկար հայ իրականութեան մէջ: Սարոյեան ինք ցանկութիւն ունեցած է իր տունը վերածել ուսանողներու համար հաւաքատեղիի, ահաւասիկ, ուսանողները, այս վայրին մէջ, հնարաւորութիւն կ՚ունենան իրենց գրական կրթական նախագիծերը կատարելու:

Մինչ այս թանգարանին բացումը, իբրեւ Ուիլիըմ Սարոյեանի յիշատակի վայրեր կային Սարոյեանի երկու գերեզմանները: Ֆրեզնօ մահացած Սարոյեանի աճիւնին մէկ մասը, իր կտակին համաձայն, փոխադրուած է Երեւան, ուր թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։ Ֆրեզնոյի մէջ ան նոյնպէս գերեզման ունի, եւ այս երկու գերեզմանները անոր յիշատակը յարգելու միակ վայրերն էին մինչ այժմ: Սարոյեանի կենդանութեան օրօք, Ֆրեզնոյի մէջ հիմնուած թատրոն մը կոչուած է իր անունով, ուր այսօր հանդիսութիւններ տեղի կ՚ունենան: Այդ սրահը, հակառակ որ իր անունով կոչուած է, սակայն ոչինչ կը ներկայացնէ Սարոյեանի արուեստէն. պարզապէս, հիմնուած ժամանակին ան կոչուած է Ֆրեզնոյի ամենայայտնի հայուն անունով, որ Սարոյեանն էր:

Երեւանի մէջ, անկախութենէն ետք տեղադրուած է նաեւ Սարոյեանի արձանը: Յատկանշական է, որ ծնած ըլլալով սփիւռքի մէջ եւ ըլլալով ամերիկացի հանրահռչակ գրող, Ուիլիըմ Սարոյեանի յիշատակին ուղղուած գործերերուն մեծամասնութիւնը Հայաստանէն կու գան, այդ կարգին նաեւ՝ Երեւանի մէջ Սարոյեանի անուան փողոցին եւ դպրոցին անուանակոչութիւնը: Ահաւասիկ, «Սարոյեան Հաուզ» նախագիծը եւս Երեւանէն ծնունդ առաւ, երեւանցի Արթուր Ջանիբէկեանի նախաձեռնութեամբ: «Սարոյեան Հաուս» նախագիծին ձեւաւորումէն ետք հիմնուած է Սարոյեանասէրներու ակումբը, եւ շուրջ երեք տարիէ ի վեր՝ թէ՛ Սարոյեանը անձամբ ճանչցած մարդիկ, թէ՛ անոր գրականութեան եւ գործին սիրահարները, ամիսը մէկ անգամ կը հաւաքուին Սարոյեանասէրներու ակումբին մէջ, ուր կը վերյիշեն գրողը, կ՚ընթերցեն անոր ստեղծագործութիւնները, քննարկումներ կը կատարեն եւ վերլուծութիւններ կ՚ընեն կամ պարզապէս կը խօսին Սարոյեանի մասին: Ակումբի հանդիպումները հնարաւորութիւն կու տան ամէն անգամ նորովի տեսնել եւ նորանոր ման-րամասնութիւններ բացայայտել գրողին հետ առընչուող միեւնոյն իրադարձութեան վերաբերեալ: Սարոյեան այս ակումբի անդամներու կեանքին անբաժան մասը դարձած է. անոնք ամէն օր եւ ամէնուր Սարոյեանը կը փնտռեն ու անոր մասին գտած ամէն մանրուք սիրով կը հաւաքեն ու կը պահեն՝ գրողին իրական պատկերը վերստեղծելու ու տուն -թանգարանը ամբողջականացնելու համար:

Ֆրեզնոյի թանգարանը, Արթուր Ջանիբէկեանի որոշումով, ազատ մուտք պիտի ունենայ այցելուներուն համար: Ֆրեզնոյի Պետական համալսարանի հայկական ուսումնասիրութիւններու ծրագրի ղեկավար Պարլոու Տէր-Մկրտիչեան թերեւս այս նախաձեռնութեան ստեղծման առիթով ամենաուրախներէն մէկն է, համալսարանի եւ թանգարանի համագործակցութեամբ կը վերականգնի անոր գրական արժէքը եւ կրթական ծրագիրներ գործի կը դրուին՝ օտար ուսանողներու միջոցաւ, աշխարհի մէջ զարգացնելու համար սարոյեանագիտութիւնը: Արդէն կան ուսանողներ, որոնք հետաքրքրուած են Սարոյեան գրողի ստեղծագործութեամբ եւ պատրաստ են ուսումնասիրելու անոր գրականութիւնը:

Տուն-թանգարանը արտաքնապէս չի տարբերիր թաղին մէջ գտնուող տուներէն: Պահպանուած է նաեւ պարտէզը, խնամուած եւ կեանք ստացած են ծառերը, որոնց շուքին տակ Ուիլիըմ Սարոյեան կը սիրէր նստիլ: Տան մուտքին հեծանիւ մը դրուած է՝ խոր-հըրդանշելով Սարոյեանի սէրը հեծանիւ քշելու հանդէպ: Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Սարոյեան յաճախ հերոսները հեծանիւով նկարագրած է:

Սարոյեան նաեւ քարեր հաւաքած է զանազան երկիրներ իր այցելութիւններուն ընթացքին: Այդ քարերուն եռաչափ կրկնօրինակները նոյնպէս ցուցադրուած են թանգարանին մէջ: Թանգարանին մէջ կայ լուսանկարներու հարուստ հաւաքածոյ մը, որ կը բնորոշէ Սարոյեանը մանուկ տարիներէն մինչեւ իր կեանքի վերջին տարիները՝ հարազատները, զաւակները, բարեկամները, ունեցած հիւրերը, այցերը եւ այլ դրուագներ ու անձեր:

Յայտնի է, որ Սարոյեան կը նկարէր: Մէկ պատի վրայ ցուցադրուած են անոր ձեռքով կատարուած նկարները, որոնք հիմնականօրէն գծանկարներ եւ ուրուապատկերներ են:

Ըլլալով գրող, բեմագիր, թատրոնի եւ շարժանկարի հետ առընչուող արուեստագէտ, կան Սարոյեանի գործերուն նուիրուած բազմաթիւ պաստառներ, ազդագրեր, որոնք հաւաքուած են թանգարանի մէկ պատին վրայ եւ այցելուն կրնայ տեղեկանալ Սարոյեանի գործերու բեմադրութիւններուն, անոր գործերու հիման վրայ նկարահանուած շարժանկարներուն մասին: Նորագոյն սարքաւորումներով յագեցած թանգարանին մէջ կան նաեւ էքրաններ, որոնց վրայ կը պտտին Սարոյեանի մասին պատմող ժապաւէններէն դրուագներ, այդ ժապաւէնները թէ՛ վաւերագրական են, թէ՛ գեղարուեստական:

Չէ անտեսուած նաեւ այն հանգամանքը, որ Սարոյեան «Օսքար» ստացած է, ինչպէս նաեւ հրաժարած է ամերիկեան նշանաւոր գրական «Փուլիցըր» մրցանակէն: 1939 թուականին, երբ Պրոտուէյի վրայ յաջողութիւն գտաւ իր առաջին թատրերգութիւնը, «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է» խորագրով, նոյն տարին, Սարոյեան եղաւ առաջին ամերիկացի գրողը, որ արժանացաւ թէ «Թատերախաղի քննադատներու շրջանակ»ի մրցանակին, եւ թէ «Փուլիցըր» մրցանակին՝ «Կեանքիդ ժամանակը» թատրերգութեան համար: Սարոյեան մերժեց ստանալ «Փուլիցըր» մրցանակը՝ առարկելով. «Առեւտուրը պէտք չէ որ արուեստը հովանաւորէ, այս գործս ուրիշ գործերէս աւելի լաւ կամ մեծ չէ»:

Ուիլիըմ Սարոյեանի հայերէն հարցազրոյցներուն, անոր մասին հաղորդումներուն ամենամեծ արխիւը գտնուած է Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռին մէջ, եւ ձայնասփիւռին իր կողմէ այդ արխիւին թուայնացուած տարբերակը նուիրած է թանգարանին: Հայաստանի ձայնասփիւռին մէջ կը պահպանուին նաեւ սարոյեանական գործերուն հիման վրայ բեմադրուած ձայնասփիւռային ներկայացումները, որոնք խաղացած են հայ թատրոնի մեծերը: Այստեղ գտնուած եւ թանգարանին նուիրուած է նաեւ Ու. Սարոյեանի գրած բառերով երգ մը, որ ժամանակին երգած է Ռոզմարի Քլունին (Ճորճ Քլունիին հօրաքոյրը):

110 մեթր քառակուսի տարածութեամբ այս կոկիկ տան մէջ պատկերուած են Սարոյեանի կեանքին բոլոր դրուագները: Երեւանի մէջ գործող «Ստորակէտ» ճարտարապետական սթիւտիոյի աշխատակիցները կրցած են ճաշակաւոր ձեւաւորում մը տալ թանգարանին, ամէն անկիւնի վրայ գործածելով թուային նորագոյն սարքաւորումներ: Տուն-թանգարանին մէջ բացայայտուած է Սարոյեանի հսկայ կերպարն ու անոր հարուստ կեանքը: Այստեղ ի ցոյց դրուած է նաեւ Սարոյեանի մարդասիրութիւնը: Ան բացի գրող եւ արուեստագէտ ըլլալէ, մեծ մարդասէր մըն էր:

Եւ այս թանգարանին մէջ գլխաւոր հերոսը, Սարոյեանին հետ, անշուշտ, անոր գրականութիւնն է, որմէ հատուածներ նոյնպէս ցուցադրուած են թանգարանին մէջ: Սարոյեանի անմահ միտքերը, իր մահէն 37 տարի ետք կենսունակ են, եւ իր ձայնը, որ կը հնչէ թանգարանին մէջ, ապրող է եւ ոգեշնչող: Այս թանգարանով մեզի վերադարձաւ Սարոյեանը իր ողջ տաղանդով, հմայքով եւ ոգիով:

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԷՆ…

• «Թէեւ անգլերէն կը գրեմ ու հակառակ անոր որ ծնունդով ամերիկացի մըն եմ, ինքզինքս կը նկատեմ հայ գրող մը։ Գործածած բառերս անգլերէն են։ Միջավայրը, որուն մասին կը գրեմ, ամերիկեան է։ Ոգին, որ կը ստիպէ զիս գրել, սակայն հայ է։ Ուրեմն հայ գրող մըն եմ։ Խորապէս կը սիրեմ հայ գրողներու մեծ ընտանիքին պատկանելու պատիւը»։

• «Մարդ պէտք է միշտ մէկը ունենայ իր քով, թէ՛ ձմրան, երբ ցուրտ է, թէ՛ գարնան, երբ հաճելի եղանակ է, թէ՛ ամրան, երբ տաք է եւ կարելի է լողալ: Մարդ պէտք է բոլոր ժամանակներուն՝ անձրեւին, ձիւնին եւ ամէն տեսակ եղանակին միշտ մէկը ունենայ իր կողքին, որ անոր հետ քալէ մինչեւ գերեզման: Եւ պէտք է ունենալ լաւ մարդը: Մէկը, որ գիտնալով հանդերձ, որ դուն վատ ես, այնուամենայնիւ, սիրէ քեզ: Ես գիտեմ, որ ես վատ եմ, բայց ի՞նչ կրնամ ընել: Եթէ դուն ինծի հետ գաս, ես կ՚ըլլամ աշխարհի ամենաերջանիկ մարդը: Ես կը դադրիմ այլեւս վատ մարդ ըլլալէ…»։

• «Երբ Պոլիս հասայ, թուրք գրողները հարցուցին ինծի, ո՞ւր կ՚ուզես երթալ։ Ըսի՝ միայն Պիթլիս։ Դժուար է, ըսին, օտարներուն այդ կողմերը չեն արտօներ, բայց բան մը կ՚ընենք, որպէսզի երթաս…

Բան մը ըրին, ու գացի…

Քաղաքը աւերակ էր, միայն բերդը կանգուն էր։

Քիւրտ մը կար, ութսունն անց, հայրս յիշեց, ճանչցաւ։

Ան էր, որ ինծի մեր տան տեղը ցոյց տուաւ։

Տունը աւերակ էր, բայց օճախ կար...

-Ճամբորդ ախպա՛ր, մեր տուն արի

Աս ալ հայու օճախ է...

Մեծ մայրս՝ Լուսնթագ Քարօղլանեան կ՚երգեր, իրմէ սորված եմ։

Հիմա, որ «օճախ» ըսի, այդ երգը յիշեցի։ Հաւանաբար այդ օճախին քով մեծ մայրս այդպէս երգած է… Հա, գտայ մեր տունը, մեր օճախը։ Հետս մարդիկ կային, քիւրտեր, թուրքեր. ըսի՝ դուք գացէք, կ՚ուզեմ մինակ մնալ…»:

• «-Դուք կը հասկնա՞ք հոգեբուժութենէ,- ըսաւ Թրէյսին:

-Հոգեբուժութե՞նէ: Ոչ,- ըսաւ Տքթ. Պինգիցեր: Մարդոցմէ՝ քիչ մը, քիչ, քիչ, քիչ մը: Ամէն տարի, ամէն օր՝ աւելի քիչ, աւելի քիչ, աւելի քիչ: Ինչո՞ւ: Մարդիկ դժուար են: Մարդիկ մարդիկ են: Մարդիկ՝ ցաւ, մարդիկ՝ հիւանդ, մարդիկ՝ խենթ, վիրաւոր, մարդիկ՝ մարիկը վիրաւորող, մարդիկ՝ սպաննող, սպաննուող: Ո՞ւր է ծիծաղ, ո՞ւր է խաղ, ո՞ւր է երեւակայութիւն, ո՞ւր է հրաշք: Կ՚ատեմ հոգեբուժութիւնը: Կը սիրեմ մարդիկը, գեղեցիկ մարդիկը, վիրաւոր ու հիւանդ մարդիկը, կոտրուած, փշուր-փշուր եղած մարդիկը, կը սիրեմ, կը սիրեմ: Ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ մարդիկ կորսնցուցին ծիծաղը, խաղը, երեւակայութիւնը, հրաշքը: Ինչի՞ համար: Ահա՛: Դրամի՞,- ան ժպտաց,- կը կարծեմ՝ այդպէս: Դրամը: Սէրը՝ դրամ: Գեղեցկութիւնը՝ դրամ: Ծիծաղը՝ դրամ: Իսկ ո՞ւր է դրամ: Չեմ գիտեր: Ծիծաղ՝ չկայ: Խաղ՝ չկայ: Աշխատիլ: Աշխատիլ»:

• «Երբ առաջին անգամ դողալով զանգ տուի Պեռնար Շոյին, ասանկ բան մը պատահեցաւ.

-Պարոն Պեռնար Շո, Ձեզի կ՚անհանգստացնէ Ուիլիըմ Սրո’յըն (այսպէս ինծի կ՚ըսէին ամերիկացիներ, Սրո’յըն)…

Շատ ամչցայ, երբ Պեռնար Շոն ըսաւ.

- Որքան գիտեմ, դուն ոչ թէ Սրոյըն ես, այլ Սա-րո-յեան…

Շատ ամչցայ»:

• «Կարեւոր չէ, թէ ինչ սխալներ կը գործես կեանքին մէջ, մի վախնար գործած սխալներուդ համար կամ նորերը գործելէ: Դուն բարի սիրտ ունիս, վստահէ քու սրտիդ, ունկնդրէ անոր եւ շարունակէ ճանապարհդ առանց կանգ առնելու: Եթէ իյնաս, խաբուած կամ հալածուած ուրիշներէն կամ դուն քեզմէ, վեր ել եւ ետ մի նայիր: Բազմաթիւ անգամներ պիտի ծիծաղիս եւ բազմաթիւ անգամներ պիտի լաս, այդ ծիծաղն ու արտասուքը շարունակ անբաժան պիտի ըլլան իրարմէ: Քու կեանքիդ մէջ դուն ոչ մէկ վայրկեան կ՚ունենաս ստոր, նենգ կամ փոքրոգի ըլլալու…»:

• «Հայաստանեան իր այցերէն մէկուն ընթացքին Ուիլիըմ Սարոյեան Սեւանի ափին կը գտնէ ծանր, լիճի ալիքներէն լաւ յղկուած քար մը եւ կը խնդրէ, որ քարը տեղաւորեն ինքնաշարժին մէջ:

-Ամերիկա, Ֆրեզնօ պիտի տանիմ,- կ՚ըսէ գրողը:

-Այդ հսկայ քարը ինչպէ՞ս պիտի տանիք...

-Օդանաւով պիտի տանիմ...

-Ինչո՞ւ համար...

-Ով որ Հայաստանի դէմ վատ խօսի, անոր գլխուն պիտի զարնեմ քարը,- պատասխանած է Սարոյեան:

Ուրիշ առիթով ան ըսած է. կը տեսնէ՞ք այս քարը: Լեռներէն բերած եմ: Հիմա կը հարցնէք, թէ ինչու՞ բերի: Է՜, ի՞նչ գիտնամ, սիրեցի ու բերի: Հապա նայեցէք, անջրպետի քաոսի պատկերը կայ այս քարին մէջ: Քար շատ կը սիրեմ: Դէմքեր, քարեր, մանկական դէմք... Վիքթոր Համբարձումեանի դէմքը, գիւղացիի դէմք: Քարեր, քարերն ալ դէմք ունին, հոգի. դէմք ալ կայ քար է, անհոգի... Մեր նախնիները քարերու դէմ կռուած են, հիմա ձեր հայրերը կը կռուին: Դուք ալ պիտի կռուիք, կռուիք այն քարերուն դէմ, որ դուրսն են, այն քարերուն դէմ, որ ներսն են, ձեր հոգիներուն մէջ»: 

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս