image
Հրատապ լուրեր:

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (ԺԲ.)

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (ԺԲ.)

Չորեքշաբթի, 1 Օգոստոս, 2018

Խորհրդարանի նախագահ Արա Բաբլոեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի անդրանիկ նիստի գումարման 100-երորդ տարեդարձին առիթով։ Այս մէկը նորութիւն է ինծի համար։ Հայոց պատմութեան իմ ծանօթութիւնս որ հեռու է սպառիչ ըլլալէ, այս թուականը չէր արձանագրած... Ուրախ եմ, որ ան կը նշուի...

Կէսօրէն ետք մեզի այցելութեան կու գայ մեծ եղբօրս փոքր տղան Րաֆֆին։ Գիտէինք որ ան Արարատի գագաթը մագլցելէ ետք Երեւան կը գտնուի։ Արդէն յոյսս կտրած էի, որ Թորոնթօ չվերադարձած մեզի հանդիպելու առիթը պիտի ունենայ։ Երիտասարդները Հայաստանը կը գտնեն չափազանց հետաքրքրական եւ առիթը չեն փախցներ անոր յայտնի թէ քողարկուած անկիւնները յայտնաբերելու։ Կը պատմէ 20 հոգինոց արշաւախումբով Արարատը մաքլցելու իր փորձառութեան եւ ցգացողութիւններու մասին, Անի, Կարս ու Աղթամար այցելութեան մասին եւ ապա Հայաստանի մէջ ինքնաշարժ մը վարձելով հիւսիս, հարաւ, արեւելք եւ արեւմուտք ճամորդութիւններուն մասին իր քանի մը ընկերներուն հետ։ Երկու տարիէն շրջանաւարտ պիտի ըլլայ համալսարանէն եւ կը ծրագրէ իր գիտելիքները օգտագործել Հայաստնի  մէջ... Մինչ այդ կ’աշխատի գալ տարի իր ընտրած ճիւղի գործնական չորս ամիսները անցընել երեւանեան հաստատութեան մը մէջ աշխատելով։ Հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընենք իր խանդավառ պատմութիւններն ու ծրագրերը, որոնց մասին արդէն քանի մը տարի է կը խօսի։ Եթէ սփիւռքահայ երիտասարդութեան մէջ արմատ գտնէ իրենց կեանքը Հայաստնի հետ կապելու գաղափարը, ըստ ինծի, իսկական «յեղափոխութիւնը» այն ատեն կ’իրականանայ... 

Այսօր ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի փաստաբանները որոշեցին բողոքարկել իր  նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ առաջին ատեանի որոշումը։


Հինգշաբթի, 2 Օգոստոս, 2018

Այսօր երեւանցիներ Վահագնը, Մանուշակը եւ Թորոսը երեկոյեան այցելութեան կու գան մեզի։ Խոհանոցի սեղանին շուրջ մտերմիկ զրոյցը կազդուրիչ եւ աւիշ ներարկող ազդեցութիւն ունին մեր վրայ։ Քաղաքականութիւնն ու գրականութիւնը իրար կը հրմշտկեն, որպէս զրոյցի թեմա։ Վահագնի պատմած զուարճալի թէ տխուր պատմութիւնները մեր մեծերու կեանքէն (գրող Մկրտիչ Սարգսեանի զաւակը ըլլալով ան լայն շփում ունեցած է ժամանակի գրողներու , մտաւորականերու եւ քաղաքական գործիչներու հետ), միշտ մեծ հետաքրքրութեամբ կը լսենք։ Իրենց հետ բերած են Թորոս Թորանեանի 90-ամեակին նուիրուած նոր հրատարակուած գրքէն օրինակներ։ Ուշ գիշերին հրաժեշտ կ’առնեն վերադառնալու Երեւան։

 

Ուրբաթ, 3 Օգոստոս, 2018

Այսօր հարսանիքի հրաւիրուած ենք։ Ամուսնացողները՝ Յովիկն ու Դալարն են։ Մեր մեծ տղուն ալ անունը Յովիկ է եւ մեր հարսին անունը՝ Դալար։ Այս զուգադիպութիւնը կը զուարճաացնէ մեզ։ Հրաւիրատոմսը նկարած եւ տղուս եւ հարսիս ղրկած եմ, «Յովիկները Դալարներու հետ կ’ամուսնանան» վերտառութեամբ...

Յովիկը սուրիահայերու զաւակ է, բայց Գանատայի արեւելեան քաղաքներէն Հալիֆաքսի մէջ մեծցած ու քանի մը տարի առաջ ներգաղթած Հայաստան իր ընտանիքին հետ։ Դալարը սուրիական պատերազմին որպէս արդիւնք վերջերս Հայաստան ներգաղթած ընտանիքի զաւակ է։ Հիմա երկուքն ալ հայաստանաբնակ են (Աշտարակ քաղաք եւ Պռոշեան Աւան)։ Պսակադրութիւնը Յովհանավանքի մէջ է իսկ հարսանիքը «Աշտարակ Հոլլ» կոչուող հարսանեկան սրահի մը մէջ։

Յովհանավանքի նման հինաւուրց եկեղեցիներու մէջ կատարուող պսակադրութիւններն ու կնունքները, բոլորովին տարբեր ազդեցութիւն կը ձգեն մեր վրայ։ Հոս ծէսի մը ներկայութեան զգացողութեան կը տիրապետէ պատմութեան մէկ մասնիկը ըլլալու եւ անոր շարունակական բնոյթին վկայ ըլլալու զգացումը։ Մթնոլորտը խորհրդաւոր է։ Խորանը սովորականէն բարձր է, ուստի հարսն ու փեսան խորանին առջեւ զետեղուած քանի մը աստիճանը կը բարձրանան, խորանին վրայ արարողութիւնը կատարող քահանային հասանելի ըլլալու համար։ Խորանին վրայ, հոն ուր ընդհանրապէս սրբապատկեր մը կ’ըլլայ, լուսամուտն է։ Ասուածածնայ սրբապատկերը առաստաղին մօտ լուսամուտէն վեր պատին վրայ ամրացուած է։ Հոս լուսամուտ բառը կը գործածեմ իր բուն իմաստով,- «պատի մէջ բաց թողուած  անցք, որտեղից լոյս է մտնում»։ Խորանը որպէս արդիւնք ընդարձակ եւ օդասուն կ’երեւի։ Քահանան, մեր գիւղերու Տէր Օշինը չէ։ Արարողութենէն վերջ երբ կը մօտենամ իրեն, կ’ըսէ, որ ինքը Տէր Մամփրէն է եւ հիմա ինքն է մեր գիւղերու քահանան...

Ըստ տեղական սովորութեան, շնորհաւորանքները կ’ըլլան խորանին առջեւ։ Ծնողները մաս չեն կազմեր շնորհաւորուողներու շարքին, դժվարացնելով զանոնք գտնելու եւ շնորհաւորելու մեր սովորութիւնը...

Հարսանեկան սրահը նոր է եւ նորաոճ։ Սովորութիւները տեղականի, սուրիահայերու եւ գանատահայերու սովորութիւններուն խառնուրդ են։ Հարսն ու փեսան սրահ կը մտնեն գիւղական թմբուկի հարուածներուն տակ պարելով։ Մեզի սեղանակից հայաստանցիները հարց կու տան թէ սա հայկակա՞ն է։ Հարսանեկան կարկանդակը կը կտրեն սկիզբը,- այս մէկը սուրիահայերու սովորութիւնը կը թուի ըլլալ։ Հոս սովորութիւն եղող հարսի հայկական մենապարը փոքրիկ փոփոխութեամբ դարձած է հարսին եւ փեսային զուգապարը։ Երգիչը սուրիահայ է եւ հետեւաբար երգացանկը քիչ մը տարբեր տեղացի երգիչներու երգացանկէն։ Վարձուած սեղանապետ չկայ, ինչպէս տեղական հարսանիքներուն եւ ոչ ալ երկարապատում կենացներ։ Արաբական երգերը քիչ են իսկ արաբական պարերը զուսպ։ Սեղանները առատ են, սակայն տեղական ուտեստներով։  Հարսանեկան հրաւէրը աբեղեան ուղղագրութեամբ էր...

Ինծի համար այս սովորութիւններու մերձեցումը յուսադրող նշան է։ Չեմ կարծեր, որ սեփական երկրին մէջ, կեթոյական գաղութային մտայնութեամբ ապրիլը քաջալերելի երեւոյթ է։  Կը կարծեմ, որ ժամանակի ընթացքին բոլոր մշակոյթներէն լաւ սովորութիւները կը մէկտեղուին, կը բիւրեղանան եւ կ’արդիականանան...

Լսած եմ, որ գոյութիւն ունի հաստատութիւն, որ աւանդական հայկական հարսանիքներ կը կազմակերպէ։ Անոնք բացօդեայ են, հարսը կարմիր կը հագուի եւ ճաշերը աւանդական են։ Ահա, նման հարսանիքի մը հրաւիրուելու մեծ փափաք ունիմ։


Շաբաթ, 4 Օգոստոս, 2018

Մեր վերադարձէն երկու շաբաթ անցած է արդէն։ Այսօր մեր հարեւանները կը յիշեցնեն, որ զայն չնշեցինք...

Այս գիշեր «բիձձա»ի սեղանին շուրջ բոլորուած հարեւաններով կը նշենք մեր վերադարձը։


Կիրակի, 5 Օգոստոս, 2018

Ամիսներ առաջ լսած էինք նոր փակ շուկայի մը (mall) բացման մասին։ Ան կը կոչուի Րիօ։ Այսօր կ’որոշենք այցելել զայն։

Արեւմտեան չափանիշներով այս շուկան, նոր եւ պայծառ է։ Լսած ենք, որ անոր տէրը Ռուսական քաղաքներու մէջ նոյնանուն շուկաներու ցանց ունի։ Թերեւս անոր համար, մինչ միւս փակ շուկաներուն մէջ ռուսատառ բան չկայ, հոս անգլերէնի եւ հայերէնի կողքին կան ռուսական անուանումներ։ Խանութները նոյն մակնիշի են, ինչպէս միւս շուկաներուն մէջ։ Հրապուրիչ բան չենք գտներ հոս։ Հաւանաբար Երեւանի այս թաղամասին համար կարեւոր է։ Կայ արագ սնունդի ինքնասպասարկման անկիւն, սակայն սրճարան կամ ճաշարան գոյութիւն չունի... 

Լուրերէն կ’իմանանք, որ այսօր Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ «Երեւան Տարազֆեստ» չորրորդ փառատօնը։ Անոր մաս կը կազմէ նաեւ ցուցահանդէս տօնավաճառ...


Երկուշաբթի, 6 Օգոստոս, 2018

Այսօր Աշտարակ կ’իջնենք։ Այլեւս այնքան ընտելացած ենք այս քաղաքին, որ հարկ եղած գնումները, մուծումները եւ զանազան գործարքները կը յաջողցնենք շատ արագ։ Ինչպէս միշտ, տաղտուկ գործերը կատարելէ ետք կը հանգրուանենք Պասկալ Դէօդատօ սրճարանը։ Կարմրաւորի ստորոտը, հաճելի եւ հիւրընկալ մթնոլորտը կը գրաւէ մեզ։


Չորեքշաբթի, 8 Օգոստոս, 2018

Այսօր թորոնթոցի Արան եւ Թամարը, ինչպէս նաեւ իրենց զաւակները՝ Դալինը եւ Արին կրկին կ’այցելեն մեզի։ Երբ կը պատրաստուին տուն վերադառնալ (այո, Երեւանի մէջ տուն ունին արդէն), Արին կ’որոշէ մեզի մնալ այս գիշեր։ Դալինն ալ կը համաձայնի մնալ։ Ծնողները կ’ընդառաջեն...

 

Ոտքով պտոյտի կ’ելլենք մեր գիւղին մէջ։ Ապա կ’որոշենք ինքնաշարժով շարունակել պտոյտը։ Ընթրիքի համար կ’երթանք մօտակայ Ռշտունիք ճաշարանը։ Բարեկիրթ պատանիներ են։ Արին հոգատար եղբայր է...

Այս գիշեր Արին Մարգարի գիշերանոցովը եւ Դալինը իմ գիշերանոցովս անկողին կը մտնեն...

ՀՀ Ազգային ժողովի 45 պատգամաւոր եւ Արցախի Հանրապետութեան 15 պատգամաւոր անցնական երաշխարհաւորագիր կը ներկայացնեն երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի խաբանման միջոցը փոխելու վերաբերիալ, սակայն դատարանը կը մերժէ փոխել անոր կալանքը...

Նախկին վարչապետ՝ Յովիկ Աբրահամեանին պատկանող գործարանի մը մէջ զէնք զինամթերք յայտնաբերած են։ Եղբայրը եւ գործարանի տնօրէնը կը ձերբակալուին...


Հինգշաբթի, 9 Օգոստոս, 2018

Երէկ գիշեր աննախադէպ երգահանդէս մը տեղի ունեցաւ։ Մեր թաղի եւ աւելի հեռաւոր թաղամասերու շուները խօսքերնին մէկ ըրած սկսան հաջել... Անոնք իրարու կ’արձագանգէին եւ երկար ժամանակ չդադրեցան հաջելէ։ Առաւօտեան ժամը չորսին ստիպուած լքեցի անկողինս եւ սկիզբ դրի օրուան աշխատանքներուն...

Առաւօտուն, Արին եւ Դալինը կանուխ կ’առթննան եւ նախաճաշէն ետք բակ կ’ելլեն գնդակ խաղալու։ Հարեւան Ճերմակը կը նկատէ «անծանօթներ»ը մեր բակին մէջ եւ անդադար կը հաջէ։ Դալինը իր անցեալ Հայաստան այցելութեան շան մը յարձակումին ենթարկուած էր, ուստի շատ զգոյշ է... Կը ջանանք հանդարտեցնել Ճերմակը, սակայն այս առաւօտ իր հերթական այցելութիւնը չեղեալ կը նկատենք... Շուտով կը հասնին Արան եւ Թամարը։ Անոնք իսկապէս հոգատար ծնողներ են։ Կը շնորհաւորեմ զիրենք լաւ զաւակներ մեծցուցած ըլլալնուն համար...

Միասին Հին Աշտարակ ճաշարանը կ’երթանք։ Ապա հրաժեշտ կ’առնենք իրենցմէ։

Այսօր վերաքննիչ քրէական դատարանինն է հերթը, քննելու երկրորդ ՀՀ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու հարցը։ Երեկոյեան կ’իմանանք որ քննութիւնը պիտի շարունակուի վաղը...


Ուրբաթ, 10 Օգոստոս, 2018

Սեւրի Դաշնագրի տարեդարձն է։ Թուական մը եւս, որ սփիւռքի մամուլին մէջ չի մոռցուիր, սակայն Հայաստանի մամուլին մէջ անդրադարձ չի գտներ։ Հոս աւելի յաճախ կը յիշեն, համբոյրի միջազգային օրը, պարի միջազգային օրը եւ տառատեսակ միջազգային օրեր, սակայն Սեւրի դաշնագրի տարեդարձը աննկատ կ’անցնի...

Այսօր մեր այցելուները իտալահայ Սուրիկն ու Տիանան են։ Սուրիկը Մարգարի դպրոցական ընկերն է Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարան յաճախելու օրերէն։ Վերջին անգամ իրենց հանդիպած ենք 31 տարիներ առաջ իրենց Լիտօ կղզիի տան մէջ, փոթորկալից գիշեր մը, մեզ հոն տանող նաւուն մէջ բոլորովին թրջուելէ ետք...

Երբեմն տարիներու անջրպետը քանի մը րոպէի ընթացքին կը փարատի։ Շուտով, մտերիմներ ենք արդէն։ Կոմիտասի շուկայի մօտ յարկաբաժին մը ունին եւ յաճախ կու գան հայաստան։ Սուրիկը տակաւին կ’աշխատի (ատամնաբոյժ է), սակայն Տիանան աւելի երկար մնալու առիթ ունի։ Սուրիկը իտալերէնով հաստափոր հատոր մը հեղինակած է Արցախի պատմութիւն (storia del arabagh) անունով։ Կը խոստանայ օրինակ մը տրամադրել մեզի, ստուգելէ ետք, որ Մարգարը իր իտալերէնը չէ մոռցած։ Շատ հաճելի օր մը կ’անցընենք։ 

Կը լսենք որ վերաքննիչ քրէական դատարանը ամսուն 13-ին պիտի յայտարարէ Ռոբերտ Քոչարեանի խափանման միջոցի բողոքարկման իր վճիռը։ Կարծեմ բողոքարկել բառը (պատճառաբանուած բողոք ներկայացնել) արեւմտահայերէնի մէջ գոյութիւն չունի։ Առնուազն իմ ունեցած բառարաներուս մէջ չգտայ...


Շաբաթ, 11 Օգոստոս, 2018

Վահագնը յայտնի գրող Մկրտիչ Սարգսեանի տղան է։ Բծախնդրութեամբ կը հաւաքէ ոչ միայն իր հօր գրածները, այլ եւ անոր մասին գրուածները։ Վերջերս «Ազատ Օր» օրաթերթին մէջ յօդուած մը կար Մկրտիչ Սարգսեանի մասին։ Թերթի այդ թիւը մեր ձեռքը հասաւ Աթէնքէն եկողի մը միջոցաւ։ Այսօր Վահագնը Ստեփանաւան իր ճամբուն վրայ երկու ընկերներու հետ կը հանդիպի թերթը առնելու (վերցնելու պիտի ըսէին հոս)։ Թէեւ կ’աճապառեն (հոս պիտի ըսէին շտապեն), սակայն քանի մը րոպէ կը նստին, բաժակ մը սուրճ խմելու համար։ Կրկին եւ կրկին կը համոզուիմ, որ արուեստագէտի մը վաստակը մոռացութեան չենթարկելու համար, ընտանեկան անդամ մը, կին, զաւակ, թոռ, պէտք է տէր ելլեն անոր ...


Կիրակի, 12 Օգոստոս, 2018

Երիտասարդութեան Միջազգային օրն է, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածնի վերափոխման եւ խաղողօրհնէքի օրը։ Միջոցառումներ կան երկու առիթներով ալ։  Մեր գիւղին մէջ երկու տօներն ալ արձագանգ չեն գտներ, բացի տարուան ընթացքին մահացած մարդոց նուիրուած հոգեճաշերուն, որոնք կը կազմակերպուին ամէն տաղաւար տօներուն...

 

Երկուշաբթի, 13 Օգոստոս, 2018

Այսօր վերաքննիչ դատարանը կալանքէն ազատ արձակեց ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը։ Յատուկ Քնչական ծառայութիւնը,  այս որոշումը ապօրինի որակեց եւ յոյս յայտնեց որ դատախազութիւնը կը բողոքարկէ այս որոշումը։ Վաղը կ’ակնկալուի Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսը, այս ամէնուն մասին։

Նախիջեւանի սահմանը անհանդարտ է։ Կը յայտարարեն, որ հայկական զինուժը պատասխան կրակ բանալու ստիպուած եղած է...


Երեքշաբթի, 14 Օգոստոս, 2018

Աշտարակի շուկայէն վերադարձին, անակնկալ կերպով կ’որոշենք փորձել «Հայաթ» սրճարանը, որուն առջեւէն ամէն անգամ որ անցնինք, օր մը հոն երթաու մասին կը խօսինք։ Սրճարաններու յայտնութիւնը Աշտարակի մէջ, կը խանդավառէ մեզ։ Ի վերջոյ մարզային կեանքը քիչ մը մայրաքաղաքին նմանցնելու քայլ կը նկատենք։

Թրքերէնով «հայաթ» բառին իմաստներէն միայն մէկը ծանօթ է հոս եւ շատ յաճախ կը գործածուի։ Սրճարանը բացօդեայ է, ուրեմն «բակ» ըսել կ’ուզեն։ Շատ քիչեր գիտեն, որ «հայաթ»ը հայերէն չէ...

Շատ գեղեցիկ ձեւով ձեւաւորուած տաղաւարները տպաւորիչ են։ Սպասեակը կ’ըսէ, որ թէեւ ան նոր վերանորոգուած է, սակայն գոյութիւն ունեցած է երկար ժամանակ... Պարզապէս մենք չենք նկատած զայն։ Երեւի անոր նախկին գոյութիւնը տղամարդոց հաւաքավայր եղած է...Ճաշացանկը սահմանափակ է։ Ան ճաշարան ըլլալէ աւելի սրճարան- գարեջրատուն է։ Զարմանալի է երաժշտութիւնը։ Ան դասական է... Հայաստանի տարածքին մեզի հանդիպած ճաշարաններէն առաջինն է դասական երաժշտութեամբ...

Տեղւոյն վրայ կ’որոշենք, որ մեր ուշեցի հարեւանները  պէտք է հրաւիրենք հոս իրենց ծանօթացնելու իրենց իսկ շրջապատին...

Կէսօրէն ետք այցելութեան կու գան թորոնթահայեր Վարդանը եւ Այտան ինչպէս նաեւ շատոնց երեւանցիներ Գէորգը եւ Սիլվան։ Կիւմրիէն կը վերադառնան։ Կը պատմեն, որ գացած էին Չէրքէզի Ձոր ձկնաբուծարան- ճաշարանը։ Այս ճաշարանին մասին բազմիցս լսած ենք, սակայն տակաւին չենք այցելած։

Այսօր, Էրեբունի-Պլազա կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենար երկրորդ ՀՀ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսը, սակայն անոր ժամանումէն առաջ, խումբ մը ցուցարարներ ներխուժեցին դահլիճ յայտարարելով, որ իրենց նպատակը ասուլիսը տապալելն է։ Անոնք յաջողեցան իրենց նպատակը իրականացնել... Ըստ լրատուամիջոցներուն, ցուցարաները «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան մօտիկ անձեր էին... Անկեղծօրէն, առնուազն ես, հետաքրքրուած էի լսելու Քոչարեանի բացատրականները։ Թէ ինչո՞ւ որոշեցին լռեցնել Քոչարեանը, ինծի համար հասկնալի չէ։


 Չորեքշաբթի, 15 Օգոստոս, 2018

Այսօր ծրագրած ենք այցելել Արմաւիրի Այգեշատ գիւղը։ Վալդերի քոյրը՝ Լիլիան, շատոնց հոն հարս գացած է։ Տարիներ առաջ քանի մը անգամ եղած ենք հոն եւ շատ լաւ տպաւորուած։ Լիլիայի ամուսինը Ազգանազը, անգամ մը մասնաւոր թոյլատուութեամբ մեզ տարած է Արաքսի ափը եւ ուրիշ անգամ մը, Երուանդաշատ գիւղի մօտ, Ախուրեանի խառնարանը։ Այս հիւրասէր ընտանիքը, ուր չորս սերունդներ կ’ապրին նոյն երդիքին տակ միշտ լաւ ընդունած է մեզ։ Կայ Ազգանազի մայրը՝ Մարգուշը, Ազգանազն ու Լիլիան, իրենց տղաները՝ Վարդանն ու Մնացականը, Վարդանի կինը՝  Հայկուհին եւ իրենց զաւակները Լիլիան եւ Վաչականը։ Այս  չորս սերունդներու համակեցութիւնը իսկապէս գրաւիչ կը գտնեմ։


Անոնց տնամերձ այգին հիանալի է։ Խաղողի ողկոյզները կախուած են սարբինաներէն։Ազգանազը կը զբաղի այգեգործութեամբ (այսինքն խաղողագործութեամբ)։ Կ’ըսէ, որ այս ե

ղանակին 40 աշխատաւոր ունի իր 20 հեկտար խաղողի այգիները մշակող...



Լիլիան անմիջապէս կ’երթայ տնամերձ այգին եւ սաբինային տակ նստած կը ճաշակենք թուզ եւ խաղողի զանազան տեսակներ։ Ճաշասեղանին համար նոյն այգիէն կը քաղեն սմբուկ, պղպեղ եւ լոլիկ։ Ապրելու այս եղանակը շատ թիւր կու գայ մեզի։ Երեք տարեկան Լիլիան խօսուն, խելացի աղջիկ է եւ մեզ կը զբաղեցնէ իր զուարթ եւ սրամիտ խօսակցութեամբ։ Մարգարին հետ գիւղամէջ կ’երթան պտոյտի եւ կը պատմեն, որ այցելած են գիւղի մանկապարտէզը...

 

Շատ հաճելի օր մը կ’անցընենք։

 

 

Հինգշաբթի, 16 Օգոստոս, 2018

 

Այսօր մեր հիւրը երեւանցի Անին է։

 

Երեկոյեան «Երկիր Մեդիա» հեռատեսիլի կայանէն կը լսենք Ռոբերտ Քոչարեանի հարցազրոյցը։ Ուրախ եմ, որ առիթը կը տրուի, որ ան ներկայացնէ իր տեսակէտը։ Ան իր դէմ յարուցուած գործը կ՛որակէ «վենտեդա», կը քննադատէ ներկայի իշխանութիւնները եւ կը յայտարարէ իր վերադարձը քաղաքականութիւն։ Ան չի խուսափիր ռուսամէտ կարծիքներ արտայայտելէ եւ կը հերքէ բազմաթիւ դրամատուներու, ընկերութիւններու, խանութներու, հանքերու, շէնքերու եւ գործարաններու իրեն պատկանելու պարագան... 


Ուրբաթ, 17 Օգոստոս, 2018

Այսօր Վարչապետ Փաշինեանի վարչապետութեան 100-երորդ օրուան առիթով, կազմակաերպուած է հաւաք Հանրապետութեան հրապարակին մէջ։ Վարչապետը կոչ ըրած էր հրապարակ հասնիլ երթերով, քաղաքի զանազան ծայրամասերէն։ Ան կրկին իր տարերքին մէջ է։ Այս երթերէն մէկուն առաջատարը նոյն ինքն է...

Հրապարակը բազմամարդ է։ Վարչապետը միակ խօսողն է։ Անոր ճառը երկարաշունչ է եւ կ’ընդհատուի ծափահարութիւններով։ Դէմքին վրայ յաճախ ցոլացող ժպիտը, «տեսէք ինչպէ՞ս յաջողցուցի...»-ի յոխորտանք կը թուի ինծի։ Հակառակ հակայեղափոխական դասուելու վտանգին, ստիպուած եմ անկեղծ ըլլալու օրագրիս հետ։ Կը յիշեմ որ տարիներ առաջ երբ արձակուրդի գացած էինք Գուպայի լողափներէն մէկը, մէկ օրով մասնակցեցանք դէպի մայրաքաղաք Հաւանա շրջապտոյտին։ Այս գեղեցիկ քաղաքի զանազան տեսարժան վայրերու կողքին մեզ տարին հսկայ հրապարակ մը, ուր պատմեցին, որ այն ժամանակ նախագահ Ֆիտէլ Քասդրոն բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան երկարաշունջ ( ըստ մեր զբօսավարին 3-4 ժամ տեւող) բոցաշունչ ճառեր կը խօսէր։ Այսօրուան հաւաքը ինծի յիշեցուց ոչ միայն այդ այլ եւ սփիւռքի մէջ մեր ստացած «Գարուն» եւ «Սովետական Գրող» գրական հանդէսներու առաջին մէկ երրորդին մէջ տպուած այս կամ այն խորհրդային քաղաքական գործիչի երկարաշունչ ճառը, որոնք անշուշտ երբեք չեն արժանացած իմ կողմէս ընթերցանութեան...

Իմ հասկցած ժողովրդավարութանս մէջ, ժողովուրդը իր կամքը կ’արտայայէ ընտրութիւններու միջոցաւ եւ ոչ թէ հրապարակներու մէջ գոռում գոչումով... Անոր կը մասնակցին երկրի բոլոր չափահաս քաղաքացիները եւ ոչ թէ անոնց մէկ տասներորդը... Ժողովուրդը կ’ընտրէ իր ղեկավարները լուռ ոչ թէ անոր անունը վանկարկելով։  Լսեցինք, որ Արցախի հետ կապուած որեւէ որոշում պիտի վաւերացնէ հրապարակը։ Արդեօ՞ք վարչապետի նախատեսած սահմանադրական փոփոխութիւննե՞րն ալ պիտի վաւերացնէ հրապարակը։ Միթէ՞ Ազգային Ժողովը փողոցով փոխարինելը ժողովրդավարական է...Յայտնի է, որ ժամանակներէն ետ մնացած եմ... Պարզապէս հասկնալէ դադրած եմ... Ինչպէս մեր վարչապետը կը սիրէ յաճախ յիշեցնել, կարգավիճակը փոխուած է եւ ես չեմ «ատապդատուած» (ըսել կ’ուզէ յարմարած)... Որեւէ անհամաձայնութիւն իր տեսակէտին հետ կ’ընդունուի «դուք իրավիճակին չէք տիրապետում» քննադատութեամբ...

Վարչապետի յայտարարութիւնները բազմաթիւ էին։ Ամբոխավարութիւնն ու հրետորութիւնը չկրցան քողարկել որոշ մտահոգիչ գաղափարներ։ Զիս մտահոգեցին կտրուկ հաստատումները, որոնք քանի մը ամսուան ընթացքին իրականացնելը անհաւանական թուաց ինծի։  Օրինակ,  «Հայաստանում Կորուպցիա չկայ» յայտարարեց մեր վարչապետը։ Իսկ իմ հարեւաններս տակաւին կը խօսին հիւանդանոցներու մէջ շարքի կեցած բուժքոյրերու մասին, որոնք «մաղարիչ»ի կը սպասեն... Բժիշկներու մասին, որոնք մայրանալու պատրաստուող կիներուն ակնկալուող երախայի սեռը կը յայտնեն դրամի փոխարէն միայն... Մեր բարեկամներէն մին, տակաւին չէ կրցած արձանագրել իր քանի մը տարի առաջ կառուցած տունը քատաստարյին քաշքշուքներու պատճառաւ։ Վարորդ Հրայրը սակայն, կ’ըսէ, որ մեծ փոփոխութիւն կայ ճանապարհային ոստիկանութեան վարուելակերպին մէջ, դէպի լաւը... Փոփոխութիւններ կան անշուշտ, բայց ո՞վ կրցած է կարճ ժամանակի մէջ յաջողցնել ամէն ձեռնարկուած բաելաւում...

Այսոր, «Հետք» լրատուական կայքէջին վրայ կը կարդամ «Միասին Բացայայտենք երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի ընտանիքի ունեցուածքը» վերնագրով յօդուած մը, ուր կը խնդրուի ընթերցողներէն օգնել, որ Քոչարեանի ունեցուածքը յայնաբերեն։ Կը ներկայացնեն 28 տարբեր  ունեցուածքներու ցանկ մը, ուր երկրորդ նախագահը ամբողջական կամ մասնակի բաժին ունի։ Ես անձնապէս գիտեմ, անոնցմէ ոմանք հաւաստի չեն, ուստի զարմանքով կը կարդամ այս յօդուածը։ Անպայման, ամէն գնով Քոչարեանը սեւցնելու այս մօտեցումը կը գտնեմ վատառողջ։ Արդեօոք ի՞նչ կը հետանդէ յօդուածագիրը, հրատարակելով ցանկ մը, որ տակաւին չէ հետաքննուած կամ փաստուած...

 

Շաբաթ, 18 Օգոստոս, 2018

Կ’ենթադրեմ, որ Հայաստանի տարածքին միակ բանջար (swiss chard) աճեցնողներէն ենք։ Այս բանջարեղէնը հոս ծանօթ չէ։ Այս տարի կրկին մեր բերքը պատկառելի է։ Այսօր անոր մէկ մասը ամբարելով կը զբաղուիմ։ Տասը տարի ետք, երկու տարբեր հարեւաններ առաջին անգամ ըլլալով փափաք յայտնեցին անոր հունտէն (հոս պիտի ըսէին սերմէն) ունենալու մասին... Նման նորութիւններ դանդաղ կ’ընկալուին...


Կիրակի, 19 Օգոստոս, 2018

Այսօր մեր հարեւանները կը հրաւիրենք կիրակնօրեայ զբօսանքի, մեր նոր գտած «Հայաթ» գարեջրատունը։ Ճաշացանկը չափազանց սահմանափակ է, սակայն մթնոլորտը կը գնահատուի ամէնուն կողմէ։ Մեր նստած տաղաւարին մէջ դասական երաժշտութիւնը, որ յատուկ է այս սրճարանին, չի լսուիր, սակայն բարեհամբոյր սպասեակը (հոս պիտի ըսէին մատուցողուհին) եւ մեր կիրակնօրեայ տրամադրութիւնը պատճառ կ’ըլլան, որ զուարթ յետմիջօրէ մը անցընենք։ Մարզերուն մէջ, ընդհանրապէս, սրճարանները տղամարդոց տարածքն են։ Մարզային կարծրատիպ մը քանդած ըլլալու մեր հաւակնութիւնը սակայն կը ցնդի, երբ մեր քովի տաղաւարներէն մէկուն մէջ տարեդարձի տօնակատարութեան մը համար կը հասնին ընտանիքներ...

Վալդերի թոռը՝ Հայկը, այսօր կը դառնայ 4 ամսական։ Երեկոյեան իրենց կ’երթանք նշելու այս հանգրուանը։ Ամսեդարձի թխուածքը, յատուկ մակագրութեամբ, մարտկոցներով օժտուած պլպլացող փուչիկները, երախայի հողաթափի ձեւով շաքարեղէնը,  Հայկի հանդերձանքը (տղամարդու շապիկ եւ տափատ, թիթեռնիկ փողկապ), յատուկ կը դարձնեն այս նշումը։

Կը լսեմ, որ այսօր Երեւանի Կարապի լիճի յարակից տարածքին մէջ տեղի կ’ունենայ գարեջուրի ամենամեայ հինգերորդ փառատօնը։


Երկուշաբթի, 20 Օգոստոս, 2018

Քամին (մենք պիտի ըսէինք սաստիկ հովը), անողոք է մեր այգիի միրգերուն հանդէպ։ Ամէն առաւօտ Մարգարը ծառերուն տակէն կը հաւաքէ դեռ բոլորովին չհասունցած խնձորները։ Մեր համագիւղացիները զանոնք կը նկատեն ոչ պիտանի։ Լաւագոյն պարագային անոնք կովերուն կեր կը դառնան։ Այսօր զանոնք խնձորի անուշի վերածելու փորձ մը կ’ընեմ եւ այս փորձս յաջողութեամբ կը պսակուի... Յաջորդ փորձը զանոնք չիրի վերածելն է...

Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը այսօր բողոք ներկայացուց Վճռաբեկ դատարան, երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոջարեանի Վերաքննիչ դատարանի հրամանով ազատ արձակուելու կապակցութեամբ։


Երեքշաբթի, 21 Օգոստոս, 2018

Այսօր զանազան պետական պաշտօնեաներ կը ներկայացնեն իրենց 100 օրուան գործունէութեան զեկոյցը։ Ապշած եմ։ Այնպիսի յայտարարութիւններ կ’ընեն, որ շշմեցուցիչ կը գտնեմ։ Ոստիկանապետը կը յայտարարէ, որ այլեւս ոստիկանութեան մէջ «կորուպցիա» (փտախտ) չկայ...  Արդարադատութեան նախարարը կը յայտարարէ, որ բանտարկեալները այլեւս մոլախաղերով չեն զբաղուիր եւ նման կտրուկ յայտարարութիւններ։ Կամ իսկապէս հեշտ է նման լուծումներ գտնելը եւ մեր պետութեան դիմագրաւած խնդիրները մէկ յարուածով լուծելի են քաղաքական կամքի գոյութեան պայմաններուն մէջ եւ կամ այս յայտարարութիւները չափազանցուած են...


Չորեքշաբթի, 22 Օգոստոս, 2018

Կ’ըսեն որ դեղձի ծառերը տոկուն չեն։ Անոնց կեանքը միւս ծառերուն նման երկարատեւ չէ։ Թերեւս այս պատճառով,  գիւղին մէջ դեղձի ծառերը բազմաթիւ չեն...

Մեր հինգ դեղձի ծառերը 11 տարեկան են, սակայն կը շարունակեն առատ եւ հիւթեղ բերք տալ։ Երբեք դժուարութիւն չենք ունեցած զանոնք տեղաւորելու մէջ։ Մեր Հարեւանները սիրով կը տանին քանի մը տոպրակ, հիւթ եւ չիր պատրաստելու համար։  Երեկոյեան քամին վար կ’առնէ անոնցմէ հասունցածները։ Մարգարը օրական քանի մը անգամ կը հաւաքէ զանոնք, մրջիւններուն կեր չդարձած... Քանի մը աման կորիզահանեցի եւ քանի մը րոպէ եռացնելէ ետք, պաղ ջուրին մէջ դնելով կեղուեցի։ Կեղեւէն ձերբազատուելու այս ձեւը համացանցին վրայ գտած եմ։ Գիւղին մէջ, ոչ մէկը կ’ուզէ այս միջոցով  կեղուել դեղձերը։ Կը նախընտրեն հատ առ հատ դանակով կեղուել... Կեղուուած դեղձերը, յատուկ բաղադրատոմսով կ’եփեմ եւ կը սառեցնեմ, ձմեռը թխուածք պատրատելու համար (peach cobbler)... Այս տարի որոշած եմ դեղձի չիր չպատրաստել։ Անցեալ տարի պատրաստածս դեռ չեմ սպառած...  

Այս տարի մեր կաղնիները եւս լաւ բերք տուին։ Զանոնք այսօր հաւաքեցինք։ Եթէ երկար մնան ծառերուն վրայ, կաղինները կը թափին եւ դաշտային մուկերու եւ կաչաղակներու կեր կը դառնան... Կաղանդի սեղանի կաղինը ապահովուած է։ Հոս կաղինը կը կոչեն իր արաբական անունով՝ պնտուկ... Աղայեան բառարանին մէջ կը գտնեմ նաեւ տկողին բառը, որուն գործածութիւնը երբեք չեմ լսած...


Հինգշաբթի, 23 Օգոստոս, 2018

Այսօր 28-երորդ տարեդարձն է «Հռչակագիր Հայաստանի Անկախութեան մասին» անունով փաստաթուղթի վաւերացման։ Ազգային Ժողովի նախագահը, ինչպէս նաեւ վարչապետը, հանդէս կու գան յայտարարութիւններով, կարեւորելով զայն, որպէս «Հայոց անկախ պետականութեան վերականգման ուղի ոտք դնելու» փաստաթուղթ։


Ուրբաթ, 24 Օգոստոս, 2018

Այսօր հինգերորդ անգամ ըլլալով՝ Կասկատի առաջ, տեղի պիտի ունենայ «Գութան» ազգագրական երգի եւ պարի փառատօնը։ Ասկէ առաջ ներկայ չենք եղած, ուստի կ’որոշենք քաղաք իջնել եւ ներկայ ըլլալ։

Ճամբուն վրայ կը հանդիպինք սուրիահայ Սարգիսին եւ Սիլվային տունը, այժմ արդէն երեւանցիներ։ Մեր այգիի դեղձերէն բաժին հանած ենք իրենց։ Ձերմ եւ սիրալիր ընդունելութենէ ետք, կ’երթանք մեր յարկաբաժինը։

Երեկոյեան ժամը 7։30-ին Կասկատ ենք։ Արդէն քանի մը թաղ անդին կայանուած ինքնաշարժներու բազմութնէն կը կռահենք, որ մեծ թիւով ներկաներ պիտի ըլլան։ Երկու տասնեակէ աւելի ազգագրական պարախումբեր եւ երգչախումբեր ելոյթ պիտի ունենան։ 

Կասկատի շուրջ գտնուող ճաշարաններու բացօդեայ սեղանները արդէն գրաւուած են։ Սեղաններէն մէկուն մօտ կը տեսնենք Պաղտատեան ընտանիքը։ Կը միանանք իրենց։

Փառատօնը այս տարի նուիրուած է Հայաստանի Առաջին  Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Ձեռնարկը կը սկսի Կոմիտասի ձայնով, հորովելով, ապա ցուցադրուած տեսերիզը կը կեդրոնանայ հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի կեանքին եւ գործին վրայ։ Ապա կը սկսին տարբեր խումբերու ելոյթները։ Ակնյայտ է, որ փառատօնը ունի ուսուցողական թեքում։ Մթնոլորտը սակայն չի ներեր, որ այդ միտումը փոխնցուի ներկաներուն։ Խօսքերը, տեղ չեն հասնիր... Մարդիկ եկած են զուարճանալու եւ ոչ թէ սորվելու... Ուստի խօսքերը եւ ուսուցողական տեսերիզները ըստ ինծի տեղ չեն հասնիր...

Վերադարձին կը հանդիպինք «Մեղեդի» սրճարանը ընթրիքի։ Նոյնիսկ Կասկատէն այս հեռաւորութեան վրայ սրճարանները չափազանց զբաղ են։ Ուշ ժամուն իսկ, քաղաքը եռուզեռի

Լուրերը ողողուած են Գերմանիայի վարչապետ Անճելա Մերկելի հայաստան այցի մանրամասնութիւններով։ Արդիւնքները առաջին հայացքով այնքան ալ նշանակալից չեն երեւիր... Երեւանը առաւօտուն շատ ուշ կ’արթննայ, բայց գիշերը չ’ուզեր քուն մտնել...


Շաբաթ, 25 Օգոստոս, 2018

Կ’արթննանք Երեւանի մէջ։ Առիթէն օգտուելով նախաճաշի կ’երթանք «Դիձիանօ» սրճարանը, ուր նախաճաշելը հաճելի կը գտնենք։ Ուշիի  մէջ նման առիթներ չունինք... Սակայն Ուշի վերադառնալու կը շտապենք, ինչպէս միշտ։


Կիրակի, 26 Օգոստոս, 2018

Մինչ մեր հարեւանները զբաղած են ձմրան համար միրգ եւ բանջարեղէն «փակել»ով, մենք արդէն գտած ենք, որ հոս ալ ձմրան ամիսներուն կարելի է գտնել թարմ բանջարեղէն եւ միրգ, թէեւ քիչ մը աւելի սուղ։ Ձմրան համար միայն երկու բանջարեղէն կը պահածոյացնենք,- կարմիր կծու պղպեղ եւ լոլիկ։ Առաջինով մածուկ կը պատրաստենք ճաշերուն մէջ օգտագործելու համար, իսկ երրորդը կրկին լոլիկով ճաշեր պատրաստելու համար։

 


Կը սերիմ այնթապցի ծնողներէ։ Մեր ճաշերը կծու երանգներ ունին... Այսօր կը հասնի կծու կարմիր պղպեղի առաջին 20 քիլոն։ Կ’անցնիմ գործի հաստ ձեռնոցներով պաշտպանուելէ ետք, չայրուելու համար...


 Երկուշաբթի, 27 Օգոստոս, 2018

Լսած ենք, որ Կոմիտաս փողոցի «Երեւան Սիթի» գերշուկան ամէնէն ընդարձակն է այս գերշուկաներու ցանցին մէջ եւ ամէնէն լաւ պարենաւորուածը, բայց եբեք չենք այցելած զայն։ Քիչ մը յուսախաբ, որ մեր սովորական մասնաճիւղը, «Տալմա Կարդըն Մոլ»ի մէջ փոքրացուցին եւ տեսականին զգալիօրէն նուազեցուցին, կ’որոշենք այս մասնաճիւղը այցելել։

Տեսականին մեզ յուսախաբ չ’ըներ, սակայն շուկան այնքան ընդարձակ է, որ մեր ուզած մթերքը ձեռք ձգելու համար մղոններով պէտք է քալել։ Յոգնած՝ կ’որոշենք, որ այս շուկան մեզի համար չէ։ Անծայրածիր ապրանքներով բեռնաւորուած անցքերը շրջիլը թէ ժամանակի վատնում է եւ թէ ալ տաղտկալի։


Երեքշաբթի, 28 Օգոստոս, 2018

Վալդերը զիս Երեւան տարաւ, որպէսզի մեր յարկաբաժինը պատրաստեմ Սեպտեմբերի 1-ին հասնող հարսիս՝ Գայանէին եղբօրը Սէրուժին։ Առիթէն օգտուելով կէսօրուան ճաշի կ’երթանք Հիւսիսային Պողոտայի վրայ գտնուող La Piazza իտալական ճաշարանը։ Փոքր տղուս՝ Վազրիկին սիրած ճաշարաններէն մէկն է։ Կէս ժամուան ընթացքին, երկու օտար զբոսաշրջիկային խումբ կ’անցնի պողոտայէն։ Հեռաձայներու ընձեռած նկարելու դիւրութենէն լայնօրէն կ’օգտուին բոլորը, նկարելով ամէն ինչ։ Եղանակը իսկապէս զբօսնելու յարմար է։ Տաք է բայց ոչ հեղձուցիչ։ Երեւանը իսկապէս լաւ ժամանակ անցընելու կարելիութիւններով օժտուած քաղաք է։ 

Կը հանդիպինք նաեւ եղբօրս՝ Լեւոնին յարկաբաժինը, իրենց սառնարանին մէջ քանի մը պատառ ուտելիք զետեղելու համար։ Ինքը եւ կինը՝ Անին թորոնթոյէն կը հասնին Օգոստոսի 30-ին։ Մեր պարտականութիւնները կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ կը վերադառնանք Ուշի։


Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոս, 2018

Որպէս արդիւնք Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաժարականին, Սեպտեմբերի 23-ին տեղի պիտի ունենան քաղաքի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները։  Այսօր կ’իմանանք, որ 9 կուսակցութիւն եւ 4 Դաշինք յայտ ներկայացուցած են մասնակցելու ընտրութիւններուն։ Կուսակցութիւններէն ոմանց անունները առաջին անգամ կը լսեմ, ոմանք ալ արդէն պատմութեան անցած են կը կարծէի բայց այս առիթով յարութիւն առած են... Դժուար է գլուխ հանելը թէ ո՞վ որու հետ է... Իսկական շիլաշփոթ (խառնաշփոթ) պիտի ըսէին հոս։ Վարչապետ Փաշինեանի Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութիւնը կը մասնակցի «Իմ քայլը» նոր դաշինքով, որուն մաս կը կազմէ «Առաքելութիւն» կուսակցութիւնը, որ ներկայիս խորհրդարանին մէջ «Ծառուկեան» Դաշինքին մաս կը կազմէ։ ՀՀՇ-ի (Հայոց Համազգային Շարժում) առաջին դէմքը ներկայիս խորհրդարանի «Ծառուկեան» դաշինքի պատգամաւոր է։ «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւները, որոնք խորհրդարանին մէջ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան հետ «Ելք» դաշինքին մաս կը կազմեն, քաղաքային ընտրութիւներուն կը մասնակցին «Լոյս» դաշինքով։  Առաջին դէմքերուն մէջ քաղաքական գործիչներու կողքին կան դերասան, բենադրիչ, ճարտարապետ...

Ինծի համար անհասկնալին այն է, որ թէեւ Երեւանի աւագանին կը բաղկանայ 65 անդամներէ, քաղաքական ոյժերու կողմէ հրատարակուած թեկնածուներու ցուցակները երբեմն կ’անցնին 100-ը։ Նոյնիսկ քուէներու 100 տոկոսը ստանալու պարագային անոնցմէ միայն 65-ը կրնան դառնալ աւագանիի անդամ...  

 

Հինգշաբթի, 30 Օգոստոս, 2018

Այսօր եբայրս՝ Լեւոնը եւ կինը՝ Անին Հայաստան կը հասնին։ Ինչպէս միշտ, հարազատներու ժամանումը կ’ակնկալենք անհամբերութեամբ։ Այս տարի իրենց երկրորդ այցելութիւնն է։ Մայիսին ալ հոս էին։ Բախտաւոր ենք, որ մեր հարազատները յաճախ կ’այցլեն Հայաստան։


Ուրբաթ, 31 Օգոստոս, 2018

Մեր Հոնի ծառերը տակաւին պտուղ չեն տուած։ Պատճառը մեզի յայտնի չէ։ Մեր համագիւղացի Յասմիկը սակայն, ամէն տարի իր հոնի բերքէն բաժին կը հանէ մեզի։ Հոս հոնը կը գործածուի երկու ձեւով,- անուշ շինելու եւ չորցնելու, ձմեռը թէյի նման օգտագործելու համար։ Երկու պարագաներուն ալ ան չի կորիզահանուիր։ Ես կը նախընտրեմ կորիզահանել եւ չիրի վերածել զանոնք, աղցաններու մէջ օգտագործելու համար։ Կորիզահանումը բաւական դժուար է եւ երկար ժամանակ կ’առնէ։ Այսօր Յասմիկին բերած հոները կը ջանամ կորիզահանել...  Մէկ ափսէ պատրաստելէ ետք, տեղի կու տամ, եւ մնացածը անուշի կը վերածեմ, առանց կորիզները հանելու...

Ի դէպ, այս պտուղին անծանօթ էինք մինչեւ հայաստան գալը, ուստի չեմ գիտեր, որ այլ լեզուներով ի՞նչ կը կոչուի։ Հայերէնէն անգլերէն բառարաներուն մէջ չգտայ զայն։ Համացանցի վրայ պրպտումներս յանգեցան անոր որ թերեւս կը կոչուի dogberry։

Այսօր, Ֆրէզնոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ուիլեամ Սարոյեանի Տուն- Թանգարանի բացումը։ Լրատուամիջոցները լայն տեղ կու տան այս իրադարձութեան։

 


Էլիզ Շարապխանեան

Ուշի