image

Մոհամետ Մարգարէի քիչ ծանօթ հրովարտակը՝ տրուած Երուսաղէմի հայոց Պատրիարքին

Մոհամետ Մարգարէի քիչ ծանօթ հրովարտակը՝ տրուած Երուսաղէմի հայոց Պատրիարքին

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Տարիներ շարունակ լսած էի, որ գրաւոր հաղորդակցութիւն եղած է Մոհամետ մարգարէի եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան միջեւ, սակայն ոչ մէկ փաստաթուղթ տեսած էի այդ մասին:

 

Երկու ամիս առաջ ՊԷյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդացի դոկտ. Կարպիս Հարպոյեանի (Մոնրէալ, Գանատա) գրած հետաքրքրական յօդուածը, ուր ան բացայայտած էր Մոհամետ մարգարէի եւ Երուսաղէմի այդ օրերու Հայոց պատրիարքին ու անոնց յաջորդներուն միջեւ հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները:

 

Դոկտ. Հարպոյեան նշած էր իր աղբիւրները՝ Կրեկորի Գրիգորեանի «Հայկական ասեղի անցքով» գիրքը, հրատարակուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, 2002 թուականին: Գրիգորեան յայտարարած էր, որ իր գիրքը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի կողմէ 1931ին հրատարակուած Տիգրան Սայալանեանի 1385 էջնոց «Երուսաղէմի պատմութիւն» երկհատորեակի անգլերէն թարգմանութեան ամփոփ պատմութիւնն է: Դոկտ. Հարպոյեան նաեւ նշած էր, որ ինք վերջերս տեսած է Պեզալել Նարկիսի, Մայքլ Է. Սթոնի եւ Աւետիս Սանճեանի հեղինակած «Երուսաղէմի հայ արուեստի գանձերը» գիրքը, հրատարակուած Նիւ Եորքի մէջ 1979 թուականին, որ կը ներառէր Հայոց պատրիարքութեան տրուած Մոհամետ մարգարէի հրովարտակը: 

 

Հայոց պատրիարքարանը Երուսաղէմի մէջ հիմնադրուած է մօտաւորապէս 2000 տարի առաջ: 301 թուականին, քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք, մեծ թիւով հայեր ուխտագնացութիւն կատարած էին դէպի Երուսաղէմ: 420 թուականին անոնք կառուցած էին Սուրբ Յակոբ միաբանութեան մէկ մասը: Վեցերորդ դարուն հայերը Երուսաղէմի մէջ արդէն կառուցած էին 66 կրօնական հաստատութիւններ:

 

626 թուականին Երուսաղէմի Հայոց Աբրահամ պատրիարքը, տեսնելով իսլամութեան ընդլայնման եւ նուաճման վտանգները, 40 նշանաւոր հայերէ կազմուած պատուիրակութեան մը հետ մեկնած է Մեքքա իսլամական սուրբ քաղաքը՝ Մոհամետ մարգարէի հետ տեսակցելու եւ անոր պաշտպանութիւնը ապահովելու համար:

 

Դոկտ. Հարպոյեան տեղեկացուցած է, որ մարգարէն հայ հիւրերուն ընդունած էր սիրով, յարգանքով եւ ազնուութեամբ ու լսած Աբրահամ պատրիարքի առաջարկները: Հայկական պատուիրակութիւնը յայտնած էր իր հպատակութիւնը մարգարէին, անոր հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը եւ խնդրած էր անոր պաշտպանութիւնը:

 

Հանդիպման աւարտին Մոհամետ մարգարէ հրապարակած է հրովարտակ, ուր կ՛ըսուէր. ««Ես՝ Մոհամետ, որդի Ապտուլլահի, մարգարէ եւ առաքեալ Աստուծոյ, կը յարգեմ Աբրահամ պատրիարքը, կը պատուեմ զինք եւ Երուսաղէմի, Դամասկոսի ու Արաբիոյ շրջակայ վայրերու բոլոր արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները եւ քահանաները, այլ խօսքով` այն ժողովուրդները, որոնք ենթակայ են Երուսաղէմի, այսինքն՝ եթովպիացիները, ղպտիները եւ ասորիները։ Կը ճանչնամ եւ կ՛երաշխաւորեմ անոնց վանքերը, եկեղեցիները, կրթութեան կեդրոնները, կալուածները եւ հողերը: Ես` Մոհամետ մարգարէն, Աստուծոյ եւ իմ շուրջ գտնուող 30 անձերու վկայութեամբ կը շնորհեմ իմ հովանաւորութիւնը եւ պաշտպանութիւնը եւ կը բաժնեմ իմ ողորմութիւնը հայոց եկեղեցիներուն, ուր որ ալ գտնուին անոնք` Երուսաղէմի ամբողջ տարածքին, Քրիստոսի սուրբ գերեզմանին, Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին, Բեթլեհէմի եկեղեցիին, բոլոր աղօթատեղիներուն, մենաստաններուն, Գողգոթայի ճամբուն եւ սրբատեղիներուն մէջ: Նաեւ կ՛ապահովեմ եւ կը վստահեցնեմ, որ իմ պաշտպանութիւնը կը տարածուի նաեւ քրիստոնեայ բլուրներու, հովիտներու եւ քրիստոնեաներու եկամուտի հաստատութիւններու վրայ: Այս բոլորը կը յայտարարեմ իմ մարգարէի անունով եւ իմ հաւատացեալ մահմետականներու անունով»։

 

Մոհամետ մարգարէ յանձնարարած էր իր հետեւորդներուն՝ յարգել իր հրովարտակը եւ գործադրել անոր բոլոր մանրամասնութիւնները: Այդ հանդիպման ներկայ էր Խաթապի որդի Օմար, որ յաջորդեց մարգարէին եւ հրատարակեց նոյնանման հրովարտակ մը՝ հաստատելով մարգարէին հրովարտակը:

 

Այսպիսով, մարգարէի հրովարտակը դարձաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կարգավիճակը հաստատող առաջին պաշտօնական փաստաթուղթը: Ցաւօք, հրովարտակի բնագիրը գոյութիւն չունի պատրիարքարանի արխիւին մէջ: Սակայն այս հրովարտակի դեղնաւուն պատճէնը կը գտնուի պատրիարքարանի «Մարտիկեան» թանգարանը:

 

634 թուականին, երբ Օմար ստանձնեց խալիֆայութիւնը, ան Ապու Օպէյտը նշանակեց բանակի հրամանատար: Ապու Օպէյտի զօրքերը յարձակեցան Դամասկոսի եւ Երուսաղէմի վրայ: Յունաստանի պատրիարք Սոֆրոնիոս եւ Հայոց պատրիարք Գրիգոր տեսակցեցան Ապու Օպէյտի հետ եւ տեղեկացուցին անոր, որ Երուսաղէմի գրաւումը կ՛առաջացնէ Աստուծոյ զայրոյթը, քանզի Երուսաղէմ սուրբ քաղաք է: Ապու Օպէյտ հաղորդեց Օմար խալիֆայի՝ երկու պատրիարքներու հետ իր ունեցած տեսակցութեան մասին: Օմար անձամբ եկաւ Երուսաղէմ: Յոյն պատրիարքին եղբայրը տեսակցեցաւ Օմարի հետ եւ յիշեցուց  անոր Մոհամետ մարգարէի հրովարտակին մասին: Այնուհետեւ Օմար իր հրովարտակը հրապարակեց եւ հաստատեց մարգարէին հրովարտակը: Օմար իր հետեւորդներուն հետ մտաւ Երուսաղէմ, այցելեց կրօնական վայրերը եւ առաջարկեց մզկիթ կառուցել Քրիստոսի գերեզմանին քով գտնուող հողամասին մէջ: Մզկիթը կառուցուեցաւ 935 թուականին եւ կոչուեցաւ «Ալ-Օմարիէ»: Օմար խալիֆա քրիստոնեաներուն պարգեւեց քրիստոնէական պաշտամունքի ազատութիւն, սակայն արգիլեց եկեղեցիներու զանգերու գործածութիւնը:

 

 

Օմարի յաջորդեց Ալի խալիֆան, որ իր կարգին հրովարտակ հրապարակեց հայերու համար Երուսաղէմի մէջ՝ հաստատելով մարգարէին եւ Օմար խալիֆայի նախորդ հրովարտակները:

 

1097 թուականին խաչակիրները ներխուժեցին եւ ազատագրեցին Երուսաղէմը: 1187 թուականին Սալահէտտին Ալ-Այյուպին (Սալատին), որ քիւրտ էր, եւ անոր ընտանիքը ծագումով Հայաստանի Դուին քաղաքէն էր, գրաւեց Երուսաղէմը եւ տեղւոյն 100 հազար քրիստոնեաներէն մեծ մասին վռնտեց քաղաքէն: Ան գրաւեց Երուսաղէմի լատինական բոլոր եկեղեցիները եւ արգիլեց եկեղեցական ծառայութիւնները: Այսուամենայնիւ, ան հայերուն շնորհեց մասնակի ազատութիւն:

 

Հայոց Աբրահամ պատրիարքը խումբ մը հոգեւորականներու հետ տեսակցեցաւ Սալահէտտինի հետ եւ անոր ցոյց տուաւ Մոհամետ մարգարէի հրովարտակը: Այնուհետեւ Սալահէտտին իր սեփական հրովարտակը հրապարակեց եւ հաստատեց մարգարէին, Օմար եւ Ալի խալիֆաներուն հրովարտակները: Սալահէտտին իր հրովարտակին մէջ մասնաւորապէս նշած է հայերու իրաւասութեան մասին եկեղեցիներու, սուրբ վայրերու, Սուրբ Յակոբ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Բեթլեհէմի, Նապլուսի եկեղեցիներու, Սուրբ տաճարի եւ այլ սուրբ վայրերու նկատմամբ, ու յատկապէս հայերու պաշտամունքի ազատութեան մասին: Ան նաեւ նուազեցուցած է հայ վաճառականներու եւ ուխտաւորներու տուրքերը:

 

1517 թուականին օսմանցի Սուլթան Սելիմ գրաւեց Երուսաղէմը եւ հրապարակեց իր հրովարտակը, որով հաստատեց Մոհամետ մարգարէի, Օմար խալիֆայի եւ Սալահէտտինի շնորհած արտօնութիւնները՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան: Սուլթան Սելիմի հետեւորդ սուլթան Սուլէյման հրապարակեց իր սեփական հրովարտակը՝ վերահաստատելով հայերու իրաւունքները Երուսաղէմի մէջ: Յաջորդ սուլթանները եւս, ինչպէս՝ Մեհմետ Դ., Սուլթան Մահմուտ Ա. եւ Սուլթան Ապտուլմեժիտ Ա.՝ յաջորդաբար 1659ին, 1735ին եւ 1853ին հրապարակեցին իրենց հրովարտակները:

 

Մոհամետ մարգարէի հրովարտակը, բացի պատմական արժէքաւոր փաստաթուղթ ըլլալէ, ցոյց կու տայ, որ հայ քրիստոնեաները եւ իսլամները կը վայելէին սերտագին յարաբերութիւններ՝ հին ժամանակներէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը: Հայերը պէտք է տարածեն մարգարէին այս կարեւոր հրովարտակը, ինչպես նաեւ անոր յետնորդներուն հրովարտակները՝ հակազդելու համար իսլամական աշխարհի մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տարածած հակահայ քարոզչութեան:

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան