image

Հանճարեղ խաղացողը. Անուշ Թրուանց

Հանճարեղ խաղացողը. Անուշ Թրուանց

Այս տարուան յունուարին, Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսաւ ամերիկահայ միլիառատէր, մեծ գործարար, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքը: Գիրքին ամբողջական խորագիրն է՝ «Խաղացողը. ինչպէս առանց դահեկանի մնացած Քըրք Քըրքորեանը դարձաւ դրամատիրութեան պատմութեան ամենամեծ գործարարը»: Հեղինակն է ամերիկացի հետաքննող լրագրող Ուիլիըմ Ռեմփըլ:

Գիրքը կարճ ժամանակի ընթացքին  Միացեալ Նահանգներու մէջ պեսթսելըր դարձած է: «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը գիրքին մասին իր անդրադարձին մէջ գրած է հետեւեալը․ «Հրաշալի նիւթ եւ գրաւիչ կեանքի մը պատմութիւն: Ապշեցուցիչ է»:

Գիրքը հայերէնի թարգմանուած է եւ հայաստանեան հրատարակիչ «Էտիթ փրինթ» ընկերութիւնը գրքարշաւի մը սկսած է (գիրք բառը փոխարինելով «Քըրգ»ով՝ «քըրքարշաւ»): Զայն կը ներկայացնէ Հայաստանի ողջ տարածքին, սկսելով մարզերէն, իսկ գիրքին երեւանեան շնորհանդէսը կը կայանայ սեպտեմբերի 10-ին:

ՀԵՂԻՆԱԿԸ

«Խաղացողը. ինչպէս առանց դահեկանի մնացած Քըրք Քըրքորեանը դարձաւ դրամատիրութեան պատմութեան ամենամեծ գործարարը» գիրքին հեղինակը՝ «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթի աւագ հետաքննող լրագրող Ուիլիըմ Ռեմփըլ փորձառու մասնագէտ մըն է, որ զբաղած է արտասահմանեան եւ ազգային նախագիծերով: «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթին մէջ իր 50-ամեայ աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին բեկումնային հարցազրոյցներու եւ յօդուածներու հեղինակ մը դարձած է. օրինակ՝ նախքան Էքսըն Վալտէզ նաւթատարին աղէտը անդրադարձած է անոր անվտանգութեան հարցին կամ նախքան 11 սեպտեմբեր 2011 թուականը խօսած է «Էլ Քաիտէ»էն բխող սպառնալիքին մասին: Մրցանակներ եւ կոչումներ ստացած է: Հայ անուանի բարերարին մասին գիրք գրելու գաղափարը յուշած է խմբագիրներէն մին Ռեմփըլին «Հարփըր Քոլինզ» հրատարակչատան, ուր սովորաբար լոյս կը տեսնեն Ուիլիըմ Ռեմփըլի գիրքերը: Ռեմփըլ նաեւ հետաքննական գիրքերու հեղինակ է: Հրատարակչութեան խմբագիրը Քըրք Քըրքորեանի մահախօսականը կարդացած էր թերթին մէջ եւ հետաքրքրուած՝ այդ անսովոր կենսագրութեան տէր մարդուն կեանքով: Հեռաձայնած եւ Ռեմփըլին առաջարկած էր գիրք գրել, այն համոզումով, որ գիրքը կը հետաքրքրէ շատերը: Ռեմփըլ Քըրքորեանի մասին շատ բան չէր գիտեր, չէր տեսած զայն, հակառակ անոր որ նոյն ժամանակաշրջանին գործած են, միայն որոշ յօդուածներ կարդացած էր «Տը Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթին մէջ, ուր կ՚աշխատէր:

Ան սկսած է ուսումնասիրել Քըրք Քըրքորեանի մասին զանազան թերթերու մէջ լոյս տեսած յօդուածները, սակաւաթիւ գիրքերը, տեսագրութիւնները եւ իսկոյն տարուած է անոր կենսագրութեամբ: Ռեմփըլը անմիջապէս գրաւած է այն հանգամանքը, թէ որքան համեստ եւ անշուք եղած է Քըրքորեանի կենսագրութեան սկիզբը, իսկ յետագային՝ որքան փառաւոր:

Քըրք Քըրքորեան չէր սիրեր խօսիլ իր կեանքին մասին, կը խուսափէր հարցազրոյցներէ, իր կեանքը խորհրդաւոր էր, ընդհուպ մինչեւ մահը, ուստի Ռեմփըլին համար շատ դժուար եղած է անձնական կեանքին մասին նիւթեր գտնելը: Այդ հարցին մէջ օգնութեան հասած են հետաքննող ու փորձառու լրագրողի իր համբաւը եւ իր կապերուն միջոցաւ Ուիլիըմ Ռեմփըլ ծանօթութիւններ հաստատած է Քըրք Քըրքորեանի անմիջական ընկերներուն, հարազատներուն հետ, վստահութիւն շահած է եւ անոնցմէ քաղած է գիրքին հիմնական նիւթը կազմող տեղեկութիւնները:

Գրողը հանդիպած է Քըրքորեանի իրաւաբաններուն, մարմնամարզիչին եւ այլ մարդոց, որոնք Քըրքորեանը լաւ կը ճանչնային: Անշուշտ, եղած են նաեւ մարդիկ, որոնք հրաժարած են տեղեկութիւններ տրամադրելէ եւ Ռեմփըլին խորհուրդ տուած են ի զուր չփնտռել, քանի որ չի կրնար գտնել: Այդ մարդոցմէ է Քըրքին կիներէն մէկը՝ յայտնի թենիսիստուհի Լիզա Պոնտէր, որ սկիզբը խոստացած է հարցազրոյց տալ, սակայն յետոյ հրաժարած եւ ըսած է՝ ես գիրք պիտի գրեմ:

Լիզա Պոնտէր, շատ կարճ ժամանակ մը, եղած է Քըրքորեանի կինը, ընդամէնը երեսուն օր, եւ այդ կարճ ժամանակուան ընթացքին հասցուցած է ոչ միայն զաւակ ունենալ մեծ հայէն (որուն հայրութիւնը Քըրքորեանը չէր ճանչնար), այլ նաեւ զայն ներքաշել դատական գործերու մէջ եւ խլել բաժին մը անոր հարստութենէն: Լիզային հետ Քըրք Քըրքորեանի լարուած յարաբերութիւններուն մանրամասնութիւններուն Ռեմփըլ ծանօթացած է Լոս Անճելըսի Գերագոյն դատարանի արխիւի նկուղներուն մէջ, ուր կը պահուին անոնց ամուսնութեան, ամուսնալուծութեան եւ դատական գործերուն փաստաթուղթերը:

Բազում աղբիւրներու, գիրքերու, մարդոց կարգին, որոնք օգնած են գիրքը գրելու մտադրութիւնը իրականութիւն դարձնելու, Ռեմփըլ կը նշէ նաեւ հայերը, որոնցմէ է Ալեքս Եմէնիճեանը՝ Քըրք Քըրքորեանի մտերմագոյն հայերէն մին, որ գլխաւորած է MGM-ը, երբ Քըրքորեան վերջին անգամ վաճառած է զայն: Ալեքս Եմէնիճեան Քըրք Քըրքորեանի հաշուակալը եղած է եւ կ՚ըսէին, թէ Քըրքը իր երբեք չունեցած որդիին փոխարէն կ՚ընդունէր Ալեքսը:

Ռեմփըլ նաեւ նկարագրած է Քըրքորեանի գործարքները Ճորճ Մէյսընի (Էլմասեան) հետ. վերջինս անոր սակարանային վաղեմի միջնորդն էր եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին հիմնադիրը:

Գիրքը կազմելու գործին մէջ իրեն օգնող հայերէն Ռեմփըլ կը նշէ նաեւ Յարութ Սասունեանի անունը, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին խմբագիրը, որ ինչպէս կը գրէ, Քըրքին՝ հայութեան ուղղուած բարեգործական արարքներուն խթանիչ ուժն էր:

Ռեմփըլ գիրքին մասին կ՚ըսէ, թէ ամերիկեան այն ոգեշնչող պատմութիւններէն է, երբ աղքատ ներգաղթեալին որդին յամառ աշխատանքի ու համարձակութեան շնորհիւ, թօթափած է չքաւորութիւնն ու դարձած է հարուստ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ներգաղթեալներուն դէմ հանրային ճառերու այս օրերուն ան այս գիրքը կարեւոր յիշեցում մը կը նկատէ այն մասին, թէ որքան կարեւոր եղած են ներգաղթեալները Միացեալ Նահանգներու համար՝ բոլոր առումներով։

Ուիլիըմ Ռեմփըլ Քըրք Քըրքորեանի եւ իր կեանքին միջեւ որոշ նմանութիւններ փնտռած է. Ռեմփըլի հայրը նոյնպէս ներգաղթած է Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս Քըրքորեանի հայրը, անոնք երկուքն ալ իրենց ուժերը փորձած են մեծ ձեռնարկատիրութեան մէջ, սակայն նշանակալի յաջողութեան չեն հասած, յաճախ ձախողած են: Յաջողութիւնը կը սպասէր Քըրք Քըրքորեանին, որ դրամ չունէր եւ անուսում էր, սակայն իր յամառութեան, աշխատասիրութեան, համարձակութեան շնորհիւ դարձաւ դրամատիրական պատմութեան մեծագոյն դէմքերէն, ունեցաւ ամէն ինչ, որուն մասին երազած էր: Բացի այդ, ան առատօրէն օգնած է մարդոց, իսկ կեանքին վերջաւորութեան ամբողջ ստացուածքը կտակած է բարերարութեան:

Գիրքին հեղինակը բացայայտած է բազմաթիւ փաստեր, որոնք զարմացուցած են զինք եւ որոնց մասին չէր գիտեր: Օրինակ՝ Բ. Աշխարհամարտին Քըրք Քըրքորեանը հերոսութիւն մը կատարած է: Բրիտանիոյ օդանաւեր տեղափոխող նաւատորմի օդաչուներուն հետ ան առաջին անձն էր, որ անցած է բեւեռային երթուղիով։ Այդ օդաչուներէն հինգ հարիւրը չէ վերադարձած, եւ Քըրք Քըրքորեան կրնար անոնցմէ մէկը ըլլալ, բայց շնորհիւ իր քաջութեան եւ համարձակութեան, փրկուած է: Հեղինակը զարմացուցած է նաեւ Քըրքորեան բռնցքամարտիկին յաջող գործունէութիւնը: Բռնցքամարտի մէջ Քըրք ունէր Rifle Right Kerkorian անունը:

Ժամանցի եւ խաղային ասպարէզի մէջ ունեցած իր գործունէութեան համար հայազգի Քըրքորեանը կը կոչէին «Լաս Վեկասի արքայ»: Առանձին գլուխներով ներկայացուած են անոր կապերը եւ հաստատուած գործարքները, որոնք ապշեցուցիչ եղած են:

Քըրք Քըրքորեան ըսած է՝ եթէ ես դիմացինիս ձեռքը կը սեղմեմ, ուրեմն փաստաբանի կարիք չկայ, ըսել է թէ գործարքը կայացած է:

Քըրքորեանի մասին գիրքին հեղինակը հազուագիւտ տեղեկութիւններ գտած է նաեւ Նեւատայի համալսարանի արխիւին մէջ, օգտուած է նաեւ ամերիկեան ռազմական արխիւներէն, դատական փաստաթուղթերէն, յուշագրութիւններէն, մամուլէն:

Գիրքը «Խաղացողը» կոչուած է այն պատճառով, որ, ինչպէս հեղինակը կ՚ըսէ, Քըրքորեան խաղացող էր բոլոր առումներով: Ան կը սիրէր խաղալ խաղատան մէջ, ձեռնարկատիրութեան մէջ եւ ընդհանրապէս իր բոլոր նախաձեռնած քայլերուն մէջ ան կարծես խաղադրոյք մը դրած ըլլար, որուն դրական արդիւնքէն վստահ էր: Ռեմփըլ բացայայտած է, որ Քըրքորեան միշտ մեծ գործարքները սիրած է, ըսելով, որ փոքր խաղադրոյքները անիմաստ կը տեսնէ: Անշուշտ, Քըրքորեան նաեւ շատ բան կորսնցուցած է իր համարձակ քայլերուն պատճառաւ, սակայն ան հաճոյք ստացած է այդ կորուստներէն, քանի որ անոնք են, որ զայն մղած են աւելի մեծ քայլեր առնելու:

Քըրքորեան փոփոխութիւններու կողմնակից էր, եւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին միշտ ձգտած է փոփոխութիւններու: Գիրքին հեղինակը բացայայտած է, որ եթէ ժամադրութեան ժամանակ դիմացինը նշանակուած ժամուն կը հասնէր հանդիպումին, ան կը նկատէր, որ ատիկա արդէն իսկ ուշացում է, քանի որ ինք միշտ շատ կանուխ կու գար ժամադրավայրը: 2015 թուականին, երբ ան մահացաւ, անոր կը պատկանէին Լաս Վեկասի ամենամեծ պանդոկներուն եւ խաղատուներուն մեծ մասը: Նոր ժամանցի արդիւնաբերութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ, անոր պատկերացումներով, այլ զարգացում մը ստացած է. երեք անգամ Քըրք Քըրքորեան կառուցեց աշխարհի ամենամեծ հանգիստի եւ ժամանցի պանդոկը: Երեք անգամ ան գնեց եւ վաճառեց առասպելական MGM շարժանկարային սթիւտիոն, այդպէսով փոխելով հոլիվուտեան պիզնըսին կարգը, որ մինչ այդ գոյութիւն ունէր:

Հետաքրքրական բացայայտում մըն է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Քըրք Քըրքորեանի ծանօթութիւնը: Խօսելով անոնց երկուքին խաղատուներու սեփականատէր ըլլալուն մասին, հեղինակը կը մատնանշէ, որ քիչ բան կայ ընդհանուր այս երկու միլիառատէրերուն միջեւ. «Խաղատան սեփականատէր Տանըլտ Թրամփ Քըրքը կ՚անուանէր «արքայ» եւ ընկերներուն կ՚ըսէր. «Ես կը սիրեմ այդ մարդը»: Սակայն Քըրք իր ոճով եւ խառնուածքով Թրամփին ճիշդ հակապատկերն էր: Քըրք մեղմախօս էր, բացայայտ չէր խօսեր եւ սարսափելիօրէն կը վախնար հրապարակային ելոյթներէ: Ան կ՚ըսէր, որ կ՚երազէր խօսիլ Թրամփին նման», կը կարդանք գիրքին մէջ:

Քըրքորեանին բարեսիրական նուիրատուութիւններուն երկու բան յատուկ էր՝ առատաձեռնութիւնն ու անանունութիւնը:

1950-ականներուն ամերիկեան հին հեռատեսիլային «Միլիոնատէր» շոուին ընթացքին Քըրքին նուիրատուութիւնները տեղի կ՚ունենային յոյժ նախազգուշացմամբ, որ յանկարծ իր՝ նուիրատուին անունը չբացայայտուէր: «Քըրքին անունը պէտք չէ յայտնուէր նաեւ շէնքերուն եւ ճանապարհային նշաններուն վրայ, անոր պատուին հանդիսաւոր ճաշկերոյթներ պէտք չէ կազմակերպուէին, նոյնիսկ երախտագիտութեան ամենապարզ խօսքեր հանրօրէն պէտք չէ արտասանուէին, առատաձեռնութեան մասին հանրային հեղինակութիւն պէտք չէ ստեղծուէր», կը գրէ Ռեմփըլ, յիշեցնելով, որ Քըրքորեան կը հաւատար, թէ բարերարութեան դէմ երբ բան մը կ՚ակնկալես, ապա ատիկա բարերարութիւն չ՚ըլլար:

ՀԱՅԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Խաղացողը» հայերէնի թարգմանած են Ալինա եւ Աննա Միրզոյեան քոյրերը, որոնք գիրքը անգլերէն լոյս տեսնելէ անմիջապէս ետք ձեռնարկած են հայերէն թարգմանութեան, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան պատուէրով: «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւնը Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն ստեղծուած հրատարակչական ընկերութիւն մըն է, եւ այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրման 25-ամեակը:

ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԿԱՊԸ

Գիրքին մէջ մեծ բաժիններ կան նուիրուած՝ Քըրք Քըրքորեանի հայ ըլլալու հանգամանքին, ամերիկահայութեան հետ անոր կապին եւ անշուշտ, Հայաստան ղրկած անոր օգնութիւններուն, որոնք իրենց չափով Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ տակաւին անգերազանցելի են: Գիրքին երեք գլուխները ամբողջութեամբ նուիրուած են Քըրքորեանի հայկական ժառանգութեան: Գիրքին 12-րդ գլուխը կը կրէ «Հայկական կապերը» վերնագիրը, կը նկարագրէ 1963 թուականին, Լաս Վեկասի մէջ Քըրքորեանի պատահական հանդիպումը Մենի Աղասիին հետ, որ «Թրոփիքանա» պանդոկին մէջ մատուցող էր եւ իր հայ հայրենակիցը՝ Թեհրանէն: Մենի դարձած է Քըրքորեանի մտերիմ ընկերը եւ իր որդին կոչած է Անտրէ Քըրք Աղասի, որ յետագային դարձած է յայտնի թենիսիստ մը:

31-րդ գլուխին մէջ Ռեմփըլ կը նկարագրէ Հայաստանը 7 դեկտեմբեր 1988 թուականին հարուածած Սպիտակի երկրաշարժը, եւ թէ ինչպէս Քըրքորեան համաձայնած է միանալ Միացեալ հայկական հիմնադրամին, որ օդանաւային աւելի քան 150 փոխադրումներ իրականացուց, յետագայ քսանհինգ տարիներուն ընթացքին 700 միլիոն տոլարի մարդասիրական բեռներ առաքելով Հայաստան. սկզբնական շրջանին՝ երկրաշարժէն տուժողներուն, իսկ աւելի վերջ՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն ամբողջ բնակչութեան: Ռեմփըլ նաեւ նկարագրած է, թէ ինչպէ՛ս հիմնադրուած է Միացեալ հայկական հիմնադրամը՝ հայ-ամերիկեան եօթ ամենամեծ բարեգործական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու համախմբումը, ներառեալ՝ Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնադրամը: Անշուշտ, յետագային հիմնադրամը Հայաստանի մէջ չարաշահումներ եւ իւրացումներ նկատելով, դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը, սակայն ատիկա եղած է աննախադէպ գումար մը եւ այլեւայլ օգնութիւններ, որ անկախութենէն ետք մուտք գործած է Հայաստան: Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք Քըրք Քըրքորեան գաղտնի նուիրատուութիւններ կատարած է երեք հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւններու՝ իւրաքանչիւրին 1 միլիոն տոլարի չափ: Ինչպէս միշտ՝ կը պահանջուէր բացարձակ անանունութիւն: Սակայն, այս անգամ գաղտնութիւնը հակառակ հետեւանք ունեցաւ: Այնպիսի տպաւորութիւն մըն էր, որ աշխարհը ցնցող հայերուն այդ ողբերգութեան հանդէպ Քըրք Քըրքորեան անտարբեր է:

«Հայ-ամերիկեան լրագիր մը, Քըրքին կատարած գաղտնի նուիրատուութիւններէն անտեղեակ, նոյնիսկ քննադատութեան ենթարկեց աշխարհի ամենէն հարուստ հայը՝ բան մը չընելուն համար: Քըրքորեան փորձեց ցոյց չտալ իր զգացած դառնութիւնը: Սակայն ան որոշեց, որ ժամանակն է հիմնելու աւելի թափանցիկ բարեսիրական կազմակերպութիւն մը, որ կ՚ունենայ սեփական կազմակերպիչներու խումբ մը եւ կը գործէ ղեկավարուելով Գալիֆորնիոյ՝ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն համար նախատեսուած օրէնքներով: Այսպէս, քննադատութեան խայթոցէն ծնունդ առաւ Քըրքի գլխաւոր ընկերութեան՝ «Թրասինթա Ինվեսթմընթ» քոյր ընկերութիւնը՝ «Լինսի» հիմնադրամը: Երկու ընկերութիւններուն անունները Քըրք Քըրքորեանի դուստրերուն՝ Թրէյսիի եւ Լինտայի անուններուն համադրութիւնն էին», իր գիրքին մէջ կը նշէ Քըրքորեանի կենսագիր Ռեմփըլ:

Քըրք Քըրքորեան իր կեանքին մէջ ամուսնացած է երեք անգամ՝ Հիլտա Շմիթտի (1942-1951) Ժան Մարիի Հարպոր-Հարտի (1954-1984) եւ Լիզա Պոնտէրի (1999) հետ, սակայն այս գիրքին մէջ կը բացայայտուի նաեւ Քըրքին մահէն մէկ տարի առաջ անոր ամուսնութիւնը՝ Ունա Տէյվիսին հետ: Այդ ամուսնութեան ցանկութիւնը ունեցած էր ինքը՝ Քըրքը, կեանքին աւարտին առանձին զգալով եւ փափաքելով իր կողքին ունենալ իր վաղեմի ընկերուհիներէն մէկը: Հակառակ որ փաստաբանները Քըրքին յորդորած են ամուսնութիւն չկնքել, բայց ան անդրդուելի մնացած է:

Փաստաբաններուն մէջ յառաջացած իրարանցումը չկրցաւ կեցնել անխուսափելին: 30 մարտ 2014 թուականին, մօտ տասներկու հիւրերու ներկայութեամբ Քըրք Քըրքորեան կ՚ամուսնանայ Ունա Տէյվիսին հետ: Խաչեղբայրը Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի բժիշկ Էրիք Իսրայէլեանն էր: Երեք շաբաթ ետք Քըրք կը բարկանայ Ունային վրայ, քանի որ վերջինս առանձին ձգած էր զինք եւ հիւանդ քոյրը տեսնելու քանի մը օրուան համար, Ֆլորիտա մեկնած էր: Քըրք տունէն դուրս կը վտարէ Ունան: Իսկ Ունան ատկէ վատ չի զգար, ըսելով, թէ արդէն յոգնած էր այն բանէն, որովհետեւ ուրիշ մարդիկ կը կառավարէին իրենց երկուքի կեանքը:

2017 թուականին, երբ Դատարանին մէջ բազմաթիւ մարդիկ հրաւիրուած էին՝ Քըրք Քըրքորեանի ստացուածքը բաժնելու դատին համար, անոնց մէջ էր նաեւ Ունան, քանի որ ան կը նկատուէր Քըրքորեանի միակ կինը, որուն հետ ամուսնալուծութեան փաստաթուղթը Քըրքորեան չէր ստորագրած:

Կարդալով ստուարածաւալ ու շատ հետաքրքրական այս գիրքը՝ կը տեսնենք, թէ որքան կարեւոր է, որ ամէն հայ ունենայ գիրքէն, կարդայ զայն մանրամասնօրէն եւ խորհի, թէ ինչպէս աղքատութեան մէջ ապրած եւ ընտանիքին հետ տեղէ տեղ վտարուած փոքրիկ տղան մասնակից դարձաւ Ամերիկայի նորագոյն պատմութեան կերտումին:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս