image

ՖԱՔՍ հեռատեսիլային կայանի ջախջախիչ յարձակումը Թուրքիոյ եւ Էրտողանի վրայ

ՖԱՔՍ հեռատեսիլային կայանի ջախջախիչ յարձակումը Թուրքիոյ եւ Էրտողանի վրայ

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Մինչ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հակամարտութիւնը կը շիկանայ, Թուրքիոյ անխելք նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան չի հասկնար, որ շարունակելով կեղծ մեղադրանքներով պահել ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընը, մեծ հարուած կը հասցնէ Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ անոր՝ ՆԱԹՕի անդամակցութեան հարցին: Խելամիտ ուրիշ թուրք ղեկավար մը շատոնց արձակած կ՛ըլլար պատուելի Պրանսընը եւ կը պահպանէր ռազմական եւ առեւտրային յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ:

 

Թէեւ թրքական կառավարութիւնը տարիներ շարունակ միլիոնաւոր տոլարներ կը վճարէ ամերիկեան լոպիիստական ​​եւ հասարակութեան հետ կապերու ընկերութիւններուն, այսուհանդերձ անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ պաշտպանել Թուրքիոյ հեղինակութիւնը Էրտողանի անխոհեմ վարքագիծին դէմ: Ամէն անգամ, երբ Էրտողան կը բանայ իր բերանը եւ անմիտ քայլ մը կ՛առնէ, ան աւելի կը վնասէ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն այլ երկիրներու հետ, յիշեցնելով աշխարհին եւ ամրապնդելով՝ վաղուց հաստատուած «բարբարոս թուրքի» կերպարը:

 

Ահա բացասական PRի օրինակ մը, զոր Էրտողան յառաջացուցած է ամերիկեան լրատուական միջոցներու ծիրէն ներս, իր սեփական երկրին դէմ: Լիզա «Քենետի» Մոնթկոմըրի՝ ՖԱՔՍ առեւտրական հեռատեսիլային կայանէն ներս, որ նախագահ Թրամփի սիրած ալիքն է, 18 Օգոստոս 2018ին ջախջախիչ յարձակում գործեց նախագահ Էրտողանի դէմ: Անոր մեկնաբանութիւնները դիտող միլիոնաւոր ամերիկացիներէն բացի, 662 հազար այլ մարդիկ եւս տեսան զայն Դիմատետրի վրայ եւ շատ ուրիշներ՝ Թուիթըրի մէջ: Քենետի նոյնիսկ յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ Թուրքիայէն վրէժ լուծելու միջոց...  

 

«Ինչպէ՞ս եղաւ, որ քեզ կ՛արհամարհեմ, Էրտողա՛ն: Թոյլ տուր նշել ուղիները: Թուրքիոյ նախագահը իր երկիրը կը դնէ դիւանագիտական ողբալի վիճակի մէջ, հրաժարելով ազատ արձակելէ ամերիկացի պատուելին՝ «ահաբեկչութեան մեղադրանքներով»: Կեղծ յանցանքը անհիմն բան է հոտած թրքական լոխումին նման, եւ թէեւ Էրտողան իր իշխանութիւնը կեդրոնացուցած է կեղծ ընտրութիւններու, լրագրողներու բանտարկութեան եւ մտաւորականներու մաքրագործման վրայ, ան սակայն չէր սպասեր, որ կրնայ ուժեղ այլ մարդ մը զինք տապալել: Մեր նախագահը զզուած է Թուրքիոյ վիրաւորական յայտարարութիւններէն, եւ դատարկ խօսքերու փոխարէն՝ նախագահ Թրամփ ելեկտրոնային հուժկու ապտակ մը հասցուց Էրտողանի՝ գրառում ընելով Թուիթերի մէջ. «Ես տակաւին նոր դասաւորեցի կրկնապատկել պողպատի եւ ալիւմինեըմի սակագիները Թուրքիոյ նկատմամբ, քանի որ անոր դրամը՝ թրքական լիրան, սրընթաց անկում կ՛ապրի մեր ուժեղ տոլարին դիմաց..: Ալիւմինեըմը հիմա կը դառնայ 20 տոկոս, իսկ պողպատը՝ 50 տոկոս: Մեր յարաբերութիւնները ներկայիս լաւ չեն Թուրքիոյ հետ...»:

 

Քենետի շարունակած է իր քննադատութիւնը՝ ըսելով. «Անոնք (Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները) ե՞րբ լաւ եղած են: Թրքական կառավարութիւնը խայտառակութիւն է, եւ նախորդ վարչակազմերը կա՛մ գրկած են զանոնք, կամ ձեռքերը ծալած՝ նստած, երբ հիւրընկալ գորգ փռած են եւ դուռները բացած ԱՅՍԻՍի առջեւ, անընդհատ մտերմանալով Ռուսիոյ հետ: Ասիկա մեր ռազմավարական գործընկերը չէ: Ասիկա կաշառակեր, մարդասպան վարչակարգ է, որուն պէտք է դուրս շպրտել ՆԱԹՕէն՝ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման համար, տակաւին չխօսելով ռուսերու յետոյքը համբուրելու մասին. անոնք իբր թէ տարածաշրջանի ամէնէն մեծ սպառնալիքն են: Այժմ, ի հարկէ, եղած են փոխադարձ սպառնալիքներ: Հիմա Էրտողան կ՛ըսէ, որ «ԱյՖոն»ը դուրս կը նետէ շուկայէն, կարծես թէ մարդիկ հոն կրնան սարքը օգտագործել ուժերը համախմբելու, իրենք զիրենք հարստացնելու եւ ազատութիւն փնտռելու համար մարդասպան ռեժիմէն, որ կը փափաքի համընդհանուր վերահսկողութիւն, եւ կ՛ուզէ տապալել համաշխարհային տնտեսութիւնը՝  ապացուցելու համար մանկական դիրքորոշում մը...: Եւ մինչ մենք ասոր մէջ ենք, եւ մինչ նախագահը (Թրամփ) զայրացած է, եթէ ան իրապէս կը փափաքի իր նոր գործընկերը՝ Քիմ Քարտաշեանը երջանկացնել, ան պէտք է պաշտօնապէս, կրկին եւ վերջնականապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ ոչ թէ «հարց» է կամ «ցաւալի իրադարձութիւններու շարք», այլ սառնասիրտ սպանդ 1.5 միլիոն մարդոց, որոնց յիշողութիւնը չի ջնջուիր նափոլէոնեան ոեւէ տխմարի մը կողմէ: Բա՛ց թող պատուելի Էնտրու Պրանսընը, նախագա՛հ Էրտողան, եւ վախցիր (նախագահ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Ռ. Պոլթընի) պեխերէն, քանի որ Պոլթըն ռազմատենչ է: Ուստի, յանուն աշխարհի խաղաղութեան, համակերպէ եւ ձայնդ կտրէ, որպէսզի չկործանիս...»:

 

Իրավիճակը աւելի բարդացնելով՝ 17 Օգոստոս 2018ին Էրտողանի մասին Թրամփ յայտարարած է ամերիկացի լրագրողներուն, թէ՝ «Թուրքիա խնդիր եղած է երկար ժամանակ: Անոնք բարեկամի պէս չեն վարուած: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչ կ՛ըլլայ: Անոնք հիանալի քրիստոնեայ հովիւ ունին: Պատուելի Պրանսըն հրաշալի մարդ է: Անոնք առաջ քաշեցին այդ կեղծ մեղադրանքը, իբր ան լրտես է, իսկ ան լրտես չէ: Հիմա ան կը դատուի, եթէ այդ մէկը կ՛անուանէք «դատավարութիւն»: Անոնք պէտք է շատոնց վերադարձուած ըլլային: Եւ, իմ կարծիքով, Թուրքիան, շատ, շատ վատ վարուած է: Այնպէս որ, այս հարցը դեռ չէ աւարտած: Մենք չենք պատրաստուիր ձեռքերնիս ծալած նստելու: Անոնք չեն կրնար բռնել մեր մարդիկը: Ուստի, կը տեսնէք, թէ ինչ կ՛ըլլայ...»:

 

Մինչ հայերը չափազանց տպաւորուած են Թրամփի սպառնական խօսքերէն, անոնք պէտք է յիշեն, որ հակառակ Թուրքիոյ հակաամերիկեան եւ հականաթոյական տասնեակ տարիներու քաղաքականութեան, Արեւմուտքը կը շարունակէր գովաբանել Թուրքիոյ ղեկավարները: Արեւմուտքի մէջ ոչ ոք կրցաւ Թուրքիան իր տեղը դնել: Եթէ վաղը, անկանխատեսելի Էրտողանը ազատ արձակէ պատուելի Պրանսընը, ես կը վախնամ, որ Թրամփ կը սկսի գովաբանել Էրտողանը, ինչպէս ըրաւ Հիւսիսային Քորէայի Քիմ Չեն Եունի եւ Ռուսիոյ Վլատիմիր Փութինի պարագային...

 

Նախագահ Թրամփ պէտք չէ մոռնայ, որ պատուելի Պրանսընը պահելէ բացի, Թուրքիա 1974ին ներխուժած եւ գրաւած է Հիւսիսային Կիպրոսը, իրաքեան պատերազմի ժամանակ արգիլած է ամերիկեան զօրքերու անցումը Թուրքիայէն Հիւսիսային Իրաք, Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ յարձակած է Միացեալ Նահանգներու դաշնակից քիւրտերու վրայ, կը պատրաստուի գնել ռուսական S-400 հրթիռային համակարգը՝ հակառակ ՆԱԹՕի դիտողութեան, օգնած է շրջանցել Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները եւ աջակցած է ԱՅՍԻՍի ահաբեկիչներուն՝ Թուրքիայէն Սուրիա մուտք գործելու պահուն:

 

Նոյնիսկ եթէ պատուելի Պրանսըն ազատ արձակուի, պէտք չէ ներել Թուրքիոյ՝ իր բազմաթիւ սխալներուն համար: Այնպէս, ինչպէս վերջերս առաջարկած էին շարք մը վերլուծաբաններ՝ պէտք է Թուրքիան անմիջապէս դուրս շպրտել ՆԱԹՕէն... 

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան