image

Հայաստանի նոր իշխանութիւնները եւ Արցախի հիմնահարցը

Հայաստանի նոր իշխանութիւնները եւ Արցախի հիմնահարցը

Հայաստանի ներքինքաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցած «անսպասելի» փոփոխութիւններէն ետք յստակ է, որ նոր իշխանութիւններուն համար ալ կարեւագոյն օրակարգերէն մին պիտի հանդիսանայ Արցախի հիմնահարցը։ Բաւականին յստակ է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան դիմաց ցցուած հիմնական հարցերը առընչուած են երկրի ընկերային-տնտեսական բարդ խնդիրներուն հետ։ Այստեղ պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ Փաշինեան երկրի տնտեսական իրավիճակը մատնացոյց ընելով, ապա ժողովուրդին կենցաղային դժգոհութիւնները քաղաքական դրամագլուխի վերածելով է, որ Բաղրամեան 26 հասաւ։ Հետեւաբար, եթէ խնդրի այս «կտրուածք»ը հաշուի առնենք, աւելի քան յստակ կը դառնայ, որ նոր իշխանութեան գլխաւոր օրակարգը եւ հիմնական առաջադրանքը երկրի տնտեսական վիճակի բարելաւումն է։

Այս բոլորէն անդին սակայն, ոչ մէկ պարագայի անտեսելու է, որ Հայաստանի եւ հայութեան համար կայ, գոյութիւն ունի ղարաբաղեան հիմնահարց, որ կրնայ որեւէ պահու «հրատապ» նիւթ դառնալ, ինչպէս պատահեցաւ 2016 թուականի ապրիլին։

Չմոռնանք, որ Հայաստանի «Թաւշեայ յեղափոխութեան» տարբեր ու ամենաթէժ փուլերուն ալ Ղարաբաղի հիմնահարցը ուղղակի կամ անուղղակի դրոյթներով ներկայ էր երկրի հասարակութեան ընդհանուր օրակարգին մէջ։

Մէկ կողմէ նախկին իշխանութիւններուն կանխազգուշացումները, միւս կողմէ՝ Արցախի սահմանին վրայ երեւցող լարուածութեան աճը կու գային ցոյց տալ, որ Հայաստանի մէջ ընթացող որեւէ գործընթացի մէջ իր ազդու ներկայութիւնը ունի Արցախի թղթածրարը։

Տակաւին, երբ Փաշինեան Հայաստանի վարչապետ ընտրուեցաւ, բոլորին հայեացքները անմիջապէս ուղղուեցան դէպի Պաքու՝ տեսնելու համար, թէ Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնը ի՛նչ «պատասխան» պիտի տայ եղած փոփոխութիւններուն։

Պաքուի արձագանգը «մտահոգիչ» չէր այն իմաստով, որ սահմանին արդէն առկայ լարուածութիւնը առաջուան նման շարունակուեցաւ եւ այդ լարումէն անդին չգնաց Ալիեւի իշխանութիւնը։

Այստեղ հարցում մը կը ծագի անշուշտ, արդեօք Պաքու մտադիր է՞ իրական նո՛ր, մաքուր էջ մը բանալ Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն հետ եւ հարցի քննարկումները աշխուժացնել, կամ թէ շատ մօտիկ ապագային կը սպասուին ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու։

Այս հարցադրումներուն պատասխանները երեւան կրնան գալ յառաջիկայ ամիսներուն։ Բայց եւ այնպէս, հայկական կողմին Մոսկուայի եւ աւելի առաջ Սոչիի մէջ ունեցած շփումները կարծես, թէ նախանշան մըն են, որ Պաքու այս փուլին շատ ալ մտադիր չէ համատարած նոր պատերազմի։ Անշուշտ, այս չի նշանակեր, որ վաղը չէ միւս օր արցախեան հիմնահարցը արագ լուծում պիտի ստանայ, սակայն յայտնի է, որ Պաքու «վճռած» է ժամանակ տալ պաշտօնական Երեւանին. աւելի՛ն, սպասել Մոսկուայի նշաններուն։

Ռուսաստան երբեք պիտի չուզէ, որ այս փուլին նոր պատերազմ մը ընթացք առնէ, ոչ միայն անոր համար, որ հիւսիսի հզօրը իր սեղանին ունի բարդ հարցեր, որոնք ունին բաւականին մեծ հնչեղութիւն ու կշիռ, որոնք կրնան այս կամ այն կերպով յաւելեալ ցնցումներու ենթարկուիլ, եթէ Կովկասի «հրաբուխ» համարուած Արցախի հիմնախնդիրը դուրս գայ «ընդհանուր վերահսկողութենէ»։

Այս բոլորի լոյսին տակ հարկ է ուշադրութեամբ կարդալ յայտնի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալի վերջերս ստորագրած յօդուածը, ուր հեղինակը բացի Հայաստանի ներկայ վիճակին ու նոր դրութեան մասին իր կատարած մատնանշումներէն, մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Արցախի հարցի լուծման գործընթացներուն հետ անմիջական կապ ունեցող մի քանի կարեւոր մօտեցումներ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՄԱՍ ՏԸ ՎԱԱԼ ԿԸ ԳՐԷ ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ.

42 տարեկան Նիկոլ Փաշինեան ձեւաւորած է իրմէ ա՛լ աւելի երիտասարդ նոր կառավարութիւն: Ան խոստացած է ոչնչացնել կաշառակերութիւնը եւ վերցնել հին օլիկարխիկ (սակաւապետական) համակարգը: Հայաստանը, որ բազմիցս բնութագրած են որպէս մեկուսացուած, մխրճուած եւ ամբողջովին Ռուսաստանէն կախեալ երկիր կոտրեց կարծրատիպերը եւ այժմ դարձած է աւելի աշխոյժ, քան երբեւէ: Յեղափոխութիւնը դեռ կիսով չափ աւարտած է, բայց քսան տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանը լաւ նորութիւններ կը խոստանայ:

Սակայն այս բոլոր խոստումներն ու յոյսը կրնան ցնդիլ, եթէ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը սխալ ընկալէ լոկ մէկ իրողութիւն՝ երեսուն տարուան վաղեմութեան Լեռնային Ղարաբաղի համակարգութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշումը: 

Հակամարտութեան վերաբերեալ իր առաջին քայլերով եւ մեկնաբանութիւններով՝ Փաշինեան որոշակի առումով «ցնցեց» գործընթացը: Ան խօսեցաւ աւելի շատ որպէս ամբոխի անդամ, քան դիւանագէտ, ըսելով, որ Ղարաբաղը Հայաստանի «անբաժանելի մասն է»: Վարչապետ ընտրուելէ մէկ օր վերջ Փաշինեան ուղեւորուեցաւ Հայաստանի կողմէ վերահսկուող Ղարաբաղ, որպէսզի մասնակցի ամէն տարի 9 մայիսին կատարուող յաղթանակի միջոցառումներուն: Այնտեղ ան պնդեց, որ Ղարաբաղի հայերը պէտք է «ուղիղ մասնակցութիւն ունենան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն եւ նստին բանակցային սեղանի շուրջ»:

Այս կոշտ դիրքորոշումը կրնայ մասամբ կիրառուիլ ներքին քաղաքականութեան մէջ: Փաշինեան կը հետեւի Ղարաբաղի երկու հայերուն, որոնք 1990-ականներուն մասնակցած էին պատերազմին եւ ղեկավարած՝ Հայաստանը վերջին քսան տարիներու ընթացքին: Ան ակնյայտօրէն կը զգայ իր ազգային անվտանգութեան լիազօրութիւնները հաստատելու անհրաժեշտութիւնը եւ Ղարաբաղի հայերուն իր աջակցութիւնը յայտնելու կարիքը:

Բայց ան, հաւանաբար, միաժամանակ բաւականին անկեղծ է: Շատ հայեր կը կիսեն «ոչ մէկ փոխզիջում» դիրքորոշումը: 2016 թուականին տուած ռատիօհարցազրոյցին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ըսած էր. «Ատրպէյճանին յանձնելու հող չկայ»:

Վտանգը այստեղ այն է, որ եթէ Հայաստանի ղեկավարը բացայայտ կերպով յայտարարէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ ինքնիշխանութեան մասին եւ ըսէ, թէ շրջակայ ատրպէյճանական հողերը չեն կրնար վերադարձուիլ, ապա Պաքուի հետ բանակցելու հարց չի մնար, եւ երկու կողմերը կը վերադառնան պատերազմի դաշտ:

Անոնց համար, որոնք հակամարտութեան հեռուէն կը հետեւին, ղարաբաղեան խաղաղ կարգաւորման կենսունակ համաձայնագրի ուրուագիծը բաւականին յստակ է: Անոնք յառաջ կը քաշեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կազմած Հիմնարար սկզբունքներու փաստաթուղթը, որու հիմնական երկու տարրերը հետեւեալն են. Ատրպէյճան կը ճանչնայ Ղարաբաղի հայերու ինքնակառավարման իրաւունքը, իսկ հայկական կողմը կը հրաժարի Ղարաբաղի շուրջ վերահսկուող տարածքներէն՝ բացառութեամբ Հայաստանը կապող ցամաքային միջանցքէն: Նաեւ շատ օգտակար կ՚ըլլայ, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը մնայ բաւականաչափ անորոշ՝ այդ թոյլ կու տայ կողմերուն փորձել այլ հարցերու շուրջ համաձայնութեան եզրեր փնտռելու:

Գաղափարները ողջմիտ են, բայց տարածքաշրջանին մէջ քիչեր կը հաւատան անոնց: Պատճառը այն է, որ վերջին տասնհինգ տարուան ընթացքին կողմերէն իւրաքանչիւրը կ՚ընէ ամէն ինչ՝ ԵԱՀԿ-ի միջնորդութիւնը ապահովելու համար, բայց ոչ մէկ լուրջ աշխատանք կ՚իրականացուի, ոչ ալ իրական յառաջընթաց արձանագրուած է: Միջազգային հանրութիւնը նոյնպէս կը ձգտի տպաւորութիւն ստեղծել, որ կը միջնորդէ:

Հանրային օրինականութեամբ օժտուած Հայաստանի նոր կառավարութիւնը կը փոխէ այդ յարմարաւէտ իրավիճակը: Մինչեւ այսօր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ճիշդ վարուած է, լռութիւն պահպանելով եւ թոյլ տալով, որպէսզի իր պաշտպանութեան նախարարը սովորական դարձած ռազմատենչ յայտարարութիւններ ընէ, իսկ արտաքին գործոց նախարարի խօսնակը քիչ մը աւելի դիւանագիտական ձեւով հակադարձէ: 

Բայց որքա՞ն ժամանակ Ատրպէյճանի նախագահը լուռ կը մնայ: Փաշինեան եւ իր խմբակիցները չեն ցանկար հաշտութեան պատրաստակամութիւն ցուցադրել, վախնալով, որ իրենց հայրենասիրութիւնը կրնայ կասկածի տակ դրուիլ: Հնարաւոր է, ամիսներ պահանջուին, որպէսզի Հայաստանը ունենայ հակամարտութեան կարգաւորման նոր, համախմբուած քաղաքականութիւն:

Եթէ կարճ ժամանակի մէջ այդ գործընթացը պահպանուի, դրական արդիւնքներ կ՚ըլլան: Անհրաժեշտ է նոր մտածողութիւն, որ կրնայ ապահովել Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարարը՝ Զօհրապ Մնացականեան, որ փոխարինած է գերզգուշաւոր Եդուարդ Նալպանտեանը: 2013 թուականին Եւրոպական Միութեան հետ վերջին պահուն չեղեալ նկատուած միութեան համաձայնագրի գլխաւոր բանակցող Մնացականեան, մեծ յարգանք վայելող դիւանագէտ է: Եւրոմիութիւնը այն քանի մը դերակատարներէն է, որոնք կրնան նոր շունչ հաղորդել այս գործընթացին, աւելի աշխոյժ դերակատարում ունենալով Մինսքեան խմբակի պաշտօնական բանակցութիւններուն աջակցելու հարցին մէջ:

Եթէ մէկ կողմ դնենք քաղաքական հաշուարկները, ապա Ղարաբաղի հայերու՝ բանակցութիւններուն մասնակցելու շուրջ քննարկումները նոյնպէս տեղին են: Ի վերջոյ, հակամարտութեան առարկան անոնց հայրենիքն է: Անոնք գործընթացին մասնակցած են մինչեւ 1998 թուականը, երբ Ղարաբաղի հայերու նախկին ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան դարձաւ Հայաստանի նախագահ եւ որոշեց, որ կրնայ խօսիլ անոնց անունով: Սա ձեռնտու էր Ատրպէյճանին, որ կը ցանկայ հակամարտութիւնը ներկայացնել որպէս Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ առկայ խնդիր:

Մէկ խօսքով, մահամերձ խաղաղ գործընթացը վերակենդանացման կարիք ունի, սակայն Հայաստանի նոր ղեկավարները պէտք է զգուշօրէն օգտագործեն փողոցի մէջ նուաճած օրինակարգութիւնը: Բանակցային գործընթացը փխրուն է: Անոր ձախողումը միայն մէկ ճանապարհ կը բանայ՝ դէպի նոր հակամարտութիւն…։

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս