image

Հակազդեցութիւն Էրտողանի քարոզչութեան՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ

Հակազդեցութիւն Էրտողանի քարոզչութեան՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Տարիներ շարունակ թրքական կառավարութիւնը ամերիկեան բազմաթիւ ընկերութիւններ վարձած է Ուաշինկթընի մէջ՝ լոպիիստական ​​գործունէութիւն ծաւալելու եւ իր անունով հանրային կապեր հաստատելու համար:

 

Նման ընկերութիւններ վարձելը շատ սուղ է եւ հիմնականին մէջ գումարի վատնում է, քանի որ այդ ընկերութիւնները թիւով աւելի շատ փաստաթուղթեր կը ստեղծեն, քան՝ իրական արդիւնք: Սակայն, անոնք կրնան երբեմն նախապատրաստել յօդուածներ՝ թուրք պաշտօնեաներու անունով եւ օգնել զանոնք հրապարակելու ամերիկեան թերթերու մէջ, ինչպէս նաեւ կազմակերպել այդ պաշտօնեաներուն այցելութիւններն ու հանդիպումները Միացեալ Նահանգներու տարածքին:

 

Թրքական կառավարութիւնը ստիպուած է մեծ գումարներ ծախսելու այսպիսի ընկերութիւններ վարձելու համար, քանի որ Թուրքիա չի կրնար ապաւինիլ Ամերիկայի թրքական համայնքին՝ իր անունով լոպիիստական ​​գործունէութիւն ծաւալելու կամ PR իրականացնելու նպատակով, անկախ անկէ, թէ որքան գումարներ կը յատկացուին Անգարայէն: Նոյն իրավիճակին մէջ են Ատրպէյճանի կառավարութիւնն ու Ամերիկայի ատրպէյճանական համայնքը: Ոչ թրքական, ոչ ալ ատրպէյճանական համայնքները աշխուժ են ամերիկեան քաղաքականութեան մեջ եւ անոնք  այնքան վաղեմիութիւն չունին Միացեալ Նահանգներու մէջ, որքան հայկական համայնքը: Ահա թէ ինչու Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կ՛ապաւինին վճարովի լոպիիստներու՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց շահերը առաջ մղելու համար:

 

Հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու մէջ տեղի ունեցած վերջին շրջադարձը, հաւանաբար թրքական կառավարութեան կողմէ վարձուած PRի ընկերութենէ մը խնդրած էին սիւնակ նախապատրաստել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի անունով եւ օգտագործել վերջինիս կապերը՝ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ այդ յօդուածը հրապարակելու համար:

 

Բնականաբար, սիւնակը պէտք է, որ աւելի արտացոլէր Էրտողանի տեսակէտները, քան PR ընկերութեան ներկայացուցիչներունը: Հետաքրքրական կ՛ըլլար համեմատել ամերիկեան PR ընկերութեան առաջարկած առաջին տարբերակը վերջնականին հետ, որ վերանայուած էր Էրտողանի աշխատակազմին կողմէ:

 

Դատելով Էրտողանի յօդուածին բովանդակութենէն, կարելի է եզրակացնել, որ PR ընկերութեան առաջարկած թեքսթը՝ գրուած նրբանկատօրէն եւ վարպետօրէն, չէ ընդունուած Անգարայի կողմէ: Փոխարէնը, ինչ որ հրապարակուած է «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ՝  Էրտողանի բռնակալական եւ ամբարտաւան կեցուածքին բնորոշ ճոռոմ յօդուած է...: Մերժելով PR ընկերութեան աւելի դիւանագիտական թեքսթը, Էրտողան իր յօդուածը դարձուցած է անիմաստ՝ ամերիկեան հասարակութեան եւ կառավարութեան վրայ դրական ազդեցութիւն ձգելու նպատակով:

 

Էրտողանի՝ 10 Օգոստոս 2018 թուականի քննադատական ​​յօդուածը վերնագրուած էր՝ «Թուրքիա ինչպէս կը տեսնէ ԱՄՆի հետ ճգնաժամը», եւ ունէր հետեւեալ ենթավերնագիրը՝ «Միացեալ Նահանգներու դէմ Թուրքիոյ միակողմանի գործողութիւնները կը վնասեն ամերիկեան շահերուն եւ կը ստիպեն Թուրքիոյ՝ փնտռել այլ բարեկամներ եւ դաշնակիցներ»։

 

Ընթերցողը չի տպաւորուիր յօդուածի այսպիսի վերնագիրէ՝ իր հակասական թոնի եւ սպառնացող լեզուին պատճառով, ինչ որ չի նպաստեր որեւէ վէճի լուծման: Ահա մի քանի օրինակներ Էրտողանի վիճելի տեսակէտներէն, որոնք տեղ գտած են անոր խմբագրական հակասական սիւնակին մէջ:

 

- «… Միացեալ Նահանգներ բազմիցս եւ հետեւողականօրէն չէ հասկցած եւ չէ յարգած թուրք ժողովուրդին մտահոգութիւնները»:

 

Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք թուրք ղեկավարին կողմէ ամերիկեան ժողովուրդին մտահոգութիւնները հասկնալու եւ յարգելու մասին…: «Պոչը չի շարժեր շունը…»։ Էրտողանը չի հասկնար, որ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու կարիքը աւելի ունի, քան Միացեալ Նահանգները՝ Թուրքիոյ։ Երկար ժամանակ, Ուաշինկթընի մէջ թոյլ ղեկավարութեան պատճառով, թրքական կառավարութիւնը սանձարձակօրէն վարուած է իբրեւ ՆԱԹՕի անդամ եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից։ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները որքան շատ յարմարին թրքական վատ վարքագիծին, այնքան աւելի թշնամական կը դառնան։ Եթէ ​​տասնամեակներ առաջ Միացեալ Նահանգները Թուրքիան իր տեղը դնէր, վերջինս կը սորվէր ինքզինք պահել իբրեւ Ամերիկայի կրտսեր գործընկեր, այլ ոչ թէ որպէս խանգարիչ…

 

- Էրտողան կը նախազգուշացնէ. «Եթէ Միացեալ Նահանգներ չսկսի յարգել Թուրքիոյ  ինքնիշխանութիւնը եւ չապացուցէ, որ կը հասկանայ, թէ ինչ վտանգներու առաջ կանգնած է մեր ազգը, մեր համագործակցութիւնը կրնայ վտանգուիլ...: Թուրքիա այլընտրանքներ ունի։ Միակողմանիութեան եւ անարգական վերաբերումի այս միտումը չփոխելու պարագային, մենք ստիպուած կ՛ըլլանք փնտռելու նոր բարեկամներ եւ դաշնակիցներ»։  

 

Սա դատարկ սպառնալիք է։ Թուրքիա ազատ է դիմելու Ռուսիոյ կամ Չինաստանի եւ կորսնցնելու Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմտեան Եւրոպայի զօրակցութիւնը: Ժամանակն է, որ ՆԱԹՕն դիտարկէ՝ Թուրքիան դաշինքէն դուրս շպրտելու հնարաւորութիւնը: Երթա՜ս բարով…

 

- Էրտողան նաեւ մեղադրած է Միացեալ Նահանգները՝ Սուրիոյ մէջ քիւրտ մարտիկները զինելու եւ այդ զէնքերը «Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ մէջ»  Թուրքիոյ դէմ օգտագործելու յանցանքով։

 

 Նախ եւ առաջ, սուտ է, որ ամերիկեան զէնքերը քիւրտերու կողմէ օգտագործուած են Թուրքիոյ մէջ: Երկրորդ, թրքական ուժերը իրաւունք չունին ներխուժելու Սուրիա եւ Իրաք՝ խախտելով անոնց տարածքային ինքնիշխանութիւնը:

 

Էրտողան կը շարունակէ հակազդել նախագահ Թրամփի պահանջին՝ ազատելու համար ապօրինաբար պահուող ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընը՝ խնդրելով Միացեալ Նահանգներէն յարգել Թուրքիոյ «դատական գործընթացը»: Ի՞նչ դատական ​​գործընթաց Էրտողանի բռնապետութեան ներքոյ…: Հազարաւոր թուրքեր բանտարկուած են առանց պատշաճ դատավարութեան կամ նշոյլ մ՛իսկ մեղաւորութեան։ Եթէ Էրտողան խելք ունենար, շատոնց ի վեր հրամայած կ՛ըլլար ազատ արձակել պատուելի Պրանսընը, այդպիսով խուսափելով Միացեալ Նահանգներու հետ աւելորդ  ճակատումէ։ Բայց քանի որ Էրտողան եւ անոր կրտսեր եղբայրը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, անհաւասարակշիռ անձնաւորութիւններ են, անոնք հակաքարոզչութիւն կ՛ընեն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ, բան մը, որ որեւէ PR ընկերութիւն չի կրնար կարգաւորել, անկախ անկէ, թէ որքան գումար վճարուած է:

 

Հետաքրքրական է, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» նոյն օրը, երբ տեղադրած էր Էրտողանի յօդուածը, հրապարակած էր նաեւ խմբագրական՝ դատապարտելով թուրք ղեկավարներու «անամօթ վարքագիծը»՝ պատուելի Պրանսընի «շինծու մեղադրանքներով» պահելու համար, այլեւ հարց բարձրացնելով՝ «արդեօք Թուրքիա տակաւի՞ն դաշնակիցն է Ամերիկայի»։

 

Հետեւութիւնը այն է, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի խմբագրականը կործանեց ամէն շահ, որ Էրտողան կ՛ակնկալէր ստանալ իր քարոզչական յօդուածէն, այսպիսով վատնելով մեծ գումարներ, զորս Թուրքիա ծախսած էր հանրային կապերու վրայ։

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան