image

Բարեբեր դեգերումներ. Արմենակ Եղիայեան

Բարեբեր դեգերումներ. Արմենակ Եղիայեան

Երկու տարի առաջ, երբ Լեւոն Շառոյեան լոյս կ’ընծայէր իր «Դեգերումներ»ուն առաջին հատորը, հայ ընթերցողը,– քիչ  մը դժուար հաւատալով աչքերուն,–   աշխարհի չորս ծագերուն զայն ընկալեց իբրեւ ձիթենիի այն դալար ոստը, թէ ամէն բան կորսուած չէ Մայր գաղութի ծիրէն ներս եւ իրեն կը տրուի այն պաշտօնական ու գրաւոր երաշխիքը, թէ սուրիահայութիւնը պիտի վերայառնէ իր մոխիրներէն, վերականգնի ու վերստանձնէ իր փրկարար դերակատարութիւնը, այն,  որ իրերու բնական բերումով վերապահուած էր իրեն  մեր պատմութեան  յետեղեռնեան փուլին. այդ երաշխիքը տուող քիչերէն  մէկն  ալ Լեւոն Շառոյեանն էր: Իսկ հիմա «Դեգերումներ Բ.» հատորին լոյս ընծայումը՝ իբրեւ  հրատարակութիւն Բերիոյ Թեմի,– որ տեղի կ’ունենայ հրամանաւ Գերշ. Տէր Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, ի յիշատակ  Ծաղիկ Ճիէրճեանի,–  իր մօտաւորապէս  325 պատկառելի էջերով, հաստատումն է այդ ազնիւ խոստումին, որ կու գայ վերանորոգ հրճուանքով համակելու մեր հոգիները:

Եւ համոզելու մեզ, թէ մեր գրաւին մէջ, ուրեմն, սխալած չէինք:

***

Ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, այս աշխատութիւնը իր կարգին դեգերումներու երկար շարք մըն է հայ մշակոյթի լուսաւոր պատմութեան քառուղիներուն վրայ, որ կը սկսի մօտաւորապէս 18-րդ դարու առաջին տարիներէն՝ Մխիթար Սեբաստացիի բարեմիտ սխրանքով  ու կը հասնի մինչեւ մեր օրերը: Այս աշխատութեան առաջին բաժինը, ծաւալով մօտաւորպէս մէկ երրորդը անոր,  յաջողապէս կը նշէ քաղաքակրթական այն  յանդուգն ոստումը, որ մեծ սեբաստացին Արեւմտեան Հայաստանի մութ գռիհներէն դուրս բերաւ ու հասցուց  մինչեւ Եւրոպայի  սիրտը՝ Ադրիականի պսպղուն ափերը, իմա՝ Սուրբ Ղազար, ուր անոր վառած ջահը  պիտի լուսաւորէր Հայաստան աշխարհը՝ վանելով անկէ դարերէ ի վեր այնտեղ ծանրացած  ու զայն պատող թանձր խաւարը:  Հեղինակին այս ճիշդ  ընտրութիւնը ունի էապէս խորհրդանշական, վերականգնողական իմաստ մը՝ ընթերցողին իր ներշնչած լաւատեսութեամբ:

Եւ ահա  Մխիթարի այդ բարեբաստիկ  արկածախնդրութեան երեք հարիւրամեակն ալ սքանչելի առիթ մը կ’ըլլայ, որ Շառոյեանի անխոնջ միտքը  մանրակրկիտ սերտէ հսկայական գրականութիւն մը, անհամար աղբիւրներ, մանրամասնութիւններ, փաստաթուղթեր ու նկարներ եւ իրեն յատուկ պայծառ շարադրանքովը թոյլ տայ, որ մեր աչքերուն առջեւ կարգապահօրէն տողանցեն Մխիթարեան ուխտի աւելի քան երկու տասնեակ  երախտաշատ ու առասպելական  գործիչները, իրենց նուիրական անունին կապուած իրագործումներով, սկսած «Հին Հայկազեան» բառարանէն՝ անցնելու համար «Նոր Հայկազեան» կոչեցեալ իմացական պայծառ կոթողին, որոնք  գլխապտոյտ կը պատճառեն արդի հայուն:  Այդ նոյն ուխտին արգասիքն են տակաւին Միքայէլ Չամչեանի եռահատոր «Հայոց Պատմութիւն»ն ու «Հայերէնի Քերականութիւնը»,   Բագրատունիի «Հայկ Դիւցազն»ն ու «Ի Պէտս Զարգացելոց»ը,  Ալիշանի «Նուագք»ները, Ինճիճեանի ու Ագոնցի բազմահատոր աշխատութիւնները եւ հարիւրաւոր ուրիշներ, որոնք հակերով առաքուեցան աշխարհի այն բոլոր անկիւնները՝ Պոլիս, Արեւմտեան ու Արեւելեան Հայաստան, Վրաստան, Հնդկաստան  եւ այլուր, ուր հայեր կ’ապրէին եւ ծարաւի էին հայեցի բառ ու բանի կենարար ու կազդուրիչ զօրութեան:

Այս լուսաւոր աւանդին վերահասու դառնալէ ետք չես կրնար զսպել հոգեկան ներքին կծկում մը, փղձկում մը՝ մտածելով այն հսկայական զրկանքներուն ու  զոհողութիւններուն, որ յանձն առած են մեր մշակոյթի  այս նորագոյն առաքեալները,– որոնք գործած են իբրեւ հարազատ հետեւորդներն ու նմանակները Սահակի ու Մեսրոպի, եւ անոնց հասցուցած  մատենագիրներուն ու թարգմանիչներուն,–  համակուած ըլլալով նոյն ոգիով ու նոյն տեսլականով, որ յատուկ էր Ոսկեդարու գործիչներուն:

Այս բոլորը, ճիշդ է,  առաջին անգամը չէ, որ կը հրամցուին հայ ընթերցողներուն եւ կամ  հաւանաբար այլապէս ալ կարելի ըլլար հաղորդուիլ անոնց, սակայն Շառոյեան  կրցած է զանազան անկիւններ տարտղնուած, ցրուած, կորսուած աղբիւրները համբերութեամբ, բծախնդրութեամբ ու ձեռնհասօրէն հաւաքել, համադրել ու իր աշխատութեան առաջին 100- 125 էջերով դնել զանոնք արդի ընթերցողի տրամադրութեան տակ: Իւրաքանչիւր գլուխ ճոխացած է համապատասխան նկարներով՝ դէմքերու թէ յիշատակելի աչքառու աշխատութեանց, ինչ որ աւելի գրաւիչ կը դարձնէ այս գործը եւ կը հրապուրէ ընթերցողը, որ երբեք պիտի չզղջայ զայն ձեռքերուն մէջ ունենալուն, ընդհակառակը, պիտի յափշտակութեամբ ու երախտագիտութեամբ կարդայ անոր  էջերը՝ աւելի կապուելով իր պատմութեան, իր մշակոյթին, իր ազգային երախտաւորներու յիշատակին, ընդհուպ՝ իր սեփական ինքնութեան:

***

Յաջորդ գլուխը՝ մօտաւորապէս 65 էջ, կը կրէ «Բառերու Աշխարհին Մէջ» խորագիրը, եւ նուիրուած է զիրար թելադրող, իրարմով շփոթուող, բայց  իրարմէ տարբեր նշանակութիւն եւ առհասարակ տարբեր ուղղագրութիւն ալ ունեցող բառախումբերու, որոնք մեր դպրոցականներուն, բայց նաեւ չափահասներուն՝ գրողին, խմբագիրին, ուսուցիչին մնայուն մղձաւանջն են:  Երկարամեայ փորձառու ուսուցիչ ըլլալով՝  հեղինակը խորապէս անդրադարձած է երեւոյթին եւ ըստ այնմ ալ խնամքով հաւաքած է այնպիսիները, որոնք աւելի խնդրայարոյց են ու այժմէական:

Ուրեմն հարցը չի վերաբերիր «նմանաձայն» կոչուած զոյգերուն կամ եռեակներուն, ինչպէս՝ հարթ-յարդ կամ թուր-դուր-դուռ, այլ աւելի բարդ պարագաներու, ինչպէս օրինակ՝ խոզ-խոզակ-խոզանակ  կամ ծուծ-ծիծ-ծիծաղ եւ այլն: Շառոյեան յաջողած է այսպիսիներու քննութեան տալ մանկավարժական-ուսուցողական լիցք ու բովանդակութիւն՝ իւրաքանչիւր հատուածը վերածելով հայերէնագիտական շինիչ դասընթացքի մը, որ շատ օգտակար է թէ՛ դպրոցականնրուն, թէ՛ անոնց ուսուցիչներուն եւ թէ՛ ոեւէ ընթերցողի. այսպէս՝ խոզին առիթով աշակերտը կամ առհասարակ ընթերցողը կ’իմանայ, որ շատ համով ու գնահատուած  է անոր միսը, սակայն ասի արգելք մը չէ, որ այդ անասունը արհամարհուի, անունն ալ վիրաւորանքի վերածուի, թէ առ այս՝ ան արգիլուած է հրեաներուն եւ մահմետականներուն, անոր կը կապուի աստուածաշնչական ասոյթ մըն ալ, որ կ’ըսէ «ձեր մարգարիտները խոզերու առջեւ մի՛ նետէք», քանի անոր արժէքը չի գիտեր խոզը ու կը կոխկռտէ այդ մարգրիտը,– կարծես ուրիշ անասուն մի պիտի գիտնար այդ արժէքը…: Ապա կը սորվինք, որ խոզը արածողը կը կոչուի խոզարած, զայն բուծանողը՝ խոզաբոյծ: Կայ անոր վայրի տեսակը, որ կը կոչուի վարազ: Ան կճղակաւոր (զոյգ եղունգով օժտուած) անասուն մըն է ի տարբերութիւն սմբակաւորներուն (միակի եղունգով օժտուած): Եւ ապա խոզէն կը յառաջանայ խոզանակը, որուն մէկ տեսակը սկզբնապէս պատրաստուած է խոզի ստեւներէն:  Եւ վերջապէս բոլորովին տարբեր է խոզակը, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի խոզին հետ. ան կը պատրաստուի շերամ թրթուրին կողմէ, որ կը մտնէ անոր մէջ ու կը  հիւսէ իր առագաստը՝  այն մետաքսաթելը, որ երբեմն կը հասնի մինչեւ 1500 մեթրի,– գիտէի՞ք այս բոլորը եւ…շարունակե՞նք. նկատեցի՞ք, թէ որքան բան սորվեցանք մեկնելով խոզէն ու հասնելով խոզակին: Պիտանի գիտելեաց ամբողջ շտեմարան մը, որ այսպէս առատաձեռն բաշխուած է «Դեգերումներ»ու յիշեալ բաժինին մէջ:

***

Շառոյեան, սակայն, էապէս  կը մնայ այն  սրտցաւ գրականագէտը, որ կը սիրէ լոյսին բերել ու նոր սերունդներուն գուրգուրանքին յանձնել Հայ դպրութեան  մասնաւորաբար այն երախտաւորները, որոնք մոռացութեան զոհ դառնալու ընթացքին մէջ են, եթէ ոչ արդէն իսկ մոռցուած են: Այս պատճառով ալ  ան իր սերտողութեան սկսելէ առաջ ունի հարցում մը, որ կսկծագին կը կրկնէ իբրեւ մուտք՝ «Այսօր ո՞վ կը ճանչնայ… կամ կը կարդայ…»,– եւ այս ցաւագին հարցումէն ետք, որ հասնող սերունդներուն հասցէին ուղղուած նախատինքէ մը աւելի անձնական դառնութեան ու տագնապի ազնիւ ու վարակիչ դրսեւորում մըն  է, ան կը բանայ իր  տեղեկութիւններուն զարմանլիօրէն ճոխ մախաղին բերանը, ուրկէ կը հոսին  ու լոյսին կու գան  մեր ժամանակներուն ու մեր ժամանակակիցներուն՝ գրեթէ ոչինչ թելադրող «վաստակեալք եւ ծանրաբեռնեալք»  անուններն ու գործերը, ինչպէս՝ Վարդ Շիկահերը, որ եղած է բեղմնաւոր բժիշկ, ուսուցիչ եւ ասոնց կողքին նաեւ տաղանդաւոր բանաստեղծ, եւ ապա բանաստեղծ Զարեհ Պլպուլը եւ անոր վաստակաշատ որդին Զարեհ Վ. Պարոնեանը, Յարութիւններ Մրմրեանն ու Կոստանդեանը ու տակաւին քանի-քանի այսպիսիներ, առանց մոռնալու հայ մամուլի երախտաւորներէն  վաստակաշատ Ռոպէր Հատտէճեանն  ու Գերսամ Ահարոնեանը՝ յիշելու համար անոնցմէ մէկ քանին միայն:

Շառոյեանի յամառ թափառումները զինք կը հասցնեն մինչեւ 1960-ական թուականներուն  Լեռնալիբանանի մէջ ծնած ու մեծցած, դաւանանքով քրիստոնեայ,  հայասէր պայծառ անունի մը՝ Moussa Prince-ին, որ իր ուժերուն ու եռանդին  ամբողջ տարողութեամբ ծառայեց Հայոց Ցեղասպանութեան ծանօթացումին օտար շրջանակներուն. առ այս ան գրեց  եռահատոր աշխատութիւն մըն ալ՝ Armenocide-ը, որ թարգմանի  «հայասպանութիւն». ի՛նք հնարած է այս եզրը: Այս ազնուական անձնաւորութիւնը, որ փայլուն իրաւաբան ալ էր, չգոհացաւ միայն գիրքերով, ան կազմակերպեց նաեւ ֆրանսերէն լեզուով տրուած դասախօսութիւններ, որոնք տեղի կ’ունենային Յիսուսեաններու Իրաւաբանական  համալսարանի ամփիթատրոնին մէջ, ներկայութեամբ ունկնդիրներու խուռն բազմութեան, որոնց շարքին էին լիբանանցի արաբ մեծաթիւ հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ Լիբանան հաւատարմագրուած օտար դիւանագէտներ, կցորդներ  ու դէտեր: Չհաշուած տակաւին անոր լուսաբանական կրակոտ յօդուածները տեղական թէ եւրոպական մամուլին մէջ: Ան մեր դատին ծանր հրետանին էր, մերօրեայ իսկական Raphael Lemkin մը, որ սակայն այսօր այլեւս… մոռցուած է:

Եւ այս հերթական մոռացումներու  խոր ափսոսանքը ներկայ է ամէն անունի հետ:

Այս բոլորէն վեր Շառոյեան սքանչելի պատմող մըն է: Ամենասովորական անցքերը, երեւոյթները, իրերն ու առարկաները, անցնելով իր գրիչին պրիսմակէն,  տարբեր ջերմութեամբ, թելադրութեամբ,  ներգործութեամբ եւ իմացական  շահեկանութեամբ կը համակեն  ընթերցողը:  Եւ այս բնատուր շնորհքը կը թեւածէ,  ինչպէս իր բոլոր գիրքերուն ու գրութիւններուն, այնպէս ալ ներկայ «Դեգերումներ»ու երկրորդ հատորի էջերուն, որ կը մնայ էապէս յանձնարարելի ընթերցում մը, որուն տրուողը պիտի մեծապէս վարձատրուի հոգեկան ու մտաւորական անխառն վայելքով:

 

Արմենակ Եղիայեան