image

Թուրքիա կը ճնշէ ոչ մահմետական առաջնորդներուն վրայ, որպէսզի պնդեն, թէ իրենք ճնշումի ենթարկուած չեն

Թուրքիա կը ճնշէ ոչ մահմետական առաջնորդներուն վրայ, որպէսզի պնդեն, թէ իրենք ճնշումի ենթարկուած չեն

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Վերջին յօդուածներէս մէկուն մէջ գրած էի Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարութեան Կրօնական ազատութիւններու նուիրուած տարեկան զեկոյցին մասին, ուր նշուած էր, որ «Թուրքիոյ մէջ բոլոր կրօնական խումբերը, բացի սիւննի մահմետականներէ, կը տառապին խտրականութենէ եւ հալածանքներէ...: Կրօնական փոքրամասնութիւնները կ՛ըսեն, որ կը շարունակեն դժուարութիւններ կրել հանրային դպրոցներու մէջ՝ պարտադիր [իսլամական] կրօնի դասերէ ազատ կացուցուելու, պաշտամունքի վայրերու գործածման կամ բացման, ինչպէս նաեւ հողի ու սեփականութեան վէճերու լուծման հարցով: Կառավարութիւնը սահմանափակած է կրօնական փոքրամասնութեան խումբերու ջանքերը իրենց հոգեւորականներու պատրաստման գծով...»:

 

Զեկոյցի հրապարակումէն անմիջապէս ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց զայն՝ կրօնական իրաւունքներու փաստագրուած խախտումները կոչելով «որոշ անհիմն պահանջներու կրկնութիւն»:

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողան ջանաց  աւելի խիստ ձեւով հերքել Պետքարտուղարութեան մեղադրանքները ընդդէմ Թուրքիոյ, թէեւ ան սովորաբար կ՛անտեսէ Թուրքիոյ քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւնները, նոյնիսկ ամերիկացները, ինչպէս՝ պատուելի Էնտրու Պրանսընի մարդկային իրաւունքներու աղաղակող խախտումներու մասին բոլոր բողոքները: Էրտողան անմիջապէս հրամայեց իր օգնականներուն՝ միացեալ յայտարարութիւն պատրաստել Թուրքիոյ բոլոր ոչ մահմետական առաջնորդներու ստորագրութեամբ՝ պնդելով, որ իրենց կրօնական իրաւունքները չեն խախտուիր: Քանի որ այդ ոչ մահմետական առաջնորդները պատանդներ են Թուրքիոյ մէջ, անոնց ոչինչ կը մնար ընելու, բացի ստորագրելէ այդ դիմումը, զոր անոնց համար պատրաստած էր թրքական կառավարութիւնը:

 

Թէեւ մեզի համար դիւրին է քննադատել այս ազգային փոքրամասնութիւններու առաջնորդները՝ իրենց հանդէպ կիրարկուող ճնշումները թաքցնելու յանցանքով, սակայն պէտք է հաշուի առնել այն հանգամանքը, որ անոնք կ՛ապրին դաժան վարչակարգի տակ, որ առանց վարանելու կրնայ ձերբակալել եւ խոշտանգել ոչ միայն կրօնական առաջնորդները, այլեւ անոնց համայնքներուն անդամները: Մենք պէտք է նոյնիսկ գոհ ըլլանք, որ նախագահ Էրտողան, հակառակ իր բռնապետական բնաւորութեան, ցուցաբերած է բացառիկ նրբազգացութիւն՝ իր երկրին դէմ եղած մեղադրանքներուն նկատմամբ եւ գնահատած է ոչ մահմետական առաջնորդներու ստորագրած միացեալ յայտարարութիւնը՝ մտածելով, որ այդ մէկը կ՛օգնէ Թուրքիոյ լաւ երեւնալուն՝ միջազգային հանրութեան աչքին: 

 

Նախագահ Էրտողանի հրամանով Թուրքիոյ մէջ ոչ մահմետական 18 փոքրամասնութիւններու խումբերու ներկայացուցիչները 31 Յուլիս 2018ին հնազանդօրէն ստորագրած են միացեալ յայտարարութիւն՝ պնդելով, որ իրենց իրաւունքները չեն ոտնահարուիր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ:

 

Յայտարարութեան մէջ խաբէութեամբ նշուած է. «Որպէս դարեր շարունակ այս երկրին մէջ ապրող ամէնէն հին համայնքներու տարբեր կրօններու եւ հաւատքի խումբերու կրօնական ներկայացուցիչներ եւ հիմնադրամներու տնօրէններ, մենք ազատ կ՛ապրինք մեր հաւատքով եւ ազատօրէն կը դաւանինք՝ համաձայն մեր աւանդոյթներուն: Բռնաճնշումներու մասին պնդումներ կամ ենթադրութիւններ պարունակող յայտարարութիւնները լիովին կեղծ են: Անցեալին մեր ունեցած շարք մը խնդիրներն ու հետապնդումները ժամանակի ընթացքին գտած են իրենց լուծումը: Մենք մնայուն կերպով կապի մէջ ենք մեր պետական հաստատութիւններուն հետ, որոնք կը պատասխանեն մեր բարձրացուցած հարցերուն բարի մտադրութիւններով եւ զանոնք լուծելու ցանկութեամբ: Մենք գիտակցաբար հանդէս կու գանք այս միացեալ յայտարարութեամբ՝ մեկնելով հանրային կարծիքի ճիշդ իրազեկման պատասխանատուութենէն»:

 

Ստորագրողներու շարքին էին՝ յունական ուղղափառ պատրիարք Բարթուղիմէոս Առաջին, Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Թուրքիոյ գլխաւոր ռապպի Իսհաք Հալեւա, սուրիական հնագոյն համայնքի փոխանորդ Մոր Ֆիլուքսինոս Եուսուֆ Չեթին, Թուրքիոյ հայ կաթողիկէներու հոգեւոր առաջնորդ արքեպիսկոպոս Լեւոն Զեքիեան, Խալտեան համայնքի փոխանորդ Ֆրանսուա Եաքան, Թուրքիոյ սուրիական կաթողիկէ գլխաւոր փոխանորդ պատրիարք քորեպիսկոպոս Օրհան Չանլի, Կէտիկ փաշա հայկական բողոքական եկեղեցւոյ եւ դաւանանքի հիմնադրամի հոգեւոր նախագահ պատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, RUMVADERի նախագահ Անթոն Փարիզեանոս, VADIP եւ Yedikule Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու, Թուրքիոյ հրէական հասարակութեան եւ Թուրքիոյ գլխաւոր ռապպիութեան հիմնադրամի նախագահ Իսհաք Իպրամզատէ, Պէյօղլու սուրիական Կոյս Մարիամ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Սայիտ Սուսի, Սուրբ Յակոբ հայկական կաթողիկէ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պեռնար Սարիպէյ, Սթամպուլի սուրիական կաթողիկէ հիմնադրամի նախագահ Զեքի Պազաթեմիր, Խալտեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Թէոման Օնտէր, պուլկարական ուղղափառ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Վասիլ Լիազ, վրացական կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Փօլ Զազացա եւ թրքական Haskoy Karaite հրէական հիմնադրամի նախագահ Միշա Օրմէ։ Այս ոչ մահմետական 18 առաջնորդներու միացեալ յայտարարութիւնը լայնօրէն տարածուեցաւ Թուրքիոյ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու թերթերով, թրքական բոլոր լրատուական միջոցներով եւ արտասահմանեան մամուլի մէջ:

 

Հետաքրքրական է, որ 1 Օգոստոս 2018ին՝ միացեալ յայտարարութեան ստորագրումէն մէկ օր անց, բոլոր ոչ մահմետական 18 առաջնորդները հրաւիրուեցան Սթամպուլի Տոլմապահչէ պալատի պաշտօնական ընդունելութիւններու սրահ եւ 4 ժամ տեւող ճաշ-հանդիպում ունեցան Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալընի հետ։ Նախապէս կը սպասուէր Էրտողանի մասնակցութիւնը այս հանդիպման, սակայն վերջին պահուն ան չկրցաւ ներկայ ըլլալ։

 

Թէեւ այս  միացեալ յայտարարութիւնը նպատակ ունէր կոծկել Թուրքիոյ մէջ ոչ մահմետական հաստատութիւններու առջեւ ծառացած  բազմաթիւ դժուարութիւնները, այս կեղծիքը շատ արագ բացայայտուեցաւ, երբ մասնակիցները հանդիպման ժամանակ Իպրահիմ Քալընի բողոքեցին՝ իրենց կրօնական իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներուն մասին։

 

Օրինակ, արքեպիսկոպոս Աթէշան տեղական հայկական լրատուական միջոցին ըսաւ, որ Շիրինօղլու եւ ինք Քալընի պատմած են այն կալուածներուն մասին, որոնք վերջին տարիներուն վերադարձուած են հայ համայնքներու հիմնադրամներուն, սակայն քաղաքապետի կամ նախարարի կողմէ որոշումը չեղեալ համարելով։ Անոնք նաեւ բողոքած են պատրիարքարանի իրաւական կարգավիճակի եւ նուիրատուութիւններ ստանալու անկարողութեան մասին, որուն պատճառով պատրիարքարանը կանգնած է ֆինանսական լուրջ դժուարութիւններու առջեւ։ Արք. Աթէշեան առաջարկած է՝ կա՛մ թրքական կառավարութիւնը թող թոյլատրէ, որ պատրիարքարանը ստանայ նուիրատուութիւններ, կա՛մ պիւտճէ յատկացնէ՝ անոր ծախսերը վճարելու համար։ Արք. Աթէշեան նաեւ բարձրացուցած է տեղական եկեղեցական ներկայացուցիչներու կասեցուած ընտրութիւններու եւ պատրիարքական ընտրութիւններու յետաձգման հարցերը։ Ընդունելութեան միւս մասնակիցները եւս բողոքած են Քալընի՝ իրենց զանազան դժուարութիւններուն մասին՝ հակասելով իրենց իսկ ստորագրած յայտարարութեան, ըստ որուն անոնք կրօնական խնդիրներ չունին Թուրքիոյ մէջ։ Ահա թէ ինչու նախաճաշը տեւեց չորս ժամ…:

 

Իր հերթին Քալըն նախագահ Էրտողանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ստորագրող կողմերուն, իրենց միացեալ յայտարարութեան համար, ակնյայտ դարձնելով, որ այդ Թուրքիոյ համար մեծ յաջողութիւն է:

 

Միակ ձայնը, որ ընդդիմացաւ ոչ մահմետական առաջնորդներու այս միացեալ յայտարարութեան՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանինն էր, որ համարձակօրէն յայտարարեց. «Չեն ձգեր, որ մեր պատրիարքը ընտրենք, չեն ձգեր, որ հոգեւոր դպրոց բանանք, թոյլ չեն տար, որ եկեղեցւոյ հիմնադրամներու ղեկավարներ ընտրենք, եւ համայնքն ալ աղաւնիի պէս վախկոտ է»։

 

Պարզ է, որ միացեալ յայտարարութիւնը ստորագրուած էր ճնշման ներքոյ: Ծիծաղելի է, որ թրքական վարչակարգը ճնշում գործադրած է ազգային փոքրամասնութիւններու առաջնորդներու վրայ, որպէսզի անոնք յայտարարեն, թէ իրենց վրայ ճնշում չէ գործադրուած: Այսպիսի բան միայն Թուրքիոյ մէջ կրնայ պատահիլ:

 

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան