image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիայէն արտաքսուած ամերիկացի ուսուցչուհին կը շահի դատը Եւրոպական դատարանին մէջ

Թուրքիայէն արտաքսուած ամերիկացի ուսուցչուհին կը շահի դատը Եւրոպական դատարանին մէջ

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Վերջերս իմացայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ամերիկացի ուսուցչուհիի մը արտաքսման մասին, որով խախտուած էր անոր ազատ արտայայտուելու իրաւունքը:

 

8 Ապրիլ 2008ին, «Կէյթսթոն» հիմնարկի հրապարակած յօդուածին մէջ թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութ նշած է, որ Սթամպուլի համալսարանի, հետագային նաեւ Թուրքիոյ  Կազիանթեպի Մերձաւոր Արեւելքի արհեստագիտական համալսարանի դասախօս Նորմա Ժաննա Քոքս «իր ուսանողներուն եւ գործընկերներուն հետ խօսած է 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան, քիւրտերու բռնի ձուլման մասին եւ բողոքած՝ «Քրիստոսի վերջին գայթակղութիւնը» ժապաւէնին դէմ: Այս «յանցագործութիւններուն» համար ձերբակալած են զայն, գործէ արձակած եւ ի վերջոյ՝ երկրէն արտաքսած: Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարարութիւնը պնդած է, որ Քոքս արտաքսուած էր եւ արգիլուած էր անոր վերադարձը Թուրքիա՝ «իր անջատողական գործունէութեան պատճառով, բան մը, որ անհամատեղելի էր երկրի ազգային անվտանգութեան հետ»: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած իր դատական հայցով Քոքս դատապարտած է Թուրքիան՝ իր արտայայտուելու իրաւունքը խախտած ըլլալուն համար, եւ պնդած, որ իր իրաւունքները խախտուած են Թուրքիոյ կողմէ՝ քրիստոնէական հաւատքի եւ տարբեր կարծիքներու պատճառով»:

 

Քանի որ Քոքսի գործը լայն հնչեղութիւն չէր ստացած, ես փնտռեցի անոր դատական հայցը՝ ընդդէմ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու, եւրոպական դատարանին մէջ. հայցը ներկայացուած էր 28 Օգոստոս 2002ին, եւ դատարանը 20 Մայիս 2010ին որոշում կայացուցած էր Քոքսի օգտին:

 

Ահա անոր դատական ծաւալուն գործին մանրամասները. 23 Սեպտեմբեր 1985ին Կազիանթեպի փոխ նահանգապետը նամակ յղած է Ներքին գործերու նախարարութիւն՝ միջնորդելով, որ ֆիլատելֆիացի Քոքս արտաքսուի Թուրքիայէն՝ իր «վնասակար գործունէութեան» պատճառով: Ան կը մեղադրուէր՝ համալսարանին մէջ իր ուսանողներուն եւ գործընկերներուն ըսելուն համար, որ «թուրքերը տեղահանած են հայերը եւ կոտորած զանոնք: Բացի ասկէ, թուրքերը ձուլած են քիւրտերը եւ իւրացուցած անոնց մշակոյթը», ինչպէս յայտարարած է Եւրոպական դատարանը: 1986ին Քոքս արտաքսուած է Թուրքիայէն եւ արգիլուած է անոր հետագայ մուտքը՝ երկիր: Հետագային ան վերադարձած է Թուրքիա եւ ձերբակալուած՝ «Քրիստոսի վերջին գայթակղութիւնը» ժապաւէնին դէմ թռուցիկներ տարածելուն  համար: 1989ին ան կրկին արտաքսուած է Թուրքիայէն: 1996ին Քոքս մէկ անգամ եւս վերադարձած է Թուրքիա եւ հոնկէ մեկնելէն ետք պաշտօնեաները կնքած են անոր անձնագիրը՝ արգիլելով անոր Թուրքիա մուտք գործել:

 

14 Հոկտեմբեր 1996ին, Անգարայի դատարանին մէջ Քոքս դատական ​​հայց ներկայացուցած է Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարարութեան դէմ՝ պնդելով, որ իր արտաքսումը՝ «ներքին օրէնսդրութեան, [Թուրքիոյ] Սահմանդրութեան եւ միջազգային պայմանագիրներու, ներառեալ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրի 9րդ յօդուածի խախտում է։  Ներքին գործերու նախարարութիւնը դատաւորին ըսած է, որ Քոքս «զրոյցներ ունեցած է իր ուսանողներուն եւ գործընկերներուն հետ՝ թուրքերու կողմէ քիւրտերու եւ հայերու ձուլման, թուրքերու կողմէ երկրէն հայերու բռնի տեղահանման եւ Ցեղասպանութեան իրականացման մասին»։ 19 Հոկտեմբեր 1997ին Անգարայի դատարանը մերժած է Քոքսի հայցը։ Անոր բողոքը Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանին մէջ մերժուած է 20 Յունուար 2000ին։

 

Այնուհետեւ Քոքս բողոք ներկայացուցած է Թուրքիոյ դէմ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան, 28 Օգոստոս 2002ին։ Դատարանը եզրակացուցած է, որ «միջամտութիւն եղած է դիմում ներկայացնողի իրաւունքներուն, որոնք երաշխաւորուած են [Եւրոպական] պայմանագրի 10րդ յօդուածով», ուր ամրագրուած է, թէ՝ «Իւրաքանչիւր ոք ունի ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունք: Այդ իրաւունքը կը ներառէ իր կարծիքին վրայ մնալու, տեղեկութիւններ եւ գաղափարներ ստանալու եւ տարածելու ազատութիւնը՝ առանց պետական մարմիններու միջամտութեան եւ անկախ պետական սահմաններէ»։ Աւելին, Եւրոպական դատարանը որոշած է, որ «դիմում ներկայացնողի մուտքի արգելքը Թուրքիա՝ նախատեսուած էր ճնշելու համար անոր արտայայտուելու ազատութեան վրայ, այլեւ խափանելու համար անոր գաղափարներու տարածումը»:

 

Քոքս Եւրոպական դատարանէն պահանջած է 100 հազար եւրօ վնասի փոխ հատուցում, քանի որ «արտաքսման պատճառով ստիպողաբար լքած է Թուրքիան եւ կորսնցուցած է իր աշխատանքն ու եկամուտը»։ Ան նաեւ պահանջած է 100 հազար եւրօ՝ «ոչ նիւթական վնասի» համար։

 

Եւրոպական դատարանը որոշած է Քոքսի ներկայացուցած բողոքին միայն արտայայտուելու իրաւունքի խախտումը նկատի առնել՝ անտեսելով Քոքսի արտաքսումն ու աշխատավարձքի եւ եկամուտի կորուստը Թուրքիոյ մէջ: Իբրեւ արդիւնք՝ Դատարանը հրահանգած է Թուրքիոյ կառավարութեան՝ 12 հազար եւրօ վճարել Քոքսի, դատավճիռի կայացումէն ետք երեք ամսուան ընթացքին «ոչ նիւթական վնասի» համար, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու որեւէ եկամտահարկ, որ հաւանական է ան վճարէ՝ իրեն հատուցուած գումարին դիմաց։ Եթէ ​​Թուրքիոյ կողմէ վճարումը կատարուած է երեք ամսուան վերջնական ժամկէտէն ետք, ապա պարտաւոր է վճարել տոկոս` երեք տոկոսային կէտով աւելցուած պարզ տոկոսադրոյքին՝ Եւրոպական կեդրոնական դրամատան վարկային տոկոսադրոյքին հաւասար:

 

Քոքս նաեւ ծախսերու դիմաց պահանջած է 20 հազար եւրօ, սակայն ան չէ ներկայացուցած որեւէ հաշիւ կամ այլ տեղեկութիւն՝ այդ պահանջը հաշուարկելու համար: Նման տեղեկութեան եւ հիմնաւորման բացակայութեան պայմաններուն, Դատարանը այս առնչութեամբ որեւէ որոշում չէ կայացուցած:

 

Անցեալ շաբաթ Նորմա Ժաննա Քոքս ինծի ըսաւ, որ կը փափաքէր վերադառնալ Թուրքիա՝ իբրեւ «քրիստոնեայ միսիոնար՝ Աւետարանը քարոզելու համար»: Քանի մը արտաքսումէ ետք, քանի մը տարի առաջ ան մէկ անգամ եւս փորձած է մեկնիլ Թուրքիա: Երբ ժամանած է Սթամպուլի օդակայան, անոր թոյլ չեն տուած մուտք գործել երկիր եւ յաջորդ թռիչքով զինք Միացեալ Նահանգներ վերադարձուցած են…  

 

 

 Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան