image

Թատրոնի նուիրեալ մըն ալ հեռացաւ. Գրեց՝ Զաւէն Պաաքլինի

Թատրոնի նուիրեալ մըն ալ հեռացաւ. Գրեց՝ Զաւէն Պաաքլինի

ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒԴ ԱՆՈՒՆՈՎ` ԶԱՒԷՆ ՊԱԱՔԼԻՆԻ

 

Վազգէն Դարբինեանը, որ լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ ծանօթ անուն մը եղած է, քառասուն օրեր առաջ առյաւէտ հեռացաւ մեզմէ` իր ընկերներուն սրտերուն մէջ իրմէ լաւ յիշատակներ ձգելով:

51 տարի առաջ էր, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ յայտարարուեցաւ, որ Վարուժան Խտըշեանը վերադարձած է Անգլիայէն եւ լծուած է «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը վերակազմելու աշխատանքին. ուստի որոշում տրուած է նոր անդամներ ներգրաւելու գործին թափ տալու:

Ուղղուեցանք դէպի «Սիմոն Վրացեան» սրահ` մեր առաջին հանդիպումը ունենալու եւ իրարու ծանօթանալու:

Հոն էին 16-24 տարեկան նորեկ տղաք ու աղջիկներ: Յանկարծ սրահ մտան տարիքով մեզմէ մեծ երկու անձեր` մէկը Միսակ Ապաճեանն էր, 50 տարեկանի մօտ, միւսը` Վազգէն Դարբինեանը` 40-ի շուրջ:

Տեսակ մը վախ մտաւ մեր մէջ, գոնէ` իմ. Միսակ Ապաճեանը իր սպիտակ մազերով, թափանցիկ ակնոցներով մեր վրայ այն տպաւորութիւնը ձգեց, որ կարծէք ղրկուած է վերին մարմինի մը կողմէ` իբրեւ հսկիչ, իսկ Վազգէն Դարբինեանին մասին, երբ գիտցանք, որ կու գար «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբէն, ունեցանք այն մտավախութիւնը, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենայինք տեղ ունենալ այդ թատերախումբին մէջ, մանաւանդ որ բոլորս ալ շատ բան չէինք գիտեր:

Բայց եւ այնպէս շատ արագօրէն շաղուեցանք իրարու հետ, եւ ամէն ինչ հեզասահ ընթացաւ: Եղանք լաւ ընկերներ, եւ արդէն Միսակ Ապաճեանը դարձաւ Աճապ, իսկ Վազգէն Դարբինեանը` Դարբին:

Մեր առաջին ներկայացումը եղաւ «Սալեմի վհուկները», որուն մէջ դատախազի մը դերը վստահուեցաւ Վազգէնին, որ շատ գեղեցիկ կերպով կատարեց դերը:

Տարիներ ետք, երբ օր մը հաւաքուած էինք Վարուժան Խտըշեանին տունը, փոքր անհասկացողութեան պատճառով վէճ ծագեցաւ Վարուժին եւ Վազգէնին միջեւ, որ դրան առջեւ կենալով, չափազանց զայրացած, պոռալով ըսաւ. «Այս տունդ ոտք չեմ դներ ալ» եւ ուժգին փակեց դուռը: Վայրկեաններ ետք ան կրկին բացաւ դուռը եւ շարունակեց. «Բացի եթէ դեր մը տաս ինծի, այն ատեն կու գամ»:

Այս կը պատմեմ պարզապէս նկարագրելու Դարբինին ունեցած մեծ սէրն ու նուիրուածութիւնը թատրոնին հանդէպ:


 

Վազգէն Դարբինեանը ստանձնած է բազմաթիւ դերեր` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մէջ, Ժորժ Սարգիսեանի խումբին հետ: Մասնակցած է աւելի քան 20 ներկայացումներու, իսկ Վարուժան Խտըշեանին բեմադրած թատերախաղերուն մէջ ստանձնած է կարեւոր դերեր` «Շղթայուածը», «Սալեմի վհուկները», «Ինկած բերդի իշխանուհին», «Հին աստուածներ», «Պէպօ», «Քննիչը», «Ժողովուրդի թշնամին», «Ոսկի աքաղաղ», «Քնոք», «Փառքի վաշխառուները», «Տան փեսայ»:


 

Ան եղած է ընկերային, ներկաներուն հանդէպ յարգանքով: Միշտ լրջութեամբ հետեւեցաւ թատերական փորձերուն, իսկ իրեն վստահուած դերերը կատարեց լիուլի, ամենայն բծախնդրութեամբ:

Վա՛րձքդ կատար, Վազգէ՛ն, քու այս 50 տարիներու աշխատանքիդ եւ նուիրուածութեանդ համար:

Յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ:

Հողը թեթեւ, սիրելի՛ Դարբին:

 

 

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն