image
Հրատապ լուրեր:

Յատուկ՝ խորհրդաւոր օր մը. Մծբնայ Սուրբ Յակոբին ձօնուած երկու Հայոց Եկեղեցիներ իրարմէ 1200քմ հեռու բայց իրարու հետ կապուած...

Յատուկ՝ խորհրդաւոր օր մը. Մծբնայ Սուրբ Յակոբին ձօնուած երկու Հայոց Եկեղեցիներ  իրարմէ 1200քմ հեռու բայց իրարու հետ կապուած...

Մծբնայ Սուրբ Յակոբը ուզած էր Արարատ Լեռը բարձրանալ եւ Նոյան Տապանէն կտոր մը ունենալ: Չյաջողեցաւ, բայց իր մասունքը այսօր Սբ. Էջմիածին կը պահուի:

Քսանըմէկերորդ դարուն, նո՛յն Արարատի դիմաց, Արարատ մարզի Արարատ գիւղի մէջ գոյութիւն ունի սուրբին անունին ձօնուած Հայ Առաքելական Եկեղեցի մը...

 

Ա

 

Նիկոմիտիոյ գաւառին մեծ, զուտ հայաբնակ Պարտիզակ գիւղի Հայոց Առաքելական եկեղեցին միշտ այս սուրբին ձօնուած էր:

Եւ իրօք, գիւղացիները երէք կամ չորս իրարու յաջորդող փայտաշէն եկեղեցիներ շինեցին, 1580-էն սկսեալ մինչեւ մօտաւորապէս 1829 թուականին, մի՛շտ գիւղին նոյն սուրբ հողամասին վրայ եւ սուրբին ձօնուած:

Փառահեղ մեր վերջին քարաշէն մայր եկեղեցիին շինութիւնը աւարտուեցաւ 31 Մարտ, 1830-ին, եւ անկէ ետքը, ամեն օր ժամերգութեանց, պատարագներու եւ բոլոր եկեղեցական արարողութեանց համար մի՛շտ բաց էր: Այսպէս էր մինչեւ 4 Օգոստոս 1915-ին, երբ գիւղին մէջ գտնուող ժողովուրդը, մօտաւորապէս 8,000 հոգի, ջարդի ճամբան բռնեցին...

Պատկեր չեմ գտած մեր այդ եկեղեցիին արտաքին տեսքին:  Բայց ահաւսիկ խորանին նկարը, քաշուած 1913-ին:

Մեր անցած՝ պարտիզակցի սերունդները այդ եկեղեցւոյն մէջ մկրտուած ու պսակուած էին եւ հոնկէ, կեանքերնին աւարտին, թաղման արարողութեամբ, տարուած էին եւ հողին յանձնուած Նոր Գերեզմանատան մէջ, գիւղէն հիւսիւս, որուն գոյութեան հե՛տք իսկ չկայ այսօր:

 


Եկեղեցին կողոպտուեցաւ 1915-ին թուրքերուն կողմէ: Զանգակատունը փլցուցին 1916-ին, զանգակը մեծ դժուարութեամբ վար առնելէ ետքը: Գիտենք նաեւ որ երբոր գիւղն նախկին բնակչութեան միայն մէկ տասներորդը՝ մօտաւորապէս 800 հոգի, վերադարձան 1918-էն սկսեալ, եկեղեցւոյն աւրուած մասերը նորոգեցին, պղծուած տեղերը ըստ օրէնքի մաքրել տուին, զայն ձօնելով նոյն սուրբին: Վերստին պաշտամունքի համար բացուեցաւ, իր միակ ողջ մնացած քահանային, Տէր Ներսէս Քահանայ Ղազարոսեանի սպասարկութեամբ, մինչեւ որ անհնարին էր այլեւս գիւղին մէջ մնալ, թուրքերուն յառաջխաղացքին հետեւանքով՝ 1923-ին: Պարտիզակցիները վերջնականապէս հեռացան իրենց սիրելի գիւղէն, ցրուելով աշխարհի չորս ծագերուն:

Թուրքերը, նոյն թուականին, այդ հիանալի մեծ եկեղեցին քանդեցին: Գրեթէ վերջին հետքը 350-է աւելի տարիներուն հայ կեանքին անհետացաւ...

Նոր իրականութիւն:

Հիմա նոր սերունդի հայեր եւ կէս հայեր կան՝ պարտիզակցի ծնողքներէ սերած, զորս ծնած եւ մեծցած են օտարութեան մէջ: Բայց ինչպէս միշտ, գոյնզգոյն յիշատակներ կենդանի են եւ քաղցր կերպով կ'ոգեկոչուին, հակառակ որ յաճախ մեր լեզուն եւ անցեալի մասին գիտելիքները որոշ չափով կը պակսին:

Որպէս հետազօտիչ մեր անցեալին, բաց մը՝ հարցում մը կար ինծի համար: Արդեօք հայոց եկեղեցի մը կա՞ր աշխարհին վրայ նոյն սուրբին անունով: Ուր որ փնտռեցի, չկրցայ գտնել: Չնշանակեր որ հատ մը գոյութիւն չունի: Բայց անձնապէս չգտայ, ո՛չ սփիւռքի մէջ, ուր բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ մատուռներ կան եւ կը շինուին. ո՛չ ալ Թուրքիոյ մէջ, ուր շատ մը հայոց եկեղեցիներ քարակոյտերու վերածուած են:

 

Բ

 

Օր մը, համացանցը պրպտելու ատեն, շարժանկար (video) մը գտայ Հայաստանի Արարատ մարզի Արարատ գիւղին (ո՛չ քաղաքին) եկեղեցւոյն նորոգութեան մասին: Ըսուեցաւ որ մեր ծանօթ սուրբին ձօնուած էր:

Բան մը չէի գիտէր այս եկեղեցւոյն կամ գիւղին մասին: Սակայն որոշեցի որ, երբոր ապագային մայր հայրենիք հանդիպիմ, անպայմա՛ն պէտք է հոն երթամ գէթ պատարագի մը ներկայ ըլլալու համար:

Ետքը հասկցայ որ շինուած էր 1866 թուականին, Պարսկաստանի Մակու քաղաքէն եկած գաղթականներու կողմէ: Զանգակատունն ալ նոյն թուականին կառուցուած էր, եւ եկեղեցին նորոգուած 2008-էն 2010-ին:

Որոշումս գործադրեցի Կիրակի 17 Յունիս 2108-ին:

 

Գ

 

Հէռուն, Արարատը կ'երեւէր: Պարտիզակէն 1,200 քմ հեռու էինք, Հայաստանի մէջ: Խաղաղութեամբ ճամբանիս բոլորեցինք եւ գիւղը հասանք: Արարատ լայնատարած, խոշոր, հոծ բազմութեամբ գիւղ մը կ'երեւէր:

Ի վերջոյ, եկեղեցւոյն մօտեցանք: Դարպասէն ներս մտնելով, տեսանք որ ընդարձակ բակին մէջ ծիրանի ծառեր, քարէ շինուած սանդուխներ եւ կածաններ կային եւ, ինծի համար, մէկէն աւելի զարմանալի յուշարձաններ:* Կարծես թէ յատուկ պաշտամունքի կամ ոգեկոչման կարիքը կար: Զօրավար Անդրանիկին արձանը ունենալով որպէս գագաթ, յուշարձանին պատուանդանը  հինգ  քարերէ կազմուած էր, Գէորգ Չաւուշի, Աղբիւր Սերոբի, Արաբոյի եւ ուրիշ երկու նշանաւոր ֆետայիներու քանդակագործուած նկարներով:

Ըստ իս գեղեցիկ, պարզ, խնամքով եւ գուրգուրանքով պահուող եկեղեցի մըն էր:

Եկեղեցւոյն արդի սպասաւորը Տէր Դաւիթ Քահանայ Սահակեանն էր: Մեզի, որպէս հիւրեր, ազնուութեամբ դիմաւորեց եկեղեցական իր զգեստներ հագուած: Առաքելութիւնս բացատրեցի: Քիչ մը զարմացաւ, մանաւանդ որ «Պարտիզակ» անունը չեմ կաարծեր որ նոյնիսկ լսած ըլլար:

 

 

 

 

 

 

 

 

Ահա՛ եկեղեցւոյն խորանին նկարը:*

Ազնիւ տարեց տիկին մը ինծի վիզէս կախելու խաչ մը տուաւ...

 

Դ

 

Երեք մոմ վառեցի:

Մեծը՝ ճերմակը, բոլոր մեր՝ պարտիզակցի նախորդներու եւ ազգականներու ննջեցեալ հոգիներու համար էր, զորս մեռած էին 1915-ին եւ անկէ առաջ:

Երկրորդը, պարզ՝ այդ թուականէն ետքը սփիւռքի մէջ մեռած պարտիզակցիներուն հոգիներուն համար:

Երրորդը նոյնպէս պարզ՝ որպէսզի ապրող պարտիզակցիները եւ իրենց յաջորդներ ապահով ըլլան ի սփիւռս աշխարհի...

Ուխտիս առաջին մասը կատարուած էր: Աստուած թո՛ղ լուսաւորէ մեր ննջեցեալներուն հոգիները եւ վտանգէ պահէ բոլոր ապրողները...

 


 

Ե

 

Պատարագը պիտի սկսէր:

Ինծի համար յատուկ, խորհրդաւոր եւ նշանակելի վայրկեան մըն էր:

Հաւանական է որ 1923-էն ի վեր՝ ամբողջ 95 տարի գիւղին մահէն վերջը, առաջին անգամ ըլլալով պարտիզակցիի մը զաւակ մը պատարագ պիտի ունկնդրէր, մե՛ր սուրբին անունին ձօնուած հայոց եկեղեցիի մը մէջ:

Բարեպաշտ գիւղացիները, եկեղեցւոյն երէք դռներէն մտնելով, փութացին իրենց տեղերը գրաւելու: Ես ալ տեղ մը կեցայ մէջտեղի մասին մէջ ուրկէ խորանը եւ արարողութիւնը կրնայի լաւ տեսնել եւ մասնակից դառնալ:

Պէտք է ըսեմ որ զգացումներս, զորս միշտ զօրաւոր եղած են եւ, տարիքիս յառաջացմամբ ա՛լ աւելին, սկսան թափ առնել...:

Թափօրը սկսաւ յառաջանալ: Եկեղեցւոյն ձախ պատէն դէպի արեւմուտք քահանան, շրջապատուած դպիրներով եւ սարաւագներով եւ սուրբին օծեալ դրօշով, խունկով եւ աղօթքով, մանրաքայլ մօտեցաւ մինչեւ երկայնքին մէջտեղի մասին: Դարձաւ եւ դէպի կեդրոնը՝ հիւսիս, սկսաւ քալել, քովէս անցնելու համար: Հոգիս փոթորկեցաւ: Քահանան մօտեցաւ եւ ձեռնախաչը ինծի առաջարկեց: Համբուրեցի, ճակատիս ալ դպցուցի...

Ու արցունքներս սկսան ուժգին հոսիլ:

Մեր անցեալը զիս կը ճնշէր՝ հոգւոյս վրայ մե՜ծ բեր մը ունէի...

1526՝ գաղթական, Սեբաստիոյ Պաղչեճուխ գիւղէն...

1550՝ գաղթական, Կոստանդնոպոլսէն...

1585՝ հիմնադրութիւնն Պարտիզակ գիւղին, եւ առաջին Մծբնայ Սուրբ Յակոբ փայտաշէն եկեղեցիին շինութիւնը...

1830՝ Պարտիզակի վերջին մայր եկեղեցիին շինութեան աւարտումը մեր նո՛յն սուրբին ձօնուած եւ նոյն պատմական հողին վրայ...

1908՝ յոյսի օրերուն սկիզբը...

1914՝ մեծ աղէտին սկիզբը՝ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը եւ 1,000 պարտիզակցի երիտասարդներ տարուեցան որպէս թրքական բանակի զինուորներ: Չվերադարձան: Առաջին մեծ կորուստը...

1915, Օգոստոս 4՝ «տեղահանութեան» սկիզբը: 8,000 հայեր աքսորի՝ կորուստի՝ ջարդի ճամբան բռնեցին...

1918 Նոյեմբեր՝ զինադադար: Մօտաւորապէս 800 պարտիզակցիներ հետզհետէ վերադարձան, յուսալով որ իրենց օճախները պիտի կրնային վերակենդանացել...

1923՝ վերջ ամեն բանի... պարտիզակցիները հարկադրուեցան լքել տուն-տեղ՝ փախչիլ պապենական իրենց գիւղէն, ազատուելու համար թրքական նոր բանակէն: Նորէ՛ն գաղթական, նորէ՛ն պանդուխտ...

Իսկ հիմա՞...

95 տարի ետքը, հո՛ս էի, Արարատ գիւղի եկեղեցւոյն մէջ:

Կամաց-կամաց հանդարտեցայ:

Եւ նոր զգացում մը, որուն վրայ զարմացայ, պատեց հոգիս: Զօրաւոր հպարտութի՜ւն: Հո՛ս էի, մե՛ր հողին վրայ, մե՛ր եկեղեցւոյն մէջ որպէս հա՜յ, մոմ վարած էի, եւ պատարագին մասնակի՛ց էի: Մեր թշնամիները յաղթա՛ծ էի:

Քահանան, որ այդքան ազնուութեամբ մեզի ընդունած էր, անուշ իր ձայնով, մեզի դառնալով, խաչակնքելով, օրհնեց.

-Խաղաղութիւն ամենեցուն...

Եւ խաղաղած էի:

Պատարագը կը շարուակուէր:

-Հաւատամք ի մի Աստուած...

Խրոխտ շեշտով կրկնեցի այս սուրբ աղօթքը որ մե՛ր իսկ ինքնութեան հետ սերտօրէն կապուած էր:

Մեր՝ հայոց եկեղեցւոյն հոգեպարար աստուածային խորհրդին ուշի-ուշով հետեւեցի մինչեւ վերջին «Ամէն»ը:

Մէկ արտասովոր բան նկատած էի պատարագի ընթացքին: Երբոր դռները կը բացուէին որպէսզի նոր հաւատացեալներ մը ներս մտնեն, յաճախ մոմերուն բոցերը հովէն կը շիջէին: Բայց ներկաներէն մին կամ միւսը անմիջապէս զանոնք նորէն կը վառէր: Ուխտերնիս առ Աստուած առանց տարակուսանքի կը հասնէ՛ր...

Հոգիս թեթեւցած, հանգիստ սրտով եւ ուրախ տրամադրութեամբ դուրս ելայ գողտրիկ այդ եկեղեցիէն, եւ բարեկամներս գտնելով, պատրաստուեցանք Երեւան վերադառնալու:

Ուխտս կատարած էի:

 

Արա Ստեփան Մելքոնեան

Բլիմըթ, Անգլիա

7 Յուլիս 2018

 

*Յուշարձանին ա. նկարը եւ եկեղեցւոյ ներսի նկարը «Ուիքիբիտիա»-էն են: Մնացեալները ընկերոջս՝ Անդրանիկ Միքայէլեանին կը պատկանին: